Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

Կրնաս հոգեւոր նպատակներուդ հասնիլ

Կրնաս հոգեւոր նպատակներուդ հասնիլ

«Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (ԳԱՂ. 6։9

ԵՐԳ 150 Ծառայենք հոն՝ ուր մեծ կարիք կայ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Մեզմէ շատեր ի՞նչ դժուարութիւն ունեցած են։

 ԵՂԱ՞Ծ Է որ հոգեւոր նպատակակէտ մը դրած ես, բայց չես կրցած ատոր հասնիլ b։ Եթէ այո՛, ուրիշներուն հետ ալ ասիկա պատահած է։ Օրինակ, Ֆիլիփ կ’ուզէր աւելի շատ եւ աւելի լաւ կերպով աղօթել, բայց ժամանակ չէր գտներ աղօթելու։ Էրիքան նպատակ դրած էր որ ճիշդ ժամանակին ներկայ ըլլայ ծառայութեան ժողովներուն, բայց դեռ ամէն անգամ կ’ուշանար։ Իսկ Դոմաշ, քանի մը անգամ փորձեց Աստուածաշունչը ծայրէ–ծայր կարդալ։ Ան կ’ըսէ. «Չէի սիրեր Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Երեք անգամ փորձեցի, բայց ամէն անգամ միայն մինչեւ Ղեւտացւոց կը հասնէի»։

2. Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատինք, եթէ մեր հոգեւոր նպատակակէտին դեռ չենք հասած։

2 Եթէ ներկայիս նպատակակէտ մը դրած ես, բայց դեռ ատոր չես հասած, մի՛ զգար որ դուն ձախող անձ մըն ես։ Նոյնիսկ շատ պզտիկ նպատակակէտի մը հասնիլը ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ։ Այն գաղափարը, որ դուն դեռ կ’ուզես նպատակակէտիդ հասնիլ, ցոյց կու տայ որ Եհովային հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնդ կ’արժեւորես եւ կ’ուզես իրեն լաւագոյնդ տալ։ Եւ Եհովան քու այս ջանքերդ կը գնահատէ։ Բայց անշուշտ ան քու կարողութենէդ աւելի չ’ակնկալեր քեզմէ (Սաղ. 103։14. Միք. 6։8)։ Ուրեմն, նպատակակէտդ պէտք է տրամաբանական ըլլայ եւ պարագաներուդ յարմարի։ Եթէ այդ տեսակ նպատակակէտ մը դրած ես, ի՞նչ կրնաս ընել որ ատոր հասնիս։ Տեսնենք կարգ մը առաջարկներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն։

ԶՕՐԱՒՈՐ ՓԱՓԱՔ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Աղօթէ որ փափաքդ զօրանայ (տե՛ս պարբ. 3-4)

3. Զօրաւոր փափաք ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

3 Զօրաւոր փափաքը մեզի կ’օգնէ որ մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն հասնինք։ Կրնանք զօրաւոր փափաքը նմանցնել հովին, որ նաւը դէպի առջեւ կը հրէ։ Այնքան ատեն որ հովը կը փչէ, նաւը քշողը իր ուզած տեղը պիտի հասնի։ Իսկ եթէ հովը զօրաւոր է, ան թերեւս աւելի կանուխ հասնի։ Նոյնպէս, ո՛րքան զօրաւոր փափաք ունենանք, ա՛յնքան պիտի կարենանք մեր նպատակակէտերուն հասնիլ։ Սալվատորէն եղբայր մը՝ Տէյվիտը կ’ըսէ. «Երբ փափաքդ զօրաւոր է, աւելի ջանք կը թափես։ Չես ձգեր որ որեւէ բան արգելք ըլլայ որ նպատակակէտիդ հասնիս»։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել որ աւելի փափաք ունենաս։

