Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան օր մը օրանց զիս յուսախաբ չէ ըրած

Եհովան օր մը օրանց զիս յուսախաբ չէ ըրած

Ես եւ երեք ուրիշ պզտիկ աղջիկներ ընտրուած էինք Ատոլֆ Հիթլերին ծաղիկ տալու, երբ առիթով մը դասախօսութիւն տուաւ։ Ինչո՞ւ զիս զատեցին։ Հայրս մեծ մասնակցութիւն կը բերէր նացիներուն գործունէութիւններուն մէջ, եւ կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղին առաջնորդին վարորդն էր։ Մայրս կրօնամոլ կաթողիկէ մըն էր եւ կ’ուզէր որ մայրապետ ըլլամ։ Բայց հակառակ այս երկու զօրաւոր ազդեցութիւններուն, ես ո՛չ նացի եղայ, ոչ ալ մայրապետ։ Ձեզի պատմեմ պատճառը։

ՄԵԾՑԱԾ եմ Աւստրիոյ Կրաց քաղաքը։ Եօթը տարեկանիս զիս դպրոց ղրկեցին որ կրօնական մարզում ստանամ։ Բայց օդէն ինկայ երբ տեսայ թէ որքա՜ն շատ սեռային անբարոյութիւն կար քահանաներուն եւ մայրապետներուն միջեւ։ Այս պատճառով, մէկ տարի չանցած՝ մայրս արտօնեց որ դպրոցը ձգեմ։

Մեր ընտանիքը՝ հայրս իր զինուորական տարազով

Ետքը, գիշերօթիկ դպրոց գացի։ Գիշեր մը, հայրս եկաւ զիս ապահով տեղ մը տանելու, քանի որ ռումբեր կը տեղային Կրացին վրայ։ Գացինք Շլատմինկ գիւղը։ Հազիւ որ հասանք եւ կամուրջ մը կտրեցինք, պայթեցուցին կամուրջը։ Ուրիշ օր մը, երբ ես ու մեծ մայրս մեր բակին մէջն էինք, ցածէն թռչող օդանաւեր կրակեցին մեր վրայ։ Երբ պատերազմը վերջացաւ, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ կառավարութիւնը մեզ յուսախաբ ըրած էին։

ԸՄԲՌՆԵՑԻ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՅՈՒՍԱԽԱԲ Չ’ԸՆԵՐ

1950–ին, Եհովայի վկայ մը սկսաւ Սուրբ Գիրքին պատգամը մօրս տալ։ Ես մտիկ կ’ընէի իրենց խօսակցութիւնները եւ նոյնիսկ ատեններ մօրս հետ ժողովի կ’երթայի։ Մայրս համոզուեցաւ որ Եհովայի վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն, եւ 1952–ին մկրտուեցաւ։

Այդ ժամանակ, տեղական ժողովքը ծերանոցի պէս էր ինծի համար։ Բայց ետքը այցելեցինք ժողովքի մը, ուր մեծ թիւով երիտասարդներ կային. բնա՛ւ կապ չունէր ծերանոցին հետ։ Երբ Կրաց վերադարձանք, սկսայ բոլոր ժողովներուն երթալ, եւ շուտով ես ալ համոզուեցայ որ ճշմարտութիւնը կը սորվիմ։ Նաեւ ըմբռնեցի որ Եհովան միշտ իր ծառաներուն օգնութեան կը հասնի, նոյնիսկ երբ զգանք թէ ծայր աստիճան դժուար պարագաներու մէջ միայնակ ենք (Սաղ. 3։5, 6

Ուզեցի ճշմարտութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն։ Նախ քոյրերուս եւ եղբօրս խօսեցայ։ Տարիքով ինձմէ մեծ եղող չորս քոյրերս արդէն իսկ տունը ձգած էին եւ դպրոցի մէջ ուսուցչուհի էին։ Անոնց ապրած գիւղերը գացի եւ քաջալերեցի, որ Սուրբ Գիրքը սերտեն։ Ի վերջոյ, բոլոր քոյրերս եւ եղբայրս սերտեցին եւ Եհովայի վկայ եղան։

Դռնէ դուռ ծառայութեան սկսելուս երկրորդ շաբաթը, հանդիպեցայ 30–ական տարիքի մէջ եղող կնոջ մը եւ սկսայ իրեն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ան յառաջդիմեց ու մկրտուեցաւ, եւ յետագային՝ իր ամուսինն ու երկու տղաներն ալ մկրտուեցան։ Այդ ուսումնասիրութիւնը հաւատքս զօրացուց, քանի որ լաւ պէտք էր պատրաստուէի ամէն մէկ դասին համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ո՛չ մէկը Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւն վարած էր հետս։ Դասը պատրաստելը ինծի կ’օգնէր որ նա՛խ ես սորվիմ եւ ետքը աշակերտիս սորվեցնեմ։ Ասիկա իրապէս օգնեց որ աւելի լաւ հասկնամ ճշմարտութիւնը։ 1954–ի ապրիլին մկրտուեցայ։

