Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22

Շարունակէ քալել «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ

Շարունակէ քալել «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ

«Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի» (ԵՍԱ. 35։8

ԵՐԳ 26 Աստուծոյ հետ քալէ՛

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Բաբելոնի մէջ ապրող հրեաները ի՞նչ կարեւոր որոշում մը պէտք էր առնէին (Եզրաս 1։2-4

 ԹԱԳԱՒՈՐԸ յայտարարութիւն ըրած էր։ Բաբելոնին մէջ, մօտ 70 տարի գերի մնացած հրեաները ազատ էին իրենց հայրենիքը՝ Իսրայէլ՝ վերադառնալու (կարդա՛ Եզրաս 1։2-4)։ Միայն Եհովան ասիկա կրնար ընել։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ բաբելոնացիները իրենց գերիները ազատ չէին արձակեր (Եսա. 14։4, 17)։ Բայց Բաբելոնի կայսրութիւնը տապալած էր եւ անոր նոր կառավարիչը հրեաներուն ըսած էր, որ կրնային երկիրը ձգել։ Ուրեմն ամէն մէկ հրեայ, մանաւանդ ամէն մէկ ընտանիքի գլուխ, որոշումի մը առջեւ էր. Բաբելոնը ձգել–քալե՞լ կամ մնալ։ Այս որոշումը դիւրին չէր։ Ինչո՞ւ։

2 Շատ մը հրեաներ տարիքով մեծ էին եւ չէին կրնար այդ երկար ճամբորդութիւնը ընել։ Ասկէ զատ, հրեաներուն մեծամասնութիւնը Բաբելոնի մէջ ծնած էր եւ ուրիշ երկիր մը չէր ապրած։ Անոնք չէին զգար որ Իսրայէլը իրենց հայրենիքն է, հապա՝ իրենց նախահայրերուն հայրենիքն է։ Իսկ կարգ մը հրեաներ ալ շատ հարուստ դարձած էին Բաբելոնի մէջ։ Անոր համար, իրենց համար դժուար էր իրենց հանգիստ տունը եւ գործը ձգել եւ օտար երկիր մը երթալ։

3. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի օրհնէր այն հրեաները, որոնք Իսրայէլ պիտի վերադառնային։

3 Հաւատարիմ հրեաներուն համար, կ’արժէր որեւէ զոհողութիւն ընել Իսրայէլ վերադառնալու համար, քանի որ օգուտները շատ աւելի էին։ Իրենց վերադառնալը ամէնէն շատ իրենց պիտի օգնէր պաշտամունքի մէջ։ Բաբելոնի մէջ աւելի քան 50 հեթանոսական տաճարներ կային, մինչդեռ Եհովային համար տաճար մը չկար։ Հոն զոհասեղան մը չկար, ուր իսրայէլացիները կրնային Մովսիսական օրէնքին պահանջած զոհերը մատուցանել։ Ոչ ալ կազմակերպուած քահանայութիւն մը կար, որ այդ զոհերը մատուցանէր։ Ասկէ զատ, Եհովային ժողովուրդը շա՜տ աւելի քիչ էր, քան՝ հեթանոսները, որոնք Եհովան չէին պաշտեր եւ իր չափանիշներուն չէին հետեւեր։ Անոր համար, հազարաւոր աստուածավախ հրեաներ անհամբեր կը սպասէին, որ իրենց հայրենիքը վերադառնային եւ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատէին։

