Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ

Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ

Այս ցուցակին մէջ նշուած կարգ մը մարգարէութիւններ կը նկարագրեն դէպքեր, որոնք միեւնոյն ժամանակ կը պատահին։ Բոլոր մարգարէութիւնները կը փաստեն, որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք (Դան. 12։4

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Յայտ. 11։7. 12։13, 17, 18. 13։1-8, 12

    Մարգարէութիւն Գազանը դարերէ ի վեր մարդոց վրայ կ’իշխէ։ Վերջին ժամանակին, անոր եօթներորդ գլուխը կը վիրաւորուի։ Ետքը, այդ գլուխը կը բուժուի եւ «բոլոր երկիր»ը գազանին կը հետեւի։ Սատանան գազանը կը գործածէ ‘կնոջ զաւակներուն դէմ պատերազմելու’։

    Կատարում Ջրհեղեղէն ետք, Եհովային հակառակող մարդկային կառավարութիւններ մէջտեղ կու գան։ Դարեր ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Բրիտանական կայսրութիւնը մեծապէս կը տկարանայ։ Ան դարձեալ կը զօրանայ, երբ Միացեալ Նահանգները իրեն կը միանան։ Մանաւանդ վերջին ժամանակին, Սատանան իր ամբողջ քաղաքական դրութիւնը կը գործածէ Աստուծոյ ժողովուրդը հալածելու համար։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 11։25-45

    Մարգարէութիւն Հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին միջեւ մրցակցութիւն։

    Կատարում Գերմանիան եւ Անկլօ–Ամերիկան կը մրցակցին։ 1945–ին Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները հիւսիսի թագաւորը կ’ըլլան։ 1991–ին, Խորհրդային Միութիւնը փուլ կու գայ, եւ ժամանակի ընթացքին Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները հիւսիսի թագաւորը կ’ըլլան։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Եսա. 61։1. Մաղ. 3։1, ՆԱ. Ղուկ. 4։18, 19

    Մարգարէութիւն Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուելէն առաջ, Եհովան իր «պատգամաւոր»ը կը ղրկէ, որպէսզի «ճամբայ պատրաստէ»։ Այս խմբակը կը սկսի հեզերուն «աւետիս տալ»։

    Կատարում 1870–էն սկսեալ, Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները նախանձախնդրօրէն կը ջանան աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները բացատրել։ 1881–ին, կ’անդրադառնան թէ շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ ծառաները քարոզեն։ Անոնք կը հրատարակեն յօդուածներ, ինչպէս՝ «Կը պահանջուի 1000 քարոզիչ» եւ «Օծուած՝ քարոզելու համար»։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Մատ. 13։24-30, 36-43

    Մարգարէութիւն Թշնամի մը ցորենի արտի մը մէջ որոմ կը ցանէ։ Թոյլ կը տրուի, որ որոմը աճի եւ ցորենը ծածկէ մինչեւ հունձքի ժամանակը։ Ետքը, որոմը ցորենէն կը զատուի։

    Կատարում 1870–էն սկսեալ, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն եւ կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ տարբերութիւնը աստիճանաբար աւելի յստակ կը դառնայ։ Վերջին ժամանակին, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հաւաքուին եւ կեղծ քրիստոնեաներէն կը զատուին։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 2։31-33, 41-43

    Մարգարէութիւն Երկաթէ ու կաւէ ոտքերը, արձանի մը մէկ մասն են, որ զանազան մետաղներէ կազմուած է։

    Կատարում Կաւը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին ծիրէն ներս եղող արմատական եւ ժողովրդական տարրերը։ Անոնք կը տկարացնեն այս աշխարհակալ ուժին կարողութիւնը, որ երկաթանման զօրութեամբ գործէ։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Մատ. 13։30. 24։14, 45. 28։19, 20

    Մարգարէութիւն «Ցորենը» կը ժողվուի «ամբար»ին մէջ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը նշանակուի տան «ծառաներուն» վրայ։ Թագաւորութեան բարի լուրը կը սկսի «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզուիլ։

    Կատարում 1919–ին, հաւատարիմ ծառան կը նշանակուի Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Անկէ սկսեալ, Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց քարոզչութիւնը կ’աւելցնեն։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները աւելի քան 200 երկիրներու մէջ կը քարոզեն եւ աւելի քան 1000 լեզուներով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կ’արտադրեն։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 12։11. Յայտ. 13։11, 14, 15

