Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը»

Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը»

«Անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ» (ԴԱՆ. 11։45

ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԱՌԱՋՈՒԸՆԷ շատ աւելի ապացոյցներ կան, որ այս դրութեան վերջին օրերուն վերջաւորութեան կ’ապրինք։ Շատ մօտ ատենէն, Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը պիտի կործանեն բոլոր կառավարութիւնները, որոնք Թագաւորութեան կը հակառակին։ Այդ դէպքէն առաջ, հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը պիտի շարունակեն իրարու դէմ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կռուիլ։

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Դանիէլ 11։40–12։1–ի մարգարէութիւնը։ Պիտի տեսնենք թէ ներկայիս հիւսիսի թագաւորը ո՛վ է եւ պիտի քննարկենք, թէ ինչո՛ւ կրնանք հանդարտ մնալ ու վստահ ըլլալ, որ ի՛նչ ալ պատահի՝ Եհովան մեզ պիտի ազատէ։

ՀԻՒՍԻՍԻ ՆՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

3-4. Ներկայիս ո՞վ է հիւսիսի թագաւորը. բացատրէ։

3 1991–ին Խորհրդային Միութիւնը փուլ գալէ ետք, անոր իշխանութեան տակ եղող Աստուծոյ ծառաները «քիչ մը օգնութիւն» ստացան, այսինքն՝ որոշ ժամանակ ազատութիւն վայելեցին (Դան. 11։33, 34)։ Առ ի արդիւնք, կրցան ազատօրէն քարոզել, եւ շատ չանցած, նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող երկիրներուն մէջ հրատարակիչներուն թիւը հարիւր հազարաւորներու հասաւ։ Բայց աստիճանաբար Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները եղան հիւսիսի թագաւորը։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշեցինք, կառավարութիւն մը հիւսիսի թագաւոր կամ հարաւի թագաւոր ըլլալու համար, պէտք է երեք բաներ ընէ. 1) Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղակիօրէն ազդէ, 2) իր արարքներով ցոյց տայ, որ Եհովային եւ անոր ժողովուրդին թշնամի է, եւ 3) միւս թագաւորին հետ մրցակցի։

4 Տես թէ ինչո՛ւ կրնանք ըսել, որ Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները ներկայիս հիւսիսի թագաւորն են։ 1) Անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակած են՝ քարոզչութիւնը արգիլելով եւ հալածելով իրենց իշխանութեան ծիրին մէջ հարիւր հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր։ 2) Այդ արարքները ցոյց կու տան, որ անոնք Եհովան եւ իր ժողովուրդը կ’ատեն։ 3) Անոնք կը մրցակցին հարաւի թագաւորին՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին՝ հետ։ Այժմ տեսնենք թէ Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները ի՛նչ ըրած են, եւ ասիկա ինչպէ՛ս կը փաստէ որ հիւսիսի թագաւորն են։

ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՀԱՐԱՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԲԱԽԻԼ

5. Դանիէլ 11։40-43–ը ո՞ր ժամանակամիջոցին մասին կը խօսի, եւ այդ ատեն ի՞նչ կը պատահի։

5 Կարդա՛ Դանիէլ 11։40-43։ Մարգարէութեան այս մասը կը խօսի վերջին ժամանակին մասին։ Այս հատուածը կը շեշտէ հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին միջեւ եղած մրցակցութիւնը։ Դանիէլ մարգարէացած էր, որ վերջին ժամանակին հարաւի թագաւորը հիւսիսի թագաւորին պիտի բախէր (Դան. 11։40, ԱԾ

