Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

Ծառայութեանդ հանդէպ դրական եղիր

Ծառայութեանդ հանդէպ դրական եղիր

«Քու սերմդ ցանէ եւ. . . քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր» (ԺՈՂ. 11։6

ԵՐԳ 96 Արժանաւորները փնտռենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Յիսուս երկինք համբառնալէ ետք, իր աշակերտները նախանձախնդրօրէն կը քարոզեն Երուսաղէմի մէջ եւ անկէ դուրս (տե՛ս պարբերութիւն 1)

1. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ օրինակ եղաւ, եւ անոնք ի՞նչ ըրին (տե՛ս կողքին նկարը)։

ՅԻՍՈՒՍ իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, շարունակ դրական մնաց եւ կ’ուզէ որ իր հետեւորդներն ալ ծառայութեան մէջ դրական մնան (Յովհ. 4։35, 36)։ Մինչ իր աշակերտներուն հետ էր, անոնք շատ խանդավառ էին քարոզելու (Ղուկ. 10։1, 5-11, 17)։ Սակայն ան ձերբակալուելէ եւ մեռնելէ ետք, աշակերտները քարոզելու իրենց փափաքը ժամանակաւորապէս կորսնցուցին (Յովհ. 16։32)։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, զիրենք քաջալերեց որ քարոզելու վրայ կեդրոնանան։ Իսկ երկինք համբառնալէ ետք, իր աշակերտները այնքա՛ն մեծ նախանձախնդրութեամբ քարոզեցին, որ թշնամիները գանգատեցան. «Դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք» (Գործք 5։28

2. Եհովան ինչպէ՞ս օրհնած է քարոզչութիւնը։

2 Յիսուս առաջին դարու քրիստոնեաները առաջնորդեց մինչ կը քարոզէին, եւ Եհովան զանոնք օրհնեց. շատեր պատգամը ընդունեցին։ Օրինակ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, շուրջ 3000 անհատներ մկրտուեցան (Գործք 2։41)։ Եւ աշակերտներուն թիւը խիստ աւելցաւ (Գործք 6։7)։ Բայց Յիսուս մարգարէացած էր, որ վերջին օրերուն շա՜տ աւելի մեծ թիւով մարդիկ բարի լուրը պիտի ընդունէին (Յովհ. 14։12. Գործք 1։8

3-4. Ինչո՞ւ թերեւս ոմանց համար քարոզելը դժուար ըլլայ, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Բոլորս ջանք կ’ընենք որ ծառայութիւնը դրական աչքով դիտենք։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ատիկա ընելը դիւրին է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնքա՛ն շատ անհատներ կ’ուզեն Աստուածաշունչը սերտել, որ ստիպուած են սպասել մինչեւ որ Վկայ մը կարենայ իրենց հետ սերտել։ Անդին, ուրիշ վայրերու մէջ, հրատարակիչներուն համար քարոզչութիւնը աւելի դժուար է։ Քիչ կը պատահի որ մարդիկ տունը ըլլան, եւ եթէ ալ ըլլան, Աստուածաշունչով հետաքրքրուած չեն ըլլար։

4 Եթէ կ’ապրիս շրջանի մը մէջ, ուր քարոզելը դժուար է, այս յօդուածին մէջ տրուած առաջարկները կրնան քեզի օգնել։ Նկատի պիտի առնենք թէ ոմանք ի՛նչ ըրած են, որպէսզի աւելի մարդոց հանդիպին ծառայութեան մէջ։ Եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կրնանք դրական մնալ՝ մարդիկ մեր պատգամով հետաքրքրուած ըլլա՛ն կամ ոչ։

ԴՐԱԿԱՆ ՄՆԱ՛ ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Է ՄԱՐԴԻԿ ԳՏՆԵԼԸ

5. Շատ մը Վկաներ ծառայութեան մէջ ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենան։

