ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20
Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ թշնամիներուն համար
«Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի» (ՅԱՅՏ. 16։16)։
ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ ժողովուրդին մասին։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ գիրքը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը հաստատուած է եւ թէ Սատանան երկինքէն վռնտուած է (Յայտ. 12։1-9)։ Ասիկա բերաւ խաղաղութիւն երկինքի մէջ, բայց երկրի վրայ՝ խնդիրներ մեզի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան բարկացած է ու կը յարձակի անոնց վրայ, որոնք Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն (Յայտ. 12։12, 15, 17)։
2. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ անխախտ մնանք։
2 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ անխախտ մնանք Սատանայի յարձակումներուն դիմաց (Յայտ. 13։10)։ Գիտնալը, թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի։ Օրինակ, Յայտնութիւն գրքին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ կարգ մը օրհնութիւններ, որոնք մօտ ատենէն պիտի վայելենք։ Այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ Աստուծոյ թշնամիներուն կործանումը։ Տեսնենք թէ Յայտնութիւն գիրքը այդ թշնամիները ինչպէ՛ս կը նկարագրէ եւ թէ անոնց ի՛նչ պիտի պատահի։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ «ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆՆԵՐՈՎ»
3. Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կարգ մը խորհրդանշաններ կը գործածէ։
3 Սկիզբէն իսկ Յայտնութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ, որ իր տեղեկութիւնները ներկայացուած են «խորհրդանշաններով», այսինքն՝ այլաբանական լեզուով (Յայտ. 1։1, ՆԱ)։ Աստուծոյ թշնամիները ներկայացուած են որպէս գազաններ։ Օրինակ, կայ գազան մը, որ ‘ծովէն կ’ելլէ’ եւ ունի «եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր» (Յայտ. 13։1)։ Անոր կը յաջորդէ ուրիշ գազան մը, որ ‘երկրէն կ’ելլէ’, ‘վիշապի պէս կը խօսի’ ու ‘երկնքէն կրակ կ’իջեցնէ’ (Յայտ. 13։11-13)։ Ետքը, կը տեսնենք «կարմիր գազան մը», որուն վրայ պոռնիկ մը նստած է եւ զայն կը քշէ։ Այս երեք գազանները կը ներկայացնեն թշնամիներ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարին Եհովա Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան դէմ։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ գիտնանք թէ անոնք որո՛նք են (Յայտ. 17։1, 3)։
4-5. Դանիէլ 7։15-17–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ հասկնալու այս խորհրդանշաններուն իմաստը։
4 Հասկնալու համար, թէ որո՛նք են այդ թշնամիները, նա՛խ պէտք է գիտնանք թէ այս այլաբանական լեզուն ի՛նչ կը նշանակէ։ Ատոր համար պէտք է թոյլ տանք, որ Աստուածաշունչը ինքզինք բացատրէ։ Յայտնութիւն գրքին շատ մը խորհրդանշանները Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքերու մէջ արդէն բացատրուած են։ Օրինակ, Դանիէլ մարգարէն երազի մը մէջ տեսաւ, որ «ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան» (Դան. 7։1-3)։ Ան բացատրեց անոնց նշանակութիւնը։ Այս մեծ գազանները կը ներկայացնէին չորս «թագաւորներ», այսինքն՝ կառավարութիւններ (կարդա՛ Դանիէլ 7։15-17)։ Այդ յստակ բացատրութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ Յայտնութիւն գրքին մէջ յիշուած գազանները նոյնպէս կը ներկայացնեն քաղաքական ուժեր, կամ՝ կառավարութիւններ։
