Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պրպտումի համար առաջարկ

Պրպտումի համար առաջարկ

Պրպտումի աղբիւրներ՝ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին մէջ

Մեր պրպտումի աղբիւրները կրնան քեզի օգնել, որ շատ մը նիւթերու մասին գիտնաս։ Այս աղբիւրներն են. արեւմտահայերէնով՝ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար եւ ուրիշ լեզուներով՝ Բառացանկ, Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ եւ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։

Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին մէջ «Փնտռել» տուփիկը կրնայ քեզի օգնել, որ պրպտումի աղբիւրները գործածես։ Մինչ «Փնտռել» տուփիկին մէջ բան մը կը գրես, տուփիկին տակ առաջարկներ կ’երեւին։ «Նիւթ» բառը կ’երեւի որեւէ բառի քով, որ անցած է պրպտումի աղբիւրներուն մէջ։

Ասիկա փորձէ. «Փնտռել» տուփիկին մէջ (Ա), սկսէ գրել «Եհովա» բառը։ Ընտրէ այն առաջարկը, որուն քով գրուած է «Նիւթ» (Բ)։ Եւ պիտի տեսնես ինչ որ անցած է պրպտումի աղբիւրներուն մէջ։