Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (ՄԱՏ. 22։37

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ինչո՞ւ կարգ մը համարներ աւելի կարեւոր կը դառնան մեզի համար, երբ մեր պարագաները կը փոխուին։

 ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ օրը, հարսն ու փեսան ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն սուրբգրային դասախօսութիւն մը, որ ամուսնութեան մասին կը խօսի։ Դասախօսութեան մէջ յիշուած համարները ծանօթ են իրենց։ Բայց հիմա ատոնք աւելի կարեւոր կը դառնան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ համարները պիտի գործադրեն որպէս ամուսնացած զոյգ։

2 Պարագան նոյնն է, երբ զոյգը ծնողք կը դառնայ։ Տարիներու ընթացքին, անոնք լսած են կարգ մը դասախօսութիւններ զաւակ մեծցնելու մասին։ Բայց հիմա այդ դասախօսութիւններուն տուած խրատները աւելի կարեւոր կը դառնան, քանի որ իրե՛նց զաւակը պիտի մեծցնեն։ Ի՜նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Վստահաբար կեանքի նոր պարագաները կրնան ձգել, որ ծանօթ եղող սուրբգրային սկզբունքները տարբեր անկիւնէ դիտենք։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ իսրայէլացի թագաւորներուն պէս, Եհովան պաշտողները կը կարդան Սուրբ Գրութիւնները եւ անոնց վրայ կը խոկան, իրենց կեանքին «բոլոր օրերուն մէջ» (Բ. Օր. 17։19

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Ծնողնե՛ր, ամենամեծ առանձնաշնորհումներէն մէկը ունիք. ձեր զաւակներուն սորվեցնել Եհովայի մասին։ Բայց չէք ուզեր միայն տեղեկութիւններ տալ ձեր զաւակներուն։ Դուք կ’ուզէք անոնց օգնել, որ Եհովան խորապէս սիրեն։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ կրնաք ընել։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք կրնան ձեզի օգնել որպէս ծնողներ (Բ. Տիմ. 3։16)։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ կարգ մը քրիստոնեայ ծնողներ ինչպէ՛ս օգտուած են գործադրելով Աստուածաշունչին խրատները։

ՉՈՐՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼ

Զաւակներդ ինչպէ՞ս պիտի օգտուին, եթէ միշտ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռես եւ լաւ օրինակ ըլլաս (տե՛ս պարբ. 4, 8)

4. Ո՞ր սկզբունքը կրնայ ծնողներուն օգնել, որ Եհովայի հանդէպ սէր մշակեն իրենց զաւակներուն սրտին մէջ (Յակոբոս 1։5

4 Սկզբունք 1. Փնտռէ Եհովայի առաջնորդութիւնը։ Եհովայէն խնդրէ այն իմաստութիւնը, որուն պէտք ունիս, որպէսզի զաւակներուդ օգնես իրեն հանդէպ սէր մշակելու (կարդա՛ Յակոբոս 1։5)։ Ան խրատ տալու համար լաւագոյն Անձն է։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երկու պատճառ։ Առաջին, Եհովան ամենաշատ փորձառութիւնը ունի որպէս ծնող (Սաղ. 36։9)։ Իսկ երկրորդ, իր տուած իմաստուն խրատը միշտ օգուտներ կը բերէ (Եսա. 48։17

5. ա) Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս ծնողներուն կ’օգնէ։ բ) Եղբայր եւ քոյր Ամորիմները ինչպէ՞ս իրենց զաւակները մեծցուցին։

5 Եհովան իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ քեզի, որպէսզի զաւակներդ այնպէս մը մեծցնես, որ զինք սիրեն (Մատ. 24։45)։ Օրինակ, շատ մը գործնական խրատներ կրնաս գտնել «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքին մէջ, որ քանի մը տարի լոյս տեսաւ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ (արաբ.), եւ հիմա կը գտնուի մեր կայքին վրայ։ Նաեւ, jw.org կայքին վրայ բազմաթիւ վիտէօներ կան, որոնք կրնան ծնողներուն օգնել, որ Եհովայի խրատները գործադրեն, մինչ իրենց զաւակները կը մեծցնեն (Առ. 2։4-6) *։