5 Շատ մը Վկաներու համար, երթալով աւելի դժուար կ’ըլլայ մարդիկ իրենց տուները գտնելը։ Կարգ մը հրատարակիչներ կ’ապրին այնպիսի վայրեր, ուր շատ կան յատուկ հսկողութեան տակ եղող շէնքեր կամ մուտքը արգիլուած շրջաններ։ Հոն կրնայ դռնապան մը կամ պահակ մը ըլլալ, որ չի ձգեր որ մէկը մտնէ, եթէ չէ հրաւիրուած որոշ տանտէրի մը կողմէ։ Ուրիշ հրատարակիչներ դիւրութեամբ կրնան դռնէ դուռ ծառայել, բայց քիչեր իրենց տունը կ’ըլլան։ Իսկ ուրիշ հրատարակիչներ գիւղական կամ հեռաւոր վայրերու մէջ կը քարոզեն, ուր քիչեր կ’ապրին։ Հրատարակիչները թերեւս երկար ճամբայ կտրեն միայն մէկ տանտիրոջ հասնելու համար. եւ կը պատահի որ ան տունը չ’ըլլար։ Եթէ այսպիսի դժուարութիւններ ունինք, պէտք չէ յանձնուինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ անոնց հետ գլուխ ելլենք եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն ունենանք։

6. Քարոզիչները ինչպէ՞ս ձկնորսներու կը նմանին։

6 Յիսուս քարոզչութիւնը նմանցուց ձկնորսութեան (Մար. 1։17)։ Կարգ մը ձկնորսներ թերեւս օրերով ձուկ չբռնեն։ Յանձնուելու փոխարէն, անոնք ձուկ որսալու ժամանակը, վայրը կամ կերպը կը փոխեն։ Մենք ալ կրնանք նոյնանման փոփոխութիւններ ընել մեր ծառայութեան մէջ։ Այժմ պիտի քննարկենք կարգ մը մեթոտներ, որոնք ծառայութեան մէջ կրնանք փորձել։

Երբ կը քարոզես շրջաններու մէջ, ուր քիչ կը պատահի որ մարդիկը տունը գտնես, փորձէ ծառայել տարբեր ժամերու, տարբեր վայրերու մէջ կամ տարբեր կերպերով (տե՛ս պարբ. 7-10) *

7. Երբ տարբեր ժամ մը կ’ընտրենք մարդոց քարոզելու, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

7 Փորձէ տարբեր ժամ մը ընտրել մարդոց քարոզելու։ Աւելի մարդոց պիտի հանդիպինք, եթէ քարոզենք այն ատեն, երբ հաւանական է որ անոնք տունը ըլլան։ Մարդիկ վերջ ի վերջոյ տուն պիտի գան։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր գործնական կը տեսնեն կէսօրէ ետք կամ իրիկունը քարոզել, քանի որ այդ ժամերուն աւելի մարդիկ տունը կը գտնեն։ Առաւել, տանտէրերը թերեւս աւելի հանգիստ ըլլան եւ սիրտ ունենան խօսելու։ Տէյվիտ անունով երէցի մը առաջարկը կրնաս օգտակար գտնել։ Ան կ’ըսէ որ թաղամասի մը մէջ մէկ–երկու ժամ քարոզելէ ետք, ինքն ու իր ընկերակիցը նորէն կը զարնեն այն դուռերը, ուր մէկը չէին գտած։ Ան կ’ըսէ. «Կը զարմանամ թէ որքա՛ն շատ տանտէրեր տունը կ’ըլլան, երբ երկրորդ անգամ ըլլալով իրենց դուռը կը զարնենք» *։

Երբ կը քարոզես շրջաններու մէջ, ուր քիչ կը պատահի որ մարդիկը տունը գտնես, փորձէ ծառայել տարբեր ժամերու (տե՛ս պարբ. 7-8)

8. Ինչպէ՞ս կրնանք Ժողովող 11։6–ը մեր ծառայութեան կիրարկել։

8 Պէտք չէ յանձնուինք։ Գլխաւոր համարը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է ունենանք (կարդա՛ Ժողովող 11։6)։ Նախապէս նշուած Տէյվիտը չյանձնուեցաւ։ Օրինակ, ան շատ անգամներ դուռ մը կը զարնէր, բայց ի զուր։ Երբ վերջապէս տանտէրը դուռը բացաւ, հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Աստուածաշունչին հանդէպ եւ ըսաւ. «Ութ տարի է որ հոս կ’ապրիմ եւ Եհովայի վկայի մը բնա՛ւ չեմ հանդիպած»։ Տէյվիտ կ’ըսէ. «Նկատած եմ որ երբ վերջապէս մարդիկ տունը կը գտնես, անոնք շատ անգամ մեր քարոզած պատգամը մտիկ կ’ընեն»։

