ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Մայիս 2020

Այս թիւը կը բովանդակէ 2020–ի յուլիս 6–օգոստոս 2 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

«Հիւսիսի թագաւորը» վերջին ժամանակին մէջ

Ուսումնասիրութեան յօդուած 19՝ 2020–ի յուլիս 6-12։ Փաստեր կը տեսնենք, որ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը կը շարունակէ կատարուիլ։ Ինչո՞ւ այսքան վստահ ենք։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է այս մարգարէութեան մանրամասնութիւնները հասկնանք։

Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ

«Հիւսիսի թագաւոր»ի եւ «հարաւի թագաւոր»ի մասին մարգարէութիւնը եւ ուրիշ մարգարէութիւններ միեւնոյն ժամանակ կը պատահին։ Այդ մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կը փաստեն, որ չար աշխարհը մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէ։

Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը»

Ուսումնասիրութեան յօդուած 20՝ 2020–ի յուլիս 13-19։ Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը», եւ ինչպէ՞ս իր վախճանին պիտի հասնի։ Պատասխանը պիտի օգնէ որ նախապատրաստուինք գալիք դժուարութիւնները դիմագրաւելու։

Աստուածատուր նուէրները կը գնահատե՞ս

Ուսումնասիրութեան յօդուած 21՝ 2020–ի յուլիս 20-26։ Այս յօդուածը մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնէ Եհովայի հանդէպ եւ մեզի տուած երեք նուէրներու հանդէպ։ Նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ տրամաբանենք անոնց հետ, որոնք կը կասկածին Աստուծոյ գոյութեան։

Չերեւցած գանձերը գնահատէ

Ուսումնասիրութեան յօդուած 22՝ 2020–ի յուլիս 27–օգոստոս 2։ Յօդուածը պիտի քննարկէ գանձեր, որոնք չենք կրնար տեսնել, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք գնահատել։ Անիկա նաեւ մեր գնահատանքը պիտի խորացնէ այսպիսի գանձերու Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հանդէպ։