Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18

ԵՐԳ 1 Եհովայի յատկութիւնները

Բոլոր երկրին ողորմած Դատաւորին վստահէ

Բոլոր երկրին ողորմած Դատաւորին վստահէ

«Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (ԾՆ. 18։25

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածը մեր հասկացողութիւնը կ’աւելցնէ Եհովային ողորմութեան ու արդարութեան մասին՝ մեղաւորներուն յարութեան նկատմամբ։

1. Եհովան ի՞նչ մխիթարական դաս մը սորվեցուց Աբրահամին։

 ԱՆԳԱՄ մը, Աբրահամ Եհովային հետ խօսակցութիւն մը ունեցաւ, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին չմոռցաւ։ Եհովան հրեշտակի մը միջոցաւ Աբրահամին ըսաւ, որ պիտի կործանէր Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքները։ Հաւատարիմ Աբրահամը իրար անցաւ։ Ան Եհովային հարցուց. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես։ . . .Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ Եհովան իր սիրելի բարեկամին համբերութեամբ սորվեցուց դաս մը, որ բոլորս կը մխիթարէ եւ կ’օգտէ. Եհովան բնա՛ւ չի կործաներ արդարները (Ծն. 18։23-33

2. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան արդարութեամբ եւ ողորմութեամբ կը դատէ։

2 Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան արդարութեամբ եւ ողորմութեամբ կը դատէ։ Որովհետեւ գիտենք որ Եհովան մարդոց սրտին կը նայի (Ա. Թագ. 16։7)։ Իրականութեան մէջ, ան գիտէ «բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը» (Գ. Թագ. 8։39. Ա. Մն. 28։9)։ Այս մէկը շատ աղուոր ճշմարտութիւն մըն է։ Եհովային դատաստանները մեր խելքէն–մտքէն վեր են։ Ասոր համար, Պօղոս առաքեալ Եհովա Աստուծոյ համար ըսաւ. «Ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները» (Հռով. 11։33

3-4. Ատեններ թերեւս ի՞նչ հարցումներ հարցնենք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք (Յովհաննէս 5։28, 29

3 Թերեւս ատեններ Աբրահամին հարցուցած հարցումներուն պէս հարցումներ անցնին մեր մտքէն։ Օրինակ. ‘Յոյս կա՞յ որ այն մարդիկը որոնք Եհովան բնաջնջեց, ինչպէս՝ Սոդոմի եւ Գոմորի մէջ, ետ ապրին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնցմէ ոմանք յարութիւն առնեն մեղաւորներուն յարութեան ժամանակ’ (Գործք 24։15

4 Վերաքաղ ընենք թէ ի՛նչ գիտենք յարութեան մասին։ Վերջերս «կեանքի յարութիւն» եւ «դատապարտութեան յարութիւն» արտայայտութիւններուն բացատրութիւնը աւելի յստակօրէն հասկցանք (կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29) a։ Այս յստակացումին պատճառով ուրիշ բաներ ալ յստակացան, որոնց մասին պիտի քննարկենք այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ։ Նախ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ չենք գիտեր Եհովային արդար դատաստաններուն մասին, եւ ետքը նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ գիտենք ատոնց մասին։

Ի՞ՆՉ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ

5. Անցեալին, մեր հրատարակութիւններուն մէջ ի՞նչ ըսած էինք անոնց մասին, որոնք Սոդոմի ու Գոմորի մէջ բնաջնջուեցան։

5 Անցեալին, մեր հրատարակութիւնները նկատի առած են այն հարցումը, որ ի՛նչ կը պատահի անոնց, որոնք Եհովային կողմէ կը դատուին որպէս մեղաւորներ։ Ըսած էինք որ Եհովային կողմէ բնաջնջուած մարդիկը, ինչպէս՝ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչները, ապագային յարութիւն պիտի չառնեն։ Բայց այս նիւթին մասին աւելի սերտելէ եւ աղօթելէ ետք, յստակ դարձաւ որ չենք կրնար հարիւր առ հարիւր վստահ ըլլալ այդ մէկէն։ Ինչո՞ւ։