«ՀԱԼԱԾՈՒԱԾ ԵՆՔ, ԲԱՅՑ ԵՐԵՍԷ ՁԳՈՒԱԾ ՉԵՆՔ»

1955–ին, միջազգային համաժողովներու գացի Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ։ Լոնտոնի մէջ ծանօթացայ Ալպերթ Շրոտըրին։ Ան Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցին մէկ ուսուցիչն էր, եւ յետագային՝ Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը եղաւ։ Երբ Բրիտանական թանգարանը կ’այցելէինք, եղբայր Շրոտըր կարգ մը աստուածաշնչական ձեռագիրներ ցուցուց մեզի եւ ատոնց կարեւորութիւնը բացատրեց։ Ատոնց մէջ եբրայերէն տառերով գրուած էր Աստուծոյ անունը։ Ասիկա ձգեց որ ա՛լ աւելի սիրեմ Եհովան եւ ճշմարտութիւնը եւ աւելի վճռեմ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը տարածել։

Ծառայակիցիս հետ (աջին), մինչ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ կը ծառայենք Միսթըլպախին մէջ, Աւստրիա

1 յունուար 1956–ին սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Չորս ամիս ետք, հրաւէր ստացայ որ Աւստրիոյ Միսթըլպախ գիւղաքաղաքին մէջ ծառայեմ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ Այդ ժամանակ, հոն Վկաներ չկային։ Բայց մասնայատուկ դժուարութիւն մը ունէի։ Այն ռահվիրան, որուն հետ նոյն տան մէջ պիտի մնայի, ինձմէ շատ տարբեր էր։ Ես գրեթէ 19 տարեկան էի, իսկ ինք՝ 25 տարեկան. ես քաղաքին մէջ մեծցած էի, մինչ ինք՝ գիւղին մէջ. ես կը սիրէի ուշ արթննալ, իսկ ինք՝ կանուխ արթննալ. կը սիրէի իրիկունները ուշ պառկիլ, մինչ ինք՝ կանուխ պառկիլ։ Բայց Սուրբ Գիրքին խրատները գործադրելով՝ կրցանք իրարու համակերպիլ եւ ուրախութեամբ միասին ռահվիրայութիւն ընել։

Բայց ուրիշ մեծ դժուարութիւններ ալ ունէինք,– նոյնիսկ հալածանք,– բայց «երեսէ ձգուած» չէինք (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Օր մը, երբ գիւղի մը մէջ կը քարոզէինք, մարդիկ իրենց շուները ազատ արձակեցին։ Հսկայ շուներ շրջապատեցին զիս ու ծառայակիցս եւ սկսան հաջել ու իրենց ակռաները ցուցնել։ Մենք իրարու ձեռք բռնեցինք եւ ես բարձրաձայն աղօթեցի. «Ո՛վ Եհովա, երբ մեր վրայ յարձակին, հաճիս ձգէ որ շուտով մեռնինք»։ Երբ շուները միայն մէկ քայլի չափ հեռու էին մեզմէ, յանկարծ կեցան ու իրենց պոչը շարժեցին եւ գացին։ Զգացինք որ Եհովան մեզ պաշտպանեց։ Ետքը, գիւղին չորս կողմը քարոզեցինք եւ ուրախացանք որ մարդիկ լաւ ականջ կու տային մեզի։ Թերեւս անոնք զարմացած էին որ շուները մեզի չվնասեցին կամ թէ այդ վախնալիք փորձառութենէն ետք շարունակեցի՛նք քարոզել։ Յետագային, անոնցմէ ոմանք Վկայ եղան։

Ուրիշ վախնալիք բան մըն ալ եղաւ մեզի հետ։ Օր մը, մեր տանտէրը գինով տուն եկաւ եւ սկսաւ իր կնոջ ըսել, որ մեզ պիտի մեռցնէ, քանի որ մեր շրջապատին նեղութիւն կու տանք։ Կինը փորձեց հանդարտեցնել զինք, բայց չյաջողեցաւ։ Ամբողջ խօսակցութիւնը լսեցինք մեր սենեակէն, որ վերնայարկն էր։ Շուտով աթոռներով գոցեցինք դուռը եւ սկսանք մեր ապրանքները հաւաքել։ Երբ դուռը բացինք, տանտէրը աստիճաններուն վերը հասած էր ու ձեռքը մեծ դանակ մը ունէր։ Մեր բոլոր ունեցածները առնելով՝ ետեւի դուռէն դուրս ելանք ու պարտէզին երկար ճամբայէն փախանք եւ անգամ մըն ալ չվերադարձանք։

