Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18

Սէր եւ արդարադատութիւն քրիստոնէական ժողովքին մէջ

Սէր եւ արդարադատութիւն քրիստոնէական ժողովքին մէջ

«Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք» (ԳԱՂ. 6։2

ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ո՞ր երկու բաներէն կրնանք վստահ ըլլալ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ իր ծառաները կը սիրէ. միշտ սիրած է եւ միշտ պիտի սիրէ։ Ան նաեւ իրաւունքը կամ արդարադատութիւնը կը սիրէ (Սաղ. 33։5)։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ երկու բանէ. 1) Եհովան կը ցաւի երբ իր ծառաներուն հետ անարդարօրէն կը վարուին։ 2) Ան արդարութիւնը ի գործ պիտի դնէ։ Այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ * սորվեցանք որ Օրէնքը, որ Աստուած Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլ ազգին տուաւ, սիրոյ վրայ հիմնուած էր։ Անիկա քաջալերեց արդարադատ ըլլալ բոլորին հանդէպ, մանաւանդ անոնց հանդէպ, որոնք խոցելի կամ անպաշտպան էին (Բ. Օր. 10։18)։ Այդ Օրէնքը կը յայտնէ, թէ Եհովան որքա՜ն իր երկրպագուներուն համար կը հոգայ։

2. Ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։

2 Մովսիսական օրէնքը վերջ գտաւ Ք.Ե. 33–ին, երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ։ Ասիկա նշանակե՞ց որ քրիստոնեաները պիտի չունենային օրէնք մը, որ սիրոյ վրայ հիմնուած է եւ արդարադատութիւնը յառաջ կը մղէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Քրիստոնեաները նոր օրէնքի տակ եկան։ Այս յօդուածին մէջ, նա՛խ պիտի քննարկենք թէ այդ օրէնքը ի՛նչ է։ Ետքը, պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ այս օրէնքը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ անիկա արդարադատութիւնը յառաջ կը մղէ։ Այս օրէնքին տակ, հեղինակութիւն ունեցողները ինչպէ՞ս պէտք է ուրիշներուն հետ վարուին։

Ի՞ՆՉ Է «ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՕՐԷՆՔԸ»

3. Ի՞նչ կը պարփակէ «Քրիստոսին օրէնքը», որ նշուած է Գաղատացիս 6։2–ին մէջ։

3 Կարդա՛ Գաղատացիս 6։2։ Քրիստոնեաները «Քրիստոսին օրէնք»ին տակ են։ Յիսուս իր հետեւորդներուն համար շարք մը օրէնքներ չգրեց, հապա անոնց տուաւ ուղղութիւններ, պատուէրներ եւ սկզբունքներ, որպէսզի ատոնց համաձայն ապրին։ «Քրիստոսին օրէնքը» կը պարփակէ Յիսուսին բոլոր սորվեցուցածները։ Զայն աւելի լաւ հասկնալու համար, հետեւեալ բաները նկատի առ։

4-5. ա) Յիսուս ի՞նչ կերպերով սորվեցուց։ բ) Յիսուս ե՞րբ սորվեցուց։

4 Յիսուս ի՞նչ կերպերով սորվեցուց։ Նա՛խ, խօսքով։ Իր ըսածները զօրութիւն ունէին, քանի որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուց, կեանքին իսկական նպատակը յայտնեց եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ակնարկեց որպէս մարդոց տառապանքին միակ լուծումը (Ղուկ. 24։19)։ Յիսուս նաեւ սորվեցուց իր օրինակով։ Իր ապրելակերպով՝ իր հետեւորդներուն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրին (Յովհ. 13։15

5 Յիսուս ե՞րբ սորվեցուց։ Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին (Մատ. 4։23)։ Նաեւ իր աշակերտներուն սորվեցուց, յարութիւն առնելէ քիչ ետք։ Օրինակ, խումբ մը աշակերտներու երեւցաւ,– թերեւս աւելի քան 500 անհատներու,– եւ պատուիրեց որ ‘աշակերտեն’ (Մատ. 28։19, 20. Ա. Կոր. 15։6)։ Երկինք վերադառնալէ ետք, Յիսուս ժողովքին գլուխը ըլլալով՝ շարունակեց իր աշակերտներուն ուղղութիւններ տալ։ Օրինակ, շուրջ Ք.Ե. 96–ին, Քրիստոս Յովհաննէս առաքեալին ուղղութիւն տուաւ, որ օծեալ քրիստոնեաները քաջալերէ եւ խրատէ (Կող. 1։18. Յայտ. 1։1

6-7. ա) Յիսուսին սորվեցուցածները ո՞ւր արձանագրուած են։ բ) Ինչպէ՞ս Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։