6. Ի՞նչ են կարգ մը օրինակներ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս դատապարտեց մեղաւոր մարդիկ, եւ ի՞նչ բան չենք գիտեր։

6 Այս նիւթին հետ կապ ունեցող կարգ մը հարցումներ նկատի առնենք։ Սուրբ Գիրքին մէջ կարգ մը պատմութիւններ կը նկարագրեն, որ Եհովան ինչպէ՛ս դատապարտեց կարգ մը մեղաւոր մարդիկ։ Օրինակ, ան Նոյէն եւ անոր ընտանիքէն զատ բոլոր մարդիկը բնաջնջեց։ Ասկէ զատ, ան իսրայէլացիներուն ըսաւ, որ Աւետեաց երկրին մէջ ապրող եօթը ազգերը կործանեն։ Եւ ան հրեշտակ մը գործածեց, որ մէկ գիշերուան մէջ 185,000 ասորեստանցի զինուորներ սպաննէ (Ծն. 7։23. Բ. Օր. 7։1-3. Եսա. 37։36, 37)։ Այս պարագաներուն, Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ՞, որ Եհովան որոշեց թէ բոլոր այդ անձերը յաւիտեան պիտի բնաջնջուին եւ բնա՛ւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։

7. Ի՞նչ գիտենք այն մարդոց մասին, որոնք բնաջնջուեցան Ջրհեղեղին ընթացքին կամ երբ իսրայէլացիները Քանանի երկիրը գրաւեցին (տե՛ս նկարը)։

7 Չենք գիտեր թէ Եհովան ինչպէ՛ս ամէն մէկ անձ դատեց, ոչ ալ գիտենք եթէ սպաննուողները, առիթը ունէին Եհովային մասին սորվելու եւ զղջալու կամ ոչ։ Ճիշդ է որ, երբ Սուրբ Գիրքը Ջրհեղեղի ժամանակին մասին կը խօսի, կ’ըսէ որ Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետ. 2։5)։ Բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր, որ երբ ան հսկայ տապանը կը շինէր, նաեւ կը փորձէր աշխարհի վրայ ամէն մէկ անձի քարոզել, որպէսզի Ջրհեղեղէն ազատի։ Նոյնպէս, չենք գիտեր եթէ բոլոր գէշ մարդիկը որոնք Քանանի մէջ կ’ապրէին, առիթը ունեցան որ Եհովային մասին սորվին եւ իրենց վարքը փոխեն։

Նոյը եւ իր ընտանիքը կ’աշխատին հսկայ տապանին վրայ։ Չենք գիտեր եթէ Նոյ այդ շինարարութեան ժամանակ նաեւ քարոզչական կազմակերպուած արշաւ մըն ալ ձեռնարկեց, որպէսզի երկրի վրայ ամէն մէկ մարդու քարոզէ, Ջրհեղեղը գալէ առաջ (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչներուն մասին ի՞նչ չենք գիտեր։

8 Լաւ ի՞նչ կրնանք ըսել Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն մասին։ Անոնց մէջ կ’ապրէր արդար մարդ մը՝ Ղովտը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՞, որ Ղովտ անոնց ամէն մէկուն քարոզեց։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ անոնք չար էին, բայց արդեօք անոնցմէ ամէն մէկը գիտէ՞ր ճիշդը սխալէն զանազանել։ Այնպէս կ’երեւի որ ո՛չ։ Յիշէ որ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ այն խումբ մը մարդոց մասին, որոնք ուզեցին Ղովտին հիւրերը բռնաբարել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ անոնց մէջ նոյնիսկ «տղաներ» կային (Ծն. 19։4, ՆԱ. Բ. Պետ. 2։7)։ Մենք հարիւր առ հարիւր գիտե՞նք որ ողորմած Աստուածը Եհովան որոշեց, որ այդ բնակիչներէն ո՛չ մէկը յարութիւն պիտի առնէ։ Ո՛չ, չենք կրնար ասիկա ըսել։ Ճիշդ է որ Եհովան Աբրահամին ըսաւ, որ Սոդոմին մէջ նոյնիսկ տասը արդար մարդիկ չկային (Ծն. 18։32)։ Այսինքն՝ անոնք մեղաւոր էին եւ Եհովան իրաւունք ունէր զանոնք բնաջնջելու։ Բայց կրնա՞նք հարիւր առ հարիւր ըսել որ անոնցմէ ոչ մէկը յարութիւն պիտի առնէ ‘մեղաւորներուն յարութեան’ ժամանակ։ Ո՛չ, չենք կրնար ըսել։