5 Հիմա քննենք Յայտնութիւն գրքին կարգ մը խորհրդանշանները։ Աստուածաշունչը ինք մեզի պիտի օգնէ, որ հասկնանք այդ խորհրդանշաններուն իմաստը։ Նա՛խ պիտի գիտնանք թէ գազանները ի՛նչ կը ներկայացնեն։ Ետքը պիտի տեսնենք, թէ անոնց ի՛նչ պիտի պատահի։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ այս դէպքերը մեզի համար ի՛նչ կը նշանակեն։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳԻՏՑՈՒԻՆ
6. Յայտնութիւն 13։1-4–ին մէջ յիշուած եօթը գլուխ ունեցող գազանը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
6 Եօթը գլուխ ունեցող գազանը ի՞նչ կը ներկայացնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 13։1-4)։ Կը տեսնենք, որ այս գազանը ինձի նման է, բայց ոտքերը արջի ոտքերուն պէս է ու բերանը առիւծի բերանին պէս է, եւ ունի տասը եղջիւր։ Այս գազանին ունեցած ֆիզիքական յատկութիւնները նաեւ Դանիէլ գրքի 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած չորս գազաններէն ամէն մէկուն ֆիզիքական մէկ յատկութիւնն են։ Բայց Յայտնութիւն գրքին մէջ այս բոլոր յատկութիւնները կը գտնուին մէկ գազանի մէջ, եւ ոչ թէ չորս անջատ գազաններու մէջ։ Այս գազանը միայն մէկ կառավարութիւն կամ աշխարհակալ ոյժ չի ներկայացներ։ Յովհաննէս կ’ըսէ որ ան կ’իշխէ «բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ»։ Ուրեմն, անիկա մէկ կառավարութենէ աւելի մեծ է (Յայտ. 13։7)։ Հետեւաբար, ան կը ներկայացնէ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք մարդկութեան վրայ իշխած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին (Ժող. 8։9) *։
7. Գազանին եօթը գլուխներէն ամէն մէկը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
7 Եօթը գլուխներէն ամէն մէկը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Յայտնութիւն գրքին 17–րդ գլուխը մեզի կ’օգնէ պատասխանը գիտնալու, քանի որ կը նկարագրէ 13–րդ գլուխին մէջ յիշուած գազանին պատկերը։ Յայտնութիւն 17։9, 10–ը կ’ըսէ. «Եօթը թագաւորներ են։ Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ»։ Սատանային գործածած բոլոր կառավարութիւններուն մէջ կան եօթը կառավարութիւններ, որոնք «գլուխ» կը սեպուին, քանի որ շատ զօրութիւն ունեցած են։ Անոնք համաշխարհային կայսրութիւններ են, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին մեծապէս ազդած են։ Յովհաննէս առաքեալի օրերուն, անոնցմէ հինգը արդէն իշխած էին. Եգիպտոս, Ասորեստան, Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան եւ Յունաստան։ Իսկ վեցերորդ աշխարհակալ ուժը՝ Հռոմը, տակաւին կ’իշխէր, երբ Յովհաննէս ստացաւ յայտնութիւնը։ Ո՞ր կառավարութիւնը պիտի ըլլար եօթներորդ եւ վերջին աշխարհակալ ուժը, կամ՝ գլուխը։
8. Գազանին եօթներորդ գլուխը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
8 Պիտի տեսնենք, որ Դանիէլ գրքին մարգարէութիւնները մեզի կ’օգնեն գիտնալու, թէ գազանին եօթներորդ եւ վերջին գլուխը ո՛վ է։ Ո՞ր աշխարհակալ ուժը կ’իշխէ այս վերջին օրերուն, այսինքն՝ «Տէրոջ օրուան» ընթացքին (Յայտ. 1։10, ՆԱ)։ Անիկա կը բաղկանայ երկու զօրաւոր կառավարութիւններէ, որոնք իրարու հետ կը համագործակցին։ Ատոնք են՝ Բրիտանիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կամ ուրիշ խօսքով՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Հետեւաբար, կ’եզրակացնենք որ անիկա Յայտնութիւն 13։1-4–ին մէջ յիշուած գազանին եօթներորդ գլուխն է։
