Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19

«Հիւսիսի թագաւորը» վերջին ժամանակին մէջ

«Հիւսիսի թագաւորը» վերջին ժամանակին մէջ

«Վախճանին ատենը հարաւի թագաւորը իրեն [հիւսիսի թագաւորին] պիտի բախի» (ԴԱՆ. 11։40, ԱԾ

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մեզի ի՞նչ կը յայտնեն։

ՇԱՏ մօտ ապագային Եհովայի ժողովուրդին ի՞նչ պիտի պատահի։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը պատասխանեն, նշելով կարեւոր դէպքեր, որոնք բոլորիս պիտի ազդեն։ Յատկապէս մարգարէութիւն մը կայ, որ կը յայտնէ թէ երկրի վրայ ամենազօրաւոր կառավարութիւններէն ոմանք ի՛նչ պիտի ընեն։ Անիկա արձանագրուած է Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխին մէջ, եւ կը նկարագրէ երկու թագաւորներ, որոնք իրարու կը հակառակին. հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը։ Անոր մեծ մասը արդէն կատարուած է, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ մնացած մասն ալ պիտի կատարուի։

2. Ծննդոց 3։15 եւ Յայտնութիւն 11։7 եւ 12։17–ի համաձայն, երբ Դանիէլի մարգարէութիւնը կը սերտենք, ի՞նչ բաներ ի մտի պէտք է ունենանք։

2 Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխին մարգարէութիւնը հասկնալու համար, պէտք է ի մտի ունենանք որ անիկա կը խօսի միայն այն կառավարիչներուն եւ կառավարութիւններուն մասին, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն ունեցած են Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ ծառաները փոքրաթիւ են աշխարհի բնակչութեան հետ բաղդատած, այս կառավարութիւնները զիրենք կը հալածեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանայի եւ իր ամբողջ դրութեան գլխաւոր նպատակն է՝ մէջտեղէն վերցնել անոնք, որոնք Եհովայի եւ Յիսուսի կը ծառայեն (կարդա՛ Ծննդոց 3։15. Յայտնութիւն 11։7. 12։17)։ Դանիէլի այս մարգարէութիւնը նաեւ պէտք է ներդաշնակ ըլլայ Աստուածաշունչի միւս մարգարէութիւններուն հետ։ Իրականութեան մէջ, այս մարգարէութիւնը կրնանք ճիշդ կերպով հասկնալ, միայն եթէ զայն համեմատենք Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներու հետ։

3. Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Այդ կէտերը հաշուի առնելով, հիմա պիտի քննարկենք Դանիէլ 11։25-39։ Պիտի տեսնենք որ 1870–էն մինչեւ 1991, որո՛նք էին հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը, եւ ինչո՛ւ տրամաբանական է որ այս մարգարէութեան մէկ հատուածին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը ճշդենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք Դանիէլ 11։40–12։1–ը, եւ մեր հասկացողութիւնը պիտի ճշդենք թէ անիկա ի՛նչ կը յայտնէ 1991–Արմագեդոն ժամանակամիջոցին մասին։ Մինչ այս երկու յօդուածները կը սերտես, լաւ կ’ըլլայ որ «Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ» ցուցակին դիմես։ Բայց նա՛խ պէտք է գիտնանք, թէ այս մարգարէութեան մէջի երկու թագաւորները որո՛նք են։

ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՀԱՐԱՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԲՆՈՐՈՇԵԼ

4. Ի՞նչ երեք ազդակներ մեզի պիտի օգնեն հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը բնորոշելու։