9. Սողոմոնին նկատմամբ ի՞նչ բան չենք գիտեր։

9 Միւս կողմէ, Սուրբ Գիրքին մէջ կան նաեւ պատմութիւններ արդար մարդոց մասին, որոնք յետագային մեղաւոր դարձան։ Նկատի առնենք Սողոմոն թագաւորին օրինակը։ Ան Եհովան կը ճանչնար ու գիտէր զինք ինչպէ՛ս պէտք էր պաշտէր, եւ Եհովան զինք շատ օրհնեց։ Բայց յետագային՝ Սողոմոն սկսաւ չաստուածներ պաշտել։ Եհովան իրմէ շատ բարկացաւ եւ իսրայէլ ժողովուրդը հարիւրաւոր տարիներ Սողոմոնին մեղքերուն հետեւանքները կրեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ Սողոմոն մահացաւ, «իր հայրերուն հետ քնացաւ», մէջը ըլլալով՝ հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորը (Գ. Թագ. 11։5-9, 43. Դ. Թագ. 23։13)։ Բայց այս արտայայտութիւնը ըսե՞լ է, որ Եհովան անպայման Սողոմոնին յարութիւն պիտի տայ։ Ո՛չ, Սուրբ Գիրքը այդպէս չ’ըսեր։ Բայց թերեւս ոմանք մտածեն որ Սողոմոն անկասկած յարութիւն պիտի առնէ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է» (Հռով. 6։7)։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ ամէն ով որ մեռած է յարութիւն պիտի առնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ յարութիւն առնելով նոր կեանք մը ապրիլը իրաւունք մը չէ, որ մէկը կը շահի պարզապէս քանի որ մահացած է։ Յարութիւնը մեր սիրալիր Աստուծոյն կողմէ նուէր մըն է, եւ ան զայն կու տայ, որու որ կ’ուզէ առիթը տալ, որ իրեն յաւիտեան ծառայէ (Յոբ 14։13, 14. Յովհ. 6։44)։ Լաւ, Սողոմոն այս նուէրը պիտի ստանա՞յ։ Եհովա՛ն գիտէ պատասխանը, մենք չե՛նք գիտեր։ Բայց մենք գիտե՛նք որ Եհովան ճիշդ բանը պիտի ընէ։

Ի՞ՆՉ ԳԻՏԵՆՔ

10. Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ մարդիկը բնաջնջելու նկատմամբ (Եզեկիէլ 33։11) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Կարդա՛ Եզեկիէլ 33։11։ Եհովան մեզի իր զգացումները կը յայտնէ մարդիկը դատելու նկատմամբ։ Պետրոս առաքեալ Եզեկիէլ մարգարէին նման բան մը արտայայտուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի» (Բ. Պետ. 3։9)։ Այս խօսքերը մեզ կը հանգստացնեն։ Մենք գիտենք որ Եհովան մէկը յաւիտեան չի բնաջնջեր, բացի եթէ շատ լաւ պատճառ մը ունի։ Ան շատ ողորմած է եւ երբ որ կարելի է՝ ողորմութեամբ կը վարուի։

Երբ մեղաւորները յարութիւն առնեն, տեսակ–տեսակ մարդիկ առիթը պիտի ունենան Եհովային մասին սորվելու (տե՛ս պարբերութիւն 10)


