Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19

Սէր եւ արդարադատութիւն՝ երբ չարագործութիւն դիմագրաւենք

Սէր եւ արդարադատութիւն՝ երբ չարագործութիւն դիմագրաւենք

«Դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես. չարը քու քովդ պիտի չբնակի» (ՍԱՂ. 5։4

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-3. ա) Սաղմոս 5։4-6–ի համաձայն, Եհովան անօրէնութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ երեխաներու չարաշահութիւնը «Քրիստոսին օրէնք»ին դէմ է։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ամէն տեսակ անօրէնութիւն կ’ատէ (կարդա՛ Սաղմոս 5։4-6)։ Ուրեմն որքա՜ն կ’ատէ սեռային գետնի վրայ երեխաներու չարաշահութիւնը, որ վերջին ծայր գանելի եւ չար արարք մըն է։ Մենք Եհովան ընդօրինակելով կ’ատենք երեխաներու չարաշահութիւնը եւ զայն չենք հանդուրժեր քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Հռով. 12։9. Եբ. 12։15, 16

2 Երեխաներու չարաշահութեան որեւէ արարք «Քրիստոսին օրէնք»ին դէմ է (Գաղ. 6։2)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք, Քրիստոսի օրէնքը,– այսինքն ամէն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց թէ՛ խօսքով եւ թէ օրինակով,– սիրոյ վրայ հիմնուած է եւ արդարադատութիւն յառաջ կը մղէ։ Այս օրէնքով առաջնորդուելով, ճշմարիտ քրիստոնեաները երեխաներուն հետ այնպէս կը վարուին, որ անոնք ապահով եւ անկեղծօրէն սիրուած զգան։ Բայց երեխաներու չարաշահութիւնը անձնասէր եւ անարդար արարք մըն է, որ կը ձգէ որ երեխան զգայ թէ անապահով է եւ սիրուած չէ։

3 Ցաւօք սրտի, երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած է, եւ նոյնիսկ ճշմարիտ քրիստոնեաները անկէ ազդուած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չար ու խաբեբայ մարդիկ» շատցած են եւ անոնցմէ ոմանք կը փորձեն քրիստոնէական ժողովքէն ներս մտնել (Բ. Տիմ. 3։13)։ Ասկէ զատ, ժողովքէն ոմանք մարմնաւոր ցանկութիւններու տեղի տալով՝ սեռային գետնի վրայ երեխաներ չարաշահած են։ Քննարկենք թէ երեխաներու չարաշահութիւնը ինչո՛ւ լուրջ մեղք մըն է, երէցները ինչպէ՛ս նկատի կ’առնեն ծանր յանցագործութիւնները, մէջը ըլլալով երեխաներու չարաշահութիւնը, եւ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել *։

ԼՈՒՐՋ ՄԵՂՔ ՄԸ

4-5. Երեխաներու չարաշահութիւնը ինչո՞ւ մեղք է զոհ գացողին դէմ։

4 Երեխաներու չարաշահութիւնը երկար ժամանակ խոր սպի կը ձգէ անհատներուն վրայ եւ կ’ազդէ թէ՛ զոհ գացողին եւ թէ անոր մօտիկ եղողներուն. ընտանիքի անդամներ եւ քրիստոնեայ եղբայրներ ու քոյրեր։ Երեխաներու չարաշահութիւնը լուրջ մեղք է։

5 Մեղք՝ զոհ գացողին դէմ *։ Ուրիշները ցաւցնելը եւ տառապանքի պատճառ դառնալը մեղք է։ Չարաշահողը ճիշդ ասիկա կ’ընէ՝ երեխային վնասելով շատ քանդիչ կերպերով, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։ Ան երեխային վստահութիւնը չարաչար գործածելով՝ անոր ապահովութեան զգացումը կը խլէ։ Պէտք է երեխաները պաշտպանել այսպիսի սարսափելի արարքէ, իսկ չարաշահութեան զոհ գացողները պէտք է մխիթարել եւ օգնել (Ա. Թես. 5։14

6-7. Երեխայի մը չարաշահութիւնը ինչո՞ւ մեղք է ա) ժողովքին դէմ, եւ բ) աշխարհիկ իշխանութիւններուն դէմ։

6 Մեղք՝ ժողովքին դէմ։ Երբ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահէ, ժողովքին վրայ անարգանք կը բերէ (Մատ. 5։16. Ա. Պետ. 2։12)։ Ասիկա ի՜նչ անարդարութիւն է միլիոնաւոր հաւատարիմ քրիստոնեաներու նկատմամբ, որոնք ‘կը պայքարին հաւատքին համար’ (Յդ. 3, ԱԾ)։ Մենք չենք հանդուրժեր մեր մէջ այնպիսի անհատներու, որոնք գարշելի արարքներ ընելով՝ ժողովքին լաւ համբաւը կ’աւրեն ու չեն զղջար։

