Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19

Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար այսօր

Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար այսօր

«Երանի՜ անոր որ կը կարդայ. . . այս մարգարէութեան խօսքերը» (ՅԱՅՏ. 1։3

ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ի՞նչ է պատճառներէն մէկը, որ պէտք է հետաքրքրուինք Յայտնութիւն գրքով։

 ՄԷԿԸ երբեք քեզի ցոյց տուա՞ծ է իր նկարներու ալպոմը։ Երբ նկարները կը դիտես, կը նկատես որ շատերը չես ճանչնար։ Մէյ մըն ալ նկար մը ուշադրութիւնդ կը գրաւէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դուն անոր մէջ կաս։ Նկարը մօտէն կը քննես ու կը փորձես յիշել, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր նկարուեցար։ Նաեւ կը փորձես յիշել նկարին մէջ եղողները։ Այո, նկարը քեզի համար բան մը նշանակեց։

2 Յայտնութիւն գիրքը այդ նկարին պէս է։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն երկու պատճառներով։ Առաջին, այս գիրքը մեզի՛ համար գրուեցաւ, ինչպէս առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Ուստի, այս գրքին մէջ գրուածը ոչ թէ ընդհանուր մարդկութեան համար է, հապա՝ Աստուծոյ նուիրուած ծառաներուն համար։ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, չենք զարմանար գիտնալով որ բաժին կը բերենք այս հիանալի գրքին մարգարէութիւններուն կատարումին մէջ։ Ուրիշ խօսքով, մենք մեզ կը տեսնենք «նկարին մէջ»։

3-4. Ըստ Յայտնութիւն գրքին, իր մարգարէութիւնները ե՞րբ պիտի կատարուէին, եւ ատիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ամէն մէկուս։

3 Երկրորդ պատճառը կապ ունի այդ մարգարէութիւններուն կատարման ժամանակին հետ։ Տարեց Յովհաննէս առաքեալը յստակացուց, թէ այդ ժամանակը ե՛րբ պիտի ըլլար, երբ ըսաւ. «Ներշնչմամբ յայտնուեցայ Տէրոջ օրուան մէջ» (Յայտ. 1։10, ՆԱ)։ Երբ Յովհաննէս այս խօսքը գրեց շուրջ Ք.Ե. 96–ին, «Տէրոջ օրը» տակաւին շատ հեռու էր (Մատ. 25։14, 19. Ղուկ. 19։12)։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ օրը սկսաւ 1914–ին, երբ Յիսուս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ։ Այդ տարիէն սկսեալ, Յայտնութիւն գրքին մարգարէութիւնները, որոնք կապ ունին Աստուծոյ ժողովուրդին հետ, սկսան կատարուիլ։ Այո, մենք հիմա կ’ապրինք «Տէրոջ օրուան մէջ»։

4 Որովհետեւ կ’ապրինք այս հետաքրքրական ժամանակին մէջ, պէտք է լաւ ուշադրութիւն դարձնենք այն սիրալիր խրատին, որ արձանագրուած է Յայտնութիւն 1։3–ին մէջ. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի [«նշանակուած», ՆԱ] ժամանակը մօտ է»։ Մենք պէտք է ‘կարդանք’, ‘լսենք այս մարգարէութեան խօսքերը’ եւ զանոնք ‘պահենք’։ Ի՞նչ են այդ խօսքերէն ոմանք, որոնք պէտք է պահենք։

ՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ ՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԴ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է

5. Յայտնութիւն գիրքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ շատ կարեւոր է որ վստահ ըլլանք, թէ Եհովան ընդունելի կերպով կը պաշտենք։

