Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21

Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ

Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ

«Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. ԿՈՐ. 12։10

ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Շատ մը Վկաներ ի՞նչ խնդիրներու կը հանդիպին։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ քարոզչութեան մէջ իր լաւագոյնը ընէ (Բ. Տիմ. 4։5)։ Մենք ալ Պօղոսի խրատին կը հետեւինք եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Բայց երբեմն դժուար կ’ըլլայ։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր քաջութեան պէտք ունին, որ քարոզեն (Բ. Տիմ. 4։2)։ Օրինակ, մտածէ այն եղբայրներուն մասին, որոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է։ Անոնք կը քարոզեն, գիտնալով որ կրնան բանտարկուիլ։

2 Եհովայի ծառաները շատ մը խնդիրներու կը հանդիպին, որոնք կրնան զիրենք ընկճել։ Օրինակ, շատեր պէտք է երկար ժամեր աշխատին, միայն ընտանիքին հիմնական պէտքերը ապահովելու համար։ Անոնք կ’ուզեն ծառայութեան մէջ աւելին ընել, բայց շաբթուան վերջաւորութեան շատ քիչ ոյժ կ’ունենան։ Ուրիշներ շատ քիչ բան կրնան ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ երկարատեւ հիւանդութիւն ունին կամ տարեց են, եւ նոյնիսկ թերեւս տունէն դուրս չեն կրնար ելլել։ Իսկ ուրիշներ շարունակ կը չարչարուին անարժէքութեան զգացումներու պատճառով։ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող Մերի * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Այնքա՜ն ջանք կ’ընեմ, որ ժխտական զգացումներուս դէմ պայքարիմ, որ ի վերջոյ զգացական գետնի վրայ կը վերջանամ։ Ետքն ալ յանցաւոր կը զգամ, քանի որ անիկա կը տանի այն ժամանակը եւ ուժը, որ ծառայութեան կրնայի տրամադրել»։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Եհովան կրնայ մեզ զօրացնել որ մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ շարունակենք կարելի եղած չափով իրեն ծառայել։ Նախքան նկատի առնելը թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, տեսնենք թէ ան ինչպէ՛ս Պօղոսը եւ Տիմոթէոսը զօրացուց, որպէսզի իրենց ծառայութիւնը կատարէին՝ հակառակ դժուարութիւններուն։

ԵՀՈՎԱՆ ՈՅԺ ԿՈՒ ՏԱՅ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

4. Պօղոս ի՞նչ խնդիրներ ունէր։

4 Պօղոս շատ մը խնդիրներ ունէր։ Ան մանաւանդ զօրութեան պէտք ունէր, երբ իր թշնամիները զինք ծեծեցին, քարկոծեցին եւ բանտարկեցին (Բ. Կոր. 11։23-25)։ Ան ընդունեց որ երբեմն ժխտական զգացումներու դէմ կը պայքարէր (Հռով. 7։18, 19, 24)։ Ան նաեւ որոշ «մարմնի խայթոց» ունէր, որ Աստուծմէ կը խնդրէր որ հեռացնէր (Բ. Կոր. 12։7, 8

Ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց, որ իր ծառայութիւնը կատարէր (տե՛ս պարբ. 5-6) *

5. Պօղոս ի՞նչ բաներ կրցաւ ընել, հակառակ իր ունեցած խնդիրներուն։

5 Եհովան Պօղոսը զօրացուց որ իր ծառայութիւնը կատարէր, հակառակ իր ունեցած բոլոր խնդիրներուն։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ բաներ իրագործեց։ Օրինակ, երբ ան Հռոմի մէջ տան մը մէջ բանտարկուած էր, բարի լուրը նախանձախնդրօրէն պաշտպանեց հրեաներուն գլխաւորներուն առջեւ եւ թերեւս կառավարական պաշտօնեաներու առջեւ (Գործք 28։17. Փլպ. 4։21, 22)։ Ան նաեւ Կայսերական պահակախումբէն շատերու քարոզեց եւ վկայեց անոնց որոնք իրեն կ’այցելէին (Գործք 28։30-32. Փլպ. 1։13)։ Նոյն ատեն, ան գրեց ներշնչեալ նամակներ, որոնցմէ ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’օգտուին մինչեւ օրս։ Ատկէ զատ, Պօղոսին օրինակը Հռոմի ժողովքը զօրացուց, եւ անոնք «ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի» (Փլպ. 1։14)։ Թէեւ ատեններ Պօղոս չկրցաւ ընել ամէն ինչ որ կը փափաքէր, բայց իր ամէ՛ն կարելին ըրաւ, ինչ որ «աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ» (Փլպ. 1։12