7 Մեղք՝ աշխարհիկ իշխանութիւններուն դէմ։ Քրիստոնեաները պէտք է ‘իրենց վրայ եղած իշխանութիւններուն հնազանդին’ (Հռով. 13։1)։ Մեր հնազանդութիւնը ցոյց կու տանք, երկրին օրէնքները յարգելով։ Երբ ժողովքէն անհատ մը քրէական օրէնք մը բեկանէ, օրինակ՝ երեխայ մը չարաշահէ, աշխարհիկ իշխանութիւններու դէմ մեղք կը գործէ (համեմատէ՛ Գործք 25։8)։ Թէեւ երէցները երկրին օրէնքը գործադրելու իրաւասութիւնը չունին, բայց երեխայ չարաշահողը չեն պաշտպաներ կառավարութեան պատիժէն (Հռով. 13։4)։ Մեղք գործողը իր ցանածը կը հնձէ (Գաղ. 6։7, 8

8. Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ մարդոց դէմ գործուած մեղքերը։

8 Ամէնէն կարեւորը, մեղք՝ Աստուծոյ դէմ (Սաղ. 51։4)։ Երբ անձ մը ուրիշ անձի մը դէմ մեղք գործէ, նաեւ Եհովային դէմ մեղք գործած կ’ըլլայ։ Նկատի առ Մովսիսական օրէնքէն օրինակ մը։ Օրէնքը կ’ըսէր թէ տղամարդ մը, որ իր դրացին կը կողոպտէր կամ կը խաբէր, ‘Տէրոջը դէմ յանցանք կը գործէր’ (Ղեւ. 6։2-4)։ Ուրեմն, վստահաբար երբ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահէ, Աստուծոյ դէմ կը մեղանչէ։ Երեխան իրեն վստահեցաւ, բայց ինք ասիկա օգտագործելով զինք խաբեց, եւ հիմա երեխան այլեւս ապահով չի զգար։ Չարաշահողը մեծ անարգանք կը բերէ Եհովայի անուան վրայ։ Այդ պատճառով, չարաշահութիւնը պէտք է դատապարտել որպէս Աստուծոյ դէմ գործուած ծանր մեղք։

9. Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ սուրբգրային տեղեկութիւններ հրատարակած է տարիներու ընթացքին եւ ինչո՞ւ։

9 Տարիներու ընթացքին, Եհովայի կազմակերպութիւնը երեխաներու չարաշահութեան շուրջ սուրբգրային բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակած է։ Օրինակ, Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի մէջ յօդուածներ քննարկած են, թէ չարաշահուողները զգացական սպիներուն նկատմամբ ի՛նչ կրնան ընել, ուրիշներ ինչպէ՛ս կրնան անոնց օգնել, եւ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել։ Երէցները սուրբգրային մանրամասն մարզում ստացած են, որ գիտնան ի՛նչ ընել երբ երեխաներու չարաշահութեան մեղքը գործուի։ Կազմակերպութիւնը իր տուած ուղղութիւնները այժմէական կը պահէ, վստահ ըլլալու համար թէ երէցները Քրիստոսի օրէնքին համաձայն կը վարուին։

ԼՈՒՐՋ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼ

10-12. ա) Լուրջ յանցագործութեան պարագային, երէցները ի՞նչ բան ի մտի կ’ունենան, եւ ի՞նչ բաներու ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ բ) Յակոբոս 5։14, 15–ի համաձայն, երէցները կը ջանան ի՞նչ ընել։

10 Որեւէ լուրջ յանցագործութիւն քննելու ատեն, երէցները ի մտի կ’ունենան, թէ Քրիստոսի օրէնքը կը պահանջէ, որ հօտին հետ սիրալիրօրէն վարուին եւ Աստուծոյ աչքին ճիշդ եւ արդար եղող բաներ ընեն։ Անոր համար, երբ կը տեղեկանան թէ լուրջ յանցագործութիւն մը եղած է, կարգ մը բաներու մասին խորապէս կը մտածեն։ Երէցները գլխաւորաբար հետաքրքրուած են Աստուծոյ անուան սրբացումով (Ղեւ. 22։31, 32. Մատ. 6։9)։ Անոնք նաեւ մեծ կարեւորութիւն կու տան եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր բարօրութեան եւ կ’ուզեն յանցագործութեան զոհ գացողներուն օգնել։