6. Ճօ եւ իր կինը Եհովայի կազմակերպութենէն իրենց ստացած ուղղութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգան։

6 Շատ մը ծնողներ իրենց գնահատանքը արտայայտած են այն օգնութեան համար, որ Եհովան կու տայ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Ճօ անունով հայր մը կ’ըսէ. «Երեք զաւակներ ճշմարտութեան մէջ մեծցնելը դիւրին գործ չէ։ Ես ու կինս միշտ աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը կը խնդրենք։ Եւ յաճախ զգացած ենք, որ յօդուած մը կամ վիտէօ մը ճիշդ ժամանակին կու գայ մեզի օգնելու, որ մեր դիմագրաւած խնդրին հետ գլուխ ելլենք։ Մենք միշտ ապաւինած ենք Եհովայի խրատներուն»։ Ճօ եւ իր կինը նկատած են, որ այս յօդուածներն ու վիտէօները կ’օգնեն իրենց զաւակներուն որ Եհովային մօտենան։

7. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողները իրենց լաւագոյնը ընեն, որ լաւ օրինակ ըլլան (Հռովմայեցիս 2։21

7 Սկզբունք 2. Օրինակովդ սորվեցուր։ Զաւակները իրենց ծնողները մօտէն կը դիտեն եւ յաճախ զիրենք կ’ընդօրինակեն։ Անշուշտ, ծնող մը չկայ որ կատարեալ է (Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, իմաստուն ծնողները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իրենց զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլան (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։21)։ Հայր մը իր զաւակներուն մասին խօսելով, ըսաւ. «Անոնք սպունգի պէս են, որ ամէն բան կը ծծէ»։ Ան աւելցուց. «Անոնք մեզի պիտի ըսե՛ն, երբ չընենք այն բաները, որ իրենց կը սորվեցնենք որ ընեն»։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք որ մեր զաւակները Եհովան սիրեն, պէտք է իրեն հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր եւ յայտնի ըլլայ։

8-9. Ի՞նչ սորվեցար Էնտրուի եւ Էմմայի ըսածներէն։

8 Ծնողները շատ մը կերպերով կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել, որ Եհովան սիրեն։ Էնտրու անունով 17 տարեկան եղբայր մը կ’ըսէ. «Ծնողներս միշտ շեշտած են աղօթքին կարեւորութիւնը։ Ամէն իրիկուն հայրս ինծի հետ կ’աղօթէր, նոյնիսկ եթէ արդէն իմ անձնական աղօթքս ըրած էի։ Ծնողներս միշտ մեզի կ’ըսէին. ‘Ձեր ուզածին չափ կրնաք Եհովային խօսիլ’։ Անոր համար, աղօթքը շատ կարեւոր բան մը եղաւ ինծի համար։ Այժմ դիւրաւ կ’աղօթեմ եւ կը զգամ որ Եհովան Հայր մըն է, որ զիս կը սիրէ»։ Ծնողնե՛ր, միշտ յիշեցէք որ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը կրնայ ձեր զաւակներուն օգնել, որ զինք սիրեն։

9 Նաեւ նկատի առ Էմմայի օրինակը։ Երբ իր հայրը ընտանիքը լքեց, իր մայրը ստիպուեցաւ անոր պարտքերը վճարել։ Էմման կ’ըսէ. «Շատ անգամ, մայրս բաւարար դրամ չէր ունենար։ Բայց միշտ կը խօսէր թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր ծառաներուն հոգ կը տանի։ Կրնայի տեսնել իր ապրելակերպէն, թէ այդ կէտին նկատմամբ շատ համոզուած էր։ Մայրս կը գործադրէր ի՛նչ որ ինծի կը սորվեցնէր»։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Ծնողները կրնան իրենց օրինակով սորվեցնել, նոյնիսկ դժուար պարագաներու մէջ (Գաղ. 6։9