6. Բ. Կորնթացիս 12։9, 10–ի համաձայն, ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց, որ իր ծառայութիւնը կատարէր։

6 Պօղոս շատ լաւ գիտէր, թէ ամէն բան որ ծառայութեան մէջ կ’ընէր, իր ուժով չէր, հապա՝ Եհովային ուժով։ Ան ընդունեց որ Աստուծոյ զօրութիւնը «տկարութեան մէջ կը կատարուի» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։ Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցով Պօղոսին ոյժ տուաւ, որ իր ծառայութիւնը լիովին կատարէր, թէեւ հալածուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ ուրիշ խնդիրներ ունեցաւ։

Ի՞նչ բան Տիմոթէոսին օգնեց, որ իր ծառայութիւնը կատարէր (տե՛ս պարբ. 7) *

7. Տիմոթէոս ի՞նչ խնդիրներ պէտք էր յաղթահարէր, որպէսզի իր ծառայութիւնը կատարէր։

7 Պօղոսի երիտասարդ ընկերակիցն ալ՝ Տիմոթէոսը, պէտք էր Աստուծոյ ուժին ապաւինէր իր ծառայութիւնը կատարելու համար։ Ան Պօղոսին ընկերակցեցաւ միսիոնարական երկար ճամբորդութիւններու մէջ։ Ատկէ զատ, Պօղոս զինք ղրկեց որ ժողովքները քաջալերէր (Ա. Կոր. 4։17)։ Թերեւս Տիմոթէոս զգաց թէ որակեալ չէր ատոնք ընելու, եւ թերեւս Պօղոս ատոր համար իրեն ըսաւ. «Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ» (Ա. Տիմ. 4։12)։ Եւ այդ ժամանակ, Տիմոթէոս ալ մարմնի խայթոց մը ունէր,– «յաճախակի հիւանդութիւններ» (Ա. Տիմ. 5։23)։ Բայց ան գիտէր թէ Եհովայի զօրաւոր սուրբ հոգին իրեն պէտք եղած ուժը պիտի տար, որ բարի լուրը քարոզէր եւ իր եղբայրներուն ծառայէր (Բ. Տիմ. 1։7

ԵՀՈՎԱՆ ՈՅԺ ԿՈՒ ՏԱՅ ՈՐ ԻՐԵՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ

8. Ներկայիս Եհովան իր ծառաները ինչպէ՞ս կը զօրացնէ։

8 Ներկայիս, Եհովան իր ծառաներուն «անսահման զօրութիւն» կու տայ, որպէսզի շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ)։ Նկատի առնենք չորս միջոցներ, որոնք ան կու տայ, որպէսզի մեզ զօրացնէ եւ օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնանք. աղօթքը, Աստուածաշունչը, մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ մեր ծառայութիւնը։

Եհովան մեզ կը զօրացնէ աղօթքին միջոցաւ (տե՛ս պարբ. 9)

9. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

9 Զօրանալ աղօթքին միջոցաւ։ Եփեսացիս 6։18–ին մէջ, Պօղոս մեզ կը քաջալերէ որ ‘ամէն ատեն աղօթենք’ Աստուծոյ։ Եւ Աստուած մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ՝ մեզ զօրացնելով։ Ճանին, որ Պոլիվիայի մէջ կ’ապրի, Եհովայի օգնութիւնը զգաց, երբ ետեւ–ետեւի խնդիրներ ունեցաւ։ Իր կինն ու երկու ծնողները միեւնոյն ատեն լրջօրէն հիւանդացան։ Ճանիին համար դժուար էր երեքին ալ հասնիլ։ Իր մայրը մեռաւ, իսկ իր կնոջ եւ հօր հետ երկար ժամանակ առաւ մինչեւ որ լաւանան։ Անցեալը յիշելով Ճանին կ’ըսէ. «Երբ մեծ ճնշումի տակ էի, ինծի միշտ կ’օգնէր Եհովային աղօթելը եւ մասնայատուկ կերպով պատմելը թէ ի՛նչ կը զգայի»։ Եհովան Ճանիին տուաւ այն ուժը, որուն պէտք ունէր տոկալու համար։ Պոլիվիայի մէջ, Ռոնալտ անունով երէց մը իմացաւ որ իր մայրը քաղցկեղ ունէր։ Անկէ մէկ ամիս ետք, մայրը մեռաւ։ Ի՞նչը Ռոնալտին օգնեց, որ այդ ցաւին դիմանար։ Ան կ’ըսէ. «Երբ Եհովային կ’աղօթեմ, իրեն սիրտս կը բանամ։ Գիտեմ որ զիս կը հասկնայ ոեւէ անձէ աւելի, նոյնիսկ՝ ինձմէ աւելի»։ Եւ ատեններ ջախջախուած կը զգանք կամ չենք գիտեր ինչի՛ մասին աղօթենք։ Բայց Եհովան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն աղօթենք, նոյնիսկ եթէ մեզի համար դժուար է մեր միտքերը եւ զգացումները բառերով արտայայտել (Հռով. 8։26, 27

Եհովան մեզ կը զօրացնէ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ (տե՛ս պարբ. 10)

10. Ինչպէս Եբրայեցիս 4։12–ին մէջ նշուած է, ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ անոր վրայ խոկանք։

10 Զօրանալ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Ինչպէս որ Պօղոս Սուրբ Գրութիւններէն ոյժ եւ մխիթարութիւն առաւ, մենք ալ կրնանք նոյնը ընել (Հռով. 15։4)։ Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք, Եհովան իր սուրբ հոգիով կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ գրուածը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի մեր պարագային (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։12)։ Նախապէս նշուած Ռոնալտը կ’ըսէ. «Ուրախ եմ, որ ամէն իրիկուն Սուրբ Գիրքը կարդալու սովորութիւնը ունիմ։ Շատ կը խոկամ Եհովայի յատկութիւններուն վրայ եւ իր ծառաներուն հետ իր սիրալիր վարուելակերպին վրայ։ Ասիկա կ’օգնէ որ ուժս նորոգուի»։

11. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս զօրացուց սգացող քոյր մը։

11 Մեր պարագաները Եհովայի աչքով պիտի կարենանք դիտել, եթէ իր Խօսքին վրայ խոկանք։ Տես թէ սգացող այրի մը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ Սուրբ Գիրքէն։ Երէց մը իրեն առաջարկեց, որ փորձէ օգտակար դասեր սորվիլ Յոբ գիրքէն։ Երբ սկսաւ Յոբ գիրքը կարդալ, շուտով Յոբը քննադատեց իր սխալ մտածելակերպին համար։ Ան իր երեւակայութեան մէջ զինք յանդիմանեց. «Յո՛բ, ինչո՞ւ այսքա՛ն ժխտական ես»։ Բայց ետքը անդրադարձաւ որ ինքն ալ Յոբին պէս ժխտական էր։ Ասիկա իրեն օգնեց, որ չափէ աւելի չկեդրոնանայ իր խնդիրին վրայ, հապա կեդրոնանայ Եհովայի եւ իր տուած յոյսին վրայ, ինչ որ իրեն ոյժ տուաւ, որ իր ցաւին դիմանայ։

Եհովան մեզ կը զօրացնէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ (տե՛ս պարբ. 12)

12. Եհովան ինչպէ՞ս հաւատակիցները կը գործածէ, որ մեզ զօրացնէ։

12 Զօրանալ եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ։ Եհովան նաեւ հաւատակիցներուն միջոցով քրիստոնեաները կը զօրացնէ։ Պօղոս գրեց թէ շա՜տ կը փափաքէր, որ ինք եւ իր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը ‘իրար քաջալերէին’ (Հռով. 1։11, 12, ՆԹ)։ Նախապէս նշուած Մերին, շատ կը սիրէ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցիլ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան գործածեց եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ինչերէ կ’անցնէի։ Անոնք քաջալերական միտք մը ըսին կամ քարտ մը գրեցին, եւ ճիշդ ատոր պէտք ունէի։ Ինծի նաեւ կ’օգնէ երբ սիրտս կը բանամ քոյրերու, որոնք նոյնանման պայքարներ ունեցած են եւ կը սորվիմ իրենց փորձառութենէն։ Իսկ երէցները միշտ ինծի կը զգացնեն թէ ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը զիս կը սիրեն»։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք իրար զօրացնել ժողովներուն ատեն։

