ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23
«Եահի բոցը» վառած պահէ
«[Սիրոյ] կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։ Անիկա Եահի բոցն է» (ԵՐԳ 8։6, ՆԱ)։
ԵՐԳ 36 «Զայն որ Աստուած միաւորեց»
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ իսկական սէրը։
ՍԻՐՈՅ «կայծերը կրակի կայծեր են։ Անիկա Եահի բոցն է։ Առատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել, ոչ ալ գետերը կրնան ատիկա ընկղմել» (Երգ 8։6, 7, ՆԱ) b։ Այս համարներուն մէջ իսկական սէրը ի՜նչ աղուոր նկարագրուած է։ Այս խօսքերը կը քաջալերեն ամուսնացած զոյգերը, թէ անոնք կրնան մնայուն սէր ունենալ իրարու հանդէպ։
2. Զոյգ մը ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի իրենց սէրը չպաղի։
2 Զոյգ մը պէտք է ջանք թափէ, որ իրենց սէրը մինչեւ վերջ վառած մնայ։ Օրինակով մը բացատրենք. խարոյկ մը կրնայ մինչեւ վերջ վառած մնալ, այնքան ատեն որ մէկը մէջը փայտ կը նետէ։ Բայց եթէ չնետէ, կրակը վերջ ի վերջոյ պիտի մարի։ Նոյնպէս, ամուսինի մը եւ իր կնոջ միջեւ եղած սէրը կրնայ մինչեւ վերջ զօրաւոր մնալ, միայն եթէ անոնք իրենց կապը զօրաւոր պահեն։ Բայց ատեններ, զոյգ մը կրնայ զգալ որ իրենց սէրը կը պաղի, մանաւանդ երբ դրամական նեղութիւններ կամ առողջապահական հարցեր ունենան, կամ ալ երբ ճնշուած զգան՝ քանի որ պզտիկ կը մեծցնեն։ Անոր համար, եթէ ամուսնացած ես, ինչպէ՞ս կրնաս «Եահի բոցը» վառած պահել ամուսնութեանդ մէջ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ զոյգերը ի՛նչ երեք կերպերով կրնան իրենց կապը զօրաւոր պահել եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալ c։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՁԵՐ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԵՑԷՔ
3. Եհովայի հետ զօրաւոր կապ ունենալը ինչպէ՞ս զոյգի մը կ’օգնէ, որ իրարու հանդէպ իրենց սէրը վառած պահեն (Ժողովող 4։12) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
3 «Եահի բոցը» վառած պահելու համար, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը պէտք է ջանք թափեն, որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահեն։ Լաւ այս կապը ինչպէ՞ս կրնայ իրենց օգնել իրենց ամուսնութեան մէջ։ Երբ զոյգի մը համար շատ կարեւոր ըլլայ Եհովային հետ իրենց բարեկամութիւնը, անոնք պատրաստ կ’ըլլան իր խրատներուն հետեւելու,– ինչ որ իրենց կ’օգնէ որ հեռու մնան կամ լուծեն որեւէ խնդիր, որ կրնայ իրարու հանդէպ իրենց սէրը պաղեցնել (կարդա՛ Ժողովող 4։12)։ Ասկէ զատ, հոգեւոր անհատները ջանք կ’ընեն որ Եհովային նմանին եւ իրեն պէս քաղցր, համբերող եւ ներողամիտ ըլլան (Եփ. 4։32–5։1)։ Երբ որ զոյգ մը այս տեսակ յատկութիւններ ունենայ, իրարու հանդէպ իրենց սէրը դիւրութեամբ կ’աճի։ Լինա անունով քոյր մը, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Դիւրին է հոգեւոր անհատ մը սիրել ու յարգել»։