11. Որո՞նք յարութիւն պիտի չառնեն, եւ ասիկա ինչպէ՞ս գիտենք։

11 Ի՞նչ գիտենք անոնց մասին, որոնք յարութիւն պիտի չառնեն։ Սուրբ Գիրքը միայն քանի մը օրինակներ կու տայ, թէ որո՛նք յարութիւն պիտի չառնեն b։ Յիսուս յայտնեց որ Իսկարիովտացի Յուդան յարութիւն պիտի չառնէ (Մար. 14։21. տե՛ս նաեւ Յովհ. 17։12 c)։ Յուդան, գիտնալո՛վ եւ ուզելո՛վ Եհովա Աստուծոյ եւ անոր Որդիին դէմ աշխատեցաւ (տե՛ս Մար. 3։29 եւ դ07 8/1 11-12)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ իրեն հակառակող կրօնական առաջնորդներէն ոմանք յարութիւն պիտի չառնեն իրենց մեռնելէն ետք (Մատ. 23։33)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ զգուշացում տուաւ, որ չզղջացող հաւատուրացները յարութիւն պիտի չառնեն (Եբ. 6։4-8. 10։29

12. Եհովային ողորմութեան մասին ի՞նչ գիտենք. օրինակներ տուր։

12 Բայց ինչպէս որ վերը յիշեցինք, Եհովան շատ ողորմած է եւ «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի»։ Ան ինչպէ՞ս ողորմութիւն ցոյց տուած է կարգ մը անձերու հանդէպ, որոնք լուրջ մեղքեր գործեցին։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւորը շատ մը լուրջ մեղքեր գործեց, մէջը ըլլալով՝ շնութիւն եւ մարդասպանութիւն։ Բայց ան զղջաց եւ Եհովան իրեն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալով ներեց իրեն (Բ. Թագ. 12։1-13)։ Մանասէ թագաւորը իր կեանքին մեծ մասը անցուց գէշ բաներ ընելով։ Բայց Եհովան ողորմութիւն ցոյց տալով ներեց իրեն, քանի որ ան զղջաց (Բ. Մն. 33։9-16)։ Այս օրինակները մեզի կը յիշեցնեն, որ Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ, երբ տեսնէ թէ պատճառ մը ունի ասիկա ընելու։ Ան այսպիսի անձերու յարութիւն պիտի տայ, քանի որ անոնք ընդունեցին, թէ լուրջ մեղքեր գործած են, եւ զղջացին։

13. ա) Եհովան ինչո՞ւ նինուէցիներուն ողորմութիւն ցոյց տուաւ։ բ) Յիսուս նինուէցիներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

13 Մենք նաեւ գիտենք որ Եհովան ողորմութիւն ցոյց տուաւ նինուէցիներուն։ Աստուած Յովնանին ըսաւ. «Անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ Բայց երբ անոնք զղջացին, Եհովան ներեց իրենց։ Ան Յովնանէն շատ աւելի ողորմած էր։ Յովնան ջղայնացաւ եւ Աստուած իրեն յիշեցուց, որ այդ նինուէցիները «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր» (Յովն. 1։1, 2. 3։10. 4։9-11)։ Ետքը, Յիսուս անոնց օրինակը գործածեց, որ Եհովային արդարութեան եւ ողորմութեան մասին սորվեցնէ մարդոց։ Յիսուս ըսաւ որ զղջացող նինուէցիները «դատաստանին օրը. . . պիտի ելլեն» (Մատ. 12։41

