Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18

Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞ս

Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞ս

«Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր» (ՄԱՏ. 11։6

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչը թերեւս քեզ զարմացուց, երբ սկսար Աստուածաշունչին պատգամը ուրիշներուն ըսել։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս այն ժամանակը, երբ անդրադարձար որ ճշմարտութիւնը գտած ես։ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները դիւրաւ հասկցար։ Կարծեցիր որ ամէն մարդ պիտի ուրախանայ գիտնալով այն բաները, որոնց սկսար հաւատալ։ Համոզուած էիր որ Աստուածաշունչին պատգամը իրենց պիտի տար իմաստալից կեանք մը հիմա եւ հոյակապ յոյս մը ապագային համար (Սաղ. 119։105)։ Անոր համար, սկսար սորված ճշմարտութիւններդ խանդավառութեամբ բարեկամներուդ եւ ազգականներուդ պատմել։ Բայց ի՞նչ եղաւ։ Անակնկալի եկար, երբ տեսար որ շատեր ըսածներդ մերժեցին։

2-3. Մարդոց մեծամասնութիւնը ի՞նչ կարծիք ունէր Յիսուսի եւ իր պատգամին մասին։

2 Պէտք չէ զարմանանք, երբ ուրիշներ մեր քարոզած պատգամը մերժեն։ Յիսուսի օրերուն, մարդոց մեծամասնութիւնը զինք մերժեց, թէեւ հրաշքներ ըրաւ՝ փաստելով որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր։ Օրինակ, Յիսուս Ղազարոսը յարուցանեց,– հրաշք մը, որ հակառակորդները չկրցան ուրանալ։ Այսուհանդերձ, հրեայ առաջնորդները չընդունեցին զինք որպէս Մեսիան։ Անոնք նոյնիսկ ուզեցին սպաննել թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը (Յովհ. 11։47, 48, 53. 12։9-11

3 Յիսուս գիտէր որ շատեր պիտի չհաւատային որ ինք Մեսիան էր (Յովհ. 5։39-44)։ Ան Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներուն ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր» (Մատ. 11։2, 3, 6)։ Ինչո՞ւ այսքան շատ մարդիկ Յիսուսը մերժեցին։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, նկատի պիտի առնենք քանի մը պատճառներ, թէ առաջին դարուն ինչո՛ւ շատեր Յիսուսին չհաւատացին։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ներկայիս ինչո՛ւ շատեր մեր պատգամը կը մերժեն։ Ամենակարեւորը, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ կրնանք Յիսուսի հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալ, այնպէս որ չգայթակղինք։

1) ՅԻՍՈՒՍԻ ԵՆԹԱՀՈՂԸ

Շատեր գայթակղեցան Յիսուսի ենթահողէն։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 5) *

5. Թերեւս ինչո՞ւ ոմանք կը կարծէին, թէ Յիսուս չէր կրնար Մեսիան ըլլալ։

5 Շատեր գայթակղեցան Յիսուսի ենթահողին պատճառով։ Անոնք ընդունեցին որ Յիսուս հոյակապ ուսուցիչ էր եւ հրաշքներ ըրաւ։ Բայց իրենց աչքին Յիսուս պարզապէս աղքատ ատաղձագործի մը տղան էր։ Եւ ան Նազարէթէն էր, որ շատ կարեւոր քաղաք մը չէր սեպուեր։ Նոյնիսկ Նաթանայէլ, որ Յիսուսին աշակերտը եղաւ, սկիզբը ըսաւ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ» (Յովհ. 1։46)։ Նաթանայէլ թերեւս շատ չէր հաւներ այն քաղաքը, ուր Յիսուս կ’ապրէր։ Կամ թերեւս ան ի մտի ունէր Միքիա 5։2–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր, եւ ոչ թէ Նազարէթի մէջ։

