Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21

Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ ապագայիդ համար

Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ ապագայիդ համար

«Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (ՅԱՅՏ. 22։20

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ կարեւոր որոշում բոլոր մարդիկը պէտք է առնեն։

 ՄԱՐԴԻԿ այսօր շատ կարեւոր որոշումի մը առջեւ կեցած են։ Անոնք պէտք է որոշեն, թէ որո՛ւն թիկունք պիտի կանգնին. Եհովայի՞ն որպէս տիեզերքի Կառավարիչ, թէ ոչ՝ իր դաժան թշնամիին՝ Սատանային։ Երրորդ ընտրութիւն մը չկայ։ Եւ իրենց յաւիտենական ապագան կախեալ է այս որոշումէն (Մատ. 25։31-33, 46)։ Իսկ «մեծ նեղութեան» ընթացքին պիտի որոշուի, թէ անոնք փրկուի՛ն կամ ոչ (Յայտ. 7։14. 14։9-11. Եզեկ. 9։4, 6

2. ա) Եբրայեցիս 10։35-39–ն մեզ կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընենք։ բ) Յայտնութիւն գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

2 Կարդա՛ Եբրայեցիս 10։35-39։ Եթէ ընտրած ես Եհովայի իշխանութեան թիկունք կանգնիլ, իմաստուն որոշում մը առած ես։ Եւ հիմա կ’ուզես ուրիշներուն օգնել, որ ճիշդ ընտրութիւնը ընեն։ Այդ նպատակով, կրնաս Յայտնութիւն գրքին տեղեկութիւնները գործածել։ Անիկա կը յայտնէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք Եհովայի կը հակառակին։ Բայց նաեւ աչքառու կը դարձնէ այն օրհնութիւնները, որոնք պիտի վայելեն անոնք՝ որոնք իր իշխանութեան հաւատարմաբար թիկունք կը կանգնին։ Մենք պէտք է սերտենք այս կարեւոր ճշմարտութիւնները։ Այդպէս ընելով, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք շարունակել Եհովային ծառայել եւ պիտի կարենանք մեր սորվածը գործածել ուրիշներուն օգնելու, որ ճիշդ որոշումը առնեն ու անոր կառչին։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք հետեւեալ հարցումները. Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք Աստուծոյ իշխանութեան թիկունք կը կանգնին։ Եւ ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք Յայտնութիւն գրքին մէջ նկարագրուած կարմիր գազանին թիկունք կը կանգնին։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ

4. Յովհաննէս առաքեալ երկնքին մէջ ի՞նչ խումբ կը տեսնէ Յիսուսին հետ։

4 Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ կը տեսնէ երկու խումբեր, որոնք Եհովայի իշխանութեան թիկունք կը կանգնին եւ յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնները կը ստանան։ Առաջին խումբին անդամները 144,000 հոգի են (Յայտ. 7։4)։ Անոնք երկրէն կ’առնուին, որպէսզի երկնքին մէջ կազմեն կառավարութիւն մը, կամ Թագաւորութիւն մը, Յիսուսին հետ։ Անոնք երկրի վրայ պիտի իշխեն (Յայտ. 5։9, 10. 14։3, 4)։ Յովհաննէս կը տեսնէ որ անոնք Յիսուսին հետ կայնած են երկնային Սիօն լերան վրայ (Յայտ. 14։1

5. Մօտ ատենէն ի՞նչ պիտի պատահի 144,000–էն մնացողներուն։

5 Առաքեալներու ժամանակներէն ի վեր, հազարաւոր մարդիկ ընտրուած են, որ ըլլան 144,000–էն (Ղուկ. 12։32. Հռով. 8։17)։ Բայց Յովհաննէս ըսաւ, որ վերջին օրերուն ընթացքին, երկրի վրայ միայն քիչ թիւով օծեալներ պիտի ըլլային։ ‘Կնոջ զարմէն մնացողները’ վերջնականապէս պիտի ‘կնքուին’, մեծ նեղութիւնը չսկսած (Յայտ. 7։2, 3. 12։17, ԱԾ)։ Իսկ մեծ նեղութեան ընթացքին, անոնք երկինք պիտի առնուին, որպէսզի ըլլան 144,000–էն եղող միւս անդամներուն հետ։ Այսպէս, Յիսուսին իշխանակիցներ պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Մատ. 24։31. Յայտ. 5։9, 10

6-7. ա) Յովհաննէս ուրիշ ի՞նչ խումբ կը տեսնէ, եւ ի՞նչ գիտենք անոր մասին։ բ) Յայտնութիւն գրքին 7–րդ գլուխը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ թէ՛ մնացորդը եւ թէ «մեծ բազմութիւնը»։