14. «Դատապարտութեան յարութիւն»ը ի՞նչ պիտի նշանակէ նինուէցիներուն։

14 Ի՞նչ ըսել է որ նինուէցիները «դատաստանին օրը. . . պիտի ելլեն»։ Յիսուս ըսաւ որ ապագային «դատապարտութեան յարութիւն» պիտի ըլլայ (Յովհ. 5։29)։ Հոս ան կ’ակնարկէր իր Հազարամեայ իշխանութեան, որուն ընթացքին ‘թէ՛ արդարները եւ թէ՛ մեղաւորները’ յարութիւն պիտի առնեն (Գործք 24։15)։ Մեղաւորներուն յարութիւնը «դատապարտութեան յարութիւն» պիտի ըլլայ։ Այսինքն՝ երբ անոնք յարութիւն առնեն, Եհովան եւ Յիսուսը պիտի նային, որ արդեօք անոնք իրենց սորվածներուն կը հնազանդին եւ զանոնք կը գործադրե՞ն։ Եթէ յարութիւն առած նինուէցի մը մերժէ Եհովան պաշտել, Եհովան պիտի չձգէ որ ան շարունակէ ապրիլ (Եսա. 65։20)։ Բայց բոլոր անոնք, որոնք կ’ընտրեն հաւատարմօրէն Եհովան պաշտել, առիթը պիտի ունենան որ յաւիտեան ապրին (Դան. 12։2

15. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ ըսենք որ Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչներէն ո՛չ մէկը յարութիւն պիտի առնէ։ բ) Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք Յուդա 7–ին խօսքը (տե՛ս « Յուդան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր» տուփը)։

15 Երբ Յիսուս Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն մասին կը խօսէր, ան ըսաւ որ անոնց համար «աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը», քան՝ այն մարդոց համար, որոնք զինք եւ իր սորվեցուցածները մերժեցին (Մատ. 10։14, 15. 11։23, 24. Ղուկ. 10։12)։ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Թերեւս ըսենք որ հոս Յիսուս կը չափազանցէր, որպէսզի ցոյց տար, որ իր ժամանակուան մարդիկը շատ աւելի գէշ էին, քան՝ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչները։ Բայց ըստ երեւոյթին ասիկա ճիշդ չէ։ Հապա, ինչպէս որ Յիսուս բառացիօրէն կը խօսէր նինուէցիներուն մասին, ան նաեւ բառացիօրէն կը խօսէր Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն մասին։ Վստահաբար, երկուքին պարագային ալ «դատաստանին օրը» նոյն բանին կ’ակնարկէ։ Յիշէ որ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ «դատապարտութեան յարութեան» մասին։ Ան ըսաւ որ ատիկա կ’ընդգրկէ «անոնք որ չար գործեր են» (Յովհ. 5։29)։ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչները նինուէցիներուն պէս չար բաներ ըրին, բայց նինուէցիները առիթը ունեցան զղջալու։ Ուրեմն, այնպէս կ’երեւի թէ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներն ալ որոշ չափով յոյս մը ունին։ Կարելի է որ գոնէ անոնցմէ ոմանք յարութիւն առնեն, եւ մենք թերեւս առիթը ունենանք անոնց սորվեցնելու Եհովային եւ Յիսուս Քրիստոսին մասին։

16. Ի՞նչ գիտենք Եհովային մասին, թէ ան ինչպէ՛ս պիտի որոշէ որո՛ւն յարութիւն տալ (Երեմիա 17։10

16 Կարդա՛ Երեմիա 17։10։ Այս համարը կ’ամփոփէ, թէ ի՛նչ գիտենք։ Եհովան միշտ մարդոց ‘միտքը կը քննէ, սրտերը կը փորձէ’։ Երբ ապագային յարութեան ժամանակը գայ, ան ‘մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ’, ինչպէս միշտ կ’ընէ։ Եհովան, երբ պէտք է որ վճռական ըլլայ՝ վճռական պիտի ըլլայ, բայց երբ կարելիութիւնը կայ որ ողորմած ըլլայ՝ ողորմած պիտի ըլլայ։ Ուրեմն, երբեք պէտք չէ ըսենք որ անձ մը յարութիւն պիտի չառնէ, բացի եթէ գիտենք որ Աստուածաշունչը այդպէս ըսած է։

«ԲՈԼՈՐ ԵՐԿՐԻ ԴԱՏԱՒՈՐԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՊԻՏԻ ԸՆԷ

17. Մեռնողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։

17 Միլիառաւոր մարդիկ մահացած են այն ժամանակէն ի վեր, երբ Ադամն ու Եւան Սատանային միանալով Եհովա Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան։ «Մահը» շա՛տ գէշ «թշնամի» մըն է (Ա. Կոր. 15։26)։ Լաւ, ի՞նչ պիտի պատահի բոլոր մեռնողներուն։ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներու պզտիկ խումբ մը՝ 144,000 հոգի, յարութիւն առնելով անմահ կեանք մը պիտի ապրին երկինքին մէջ (Յայտ. 14։1)։ Հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մեծ խումբ մը, որոնք մահանալէ առաջ Եհովան կը սիրէին, ետ կեանքի պիտի գան ‘արդարներուն յարութեան’ ատեն, եւ անոնք երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին, եթէ արդար մնան Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութեան եւ վերջին փորձին ընթացքին (Դան. 12։13. Եբ. 12։1)։ Հազարամեային ընթացքին նաեւ «մեղաւորները»,– որոնց մէջ կան անոնք որոնք բնա՛ւ Եհովային չեն ծառայած, կամ նոյնիսկ «անոնք որ չար գործեր են»,– առիթը պիտի ունենան իրենց վարքը փոխելու եւ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելու (Ղուկ. 23։42, 43)։ Բայց մեռնողներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք այնքա՛ն գէշ էին եւ այնքա՛ն մտքերնին դրած էին Եհովային դէմ ըմբոստանալ, որ Եհովան որոշած է անոնց յարութիւն չտալ (Ղուկ. 12։4, 5

18-19. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան միշտ ճիշդ որոշումը կ’առնէ մեռնողները դատելու նկատմամբ (Եսայի 55։8, 9)։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

18 Կրնա՞նք համոզուած ըլլալ, որ երբ Եհովան մարդիկը կը դատէ, միշտ ճիշդ որոշումը կ’առնէ։ Այո՛։ Ինչպէս որ Աբրահամ շատ լաւ հասկցած էր, որ Եհովան կատարեալ, ամէնէն իմաստուն եւ ողորմած «բոլոր երկրի Դատաւոր»ն է։ Եհովան իր Որդին մարզած է եւ անոր յանձնած է բոլոր մարդիկը դատելու պատասխանատուութիւնը (Յովհ. 5։22)։ Թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուսը կրնան գիտնալ, թէ ամէն մէկ անձին սրտին մէջ ի՛նչ կայ (Մատ. 9։4)։ Ուրեմն, անոնք ամէն մէկ անձ դատելու ատեն, «արդարութիւն» պիտի ընեն։

19 Մեր միտքը դնենք որ պիտի վստահինք Եհովային եւ իր բոլոր որոշումներուն։ Մենք գիտենք որ դատելը մեզի չէ տրուած, հապա՝ Եհովային (կարդա՛ Եսայի 55։8, 9)։ Ասոր համար, դատելը լման կը ձգենք Եհովային եւ իր Որդիին, որ կատարեալ կերպով կ’ընդօրինակէ իր Հօր արդարութիւնն ու ողորմութիւնը (Եսա. 11։3, 4)։ Բայց ուրիշ հարցում մը կը ծագի. ‘Մեծ նեղութեան ժամանակ Եհովան եւ իր Որդին մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի դատեն’։ Ասոր մասին ի՞նչ չենք գիտեր, եւ ի՞նչ գիտենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այս հարցումները պիտի պատասխանուին։

ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք

b Ադամին, Եւային եւ Կայէնին նկատմամբ՝ տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունուար 2013 թիւը, էջ 12, ստորանիշ։

c Յովհաննէս 17։12–ին մէջ գործածուած «կորստեան որդի» արտայայտութիւնը կը նշանակէ, որ երբ Յուդան մեռնէր, մնայուն կերպով պիտի բնաջնջուէր եւ յարութեան յոյս պիտի չունենար։