9. Ո՞վ է «գառնուկի նման երկու եղջիւր» ունեցող գազանը։
9 Յայտնութիւն գրքին 13–րդ գլուխը կ’ըսէ, որ այս եօթներորդ գլուխը՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, նաեւ գազան մըն է, որ ‘գառնուկի նման երկու եղջիւր ունի ու կը խօսի վիշապի պէս’։ Ան ‘մեծ նշաններ կ’ընէ ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէ երկրի վրայ մարդոց առջեւ’ (Յայտ. 13։11-15)։ Իսկ Յայտնութիւն գրքին 16–րդ եւ 19–րդ գլուխները այս գազանը կը կոչեն «սուտ մարգարէն» (Յայտ. 16։13. 19։20)։ Նոյնանման բան մը Դանիէլ յիշեց, ըսելով որ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը «ահաւոր աւերներ պիտի գործէ» (Դան. 8։19, 23, 24)։ Եւ ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Բրիտանացի եւ ամերիկացի գիտնականները միասնաբար հնարեցին այն երկու աթոմական ռումբերը, որոնք կարեւոր դեր խաղցան պատերազմին վերջ դնելու մէջ։ Այդ ռումբերը շինելով, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը ‘երկնքէն կրակ իջեցուց երկրի վրայ’։
10. «Գազանին պատկերը» ի՞նչ կը ներկայացնէ (Յայտնութիւն 13։14, 15. 17։3, 8, 11)։
10 Ետքը, կը տեսնենք ուրիշ գազան մը։ Անիկա շատ կը նմանի եօթը գլուխ ունեցող գազանին, բայց կարմիր է եւ իր մասին կը խօսուի որպէս «գազանին պատկերը» եւ «ութերորդ» թագաւոր (կարդա՛ Յայտնութիւն 13։14, 15. 17։3, 8, 11) *։ Յովհաննէս կ’ըսէ, որ անիկա կար, ետքը անհետացաւ, ապա ետ մէջտեղ եկաւ։ Ասիկա շատ լաւ կերպով կը նկարագրէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որ համաշխարհային քաղաքական դրութեան շահերը յառաջ կը մղէ։ Անիկա սկիզբը կը կոչուէր Ազգերու դաշնակցութիւն։ Ետքը, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին անհետացաւ։ Իսկ աւելի ուշ, մէջտեղ եկաւ որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն։
11. Գազանները մարդիկը կը դրդեն որ ի՞նչ ընեն, եւ ինչո՞ւ պէտք չունինք վախնալու։
11 Իրենց փրոփականտին միջոցով, այս գազանները մարդիկը կը դրդեն, որ Եհովային եւ իր ժողովուրդին հակառակին։ Այլաբանօրէն, անոնք «բոլոր աշխարհի թագաւորները» կը հաւաքեն Արմագեդոն պատերազմին համար, որ է՝ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրը’ (Յայտ. 16։13, 14, 16)։ Մենք պէտք չունինք վախնալու, քանի որ Եհովան արագօրէն պիտի հակազդէ եւ պիտի ազատէ բոլոր անոնք, որոնք իր իշխանութեան թիկունք կը կանգնին (Եզեկ. 38։21-23)։
12. Բոլոր գազաններուն ի՞նչ պիտի պատահի։
12 Բոլոր գազաններուն ի՞նչ կը պատահի։ Յայտնութիւն 19։20–ը կը պատասխանէ. «Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան»։ Ուրեմն, մինչ Աստուծոյ այս քաղաքական թշնամիները տակաւին կ’իշխեն, միանգամ ընդմիշտ պիտի ոչնչացուին։
13. Աշխարհի կառավարութիւնները բոլոր քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ խնդիր կը պատճառեն։