4 «Հիւսիսի թագաւոր» եւ «հարաւի թագաւոր» տիտղոսները սկիզբը տրուեցան այն քաղաքական ուժերուն, որոնք բառացի Իսրայէլ երկրին հիւսիսը եւ հարաւը կը գտնուէին։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ հրեշտակը Դանիէլին ըսաւ. «Քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի» (Դան. 10։14)։ Իսրայէլ ազգը մինչեւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն Աստուծոյ ժողովուրդն էր։ Սակայն անկէ սկսեալ, Եհովան յստակ դարձուց որ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները իր ժողովուրդն էին։ Հետեւաբար, Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխին մարգարէութեան մեծ մասը կը վերաբերի ոչ թէ իսրայէլ ազգին, հապա Քրիստոսի հետեւորդներուն (Գործք 2։1-4. Հռով. 9։6-8. Գաղ. 6։15, 16)։ Եւ հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին ինքնութիւնը ժամանակի ընթացքին փոխուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը ազդակներ միշտ կային։ Առաջին, թագաւորները յատկանշական կերպով ազդեցին Աստուծոյ ժողովուրդին։ Երկրորդ, Աստուծոյ ծառաներուն հետ իրենց վարուելու կերպով ցոյց տուին, որ Եհովան կ’ատեն։ Եւ երրորդ, երկու թագաւորները իրարու հետ մրցակցեցան աւելի զօրութիւն ձեռք ձգելու համար։

5. Ք.Ե. 100–ի եւ 1870–ի միջեւ, հիւսիսի թագաւոր եւ հարաւի թագաւոր կայի՞ն. բացատրէ։

5 Ք.Ե. երկրորդ դարուն ընթացքին, սուտ քրիստոնեաներ աստիճանաբար խուժեցին քրիստոնէական ժողովքէն ներս։ Անոնք հեթանոսական գաղափարներ սորվեցուցին եւ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մարդոցմէ պահեցին։ Այդ ժամանակէն մինչեւ 19–րդ դարու վերջերը, երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաներու կազմակերպուած խումբ մը չկար։ Սուտ քրիստոնեաները որոմներու պէս շատցան, եւ ատոր համար ճշմարիտ քրիստոնեաները բնորոշելը շատ դժուարացաւ (Մատ. 13։36-43)։ Ասիկա գիտնալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ ցոյց կու տայ, թէ հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին մասին մեր կարդացածը չի կիրարկուիր այն կառավարիչներուն կամ թագաւորութիւններուն, որոնք Ք.Ե. 100–ի եւ 1870–ի միջեւ իշխեցին։ Աստուծոյ ծառաներու կազմակերպուած խումբ մը չկար, որուն վրայ կրնային յարձակիլ *։ Սակայն 1870–էն քիչ ետք կարելի էր դարձեալ գտնել հիւսիսի թագաւոր մը եւ հարաւի թագաւոր մը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

6. Աստուծոյ ծառաները ե՞րբ սկսան դարձեալ կազմակերպուիլ որպէս խումբ. բացատրէ։

6 1870–էն սկսեալ, Աստուծոյ ծառաները սկսան կազմակերպուիլ որպէս խումբ։ Այդ տարին էր որ Չարլզ Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները սկսան միասնաբար Աստուածաշունչը սերտել։ Եղբայր Ռասըլ եւ իր սերտ ընկերակիցները մարգարէացուած «պատգամաւոր»ն էին, որոնք մեսիական Թագաւորութեան հաստատուելէն առաջ ‘ճամբայ պատրաստեցին’ (Մաղ. 3։1, ՆԱ)։ Անգամ մը եւս կազմակերպուած խումբ մը կար, որ Եհովային կը ծառայէր ընդունելի կերպով։ Այդ ատեն կայի՞ն մեծ պետութիւններ, որոնք Աստուծոյ ծառաներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենային։ Նկատի առ հետեւեալ իրողութիւնները։

Ո՞Վ Է ՀԱՐԱՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

7. Մինչեւ 1917, ո՞վ էր հարաւի թագաւորը։

7 1870–ին, Բրիտանիան արդէն երկրագունդին վրայ ամենամեծ կայսրութիւնը դարձած էր եւ ամենազօրաւոր բանակը ունէր։ Այդ կայսրութիւնը ներկայացուած էր որպէս պզտիկ եղջիւր մը, որ յաղթեց ուրիշ երեք եղջիւրներու. Ֆրանսա, Սպանիա եւ Հոլանտա (Դան. 7։7, 8)։ Եւ ան հարաւի թագաւորը եղաւ մինչեւ 1917։ Միեւնոյն ատեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տնտեսական ամենամեծ ուժը դարձած էին եւ սկսած էին Բրիտանիոյ հետ համագործակցիլ։