Պանդոկ մը գացինք եւ սենեակ մը ուզեցինք։ Գրեթէ մէկ տարի հոն մնացինք, եւ ասիկա լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր ծառայութեան վրայ։ Ինչպէ՞ս։ Պանդոկը գիւղաքաղաքին մէջտեղը կը գտնուէր, եւ մեր աշակերտներէն ոմանք ուզեցին իրենց ուսումնասիրութիւնը հոն ընել։ Շատ չանցած, սկսանք գիրքի ուսումնասիրութիւնը եւ շաբաթական Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը ընել պանդոկի մեր սենեակին մէջ, եւ շուրջ 15 հոգի ներկայ կ’ըլլար։

Աւելի քան մէկ տարի մնացինք Միսթըլպախի մէջ։ Ետքը, նշանակուեցայ ծառայել Ֆէլթպախի մէջ, որ Կրացին հարաւ–արեւելքը կը գտնուի, եւ հոն ալ ժողովք չկար։ Նոր ծառայակից մը ունեցայ, եւ ապրեցանք խրճիթի մը երկրորդ յարկը գտնուող պզտիկ սենեակի մը մէջ։ Տախտակներուն միջեւ եղած բացութիւններուն մէջէն հովը կը սուլէր, եւ այս պատճառով փորձեցինք թերթերով գոցել բացութիւնները։ Նաեւ ջուրը հորէն պէտք էր քաշէինք։ Բայց արժեց ընել այս զոհողութիւնները։ Քանի մը ամսուան մէջ, խումբ մը հաստատուեցաւ։ Սերտեցինք ընտանիքի մը հետ, որուն անդամներէն 30 հոգի ժամանակի ընթացքին ճշմարտութեան եկան։

Այսպիսի փորձառութիւններ ձգեցին որ աւելի երախտապարտ ըլլամ Եհովային, քանի որ բնա՛ւ յուսախաբ չ’ըներ զանոնք, որոնք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնեն։ Եհովան միշտ մեր օգնութեան կը հասնի, նոյնիսկ եթէ մարդ արարածը չկարենայ մեզի օգնել (Սաղ. 121։1-3

ԱՍՏՈՒԱԾ ‘ԻՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋՈՎԸ’ ՕԳՆԱԾ Է

1958–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ գտնուող Եանգի Սթատիումին եւ Փոլօ Կրաունտզին մէջ, միջազգային համաժողով մը տեղի պիտի ունենար։ Դիմումնագիր ներկայացուցի որ համաժողովին ներկայ ըլլամ, եւ Աւստրիոյ մասնաճիւղը ինծի հարցուց, թէ արդեօք կը փափաքի՞մ երթալ Գաղաադի դպրոցին 32–րդ դասարանին։ Այսպիսի առանձնաշնորհում մը կը մերժուի՞։ Շուտով «Ա՛յո» պատասխանեցի։

Դասընթացքին ընթացքին նստայ Մարթըն Փոցինկըրին քով։ Ան ահռելի փորձառութիւններ ունեցած էր նացի համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ։ Ան ալ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը։ Դասի ժամանակ, ան ատեններ փսփսալով կը հարցնէր. «Էրիքա, ասիկա գերմաներէնով ի՞նչ ըսել է»։

Երբ դասընթացքին կէսին հասանք, Նաթան Նոր յայտարարեց մեր նշանակումները։ Ես նշանակուեցայ Փարակուէյի մէջ ծառայելու, բայց հօրս արտօնութեան պէտք ունէի, որպէսզի այդ երկիրը մտնեմ, քանի որ տարիքով պզտիկ էի։ Արտօնութիւնը ստանալէ ետք, 1959–ի մարտին հասայ Փարակուէյ։ Սկսայ նոր ծառայակիցի մը հետ ապրիլ Ասունսիոնի միսիոնարական տան մը մէջ։

Շատ չանցած, ծանօթացայ Ուոլթըր Պրայթին, որ Գաղաադի 30–րդ դասարանը աւարտած միսիոնար մըն էր։ Ժամանակ մը ետք ամուսնացանք եւ սկսանք կեանքին դժուարութիւնները միասին դիմագրաւել։ Երբ լուրջ խնդիր մը ունենայինք, կը կարդայինք Եհովային խոստումը Եսայի 41։10–ին մէջ, որ կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ»։ Ասիկա մեզ կը վստահեցնէր, որ ա՛յնքան ատեն որ ջանք կը թափենք Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու եւ իր Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելու, ան բնա՛ւ յուսախաբ պիտի չընէ մեզ։