4. Եհովան ի՞նչ օգնութիւն խոստացաւ Իսրայէլ վերադարձող հրեաներուն։

4 Բաբելոնէն Իսրայէլ տանող բառացի ճամբան դժուար ճամբայ էր, եւ ատիկա կտրելը մօտ չորս ամիս կ’առնէր։ Բայց Եհովան խոստացած էր որ մէջտեղէն պիտի վերցնէր որեւէ բան, որ կրնար արգելք դառնալ հրեաներուն Իսրայէլ վերադարձին։ Եսայի մարգարէն գրեց. «Տէրոջը ճամբա՛ն պատրաստեցէք ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։ . . .Ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան» (Եսա. 40։3, 4)։ Մէյ մը երեւակայէ. անապատին մէջ տափարակ պողոտայ մը կայ։ Ճամբորդներուն համար այս պողոտային վրայ քալելը հաճելի պիտի ըլլար, քանի որ շատ աւելի դիւրին եւ արագ պիտի ըլլար տափարակ պողոտայի մը վրայ ճամբորդելը, քան թէ՝ լեռներ, բլուրներ կամ ձորեր կտրելը։

5. Բաբելոնէն Իսրայէլ տանող այլաբանական ճամբան ի՞նչ կը կոչուէր։

5 Այսօր շատ մը պողոտաներ ունին անուն մը կամ թիւ մը։ Եսայիի գրքին մէջ գրուած այլաբանական պողոտան ալ անուն մը ունէր։ Կը կարդանք. «Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի» (Եսա. 35։8)։ Այս խոստումը այդ ժամանակուան իսրայէլացիներուն համար ի՞նչ կը նշանակէր, եւ այսօր մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

«ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՊՈՂՈՏԱՆ». ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ՀԻՄԱ

6. Ճամբան ինչո՞ւ «Սրբութեան Պողոտայ» կոչուեցաւ։

6 Ի՜նչ աղուոր բան մը է պողոտայի մը անունը դնել՝ «Սրբութեան Պողոտայ»։ Ատիկա ինչո՞ւ այդպէս կոչուեցաւ։ Քանի որ վերադարձող հրեաներուն մէջ պէտք չէր գտնուեր «պիղծ մէ՛կը», որ անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն կամ ուրիշ լուրջ մեղք մը կը գործէր։ Անոնք պէտք էր «սուրբ ժողովուրդ» մը ըլլային (Բ. Օր. 7։6)։ Բայց ասիկա ըսել չէր որ անոնք այլեւս պէտք չունէին իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու՝ Եհովան ուրախացնելու համար։

7. Կարգ մը հրեաներ ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին. օրինակ մը տուր։

7 Ինչպէս ըսուեցաւ, հրեաներուն մեծամասնութիւնը ծնած էր Բաբելոնի մէջ, եւ շատ հաւանաբար անոնցմէ շատեր վարժուած էին բաբելոնացիներուն մտածելակերպին եւ ապրելակերպին։ Օրինակ, հրեաները Իսրայէլ վերադառնալէն երկար տարիներ ետք, Եզրաս գիտցաւ որ կարգ մը հրեաներ հեթանոս կիներու հետ ամուսնացած էին (Ել. 34։15, 16. Եզր. 9։1, 2)։ Ասիկա չի բաւեր, անկէ ալ տարիներ ետք, Նէեմիա կառավարիչը զարմացաւ, երբ գիտցաւ որ Իսրայէլի մէջ ծնած պզտիկներ նոյնիսկ չէին գիտեր եբրայերէն լեզուն (Բ. Օր. 6։6, 7. Նէ. 13։23, 24)։ Լաւ, այս պզտիկները ինչպէ՞ս պիտի սորվէին Եհովան սիրել եւ պաշտել, եթէ չէին հասկնար Աստուծոյ Խօսքը, որ եբրայերէն լեզուով գրուած էր (Եզր. 10։3, 44)։ Ուրեմն, վերադարձող հրեաները պէտք էր իրենց կեանքին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ մտցնէին, եւ ասիկա ընելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ անոնք Իսրայէլի մէջ ըլլային, ուր մաքուր պաշտամունքը կամաց–կամաց կը վերահաստատուէր (Նէ. 8։8, 9

Ք.Ե. 1919–էն ի վեր, միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ ձգած են Մեծ Բաբելոնը եւ սկսած են ճամբորդել «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ (տե՛ս պարբ. 8)

8. Ինչո՞ւ դարեր առաջ տեղի ունեցած դէպքերը այսօր մեզ կը հետաքրքրեն (տե՛ս կողքին նկարը)։