8. Վերջին օրերուն ընթացքին, ո՞վ եղած է հարաւի թագաւորը։

8 Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան միասնաբար պատերազմեցան եւ շատ զօրաւոր դարձան։ Այդ ժամանակ, անոնք անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը եղան։ Ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացած էր, այս թագաւորը «խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրք» հաւաքեց (Դան. 11։25)։ Վերջին օրերուն ընթացքին, հարաւի թագաւորը միշտ եղած է Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները միասնաբար *։ Բայց ո՞վ էր հիւսիսի թագաւորը։

ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ Կ’ԵՐԵՒՆԱՅ

9. Հիւսիսի թագաւորը ե՞րբ դարձեալ երեւցաւ, եւ Դանիէլ 11։25–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

9 Նախապէս նշեցինք որ 1870–ին Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները Աստուածաշունչը սերտելու խմբակ մը կազմեցին։ Յաջորդ տարին՝ 1871–ին, հիւսիսի թագաւորը դարձեալ երեւցաւ։ Այդ տարի, Եւրոպայի մէջ քանի մը շրջաններ իրարու միացան եւ հաստատեցին Գերմանական կայսրութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, Գերմանիան Ափրիկէի եւ Խաղաղական ովկիանոսի կարգ մը երկիրներուն վրայ ձեռք դրաւ եւ փորձեց Բրիտանիայէն աւելի ուժեղ դառնալ (կարդա՛ Դանիէլ 11։25)։ Անիկա զօրաւոր բանակ մը եւ աշխարհի մէջ երկրորդ ամենամեծ նաւատորմը ունեցաւ, եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, զանոնք գործածեց իր թշնամիներուն դէմ։

10. Դանիէլ 11։25բ, 26–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

10 Դանիէլ նաեւ մարգարէացաւ, որ Գերմանական կայսրութեան եւ անոր բանակին ի՛նչ պիտի պատահէր։ Մարգարէութիւնը կը նշէ թէ հիւսիսի թագաւորը «պիտի չկարենայ դիմանալ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։ Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն» (Դան. 11։25բ, 26ա)։ Դանիէլի օրերուն, «թագաւորին ազնիւ կերակուրէն» ուտողներուն մէջ կային պալատականներ, որոնք ‘թագաւորին առջեւ կը կայնէին’ (Դան. 1։5)։ Մարգարէութիւնը հոս որո՞ւն կ’ակնարկէ։ Կ’ակնարկէ Գերմանական կայսրութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, մէջը ըլլալով կայսրին զօրավարները եւ զինուորական խորհրդատուները, որոնք ի վերջոյ օգնեցին որ կայսրութիւնը քայքայուի *։ Մարգարէութիւնը նշեց թէ՛ կայսրութեան անկումը եւ թէ հարաւի թագաւորին դէմ մղուած պատերազմին արդիւնքը։ Հիւսիսի թագաւորին մասին կ’ըսէ. «Անոր զօրքը պիտի ցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին» (Դան. 11։26բ)։ Եւ ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, գերմանական բանակը ‘ցրուեցաւ’ եւ շատե՜ր ‘սպաննուեցան’։ Այդ պատերազմը, մինչեւ այդ ատեն ամէնէն մահաբեր պատերազմն էր մարդկային պատմութեան մէջ։

11. Հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը ի՞նչ ըրին։

11 Դանիէլ 11։27, 28–ը կը նկարագրէ այն ինչ որ պատահեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ։ Անիկա կ’ըսէ որ հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը «նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին»։ Նաեւ կ’ըսէ որ հիւսիսի թագաւորը «շատ հարստութիւն» պիտի դիզէ։ Դարձեալ ճիշդ ասիկա պատահեցաւ։ Գերմանիան եւ Բրիտանիան իրարու ըսին որ խաղաղութիւն կ’ուզեն, բայց երբ 1914–ին պատերազմը ծագեցաւ, յայտնի դարձաւ որ իրենց ըսածները սուտ էին։ Եւ 1914–ին, Գերմանիան արդէն աշխարհի մէջ երկրորդ ամենահարուստ երկիրը դարձած էր։ Իսկ Դանիէլ 11։29, 30ա–ին առ ի կատարում, Գերմանիան հարաւի թագաւորին դէմ պատերազմեցաւ բայց պարտուեցաւ։

ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԿԸ ԿՌՈՒԻՆ

12. Համաշխարհային Ա. պատերազմին, հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը ի՞նչ ըրին։

12 1914–էն ի վեր, երկու թագաւորները ա՛լ աւելի իրարու դէմ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կռուած են։ Օրինակ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին, թէ՛ Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւ թէ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը հալածեցին Աստուծոյ ծառաները, որոնք մերժեցին զէնք կրել։ Եւ առ ի կատարում Յայտնութիւն 11։7-10–ի մարգարէութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բանտարկեց անոնք, որոնք քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին։

13. 1930–ականներուն եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ ըրաւ։

13 Ետքը, 1930–ականներուն եւ մանաւանդ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը անգթօրէն յարձակեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Երբ Գերմանիոյ մէջ նացի կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխը անցաւ, Հիթլեր եւ իր հետեւորդները Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը արգիլեցին։ Հակառակորդները հարիւրաւոր Եհովայի վկաներ սպաննեցին եւ հազարաւորներ համակեդրոնացման ճամբարներ ղրկեցին։ Այդ դէպքերը Դանիէլի կողմէ մարգարէացուած էին։ Հիւսիսի թագաւորը խստօրէն սահմանափակեց Եհովայի անունը հրապարակաւ փառաբանելու Աստուծոյ ծառաներուն ազատութիւնը, եւ այսպէս կրցաւ ‘պղծել տաճարը եւ վերցնել մշտնջենապէս այրուող զոհը’ (Դան. 11։30բ, 31ա)։ Հակառակորդներուն առաջնորդը՝ Հիթլեր, նոյնիսկ խոստացաւ Գերմանիոյ մէջ ապրող Աստուծոյ բոլոր ծառաները սպաննել։

ՀԻՒՍԻՍԻ ՆՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ

14. Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, ո՞վ եղաւ հիւսիսի թագաւորը. բացատրէ։

14 Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Խորհրդային Միութիւնը հիւսիսի թագաւորը դարձաւ։ Անիկա սկսաւ իշխել մեծ տարածքներու վրայ, որոնք Գերմանիոյ կը պատկանէին։ Կեղեքիչ նացի կառավարութեան պէս, Խորհրդային Միութիւնը հալածեց բոլոր անոնք, որոնք ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնէին։

15. Համաշխարհային Բ. պատերազմը վերջ գտնելէն ետք, հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ ըրաւ։

15 Համաշխարհային Բ. պատերազմը վերջ գտնելէն քիչ ետք, հիւսիսի նոր թագաւորը՝ Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակեցան։ Յայտնութիւն 12։15-17–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, այս թագաւորը մեր քարոզչութիւնը արգիլեց եւ հազարաւոր Եհովայի վկաներ աքսորեց։ Իրականութեան մէջ, վերջին օրերուն ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը հալածանքի «գետ» մը վազցուցած է, փորձելով Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը կեցնել, բայց չէ յաջողած *։