5 Յայտնութիւն գրքին առաջին գլուխէն իսկ յստակ կը դառնայ, թէ Յիսուս շատ լաւ գիտէ թէ ժողովքներուն մէջ ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ (Յայտ. 1։12-16, 20. 2։1)։ Ասիկա կը փաստեն այն պատգամները, որոնք Յիսուս ղրկեց Փոքր Ասիոյ մէջ եղող եօթը ժողովքներու։ Ան մասնաւոր ուղղութիւններ տուաւ՝ առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնելու, որ վստահ ըլլան թէ Եհովան ընդունելի կերպով կը պաշտեն։ Իր ըսածները կը կիրարկուին Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն այսօր։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Մեր Առաջնորդը՝ Քրիստոս Յիսուս, շատ լաւ գիտէ թէ մեր հոգեւոր վիճակը ինչպէ՛ս է։ Ան մեզ կ’առաջնորդէ ու կը պաշտպանէ եւ իր աչքէն բան մը չի փախիր։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի շարունակենք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ։ Ան ի՞նչ ուղղութիւններ տուաւ, որոնց այսօր պէտք է հետեւինք։

6. ա) Յայտնութիւն 2։3, 4–ի համաձայն, Եփեսոսի ժողովքը ի՞նչ խնդիր ունէր։ բ) Ի՞նչ դաս կը քաղենք։

6 Կարդա՛ Յայտնութիւն 2։3, 4։ Պէտք չէ Եհովային հանդէպ մեր առաջուան սէրը կորսնցնենք։ Եփեսոսի ժողովքին ուղղած իր պատգամով, Յիսուս նշեց որ անոնք կը համբերէին եւ կը շարունակէին Եհովային ծառայել, հակառակ շատ մը դժուարութիւններու։ Սակայն, անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց առաջուան սէրը կորսնցուցած էին։ Անոնք պէտք էր իրենց սէրը ետ բորբոքէին, թէ ոչ՝ իրենց պաշտամունքը ընդունելի պիտի չըլլար։ Այսօր մենք ալ համբերելէն ու տոկալէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէտք է համբերենք ճիշդ պատճառներով։ Եհովան կը նայի ոչ միայն թէ ի՛նչ կ’ընենք, հապա նաեւ թէ ինչո՛ւ կ’ընենք։ Իրեն համար մեր մղումները կարեւոր են, քանի որ կ’ուզէ որ զինք պաշտենք խոր սէրէ եւ գնահատանքէ մղուած (Առ. 16։2. Մար. 12։29, 30

7. ա) Յայտնութիւն 3։1-3–ի համաձայն, Սարդիկէի ժողովքը ի՞նչ խնդիր ունէր։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք։

7 Կարդա՛ Յայտնութիւն 3։1-3։ Պէտք է շարունակենք արթուն մնալ։ Սարդիկէի ժողովքին անդամները տարբեր խնդիր մը ունէին։ Անցեալին, անոնք հոգեւորապէս գործունեայ էին, բայց այժմ սկսած էին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ծուլանալ։ Անոր համար Յիսուս իրենց ըսաւ, որ ‘արթուն կենան’։ Ի՞նչ է ազդարարական դասը մեզի համար։ Անշուշտ, Եհովան մեր գործը պիտի չմոռնայ (Եբ. 6։10)։ Բայց եւ այնպէս, չենք կրնար պարզապէս ապաւինիլ այն բաներուն, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ անցեալին ըրինք։ Նոյնիսկ եթէ առաջուընէ աւելի սահմանափակումներ ունինք, պէտք է շարունակենք «Տէրոջը գործը» ընել, արթուն մնալով մինչեւ վերջ (Ա. Կոր. 15։58. Մատ. 24։13. Մար. 13։33

8. Ի՞նչ դաս կը սորվինք Լաւոդիկէի քրիստոնեաներուն ուղղուած խօսքերէն, որոնք գրուած են Յայտնութիւն 3։15-17–ին մէջ։

8 Կարդա՛ Յայտնութիւն 3։15-17։ Պէտք է նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջ սրտով Եհովան պաշտենք։ Լաւոդիկէի քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամը ուրիշ խնդիր մը ցոյց տուաւ։ Անոնք իրենց պաշտամունքին մէջ «գաղջ» էին։ Իրենց անտարբերութեան պատճառաւ, Յիսուս իրենց ըսաւ որ «խեղճ ու թշուառական» վիճակի մէջ էին։ Անոնք պէտք էր մեծ նախանձախնդրութիւն ունենային Եհովայի եւ իր պաշտամունքին հանդէպ (Յայտ. 3։19)։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Եթէ մեր նախանձախնդրութիւնը նուազած է, պէտք է մեր գնահատանքը աւելցնենք բոլոր լաւ բաներուն հանդէպ, որոնք Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը մեզի կու տան (Յայտ. 3։18)։ Պէտք չէ այնքա՛ն ջանանք հանգստաւէտ կեանք մը ունենալ հիմա, որ Եհովայի պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ այլեւս ամէնէն կարեւոր բանը չըլլայ։