13 Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Որովհետեւ քրիստոնեաներ ենք, պէտք է Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան հաւատարիմ ըլլանք (Յովհ. 18։36)։ Անոր համար, պէտք է չէզոք մնանք՝ աշխարհի քաղաքականութիւններուն չխառնուելով։ Սակայն չէզոք մնալը կրնայ շատ դժուար ըլլալ, քանի որ կառավարութիւնները կը պահանջեն, որ իրենց թիկունք կանգնինք մեր խօսքերով ու գործերով։ Անոնք, որոնք իրենց ճնշումին տեղի կու տան, գազանին դրոշմը կը ստանան (Յայտ. 13։16, 17)։ Եւ այդ դրոշմը ստացողը պիտի չունենայ Եհովայի հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը (Յայտ. 14։9, 10. 20։4)։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս լման կերպով չէզոք մնանք, ի՛նչ ճնշումի տակ ալ դրուինք կառավարութիւններուն կողմէ։
ՄԵԾ ՊՈՌՆԻԿԻՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ՎԱԽՃԱՆԸ
14. Յայտնութիւն 17։3-5–ի համաձայն, Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ զարմանալի բան մը կը տեսնէ։
14 Յովհաննէս առաքեալ պատմեց բանի մը մասին, որ զայն տեսնելով՝ ‘մեծ զարմանքով զարմացաւ’։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Կին մը այս վայրագ գազաններէն մէկուն վրայ նստած էր ու զայն կը քշէր (Յայտ. 17։1, 2, 6)։ Ան «մեծ պոռնիկ» մըն է եւ իր անունը «Մեծ Բաբելոն» է։ Ան ‘երկրին թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ’ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։3-5)։
15-16. Ի՞նչ է «Մեծ Բաբելոն»ը, եւ ինչպէ՞ս գիտենք։
15 Ո՞վ է «Մեծ Բաբելոն»ը։ Այս կինը չի կրնար ներկայացնել քաղաքական կազմակերպութիւն մը, քանի որ իր մասին կ’ըսուի որ աշխարհի քաղաքական առաջնորդներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ (Յայտ. 18։9)։ Եւ այն իրողութիւնը, որ ան գազանին վրայ նստած է ու զայն կը քշէ, ցոյց կու տայ որ ան կը ջանայ այդ կառավարիչները ղեկավարել։ Ասկէ զատ, ան չի կրնար ներկայացնել Սատանայի աշխարհին ագահ առեւտրական մասը, քանի որ այս վերջինը անջատօրէն ներկայացուած է որպէս «երկրին վաճառականները» (Յայտ. 18։11, 15, 16)։
16 Աստուածաշունչին մէջ, «պոռնիկ» բառը կրնայ ակնարկել անոնց, որոնք կը դաւանին Աստուած պաշտել, բայց կռապաշտութեամբ կը զբաղին եւ կամ ուրիշ կերպով աշխարհին բարեկամ են (Ա. Մն. 5։25. Յակ. 4։4)։ Ատոր հակառակը, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն մասին կ’ըսուի, որ «մաքուր» են կամ «կոյս» են (Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 14։4)։ Ասկէ զատ, գիտենք որ հին Բաբելոնը սուտ պաշտամունքի կեդրոն էր։ Ուրեմն, Մեծ Բաբելոնը կը ներկայացնէ սուտ պաշտամունքի բոլոր տեսակները, այո՝ աշխարհի բոլոր սուտ կրօնքները (Յայտ. 17։5, 18. տե՛ս jw.org կայքին վրայ՝ «Ի՞նչ է Մեծ Բաբելոնը» յօդուածը, արաբ.)։
17. Ի՞նչ պիտի պատահի Մեծ Բաբելոնին։
17 Ի՞նչ պիտի պատահի Մեծ Բաբելոնին։ Յայտնութիւն 17։16, 17–ն կը պատասխանէ. «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, [«եւ գազանը,», ՆԱ] անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի ամայացնեն ու մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն»։ Այո, Եհովան կառավարութիւնները պիտի մղէ, որ գործածեն կարմիր գազանը, այսինքն՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որպէսզի յարձակին բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ եւ զանոնք լման կերպով կործանեն (Յայտ. 18։21-24)։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Մեծ Բաբելոնին հետ բնա՛ւ կապ չունինք։