6 Յիսուսին սորվեցուցածները ո՞ւր արձանագրուած են։ Չորս Աւետարանները կը նշեն շա՜տ մը բաներ, որոնք Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, երբ երկրի վրայ էր։ Իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մնացած մասը նաեւ մեզի կ’օգնէ հասկնալու Յիսուսին միտքը, քանի որ գրողները սուրբ հոգիէն ներշնչուեցան եւ «Քրիստոսին միտքը» ունէին (Ա. Կոր. 2։16

7 Դասեր. Յիսուսին սորվեցուցածները կեանքի բոլոր մարզերուն համար օգտակար են։ Ուստի Քրիստոսի օրէնքը կ’ազդէ ամէն բանի որ կ’ընենք տունը, գործատեղը կամ դպրոցը, եւ ժողովքին մէջ։ Այս օրէնքը կը սորվինք՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կարդալով եւ անոնց վրայ խոկալով։ Իսկ այս օրէնքին կը հնազանդինք՝ անոնց մէջի ուղղութիւններուն, պատուէրներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն ապրելով։ Երբ Քրիստոսի օրէնքին հնազանդինք, մեր սիրառատ Աստուծոյ՝ Եհովային կը հնազանդինք, քանի որ ինք Յիսուսի սորվեցուցած բոլոր բաներուն Աղբիւրն է (Յովհ. 8։28

ՍԻՐՈՅ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

8. Քրիստոսի օրէնքին հիմը ի՞նչ է։

8 Հաստատ հիմ ունեցող եւ լաւ շինուած տուն մը կը ձգէ, որ իր մէջ ապրողները ապահով զգան։ Նոյնպէս, հաստատ հիմ ունեցող եւ լաւ մտածուած օրէնք մը կը ձգէ, որ իրեն հնազանդողները ապահով զգան։ Քրիստոսի օրէնքը ամէնէն լաւ հիմը ունի. սէրը։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։

Երբ ուրիշներու հետ սիրալիր կերպով վարուինք, «Քրիստոսին օրէնք»ին կը հետեւինք (տե՛ս պարբերութիւն 9-14) *

9-10. ա) Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ Յիսուսի մղիչ ուժը սէրն էր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

9 Առաջին, Յիսուս ամէն ինչ որ ըրաւ՝ սէրէ մղուած ըրաւ։ Խղճալը, կամ գթառատութիւնը, սիրոյ արտայայտութիւն է։ Որովհետեւ Յիսուս մարդոց խղճաց, մղուեցաւ բազմութիւններու սորվեցնելու, հիւանդներ բժշկելու, անօթիներ կերակրելու եւ մեռելներ յարուցանելու (Մատ. 14։14. 15։32-38. Մար. 6։34. Ղուկ. 7։11-15)։ Թէեւ այսպիսի բաներ ընելը իրմէ շատ ժամանակ եւ ոյժ խլեց, բայց Յիսուս յօժարաբար ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դրաւ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ան մեծ սէր ցոյց տուաւ իր կեանքը ուրիշներուն համար զոհելով (Յովհ. 15։13

10 Դասեր. Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ ուրիշներուն պէտքերը մեր պէտքերէն առաջ դնելով։ Նաեւ կրնանք զինք ընդօրինակել՝ մեր թաղամասի մարդոց հանդէպ գթառատութիւն մշակելով։ Երբ կարեկցութենէ մղուած՝ բարի լուրը քարոզենք եւ սորվեցնենք, Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։

11-12. ա) Ի՞նչը ցոյց կու տայ որ Եհովան մեծապէս հետաքրքրուած է մեզմով։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի սէրը ընդօրինակել։

11 Երկրորդ, Յիսուս իր Հօր սէրը յայտնեց։ Ան իր ծառայութեան ընթացքին շատ մը կերպերով ցոյց տուաւ, թէ Եհովան որքա՜ն խոր հետաքրքրութիւն ունի Իր ծառաներուն հանդէպ։ Օրինակ, ան սորվեցուց հետեւեալը. մեզմէ իւրաքանչիւրը թանկագին է մեր երկնաւոր Հօր աչքին (Մատ. 10։31)։ Եհովան պատրաստ է ընդունելու կորսուած ոչխար մը, որ կը զղջայ եւ ժողովքին կը վերադառնայ (Ղուկ. 15։7, 10)։ Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ՝ իր Որդին մեզի համար զոհելով (Յովհ. 3։16