4. Ի՞նչ բանի մասին կրնանք աղօթել (Փիլիպպեցիս 2։13) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Աղօթէ որ փափաքդ աւելնայ։ Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ կրնայ մեր փափաքը աւելցնել, որ մեր նպատակակէտին հասնինք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13)։ Ատեններ, նպատակակէտ մը կը դնենք, քանի որ գիտենք որ պէտք է դնենք, եւ ասիկա լաւ բան մըն է։ Բայց թերեւս մեր մէջէն չի գար ատոր հասնիլ։ Ասիկա պատահեցաւ Ուկանտայէն Նորինա անունով քրոջ մը հետ։ Ան նպատակ դրած էր որ սկսի մէկու մը հետ Սուրբ Գիրքը սերտել, բայց ասիկա ընելու փափաքը չունէր, քանի որ կը զգար որ սորվեցնելու մէջ լաւ չէ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն օր Եհովայէն խնդրեցի, որ փափաքս աւելցնէ որ մէկու մը հետ սկսիմ սերտել։ Աղօթելէ զատ, սորվեցնելու ձիրքերուս վրայ ալ աշխատեցայ։ Քանի մը ամիս ետք, նկատեցի որ փափաքս զօրացաւ։ Նոյն տարին, երկու դասեր ունեցայ»։

5. Մեր փափաքը զօրացնելու համար, ի՞նչ բանի վրայ կրնանք խոկալ։

5 Խոկա՛ այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է (Սաղ. 143։5)։ Պօղոս առաքեալ ճիշդ ասիկա ըրաւ, եւ ասանկով մէջը փափաք արթնցաւ որ Եհովային ծառայութեան մէջ աւելին ընէ (Ա. Կոր. 15։9, 10. Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Նոյնպէս, ո՛րքան աւելի խոկաս այն բոլոր բաներուն վրայ՝ որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է, ա՛յնքան աւելի մէջդ փափաք պիտի արթննայ նպատակակէտերուդ հասնելու (Սաղ. 116։12)։ Նկատի առ որ ի՛նչը օգնեց քրոջ մը Հոնտուրասէն, որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու իր նպատակակէտին հասնի։ Ան կ’ըսէ. «Մտածեցի որ Եհովան որքա՜ն խոր սէր ունի ինծի հանդէպ։ Ան զիս իր ժողովուրդին մէջ բերաւ։ Ինձմով հետաքրքրուած է, եւ շատ բաներէ կը պաշտպանէ։ Այս բոլոր բաներուն վրայ խոկալը իմ սէրս խորացուց իրեն հանդէպ եւ փափաքս զօրացուց, որ աւելի ջանք թափեմ որ ռահվիրայ ըլլամ»։

6. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ մեր փափաքը զօրացնենք։

6 Կեդրոնացի՛ր նպատակակէտիդ հասնելուն բերած օգուտներուն վրայ։ Տե՛ս թէ նախապէս յիշուած Էրիքան ինչպէ՛ս հասաւ ճշդապահ ըլլալու իր նպատակակէտին։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ վրայէս շատ բան կ’երթար ծառայութեան ժողովին ուշ հասնելով։ Բայց երբ կանուխ կու գայի, կրնայի եղբայրներուն ու քոյրերուն բարեւ տալ եւ իրենց հետ ժամանակ անցընել։ Ասկէ զատ, կրնայի իրենց տուած առաջարկները մտիկ ընել, ինչ որ ինծի կ’օգնէր որ ծառայութենէս հաճոյք առնեմ եւ ատիկա բարելաւեմ»։ Էրիքան կեդրոնացաւ ճշդապահ ըլլալուն օգուտներուն վրայ, եւ այդ նպատակակէտին հասաւ։ Լաւ, դուն ի՞նչ օգուտներու վրայ կրնաս կեդրոնանալ։ Եթէ նպատակ դրած ես որ Սուրբ Գիրքը կարդաս կամ աղօթես, մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս Եհովային հետ բարեկամութիւնդ պիտի զօրացնէ (Սաղ. 145։18, 19)։ Իսկ եթէ նպատակ դրած ես որ յատկութիւն մը զարգացնես, մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններդ պիտի լաւացնէ (Կող. 3։14)։ Լաւ կ’ըլլայ որ ցանկ մը պատրաստես, թէ ինչո՛ւ կ’ուզես դրած նպատակակէտիդ հասնիլ։ Այդ ցանկը միշտ աչքէ անցուր։ Դոմաշը կ’ըսէ. «Երբ շատ պատճառներ ունենամ նպատակակէտիս հասնելու, դիւրին–դիւրին չեմ յանձնուիր»։