6. Ի՞նչ բան կրնար Յիսուսի օրերու մարդոց օգնել, որ գիտնային թէ Մեսիան էր։

6 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Եսային մարգարէացած էր, որ Յիսուսի թշնամիները Մեսիայի «ազգատոհմ»ով պիտի չհետաքրքրուէին (Եսա. 53։8)։ Անոնք պէտք էր ժամանակ տային, որպէսզի քննէին Յիսուսի ենթահողը, եւ ատիկա բաղդատէին Մեսիային մասին եղած մարգարէութիւններուն հետ։ Եթէ այդպէս ընէին, պիտի գիտնային թէ Յիսուս Բեթլեհէմի մէջ ծնած էր եւ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր (Ղուկ. 2։4-7)։ Ուստի, Յիսուս ծնա՛ւ այն քաղաքին մէջ, որ Միքիա 5։2–ը ըսած էր։ Ուրեմն, խնդիրը ի՞նչ էր։ Մարդիկ դատելու մէջ շատ արագ էին։ Անոնք բոլոր տեղեկութիւնները չէին գիտեր։ Այս պատճառով գայթակղեցան։

7. Ներկայիս շատեր ինչո՞ւ Եհովայի ժողովուրդը կը մերժեն։

7 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Եհովայի ժողովուրդին մեծ մասը հարուստ կամ աչքի զարնող մարդիկ չեն. ուստի շատեր զիրենք «տգէտ ու առանց ուսման» կը նկատեն (Գործք 4։13)։ Ոմանք կը կարծեն, թէ Եհովայի ծառաները պէտք չէ Սուրբ Գիրքին մասին սորվեցնեն, քանի որ անուանի կրօնական դպրոցներ չեն յաճախած։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ Եհովայի վկաները «ամերիկեան կրօնք» են, բայց իրականութիւնը այն է, որ Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ չ’ապրիր։ Ոմանց ալ ըսուած է, որ Վկաները Յիսուսին չեն հաւատար։ Առաւել, տարիներու ընթացքին մեզ կոչած են՝ «համայնավարներ», «ամերիկեան լրտեսներ», «սիոնականներ», «տուն քանդողներ» եւ «ծայրայեղականներ»։ Ուստի շատեր կը գայթակղին, քանի որ այս պատմութիւններուն ականջ կու տան եւ Եհովայի վկաներուն մասին իրողութիւնները չեն գիտեր կամ չեն ընդունիր։

8. Գործք 17։11–ի համաձայն, մարդիկ ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի գիտնան թէ ներկայիս Աստուծոյ ծառաները որո՛նք են։

8 Ինչպէ՞ս մէկը կրնայ չգայթակղիլ։ Մարդիկ պէտք է իրողութիւնները քննեն։ Ղուկաս աւետարանագիրը վճռեց ատիկա ընել։ Ան իր միտքը դրաւ, որ ‘ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկանար’։ Ան ուզեց որ ընթերցողները Յիսուսի մասին իրենց լսած բաներուն ‘ստուգութիւնը իմանային’ (Ղուկ. 1։1-4)։ Բերիա քաղաքին մէջ ապրող հրեաները Ղուկասին պէս էին։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով Յիսուսի մասին բարի լուրը լսեցին, Եբրայերէն Գրութիւններուն դիմեցին, ստուգելու համար թէ արդեօք իրենց ըսուած բաները ճի՞շդ էին (կարդա՛ Գործք 17։11)։ Նոյնպէս այսօր, մարդիկ պէտք է իրողութիւնները քննեն։ Պէտք է Աստուծոյ ժողովուրդին մասին իրենց լսածը բաղդատեն Աստուածաշունչին ըսածին հետ։ Նաեւ պէտք է Եհովայի ժողովուրդին այժմու պատմութիւնը սերտեն։ Ասոնք ընելով, թոյլ պիտի չտան որ մարդոց ըսածները զիրենք կուրցնեն։

2) ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՐԺԵՑ ՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆՆԵՐ ԸՆԵԼ

Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս մերժեց յատուկ նշաններ ընել։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 9-10) *

9. Ի՞նչ եղաւ երբ Յիսուս մերժեց երկինքէն նշան մը ցոյց տալ։

9 Յիսուսի սորվեցուցած հիանալի բաները ոմանց համար բաւարար չէին։ Անոնք աւելին ուզելով՝ պահանջեցին որ փաստէ թէ Մեսիան է, «երկնքէն նշան մը» ընելով (Մատ. 16։1)։ Թերեւս ատիկա պահանջեցին, քանի որ Դանիէլ 7։13, 14–ի խօսքը սխալ հասկցած էին։ Սակայն, Եհովայի նշանակած ժամանակը չէր հասած, որ այդ մարգարէութիւնը կատարուէր։ Յիսուսին սորվեցուցածները պէտք էր անոնց համար բաւարար ըլլային փաստելու, թէ ինք Մեսիան էր։ Բայց երբ անոնց ուզած նշանը չտուաւ, անոնք գայթակղեցան (Մատ. 16։4