12 Դասեր. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի սէրը ընդօրինակել (Եփ. 5։1, 2)։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ամէն մէկը թանկագին կը նկատենք, եւ ուրախութեամբ կ’ընդունինք «կորսուած ոչխար» մը, որ Եհովային կը վերադառնայ (Սաղ. 119։176)։ Ցոյց կու տանք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք, երբ մեր ժամանակն ու ուժը կը տրամադրենք իրենց ձեռք տալու, մանաւանդ երբ մեր օգնութեան պէտք ունին (Ա. Յովհ. 3։17)։ Երբ ուրիշներուն հետ սիրալիր կերպերով վարուինք, Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։

13-14. ա) Ինչպէս որ Յովհաննէս 13։34, 35–ին մէջ արձանագրուած է, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ի՞նչ յատկութիւն դրսեւորեն, եւ ասիկա ինչո՞ւ նոր պատուէր է։ բ) Ինչպէ՞ս նոր պատուէրին կը հնազանդինք։

13 Երրորդ, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ անձնազոհ սէր դրսեւորեն (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Յիսուսի պատուէրը նոր է, քանի որ կը պահանջէ ցոյց տալ այնպիսի սէր, որ Մովսիսական օրէնքը չէր պահանջեր. հաւատակիցներդ սիրել, ինչպէս որ Յիսուս քեզ սիրեց։ Ատիկա անձնազոհ սէր * կը պահանջէ։ Պէտք է մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք նոյնիսկ մեր անձէն աւելի։ Զիրենք պէտք է սիրենք այն աստիճան, որ պատրաստ ըլլանք մեր կեանքը իրենց համար տալու, ինչպէս որ Յիսուս իր կեանքը մեզի համար տուաւ։

14 Դասեր. Նոր պատուէրին ինչպէ՞ս կը հնազանդինք։ Պարզ խօսքով, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար զոհողութիւններ ընելով։ Մենք յօժար ենք ոչ միայն ամենամեծ զոհողութիւնը ընելու,– մեր կեանքը տալու,– հապա նաեւ պզտիկ զոհողութիւններ ընելու։ Օրինակ, Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք, երբ յատուկ ջանք թափենք հաւատակից մը ինքնաշարժով Թագաւորութեան սրահը հասցնելու համար, կամ երբ յօժարաբար մեր նախընտրութիւնները մէկ կողմ դնենք՝ հաւատակից մը հաճեցնելու համար, կամ ալ երբ մեր գործէն արձակուրդ առնենք՝ աղէտէ տուժածներու օգնելու համար։ Այսպիսի բաներ ընելով նաեւ մեր ժողովքը կը դարձնենք վայր մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կրնայ ապահով զգալ։

ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋ ՄՂՈՂ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

15-17. ա) Յիսուսին արարքները ինչպէ՞ս յայտնեցին որ արդարադատ էր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

15 Սուրբ Գիրքին մէջ «իրաւունք» կամ արդարադատութիւն բառը գլխաւորաբար կը նշանակէ՝ ընել ինչ որ Աստուած կ’ըսէ թէ ճիշդ է, եւ ատիկա ընել առանց մարդոց միջեւ խտրութիւն դնելու։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Քրիստոսի օրէնքը արդարադատութիւն յառաջ կը մղէ։

Յիսուս կիներուն հանդէպ ազնիւ ու յարգալից էր, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք մարդոց աչքին արհամարհուած էին (տե՛ս պարբերութիւն 16) *

16 Առաջին, մտածէ թէ Յիսուսին արարքները ինչպէ՛ս յայտնեցին իր արդարադատ ըլլալը։ Իր օրերուն, հրեայ կրօնական առաջնորդները հրեայ չեղողները կ’ատէին, սովորական հրեաները կ’արհամարհէին եւ կիները չէին յարգեր։ Սակայն, Յիսուս բոլորին հետ արդարօրէն եւ անաչառօրէն վարուեցաւ։ Ան իրեն հաւատացող ոչ–հրեաները ընդունեց (Մատ. 8։5-10, 13)։ Առանց կանխադատութեան քարոզեց բոլորին, թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն (Մատ. 11։5. Ղուկ. 19։2, 9)։ Եւ կիներուն հետ բնա՛ւ խիստ կամ վիրաւորական կերպով չվարուեցաւ։ Ընդհակառակը, ան կիներուն հանդէպ ազնիւ ու յարգալից էր, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք մարդոց կողմէ կ’արհամարուէին (Ղուկ. 7։37-39, 44-50

17 Դասեր. Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, ուրիշներուն հետ անաչառօրէն վարուելով եւ քարոզելով բոլոր անոնց՝ որոնք կ’ուզեն մտիկ ընել,– ինչ որ ալ ըլլայ անոնց ընկերային դիրքը կամ կրօնական ենթահողը։ Քրիստոնեայ տղամարդիկը Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ կիներուն հետ յարգալից կերպով վարուելով։ Այսպիսի բաներ ընելը ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։