Երբ կը քարոզես շրջաններու մէջ, ուր քիչ կը պատահի որ մարդիկը տունը գտնես, փորձէ ծառայել տարբեր վայրերու մէջ (տե՛ս պարբ. 9)

9. Կարգ մը Վկաներ ինչպէ՞ս կրցած են հանդիպիլ մարդոց, որոնք դժուար է տունը գտնել։

9 Փորձէ քարոզել տարբեր վայրի մը մէջ։ Կարգ մը հրատարակիչներ քարոզելու իրենց վայրը փոխած են, որպէսզի հասնին այն մարդոց, որոնք չեն կրնար տունը գտնել։ Օրինակ, կարգ մը հրատարակիչներ փողոցի քարոզչութիւն ընելով եւ հրատարակութիւններու սայլակներ գործածելով կրցած են հանդիպիլ անոնց, որոնք կ’ապրին շէնքերու մէջ, ուր դռնէ դուռ ծառայութիւնը արտօնուած չէ։ Նաեւ շատ մը հրատարակիչներ անդրադարձած են, որ մարդիկ աւելի հանգիստ կը զգան խօսակցելու կամ հրատարակութիւններ առնելու հանրային պարտէզներու, բացօթեայ շուկաներու եւ առեւտրական շրջաններու մէջ։ Պոլիվիայի մէջ Ֆլորան անունով շրջանային տեսուչ մը կ’ըսէ. «Շուկաները եւ առեւտրական տեղերը կ’երթանք կէսօրէ ետք ժամը մէկի եւ ժամը երեքի միջեւ, եւ վաճառականները այդքան զբաղած չեն ըլլար։ Ընդհանրապէս լաւ խօսակցութիւններ կ’ունենանք եւ նոյնիսկ կը սկսինք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել»։

Երբ կը քարոզես շրջաններու մէջ, ուր քիչ կը պատահի որ մարդիկը տունը գտնես, փորձէ ծառայել տարբեր կերպերով (տե՛ս պարբ. 10)

10. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնաս մարդոց քարոզել։

10 Փորձէ տարբեր կերպեր։ Սեպենք թէ ետեւ–ետեւի փորձեցիր մէկու մը հետ կապ պահել։ Տարբեր ժամեր ընտրեցիր իր դուռը զարնելու, բայց տակաւին զինք տունը չգտար։ Արդեօք կարելի՞ է ուրիշ կերպերով անոր հետ կապի մէջ մտնել։ Քաթարինան կ’ըսէ. «Նամակներ կը գրեմ անոնց, որոնք բնաւ տունը չեմ գտներ, եւ կը գրեմ այն ինչ որ պիտի ըսէի եթէ անձամբ իրենց հետ խօսէի»։ Իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Փորձէ թաղամասիդ մէջ ամէն մէկուն հետ կերպով մը կապի մէջ մտնել։

ԴՐԱԿԱՆ ՄՆԱ՛ ԵՐԲ ՄԱՐԴԻԿ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ԵՆ

11. Կարգ մը մարդիկ ինչո՞ւ մեր պատգամին հանդէպ անտարբեր են։

11 Կարգ մը մարդիկ մեր պատգամին հանդէպ անտարբեր են։ Անոնք կը զգան որ պէտք չունին Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչին։ Աստուծոյ չեն հաւատար, քանի որ աշխարհի մէջ այսքա՜ն չարչարանք կը տեսնեն։ Իսկ Աստուածաշունչը կը մերժեն, քանի որ կը տեսնեն որ կրօնական առաջնորդները կ’ըսեն, թէ Աստուածաշունչին կը հնազանդին, բայց շատ մը սխալ բաներ կ’ընեն։ Ուրիշներ տարուած են իրենց գործով, ընտանիքով կամ անձնական խնդիրներով եւ չեն կարծեր որ Աստուածաշունչը կրնայ իրենց օգնել։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ մնալ, երբ անոնք՝ որոնց կը քարոզենք, մեր պատգամին արժէքը չեն տեսներ։