11 Ասկէ զատ, եթէ յանցագործը ժողովքէն անհատ մըն է, երէցները կը ջանան օգնել որ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ, եթէ կարելի է (կարդա՛ Յակոբոս 5։14, 15)։ Այն քրիստոնեան, որ սխալ ցանկութեան տեղի կու տայ եւ լուրջ մեղք մը կը գործէ, հոգեւորապէս հիւանդ է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան այլեւս Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն չունի *։ Երէցները կարելի է բժիշկներու նմանցնել, քանի որ կը ջանան ‘փրկել հիւանդը’, այս պարագային՝ յանցագործը։ Անոնց սուրբգրային խրատները կրնան յանցագործին օգնել, որ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատէ, բայց ասիկա կարելի է միայն եթէ անկեղծօրէն զղջայ (Գործք 3։19. Բ. Կոր. 2։5-10

12 Յստակ է որ երէցները ծանր պատասխանատուութիւն ունին։ Անոնք մեծապէս կը հոգան այն հօտին համար, որ Աստուած իրենց վստահած է (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Անոնք կ’ուզեն, որ եղբայրներն ու քոյրերը ժողովքին մէջ ապահով զգան։ Այդ պատճառով, շատ արագ գործի կ’անցնին երբ կը տեղեկանան լուրջ յանցագործութեան մը մասին,– մէջը ըլլալով երեխաներու չարաշահութիւնը։ Նկատի առ այն հարցումները, որոնք նշուած են  պարբերութիւն 13,  15 եւ  17–ի սկիզբը։

13-14. Երէցները կը գործե՞ն աշխարհիկ օրէնքներուն համաձայն, իշխանութիւններուն տեղեկացնելով, երբ կ’ըսուի թէ երեխայ մը շահագործուած է. բացատրէ։

 13 Երէցները կը գործե՞ն աշխարհիկ օրէնքներուն համաձայն, իշխանութիւններուն տեղեկացնելով, երբ կ’ըսուի թէ երեխայ մը շահագործուած է։ Այո՛։ Այն երկիրները, ուր այսպիսի օրէնքներ կան, երէցները անոնց համաձայն գործելով կը տեղեկացնեն իշխանութիւններուն, թէ երեխայ մը թերեւս շահագործուած է (Հռով. 13։1)։ Այսպիսի օրէնքներ չեն հակասեր Աստուծոյ օրէնքին (Գործք 5։28, 29)։ Ուստի, երբ երէցներուն ըսուի թէ երեխայ մը թերեւս շահագործուած է, անոնք անմիջապէս մասնաճիւղէն ուղղութիւն կը խնդրեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան զայն տեղեկացնելու վերաբերեալ օրէնքին հնազանդիլ։

14 Երէցները չարաշահութեան զոհ գացողներուն, անոնց ծնողներուն եւ հարցէն տեղեակ եղող ոեւէ անհատի ազնուօրէն կ’ըսեն, թէ իրաւունք ունին իշխանութիւններուն լուր տալու։ Եթէ չարաշահողը ժողովքէն անհատ մըն է եւ հարցը հանրածանօթ դառնայ, տեղեկագրող քրիստոնեան պէ՞տք է զգայ, որ Աստուծոյ անուան վրայ անարգանք բերաւ։ Ո՛չ։ Չարաշահողն է անարգանք բերողը։

15-16. ա) Ա. Տիմոթէոս 5։19–ի համաձայն, ինչո՞ւ առնուազն երկու վկաներ պահանջուած են, որ երէցները դատական յանձնախումբ կազմեն։ բ) Երէցները ի՞նչ կ’ընեն, երբ իրենց ըսուի թէ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահած է։

 15 Երէցները դատական յանձնախումբ կազմելէ առաջ, ինչո՞ւ առնուազն երկու վկաներ պահանջուած են։ Արդարադատութեան բարձր չափանիշ ունենալով, Աստուածաշունչը ասիկա կը պահանջէ։ Երբ ամբաստանեալը չի խոստովանիր, երկու վկաներ կը պահանջուին, որպէսզի ամբաստանութիւնը հաստատուի եւ երէցները կարենան դատական յանձնախումբ կազմել (Բ. Օր. 19։15. Մատ. 18։16. կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։19)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ երեխաներու չարաշահութեան հարց մը իշխանութիւններուն տեղեկացնելէ առաջ, երկու վկաներ պահանջուած են։ Ո՛չ, քանի որ աշխարհիկ օրէնքը ասիկա չի պահանջեր։