Ժամանակ մը ետք, նշանակուեցանք Պրազիլի սահմանին մօտ գտնուող շրջանի մը մէջ ծառայելու։ Հոն, կղերականները դրդեցին երիտասարդները որ քար նետեն մեր միսիոնարական տունին վրայ, որ արդէն լաւ վիճակի մէջ չէր։ Ետքը, Ուոլթըր սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել ոստիկանապետին հետ։ Ան ոստիկաններ նշանակեց, որ մէկ շաբաթ մեր տան մօտ մնան, եւ հալածողները անգամ մըն ալ նեղութիւն չտուին մեզի։ Շատ չանցած, Պրազիլի սահմանը կտրելով սկսանք ապրիլ աւելի յարմար տեղ մը։ Ասիկա լաւ եղաւ, քանի որ այս կերպով կրնայինք թէ՛ Փարակուէյի մէջ եւ թէ Պրազիլի մէջ ժողովներ վարել։ Երբ այդ նշանակումը ձգեցինք, հոն արդէն իսկ երկու պզտիկ ժողովքներ հաստատուած էին։

Ամուսինիս՝ Ուոլթըրին հետ, մինչ միսիոնարութիւն կ’ընենք Ասունսիոնի մէջ, Փարակուէյ

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՆԾԻ ՀՈԳ ՏԱՆԻԼ

Բժիշկները ինծի ըսած էին որ չէի կրնար պզտիկ ունենալ։ Ասոր համար, 1962–ին զարմացանք երբ գիտցանք որ յղի եմ։ Ի վերջոյ, փոխադրուեցանք Ուոլթըրին ծնողքին տան մօտ, Ֆլորիտա նահանգին Հոլիվուտ քաղաքին մէջ։ Քանի մը տարի, ո՛չ Ուոլթըր կրցաւ ռահվիրայութիւն ընել, ոչ ալ ես, քանի որ պէտք էր մեր ընտանիքին հոգ տանէինք։ Բայց շարունակեցինք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել (Մատ. 6։33

Երբ նոյեմբեր 1962–ին հասանք Ֆլորիտա, զարմացանք երբ գիտցանք, թէ տեղացի ժողովուրդը չէր սիրեր, որ ճերմակամորթները եւ սեւամորթները նոյն տեղը ժողվուին։ Այս պատճառով, սեւամորթ եղբայրները ճերմակամորթ եղբայրներէն անջատ կը հաւաքուէին, եւ անոնք զատ–զատ տեղեր կը քարոզէին։ Բայց Եհովան ցեղերու միջեւ զատողութիւն չի դներ։ Ասոր համար, շատ չանցած՝ ժողովքները ցեղերու խառնուրդ դարձան։ Եհովային ձեռքը շատ յայտնի էր այս կարգադրութեան մէջ, քանի որ հիմա տասնեակ ժողովքներ կան շրջանին մէջ։

Ցաւօք սրտի, 2015–ին Ուոլթըր մահացաւ ուղեղի քաղցկեղի պատճառով։ Միասին 55 տարի անցուցինք։ Ան հոյակապ ամուսին մըն էր, Եհովան կը սիրէր եւ շատ մը եղբայրներու օգնեց։ Անհամբեր կը սպասեմ որ զինք ողջ–առողջ տեսնեմ երբ յարութիւն առնէ (Գործք 24։15

Շատ ուրախ եմ որ աւելի քան 40 տարի անցուցած եմ լիաժամ ծառայութեան մէջ եւ շատ մը օրհնութիւններ ու վարձատրութիւններ վայելած եմ։ Օրինակ, Ուոլթըր եւ ես տեսած ենք մեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն 136–ին մկրտութիւնը։ Անշուշտ դժուարութիւններ ունեցանք, բայց ո՛չ մէկ ատեն մտածեցինք կենալ մեր հաւատարիմ Աստուծոյն ծառայելէ։ Ընդհակառակը, իրեն աւելի մօտեցանք, վստահ ըլլալով որ հարցերը պիտի լուծէ իր ընտրած ժամանակին եւ իր կերպով։ Ան իրապէս ալ կը լուծէ (Բ. Տիմ. 4։16, 17

Ուոլթըրը շատ կը կարօտնամ, բայց ռահվիրայութիւնը ինծի կ’օգնէ որ դիմանամ։ Յատկապէս ինծի կ’օգնէ ուրիշներուն սորվեցնելը, նամանաւանդ յարութեան յոյսին մասին խօսիլը։ Իրապէս, Եհովան զիս բնա՛ւ յուսախաբ չէ ըրած։ Ան ինծի հոգ տարած է, զօրացուցած է եւ իր ‘արդարութեան աջովը’ զիս շարունակ բռնած է, ինչպէս որ խոստացած է (Եսա. 41։10