12. Փիլիպպեցիս 2։4–ի խօսքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել ծառայութեան մէջ։

12 Ցոյց տուր որ մարդոցմով հետաքրքրուած ես։ Շատեր, որոնք սկիզբը անտարբեր էին, ետքը բարի լուրը մտիկ ըրին, քանի որ զգացին թէ հրատարակիչը անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր իրենցմով (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։4)։ Օրինակ, նախապէս նշուած Տէյվիտը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ըսէ որ հետաքրքրուած չէ, մեր Սուրբ Գիրքը կամ հրատարակութիւնները պայուսակին մէջ կը դնենք եւ կ’ըսենք. ‘Շատ կը փափաքէի գիտնալ որ ինչո՛ւ այդպէս կը զգաս’»։ Մարդիկ կը զգան, երբ մէկը իրապէս իրենցմով հետաքրքրուած է։ Թերեւս մոռնան թէ ճիշդ ի՛նչ ըսինք, բայց հաւանաբար պիտի յիշեն, թէ իրենց ինչպէ՛ս զգացուցինք։ Նոյնիսկ եթէ տանտէրը չձգէ որ իրեն հետ խօսինք, կրնանք մեր դէմքի արտայայտութիւնով եւ մեր վերաբերմունքով ցոյց տալ, որ իրմով հետաքրքրուած ենք։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր պատգամը ամէն մէկ տանտիրոջ պէտքերուն յարմարցնել։

13 Ցոյց կու տանք որ մարդոցմով հետաքրքրուած ենք, երբ մեր պատգամը տանտիրոջ պէտքերուն եւ հետաքրքրութիւններուն կը յարմարցնենք։ Օրինակ, բան մը ցոյց կու տա՞յ որ տունին մէջ պզտիկներ կ’ապրին։ Ծնողները կրնան հետաքրքրուած ըլլալ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ զաւակներ մեծցնելու կամ աւելի ուրախ ընտանեկան կեանք ունենալու մասին։ Դուռին վրայ քանի մը կղպանքներ կը տեսնե՞նք։ Թերեւս որոշենք խօսիլ աշխարհին մէջ տիրող ոճիրին եւ վախին մասին։ Տանտէրը թերեւս ուրախանայ գիտնալով, որ ոճիրը վերջ պիտի գտնէ։ Պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ջանա՛ քեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին տուած խրատը կրնայ իրենց օգնել։ Նախապէս նշուած Քաթարինան կ’ըսէ. «Կը մտածեմ թէ Աստուածաշունչը որքա՜ն բարելաւած է կեանքս»։ Ասիկա կը ձգէ որ Քաթարինան համոզումով խօսի, եւ իրեն մտիկ ընողները վստահաբար ասիկա կը նկատեն։

14. Առակաց 27։17–ի համաձայն, ծառայակիցներ ինչպէ՞ս կրնան իրարու օգնել։

14 Ուրիշներուն օգնութենէն օգտուէ։ Առաջին դարուն, Պօղոս Տիմոթէոսին սորվեցուց քարոզել ու աշակերտել եւ զինք քաջալերեց, որ նոյնը ուրիշներուն սորվեցնէ (Ա. Կոր. 4։17)։ Մենք ալ կրնանք մեր ժողովքին մէջ եղող փորձառու անհատներէն սորվիլ, ինչպէս Տիմոթէոս սորվեցաւ (կարդա՛ Առակաց 27։17)։ Նկատի առ Շոն անունով եղբօր մը օրինակը։ Ան որոշ ժամանակ մը ռահվիրայութիւն ըրաւ գիւղական շրջանի մը մէջ, ուր մարդիկ իրենց կրօնքէն գոհ էին։ Շոն ինչպէ՞ս իր ուրախութիւնը չկորսնցուց։ Ան կ’ըսէ. «Երբոր կարելի ըլլար, ընկերակիցի մը հետ կը ծառայէի։ Մինչ մէկ տունէն դէպի միւսը կ’ուղղուէինք, իրարու կ’օգնէինք որ մեր սորվեցնելու հմտութիւնները բարելաւենք։ Օրինակ, վերաքաղ կ’ընէինք թէ տանտէրը ի՛նչ ըսաւ եւ մենք ինչպէ՛ս հակազդեցինք։ Եւ կը քննարկէինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք նման պարագայի մը հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ ելլել»։

15. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ քարոզելէ առաջ աղօթենք։

15 Աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Ամէն անգամ որ կը քարոզես, խնդրէ որ Եհովան քեզ առաջնորդէ։ Առանց իր զօրաւոր սուրբ հոգիին օգնութեան, բա՛ն մը պիտի չկարենանք իրագործել (Սաղ. 127։1. Ղուկ. 11։13)։ Երբ Եհովային օգնութիւնը կը խնդրես, մասնայատուկ բաներ նշէ։ Օրինակ, իրմէ խնդրէ որ քեզ ուղղէ դէպի այն անհատները, որոնք կ’ուզեն իր մասին գիտնալ եւ պատրաստ են մտիկ ընելու։ Ետքը, աղօթքիդ համաձայն վարուէ, քարոզելով բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպիս։

16. Ինչո՞ւ ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալու համար, պէտք է անձնական սերտողութիւն ընենք։

16 Ժամանակ տուր անձնական սերտողութեան։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Քնն[եցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռով. 12։2)։ Ո՛րքան աւելի համոզուած ըլլանք որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտենք, ա՛յնքան աւելի համոզումով պիտի խօսինք ծառայութեան մէջ։ Նախապէս նշուած Քաթարինան կ’ըսէ. «Վերջերս զգացի թէ կարգ մը հիմնական աստուածաշնչական ուսուցումներու հանդէպ հաւատքս պէտք էր զօրացնէի։ Անոր համար, քննեցի փաստեր թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի, թէ Սուրբ Գիրքը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է եւ թէ Աստուած կազմակերպութիւն մը ունի, որ զինք կը ներկայացնէ»։ Քաթարինան կ’ըսէ որ անձնական սերտողութիւնը իր հաւատքը զօրացուց եւ ծառայութեան մէջ իր ուրախութիւնը աւելցուց։

Ի՞ՆՉ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՈՒՆԻՆՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐԱԿԱՆ ՄՆԱԼՈՒ

17. Յիսուս ինչո՞ւ դրական մնաց իր ծառայութեան մէջ։

17 Յիսուս դրական մնաց եւ շարունակեց քարոզել, թէեւ ոմանք իր պատգամին հանդէպ անտարբեր էին։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտէր թէ մարդիկ որքա՜ն պէտք ունէին ճշմարտութիւնը գիտնալու եւ ուզեց կարելի եղածին չափ շատ մարդոց առիթը տալ, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։ Ան նաեւ գիտէր, թէ ոմանք սկիզբը մտիկ պիտի չընէին, բայց ետքը պիտի ընդառաջէին։ Նկատի առ իր ընտանիքին պարագան։ Իր ամբողջ երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, իր եղբայրներէն ո՛չ մէկը իր աշակերտը եղաւ (Յովհ. 7։5)։ Բայց իր յարութենէն ետք, իր եղբայրները քրիստոնեաներ դարձան (Գործք 1։14

18. Ինչո՞ւ կը շարունակենք քարոզել։

18 Մենք չենք գիտեր թէ ի վերջոյ որո՛նք Եհովային ծառաները պիտի ըլլան։ Ոմանք ուրիշներէ աւելի ժամանակ կ’առնեն, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվին։ Նոյնիսկ անոնք որոնք չեն ուզեր մեզի մտիկ ընել, մեր վարքը եւ դրական կեցուածքը տեսնելով, թերեւս ի վերջոյ սկսին ‘փառաւորել Աստուած’ (Ա. Պետ. 2։12