16 Երբ երէցներուն ըսուի թէ ժողովքէն անհատ մը երեխայ մը չարաշահած է, անոնք նա՛խ հարցը կը տեղեկագրեն իշխանութիւններուն, եթէ աշխարհիկ օրէնքը ասիկա կը պահանջէ, եւ ետքը կը ջանան ստուգել թէ ի՛նչ պատահած է։ Եթէ ամբաստանեալը ուրանայ թէ մեղք գործած է, երէցները ականատեսներու վկայութիւնը նկատի կ’առնեն։ Եթէ ամբաստանողը եւ առնուազն ուրիշ անձ մը ըսեն, թէ ամբաստանեալը տուեալ երեխան կամ ուրիշ երեխայ մը չարաշահած է, երէցները դատական յանձնախումբ կազմելու հիմ կ’ունենան *։ Եթէ երկրորդ վկայ մը չկայ, ասիկա չի նշանակեր որ ամբաստանողը սուտ կը խօսի։ Նոյնիսկ եթէ յանցագործութիւնը հաստատելու համար երկու վկաներ չկան, երէցները կը գիտակցին թէ լուրջ մեղք մը թերեւս գործուած է, ուրիշներուն խորապէս վնասելով։ Երէցները կը շարունակեն օգնել ու մխիթարել խնդրոյ առարկայ անհատները։ Ասկէ զատ, երէցները ուշադիր կ’ըլլան ամբաստանեալին նկատմամբ, որպէսզի ժողովքը պաշտպանեն հաւանական վտանգէ (Գործք 20։28

17-18. Բացատրէ դատական յանձնախումբին դերը։

 17 Ի՞նչ է դատական յանձնախումբին դերը։ «Դատական» բառը չի նշանակեր թէ երէցները կը դատեն կամ կ’որոշեն, թէ չարաշահողը աշխարհիկ օրէնքը բեկանելուն համար իշխանութիւններուն կողմէ պէ՛տք է պատժուի կամ ոչ։ Անոնք այս հարցով չեն խառնուիր. ասիկա իշխանութիւններուն գործն է (Հռով. 13։2-4. Տիտ. 3։1)։ Երէցները կը դատեն կամ կ’որոշեն, թէ անհատը ժողովքին մէջ կրնա՛յ մնալ կամ ոչ։

18 Դատական յանձնախումբին մէջ երէցներուն դերը հոգեւոր կամ կրօնական է։ Աստուածաշունչով առաջնորդուելով կ’որոշեն, թէ չարաշահողը զղաջացա՛ծ է կամ ոչ։ Եթէ զղջացած չէ, կը վտարուի, եւ ասիկա ժողովքին կը յայտարարուի (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Իսկ եթէ զղջացած է, կրնայ ժողովքին մէջ մնալ։ Սակայն, երէցները իրեն պիտի տեղեկացնեն, որ ժողովքին մէջ որեւէ առանձնաշնորհում կամ պատասխանատու դիրք պիտի չունենայ, թերեւս մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Որովհետեւ երէցները իրապէս հետաքրքրուած են երեխաներու ապահովութեամբ, անոնք առանձնաբար ծնողները պիտի զգուշացնեն, թէ պէտք է ուշադիր ըլլան, երբ իրենց երեխաները այդ անհատին շուրջը ըլլան։ Երէցները ծնողներուն պիտի չյայտնեն տուժած անհատներուն ինքնութիւնը։

ԵՐԵԽԱՆԵՐԴ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ

Ծնողներ իրենց երեխաները սեռային չարաշահութենէ կը պաշտպանեն, երբ սեռի մասին յարմար տեղեկութիւններ կը փոխանցեն, գործածելով Աստուծոյ կազմակերպութեան հայթայթած տեղեկութիւնները (տե՛ս պարբերութիւն 19-22)

19-22. Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակները պաշտպանելու համար (տե՛ս կողքին նկարը)։

19 Գլխաւորաբար ո՞վ պատասխանատու է երեխաները վնասէ պաշտպանելու։ Ծնողնե՛րը *։ Զաւակներդ Աստուծոյ կողմէ պարգեւ են, «Տէրոջը ժառանգութիւնն են» (Սաղ. 127։3)։ Պատասխանատուութիւնդ է այդ պարգեւը պահպանել։ Ի՞նչ կրնաս ընել երեխադ չարաշահութենէ պաշտպանելու համար։

20 Առաջին, չարաշահութեան մասին գիտելիքներ ունեցիր։ Գիտցիր թէ ինչպիսի՛ անհատներ երեխաները կը չարաշահեն եւ ի՛նչ կերպերով կը փորձեն զիրենք խաբել։ Հաւանական վտանգներուն նկատմամբ արթուն եղիր (Առ. 22։3. 24։3)։ Յիշէ թէ ընդհանրապէս չարաշահողը մէկն է, որ երեխան արդէն կը ճանչնայ եւ իրեն կը վստահի։

