Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22

Իմաստուն խրատներ՝ մեր կեանքը առաջնորդելու համար

Իմաստուն խրատներ՝ մեր կեանքը առաջնորդելու համար

«Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ» (ԱՌ. 2։6

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ բոլորս աստուածային իմաստութեան պէտք ունինք (Առակաց 4։7

 ԵԹԷ երբեք ստիպուած եղած ես, որ կարեւոր որոշում մը առնես, անկասկած աղօթքով իմաստութիւն խնդրած ես, քանի որ գիտես որ անոր պէտք ունիս (Յակ. 1։5)։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է» (կարդա՛ Առակաց 4։7)։ Անշուշտ, ան մասնաւորաբար ակնարկեց այն իմաստութեան, որ Եհովա Աստուծմէ կու գայ (Առ. 2։6)։ Բայց աստուածային իմաստութիւնը կրնա՞յ մեզի օգնել, որ ներկայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Այո՛, կրնա՛յ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք այս յօդուածին մէջ։

2. Ի՞նչ կերպով կրնանք իրապէս իմաստուն ըլլալ։

2 Կերպ մը, որով կրնանք իրապէս իմաստուն ըլլալ, այն է՝ որ սերտենք ու գործադրենք գերազանց իմաստուն եղող երկու տղամարդոց սորվեցուցածները։ Նա՛խ, նկատի պիտի առնենք Սողոմոնը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար. . . տուաւ» (Գ. Թագ. 4։29)։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք Յիսուսը, որ երկրի վրայ ամէնիմաստուն անձը եղած է (Մատ. 12։42)։ Յիսուսի մասին մարգարէացուած էր. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին» (Եսա. 11։2

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Սողոմոն եւ Յիսուս իրենց աստուածային իմաստութեամբ գործնական խրատներ տուած են հարցերու շուրջ, որոնք կարեւոր են մեզի համար։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք անոնցմէ երեքը. դրամին, աշխարհիկ գործին եւ մեր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ։

ԴՐԱՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՏԵՍԱԿԷՏ

4. Սողոմոնի եւ Յիսուսի նիւթական վիճակները ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր էին։

4 Սողոմոն մեծահարուստ էր եւ շքեղ պալատի մը մէջ կ’ապրէր (Գ. Թագ. 10։7, 14, 15)։ Միւս կողմէ, Յիսուս քիչ ստացուածք ունէր եւ անձնական տուն չունէր (Մատ. 8։20)։ Բայց եւ այնպէս, երկուքն ալ նիւթական բաներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէին, քանի որ իրենց իմաստութիւնը Եհովա Աստուծմէ էր։

5. Սողոմոն դրամին նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։

5 Սողոմոն ընդունեց, որ դրամը պաշտպանութիւն է (Ժող. 7։12)։ Երբ դրամ ունինք, կրնանք կեանքի անհրաժեշտ պէտքերը եւ մեր սրտին փափաքած կարգ մը բաները ձեռք ձգել։ Բայց Սողոմոն հարուստ ըլլալով հանդերձ, գիտակցեցաւ որ դրամէն աւելի կարեւոր բաներ կան։ Օրինակ, ան գրեց. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է» (Առ. 22։1)։ Ան նաեւ նկատեց, որ քիչ կը պատահի որ անոնք՝ որոնք դրամը կը սիրեն, իրենց ունեցածով գոհունակ ըլլան (Ժող. 5։10, 12)։ Եւ ան զգուշացուց մեր ամբողջ վստահութիւնը դրամին վրայ դնելէ, քանի որ մեր ունեցած դրամը կրնայ արագօրէն շոգիանալ (Առ. 23։4, 5

Նիւթական բաներուն նկատմամբ մեր տեսակէտը կը դժուարացնէ՞, որ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (տե՛ս պարբ. 6-7) *

6. Նիւթական բաներուն նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր (Մատթէոս 6։31-33

6 Յիսուս նիւթական բաներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Ան կը սիրէր ուտել եւ խմել (Ղուկ. 19։2, 6, 7)։ Առիթով մը, ան բարձր որակի գինի ըրաւ, ինչ որ իր առաջին հրաշքն էր (Յովհ. 2։10, 11)։ Իսկ իր մեռած օրը, սուղ հագուստ հագած էր (Յովհ. 19։23, 24)։ Բայց ան թոյլ չտուաւ, որ նիւթական բաները իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր տեղը գրաւեն։ Իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. . . չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին» (Մատ. 6։24, ՆԹ)։ Յիսուս սորվեցուց, որ եթէ նա՛խ Թագաւորութիւնը փնտռենք, Եհովան մեր պէտքերը պիտի ապահովէ (կարդա՛ Մատթէոս 6։31-33