6 Երկնային խումբը տեսնելէ ետք, Յովհաննէս կը տեսնէ «մեծ բազմութիւն մը», որուն թիւը յայտնի չէ (Յայտ. 7։9, 10Յայտնութիւն 7։14–ը անոնց մասին կ’ըսէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Մեծ նեղութենէն վերապրելէ ետք, այս «մեծ բազմութիւնը» երկրի վրայ հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելէ (Սաղ. 37։9-11, 27-29. Առ. 2։21, 22. Յայտ. 7։16, 17

7 Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, մենք մեզ կը տեսնե՞նք Յայտնութիւն գրքին 7–րդ գլուխին նկարագրութեան մէջ։ Պէ՛տք է տեսնենք։ Երկու խումբերն ալ որչա՜փ ուրախ պիտի ըլլան, որ ընտրեցին Եհովային իշխանութեան թիկունք կանգնիլ։ Այժմ տեսնենք, թէ Յայտնութիւն գիրքը մեզի ուրիշ ի՛նչ կը յայտնէ մեծ նեղութեան մասին (Մատ. 24։21

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐՈՒՆ

8. Մեծ նեղութիւնը ինչպէ՞ս պիտի սկսի, եւ մարդոց մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ։

8 Ինչպէս նախորդ յօդուածը ըսաւ, այս աշխարհի քաղաքական տարրերը մօտ օրէն պիտի յարձակին Մեծ Բաբելոնին վրայ, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ (Յայտ. 17։16, 17)։ Այս յարձակումով պիտի սկսի մեծ նեղութիւնը։ Արդեօք ասիկա պատճառ պիտի ըլլա՞յ, որ շատեր որոշեն Եհովան պաշտել։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, Յայտնութիւն գրքին 6–րդ գլուխը ցոյց կու տայ, որ Եհովային չծառայողները պաշտպանութիւն պիտի փնտռեն այս աշխարհի քաղաքական եւ առեւտրական դրութիւններուն քով, որոնք լեռներու նմանցուած են։ Որովհետեւ իր Թագաւորութեան կողմը դիրք պիտի չբռնեն, Եհովան զիրենք պիտի սեպէ հակառակորդներ (Ղուկ. 11։23. Յայտ. 6։15-17

9. Մեծ նեղութեան ընթացքին Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս աչքի պիտի զարնէ, եւ ատոր արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

9 Այդ շատ դժուար ժամանակին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները աչքի պիտի զարնեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ միակ ժողովուրդը պիտի ըլլան երկրի վրայ, որ Եհովա Աստուածը կը պաշտեն եւ «գազանին» թիկունք չեն կանգնիր (Յայտ. 13։14-17)։ Որովհետեւ անոնք Եհովային հաւատարիմ կը մնան, հակառակորդները շատ պիտի բարկանան, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ որ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն վրայ յարձակի։ Այս խիստ յարձակումին մասին մարգարէացուած է որպէս Մագոգի Գոգին յարձակումը (Եզեկ. 38։14-16

10. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ իր ժողովուրդին վրայ եղած յարձակումին (Յայտնութիւն 19։19-21

10 Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ այս խիստ յարձակումին։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ» (Եզեկ. 38։18, 21-23)։ Ետքը, ըստ Յայտնութիւն գրքին 19–րդ գլուխին, Եհովան կը ղրկէ իր Որդին, որպէսզի Իր ժողովուրդը պաշտպանէ ու անոնց թշնամիները կործանէ։ Յիսուսին ետեւէն պիտի երթան «երկնքի մէջ եղող զօրքերը»,– հաւատարիմ հրեշտակները եւ 144,000–ը (Յայտ. 17։14. 19։11-15)։ Այս պատերազմը վերջ պիտի գտնէ՝ Եհովայի հակառակող բոլոր մարդոց ու կազմակերպութիւններուն լման կործանումով (կարդա՛ Յայտնութիւն 19։19-21

ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ՝ ՀԱՐՍԱՆԻՔ ՄԸ

11. Յայտնութիւն գրքին ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ի՞նչ է։

11 Երեւակայէ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները երկրի վրայ ի՛նչ պիտի զգան՝ Աստուծոյ թշնամիներուն կործանումէն վերապրելով։ Այդ ատեն մեծ ուրախութիւն պիտի տիրէ։ Երկնքի մէջ ալ Մեծ Բաբելոնի կործանումը մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Բայց կայ ուրիշ բան մը, որ ա՛լ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի բերէ (Յայտ. 19։1-3)։ Ատիկա Յայտնութիւն գրքին ամենակարեւոր իրադարձութիւնն է՝ «Գառնուկին հարսանիքը» (Յայտ. 19։6-9