4. Եհովան ինչո՞ւ Յովսէփը եւ Մարիամը ընտրեց, որ Մեսիային ծնողքը ըլլային։
4 Նկատի առ Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը։ Երբ Եհովան Մեսիային ծնողք մը պիտի ընտրէր, Դաւիթին սերունդէն Յովսէփը եւ Մարիամը ընտրեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այս երկուքը անձնական փոխյարաբերութիւն ունէին իրեն հետ. եւ ան գիտէր որ ասիկա ամէնէն կարեւոր կապը պիտի ըլլար իրենց ամուսնութեան մէջ։ Ո՛վ ամուսնացած զոյգեր, ի՞նչ կրնաք սորվիլ Յովսէփէն եւ Մարիամէն։
5. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յովսէփէն։
5 Յովսէփ միշտ պատրաստ էր Եհովային ուղղութիւններուն հետեւելու, ինչ որ իրեն աւելի լաւ ամուսին դարձուց։ Առնուազն երեք առիթներով, Յովսէփը իր ընտանիքին վերաբերող ուղղութիւններ առաւ Աստուծմէ։ Եւ ամէն անգամ շատ արագ անոնց հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը դժուար էր (Մատ. 1։20, 24. 2։13-15, 19-21)։ Աստուծոյ ուղղութիւններուն հետեւելով, Յովսէփ Մարիամը պաշտպանեց եւ իրեն հոգ տարաւ։ Երեւակայէ որ Մարիամին սէրն ու յարգանքը Յովսէփին հանդէպ որքա՜ն խորացան, երբ անոր ըրածները տեսաւ։ Ամուսիննե՛ր, դուք կրնաք Յովսէփը ընդօրինակել, երբ որ ձեր ընտանիքներուն հոգ տանելու Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիք d։ Եթէ այդ խրատներուն հետեւիք, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ, ցոյց պիտի տաք որ ձեր կինը կը սիրէք եւ ձեր ամուսնութիւնը պիտի զօրանայ։ Վանուաթուէն քոյր մը, որ աւելի քան 20 տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Երբ որ ամուսինս Եհովային ուղղութիւնը խնդրէ եւ ատոր հետեւի, իրեն հանդէպ յարգանքս կ’աւելնայ, ապահով կը զգամ եւ իր առած որոշումներուն կը վստահիմ»։
6. Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Մարիամէն։
6 Մարիամ անձնական փոխյարաբերութիւն ունէր Եհովային հետ։ Իր հաւատքը կախեալ չէր Յովսէփէն։ Ան Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր (տե՛ս Ղուկաս 1։46–ի սերտելու նոթը)։ Ան նաեւ ժամանակ կը տրամադրէր խոկալու (Ղուկ. 2։19, 51)։ Անկասկած, Մարիամին հոգեւոր անձ մը ըլլալը օգնեց որ լաւ կին ըլլայ։ Մեր օրերուն, շատ մը կիներ ջանք կը թափեն Մարիամը ընդօրինակելու։ Օրինակ, Էմիքօ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ ամուրի էի, անձնական հոգեւոր ռութին մը ունէի։ Բայց ամուսնանալէ ետք, ամուսինս մեզի համար կ’աղօթէր եւ ընտանեկան պաշտամունքը կը վարէր։ Անդրադարձայ որ սկսած էի իրմէ կախեալ ըլլալ այս բաները ընելու մէջ։ Պէտք էր որ Եհովային հետ կապս անձամբ զօրաւոր պահէի։ Անոր համար, հիմա ժամանակ կը տրամադրեմ մինակ ըլլալու Եհովային հետ, որ աղօթեմ, Սուրբ Գիրքը կարդամ եւ անոր վրայ խոկամ» (Գաղ. 6։5)։ Կինե՛ր, ո՛րքան Եհովային հետ ձեր բարեկամութիւնը զօրացնէք, ա՛յնքան ձեր ամուսինը պատճառ պիտի ունենայ ձեզ գովելու եւ սիրելու (Առ. 31։30)։