8 Կարգ մը մարդիկ թերեւս մտածեն. ‘Ասիկա շատ հետաքրքրական է։ Բայց ինչ որ դարեր առաջ հրեաներուն հետ եղաւ մեզի համար այսօր իմաստ մը ունի՞’։ Այո՛, քանի որ մենք ալ ձեւով մը կը քալենք «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ։ Ըլլա՛նք օծեալներէն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, մենք ալ պէտք է մնանք այս ճամբուն վրայ։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ շարունակ Եհովան պաշտենք հիմա եւ ապագային, երբ իր Թագաւորութիւնը լաւ պայմաններ բերէ երկրի վրայ (Յովհ. 10։16) b։ Ք.Ե. 1919–էն ի վեր միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ ձգած են Մեծ Բաբելոնը, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքները, եւ սկսած են քալել այս այլաբանական ճամբուն վրայ։ Թերեւս դուն ալ անոնցմէ մէկն ես։ Ճիշդ է որ այս ճամբան բացուեցաւ մօտ 100 տարի առաջ, բայց արդէն ուրիշներ սկսած էին այս ճամբան պատրաստել դարեր առաջ։

ՃԱՄԲԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ

9. Եսայի 57։14–ը ինչպէ՞ս կ’ըսէ որ «Սրբութեան Պողոտան» պատրաստուեցաւ։

9 Եհովան Բաբելոնէն Իսրայէլ ճամբորդող հրեաներուն առջեւէն բոլոր արգելքները վերցուց (կարդա՛ Եսայի 57։14)։ Լաւ, ան մեր օրերուն նոյնը ըրա՞ւ։ 1919–էն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովան կարգ մը աստուածավախ մարդիկ գործածեց, որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գալու ճամբան բանայ (համեմատէ՛ Եսայի 40։3)։ Անոնք պէտք եղած հոգեւոր պատրաստութիւնները ըրին, որպէսզի կարելի դառնայ որ անկեղծ մարդիկ սուտ կրօնքը ձգեն եւ Եհովան պաշտեն իր ժողովուրդին հետ։ Նկատի առնենք որ անոնք ի՛նչ գործեր կամ պատրաստութիւններ տեսան։

Դարեր շարունակ աստուածավախ մարդիկ օգնեցին, որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գալու ճամբան պատրաստուի (տե՛ս պարբ. 10-11)

10-11. Սուրբ Գիրքը տպելու եւ թարգմանելու աշխատանքները ի՞նչ օգուտներ բերին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Տպագրութիւն։ Մինչեւ 15–րդ դարը, Սուրբ Գիրքը ձեռքով կ’ընդօրինակուէր։ Ասիկա շատ ժամանակ կ’առնէր եւ Սուրբ Գիրքի օրինակները քիչ էին եւ՝ սուղ։ Բայց երբ շարժական տպագրամեքենան հնարուեցաւ, աւելի դիւրին եղաւ որ Սուրբ Գիրքը արտադրուի եւ տարածուի։

11 Թարգմանութիւն։ Դարերով Սուրբ Գիրքը գլխաւորաբար լատիներէնով կար եւ միայն ուսում ունեցող մարդիկ կրնային ատիկա հասկնալ։ Բայց երբ որ տպագրական աշխատանքները աւելի սովորական դարձան, աստուածավախ մարդիկ ծանր աշխատեցան, որ Սուրբ Գիրքը թարգմանեն առօրեայ խօսակցութեան մէջ գործածուող լեզուներով։ Ասանկով, Սուրբ Գիրքը ընթերցողները կրնային կրօնականներուն սորվեցուցածները բաղդատել Աստուածաշունչին սորվեցուցածներուն հետ։

Աստուածավախ մարդիկ օգնեցին, որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս գալու ճամբան պատրաստուի (տե՛ս պարբ. 12-14) c