9. Ինչպէս Պերգամոնի եւ Թիւատիրի քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամներէն կը տեսնենք, ի՞նչ վտանգէ պէտք է հեռու կենանք։

9 Պէտք է հաւատուրացներուն սորվեցուցածները մերժենք։ Յիսուս յանդիմանեց Պերգամոնի մէջ ոմանք, քանի որ ժողովքին մէջ բաժանումներ կը պատճառէին (Յայտ. 2։14-16)։ Ան գովեց Թիւատիրի քրիստոնեաները՝ «Սատանային ծածուկ բաներ»էն հեռու մնալնուն համար, եւ զիրենք քաջալերեց որ ճշմարտութիւնը ‘պահեն’ (Յայտ. 2։24-26)։ Հոն եղող տկար քրիստոնեաները, որոնք սկսած էին սուտ ուսուցումներու հետեւիլ, պէտք էր զղջային։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Մենք պէտք է Եհովային մտքին հակառակ եղող որեւէ ուսուցում մերժենք։ Հաւատուրացները թերեւս «աստուածպաշտութեան կերպարանքը» ունենան, բայց անոնք «անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմ. 3։5)։ Մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այդպիսի սուտ ուսուցումներ զանազանել եւ մերժել, եթէ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտներ ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։14-17. Յդ. 3, 4

10. Պերգամոնի ու Թիւատիրի ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքէն ուրիշ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

10 Պէտք չէ անբարոյութեան որեւէ տեսակ գործենք կամ հանդուրժենք։ Պերգամոնի ու Թիւատիրի մէջ ուրիշ խնդիր մըն ալ կար։ Յիսուս անոնցմէ ոմանք դատապարտեց, քանի որ անբարոյութիւնը չէին մերժեր (Յայտ. 2։14, 20)։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Չենք կրնար ակնկալել որ Եհովան ընդունի որ անբարոյութիւն գործենք, նոյնիսկ եթէ իրեն երկար տարիներ ծառայած ենք ու ներկայիս կարգ մը առանձնաշնորհումներ ունինք (Ա. Թագ. 15։22. Ա. Պետ. 2։16)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ իր բարոյական բարձր չափանիշները պահենք, որքա՛ն ալ աշխարհի չափանիշները ցածնան (Եփ. 6։11-14

11. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք (տե՛ս նաեւ « Դասեր մեզի համար» շրջանակը)։

11 Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։ Տեսանք որ պէտք է վստահ ըլլանք, թէ մեր պաշտամունքը Եհովային ընդունելի է։ Եթէ բան մը կ’ընենք, որ մեր պաշտամունքը անընդունելի կը դարձնէ, պէտք է անմիջապէս գործի անցնինք, որպէսզի հարցը շտկենք (Յայտ. 2։5, 16. 3։3, 16)։ Յիսուս ժողովքներուն ուղղած իր պատգամներուն մէջ ուրիշ բան մըն ալ յիշեց։ Ի՞նչ։

ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ ՀԱԼԱԾԱՆՔԻ ՏՈԿԱԼՈՒ

Երկինքէն վռնտուելէ ետք, Սատանան ինչպէ՞ս Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակած է (տե՛ս պարբ. 12-16)

12. Զմիւռնիայի եւ Ֆիլատելֆիայի ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Յայտնութիւն 2։10

12 Հիմա նկատի առնենք Զմիւռնիայի եւ Ֆիլատելֆիայի ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամները։ Ան անոնց ըսաւ որ հալածանքէն չվախնան, քանի որ իրենց հաւատարմութիւնը պիտի վարձատրուէր (կարդա՛ Յայտնութիւն 2։10. 3։10)։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Պէտք է ակնկալենք հալածանքը եւ պատրաստ ըլլանք անոր տոկալու (Մատ. 24։9, 13. Բ. Կոր. 12։10)։ Ինչո՞ւ այս յիշեցումը կարեւոր է։