10. Յիսուս ինչպէ՞ս կատարեց այն ինչ որ Եսային գրած էր Մեսիային մասին։

10 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Մեսիային մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ» (Եսա. 42։1, 2)։ Յիսուս իր ծառայութիւնը ըրաւ համեստօրէն եւ առանց աղմուկ հանելու։ Ան շքեղ տաճարներ չշինեց եւ կրօնական յատուկ զգեստներ չհագուեցաւ, ոչ ալ պահանջեց որ զինք կրօնական տիտղոսներով կոչեն։ Երբ կը դատուէր ու իր կեանքը վտանգի տակ էր, չփորձեց Հերովդէս թագաւորը տպաւորել, իրեն համար նշան մը ընելով (Ղուկ. 23։8-11)։ Ճիշդ է որ Յիսուս հրաշքներ ըրաւ, բայց կեդրոնացաւ բարի լուրը քարոզելու վրայ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այս բանին համար եկեր եմ» (Մար. 1։38

11. Ներկայիս շատեր ի՞նչ սխալ գաղափարներ ունին։

11 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Այսօր շատեր տպաւորուած են ճոխ զարդարանք ունեցող կրօնական շէնքերով, կրօնական առաջնորդներուն տիտղոսներով, որոնք զիրենք կարեւոր ցոյց կու տան, եւ արարողութիւններով, որոնց ոչ–քրիստոնէական ծագումին մասին մարդոց մեծ մասը մոռցած է։ Բայց կրօնական ժողովներուն ներկայ եղող մարդիկը ի՞նչ կը սորվին Աստուծոյ եւ անոր նպատակներուն մասին։ Միւս կողմէ, մեր քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ եղողները կը սորվին, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Մեր Թագաւորութեան սրահները մաքուր ու յարմարաւէտ են, բայց ճոխ զարդարանքներ չունին։ Եւ առաջնորդութիւն առնողները յատուկ զգեստներ չեն հագնիր, ոչ ալ կարեւոր–հնչող տիտղոսներ ունին։ Մեր սորվեցուցածներուն եւ հաւատալիքներուն հիմը Աստուածաշունչն է։ Հակառակ ատոր, այսօր շատեր մեր պատգամը կը մերժեն, քանի որ իրենց կարծիքով մեր պաշտամունքի կերպը շատ պարզ է եւ իրենց ուզած բաները չենք սորվեցներ։

12. Ինչպէս որ Եբրայեցիս 11։1, 6–ը ցոյց կու տայ, մեր հաւատքը ինչի՞ վրայ պէտք է հիմնենք։

12 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն» (Հռով. 10։17)։ Ուստի, մեր հաւատքը կը զօրացնենք Աստուածաշունչը սերտելով եւ ոչ թէ մասնակցելով կրօնական արարողութիւններու, որոնք Աստուածաշունչը սխալ կը նկատէ, որքա՛ն ալ անոնք մեզ քաշեն։ Պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք՝ հիմնուելով ճշգրիտ գիտութեան վրայ, քանի որ «առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1, 6)։ Ուրեմն պէտք չունինք երկինքէն տպաւորիչ նշանի մը, որպէսզի փաստուի թէ ճշմարտութիւնը գտած ենք։ Համոզուելու եւ կասկածները մէկ կողմ դնելու համար, բաւարար է քննել Աստուածաշունչին հաւատք զօրացնող ուսուցումները։

3) ՅԻՍՈՒՍ ՀՐԷԱԿԱՆ ՇԱՏ ՄԸ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՉՀԵՏԵՒԵՑԱՒ

Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս մերժեց իրենց աւանդութիւններէն ոմանք։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 13) *

13. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ շատեր Յիսուսը մերժեն։

13 Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտները զարմացան, երբ տեսան որ Յիսուսի աշակերտները ծոմ չէին պահեր։ Յիսուս բացատրեց որ անոնք պէտք չունին ծոմ պահելու, մինչ ինք ողջ է (Մատ. 9։14-17)։ Բայց եւ այնպէս, փարիսեցիները եւ ուրիշ հակառակողներ Յիսուսը դատապարտեցին, քանի որ իրենց սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն չէր հետեւեր։ Անոնք ջղայնացան, երբ ան Շաբաթ օրով հիւանդներ բժշկեց (Մար. 3։1-6. Յովհ. 9։16)։ Մէկ կողմէ, անոնք հպարտօրէն կ’ըսէին թէ Շաբաթը կը պահէին, իսկ միւս կողմէ խնդիր չունէին տաճարին մէջ առեւտուր ընելու։ Անոնք կատղեցան, երբ Յիսուս զիրենք դատապարտեց ատոր համար (Մատ. 21։12, 13, 15)։ Եւ այն մարդիկը, որոնց Յիսուս քարոզեց Նազարէթի ժողովարանին մէջ, շատ բարկացան, երբ իսրայէլի պատմութենէն օրինակներ գործածեց, իրենց ցոյց տալու թէ անձնասէր էին եւ հաւատք չունէին (Ղուկ. 4։16, 25-30)։ Այսպէս, շատեր Յիսուսը մերժեցին, քանի որ իրենց սպասած կերպով չվարուեցաւ (Մատ. 11։16-19

14. Յիսուս ինչո՞ւ դատապարտեց մարդկային աւանդութիւնները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն չէին։

14 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինձմէ հեռու է ու ինձմէ ունեցած վախերնին մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է» (Եսա. 29։13)։ Յիսուս իրաւունք ունէր դատապարտելու այն մարդկային աւանդութիւնները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն չէին։ Անոնք որոնք Սուրբ Գրութիւններէն աւելի նախընտրեցին մարդոց դրած օրէնքներն ու աւանդութիւնները, մերժեցին Եհովան եւ իր ղրկած Մեսիան։

15. Ներկայիս շատեր ինչո՞ւ Եհովայի վկաները չեն սիրեր։

15 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Շատեր կը նեղանան, երբ Եհովայի վկաները իրենց հետ չեն մասնակցիր ոչ–սուրբգրային աւանդութիւններու, ինչպէս՝ ծննդեան տարեդարձները եւ Սուրբ Ծնունդը։ Ուրիշներ կը բարկանան, երբ Վկաները ազգայնական տօներ չեն տօներ կամ չեն հետեւիր թաղման արարողութիւններու, որոնք Աստուծոյ Խօսքին համաձայն չեն։ Եհովայի վկաներէն այս կերպով գայթակղողները թերեւս իրապէս կը հաւատան, որ Աստուած իրենց պաշտամունքի կերպը կ’ընդունի։ Բայց անոնք չեն կրնար զինք հաճեցնել, եթէ Աստուածաշունչին յստակ ուսուցումներէն աւելի կը նախընտրեն աշխարհին սովորութիւնները (Մար. 7։7-9

16. Սաղմոս 119։97, 113, 163-165–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ի՞նչ պէտք չէ ընենք։

16 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Պէտք է զօրաւոր սէր մշակենք Եհովայի օրէքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ (կարդա՛ Սաղմոս 119։97, 113, 163-165)։ Երբ Եհովան սիրենք, պիտի մերժենք որեւէ աւանդութիւն, որ զինք չի հաճեցներ։ Թոյլ պիտի չտանք որ որեւէ բան աւելի կարեւոր ըլլայ քան՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը։

4) ՅԻՍՈՒՍ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՓՈԽԵՑ

Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս քաղաքականութեամբ չհետաքրքրուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 17) *

17. Յիսուսի օրերուն, շատեր ի՞նչ ակնկալեցին որ Մեսիան ընէ։

17 Յիսուսի օրերուն, կարգ մը մարդիկ արագ քաղաքական փոփոխութիւն մը կ’ուզէին։ Անոնք ակնկալեցին որ Մեսիան զիրենք հռոմայեցի հարստահարողներէն ազատէ։ Բայց երբ փորձեցին Յիսուսը թագաւոր ընել, ան մերժեց (Յովհ. 6։14, 15)։ Իսկ քահանաները եւ ուրիշներ կը վախնային, որ Յիսուս քաղաքական փոփոխութիւն մը ընէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, հռոմայեցիները պիտի բարկանային եւ ետ առնէին կրօնական առաջնորդներուն իրենց տուած իշխանութիւնը։ Այսպիսի քաղաքական մտահոգութիւններ ունենալով, շատ մը հրեաներ գայթակղեցան։