21 Երկրորդ, զաւակներուդ հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունեցիր (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Ատիկա կը պարփակէ՝ լաւ մտիկ ընող ըլլալ (Յակ. 1։19)։ Յիշէ թէ երեխաները յաճախ կը քաշուին չարաշահութեան մասին պատմելու։ Թերեւս կը վախնան որ իրենց պիտի չհաւատան, կամ թերեւս չարաշահողը զիրենք վախցնելով ըսած է, որ չարաշահութիւնը գաղտնի պահեն։ Եթէ զգաս որ սխալ բան մը կայ, զաւակիդ ազնուօրէն հարցումներ հարցուր եւ յետոյ համբերութեամբ անոր պատասխանները մտիկ ըրէ։

22 Երրորդ, զաւակներուդ սորվեցուր։ Անոնց ըսէ ի՛նչ որ պէտք է գիտնան սեռի մասին։ Անշուշտ վստահ եղիր թէ տուած տեղեկութիւններդ իրենց տարիքին յարմար են։ Անոնց սորվեցուր թէ ի՛նչ պէտք է ըսեն ու ընեն, եթէ մէկը փորձէ իրենց դպնալ անպատշաճ կերպով։ Գործածէ այն տեղեկութիւնները, որոնք կազմակերպութիւնը հրատարակած է երեխաները պաշտպանելու վերաբերեալ (տե՛ս « Սորվէ՛ եւ զաւակներուդ սորվեցո՛ւր» շրջանակը)։

23. Երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատենք, եւ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ հարցումի պիտի պատասխանէ։

23 Մենք՝ Եհովայի վկաներս, երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը լուրջ մեղք եւ սարսափելի ոճիր կը նկատենք։ Քրիստոսի օրէնքով առաջնորդուելով, մեր ժողովքները չեն պաշտպաներ չարաշահողները իրենց մեղքերուն հետեւանքներէն։ Մինչ այդ, ի՞նչ կրնանք ընել օգնելու համար անոնց, որոնք չարաշահուած են։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

^ պարբ. 5 Յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք երեխաները պաշտպանել սեռային չարաշահութենէ։ Պիտի տեսնենք թէ այս ուղղութեամբ ի՛նչ է երէցներուն դերը եւ ծնողները ի՛նչ կրնան ընել։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը տեղի կ’ունենայ, երբ չափահաս մը երեխայ մը կը գործածէ իր սեռային ցանկութիւնները գոհացնելու համար։ Անիկա կրնայ պարփակել՝ սեռային յարաբերութիւն, բերանային կամ սրբանային սեռ, փայփայել սեռային անդամները կամ կուրծքերը կամ յետոյքը, եւ ուրիշ անբարոյ արարքներ։ Թէեւ չարաշահութեան զոհ գացողներուն մեծամասնութիւնը աղջիկ են, բայց տղաք ալ ատոր զոհ կ’երթան։ Եւ թէեւ չարաշահողներուն մեծամասնութիւնը տղամարդիկ են, բայց կարգ մը կիներ ալ երեխաները կը չարաշահեն։

^ պարբ. 5 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, «զոհ գացող» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ մէկու մը, որ երեխայ եղած ատեն սեռային գետնի վրայ չարաշահուած է։ Այս արտայայտութիւնը կը գործածենք յստակ դարձնելու համար, թէ երեխան վնասուած է, օգտագործուած է եւ անմեղ է։

^ պարբ. 11 Հոգեւորապէս հիւանդ ըլլալը չ’արդարացներ լուրջ մեղք գործելը։ Յանցագործը լիովին պատասխանատու է իր սխալ որոշումներուն եւ արարքներուն համար եւ Եհովային հաշիւ պիտի տայ (Հռով. 14։12

^ պարբ. 16 Երէցները բնա՛ւ պիտի չպահանջեն որ երեխան ներկայ ըլլայ, երբ ամբաստանեալին հետ կը խօսին։ Ծնողքը կամ մէկը՝ որուն կը վստահի երեխան, կրնայ երէցներուն փոխանցել երեխային պատմածը։ Այս կերպով, երեխան զգացականօրէն աւելի պիտի չտառապի։

^ պարբ. 19 Ի՛նչ որ ծնողներուն համար կ’ըսուի, նաեւ կը կիրարկուի խնամակալներուն կամ անոնց, որոնք երեխային հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ստացած են։