7. Զոյգերը միասին Եհովան պաշտելու նկատմամբ ի՞նչ կրնան սորվիլ Յովսէփէն ու Մարիամէն։
7 Յովսէփը եւ Մարիամը նաեւ ջանք թափեցին, որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահեն։ Անոնք գիտէին, որ շատ կարեւոր է ընտանեօք Եհովան պաշտել (Ղուկ. 2։22-24, 41. 4։16)։ Թերեւս ասիկա ընելը իրենց համար դժուար էր, մանաւանդ երբ պզտիկներ ունեցան, բայց կրցան ասոր հետ գլուխ ելլել։ Անոնք ի՜նչ լաւ օրինակ են ամուսնացած զոյգերուն համար այսօր։ Յովսէփին եւ Մարիամին պէս, եթէ դուք զաւակներ ունիք, թերեւս ձեզի համար դժուար է ժողովներու երթալ կամ ժամանակ տրամադրել ընտանեկան պաշտամունքի։ Թերեւս ձեզի համար նոյնիսկ շատ դժուար է ժամանակ գտնել միասին սերտելու եւ աղօթելու։ Բայց յիշեցէք որ երբ միասին Եհովան կը պաշտէք, թէ՛ իրեն աւելի կը մօտենաք եւ թէ իրարու։ Անոր համար, իր պաշտամունքը առաջին տեղը դրէք։
8. Եթէ զոյգ մը ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ունի, ի՞նչ կրնայ ընել որ ընտանեկան պաշտամունք ունենայ։
8 Լաւ ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ ձեր ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ունիք։ Թերեւս ձեր մէջէն չգայ քով–քովի հաւաքուիլ՝ ընտանեկան պաշտամունքի համար։ Եթէ այդ է պարագան, սկսեցէք նկատի առնել կարճ եւ հաճելի նիւթ մը, որ երկուքդ համաձայն էք սերտելու։ Ասիկա կրնայ ձեզի օգնել, որ իրար աւելի սիրէք եւ ուզէք Եհովան միասին պաշտել։
ՄԻԱՍԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑՈՒՑԷՔ
9. Ամուսին մը եւ իր կինը ինչո՞ւ պէտք է իրարու հետ ժամանակ անցընեն։
9 Ո՛վ ամուսնացած զոյգեր, կրնաք միասին ժամանակ անցընելով՝ ձեր սէրը վառած պահել։ Ասանկով իրարմէ պիտի չհեռանաք եւ աւելի պիտի հասկնաք որ ձեր կողակիցը ի՛նչ կը զգայ եւ ի՛նչ կը մտածէ (Ծն. 2։24)։ Նկատի առէք որ Լիլիան եւ Ռուսլանը ի՛նչ բանի անդրադարձան աւելի քան 15 տարի առաջ, երբ նոր ամուսնացած էին։ Լիլիան կ’ըսէ. «Անդրադարձանք որ մեր ակնկալածին չափ ժամանակ պիտի չունենայինք իրարու հետ, քանի որ մեր ամբողջ ժամանակը կ’երթար մեր գործին, տունի գործերուն եւ ժամանակ մը ետք՝ մեր զաւակներուն։ Անոր համար, եթէ որպէս զոյգ իրարու հետ ժամանակ չանցընէինք, կրնայինք իրարմէ հեռանալ»։
10. Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան գործադրել Եփեսացիս 5։15, 16–ի սկզբունքը։
10 Զոյգերը ի՞նչ կրնան ընել, որ կարենան իրարու հետ ժամանակ անցընել։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնք ժամանակ որոշեն կամ յայտագիր դնեն ատիկա ընելու համար (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։ Նիկերիայէն եղող Ուզոնտու անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Յայտագիրս դրած ատեն, կ’որոշեմ թէ ե՛րբ կնոջս հետ ալ ժամանակ պիտի անցընեմ, եւ այդ ժամանակին կարեւորութիւն կու տամ» (Փլպ. 1։10)։ Նկատի առէք թէ Մոլտովիայէն եղող շրջանային տեսուչի մը կինը՝ Անասթազիան՝ ինչպէ՛ս իր ժամանակը լաւագոյն կերպով կը գործածէ։ Ան կ’ըսէ. «Կը փորձեմ ընելիքներս վերջացնել, երբ որ ամուսինս իր պատասխանատուութիւններով զբաղած է։ Ասանկով, կրնանք ետքը միասին ժամանակ անցընել»։ Բայց ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ այնքա՛ն զբաղած յայտագիր ունիք, որ դժուար կ’ըլլայ իրարու հետ ժամանակ անցընել։