18-19. Յիսուս արդարադատութեան մասին ի՞նչ սորվեցուց, եւ իր ուսուցումէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

18 Երկրորդ, նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց արդարադատութեան մասին։ Ան սկզբունքներ տուաւ, որոնք իր հետեւորդներուն պիտի օգնէին ուրիշներուն հետ արդարութեամբ վարուելու։ Օրինակ, մտածէ Ոսկի կանոնին մասին (Մատ. 7։12)։ Բոլորս կ’ուզենք որ մարդիկ մեզի հետ արդարութեամբ վարուին։ Ուրեմն, պէտք է անոնց հետ արդարութեամբ վարուինք։ Այսպէս, անոնք ալ կը մղուին մեզի հետ արդարօրէն վարուելու։ Իսկ անարդարութեան պարագային, Յիսուս ըսաւ որ վստահ ըլլանք թէ Եհովան ‘իրաւունք պիտի ընէ անոնց, որոնք ցերեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն’ (Ղուկ. 18։6, 7)։ Այդ խօսքերը խոստում մըն են. մեր արդարադատ Աստուածը տեղեակ է թէ ինչ նեղութիւններ կը դիմագրաւենք այս վերջին օրերուն, եւ իր յարմար ժամանակին պիտի ձգէ որ մեզի համար արդարութիւն ի գործ դրուի (Բ. Թես. 1։6

19 Դասեր. Երբ Յիսուսին սորվեցուցած սկզբունքներուն հետեւինք, ուրիշներուն հետ արդարութեամբ պիտի վարուինք։ Իսկ եթէ Սատանայի աշխարհին մէջ անարդարութեան զոհ գացած ենք, կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան իրաւունք պիտի ընէ մեզի համար։

ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՎԱՐՈՒԻՆ

20-21. ա) Հեղինակութիւն ունեցողները ուրիշներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ բ) Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ անձնազոհ սէր ցոյց տալ, եւ հայր մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի իր զաւակներուն հետ։

20 Քրիստոսի օրէնքին ներքեւ, հեղինակութիւն ունեցողները ուրիշներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Որովհետեւ այդ օրէնքին հիմը սէրն է, հեղինակութիւն ունեցողները իրենց հոգատարութեան տակ եղողները պէտք է պատուեն եւ անոնց հետ սիրալիր կերպով վարուին։ Պէտք է յիշեն, թէ Յիսուս կ’ուզէ որ ամէն բանի մէջ սիրով վարուին։

21 Ընտանիքին մէջ։ Ամուսինը պէտք է իր կինը սիրէ, «ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին» (Եփ. 5։25, 28, 29)։ Ամուսինը Քրիստոսին պէս անձնազոհ սէր պէտք է ունենայ, իր կնոջ պէտքերն ու հետաքրքրութիւնները իրեններէն առաջ դնելով։ Կարգ մը տղամարդոց համար թերեւս դժուար ըլլայ այս տեսակ սէր դրսեւորել, քանի որ իրենց մշակոյթին մէջ ուրիշներուն հետ արդարութեամբ եւ սիրալիր կերպով վարուիլը արժէք մը չունի։ Իրենց համար կրնայ դժուար ըլլալ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուիլ, բայց պէտք է այս փոփոխութիւնները ընեն, որպէսզի Քրիստոսի օրէնքին հետեւին։ Այն ամուսինը, որ իր կնոջ հանդէպ անձնազոհ սէր ունի, անոր յարգանքը կը շահի։ Ասկէ զատ, իր զաւակները իրապէս սիրող հայր մը բնա՛ւ անոնց վնաս չի հասցներ իր ըսածներով կամ ըրածներով (Եփ. 4։31)։ Ան իր զաւակներուն ցոյց կու տայ, որ զիրենք կը սիրէ եւ իրենցմով ուրախ է, ինչ որ կը ձգէ որ անոնք ապահով զգան։ Այսպիսի հայր մը իր զաւակներուն սէրն ու վստահութիւնը կը շահի։

22. Ինչպէս որ Ա. Պետրոս 5։1-3–ը կը նշէ, «ոչխարներ»ը որո՞ւն կը պատկանին, եւ երէցները ինչպէ՞ս պէտք է անոնց հետ վարուին։