19. Ա. Կորնթացիս 3։6, 7–ի համաձայն, ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

19 Երբ կը տնկենք եւ կը ջրենք, Աստուծոյ դերը պէտք չէ մոռնանք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7)։ Եթովպիայի մէջ, Կեթոհուն անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Աւելի քան 20 տարի ես միակ Վկան էի քիչ աշխատցուած թաղամասի մը մէջ։ Բայց հիմա 14 հրատարակիչներ կան հոս։ Անոնցմէ 13–ը մկրտուեցան, մէջը ըլլալով՝ կինս եւ երեք զաւակներս։ Միջին հաշուով ժողովներուն 32 անհատներ ներկայ կ’ըլլան»։ Կեթոհուն ուրախ է որ շարունակեց քարոզել, մինչ համբերութեամբ կը սպասէր, որ Եհովան անկեղծ սրտով մարդիկ քաշէր դէպի Իր կազմակերպութիւնը (Յովհ. 6։44

20. Ի՞նչ առումով ազատարարներու կը նմանինք։

20 Եհովան բոլոր մարդոց կեանքը արժէքաւոր կը նկատէ։ Ան մեզի առանձնաշնորհումը կու տայ որ իր Որդիին հետ աշխատինք, որպէսզի վերջը գալէն առաջ՝ բոլոր ազգերէն մարդիկ հաւաքենք (Ան. 2։7)։ Մեր քարոզչութիւնը կրնանք նմանցնել ազատարար աշխատանքի մը։ Եւ մենք կը նմանինք ազատարար խումբի մը անդամներուն, որոնք կը ղրկուին ազատելու անհատներ, որ հանքի մը մէջ կախուած են։ Թէեւ միայն քանի մը հանքագործներ կը փրկուին, բայց բոլոր ազատարարները կարեւոր աշխատանք կը տանին։ Նոյնը կրնանք ըսել մեր ծառայութեան մասին։ Չենք գիտեր թէ Սատանայի աշխարհէն դեռ քանի՛ անհատներ պիտի փրկուին։ Բայց Եհովան կրնայ մեզմէ ոեւէ մէկը գործածել, որպէսզի անոնց օգնէ։ Պոլիվիայի մէջ ապրող Անտրէաս կ’ըսէ. «Գիտեմ որ մէկը ճշմարտութիւնը կը գիտնայ եւ կը մկրտուի, քանի որ շատեր միասին աշխատած են անոր օգնելու համար»։ Թող որ մենք ալ այսպիսի դրական կեցուածք ունենանք մեր ծառայութեան հանդէպ։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, եւ ծառայութիւնը մեզի իսկական ուրախութիւն պիտի բերէ։

ԵՐԳ 47 Բարի լուրը քարոզենք

^ պարբ. 5 Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ դրական մնալ, նոյնիսկ եթէ շատեր կա՛մ տունը չեն, կամ ալ այնպէս կը թուի, թէ մեր պատգամով չեն հետաքրքրուած։ Յօդուածը առաջարկներ պիտի տայ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ դրական մնանք։

^ պարբ. 7 Հրատարակիչները այս յօդուածին մէջ քննարկուած ծառայութեան տարբեր կերպերը պէտք է գործադրեն, քաղաքացիներուն անձնական տեղեկութիւնները գործածելու նկատմամբ երկրին դրած օրէնքներուն համաձայն։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. (վերէն վար). Ամուսնացած զոյգ մը կը քարոզէ թաղամասի մը մէջ, ուր դժուար է մարդիկը տունը գտնել։ Առաջին տանտէրը գործի է, երկրորդը իր բժշկուհին տեսնելու գացած է եւ երրորդը շուկայ իջած է։ Անոնք առաջին տանտէրը տունը կը գտնեն, իրեն այցելելով օրուան մէջ աւելի ուշ ժամու մը։ Երկրորդին կը հանդիպին հանրային վկայութեան ատեն, հիւանդանոցին մօտ։ Երրորդին հետ կապի մէջ կը մտնեն, իրեն հեռաձայնելով։