10. Իսրայէլացի ծնողները ի՞նչ առիթներ ունէին, որ իրենց զաւակներուն խօսէին Եհովայի մասին (Բ. Օրինաց 6։6, 7

10 Սկզբունք 3. Զաւակներուդ հետ կանոնաւորաբար խօսէ։ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց զաւակներուն կանոնաւորաբար սորվեցնեն իր մասին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Ծնողները օրուան ընթացքին շատ առիթներ ունէին, որ իրենց զաւակներուն հետ խօսէին եւ անոնց սրտին մէջ Եհովայի հանդէպ սէր քանդակէին։ Օրինակ, իսրայէլացի տղան կրնար իր հօր հետ ժամերով ցանել կամ հնձել։ Իսկ իր քոյրը կրնար տան մէջ իր մօր օգնել տունի գործերուն մէջ, ինչպէս՝ կարել, մանել եւ եփել։ Մինչ ծնողները եւ զաւակները իրարու հետ կ’աշխատէին, կրնային խօսակցիլ շատ մը կարեւոր նիւթերու շուրջ։ Օրինակ, անոնք կրնային խօսիլ Եհովայի բարութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս իրենց ընտանիքին կ’օգնէ։

11. Ներկայիս ծնողները ի՞նչ առիթ ունին իրենց զաւակներուն հետ խօսելու։

11 Ժամանակները փոխուած են։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ծնողներն ու զաւակները չեն կրնար իրարու հետ շատ ժամանակ անցընել օրուան ընթացքին։ Ծնողները թերեւս գործի ըլլան, իսկ զաւակները՝ դպրոցը։ Անոր համար, ծնողները պէտք է առիթներ փնտռեն, որ իրենց զաւակներուն հետ խօսին (Եփ. 5։15, 16. Փլպ. 1։10)։ Ընտանեկան պաշտամունքը այսպիսի առիթ մըն է։ Ալեքսանդր անունով պատանի եղբայր մը կ’ըսէ. «Հայրս միշտ կարգադրութիւններ կ’ընէ ընտանեկան պաշտամունքին համար, եւ թոյլ չի տար որ որեւէ բան անոր արգելք ըլլայ։ Իսկ յայտագիրէն ետք, կը շարունակենք կարեւոր նիւթերու մասին իրարու հետ խօսակցիլ»։

12. Ընտանիքի գլուխը ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենայ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։

12 Եթէ ընտանիքի գլուխ ես, ի՞նչ կրնաս ընել որ ընտանեկան պաշտամունքը հաճոյալի ըլլայ քու զաւակներուդ։ Կրնաս զաւակներուդ հետ սերտել մեր հոյակապ նոր հրատարակութիւնը՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն։ Այս գիրքը կը դիւրացնէ լաւ խօսակցութիւններ ունենալը։ Անշուշտ, կ’ուզես որ զաւակներդ իրենց զգացումները եւ մտահոգութիւնները արտայայտեն. հետեւաբար, ընտանեկան պաշտամունքի ժամանակը մի՛ գործածեր զանոնք քննադատելու կամ սրբագրելու համար։ Եւ ջանա՛ չբարկանալ, եթէ զաւակներդ կարծիք մը տան, որ Սուրբ Գիրքին համաձայն չէ։ Ընդհակառակը, ուրախ եղիր որ անոնք անկեղծօրէն կ’արտայայտուին, եւ զիրենք քաջալերէ որ ազատ զգան խօսելու։ Պիտի կարենաս զաւակներուդ լաւագոյն կերպով օգնել, միայն եթէ գիտնաս թէ իրապէս ի՛նչ կը զգան ու կը մտածեն։

Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ստեղծագործութիւնը գործածել, որպէսզի իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովայի յատկութիւններուն մասին (տե՛ս պարբ. 13)