7. Ի՞նչը Հուլիոյին եւ իր կնոջ օգնեց որ իրենց նպատակակէտին հասնին։

7 Ընկերակցէ՛ անոնց հետ, որոնք քեզի կ’օգնեն որ փափաքդ զօրանայ (Առ. 13։20)։ Տե՛ս թէ ի՛նչը օգնեց Հուլիոյին եւ իր կնոջ, որ Եհովային աւելի ծառայելու իրենց նպատակակէտին հասնին։ Հուլիոն կ’ըսէ. «Ընտրեցինք բարեկամներ, որոնք մեզ կը քաջալերէին մեր նպատակակէտին հասնելու, եւ անոնց հետ մեր նպատակակէտերուն մասին կը խօսէինք։ Անոնցմէ շատեր արդէն այդպիսի նպատակակէտերու հասած էին, անոր համար կրնային գործնական խրատներ տալ։ Ասկէ զատ, մեր ընկերները մեզի կը հարցնէին որ ո՛ւր հասանք, եւ երբ քաջալերութեան պէտք ունենայինք, մեզ կը քաջալերէին»։

ԵՐԲ ՓԱՓԱՔ ՆՈՅՆԻՍԿ ՉՈՒՆԵՆԱՆՔ

Նպատակակէտիդ հասնելու կերպեր գտիր (տե՛ս պարբ. 8)

8. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ մեր նպատակակէտերուն հասնելու համար աշխատինք միայն երբ փափաք ունինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Ծուռ նստինք՝ շիտակ խօսինք. օրեր կ’ըլլան որ նոյնիսկ փափաք չենք ունենար։ Ասիկա ըսե՞լ է որ չենք կրնար աշխատիլ որ մեր նպատակակէտին հասնինք։ Ո՛չ. բացատրենք։ Ինչպէս տեսանք, հովը կրնայ զօրաւոր ոյժ ըլլալ, որ նաւակը դէպի առջեւ կը հրէ։ Բայց օրեր կ’ըլլան որ բնաւ հով չըլլար։ Ասիկա ըսե՞լ է որ նաւավարը իր եղած տեղը պիտի մնայ։ Կարգ մը նաւակներ շարժիչ (մոթոր) ունին, իսկ ուրիշներ՝ թիեր։ Նաւավարը կրնայ որոշել թէ ո՛ր կերպով իր որոշած վայրը պիտի հասնի։ Ինչպէս ըսինք, մեր փափաքը կրնանք նմանցնել հովի։ Բայց թերեւս ամէն օր փափաք չունենանք մեր նպատակակէտերուն վրայ աշխատելու, եւ երբեմն ալ բնա՛ւ փափաք չունենանք։ Ուրեմն, եթէ պիտի սպասենք որ մեր մէջ փափաք ըլլայ որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք, թերեւս ատոնց բնաւ չհասնինք։ Անոր համար, կրնանք նաւավարին պէս ուրիշ կերպեր գտնել որ մեր նպատակակէտին հասնինք, նոյնիսկ երբ մեր մէջ փափաք չըլլայ։ Անշուշտ ասիկա դիւրին պիտի չըլլայ, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել, քանի որ ուրախ պիտի ըլլանք։ Առաջ որ տեսնենք որ ասիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել, կարեւոր հարցումի մը պատասխանը առնենք։

9. Սխա՞լ է շարունակել նպատակակէտի մը վրայ աշխատիլ, երբ փափաքը չունինք ատիկա ընելու. բացատրէ՛։