6. Ի՞նչ ապացոյց կայ, որ երկու թագաւորները իրարու կը բախին։

6 Հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը կը շարունակեն մրցակցիլ, քանի որ կ’ուզեն աշխարհի ամենազօրաւոր կառավարութիւնը ըլլալ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Խորհրդային Միութիւնը եւ իր դաշնակիցները Եւրոպայի մեծ մասին տիրապետեցին։ Հիւսիսի թագաւորին ըրածները ստիպեցին հարաւի թագաւորը, որ միջազգային զինակցութիւն մը կազմէ, որ կը կոչուի ՆԱԹՕ կամ ՕԹԱՆ (Հիւսիս ատլանտեան դաշինքի կազմակերպութիւն)։ Երկու թագաւորները նաեւ մեծ գումարներ կը ծախսեն, ջանալով ամենազօրաւոր բանակը ունենալ։ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատին Ամերիկայի մէջ մղուած պատերազմներուն ընթացքին, մէկը միւսին թշնամիին կողմը դիրք բռնելով, երկու թագաւորները իրարու դէմ կռուեցան։ Վերջին տարիներուն, Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները աշխարհի չորս կողմը իրենց ազդեցութիւնը տարածած են։ Անոնք նաեւ հարաւի թագաւորին դէմ համացանցային պատերազմ մղած են։ Մէկ թագաւորը միւսը ամբաստանած է, թէ իրեն դէմ կործանիչ համակարգչային ծրագիրներ կը գործածէ, փորձելով տնտեսական եւ քաղաքական վնասներ պատճառել։ Եւ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացաւ, հիւսիսի թագաւորը կը շարունակէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակիլ (Դան. 11։41

ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ «ՓԱՌԱՒՈՐ ԵՐԿԻՐԸ» ԿԸ ՄՏՆԷ

7. Ի՞նչ է «փառաւոր երկիրը»։

7 Դանիէլ 11։41–ը կ’ըսէ, որ հիւսիսի թագաւորը «փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ»։ Ի՞նչ է այդ երկիրը։ Անցեալին, անիկա Իսրայէլն էր, որ «ամէն երկիրներու պարծանքը» կը սեպուէր (Եզեկ. 20։6)։ Բայց այդ երկիրը արժէքաւոր դարձնող բանը այն էր, որ հոն Եհովան կը պաշտուէր։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, «փառաւոր երկիրը» մէկ աշխարհագրական վայր չէ, եւ ոչ ալ կրնայ ըլլալ, քանի որ Եհովայի ժողովուրդը համայն աշխարհի մէջ կը գտնուի։ Այսօր, «փառաւոր երկիրը» Եհովայի ժողովուրդին գործունէութեան ծիրն է, որ կը պարփակէ կարգ մը բաներ, ինչպէս՝ ժողովներու եւ քարոզչութեան միջոցաւ Եհովան պաշտել։

8. Հիւսիսի թագաւորը ինչպէ՞ս «փառաւոր երկիրը» մտած է։

8 «Վերջին օրեր»ուն ընթացքին, հիւսիսի թագաւորը շատ անգամ «փառաւոր երկիրը» մտած է։ Օրինակ, երբ նացի Գերմանիան հիւսիսի թագաւորը եղաւ, ան մասնաւորաբար Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին մտաւ «փառաւոր երկիրը», Աստուծոյ ծառաները հալածելով եւ սպաննելով։ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Խորհրդային Միութիւնը հիւսիսի թագաւորը եղաւ, «փառաւոր երկիրը» մտաւ՝ Աստուծոյ ծառաները հալածելով եւ աքսորելով։

9. Վերջին տարիներուն, Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները ինչպէ՞ս «փառաւոր երկիրը» մտած են։

9 Վերջին տարիներուն, Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները նաեւ «փառաւոր երկիրը» մտած են։ Ինչպէ՞ս։ 2017–ին, հիւսիսի այս թագաւորը Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնը արգիլեց եւ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր բանտարկեց։ Անիկա նաեւ արգիլեց մեր հրատարակութիւնները, մէջը ըլլալով Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ Ասկէ զատ, Ռուսիոյ մէջ իր ձեռքը դրաւ մեր մասնաճիւղին, Թագաւորութեան սրահներու եւ համաժողովի սրահներու վրայ։ Այս դէպքերէն ետք, 2018–ին Կառավարիչ մարմինը Ռուսիան եւ անոր դաշնակիցները բնորոշեց որպէս հիւսիսի թագաւորը։ Սակայն Եհովայի ժողովուրդը պիտի չփորձէ կառավարութեան դէմ ելլել կամ զայն փոխել, նոյնիսկ եթէ զիրենք բրտօրէն կը հալածէ։ Փոխարէնը, անոնք Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով՝ կ’աղօթեն «իշխաններուն համար», մանաւանդ երբ անոնք պիտի առնեն որոշումներ, որոնք պաշտամունքի ազատութեան կրնան ազդել (Ա. Տիմ. 2։1, 2

ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՀԱՐԱՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԷ՞