11. Ակիւղասը եւ Պրիսկիղան միասնաբար ի՞նչ բաներ կ’ընէին։
11 Ամուսնացած զոյգերը կրնան սորվիլ Ակիւղասէն եւ Պրիսկիղայէն։ Առաջին դարուն, շատեր այս զոյգը շատ կը սիրէին (Հռով. 16։3, 4)։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը իրենց ամուսնութեան մասին շատ մանրամասնութիւններ չի տար, բայց կ’ըսէ որ անոնք միասին կ’աշխատէին, կը քարոզէին եւ ուրիշներուն կ’օգնէին (Գործք 18։2, 3, 24-26)։ Իրականութեան մէջ, ամէն անգամ որ Աստուածաշունչը իրենց մասին խօսի, իրենց անունը միշտ միասնաբար կը յիշէ։
12. Զոյգ մը ի՞նչ կրնայ ընել, որ իրարու հետ աւելի ժամանակ անցընէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
12 Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան նմանիլ Ակիւղասին եւ Պրիսկիղային։ Մտածեցէք թէ ընելիք ի՛նչ բաներ ունիք, եւ ատոնցմէ ո՛ր մէկը կրնաք միասին ընել, փոխանակ զատ–զատ ընելու։ Օրինակ, Ակիւղասը եւ Պրիսկիղան միասին կը քարոզէին։ Դուք ալ ժամանակ կը տրամադրէ՞ք որ կանոնաւորաբար միասին քարոզէք։ Ասկէ զատ, Ակիւղասը եւ Պրիսկիղան միասին կ’աշխատէին։ Թերեւս դուն եւ կողակիցդ միասին չէք աշխատիր։ Բայց արդեօք կրնա՞ք տունի գործերը միասին ընել (Ժող. 4։9)։ Երբ որ բանի մը մէջ իրարու օգնէք, աւելի առիթ կ’ունենաք իրարու հետ խօսելու։ Ռապըրթը եւ Լինտան աւելի քան 50 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Ռապըրթը կ’ըսէ. «Խօսքին բացը, շատ ժամանակ չունինք միասին անցընելու։ Բայց շատ ուրախ կը զգամ երբ որ պնակները լուամ եւ կինս ատոնք չորցնէ, կամ երբ պարտէզը խոտերը կտրած ատենս կինս գայ ինծի օգնէ։ Երբ որ միասին բաներ ընենք, իրարու աւելի մօտ կը զգանք եւ մեր սէրը կ’աւելնայ»։
13. Ամուսինը եւ կինը ի՞նչ պէտք է ընեն իրարու մօտիկ ըլլալու համար։
13 Բայց յիշէ որ միասին ըլլալ ըսել չէ իրարու մօտիկ ըլլալ։ Պրազիլէն կին մը կ’ըսէ. «Այս օրերուն այնքա՛ն զբաղած ենք, որ շատ դիւրին է մտածել որ իրարու հետ ժամանակ կ’անցընենք՝ պարզապէս քանի որ մէկ տունի մէջ կ’ապրինք։ Սորվեցայ որ միասին ըլլալը բաւարար չէ։ Պէտք է աւելին ընեմ։ Պէտք է ամուսինովս հետաքրքրուիմ»։ Նկատի առ թէ Պրունոն եւ իր կինը՝ Թայզը՝ ինչպէ՛ս իրարմով կը հետաքրքրուին։ Պրունոն կ’ըսէ. «Երբ ազատ ժամանակ ունենանք, մեր հեռաձայնները մէկ կողմ կը դնենք եւ ժամանակնիս իրարու կը տրամադրենք»։
14. Ամուսին մը եւ իր կինը ի՞նչ կրնան ընել, եթէ չեն սիրեր իրարու հետ ժամանակ անցընել։