9 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ուրախութեամբ եւ ուզելով ծառայենք (Սաղ. 100։2. Բ. Կոր. 9։7)։ Ասիկա ըսե՞լ է որ պէտք է շարունակենք մեր նպատակակէտին վրայ աշխատիլ, նոյնիսկ եթէ փափաքը չունինք ատիկա ընելու։ Նկատի առ Պօղոսին օրինակը։ Ան ըսաւ. «Մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ» (Ա. Կոր. 9։25-27, 27–րդ համարին սերտելու նոթը, անգլ.)։ Պօղոս ինքզինք ստիպեց որ ճիշդը ընէ, նոյնիսկ երբ մէջէն չէր գար ատիկա ընելը։ Լաւ Եհովան իր ծառայութիւնը ընդունե՞ց։ Այո՛։ Ան նոյնիսկ Պօղոսը օրհնեց իր ջանքերուն համար (Բ. Տիմ. 4։7, 8

10. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք, նոյնիսկ եթէ փափաքը չունինք որոշ նպատակակէտի մը հասնելու։

10 Նմանապէս, Եհովան կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ որ ջանք կը թափենք նպատակակէտի մը հասնելու, նոյնիսկ երբ փափաքը չունինք ատիկա ընելու, քանի որ նոյնիսկ եթէ ատեններ ատիկա սիրելով չենք ըներ, Եհովան գիտէ որ ատիկա կ’ընենք քանի որ զինք կը սիրենք։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Եհովան Պօղոսը օրհնեց, մեր ջանքերն ալ պիտի օրհնէ (Սաղ. 126։5)։ Իր օրհնութիւնը զգալը կրնայ նոյնիսկ մեր մէջը փափաք արթնցնել բան մը ընելու։ Լեհաստանէն Լուցինան կ’ըսէ. «Ատեններ չեմ ուզեր ծառայութեան ելլել, մանաւանդ երբ յոգնած եմ։ Բայց ծառայութենէն վերջ այնքա՛ն ուրախ կը զգամ, որ այդ զգացումը բանի մը հետ չեմ փոխեր»։ Հիմա տեսնենք որ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ փափաքը չունինք բան մը ընելու։

11. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ ինքնազսպում ունենանք։

11 Աղօթէ որ ինքնազսպում ունենաս։ Ինքնազսպումը մեր զգացումները եւ վարքը զսպելու կարողութիւնն է։ Ընդհանրապէս այս բառը կը գործածուի, երբ մէկը պէտք է ինքզինք զսպէ որ գէշ բաներ չընէ։ Բայց ինքնազսպում նաեւ պէտք է որ լաւ բաներ ընենք, մանաւանդ եթէ մեր ընելիք բանը դժուար է կամ փափաք չունինք ատիկա ընելու։ Յիշէ՛ որ ինքնազսպումը կամ ժուժկալութիւնը հոգիին պտուղին մէկ մասն է, ուրեմն Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ որ քեզի օգնէ որ այս կարեւոր յատկութիւնը ունենաս (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Վերը յիշուած Տէյվիտը կը բացատրէ որ ինչպէ՛ս աղօթքը իրեն օգնեց։ Ան կ’ուզէր աւելի կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտել։ Տէյվիտը կ’ըսէ. «Եհովայէն խնդրեցի որ ինծի օգնէ որ ինքնազսպում ունենամ։ Իր օգնութեամբ կրցայ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելու յայտագիր սկսիլ»։

12. Ժողովող 11։4–ի սկզբունքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեր նպատակակէտերուն հասնելու նկատմամբ։

12 Մի՛ սպասեր որ կատարեալ պայմաններ ունենաս։ Եթէ սպասենք որ կատարեալ պայմաններ ունենանք, մեր նպատակակէտերուն բնա՛ւ պիտի չհասնինք։ Քանի որ այս աշխարհին մէջ, օ՛ր մը կատարեալ պայման պիտի չունենանք (կարդա՛ Ժողովող 11։4)։ Տանիէլ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Կատարեալ պայման ըսուած բան չկայ։ Անոր համար, պէտք չէ սպասենք որ ամէն բան կատարեալ դառնայ որ մեր նպատակակէտին վրայ աշխատինք»։ Ուկանտայէն Փոլ անունով եղբայր մը կ’ըսէ թէ ինչո՛ւ պէտք չէ մեր ընելիքը ձգձգենք. «Երբ առաջին քայլը առնենք, թէեւ դժուար պարագաներ ունինք, Եհովային առիթ կու տանք որ մեզ օրհնէ» (Մաղ. 3։10