13-14. Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխին մէջ յիշուած դէպքը ինչպէ՞ս ազդած է Աստուծոյ ժողովուրդին։

13 Յայտնութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի հալածուէր մեր օրերուն, այսինքն՝ «Տէրոջ օրուան մէջ»։ Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն անմիջապէս ետք, երկինքին մէջ պատերազմ եղաւ։ Միքայէլ՝ փառաւորուած Յիսուս Քրիստոս, եւ իր հրեշտակները պատերազմեցան Սատանային եւ դեւերուն դէմ (Յայտ. 12։7, 8)։ Աստուծոյ այդ թշնամիները պարտուեցան ու դէպի երկիր վռնտուեցան, եւ անոնք երկրի բնակիչներուն վրայ ահռելի չարչարանք բերին (Յայտ. 12։9, 12)։ Այս դէպքը ինչպէ՞ս ազդեց Աստուծոյ ժողովուրդին։

14 Յայտնութիւն գիրքը մեզի կը յայտնէ Սատանայի հակազդեցութիւնը։ Ան այլեւս չկարենալով երկինք երթալ, իր բարկութիւնը կը կեդրոնացնէ օծեալ քրիստոնեաներուն վրայ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչներն են եւ ‘Յիսուսին վկայութիւնը ունին’ (Յայտ. 12։17. Բ. Կոր. 5։20. Եփ. 6։19, 20)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։

15. Յայտնութիւն գրքին 11–րդ գլուխին մէջ յիշուած «երկու վկաներ»ը որո՞նք են, եւ անոնց ի՞նչ պատահեցաւ։

15 Սատանան Աստուծոյ թշնամիները մղեց, որ յարձակին այն օծեալ եղբայրներուն վրայ, որոնք քարոզչութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին։ Անոնք Յայտնութիւն գիրքին մէջ ներկայացուած էին որպէս «երկու վկաներ», որոնք սպաննուեցան (Յայտ. 11։3, 7-11) *։ 1918–ին, պատասխանատու եղբայրներէն ութ հոգի յանցաւոր նկատուեցան եւ դատապարտուեցան երկար տարիներու բանտարկութեան։ Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, թուեցաւ թէ այդ օծեալներուն գործը ‘սպաննուեցաւ’։

16. 1919–ին, ի՞նչ զարմանալի բան տեղի ունեցաւ, բայց անկէ ի վեր Սատանան շարունակած է ի՞նչ ընել։

16 Ըստ Յայտնութիւն գրքին 11–րդ գլուխին, «երկու վկաները» ետ կեանքի պիտի բերուէին կարճ ժամանակ մը ետք։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ իրենց բանտարկութեան վրայ մէկ տարի չանցած, զարմանալի բան մը տեղի ունեցաւ։ 1919–ի սկիզբը եղբայրները ազատ արձակուեցան, եւ որոշ ժամանակ մը ետք՝ իրենց դէմ եղած բոլոր մեղադրանքները չեղեալ եղան։ Անոնք անմիջապէս ետ սկսան Թագաւորութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն առնել։ Բայց ասիկա չկեցուց Սատանային յարձակումները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Անկէ ի վեր, Սատանան հալածանքի «գետ» մը կը վազցնէ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն դէմ (Յայտ. 12։15)։ Իսկապէս, բոլորս ‘համբերութեան ու հաւատքի’ պէտք ունինք (Յայտ. 13։10

ԼԻՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԷ ԱՅՆ ԳՈՐԾԻՆ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ՏՈՒԱԾ Է

17. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ չակնկալուած օգնութիւն ստացած է։