13. Ծնողները ուրիշ ի՞նչ առիթներ ունին իրենց զաւակներուն օգնելու որ Եհովային մօտենան։

13 Ծնողնե՛ր, օրուան մէջ առիթներ փնտռեցէք ձեր զաւակներուն օգնելու, որ Եհովային մօտենան։ Պէտք չունիք սպասելու որ Աստուածաշունչի սերտողութեան ժամանակը գայ, որպէսզի անոնց սորվեցնէք մեր սիրելի Աստուծոյն մասին։ Տե՛ս թէ Լիսա անունով մայր մը ի՛նչ կ’ըսէ. «Մեր զաւակներուն օգնեցինք, որ Եհովային եւ ստեղծագործութեան միջեւ եղած կապը տեսնեն։ Օրինակ, երբ մեր շունին շարժուձեւերը մեր պզտիկները կը խնդացնէին, անոնց ուշադրութեան կը յանձնէինք, թէ ասիկա ցոյց կու տայ որ մեր Ստեղծիչը ուրախ Աստուած է եւ կեանքը կը սիրէ, ճիշդ մեզի պէս»։

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ընկերները կը ճանչնա՞ք (տե՛ս պարբ. 14) *

14. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողները իրենց զաւակներուն օգնեն, որ լաւ ընկերներ ընտրեն (Առակաց 13։20

14 Սկզբունք 4. Զաւակներուդ օգնէ որ լաւ ընկերներ ընտրեն։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ մեր ընկերները կրնան լաւ կամ գէշ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ (կարդա՛ Առակաց 13։20)։ Ծնողնե՛ր, կը ճանչնա՞ք ձեր զաւակներուն ընկերները։ Անոնց հետ ժամանակ անցուցա՞ծ էք։ Ի՞նչ կրնաք ընել, որ ձեր զաւակները ունենան ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն (Ա. Կոր. 15։33)։ Կրնաք հրաւիրել հոգեւորապէս լաւ անհատներ, որ մասնակցին ձեր ընտանեկան գործունէութիւններուն (Սաղ. 119։63

15. Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու, որ լաւ բարեկամներ գտնեն։

15 Նկատի առ Թոնի անունով հօր մը փորձառութիւնը։ Ան կը բացատրէ, թէ ինք ու իր կինը ի՛նչ ըրին, որպէսզի իրենց զաւակները լաւ բարեկամներ գտնեն. «Տարիներու ընթացքին, կինս ու ես մեր տունը հրաւիրած ենք տարբեր տարիքի եւ տարբեր ենթահողերէ եղող եղբայրներ ու քոյրեր։ Անոնք մեզի հետ կը ճաշէին եւ մեր ընտանեկան պաշտամունքին կը մասնակցէին։ Ասիկա լաւ կերպ մըն էր ճանչնալու անոնք, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ ուրախութեամբ իրեն կը ծառայեն։ Մեր տունը ընդունած ենք շրջանային տեսուչներ, միսիոնարներ եւ ուրիշներ։ Անոնց փորձառութիւնները, նախանձախնդրութիւնը եւ անձնազոհ հոգին մեծապէս ազդած են մեր զաւակներուն եւ անոնց օգնած են, որ Եհովային մօտենան»։ Ծնողնե՛ր, վճռեցէք ձեր զաւակներուն օգնել, որ շինիչ ընկերակցութիւն ունենան։