7. Եղբայր մը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ դրամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալով։

7 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր դրամին նկատմամբ Եհովայի իմաստուն խրատները գործադրելով օգտուած են։ Նկատի առ Տէնիէլ անունով ամուրի եղբօր մը օրինակը։ Ան կ’ըսէ. «Պատանեկան տարիքիս որոշեցի հոգեւոր գործունէութիւնները կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձնել»։ Իր կեանքը պարզ պահելով, ան կրցաւ իր ժամանակը եւ հմտութիւնները գործածել բազմաթիւ աստուածպետական ծրագիրներու համար։ Ան կ’աւելցնէ. «Անկեղծօրէն կրնամ ըսել, թէ բնա՛ւ չեմ զղջացած ընտրած ընթացքիս համար։ Վստահաբար, կրնայի շատ դրամ շահիլ, եթէ ատիկա ըլլար իմ կեանքիս նպատակը։ Բայց այդ պարագային, պիտի չունենայի հիմակուան հոյակապ ընկերներս, ոչ ալ այն գոհունակութիւնը որ կը զգամ, քանի որ կեանքիս մէջ առաջին տեղը դրած եմ Թագաւորութիւնը։ Ո՛չ մէկ գումար կրնայ այն օրհնութիւններուն տեղը առնել, որ Եհովան ինծի տուած է»։ Յստակ է որ կ’օգտուինք, երբ կը կեդրոնանանք ոչ թէ դրամին վրայ, հապա հոգեւոր բաներու վրայ։

ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳՈՐԾԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՏԵՍԱԿԷՏ

8. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Սողոմոն գործին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր (Ժողովող 5։18, 19

8 Սողոմոն ըսաւ որ ծանր աշխատանքը կրնայ մէկը շատ ուրախացնել, ինչ որ «Աստուծոյ պարգեւն է» (կարդա՛ Ժողովող 5։18, 19)։ Ան նաեւ գրեց. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ» (Առ. 14։23)։ Ան այս մէկը փորձառաբար գիտէր, քանի որ ծանր աշխատող էր։ Տուներ շինեց, այգիներ տնկեց եւ պարտէզներ ու աւազաններ ըրաւ։ Քաղաքներ ալ շինեց (Գ. Թագ. 9։19. Ժող. 2։4-6)։ Անկասկած, ծանր աշխատանքը իրեն որոշ չափով գոհունակութիւն տուաւ։ Բայց գիտէր, որ իրապէս ուրախ ըլլալու համար, պէտք էր աւելին ընէր։ Ուստի, Եհովային համար ալ շատ բաներ ըրաւ։ Օրինակ, Եհովայի պաշտամունքին համար գեղեցիկ տաճար մը շինել տուաւ, որ եօթը տարուան մէջ ամբողջացաւ (Գ. Թագ. 6։38. 9։1)։ Այդ բոլոր բաները ընելէն ետք, Սողոմոն անդրադարձաւ որ անհատի մը համար ամենակարեւոր բանն է՝ Եհովային ծառայել։ Ան գրեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛» (Ժող. 12։13

9. Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշխարհիկ գործին չափէն դուրս կարեւորութիւն չտուաւ։

9 Յիսուս կը սիրէր աշխատիլ։ Երբ պատանի էր, ատաղձագործութիւն ըրաւ (Մար. 6։3)։ Անկասկած, իր ծնողները կը գնահատէին իր օգնութիւնը՝ իրենց մեծ ընտանիքին նիւթական պէտքերը հոգալու համար։ Եւ որովհետեւ Յիսուս կատարեալ էր, իր ըրած գործն ալ կատարեալ էր. եւ մարդիկ հաւանաբար կ’ուզէին իր շինածներէն ունենալ։ Ան շատ հաւանաբար իր գործէն հաճոյք կ’առնէր։ Բայց եւ այնպէս, ան ժամանակ տրամադրեց հոգեւոր գործունէութիւններուն (Յովհ. 7։15)։ Իսկ երբ սկսաւ լման ժամանակով քարոզել, իրեն մտիկ ընողներուն ըսաւ. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յովհ. 6։27)։ Իսկ Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը» (Մատ. 6։20

Ինչպէ՞ս կրնանք հաւասարակշռութիւն պահել մեր աշխարհիկ գործին եւ աստուածպետական գործունէութիւններուն միջեւ (տե՛ս պարբ. 10-11) *