13 Ժողովքային հանդիպումները իրար քաջալերելու ամէնէն լաւ առիթներէն մէկն են։ Երբ ժողովներու յաճախես, լաւ կ’ըլլայ որ նախաքայլը առնես ուրիշները զօրացնելու՝ սիրոյ եւ գնահատանքի անկեղծ խօսքերովդ։ Օրինակ, ժողովէ մը առաջ, Փիթըր անունով երէց մը մօտեցաւ քրոջ մը, որուն ամուսինը Վկայ չէ, եւ անոր ըսաւ. «Չես կրնար երեւակայել թէ որքա՜ն կը քաջալերուինք, երբ քեզ հոս կը տեսնենք։ Քու վեց զաւակներդ ալ միշտ հագուած–շտկուած կ’ըլլան եւ պատրաստ կ’ըլլան պատասխաններ տալու»։ Քրոջ աչքերը արցունքով լեցուեցան եւ գնահատանքով ըսաւ. «Պիտի չհաւատաս, եթէ ըսեմ որ այսօր ես ա՛յս խօսքին պէտք ունէի»։

Եհովան մեզ կը զօրացնէ ծառայութեան միջոցաւ (տե՛ս պարբ. 14)

14. Ծառայութեան մասնակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդէ։

14 Զօրանալ ծառայութեան միջոցաւ։ Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին ուրիշներուն կը խօսինք, կը թարմանանք՝ անոնք մտիկ ընեն կամ ոչ (Առ. 11։25)։ Սթէյսի անունով քոյր մը փորձառաբար տեսաւ, թէ ծառայութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ մէկը զօրացնել։ Երբ իր ընտանիքին մէկ անդամը վտարուեցաւ, ան շատ նեղուեցաւ եւ միշտ ինքն իրեն հարց կու տար. ‘Արդեօք դեռ բան մը կա՞ր որ կրնայի ընել, որպէսզի իրեն օգնէի, եւ չըրի’։ Սթէյսին միայն այս նիւթին մասին կը մտածէր։ Ի՞նչը իրեն օգնեց, որ իր այս նեղացուցիչ վիճակէն դուրս ելլէ։ Ծառայութի՛ւնը։ Քարոզչութեամբ զբաղելով, սկսաւ կեդրոնանալ թաղամասի մարդոց վրայ, որոնք իր օգնութեան պէտք ունէին։ Ան կ’ըսէ. «Այդ ժամանակ, Եհովան ինծի տուաւ Աստուածաշունչի աշակերտ մը, որ շատ արագ յառաջդիմեց։ Ատով շա՜տ քաջալերուեցայ։ Կեանքիս մէջ ամէնէն շատ ինծի օգնած է քարոզչութիւնը»։

15. Մերիին ըսածներէն ի՞նչ կը սորվիս։

15 Ոմանք իրենց պարագաներուն պատճառով թերեւս զգան թէ ծառայութեան մէջ շատ բան չեն կրնար ընել։ Եթէ այդպէս կը զգաս, յիշէ որ Եհովան կ’ուրախանայ եթէ լաւագոյնդ ընես։ Նորէն նկատի առ Մերիին օրինակը։ Երբ փոխադրուեցաւ վայր մը, ուր մարդիկ ուրիշ լեզու կը խօսին, զգաց որ քիչ բան կրնար ընել։ Ան կ’ըսէ. «Որոշ ժամանակ մը, ամէն ինչ որ կրնայի ընել՝ ժողովին մէջ պարզ պատասխան մը տալ կամ համար մը կարդալ էր, իսկ ծառայութեան մէջ՝ թերթիկ մը տալ»։ Ան զգաց թէ անատակ է՝ լեզուն լաւ խօսողներու հետ բաղդատած։ Բայց իր տեսակէտը փոխեց։ Ան սկսաւ գիտակցիլ, որ Եհովան կրնայ զինք գործածել հակառակ իր սահմանափակ կարողութիւններուն։ Ան կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքին ըսածները պարզ են եւ մարդոց կեանքերը կը փոխեն»։