12. Գառնուկին հարսանիքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ (Յայտնութիւն 21։1, 2

12 Հարսանիքը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ Արմագեդոն պատերազմէն ճիշդ առաջ, բոլոր 144,000–ը երկինքը պիտի ըլլան։ Սակայն, հարսանիքը այդ ժամանակ պիտի չըլլայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։1, 2)։ Գառնուկին հարսանիքը տեղի կ’ունենայ Արմագեդոն պատերազմէն ու Աստուծոյ բոլոր թշնամիները բնաջնջուելէ ետք (Սաղ. 45։3, 4, 13-17

13. Գառնուկին հարսանիքին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։

13 Գառնուկին հարսանիքին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ Ինչպէս ամուսնութիւնը կը միացնէ տղամարդն ու կինը, այս այլաբանական հարսանիքը կը միացնէ Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը, իր «հարս»ին՝ 144,000–ին հետ։ Այս կարեւոր դէպքով պիտի հաստատուի նոր կառավարութիւնը, որ 1000 տարի երկրի վրայ պիտի իշխէ (Յայտ. 20։6

ՓԱՌԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔ ՄԸ ԵՒ ՔՈՒ ԱՊԱԳԱԴ

Յայտնութիւն գրքին 21–րդ գլուխը կը նկարագրէ Նոր Երուսաղէմը որպէս «երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէ»։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անիկա բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի բերէ հնազանդ մարդկութեան (տե՛ս պարբ. 14-16)

14-15. Յայտնութիւն գրքին 21–րդ գլուխը ինչպէ՞ս կը ներկայացնէ 144,000–ը (տե՛ս կողքին նկարը)։

14 Ետքը, Յայտնութիւն գրքին 21–րդ գլուխը կը ներկայացնէ 144,000–ը որպէս շատ գեղեցիկ քաղաք մը, որ կը կոչուի «նոր Երուսաղէմ» (Յայտ. 21։2, 9)։ Քաղաքը ունի 12 հիմեր, որոնց վրայ գրուած են «Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն տասներկու անունները»։ Ասիկա Յովհաննէսին ուշադրութիւնը կը գրաւէ, քանի որ այդ հիմերէն մէկուն վրայ ի՛ր անունը կը տեսնէ։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում (Յայտ. 21։10-14. Եփ. 2։20

15 Այս այլաբանական քաղաքը որեւէ քաղաքի չի նմանիր։ Անոր գլխաւոր փողոցը զուտ ոսկի է, 12 դռներէն իւրաքանչիւրը մարգարիտ է, պարիսպը եւ հիմերը զարդարուած են թանկարժէք քարերով։ Եւ անոր լայնքը, երկայնութիւնը եւ բարձրութիւնը նոյն չափը ունին (Յայտ. 21։15-21)։ Բայց կը թուի թէ բան մը պակաս է։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։ Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է» (Յայտ. 21։22, 23)։ Անոնք որոնք Նոր Երուսաղէմը կը կազմեն, Եհովային հետ պիտի ըլլան (Եբ. 7։27. Յայտ. 22։3, 4)։ Այսպէս, Եհովան եւ Յիսուսը այդ քաղաքին տաճարն են։

Որո՞նք պիտի օգտուին այն կարգադրութիւններէն, որոնք ներկայացուած են «գետ»ով եւ «ծառեր»ով (տե՛ս պարբ. 16-17)

16. Մարդկութեան ի՞նչ պիտի պատահի Աստուծոյ Թագաւորութեան Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։

16 Օծեալներուն համար հետաքրքրական է այս քաղաքին մասին մտածելը։ Բայց երկրային յոյս ունեցողներն ալ պէտք է անով հետաքրքրուին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Նոր Երուսաղէմը բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Յովհաննէս տեսաւ, որ այդ օրհնութիւնները կը հոսին որպէս «կեանքի ջուրի գետ»։ Եւ գետին երկու կողմերը «կեանքի ծառեր» կան, որոնց տերեւները «ազգերուն բուժումին համար» են (Յայտ. 22։1, 2, ՆԱ)։ Այն ատեն ապրող բոլոր մարդիկը առիթը պիտի ունենան այդ լաւ բաներէն օգտուելու։ Կամաց–կամաց ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասնի։ Այլեւս հիւանդութիւն, ցաւ ու վիշտի արցունքներ պիտի չըլլան (Յայտ. 21։3-5