10. Հիւսիսի թագաւորը հարաւի թագաւորին պիտի յաղթէ՞. բացատրէ։

10 Դանիէլ 11։40-45–ի մարգարէութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ հիւսիսի թագաւորին գործունէութեան վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ան հարաւի թագաւորին պիտի յաղթէ։ Ո՛չ։ Հարաւի թագաւորը տակաւին «ողջ» պիտի ըլլայ, երբ Եհովան եւ Յիսուսը Արմագեդոն պատերազմին բոլոր կառավարութիւնները կործանեն (Յայտ. 19։20)։ Ինչո՞ւ այսքան վստահ ենք։ Նկատի առ թէ Դանիէլի եւ Յայտնութիւն գիրքի մարգարէութիւնները ի՛նչ կը յայտնեն։

Արմագեդոնին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ պատկերացուած է որպէս քար, վերջ պիտի դնէ մարդկային իշխանութեան, որ ներկայացուած է որպէս հսկայ արձան (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Դանիէլ 2։43-45–ը ի՞նչ ցոյց կու տայ (տե՛ս կողքին նկարը)։

11 Կարդա՛ Դանիէլ 2։43-45։ Դանիէլ մարգարէն կը նկարագրէ կարգ մը մարդկային կառավարութիւններ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ազդած են։ Անոնք նկարագրուած են որպէս մետաղեայ մեծ արձանի մը զանազան մասերը։ Արձանին ոտքերը, որոնք երկաթէ ու կաւէ կը բաղկանան, վերջին աշխարհակալ ուժն են. անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը գործօն վիճակի մէջ պիտի ըլլայ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւնները մէջտեղէն վերցնէ։

12. Գազանին եօթներորդ գլուխը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ յատկանշական է։

12 Յովհաննէս առաքեալն ալ կը նշէ աշխարհակալ ուժեր, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ազդած են։ Ան այս կառավարութիւնները կը նկարագրէ որպէս եօթը գլուխ ունեցող գազան։ Գազանին եօթներորդ գլուխը կը ներկայացնէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Ասիկա յատկանշական է, քանի որ չ’ըսուիր թէ գազանը ուրիշ գլուխ մըն ալ պիտի ունենայ։ Եօթներորդ գլուխին իշխա՛ծ ատեն, Քրիստոս եւ իր երկնային զօրքերը զայն կը բնաջնջեն՝ գազանին միւս մասերուն հետ մէկտեղ (Յայտ. 13։1, 2. 17։13, 14) *։

ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

13-14. Ո՞վ է ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’, եւ ի՞նչ բան թերեւս զինք դրդէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակելու։

13 Եզեկիէլ գրեց մարգարէութիւն մը, որ կը պատմէ թէ հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին կործանումէն առաջ, ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Եզեկիէլ 38։10-23, Դանիէլ 2։43-45, 11։44–12։1 եւ Յայտնութիւն 16։13-16, 21–ը նոյն դէպքերը կը նկարագրեն։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, հետեւեալ զարգացումները կրնանք ակնկալել։

14 Մեծ նեղութիւնը սկսելէն ժամանակ մը ետք, «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը կառավարութիւններու միութիւն մը պիտի կազմեն (Յայտ. 16։13, 14. 19։19)։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’ (Եզեկ. 38։2)։ Աշխարհի կառավարութիւններու այդ միութիւնը Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի եւ փորձէ զանոնք բոլորովին բնաջնջել։ Ի՞նչ բան պիտի դրդէ այդ յարձակումը։ Այս ժամանակին մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ որ խոշոր կարկուտներ տեղացին Աստուծոյ թշնամիներուն վրայ։ Այդ այլաբանական կարկուտը կրնայ ներկայացնել խիստ դատաստանական պատգամ մը, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի տայ։ Կրնայ ըլլալ որ այդ պատգամը Մագոգի Գոգը մղէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակի, զանոնք երկրի երեսէն ջնջելու նպատակով (Յայտ. 16։21

15-16. ա) Դանիէլ 11։44, 45–ը թերեւս ո՞ր դէպքերուն կ’ակնարկէ։ բ) Ի՞նչ պիտի պատահի հիւսիսի թագաւորին եւ Մագոգի Գոգին մնացեալ մասին։

15 Այս խիստ դատաստանական պատգամը եւ Աստուծոյ թշնամիներուն կողմէ վերջին յարձակումը, թերեւս այն նոյն դէպքերն են, որոնց կ’ակնարկուի Դանիէլ 11։44, 45–ին մէջ (կարդա՛)։ Հոն Դանիէլ կ’ըսէ, որ «արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր» հիւսիսի թագաւորը կը խռովեցնեն, եւ ան ‘մեծ բարկութեամբ կ’ելլէ’։ Ան որոշած է ‘շատերը կորսնցնել ու բնաջնջել’։ Այնպէս կ’երեւի, թէ «շատեր»ը կ’ակնարկէ Եհովայի ծառաներուն *։ Դանիէլ հոս թերեւս կը նկարագրէ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ գործուած վերջին ու ամբողջական յարձակումը։

