Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչի ժամանակներուն մարդիկ պապիրոսը գործածեցի՞ն նաւակներ շինելու համար

Պապիրոս բոյսը

ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ է, որ անցեալին՝ Եգիպտոսի մէջ, գրելու թուղթ շինելու համար գլխաւորաբար պապիրոսը կը գործածէին։ Յոյները եւ հռոմայեցիներն ալ պապիրոսի վրայ կը գրէին *։ Բայց քիչեր գիտեն, որ պապիրոսը կը գործածուէր ոչ միայն գրութեան համար, հապա նաեւ նաւակ շինելու համար։

Պապիրոսէ նաւակներու երկու նմոյշներ, որոնք եգիպտական գերեզմանի մը մէջ գտնուեցան

Աւելի քան 2700 տարի առաջ, Եսայի մարգարէն գրեց, որ «Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը» ապրող ժողովուրդը, «պրտուեղէն [«պապիրոսէ», ՆԱ] նաւակներով ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ» ղրկեց։ Իսկ Երեմիա մարգարէն ըսաւ, որ մարերն ու պարսիկները Բաբելոն քաղաքը պիտի գրաւէին եւ բաբելոնացիներու «պապիրոսէ նաւակները» պիտի այրէին, որպէսզի անոնք չփախչէին (Եսա. 18։1, 2. Եր. 51։32, ՆԱ

Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Անոր համար անոնք, որոնք զայն կը սերտեն, չեն զարմանար որ հնագէտները փաստեր գտած են, որ Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, պապիրոսը կը գործածուէր նաւակ շինելու համար (Բ. Տիմ. 3։16)։ Անոնք գտած են մանրամասն նկարագրութիւն, թէ Եգիպտոսի մէջ ինչպէ՛ս պապիրոսէ նաւակներ կը շինուէին։

ՊԱՊԻՐՈՍԷ ՆԱՒԱԿՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՇԻՆՈՒԷԻՆ

Եգիպտոսի գերեզմաններուն մէջ գտած են գծագրութիւններ եւ փորագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պապիրոս կը հաւաքէին ու նաւակներ կը շինէին։ Անոնք պապիրոսի ցօղունները կը կտրէին, փունջ–փունջ կը կապէին եւ փունջերը իրարու կը միացնէին։ Պապիրոսի ցօղունները եռանկիւն են։ Ուստի երբ քով–քովի կը դրուին, կը կազմեն խիտ եւ զօրաւոր փունջ մը։ Գիրք մը կ’ըսէ, որ պապիրոսէ նաւակը 17 մ. երկարութիւն կրնար ունենալ, եւ նաւակին ամէն մէկ կողմը 10 կամ 12 թիեր կը դրուէին (A Companion to Ancient Egypt

Եգիպտական փորագրութիւն մը, որ կը նկարագրէ պապիրոսէ նաւակներ շինելը

ՆԱՒԱԿ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՊԻՐՈՍ ԳՈՐԾԱԾԵՑԻՆ

Եգիպտոսի մէջ շատ պապիրոս կ’աճէր Նեղոսի հովիտը։ Ասկէ զատ, պապիրոսէ նաւակներ շինելը որոշ չափով դիւրին էր։ Նոյնիսկ երբ սկսան փայտ գործածել մեծ նաւեր շինելու համար, այնպէս կ’երեւի որ ձկնորսները եւ որսորդները շարունակեցին գործածել պապիրոսէ լաստեր եւ պզտիկ նաւակներ։

Պապիրոսէ նաւակները երկար ժամանակ մարդոց ծանօթ էին։ Յոյն գրող Պլուտարքոս, որ առաքեալներուն ժամանակներուն ապրեցաւ, ըսաւ որ իր օրերուն կարգ մը մարդիկ տակաւին պապիրոսէ նաւակներ կը գործածէին։

^ պարբ. 3 Պապիրոսը կ’աճի ճահիճներու եւ դանդաղ շարժող ջուրերու մէջ։ Բոյսին բարձրութիւնը կրնայ 5 մ. ըլլալ, իսկ ցօղունին տրամագիծը՝ 15 սմ.։