17. Ինչպէս Յայտնութիւն 20։11-13–ը ցոյց կու տայ, որո՞նք Հազարամեայ իշխանութենէն պիտի օգտուին։

17 Որո՞նք պիտի օգտուին այս հոյակապ կարգադրութիւններէն։ Ամէնէն առաջ, Արմագեդոնէն վերապրող մեծ բազմութիւնը եւ բոլոր անոնք՝ որոնք պիտի ծնին նոր աշխարհին մէջ։ Յայտնութիւն գրքին 20–րդ գլուխը նաեւ կը խոստանայ, որ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (կարդա՛ Յայտնութիւն 20։11-13)։ Յարութիւն պիտի առնեն թէ՛ «արդարներ»ը եւ թէ մեղաւորները, որոնք Եհովային մասին սորվելու բաւարար առիթ չունեցան (Գործք 24։15. Յովհ. 5։28, 29)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին ամէն անհատ յարութիւն պիտի առնէ՝ երկրի վրայ ապրելու համար։ Ո՛չ։ Անոնք որոնք իրենց մահէն առաջ Եհովային ծառայելու առիթը մերժեցին, յարութիւն պիտի չառնեն։ Անոնք փաստեցին որ արժանի չեն դրախտային երկրի վրայ ապրելու (Մատ. 25։46. Բ. Թես. 1։9. Յայտ. 17։8. 20։15

ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

18. 1000 տարուան վերջաւորութեան, երկրի վրայ վիճակը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։

18 1000 տարուան վերջաւորութեան, երկրի վրայ բոլոր եղողները կատարելութեան հասած պիտի ըլլան։ Այլեւս ո՛չ մէկը պիտի ազդուի Ադամէն ժառանգուած մեղքէն (Հռով. 5։12)։ Ադամական մեղքին անէծքը վերջնականապէս վերցուած պիտի ըլլայ։ Այսպիսով, 1000 տարուան վերջաւորութեան, մարդիկը պիտի ‘ապրին’, քանի որ կատարեալ եղան (Յայտ. 20։5

19. Ինչո՞ւ վերջին փորձի մը պէտք կայ։

19 Գիտենք որ Յիսուս Սատանայի ջանքերուն դէմ դրաւ եւ իր ուղղամտութիւնը պահպանեց։ Բայց արդեօք բոլոր կատարեալ մարդիկը նոյնը պիտի ընե՞ն, եթէ Սատանային առիթ տրուի որ զիրենք փորձէ։ Ամէն անհատ ինք իր անձին համար այս հարցումին պիտի պատասխանէ, երբ Սատանան անդունդէն արձակուի 1000 տարուան վերջաւորութեան (Յայտ. 20։7)։ Բոլոր անոնք՝ որոնք այս վերջին փորձին մէջ կը փաստեն հաւատարիմ ըլլալ, պիտի ստանան յաւիտենական կեանքը ու վայելեն իսկական ազատութիւնը (Հռով. 8։21)։ Իսկ անոնք՝ որոնք Եհովային դէմ կ’ըմբոստանան, Սատանային եւ դեւերուն հետ վերջնականապէս պիտի բնաջնջուին (Յայտ. 20։7-10

20. Ի՞նչ կը զգաս Յայտնութիւն գրքին հետաքրքրական մարգարէութիւններուն նկատմամբ։

20 Ի՞նչ կը զգաս Յայտնութիւն գրքէն այս կէտերը նկատի առնելէ ետք։ Չե՞ս խանդավառուիր դուն քեզ տեսնելով այս հոյակապ մարգարէութիւններուն կատարման մէջ։ Ասիկա քեզ չի՞ մղեր որ ուրիշները հրաւիրես, որ մեր Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին միանան (Յայտ. 22։17)։ Այս ուշագրաւ դէպքերը նկատի առնելէ ետք, վստահաբար կը մղուինք Յովհաննէս առաքեալին պէս ըսելու. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (Յայտ. 22։20

ԵՐԳ 151 Աստուծոյ որդիները կը յայտնուին

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ասիկա Յայտնութիւն գրքին մասին եղող յօդուածաշարքին վերջին յօդուածն է։ Պիտի տեսնենք, թէ անոնք որոնք Եհովային հաւատարիմ կը մնան, պայծառ ապագայ մը պիտի ունենան։ Իսկ անոնք որոնք Աստուծոյ իշխանութեան դէմ կը դնեն, շատ գէշ վերջ մը պիտի ունենան։