17 Ետքը, Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը չակնկալուած աղբիւրէ մը որոշ օգնութիւն կը ստանայ։ Յայտնութիւն 12։16–ը կ’ըսէ, թէ «երկիրը» հալածանքին «գետ»ը կլլեց։ Ինչպէ՞ս։ Ատեններ, Սատանայի աշխարհին աւելի կայուն տարրերը, ինչպէս՝ որոշ դատական դրութիւններ, Աստուծոյ ժողովուրդին օգնած են։ Եհովայի ծառաները շահած են բազմաթիւ դատեր, որոնք իրենց որոշ չափով ազատութիւն տուած են։ Անոնք այս ազատութիւնը ինչպէ՞ս գործածած են։ Լման կերպով օգտագործած են ամէն առիթ, որ կատարեն այն գործը, որ Եհովան իրենց տուած է (Ա. Կոր. 16։9)։ Ի՞նչ է այդ գործը։

Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ երկու պատգամներ կը քարոզէ (տե՛ս պարբ. 18-19)

18. Այս վերջին օրերուն ընթացքին, մեր գլխաւոր գործը ի՞նչ է։

18 Յիսուս մարգարէացաւ, որ վերջը գալէն առաջ, իր աշակերտները աշխարհի տարածքին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին (Մատ. 24։14)։ Այդ գործին մասնակցելով, անոնք կ’օգտուին հրեշտակի մը կամ խումբ մը հրեշտակներու օգնութենէն։ Յայտնութիւն 14։6–ը կ’ըսէ. «Հրեշտակ մը. . . ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։

19. Եհովան սիրողները ուրիշ ի՞նչ պատգամ պէտք է տան։

19 Թագաւորութեան բարի լուրը միակ պատգամը չէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է յայտարարէ։ Անոնք նաեւ պէտք է թիկունք կանգնին այն հրեշտակներուն գործին, որոնք նկարագրուած են Յայտնութիւն գրքին 8-10–րդ գլուխներուն մէջ։ Այդ հրեշտակները կը ծանուցանեն շարք մը վայեր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը մերժեն։ Այսպէս, Եհովայի վկաները կը ծանուցանեն դատաստանական պատգամ մը, որ ‘կարկուտի ու կրակի’ նմանցուած է, յայտնելով Աստուծոյ դատաստանները Սատանայի չար աշխարհին զանազան մասերուն դէմ (Յայտ. 8։7, 13)։ Մարդիկ պէտք է գիտնան, թէ վերջը մօտ է, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ ընելով կարենան Եհովայի բարկութեան օրէն վերապրիլ (Սոփ. 2։2, 3)։ Այս պատգամը ծանուցանելու համար, քաջութեան պէտք ունինք, քանի որ մարդոց համար հաճելի չէ։ Իսկ մեծ նեղութեան ընթացքին, վերջնական դատաստանական պատգամը ա՛լ աւելի խիստ պիտի ըլլայ (Յայտ. 16։21

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ՊԱՀԷ

20. Յաջորդ երկու յօդուածներուն մէջ, ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

20 Մենք պէտք է «այս մարգարէութեան խօսքերը» պահենք, քանի որ Յայտնութիւն գրքին մէջ գրուածներուն կատարումը մեզի հետ կապ ունի (Յայտ. 1։3)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարմօրէն հալածանքի դիմանալ եւ շարունակել համարձակօրէն Յայտնութիւն գրքին պատգամները քարոզել։ Երկու բան գիտնալը մեզի ոյժ պիտի տայ. 1) Յայտնութիւն գրքին ըսածը Աստուծոյ թշնամիներուն մասին, եւ 2) ապագայ օրհնութիւնները՝ եթէ հաւատարիմ մնանք։ Յաջորդ երկու յօդուածները այս նիւթերը նկատի պիտի առնեն։

ԵՐԳ 27 Եհովայի կողմը դիրք բռնէ

^ պարբ. 5 Մենք կ’ապրինք հետաքրքրական ժամանակներու մէջ։ Յայտնութիւն գրքին մարգարէութիւնները այսօր կը կատարուին։ Անոնք ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։ Այս եւ յաջորդ երկու յօդուածներուն մէջ նկատի պիտի առնենք Յայտնութիւն գրքէն կարգ մը կէտեր։ Պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ընդունելի կերպով պաշտել, կատարելով այս գրքին մէջ գրուածները։

^ պարբ. 15 Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 2014 թիւին մէջ, էջ 30։