12-13. Օրինակով մը ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս 19–րդ դարուն, անկեղծ Սուրբ Գիրքի աշակերտներ սկսան կրօնքներուն սորվեցուցած սուտ բաները մէջտեղ հանել։

12 Աստուածաշունչը սերտելու միջոցներ։ Կային անհատներ, որոնք Աստուածաշունչը ուշի–ուշով սերտեցին եւ ատկէ շատ բաներ սորվեցան։ Բայց կղերականները շատ բարկացան, երբ որ այդ անհատները իրենց սորվածները ուրիշներու պատմեցին։ Օրինակ, 19–րդ դարուն, կարգ մը անկեղծ տղամարդիկ սկսան թերթիկներ հրատարակել, որոնք եկեղեցիներուն սորվեցուցած սխալ բաները մէջտեղ հանեցին։

13 Շուրջ 1835–ին, Հենրի Կրու անունով աստուածավախ մարդ մը, հրատարակեց թերթիկ մը, որուն մէջ կը խօսէր մեռելներուն վիճակին մասին։ Ան Սուրբ Գիրքէն փաստեր բերաւ, որ մէկը անմահ հոգիով չի ծնիր, ինչպէս որ եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ, հապա՝ Աստուած է որ անմահութիւն կու տայ։ 1837–ին, Ճորճ Սթոռզ անունով անհատ մը շոգեկառքի մը մէջ այդ թերթիկը գտաւ։ Ատիկա կարդալէն ետք, ան համոզուեցաւ որ կարեւոր ճշմարտութիւն մը գտած է եւ որոշեց իր սորվածը ուրիշներուն ալ պատմել։ Անոր համար, 1842–ին քանի մը դասախօսութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ. «Հարցում մը. Ամբարիշտները անմա՞հ են»։ Ճորճ Սթոռզին գրութիւնները լաւ ազդեցութիւն ունեցան Չարլզ Թէյզ Ռասըլ անունով երիտասարդի մը վրայ։

14. Եղբայր Ռասըլը եւ իր ընկերակիցները ինչպէ՞ս օգտուեցան այն հոգեւոր աշխատանքներէն, որոնք անցեալին տարուեցան Սրբութեան ճամբան պատրաստելու համար (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Եղբայր Ռասըլը եւ իր ընկերակիցները ինչպէ՞ս օգտուեցան այն հոգեւոր աշխատանքներէն, որոնք անցեալին տարուեցան Սրբութեան ճամբան պատրաստելու համար։ Աստուածաշունչը սերտած ժամանակնին, անոնք դիմեցին բառգիրքերու, համաբարբառներու եւ Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններու, որոնք պատրաստուած էին առաջ որ անոնք իրենց աշխատանքները սկսին։ Ասկէ զատ, անոնք օգտուեցան Հենրի Կրուին, Ճորճ Սթոռզին եւ ուրիշ տղամարդոց կողմէ տարուած Աստուածաշունչի պրպտումներէն։ Եղբայր Ռասըլը եւ իր ընկերակիցներն ալ այդ ճամբան պատրաստելու մէջ բաժին բերին, երբ որ շատ մը գիրքեր եւ թերթիկներ արտադրեցին, որոնք կը խօսէին Աստուածաշունչին սորվեցուցածներուն մասին։

15. 1919–ին, ի՞նչ կարեւոր դէպքեր տեղի ունեցան։

15 1919–ին, Աստուծոյ ժողովուրդը դուրս ելաւ Մեծ Բաբելոնէն։ Նոյն տարին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» սկսաւ աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի անկեղծ մարդիկ «Սրբութեան Պողոտան» բռնեն (Մատ. 24։45-47)։ Այդ պողոտան պատրաստելու անցեալի աշխատանքները օգնած են այդ ճամբան բռնողներուն, որ Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին աւելի գիտնան (Առ. 4։18)։ Ատոնք նաեւ իրենց օգնած են որ Եհովային ուզած կերպով ապրին։ Եհովան չէ ակնկալած որ իր ժողովուրդը բոլոր փոփոխութիւնները մէկէն ընէ, հապա՝ ան ժամանակի ընթացքին զտած է իր ժողովուրդը (տե՛ս « Եհովան ժամանակի ընթացքին կը զտէ իր ժողովուրդը» շրջանակը)։ Մենք որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք, երբ կարենանք ամէն բանի մէջ Եհովան ուրախացնել (Կող. 1։10

«ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՊՈՂՈՏԱՆ» ԴԵՌ ԲԱՑ Է ՄԱՐԴՈՑ ԱՌՋԵՒ

16. 1919–էն ի վեր, «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ ի՞նչ նորոգութեան աշխատանքներ տարուած են (Եսայի 48։17. 60։17

16 Ամէն ճամբայ կանոնաւորաբար նորոգութեան պէտք ունի։ 1919–էն ի վեր, «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ տարուած աշխատանքները շարունակուած են, որպէսզի աւելի մարդիկ կարենան Մեծ Բաբելոնը ձգել։ 1921–ին, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան, հրատարակեց Աստուծոյ քնարը գիրքը, նորեկներուն օգնելու համար որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվին։ Անկէ գրեթէ վեց միլիոն օրինակներ բաժնուեցան 36 լեզուներով, եւ շատեր այդ գիրքին միջոցաւ ճշմարտութիւնը սորվեցան։ Իսկ վերջերս, ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչը սերտելու նոր հրատարակութիւն մը ունեցանք՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը։ Վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան իր կազմակերպութիւնը գործածած է հաստատ հոգեւոր սնունդ տալու համար, որպէսզի բոլորս կարենանք «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայէն քալել (կարդա՛ Եսայի 48։17. 60։17

17-18. «Սրբութեան Պողոտան» մեզ ո՞ւր կը հասցնէ։

17 Կրնանք ըսել թէ ոեւէ անհատ որ Սուրբ Գիրք սերտելը կ’ընդունի, առիթը կ’ունենայ որ «Սրբութեան Պողոտան» բռնէ։ Կարգ մը մարդիկ քիչ ժամանակ ետք այդ ճամբան կը ձգեն։ Իսկ ուրիշներ, այդ ճամբուն վրայ կը մնան մինչեւ որ որոշուած տեղը հասնին։ Լաւ ի՞նչ է այս որոշուած տեղը։

18 Երկնային յոյս ունեցողներուն համար, «Սրբութեան Պողոտան» զիրենք կը հասցնէ դէպի «Աստուծոյ դրախտը»՝ երկնքի մէջ (Յայտ. 2։7)։ Իսկ երկրային յոյս ունեցողներուն համար, այդ պողոտան զիրենք կը հասցնէ դէպի կատարելութիւն՝ Հազարամեայ իշխանութեան վերջը։ Եթէ այսօր դուն այդ պողոտան բռնած ես, ետեւ մի՛ նայիր եւ ատիկա մի՛ ձգեր, մինչեւ որ ճամբորդութիւնդ ամբողջանայ եւ հասնիս նոր աշխարհ։ Քեզի կը մաղթենք «բարի ճանապարհ»։

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

a Եհովան իսրայէլացիներուն առջեւ ճամբայ բացաւ որ Բաբելոնէն Իսրայէլ դառնան, եւ Իսրայէլ տանող այդ այլաբանական ճամբան կոչեց «Սրբութեան Պողոտայ»։ Ան իր ժողովուրդին համար նոյնը ըրա՞ծ է մեր օրերուն։ Այո՛։ Ք.Ե. 1919–էն ի վեր միլիոնաւորներ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելած են եւ սկսած են քալել Սրբութեան ճամբուն վրայ։ Մենք բոլորս պէտք է մնանք այդ ճամբուն մէջ, մինչեւ որ նոր աշխարհ հասնինք։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները գործածեցին այն Աստուածաշունչը սերտելու միջոցները, որոնք պատրաստուած էին առաջ որ անոնք իրենց աշխատանքները սկսին։