Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակին կ’օգնէ՞ք որ մկրտութեան հասնի

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակին կ’օգնէ՞ք որ մկրտութեան հասնի

«Ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛» (ԳՈՐԾՔ 22։16

ԵՐԳԵՐ. 59, 89

1. Իմաստուն ծնողները ի՞նչ բանէ կ’ուզեն վստահ ըլլալ՝ առաջ որ իրենց զաւակները մկրտուին։

«ԱՄԻՍՆԵՐՈՎ հօրս ու մօրս ըսի որ կ’ուզեմ մկրտուիլ, եւ շատ անգամ հետս խօսեցան այս նիւթին շուրջ։ Անոնք ուզեցին վստահ ըլլալ, որ ես գիտեմ թէ առած որոշումս որքա՛ն լուրջ է։ 31 դեկտեմբեր 1934–ին, վերջապէս եկաւ այդ կարեւոր օրը»։ Պլասըմ Պրանդ այս խօսքերով նկարագրեց, թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ որոշեց մկրտուիլ։ Ներկայիս ալ ծնողները կ’ուզեն իրենց զաւակներուն օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնեն։ Մկրտութիւնը յետաձգելը՝ առանց կարեւոր պատճառի, կրնայ Եհովային հետ զաւակին փոխյարաբերութեան վնասել (Յակ. 4։17)։ Բայց իմաստուն ծնողները կ’ուզեն վստահ ըլլալ, որ իրենց զաւակը պատրաստ է Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու՝ առաջ որ մկրտուի։

2. ա) Կարգ մը շրջանային տեսուչներ ի՞նչ մտահոգութիւն յայտնած են։ բ) Այս յօդուածին մէջ ինչ նկատի պիտի առնենք։

2 Կարգ մը շրջանային տեսուչներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են, որ շատեր որոնք իրենց պատանեկան տարիքին վերջերն են կամ 20–ականներուն սկիզբը՝ տակաւին չեն մկրտուած, հակառակ որ ճշմարտութեան մէջ մեծցած են։ Ընդհանրապէս, անոնք ժողովի կ’երթան, ծառայութեան կ’ելլեն եւ իրենք զիրենք Եհովայի վկայ կը նկատեն։ Բայց որոշ պատճառներով, անոնք իրենց կեանքը չեն նուիրած Եհովային եւ չեն մկրտուած։ Պատճառները ի՞նչ կրնան ըլլալ։ Կարգ մը պարագաներու, ծնողները իրենց ըսած են որ մկրտութիւնը յետաձգեն։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք չորս մտահոգութիւններ, որոնց պատճառով կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակները չեն քաջալերած որ մկրտուին։

ԶԱՒԱԿՍ ԲԱՒԱԿԱՆ ՄԵ՞Ծ Է ՈՐ ՄԿՐՏՈՒԻ

3. Պլասըմին ծնողքը ինչո՞վ մտահոգուած էին։

3 Առաջին պարբերութեան մէջ նշուած Պլասըմին ծնողքը մտահոգուած էին, որ արդեօք իրենց աղջիկը բաւական մե՞ծ է որ հասկնայ թէ մկրտութիւնը ի՛նչ նշանակութիւն ունի եւ որքա՛ն լուրջ է։ Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ որ իրենց զաւակը պատրաստ է իր կեանքը Եհովային նուիրելու։

4. Մատթէոս 28։19, 20–ին մէջի Յիսուսին պատուէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ծնողներուն։

4 Կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ մէկը ո՛ր տարիքին պէտք է մկրտուի։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ ծնողները խորապէս մտածեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ աշակերտել։ Մատթէոս 28։19–ին մէջ «աշակերտեցէք» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ մէկու մը սորվեցնել այն նպատակով որ ան Քրիստոսին աշակերտը դառնայ։ Աշակերտը անձ մըն է, որ Յիսուսին սորվեցուցածները կը սորվի ու կը հասկնայ եւ կ’ուզէ իրեն հնազանդիլ։ Ուրեմն, բոլոր ծնողներուն նպատակը պէտք է ըլլայ՝ պզտիկութենէն սորվեցնել իրենց զաւակներուն՝ այն նպատակով որ անոնց օգնեն մկրտուելու եւ Քրիստոսին աշակերտը դառնալու։ Անշուշտ, մանուկները որակեալ չեն մկրտուելու։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ նոյնիսկ բաղդատաբար տարիքով պզտիկները կրնան ճշմարտութիւնը հասկնալ եւ սիրել։

5, 6. ա) Նկատի առնելով թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Տիմոթէոսը, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել Տիմոթէոսին մկրտութեան մասին։ բ) Լաւագոյն կերպը ի՞նչ է որ իմաստուն ծնողները օգնեն իրենց զաւակներուն։

