Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22

Չերեւցած գանձերը գնահատէ

Չերեւցած գանձերը գնահատէ

«Երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական» (Բ. ԿՈՐ. 4։18

ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Յիսուս երկնային գանձերուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

ԳԱՆՁԵՐ կան, որոնք չեն տեսնուիր։ Իրականութեան մէջ, մեծագոյն գանձերը անտեսանելի են։ Յիսուս Լերան քարոզին մէջ նշեց երկնային գանձեր, որոնք շա՜տ աւելի լաւ են քան նիւթական ստացուածքները։ Ապա աւելցուց այս ճշմարտութիւնը. «Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մատ. 6։19-21)։ Մեր սիրտը մեզ պիտի մղէ, որ այն բաներուն ետեւէն ըլլանք, որոնք գանձ կը սեպենք։ ‘Երկինքը գանձեր կը դիզենք’՝ Աստուծոյ քով բարի անուն, կամ համբաւ, ձեռք ձգելով։ Յիսուս բացատրեց, որ այսպիսի գանձեր բնա՛ւ չեն կորսուիր կամ գողցուիր։

2. ա) Բ. Կորնթացիս 4։17, 18–ի համաձայն, Պօղոս կը քաջալերէ որ ինչի՞ վրայ կեդրոնանանք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ, որ ‘չերեւցած բաներուն նայինք’ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։17, 18)։ Այս չերեւցած բաները գանձեր են, որոնք կը պարփակեն այն օրհնութիւնները, որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ պիտի վայելենք։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս չերեւցած գանձեր, որոնցմէ հիմա՛ կ’օգտուինք. Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը, աղօթելու պարգեւը, Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը եւ ծառայութեան մէջ մեր ստացած երկնային աջակցութիւնը։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ցոյց տալ, թէ այս չերեւցած գանձերը կը գնահատենք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

3. Ի՞նչն է մեծագոյն գանձը որ չ’երեւիր, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կարելի է։

3 Մեծագոյն գանձը, որ չ’երեւիր, Եհովա Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնն է (Սաղ. 25։14)։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ սուրբ Աստուածը մեղաւոր մարդոց բարեկամը ըլլայ։ Ասիկա կարելի է, քանի որ Յիսուսի զոհը մարդկային «աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Եհովան սկիզբէն գիտէր, թէ մարդկութեան Փրկիչ մը ապահովելու իր նպատակը պիտի չձախողէր։ Ատոր համար է որ կրնար բարեկամ ըլլալ անոնց, որոնք Քրիստոսի մահէն առաջ ապրեցան (Հռով. 3։25

4. Նշէ Քրիստոսէ առաջ ապրած կարգ մը տղամարդիկ, որոնք Աստուծոյ բարեկամները դարձան։

4 Նկատի առ Քրիստոսէ առաջ ապրած կարգ մը տղամարդիկ, որոնք Աստուծոյ բարեկամները դարձան։ Աբրահամը շատ զօրաւոր հաւատք ունէր։ Անոր մահէն աւելի քան 1000 տարի ետք, Եհովան զինք կոչեց՝ «բարեկամս» (Եսա. 41։8, ՆԱ)։ Ուստի, նոյնիսկ մահը չի կրնար Եհովան բաժնել իր մտերիմ բարեկամներէն։ Աբրահամ Եհովայի յիշողութեան մէջ ողջ է (Ղուկ. 20։37, 38)։ Ուրիշ օրինակ մըն է Յոբը։ Երբ հրեշտակները երկինքին մէջ հաւաքուած էին, Եհովան վստահութեամբ խօսեցաւ Յոբի մասին։ Ան զինք կոչեց՝ «կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող» (Յոբ 1։6-8)։ Իսկ Եհովան ի՞նչ զգաց Դանիէլի հանդէպ, որ շուրջ 80 տարի իրեն հաւատարմօրէն ծառայեց հեթանոս երկրի մը մէջ։ Հրեշտակները երեք անգամ այդ տարեց մարդը վստահեցուցին, թէ Աստուծոյ համար «սիրելի» կամ թանկագին էր (Դան. 9։23. 10։11, 19)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան անձկագին կը սպասէ այն օրուան, երբ իր մահացած սիրելի բարեկամներուն յարութիւն պիտի տայ (Յոբ 14։15

Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք չերեւցած գանձերուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ (տե՛ս պարբերութիւն 5) *

5. Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն վայելելու համար ի՞նչ պահանջուած է։

5 Ներկայիս միլիոնաւորնե՛ր Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելեն։ Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ տղամարդիկ, կիներ ու պզտիկներ, իրենց վարքով ցոյց կու տան, թէ իրապէս Աստուծոյ բարեկամներն են։ Առակաց 3։32–ը կ’ըսէ, թէ Եհովայի «մտերմութիւնը արդարներուն հետ է»։ Այս բարեկամութիւնը կարելի է, քանի որ անոնք Յիսուսի զոհին հաւատք կ’ընծայեն։ Ատոր հիման վրայ, Եհովան ազնուօրէն թոյլ կու տայ, որ մեր անձը իրեն նուիրենք ու մկրտուինք։ Այս կարեւոր քայլերը առնելով՝ կը միանանք միլիոնաւոր մկրտուած քրիստոնեաներուն, որոնք մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելեն տիեզերքի մեծագոյն Անձին հետ։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կը գնահատենք։

6 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։ Աբրահամին եւ Յոբին պէս, որոնք աւելի քան 100 տարի Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին, պէտք է հաւատարիմ մնանք, որքա՛ն ալ երկար ծառայած ենք իրեն։ Իսկ Դանիէլին պէս, պէտք է աւելի թանկագին սեպենք Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը, քան մեր կեանքը (Դան. 6։7, 10, 16, 22)։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք որեւէ փորձութեան տոկալ, եւ այսպէս իրեն հետ մեր սերտ կապը պահպանել (Փլպ. 4։13

ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՊԱՐԳԵՒԸ

7. ա) Առակաց 15։8–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ մեր աղօթքները։ բ) Եհովան մեր աղօթքներուն ինչպէ՞ս կը պատասխանէ։

7 Աղօթքը ուրիշ չերեւցած գանձ մըն է։ Մտերիմ բարեկամները կը սիրեն իրարու յայտնել իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Նոյնը կրնա՞նք ըսել Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան մասին։ Այո՛։ Եհովան մեզի կը խօսի իր Խօսքին միջոցաւ, եւ անոր մէջ մեզի կը յայտնէ իր մտածումներն ու զգացումները։ Մենք իրեն կը խօսինք աղօթքի միջոցաւ, եւ կրնանք մեր ամենախորունկ մտածումներն ու ամենաներքին զգացումները իրեն արտայայտել։ Եհովան հաճոյքով մտիկ կ’ընէ մեր աղօթքները (կարդա՛ Առակաց 15։8)։ Հոգատար Բարեկամ ըլլալով, ան ոչ միայն մտիկ կ’ընէ, հապա նաեւ կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Երբեմն արագ պատասխան կ’առնենք, երբեմն ալ հարցի մը շուրջ պէտք է շարունակենք աղօթել։ Ամէն պարագայի, կրնանք վստահ ըլլալ, որ պատասխանը պիտի առնենք յարմար ժամանակին եւ լաւագոյն կերպով։ Անշուշտ Աստուծոյ պատասխանը կրնայ մեր ակնկալածէն տարբեր ըլլալ։ Օրինակ, փոխանակ դժուարութիւնը վերցնելու, ան կրնայ մեզի իմաստութիւն եւ զօրութիւն տալ, որպէսզի ‘համբերենք’ (Ա. Կոր. 10։13

(Տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ աղօթելու պարգեւը կը գնահատենք։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ աղօթելու անգին պարգեւը կը գնահատենք։ Կերպերէն մէկը այն է, որ գործադրենք սա խրատը. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք» (Ա. Թես. 5։17)։ Եհովան մեզ չի ստիպեր որ աղօթենք, հապա մեր ազատ կամքը կը յարգէ եւ կը քաջալերէ, որ աղօթքի մէջ յարատեւենք (Հռով. 12։12)։ Ուստի կրնանք մեր գնահատանքը ցոյց տալ, օրուան ընթացքին յաճախ աղօթելով։ Անշուշտ, մեր աղօթքներուն մէջ պէտք է պարփակենք շնորհակալութեան եւ փառաբանութեան խօսքեր (Սաղ. 145։2, 3

9. Եղբայր մը աղօթքին մասին ինչպէ՞ս արտայայտուեցաւ, իսկ դուն աղօթքը ինչպէ՞ս կը նկատես։

9 Ո՛րքան աւելի երկար ծառայենք Եհովային եւ տեսնենք թէ մեր աղօթքներուն ինչպէ՛ս կը պատասխանէ, ա՛յնքան աւելի պիտի գնահատենք աղօթելու պարգեւը։ Օրինակ, եղբայր Քրիսը, որ 47 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է, կ’ըսէ. «Ինծի համար շա՜տ հաճելի է, որ առտու կանուխ ժամանակ տրամադրեմ աղօթելու։ Ի՜նչ թարմացուցիչ փորձառութիւն է Եհովային խօսիլ, մինչ ցօղերը կը շողշողան արեւուն առաջին ճառագայթներով։ Ասիկա զիս կը մղէ որ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեմ իր տուած բոլոր նուէրներուն համար, մէջը ըլլալով աղօթելու առանձնաշնորհումը։ Իսկ օրուան վերջաւորութեան աղօթելէ ետք, ի՜նչ հաճոյք է մաքուր խղճով քունի մտնել»։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ

10. Ինչո՞ւ սուրբ հոգին պէտք է արժեւորենք։

10 Աստուծոյ գործօն ուժը ուրիշ չերեւցած նուէր մըն է, որ պէտք է գանձ սեպենք։ Յիսուս մեզ քաջալերեց, որ աղօթքով շարունակ սուրբ հոգին խնդրենք (Ղուկ. 11։9, 13)։ Անոր միջոցաւ Եհովան մեզի ոյժ կու տայ, նոյնիսկ «սովորականը գերազանցող ուժը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ. Գործք 1։8)։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք տոկալ որեւէ դժուարութեան, որ կը դիմագրաւենք։

(Տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

11 Սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր նշանակումներուն հոգ տանինք։ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեր տաղանդներն ու կարողութիւնները բարելաւել։ Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ, որ մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կատարենք։ Մենք կ’ընդունինք, որ միայն սուրբ հոգիին օգնութեան շնորհիւ է, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։

12. Սաղմոս 139։23, 24–ի համաձայն, սուրբ հոգին կրնայ օգնել որ ի՞նչ ընենք։

12 Ուրիշ կերպ մը, որով ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին կ’արժեւորենք, այն է՝ որ աղօթքով խնդրենք որ մեզի օգնէ զատորոշելու որեւէ սխալ մտածում կամ ցանկութիւն մեր սրտին մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 139։23, 24)։ Եթէ այս խնդրանքը ընենք, Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կրնայ մեր ուշադրութեան յանձնել որեւէ սխալ մտածում կամ հակում։ Այս պարագային, պէտք է աղօթենք որ սուրբ հոգին մեզ զօրացնէ անոնց դէմ դնելու։ Այսպէս, կը յայտնենք թէ վճռած ենք չընել որեւէ բան, որ կրնայ պատճառ դառնալ որ Եհովան մերժէ մեզի օգնել իր սուրբ հոգիով (Եփ. 4։30

13. Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ հոգին աւելի գնահատել։

13 Սուրբ հոգին աւելի՛ կը գնահատենք, երբ կը խոկանք թէ մեր օրերուն ի՛նչ կ’իրագործէ։ Յիսուս երկինք համբառնալէ առաջ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Այս խօսքերը հիանալի կերպով կը կատարուին։ Սուրբ հոգիին աջակցութեամբ, աշխարհի չորս կողմէն աւելի քան 8,6 միլիոն Եհովայի երկրպագուներ հաւաքուած են։ Նաեւ, հոգեւոր դրախտի մէջ ենք, քանի որ սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ, որ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Ի՜նչ թանկարժէք նուէր մըն է սուրբ հոգին։

ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

14. Ի՞նչ անտեսանելի աջակցութիւն կը վայելենք, երբ ծառայութեան կը մասնակցինք։

14 Մենք ունինք չերեւցած գանձ մը, որ է՝ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան երկնային մասին հետ աշխատիլ (Բ. Կոր. 6։1)։ Այս մէկը կ’ընենք, երբոր աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։ Պօղոս իր մասին եւ միւս քարոզիչներուն մասին ըսաւ. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. Կոր. 3։9)։ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ բաժին բերելով, նաեւ Յիսուսի գործակից ենք։ Յիշէ որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրելէ ետք, որ աշակերտեն, ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ» (Մատ. 28։19, 20)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հրեշտակներուն մասին։ Ի՜նչ օրհնութիւն է, որ հրեշտակները մեզ կ’առաջնորդեն, մինչ ‘յաւիտենական աւետիսը կը քարոզենք անոնց, որոնք երկրի վրայ կը բնակին’ (Յայտ. 14։6

15. Պատմէ աստուածաշնչական օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ այն կարեւոր դերը, որ Եհովան ունի մեր ծառայութեան մէջ։

15 Երկնային աջակցութիւնը ունենալով, ի՞նչ կ’իրագործենք։ Մինչ Թագաւորութեան պատգամին սերմը կը ցանենք, կարգ մը սերմեր կ’իյնան ընդառաջող սրտերու մէջ եւ կ’աճին (Մատ. 13։18, 23)։ Ո՞վ պատճառ կը դառնայ, որ ճշմարտութեան այդ սերմերը աճին եւ պտուղ տան։ Յիսուս բացատրեց, որ մէկը չի կրնար իր հետեւորդը դառնալ, եթէ «Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհ. 6։44)։ Աստուածաշունչը ասոր նկատմամբ մասնայատուկ օրինակ մը կու տայ։ Յիշէ այն առիթը, երբ Պօղոս Փիլիպպէ քաղաքէն դուրս վկայեց խումբ մը կիներու։ Նկատէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ անոնցմէ մէկուն՝ Լիդիայի մասին. «[Անոր] սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։13-15)։ Լիդիայի պէս, Եհովան ներկայիս միլիոնաւորներ իրեն քաշած է։

16. Ծառայութեան մէջ որեւէ լաւ արդիւնքի վարկը որո՞ւն պէտք է տրուի։

16 Իրապէս որո՞ւն շնորհիւ է, որ մեր ծառայութեան մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։ Պօղոս այս հարցումին պատասխանը տուաւ, երբ Կորնթոսի ժողովքին նկատմամբ հետեւեալը գրեց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց» (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Պօղոսին պէս, մեր ծառայութեան մէջ որեւէ լաւ արդիւնքի վարկը պէտք է միշտ Եհովային տանք։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ հրեշտակներուն հետ աշխատիլը կը գնահատենք։

17 Ցոյց կու տանք, թէ Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ հրեշտակներուն հետ աշխատելու առանձնաշնորհումը կը գնահատենք, նախանձախնդրօրէն առիթներ փնտռելով բարի լուրը ուրիշներուն հաղորդելու։ Ասիկա ընելու շատ կերպեր կան, ինչպէս՝ «հրապարակաւ եւ տունէ տուն» վկայել (Գործք 20։20, ՆԱ)։ Շատեր նաեւ անպաշտօն վկայութիւն կ’ընեն։ Երբ անծանօթի մը կը հանդիպին, բարեկամական կերպով կը բարեւեն եւ կը ջանան խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Եթէ անհատը ընդառաջէ, անոնք փափկանկատօրէն Թագաւորութեան պատգամը կը ներկայացնեն։