13. Ինչո՞ւ լաւ կ’ըլլայ որ պզտիկ նպատակակէտերով սկսինք։

13 Պզտիկ քայլեր ա՛ռ։ Երբ դժուար նպատակակէտ մը դրած ենք, շատ փափաք չենք ունենար ատոր հասնելու։ Եթէ այս է պարագադ, կրնաս պզտիկ քայլեր առնել ատոր հասնելու համար։ Օրինակ, եթէ կ’ուզես յատկութիւն մը զարգացնել, կրնաս առօրեայ կեանքիդ մէջ պզտիկ բաներու մէջ այդ յատկութիւնը ցոյց տալ։ Իսկ եթէ նպատակ դրած ես կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդալու, կրնաս պզտիկ հատուածներ կարդալու յայտագիր դնել։ Յօդուածին սկիզբը յիշուած Դոմաշը դժուարութիւն ունէր մէկ տարուան մէջ Սուրբ Գիրքը կարդալու։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ խիստ յայտագիր մը դրած էի որ շատ գլուխներ կարդամ։ Անոր համար որոշեցի նորէն փորձել, բայց այս անգամ ամէն օր գլուխի մը մէկ մասը կարդամ եւ անոր վրայ խոկամ։ Ասիկա ձգեց որ կարդալէս հաճոյք առնեմ»։ Երբ Դոմաշը սկսաւ հաճոյքով կարդալ, ասիկա իրեն օգնեց որ կարդալու աւելի երկար պահեր տրամադրէ։ Ասանկով, վերջապէս կրցաւ լման Սուրբ Գիրքը կարդալ c։

ՄԻ՛ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻՐ ԵՐԲ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱՍ

14. Ի՞նչ արգելքներ կրնանք ունենալ։

14 Ցաւօք սրտի, որքան ալ փափաք ունենանք կամ ջանք թափենք, ատեններ բաներ կը պատահին, որոնք արգելք կ’ըլլան որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք։ Օրինակ, անակնկալ բաները կրնան մեր ժամանակը գողնալ (Ժող. 9։11)։ Կրնայ ըլլալ դժուարութեան մը պատճառով յուսահատինք կամ ոյժ չունենանք մեր նպատակին հասնելու (Առ. 24։10)։ Կրնայ ըլլալ որ մեր անկատարութեան պատճառով մեր նպատակին հակառակ բան մը ընենք (Հռով. 7։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ յոգնած զգաք (Մատ. 26։43)։ Այսպիսի պարագաներու, ի՞նչ կրնանք ընել։

15. Եթէ արգելքներ ըլլան եւ նպատակակէտիդ չհասնիս, ըսե՞լ է որ ձախող անձ մըն ես. բացատրէ՛ (Սաղմոս 145։14

15 Երբ արգելքներ ըլլան եւ նպատակակէտիդ չհասնիս, ըսել չէ որ ձախող անձ ես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ թերեւս ետեւ–ետեւի խնդիրներ կամ դժուարութիւններ ունենանք։ Բայց ատիկա նաեւ յստակ կը դարձնէ, որ կրնանք փորձել մեր նպատակակէտին հասնիլ՝ մանաւանդ Եհովային օգնութեամբ (կարդա՛ Սաղմոս 145։14)։ Նախապէս յիշուած Ֆիլիփը կ’ըսէ. «Ես չեմ կեդրոնանար այն պահերուն վրայ՝ երբ չեմ հասնիր նպատակակէտիս, հապա կը կեդրոնանամ այդ պահերուն վրայ՝ երբ ետ կը սկսիմ ջանք ընել որ նպատակակէտիս հասնիմ»։ Նախապէս յիշուած Տէյվիտը կ’ըսէ. «Ինծի համար արգելքները եւ գէշ օրերը առիթներ են, որ Եհովային փաստեմ որ իրեն հանդէպ խոր սէր ունիմ»։ Ուրեմն, երբ որ շարունակես ջանք թափել որ նպատակակէտիդ հասնիս, նոյնիսկ եթէ ատիկա ընելը դժուար ըլլայ, Եհովային կը փաստես որ կ’ուզես իր սիրտը ուրախացնել, եւ Եհովան կ’ուրախանայ տեսնելով թէ որքան ջանք կը թափես որ նպատակակէտիդ հասնիս։

16. Արգելքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Արգելքները օգտագործէ որ ատոնցմէ դասեր սորվիս։ Մտածէ թէ ի՛նչ բան արգելք եղաւ եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞մ բան մը ընել որ յաջորդ անգամ նոյն բանը արգելք չըլլայ’ (Առ. 27։12)։ Բայց ատեններ կ’ելլէ որ դրած նպատակակէտդ ինքնին տրամաբանական չէր։ Եթէ այս է պարագադ, նպատակակէտդ ետ աչքէ անցուր, տեսնելու համար որ ատիկա դեռ տրամաբանակա՛ն է քեզի համար d։ Եհովան քեզ ձախող անձ մը պիտի չսեպէ, քանի որ չհասար նպատակակէտի մը, որ արդէն տրամաբանական չէր (Բ. Կոր. 8։12

17. Ինչո՞ւ պէտք է յիշենք որ մինչեւ այսօր ի՛նչ բաներու մէջ յաջողած ենք։

17 Միտքդ բեր մինչեւ հիմա ի՛նչ բաներու մէջ յաջողած ես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ» (Եբ. 6։10)։ Դուն ալ պէտք չէ մոռնաս։ Անոր համար, յիշէ որ մինչեւ այսօր ի՛նչ բաներու մէջ յաջողած ես, ըլլա՛յ ատիկա Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենալ, ուրիշներուն խօսիլ իր մասին կամ մկրտուիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ անցեալին յաջողած ես քայլ առ քայլ հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնիլ, կրնաս այսօր ալ շարունակել քայլ առ քայլ հիմակուան նպատակակէտիդ հասնիլ (Փլպ. 3։16

Ճամբորդութիւնը վայելէ (տե՛ս պարբ. 18)

18. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, մինչ ջանք կ’ընենք որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

18 Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս նպատակակէտերուդ հասնիլ, ինչպէս որ նաւավար մը ուրախութեամբ կը հասնի իր գացած տեղը։ Բայց յիշէ որ նաւավարներէն շատեր ճամբորդած ժամանակ ալ հաճոյք կ’առնեն։ Նոյնպէս, մինչ նպատակակէտերուդ վրայ կ’աշխատիս, միշտ փորձէ տեսնել որ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ եւ կ’օրհնէ։ Ասանկով, ուրախ պիտի ըլլաս նոյնիսկ առաջ որ նպատակակէտիդ հասնիս (Բ. Կոր. 4։7)։ Երբ որ չյանձնուիս, աւելի մեծ օրհնութիւններ պիտի վայելես (Գաղ. 6։9

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

a Մեզի միշտ քաջալերութիւն կը տրուի, որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կը փորձես նպատակակէտի մը հասնիլ, բայց չես յաջողիր։ Այս յօդուածը պիտի տայ առաջարկներ մեզի օգնելու, որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք։

b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հոգեւոր նպատակակէտը որեւէ բան է, որ դուն ջանք կ’ընես որ բարելաւես կամ իրագործես, որպէսզի աւելի լաւ կերպով Եհովային ծառայես եւ իր սիրտը ուրախացնես։ Օրինակ, կրնաս նպատակակէտ դնել յատկութիւն մը զարգացնելու, կամ Եհովային պաշտամունքին մէջ ըրած բաներէդ մէկը բարելաւելու, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը կարդալ, անձնական սերտողութիւն ընել կամ ծառայել։

c Տե՛ս Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը, էջ 10-11, պարբ. 4։

d Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունեցիր եւ ուրախ եղիր» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 յուլիս 2008 թիւին մէջ (արաբ.)։