18. Մեսիային մասին ի՞նչ մարգարէութիւններ շատեր անտեսեցին։

18 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Թէեւ շատ մը մարգարէութիւններ նշեցին, թէ Մեսիան ի վերջոյ յաղթական Թագաւոր մը պիտի ըլլար, բայց ուրիշ մարգարէութիւններ ցոյց տուին, որ նա՛խ պէտք էր մեռնէր մեր մեղքերուն համար (Եսա. 53։9, 12)։ Լաւ, Յիսուսի ժամանակակից հրեաները ինչո՞ւ սխալ ակնկալութիւններ ունէին։ Շատեր կարեւորութիւն չտուին այն մարգարէութիւններուն, որոնք իրենց խնդիրներուն արագ լուծում չէին խոստանար (Յովհ. 6։26, 27

19. Ի՞նչ սխալ ակնկալութիւններ պատճառ եղած են, որ շատեր մեր պատգամը մերժեն։

19 Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Ներկայիս շատեր մեր պատգամը կը մերժեն, քանի որ քաղաքականութեան չենք մասնակցիր։ Իրենց կարծիքով, մենք պէտք է քուէարկենք։ Բայց կը գիտակցինք որ Եհովային տեսանկիւնէն, եթէ մարդկային առաջնորդ մը ընտրենք որ մեր վրայ իշխէ, Զինք մերժած կ’ըլլանք (Ա. Թագ. 8։4-7)։ Նաեւ թերեւս մարդիկ ըսեն, որ պէտք է դպրոցներ ու հիւանդանոցներ շինենք եւ ուրիշ բարեսիրական գործեր ընենք։ Անոնք կը գայթակղին, քանի որ կը կեդրոնանանք քարոզչութեան վրայ, եւ ոչ թէ աշխարհի խնդիրները լուծելու վրայ։

20. Մատթէոս 7։21-23–ին մէջ գրուած Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնացած մնանք։

20 Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ (կարդա՛ Մատթէոս 7։21-23Մենք գլխաւորաբար պէտք է կեդրոնացած մնանք Յիսուսին պատուիրած գործին վրայ (Մատ. 28։19, 20)։ Բնա՛ւ պէտք չէ տարուինք այս աշխարհին քաղաքական եւ ընկերային հարցերով։ Մենք մարդիկը կը սիրենք եւ երբ խնդիրներ ունենան, իրենց հետ կը զգանք։ Բայց գիտենք որ իրենց օգնելու լաւագոյն կերպն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնել եւ օգնել, որ Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենան։

21. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

21 Այս յօդուածին մէջ նկատի առինք չորս բաներ, որոնց պատճառով առաջին դարուն շատեր Յիսուսը մերժեցին, եւ որոնց պատճառով ներկայիս ոմանք Յիսուսի հետեւորդները կը մերժեն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք յաւելեալ չորս պատճառներ։ Թող վճռենք որ գայթակղելէ զգուշանանք եւ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։

ԵՐԳ 64 Ճշմարտութիւնը իւրացուր

^ պարբ. 5 Թէեւ Յիսուս երկրի վրայ ամենամեծ Ուսուցիչն էր, բայց իր օրերու մարդոց մեծամասնութիւնը իր պատճառով գայթակղեցան ու զինք մերժեցին։ Ինչո՞ւ։ Այս յօդուածին մէջ, չորս պատճառներ նկատի պիտի առնենք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ներկայիս ինչո՛ւ շատեր Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներուն ըսածներէն եւ ըրածներէն կը գայթակղին։ Ամենակարեւորը, պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կրնանք Յիսուսի հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալ, այնպէս որ չդադրինք իրեն հետեւելէ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Փիլիպպոս Նաթանայէլը կը քաջալերէ որ Յիսուսին ծանօթանայ։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս բարի լուրը կը քարոզէ։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս չորցած ձեռք ունեցող մարդ մը կը բժշկէ, մինչ հակառակորդները կը դիտեն։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս առանձին դէպի լեռ մը կ’ուղղուի։