    Մարգարէութիւն Երկու եղջիւր ունեցող գազանը, ‘գազանին պատկեր մը շինելուն’ մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ եւ այդ ‘պատկերին հոգի կու տայ’։

    Կատարում Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, Ազգերու դաշնակցութիւնը հաստատելուն մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ։ Ուրիշ ազգեր ալ այս կազմակերպութեան կը միանան։ Հիւսիսի թագաւորը Ազգերու դաշնակցութեան կը միանայ, բայց միայն 1926–էն 1933։ Ազգերու դաշնակցութեան կը տրուի այն փառաբանութիւնը, որուն միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արժանի է։ Անկէ ետք, նմանապէս կը փառաբանուի ՄԱԿ–ը։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 8։23, 24

    Մարգարէութիւն Պնդերես թագաւոր մը «ահաւոր աւերներ» կը գործէ։

    Կատարում Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը հսկայ կործանում պատճառած է։ Օրինակ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգները աննախընթաց տարողութեամբ սարսափելի կործանում պատճառեցին, երբ երկու աթոմական ռումբեր նետեցին անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին թշնամիին վրայ։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Դան. 11։31. Յայտ. 17։3, 7-11

    Մարգարէութիւն Տասը եղջիւր ունեցող «կարմիր գազան»ը անդունդէն կ’ելլէ, եւ ան ութերորդ թագաւորն է։ Դանիէլ գիրքը այս թագաւորին կ’ակնարկէ որպէս «աւերող պղծութիւնը»։

    Կատարում Ազգերու դաշնակցութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմին անգործունեայ կը դառնայ։ Պատերազմէն ետք, ՄԱԿ–ը կը հաստատուի։ Ազգերու դաշնակցութեան պէս, ՄԱԿ–ը կը ստանայ այն փառքը, որուն միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արժանի է։ ՄԱԿ–ը պիտի յարձակի կրօնքին վրայ։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Ա. Թես. 5։3. Յայտ. 17։16

    Մարգարէութիւն Առաջնորդները կը յայտարարեն, թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է», եւ «տասը եղջիւրները» ու «գազանը» «պոռնիկ»ին վրայ կը յարձակին եւ զայն կը կործանեն։ Անկէ ետք, կառավարութիւնները մէջտեղէն կը վերցուին։

    Կատարում Ազգերը կը դաւանին որ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն իրագործած են։ Ետքը, ՄԱԿ–ի անդամ եղող պետութիւնները կը կործանեն սուտ–կրօնական կազմակերպութիւնները, եւ այսպէս կը սկսի մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանը։ Մեծ նեղութիւնը վերջ պիտի գտնէ՝ ամբողջ չար աշխարհը կործանուելով Արմագեդոնին։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Եզեկ. 38։11, 14-17. Մատ. 24։31

    Մարգարէութիւն Գոգը Աստուծոյ ժողովուրդին երկիրը կը մտնէ։ Ետքը, հրեշտակները կը ժողվեն «ընտրեալները»։

    Կատարում Հիւսիսի թագաւորը, աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւններուն հետ մէկտեղ, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակի։ Այս յարձակումը սկսելէն ժամանակ մը ետք, օծեալ մնացորդը երկինք կ’առնուի։

  • Սուրբ Գիրքի համարներ Եզեկ. 38։18-23. Դան. 2։34, 35, 44, 45. Յայտ. 6։2. 16։14, 16. 17։14. 19։20

    Մարգարէութիւն ‘Ճերմակ ձիու վրայ հեծնողը’ իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ, կործանելով Գոգը եւ անոր բանակը։ «Գազանը» ‘կրակին լիճը կը ձգուի’ եւ հսկայ արձանը կը փշրուի։

    Կատարում Յիսուս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխող Թագաւորը, Աստուծոյ ժողովուրդը կ’ազատէ։ Իր 144,000 իշխանակիցներուն եւ հրեշտակային զօրքերուն հետ, ան կը կործանէ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւնը, վերջ դնելով Սատանայի ամբողջ քաղաքական դրութեան։