ՅՈՅՍԴ ՄԻ՛ ԿՏՐԵՐ

16. Ի՞նչ ընել եթէ զաւակ մը ըսէ, որ չ’ուզեր Եհովային ծառայել։

16 Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ հակառակ ծանր աշխատանքիդ, զաւակներէդ մէկը ըսէ որ չ’ուզեր Եհովային ծառայել։ Մի՛ եզրակացներ թէ անյաջող ծնող մըն ես։ Բոլորին,– մէջը ըլլալով զաւակդ,– Եհովան տուած է ազատ կամքի պարգեւը. ընտրել իրեն ծառայե՛լ կամ ոչ։ Եթէ զաւակդ որոշէ Եհովան ձգել, յոյսդ մի՛ կտրեր որ օրին մէկը պիտի վերադառնայ։ Յիշէ անառակ որդիին առակը (Ղուկ. 15։11-19, 22-24)։ Այդ երիտասարդը գէշ բաներ ըրաւ, բայց վերջաւորութեան վերադարձաւ։ Ոմանք թերեւս ըսեն. «Ատիկա առակ էր։ Կրնա՞յ իրական կեանքի մէջ պատահիլ»։ Այո՛, կրնայ պատահիլ։ Նկատի առ Էլի անունով երիտասարդի մը փորձառութիւնը։

17. Էլիին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս քեզ կը քաջալերէ։

17 Էլին իր ծնողներուն մասին կ’ըսէ. «Իրենց լաւագոյնը ըրին, որ ինծի սորվեցնեն սիրել Եհովան եւ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Սակայն, պատանեկութեան տարիներուս սկսայ ըմբոստանալ»։ Էլին սկսաւ կրկնակի կեանք վարել, եւ մերժեց այն բոլոր ջանքերը, որ իր ծնողները թափեցին՝ իրեն հոգեւորապէս օգնելու։ Ան տունը ձգեց եւ սխալ վարքի մէջ մխրճուեցաւ։ Հակառակ ատոր, ատեններ իր ընկերներէն մէկուն հետ սուրբգրային խօսակցութիւններ կ’ունենար։ Էլին կ’ըսէ. «Ընկերոջս ո՛րքան աւելի կը խօսէի Եհովայի մասին, ա՛յնքան աւելի կը մտածէի Եհովայի մասին։ Կամաց–կամաց Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմերը, որոնք ծնողներս շատ ջանք թափած էին որ ցանէին սրտիս մէջ, սկսան ծիլ տալ»։ Ժամանակի ընթացքին, ան ճշմարտութեան վերադարձաւ *։ Երեւակայէ, թէ իր ծնողները որքա՜ն ուրախ էին, որ ջանք թափած էին պզտիկ տարիքէն իրեն սորվեցնելու, որ Եհովան սիրէ (Բ. Տիմ. 3։14, 15

18. Ի՞նչ կը զգաս այն ծնողներուն հանդէպ, որոնք ծանր կ’աշխատին որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովան սիրել։

18 Ո՛վ ծնողներ, Եհովա Աստուած ձեզի հոյակապ առանձնաշնորհում մը տուած է, որ է՝ զինք պաշտող նոր սերունդ մը մէջտեղ բերել (Սաղ. 78։4-6)։ Ասիկա դիւրին պարտականութիւն մը չէ, եւ մենք ձեզ կը գովենք ձեր ծանր աշխատանքին համար, որ ձեր զաւակներուն օգնէք։ Եթէ շարունակէք ձեր զաւակներուն օգնել, որ Եհովան սիրեն ու իրեն հնազանդին, կրնաք վստահ ըլլալ, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր սիրտը պիտի ուրախացնէք (Եփ. 6։4

ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

^ պարբ. 5 Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակները շատ կը սիրեն։ Անոնք ծանր կ’աշխատին, որ անոնց ֆիզիքական ու զգացական պէտքերը հոգան։ Բայց աւելի կարեւորը, անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իրենց պզտիկներուն մէջ Եհովայի հանդէպ խոր սէր մշակեն։ Յօդուածը պիտի քննարկէ աստուածաշնչական չորս սկզբունքներ, որոնք կրնան ծնողներուն օգնել, որ այդ նպատակակէտին հասնին։

^ պարբ. 17 Տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2012 թիւին մէջ։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայր մը, ուզելով ճանչնալ իր տղուն ընկերները, պասքեթպոլ կը խաղայ իր տղուն եւ անոր ընկերոջ հետ։