10. Ոմանք իրենց աշխարհիկ գործին նկատմամբ թերեւս ի՞նչ խնդիր կ’ունենան։

10 Աստուածային իմաստութիւնը կ’օգնէ մեզի, որ մեր աշխարհիկ գործին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Աստուածաշունչը կը խրատէ, որ ծանր աշխատինք եւ լաւ գործեր ընենք (Եփ. 4։28)։ Գործատէրերը յաճախ կը նկատեն մեր պարկեշտութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը ու թերեւս ըսեն, որ շատ կը գնահատեն մեր գործին որակը։ Մենք ալ լաւ միտումով, թերեւս սկսինք աւելի երկար ժամեր աշխատիլ, յուսալով որ մեր գործատէրը ա՛լ աւելի լաւ տպաւորուի Եհովայի վկաներուն մասին։ Սակայն շատ չանցած, կը նկատենք որ սկսած ենք մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները եւ աստուածպետական գործունէութիւնները անտեսել։ Ուստի պէտք է փոփոխութիւն մը ընենք. պէտք է հաւասարակշռութիւն գտնենք։

11. Ուիլիամ ի՞նչ սորվեցաւ գործին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալու մասին։

11 Ուիլիամ անունով երիտասարդ եղբայր մը նկատած է, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ աշխարհիկ գործը իր տեղը պահենք։ Ան նախապէս երէցի մը քով կ’աշխատէր։ Անոր մասին կ’ըսէ. «Այս եղբայրը հոյակապ օրինակ է մէկու մը, որ գործը իր տեղը կը պահէ։ Ան ծանր կ’աշխատի եւ իր յաճախորդներուն քով լաւ անուն ձգած է, քանի որ իր գործը լաւ կ’ընէ։ Բայց օրուան վերջաւորութեան՝ իր գործէն ետք, ան գիտէ ինչպէ՛ս իր գործը մոռնալ եւ կեդրոնանալ իր ընտանիքին եւ պաշտամունքին վրայ։ Եւ աս ալ ըսեմ. ան ամէնէն ուրախ անձերէն է, որ գիտեմ» *։

ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՏԵՍԱԿԷՏ

12. Սողոմոն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր, բայց ետքը ինչպէ՞ս զայն կորսնցուց։

12 Երբ Սողոմոն Եհովային հաւատարիմ էր, իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Երբ երիտասարդ էր, համեստօրէն իր սահմանափակումները ընդունելով՝ Եհովայէն առաջնորդութիւն խնդրեց (Գ. Թագ. 3։7-9)։ Իր իշխանութեան սկիզբը, ան նաեւ գիտէր հպարտ դառնալուն վտանգին մասին։ Ան գրեց. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ» (Առ. 16։18)։ Ցաւօք սրտի, Սողոմոն իր իսկ խրատը չգործադրեց։ Ինչպէ՞ս։ Որոշ ժամանակ ետք, ան հպարտութեամբ Աստուծոյ պահանջները անտեսեց։ Օրինակ, օրէնքներէն մէկը ըսաւ որ եբրայեցի թագաւորը «իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։17)։ Բայց Սողոմոն այս օրէնքը անտեսեց եւ առաւ 700 կին ու 300 հարճ, որոնցմէ շատեր հեթանոս էին (Գ. Թագ. 11։1-3)։ Թերեւս ան մտածեց, որ ասիկա իրեն համար խնդիրներ պիտի չպատճառէր։ Ամէն պարագայի, ժամանակի ընթացքին, Սողոմոն Եհովայէն հեռանալու հետեւանքները կրեց (Գ. Թագ. 11։9-13

13. Յիսուսի խոնարհութեան վրայ խոկալով, ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Յիսուս իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած ու խոնարհ տեսակէտ պահպանեց։ Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ, հոյակապ բաներ ըրաւ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Իր միջոցաւ «ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ» (Կող. 1։16)։ Յիսուս իր մկրտութեան ատեն հաւանաբար վերյիշեց ինչ որ իրագործած էր, երբ իր Հօր հետ էր (Մատ. 3։16. Յովհ. 17։5)։ Բայց այդ գիտելիքները պատճառ չեղան, որ Յիսուս հպարտանայ։ Ընդհակառակը, ան բնա՛ւ ինքզինք չտեսաւ ուրիշներուն վրայ։ Իր աշակերտներուն ըսաւ, որ ինք «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Ան նաեւ համեստաբար ընդունեց, որ «ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել» (Յովհ. 5։19)։ Ի՜նչ խոնարհութիւն։ Ան մեզի համար հոյակապ օրինակ մըն է, որ իր քայլերուն հետեւինք։

14. Յիսուսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ մեր անձին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենալու մասին։

14 Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ իրենց անձին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենան։ Առիթով մը զանոնք վստահեցուց. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են» (Մատ. 10։30)։ Այդ խօսքը մեզ շատ կը մխիթարէ, մանաւանդ եթէ մեր անձին նկատմամբ ժխտական տեսակէտ ունինք։ Անիկա կը նշանակէ, որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է. թէ մենք շա՜տ արժէքաւոր ենք իր աչքին։ Եթէ Եհովան թոյլ կու տայ որ զինք պաշտենք եւ կը սեպէ որ արժանի ենք նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու, պէտք չէ խորհինք որ իր մտածածը սխալ է։