14 Լաւ, ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ դուն եւ կողակիցդ չէք սիրեր իրարու հետ ժամանակ անցընել, թերեւս քանի որ տարբեր բաներով հետաքրքրուած էք կամ քանի որ իրարմէ նեղութիւն կ’առնէք։ Նորէն նկատի առ խարոյկին օրինակը։ Խարոյկին կրակը սկիզբը պզտիկ կ’ըլլայ, բայց որպէսզի մեծնայ, մէկը պէտք է քիչ–քիչ աւելի մեծ փայտեր դնէ մէջը։ Նմանապէս, ի՞նչ կ’ըսես եթէ դուն եւ կողակիցդ օրական քանի մը վայրկեան տրամադրէք իրարու։ Ըրէք բան մը, որ ձեր երկուքին համար հաճելի է, ոչ թէ բան մը՝ որ կրնայ վէճի դուռ բանալ (Յակ. 3։18)։ Պզտիկ բաներով սկսիլը կրնայ ձգել որ ձեր սէրը ժամանակի ընթացքին ետ աճի։
ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԱՐՈՒԵՑԷՔ
15. Յարգանքը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, որպէսզի զոյգի մը սէրը վառած մնայ։
15 Յարգանքը շատ կարեւոր է ամուսնութեան մէջ։ Անիկա կը նմանի թթուածինի (օքսիժէն), որ կը ձգէ որ կրակը վառած մնայ։ Ինչպէս որ առանց թթուածինի կրակը շուտով կը մարի, նոյնպէս առանց յարգանքի, զոյգի մը սէրը կրնայ շուտով պաղիլ։ Ասոր համար, շատ կարեւոր է որ զոյգը իրարու հանդէպ յարգանք ունենայ։ Բայց միտքդ պահէ, որ կարեւոր չէ որ դո՛ւն զգաս որ կողակիցդ կը յարգես, հապա կարեւորը այն է որ կողակի՛ցդ զգայ որ յարգուած է։ Փեննին եւ Առէթը աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Փեննին կ’ըսէ. «Մեր տունին մէջ սէր կայ, քանի որ ես ու ամուսինս իրար կը յարգենք։ Մենք չենք քաշուիր իրար արտայայտուելու, քանի որ իրար կարծիքները կ’արժեւորենք։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնաս ընել, որ կողակիցիդ զգացնես որ իրապէս յարգուած է։ Նկատի առ Աբրահամի եւ Սառայի օրինակները։
16. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Աբրահամին օրինակէն (Ա. Պետրոս 3։7) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
16 Աբրահամ Սառայի հետ յարգանքով կը վարուէր։ Ան Սառային մտիկ կ’ընէր եւ իր զգացումները հաշուի կ’առնէր։ Առիթով մը, Սառան Աբրահամին ըսաւ, որ շատ նեղուած է, եւ նոյնիսկ իր ամուսինը մեղադրեց խնդիրին համար։ Աբրահամ բարկացա՞ւ եւ անազնիւ խօսքեր ըսա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան գիտէր որ Սառան ենթարկուող կին էր, որ միշտ իր որոշումները կը յարգէր։ Ան իր կնոջ մտիկ ըրաւ եւ փորձեց հարցը լուծել (Ծն. 16։5, 6)։ Աբրահամէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ո՛վ ամուսիններ, ձեր ընտանիքին մէջ դո՛ւք որոշումներ կ’առնէք (Ա. Կոր. 11։3)։ Բայց, լաւ կ’ըլլայ որ սէրէ մղուած ձեր կնոջ կարծիքն ալ առնէք առաջ որ որոշումներ առնէք, մանաւանդ եթէ որոշումը իրեն կ’ազդէ (Ա. Կոր. 13։4, 5)։ Ատեններ ալ, թերեւս կինդ սթրես զգայ եւ ուզէ ինքզինք արտայայտել։ Իր զգացումները կը յարգե՞ս՝ ուշի–ուշով իրեն մտիկ ընելով (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։7)։ Նկատի առնենք Անժէլային եւ Տմիթրիին օրինակը, որոնք մօտ 30 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Անժէլան կը բացատրէ, որ ինչպէ՛ս իր ամուսինին կողմէ յարգուած կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Տմիթրին միշտ պատրաստ է ինծի մտիկ ընելու երբ նեղուած եմ կամ երբ պարզապէս խօսիլ կ’ուզեմ։ Ան ինծի կը համբերէ, նոյնիսկ երբ հանդարտ ոճով չարտայայտուիմ»։
17. Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Սառային օրինակէն (Ա. Պետրոս 3։5, 6)։
17 Սառան Աբրահամը յարգեց՝ անոր որոշումնե՛րը յարգելով (Ծն. 12։5)։ Առիթով մը, Աբրահամ որոշեց հիւրասիրել անակնկալ հիւրեր եւ Սառայէն խնդրեց, որ ամէն բան ձգէ եւ մեծ քանակով հաց պատրաստէ (Ծն. 18։6)։ Սառան շատ արագ Աբրահամին խնդրածը ըրաւ։ Ո՛վ կիներ, կրնաք Սառային պէս ձեր ամուսինին որոշումները յարգել։ Ասանկով, ձեր ամուսնութիւնը պիտի զօրանայ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։5, 6)։ Նախորդ պարբերութեան մէջ յիշուած Տմիթրին կը բացատրէ, որ ինչպէ՛ս յարգուած կը զգայ իր կնոջ կողմէ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ կ’արժեւորեմ որ Անժէլան ջանք կը թափէ որ իմ որոշումներս յարգէ, նոյնիսկ երբ նոյն կարծիքը չունենանք։ Եւ երբ որ արդիւնքը լաւ չըլլայ, չի քննադատեր»։ Ի՜նչ դիւրին է սիրել մէկը, որ քեզ կը յարգէ։
18. Ամուսնացած զոյգերը ինչպէ՞ս կ’օգտուին, եթէ իրենց սէրը վառած պահեն։
18 Այսօր, Սատանան կ’ուզէ ամուսնացած զոյգերուն սէրը մարել։ Ան գիտէ որ եթէ զոյգ մը այլեւս իրար չսիրէ, կրնայ Եհովայէն հեռանալ։ Բայց իսկական սէրը չի մարիր։ Ո՛վ ամուսնացած զոյգեր, կը յուսանք որ ձեր սէրը նմանի Երգ Երգոց գրքին մէջ նկարագրուած սիրոյն։ Անոր համար, ամէն ջանք ըրէք որ Եհովան ձեր ամուսնութեան մէջ առաջին տեղը դնէք, իրարու ժամանակ տրամադրէք եւ իրար զգացումներն ու պէտքերը յարգէք։ Ասանկով, ձեր ամուսնութիւնը փառք պիտի բերէ Եհովային՝ իսկական սիրոյ Աղբիւրին։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ լաւ հոգ տարուած կրակը վառած կը մնայ, ձեր սէրն ալ յաւիտեան վառած պիտի մնայ։
ԵՐԳ 87 Հիմա մէկ մարմին ենք
a Ամուսնութիւնը Եհովային կողմէ նուէր մըն է։ Ամուսնութեան մէջ, ամուսինն ու կինը կրնան իրարու հանդէպ շատ զօրաւոր սէր ունենալ։ Բայց ատեններ այդ սէրը կրնայ պաղիլ։ Անոր համար, եթէ ամուսնացած ես, այս յօդուածը պիտի օգնէ որ ձեր սէրը վառած պահէք եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենաք։
b Իսկական սէրը չի փոխուիր եւ մնայուն է։ Անիկա կը կոչուի «Եահի բոցը», քանի որ Եհովա՛ն է անոր Աղբիւրը։
c Նոյնիսկ եթէ կողակիցդ Եհովան չի պաշտեր, այս յօդուածին առաջարկները կրնան քեզի օգնել, որ իրեն հետ կապդ զօրաւոր պահես (Ա. Կոր. 7։12-14. Ա. Պետ. 3։1, 2)։
d Օրինակ, նկատի առ գործնական խրատներ «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքէն (արաբ.), որ կարելի է գտնել jw.org կայքին եւ JW Library®–ին մէջ։