22 Ժողովքին մէջ։ Երէցները պէտք է յիշեն թէ «ոչխարներ»ը իրենց չեն պատկանիր (Յովհ. 10։16. կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։1-3)։ «Աստուծոյ հօտը» արտայայտութիւնը երէցներուն կը յիշեցնէ, թէ ոչխարները Եհովային կը պատկանին։ Ան կ’ուզէ որ իր ոչխարներուն հետ սիրով եւ քնքշութեամբ վարուին (Ա. Թես. 2։8)։ Երէցները, որոնք սէր ցոյց կու տան մինչ որպէս հովիւ իրենց պատասխանատուութիւնը կը կատարեն, Եհովային հաճութիւնը կը շահին։ Այս երէցները նաեւ կը շահին իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն սէրն ու յարգանքը։

23-24. ա) Լուրջ յանցագործութեան մը պարագային, ի՞նչ է երէցներուն դերը։ բ) Այսպիսի հարցեր քննելու ատեն, երէցները ի՞նչ բաներ ի մտի պէտք է ունենան։

23 Լուրջ յանցագործութեան մը պարագային, ի՞նչ է երէցներուն դերը։ Անոնց դերը տարբեր է Մովսիսական օրէնքին տակ եղող դատաւորներուն եւ ծերերուն դերէն։ Այդ Օրէնքին տակ, նշանակուած տղամարդիկը կը քննէին ոչ միայն հոգեւոր հարցերը, հապա նաեւ քաղաքային եւ ոճրային հարցերը։ Բայց Քրիստոսի օրէնքին տակ, երէցներուն դերն է՝ յանցագործութեան միայն հոգեւոր երեսակը քննել։ Անոնք կը գիտակցին, որ Աստուած աշխարհիկ իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւն տուած է քաղաքային եւ ոճրային հարցերը նկատի առնելու։ Ատիկա կը պարփակէ հեղինակութիւն ունենալ պատիժ սահմանելու, ինչպէս՝ տուգանք եւ բանտարկութիւն (Հռով. 13։1-4

24 Երէցներուն պատասխանատուութիւնը ի՞նչ է, երբ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ։ Անոնք Աստուածաշունչը կը գործածեն, հարցերը վերլուծելու եւ որոշումներ առնելու համար։ Անոնք միշտ ի մտի ունին որ Քրիստոսի օրէնքին հիմը սէրն է։ Սէրը զիրենք կը մղէ որ նկատի առնեն հետեւեալը. ի՞նչ կրնան ընել օգնելու այն անհատին, որ յանցագործութեան զոհ գացած է։ Յանցագործը զղջացա՞ծ է։ Անոր կարելի՞ է օգնել որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ։

25. Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

25 Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Քրիստոսի օրէնքին տակ ենք։ Երբ բոլորս ջանանք անոր հնազանդիլ, կ’օգնենք որ մեր ժողովքը ըլլայ վայր մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կրնայ սիրուած, արժեւորուած եւ ապահով զգալ։ Բայց մենք դեռ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ‘չար մարդիկ չարութեան մէջ յառաջացած են’ (Բ. Տիմ. 3։13)։ Պէտք է արթուն մնանք։ Քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ արդարադատութիւնը ցոյց տալ, երբ երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը կը դիմագրաւէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

^ պարբ. 5 Այս եւ յաջորդ երկու յօդուածները մաս կը կազմեն այն յօդուածաշարքին, որ կը քննարկէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան սիրոյ եւ արդարադատութեան Աստուած է։ Ան կ’ուզէ որ իր ծառաներուն հետ արդարութեամբ վարուին եւ կը մխիթարէ անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ գացած են այս չար աշխարհին մէջ։

^ պարբ. 1 Տե՛ս «Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս Եհովայի սէրն ու արդարադատութիւնը յայտնեց» յօդուածը, Դիտարան–ի փետրուար 2019 թիւին մէջ։

^ պարբ. 13 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Անձնազոհ սէրը մեզ կը մղէ, որ ուրիշներուն պէտքերն ու բարօրութիւնը մերինէն առաջ դնենք։ Մենք յօժար ենք բան մը զոհելու կամ մեր անձը բանէ մը զրկելու, որպէսզի ուրիշներուն օգնենք կամ օգտակար դառնանք։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս կը նկատէ այրի մը, որուն մէկ հատիկ տղան մեռած է։ Գութէ մղուած՝ Յիսուս երիտասարդը կը յարուցանէ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս Սիմոն անունով փարիսեցիի մը տունը ճաշի նստած է։ Կին մը, որ թերեւս պոռնիկ է, Յիսուսի ոտքերը իր արցունքներով լուացած է, մազերով չորցուցած է եւ ոտքերուն վրայ իւղ թափած է։ Սիմոն կինը կը քննադատէ, բայց Յիսուս զայն կը պաշտպանէ։