16. Ի՞նչ բան կրնայ զօրացնել անոնք, որոնք ստիպուած են տունը մնալ։

16 Եհովան կը տեսնէ ու կը գնահատէ ծառայութեան մասնակցելու մեր փափաքը, նոյնիսկ եթէ ստիպուած ենք տունը մնալ։ Ան կրնայ առիթներ ստեղծել, որ մեզի հոգ տանողներուն կամ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն վկայենք։ Եթէ ներկայիս մեր ըրածը բաղդատենք անցեալին մեր ըրածին հետ, կրնանք ընկճուիլ։ Բայց եթէ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս հիմա մեզի կ’օգնէ, զօրութիւն պիտի ունենանք ուրախութեամբ տոկալու մեր դժուարութիւններուն։

17. Ըստ Ժողովող 11։6–ին, ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մեր ծառայութիւնը նոյնիսկ եթէ շուտով արդիւնքներ չենք տեսներ։

17 Չենք գիտեր թէ ճշմարտութեան սերմերէն որո՛նք արմատ պիտի կապեն եւ պիտի սկսին աճիլ (կարդա՛ Ժողովող 11։6)։ Օրինակ, 80–ական տարիքի մէջ եղող Պարպրան կանոնաւորաբար հեռաձայնով եւ նամակներով վկայութիւն կու տայ։ Իր նամակներէն մէկուն մէջ, ան դրաւ Դիտարան–ի 1 մարտ 2014 թիւը, որուն մէկ յօդուածին խորագիրն է՝ «Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի համար»։ Առանց գիտնալու, ան նամակը ղրկեց ամուսնացած զոյգի մը, որոնք այլեւս Եհովայի վկաներ չէին։ Անոնք պարբերաթերթը կրկին անգամ կարդացին։ Ամուսինը զգաց թէ Եհովան ուղղակի իրեն կը խօսի։ Զոյգը սկսան ժողովներու յաճախել, եւ ի վերջոյ նորէն դարձան գործունեայ Վկաներ,– աւելի քան 27 տարի ետք։ Երեւակայէ՛ թէ Պարպրան որքա՜ն քաջալերուեցաւ ու զօրացաւ, տեսնելով այդ մէկ նամակին տուած դրական արդիւնքը։

Եհովան մեզ կը զօրացնէ՝ 1) աղօթքին, 2) Սուրբ Գիրքին, 3) մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ 4) ծառայութեան միջոցաւ (տե՛ս պարբ. 9-10, 12, 14)

18. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ Աստուած մեզ զօրացնէ։

18 Եհովան բաւական առիթներ կու տայ, որ իր ուժը առատապէս վայելենք։ Երբ իր հայթայթած միջոցներուն կը դիմենք,– աղօթքը, Աստուածաշունչը, եղբայրներն ու քոյրերը եւ ծառայութիւնը,– ցոյց կու տանք թէ կը վստահինք որ ինք կարող է եւ կը փափաքի մեզի օգնել։ Եկէ՛ք միշտ ապաւինինք մեր երկնաւոր Հօր, որ կ’ուրախանայ ‘իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնելով’ (Բ. Մն. 16։9

ԵՐԳ 17 Օ՛ն յառաջ, ո՛վ Վկաներ

^ պարբ. 5 Մենք դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, բայց Եհովան մեզի կ’օգնէ որ դիմանանք։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Պօղոս առաքեալին եւ Տիմոթէոսին օգնեց, որ շարունակեն իրեն ծառայել՝ հակառակ իրենց խնդիրներուն։ Պիտի քննարկենք չորս միջոցներ, որոնք Եհովան մեզի տուած է, որպէսզի այսօր դիմանանք։

^ պարբ. 2 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մինչ Հռոմի մէջ, տան մը մէջ բանտարկուած է, Պօղոս նամակներ կը գրէ քանի մը ժողովքներու եւ բարի լուրը կը քարոզէ իրեն այցելողներուն։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տիմոթէոս եղբայրները կը քաջալերէ, մինչ ժողովքներուն կ’այցելէ։