5 Տիմոթէոսը աշակերտ մըն էր որ իր պզտիկ տարիքին որոշեց Եհովային ծառայել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Տիմոթէոս իր ‘մանկութենէն’ սորված էր Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները։ Տիմոթէոսին հայրը Եհովային չէր ծառայեր, բայց իր մայրն ու մեծ մայրը իրեն օգնեցին որ սիրէ Աստուծոյ Խօսքը։ Այսպիսով, ան շատ զօրաւոր հաւատք ունեցաւ (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Երբ ան որակեալ եղաւ որ յատուկ նշանակումներ ստանայ ժողովքին մէջ, թերեւս իր պատանեկութեան վերջաւորութեան էր կամ 20–ական տարիքին սկիզբն էր (Գործք 16։1-3

6 Անշուշտ, մէկ զաւակը միւսին չի նմանիր։ Ամէն մէկը տարբեր տարիքի հասուն կը դառնայ։ Կարգ մը զաւակներ իրենց պզտիկ տարիքէն կը հասկնան ճշմարտութիւնը, իմաստուն որոշումներ կ’առնեն եւ կ’ուզեն մկրտուիլ։ Ուրիշներ թերեւս պատրաստ չեն ըլլար մկրտուելու մինչեւ որ աւելի մեծնան։ Ասոր համար, իմաստուն ծնողները իրենց զաւակները չեն ստիպեր որ մկրտուին։ Փոխարէնը, անոնք իրենց ամէն մէկ զաւակին կ’օգնեն, որ շարունակէ յառաջդիմել։ Ծնողները կրնան ուրախանալ երբ իրենց զաւակը իմաստութեամբ վարուի (կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Բայց անոնք միշտ պէտք է յիշեն, թէ իրենց նպատակն է որ իրենց զաւակները Քրիստոսին աշակերտը դառնան։ Այս կէտը իրենց միտքը պահելով, անոնք պէտք է իրենք իրենց հարցնեն. ‘Զաւակս բաւարար գիտութիւն ունի՞ որ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրէ ու մկրտուի’։

ԶԱՒԱԿՍ ԲԱՒԱՐԱՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞

7. Պայմա՞ն է որ մէկը լման գիտութիւն ունենայ որպէսզի մկրտուի. բացատրէ։

7 Մինչ ծնողները իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն, կ’օգնեն որ ճշմարտութիւնը լաւ գիտնան։ Այս գիտութիւնը զիրենք պիտի մղէ որ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրեն։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ զաւակը պէտք է ամէն մէկ մանրամասնութիւն գիտնայ ամէն մէկ ուսուցումի մասին՝ առաջ որ նուիրուի ու մկրտուի։ Քրիստոսին իւրաքանչիւր աշակերտը պէտք է իր մկրտութենէն ետք շարունակէ սորվիլ (կարդա՛ Կողոսացիս 1։9, 10)։ Ուրեմն, մէկը որքա՞ն գիտութիւն պէտք է ունենայ որպէսզի մկրտուի։

8, 9. Ի՞նչ դասեր կը սորվինք Պօղոսին եւ բանտապետին պատմութենէն։

8 Առաջին դարուն ապրած ընտանիքի մը փորձառութիւնը կրնայ ներկայիս ծնողներուն օգնել (Գործք 16։25-33)։ Շուրջ Ք.Ե. 50–ին, երբ Պօղոս իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան մէջ էր, այցելեց Փիլիպպէն։ Մինչ հոն էր, իր եւ Շիղային մասին սուտեր խօսուեցան, եւ անոնք ձերբակալուեցան եւ բանտը նետուեցան։ Իրիկունը, զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ եւ բանտին բոլոր դռները բացուեցան։ Բանտապետը վախնալով որ բոլոր բանտարկեալները փախած են, քիչ մնաց որ ինքզինք մեռցնէր։ Բայց Պօղոս զինք կեցուց։ Ետքը, Պօղոսն ու Շիղան Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուցին բանտապետին եւ անոր ընտանիքին։ Անոնք գնահատեցին իրենց սորվածները եւ այս գնահատանքը զիրենք մղեց, որ առանց ուշանալու մկրտուին։ Այս փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Թերեւս բանտապետը հանգստեան կոչուած հռոմէական զինուոր մըն էր։ Ան ծանօթ չէր Աստուծոյ Խօսքին։ Ուրեմն, որպէսզի քրիստոնեայ դառնար, պէտք էր սորվէր Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները, հասկնար որ Եհովան ի՛նչ կը պահանջէ իր ծառաներէն եւ ուզէր հնազանդիլ Յիսուսին սորվեցուցածներուն։ Ինչ որ ան սորվեցաւ այդ կարճ ժամանակուան մէջ՝ զինք մղեց որ մկրտուի։ Անշուշտ, ան իր մկրտութենէն ետք շարունակեց սորվիլ։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնաս ընել երբ զաւակդ քեզի ըսէ, որ կ’ուզէ մկրտուիլ քանի որ Եհովան կը սիրէ եւ կ’ուզէ իրեն հնազանդիլ։ Կրնաս անոր թոյլ տալ որ երէցներուն հետ խօսի, որպէսզի որոշեն թէ արդեօք որակեա՞լ է մկրտուելու *։ Ան մկրտութենէն ետք պիտի շարունակէ Եհովային մասին աւելին սորվիլ իր կեանքին ընթացքին, եւ նոյնիսկ յաւիտեան (Հռով. 11։33, 34