16 Երբ հիւսիսի թագաւորը եւ միւս կառավարութիւնները այս յարձակումը գործեն, Ամենակալ Աստուածը պիտի զայրանայ եւ Արմագեդոն պատերազմը պիտի սկսի (Յայտ. 16։14, 16)։ Այն ատեն, հիւսիսի թագաւորը,– Մագոգի Գոգին մաս կազմող միւս կառավարութիւններուն հետ մէկտեղ,– «իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ» (Դան. 11։45

Արմագեդոն պատերազմին, Յիսուս Քրիստոս եւ իր երկնային զօրքերը Սատանայի չար աշխարհը պիտի կործանեն եւ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ազատեն (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. ա) Դանիէլ 12։1–ի նշած «Միքայէլ մեծ իշխանը» ո՞վ է։ բ) Միքայէլ ի՞նչ կ’ընէ եւ մօտ ապագային ի՞նչ պիտի ընէ։

17 Կարդա՛ Դանիէլ 12։1։ Այս արձանագրութիւնը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ, թէ հիւսիսի թագաւորը եւ իր դաշնակիցները ինչպէ՛ս իրենց վախճանին պիտի հասնին, եւ թէ մենք ինչպէ՛ս պիտի ազատինք։ Միքայէլը ուրիշ մէկ անունն է մեր իշխող Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի։ Ան Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ ‘կանգնած է’ 1914–էն ի վեր, երբ իր Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկինքի մէջ։ Մօտ ապագային, ան «պիտի ելլէ», կամ գործի պիտի լծուի, Արմագեդոն պատերազմին։ Այդ պատերազմը պիտի եզրափակէ Դանիէլի նշած մեծագոյն «նեղութեան ժամանակ»ը ամբողջ պատմութեան մէջ։ Իսկ Յայտնութիւն գրքին մէջ, այդ ժամանակամիջոցը «մեծ նեղութիւն» կը կոչուի (Յայտ. 6։2. 7։14

ԱՆՈՒՆԴ «ԳՐՔԻՆ ՄԷՋ ԳՐՈՒԱԾ» ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻ՞

18. Ինչո՞ւ կրնանք հանդարտ մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահի ապագային։

18 Թէ՛ Դանիէլ եւ թէ Յովհաննէս նշեցին, որ Եհովան ու Յիսուսը մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի ազատեն անոնք, որոնք իրենց կը ծառայեն։ Ուստի կրնանք հանդարտ մնալ ի՛նչ որ ալ պատահի։ Դանիէլ կ’ըսէ որ վերապրողները անոնք են, որոնց անունները «գրքին մէջ գրուած» են (Դան. 12։1)։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր անունը այդ գրքին մէջ գրուի։ Պէտք է փաստենք որ Յիսուսին՝ Աստուծոյ Գառին, կը հաւատանք (Յովհ. 1։29)։ Պէտք է Աստուծոյ նուիրուինք ու մկրտուինք (Ա. Պետ. 3։21)։ Եւ պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցինք, ուրիշներուն օգնելով որ Եհովայի մասին սորվին։

19. Հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

19 Հիմա է ժամանակը, որ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնենք։ Հիմա է ժամանակը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնինք։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի ազատինք, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բնաջնջէ հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը։

ԵՐԳ 132 Յաղթանակի երգ մը

^ պարբ. 5 Ներկայիս ո՞վ է «հիւսիսի թագաւորը», եւ ինչպէ՞ս իր վախճանին պիտի հասնի։ Պատասխանը մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ օգնէ որ նախապատրաստուինք գալիք դժուարութիւնները դիմագրաւելու մեծ նեղութեան ընթացքին։

^ պարբ. 12 Դանիէլ 2։36-45 եւ Յայտնութիւն 13։1, 2–ի մասին մանրամասն բացատրութիւն առնելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2012 թիւը, էջ 9-20, եւ Դիտարան–ի 15 յունիս 2012 թիւը (անգլերէն), էջ 19։

^ պարբ. 15 Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 15 մայիս 2015 թիւը, էջ 29-30։