16. Խորհրդային Միութիւնը ինչպէ՞ս կատարեց Դանիէլ 11։37-39–ի մարգարէութիւնը։

16 Կարդա՛ Դանիէլ 11։37-39։ Մարգարէութեան առ ի կատարում, հիւսիսի թագաւորը ‘իր հայրերուն աստուածներուն մասին չմտածեց’, կամ անոնց ուշադրութիւն չդարձուց։ Ինչպէ՞ս։ Խորհրդային Միութիւնը կրօնքը վերցնելու նպատակով՝ ջանաց աւանդական կրօնական կազմակերպութիւնները հեղինակութենէ զրկել։ Ատոր համար, կառավարութիւնը 1918–ին արդէն ուղղութիւն մը տուած էր, որ հիմ դրաւ դպրոցներուն մէջ անաստուածութիւնը սորվեցնելու։ Հիւսիսի այս թագաւորը ինչպէ՞ս ‘բերդերուն աստուածը պատուեց’։ Խորհրդային Միութիւնը մեծ գումարներ ծախսեց զօրաւոր բանակ կազմելու համար եւ հազարաւոր կորիզային զէնքեր արտադրեց, որպէսզի աւելի ուժովնայ։ Հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը ի վերջոյ ունեցան բաւարար կործանիչ զէնքեր, որոնցմով կրնան միլիառաւոր մարդիկ սպաննել։

ԵՐԿՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ

17. Ի՞նչ է «աւերող պղծութիւնը»։

17 Հիւսիսի թագաւորը կարեւոր ձեռնարկի մը մէջ հարաւի թագաւորին օգնած է. անոնք հաստատած են «աւերող պղծութիւնը», որ է՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) (Դանիէլ 11։31

18. Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ կը նկարագրուի որպէս «պղծութիւն»։

18 Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կը նկարագրուի որպէս «պղծութիւն», քանի որ կ’ըսէ թէ կրնայ համաշխարհային խաղաղութիւն բերել, բան մը՝ որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ ընել։ Եւ մարգարէութիւնը կ’ըսէ որ «պղծութիւնը» «աւերող» է, քանի որ ՄԱԿ–ը ամբողջ սուտ կրօնքը պիտի կործանէ (տե՛ս «Երկու մրցակից թագաւորներ վերջին ժամանակին մէջ» ցուցակը)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱՆՔ

19-20. ա) Ինչո՞ւ այս պատմութիւնը պէտք է գիտնանք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ, ո՞ր հարցումին պատասխանը պիտի առնենք։

19 Այս պատմութիւնը պէտք է գիտնանք, քանի որ կը փաստէ թէ 1870–էն մինչեւ 1991, հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը կատարուած է։ Ուստի կրնանք հաւատալ, որ մարգարէութեան մնացած մասն ալ պիտի կատարուի։

20 1991–ին Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ։ Ուստի ներկայիս ո՞վ է հիւսիսի թագաւորը։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին կը պատասխանէ։

ԵՐԳ 135 Մինչեւ վերջ տոկա՛

^ պարբ. 5 Փաստեր կը տեսնենք, որ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը կը շարունակէ կատարուիլ։ Ինչո՞ւ այսքան վստահ ենք։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է այս մարգարէութեան մանրամասնութիւնները հասկնանք։

^ պարբ. 5 Այս պատճառով, այլեւս տեղին չէ հռոմայեցի Աւրեղիանոս կայսրը (Ք.Ե. 270-275) «հիւսիսի թագաւոր» սեպել կամ Զենոբիա թագուհին (Ք.Ե. 267-272) «հարաւի թագաւոր» սեպել։ Ասիկա կը փոխէ այն բացատրութիւնը, որ տրուած է Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գրքին 13 եւ 14–րդ գլուխներուն մէջ։

^ պարբ. 10 Անոնք կարգ մը կերպերով արագացուցին կայսրութեան անկումը։ Օրինակ, կայսրին աջակցելէ ետ կեցան, պատերազմին մէջ կորուստներուն մասին գաղտնի տեղեկութիւններ դուրս հանեցին, եւ կայսրը ստիպեցին որ իր հրաժարականը տայ։

^ պարբ. 15 Ինչպէս որ Դանիէլ 11։33, 34–ը ցոյց կու տայ, հիւսիսի թագաւորը կարճ ժամանակ մը դադրեցաւ ճշմարիտ քրիստոնեաները հալածելէ։ Ասիկա պատահեցաւ, օրինակ, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ 1991–ին։