Ի՞նչ առիթներ եւ օրհնութիւններ կրնանք փախցնել, եթէ մեր անձին վրայ չափէն դուրս կեդրոնանանք (տե՛ս պարբ. 15) *

15. ա) Դիտարան–ը քաջալերեց որ ի՞նչ ընենք։ բ) Էջ 24–ի նկարներուն համաձայն, եթէ չափէն աւելի մեր անձին վրայ կեդրոնանանք, ի՞նչ օրհնութիւններ կը փախցնենք։

15 Շուրջ 15 տարի առաջ, Դիտարան–ը քաջալերեց որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք, ըսելով. «Վստահաբար, չենք ուզեր մեր անձին մասին շատ բարձր կարծիք ունենալ ինքնահաւան դառնալու աստիճան. ոչ ալ կ’ուզենք միւս ծայրայեղութեան երթալով, մենք մեզ անարժէք նկատել։ Փոխարէնը, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ մեր անձին մասին տրամաբանական տեսակէտ մշակել, որ հաշուի կ’առնէ թէ՛ մեր կարողութիւնները եւ թէ մեր սահմանափակումները։ Քրիստոնեայ կին մը ասիկա հետեւեալ կերպով արտայայտեց. ‘Ես չարութեան մարմնացումը չեմ, ոչ ալ Աստուծոյ նուէրն եմ մարդկութեան։ Ամէն անհատի պէս, թէ՛ լաւ կողմեր եւ թէ վատ կողմեր ունիմ’» *։ Յստակօրէն կը տեսնենք, թէ ինչո՛ւ լաւ է որ մեր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։

16. Եհովան ինչո՞ւ մեզի իմաստուն խրատներ կու տայ։

16 Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ մեզի իմաստուն առաջնորդութիւն կու տայ։ Ան մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք (Եսա. 48։17, 18)։ Մեծագոյն ուրախութիւնը բերող իմաստուն ընթացքն է՝ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել Եհովայի շահերը։ Այսպէս, չենք ունենար այն բազմաթիւ խնդիրները, որոնք կ’ունենան անոնք որոնք չափէն դուրս կը կեդրոնանան՝ դրամին, աշխարհիկ գործին կամ իրենց անձին վրայ։ Թող իւրաքանչիւրս վճռենք իմաստուն ըլլալ եւ Եհովայի սիրտը ուրախացնել (Առ. 23։15

ԵՐԳ 113 Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար

^ պարբ. 5 Սողոմոն եւ Յիսուս մեծ իմաստութիւն ունէին։ Անոնց իմաստութիւնը Եհովայէն էր։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այն ներշնչեալ խրատները, որոնք Սողոմոն եւ Յիսուս տուին՝ դրամին, աշխարհիկ գործին եւ մեր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալու մասին։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ կարգ մը հաւատակիցներ ինչպէ՛ս օգտուած են այդ մարզերուն մէջ սուրբգրային խրատները գործադրելով։

^ պարբ. 11 Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս ծանր աշխատանքէն հաճոյք առնել» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 փետրուար 2015 թիւին մէջ։

^ պարբ. 15 Տե՛ս «Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ուրախութիւն գտնելու» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2005 թիւին մէջ։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ճոն եւ Թոմ երկու երիտասարդ եղբայրներ են, որոնք նոյն ժողովքին մէջ կը ծառայեն։ Ճոնը շատ ժամանակ կ’անցընէ իր ինքնաշարժին հոգ տանելով։ Թոմ իր ինքնաշարժը կը գործածէ ուրիշներուն օգնելու, որ ծառայութեան մասնակցին եւ ժողովներու երթան։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ճոնը յաւելեալ ժամեր կ’աշխատի։ Ան չ’ուզեր իր գործատէրը յուսախաբ ընել։ Անոր համար, ամէն անգամ որ իր գործատէրը խնդրէ, որ յաւելեալ ժամեր աշխատի, ան կը համաձայնի։ Նոյն երեկոն, Թոմ, որ օգնական ծառայ է, երէցի մը հետ հովուական այցելութիւն կ’ընէ։ Ան առաջուընէ բացատրած է իր գործատիրոջ, որ շաբթուան մէջ քանի մը երեկոյ տրամադրած է որ Եհովային ծառայէ, եւ այդ ժամերուն չի կրնար աշխատիլ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ճոնը իր անձին վրայ կեդրոնացած է։ Թոմ, որ հոգեւոր բաները իր շահերէն առաջ կը դնէ, նոր բարեկամներ կ’ունենայ, մասնակցելով համաժողովի սրահի մը նորոգման։