18 Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Մենք պէտք է պահենք այն պաշտամունքը, որ ‘Աստուծոյ քով մաքուր ու անարատ’ է (Յակ. 1։27)։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ազդուիլ Մեծ Բաբելոնի սուտ ուսուցումներէն, հեթանոսական տօներէն, ցած բարոյականութենէն եւ ոգեհարցական սովորութիւններէն։ Եւ պիտի չդադրինք մարդոց ըսելէ, որ ‘ելլեն ատոր մէջէն’, որպէսզի անոր մեղքերուն մասնակից չըլլան (Յայտ. 18։4)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
19. Ո՞վ է «մեծ շառագոյն վիշապ»ը։
19 Յայտնութիւն գիրքը նաեւ կը նկարագրէ «մեծ շառագոյն վիշապ մը» (Յայտ. 12։3)։ Այս վիշապը կը պատերազմի Յիսուսին եւ անոր հրեշտակներուն դէմ (Յայտ. 12։7-9)։ Անիկա Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակի եւ քաղաքական գազաններուն իշխանութիւն կու տայ (Յայտ. 12։17. 13։4)։ Ո՞վ է այս վիշապը։ Ան «առաջին օձն» է, որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (Յայտ. 12։9. 20։2)։ Ան է, որ Եհովայի բոլոր թշնամիներուն ետին կը կենայ։
20. Վիշապին ի՞նչ պիտի պատահի։
20 Վիշապին ի՞նչ կը պատահի։ Յայտնութիւն 20։1-3–ը կ’ըսէ որ հրեշտակ մը Սատանան պիտի նետէ անդունդը, որ իրեն համար բանտարկութեան պէս պիտի ըլլայ։ Այս բանտարկութեան ընթացքին, Սատանան այլեւս պիտի «չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ»։ Ի վերջոյ, Սատանան եւ իր դեւերը «կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ» պիտի ձգուին, ինչ որ կը նշանակէ թէ միանգամ ընդմիշտ պիտի ոչնչացուին (Յայտ. 20։9, 10)։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ հրաշալի պիտի ըլլայ կեանքը աշխարհի մը մէջ, ուր Սատանան ու իր դեւերը չկան։
21. Յայտնութիւն գրքին մէջ մեր կարդացածը ինչո՞ւ մեզ կ’ուրախացնէ։
21 Շա՜տ քաջալերական է հասկնալ Յայտնութիւն գրքին յիշած խորհրդանշաններուն իմաստը։ Կրցանք գիտնալ թէ Եհովային թշնամիները որո՛նք են եւ թէ անոնց ի՛նչ պիտի պատահի։ Այո, «երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը» (Յայտ. 1։3)։ Աստուծոյ թշնամիները բնաջնջուելէ ետք, արդեօք հաւատարիմ մարդկութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։ Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածը ասոր մասին պիտի խօսի։
ԵՐԳ 30 Եհովան կը սկսի թագաւորել
^ պարբ. 5 Յայտնութիւն գիրքը խորհրդանշաններ գործածելով կ’ըսէ, թէ որո՛նք են Աստուծոյ թշնամիները։ Դանիէլ գիրքը կ’օգնէ, որ այդ խորհրդանշանները հասկնանք։ Այս յօդուածին մէջ Դանիէլ գրքին կարգ մը մարգարէութիւնները պիտի բաղդատենք Յայտնութիւն գրքի մարգարէութիւններուն հետ։ Այս կերպով պիտի գիտնանք, թէ որո՛նք են Աստուծոյ թշնամիները։ Եւ ետքը պիտի տեսնենք, թէ անոնց ի՛նչ պիտի պատահի։
^ պարբ. 6 Ուրիշ փաստ մըն ալ կայ, որ եօթը գլուխ ունեցող գազանը կը ներկայացնէ բոլոր քաղաքական ուժերը. ան «տասը եղջիւր» ունի։ Աստուածաշունչին մէջ տաս թիւը յաճախ կը գործածուի ամբողջութիւն ցոյց տալու համար։
^ պարբ. 10 Գազանին պատկերը, գազանին պէս իր եղջիւրներուն վրայ «թագեր» չունի (Յայտ. 13։1)։ Պատճառը այն է, որ անիկա «եօթնէն է», այսինքն՝ եօթ թագաւորներէն, եւ անոնցմէ հեղինակութիւն կը ստանայ (տե՛ս jw.org կայքին վրայ՝ «Ի՞նչ է Յայտնութիւն գրքին 17–րդ գլուխին մէջ յիշուած կարմիր գազանը» յօդուածը, արաբ.)։