(Տե՛ս պարբերութիւն 18) *

18-19. ա) Ճշմարտութեան սերմերը ինչպէ՞ս կը ջրենք։ բ) Պատմէ փորձառութիւն մը որ ցոյց կու տայ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս աշակերտի մը օգնեց։

18 Աստուծոյ գործակիցները ըլլալով, պէտք է ոչ միայն ճշմարտութեան սերմերը ցանենք, հապա նաեւ ջրենք։ Երբ անհատը հետաքրքրուի, կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել, որ անոր հետ կրկին խօսինք, կամ կարգադրել որ մէկը անոր հետ կապ պահէ ու ջանայ ուսումնասիրութիւն մը հաստատել։ Երբ աշակերտը կը յառաջդիմէ, կ’ուրախանանք տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Եհովան անոր սրտին ու մտքին վրայ կ’աշխատի։

19 Նկատի առ Ռափալալանիի օրինակը, որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ կախարդ բժիշկ մըն էր։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ իր սորվածները սիրեց։ Բայց իրեն համար շատ դժուար էր ընդունիլ այն ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ մեռած նախահայրերու հետ կապ պահելու մասին (Բ. Օր. 18։10-12)։ Ան թոյլ տուաւ որ Աստուած իր մտածելակերպը աստիճանաբար փոխէ։ Եւ ժամանակի ընթացքին, ան կախարդ բժիշկ ըլլալէ դադրեցաւ, թէեւ անիկա իր միակ գործն էր։ Ռափալալանի, որ այժմ 60 տարեկան է, կ’ըսէ. «Շա՜տ շնորհակալ եմ Եհովայի վկաներէն, որոնք ինծի օգնեցին բազմաթիւ կերպերով։ Օրինակ, օգնեցին որ գործ գտնեմ։ Բայց ամէնէն շատ, շնորհակալ եմ Եհովայէն, որ ինծի օգնեց կեանքս փոխելու, եւ այժմ կրնամ ծառայութեան մասնակցիլ որպէս իր մկրտուած Վկաներէն մէկը»։

20. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Յօդուածին մէջ, չորս չերեւցած գանձեր նկատի առինք։ Մեծագոյն գանձը այն է, որ Եհովան մեր ամենամտերիմ Բարեկամն է։ Ատիկա կարելի կը դարձնէ, որ օգտուինք միւս չերեւցած գանձերէն. աղօթքով իրեն մօտենալ, իր սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանալ եւ մեր ծառայութեան մէջ երկնային աջակցութիւնը վայելել։ Թող որ վճռենք այս չերեւցած գանձերուն հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել եւ միշտ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել աննման Բարեկամ ըլլալուն համար։

ԵՐԳ 19 Եհովա Աստուծոյ խոստացած դրախտը

^ պարբ. 5 Նախորդ յօդուածին մէջ, նկատի առինք կարգ մը աստուածատուր գանձեր, որոնք կրնանք տեսնել։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ գանձեր, որոնք չենք կրնար տեսնել, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք գնահատել։ Անիկա նաեւ մեր գնահատանքը պիտի խորացնէ այսպիսի գանձերու Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հանդէպ։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 1) Քոյր մը Եհովայի ստեղծագործութեան նայելով, կը խոկայ Եհովայի հետ իր բարեկամութեան վրայ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 2) Նոյն քոյրը Եհովայէն կը խնդրէ որ իրեն օգնէ վկայելու։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 3) Սուրբ հոգին քրոջ կ’օգնէ որ քաջութիւն ունենայ անպաշտօն կերպով Թագաւորութեան պատգամը տալու։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 4) Քոյրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէ այն կնոջ հետ, որուն անպաշտօն կերպով վկայեց։ Հրեշտակներուն աջակցութեամբ, քոյրը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը կը կատարէ։