ԶԱՒԱԿԻՍ ՀԱՄԱՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄԸ Ի՞ՆՉ Է

10, 11. ա) Կարգ մը ծնողներ ի՞նչ կարծիք ունին։ բ) Ի՞նչը իսկապէս պիտի պաշտպանէ զաւակը։

10 Կարգ մը ծնողներ կը կարծեն, թէ աւելի լաւ է որ իրենց զաւակը նա՛խ բարձրագոյն ուսում առնէ եւ լաւ գործ մը ապահովէ, եւ ե՛տքը մկրտուի։ Թերեւս այս ծնողներուն նպատակը լաւ է, բայց պէտք է իրենք իրենց հարցնեն. ‘Ասիկա պիտի օգնէ՞ զաւակիս որ իսկապէս յաջող ըլլայ։ Ասիկա համաձա՞յն է Սուրբ Գիրքին ըսածին։ Եհովան կ’ուզէ որ մէկը ինչպէ՞ս գործածէ իր կեանքը’ (կարդա՛ Ժողովող 12։1

11 Կարեւոր է որ յիշենք թէ այս աշխարհը եւ ինչ որ ատոր մէջ է, Եհովայի կամքին եւ մտածելակերպին դէմ կը դնեն (Յակ. 4։7, 8. Ա. Յովհ. 2։15-17. 5։19)։ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալը լաւագոյն պաշտպանութիւնն է, որ զաւակ մը կրնայ ունենալ Սատանային, իր աշխարհին եւ ատոր գէշ մտածելակերպին դէմ։ Եթէ ծնողները առաջին տեղը դնեն ուսումը եւ լաւ գործը, իրենց զաւակը կրնայ կարծել որ աշխարհին բաները աւելի կարեւոր են քան՝ Եհովային մօտիկ ըլլալը։ Ասիկա վտանգաւոր է։ Սիրալիր ծնողները իրապէս կ’ուզե՞ն որ այս աշխարհը իրենց զաւակին սորվեցնէ, թէ իսկական յաջողութիւնը ի՛նչ է։ Միտքդ պահէ թէ իսկական ուրախութիւն եւ յաջողութիւն կը գտնենք միայն եթէ Եհովան առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 1։2, 3

ԵԹԷ ԶԱՒԱԿՍ ՄԵ՛ՂՔ ԳՈՐԾԷ. . .

12. Կարգ մը ծնողներ ինչո՞ւ ուզած են որ իրենց զաւակը յետաձգէ մկրտութիւնը։

12 Մայր մը բացատրեց թէ ինչո՛ւ չուզեց որ իր աղջիկը մկրտուի։ Ան ըսաւ. «Կ’ամչնամ ըսելու որ գլխաւոր պատճառը՝ վտարումի կարգադրութիւնն էր»։ Կարգ մը ծնողներ այդ քրոջ պէս կը մտածեն, թէ աւելի լաւ է որ իրենց զաւակը յետաձգէ մկրտութիւնը, մինչեւ որ հասնի տարիքի մը որ անմիտ սխալներ պիտի չընէ (Ծն. 8։21. Առ. 22։15)։ Անոնք թերեւս եզրակացնեն. ‘Այնքան ատեն որ զաւակս մկրտուած չէ, չի կրնար վտարուիլ’։ Բայց այս գաղափարը ինչո՞ւ սխալ է (Յակ. 1։22

13. Եթէ մէկը մկրտուած չէ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովային առջեւ պատասխանատու չէ. բացատրէ։

13 Անշուշտ, ծնողները չեն ուզեր որ իրենց զաւակը մկրտուի, առաջ որ պատրաստ ըլլայ իր կեանքը Եհովային նուիրելու։ Բայց սխալ է մտածել, որ զաւակը Եհովային առջեւ պատասխանատու չ’ըլլար, երբ մկրտուած չէ։ Իրականութեան մէջ, զաւակը Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու կ’ըլլայ, երբ գիտնայ թէ Եհովային աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (կարդա՛ Յակոբոս 4։17)։ Ուրեմն, փոխանակ արգելք ըլլալու որ իրենց զաւակը մկրտուի, իմաստուն ծնողները շատ ջանք կը թափեն որ իրեն լաւ օրինակ ըլլան։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակին սրտին մէջ, պզտիկութենէն ցանեն գնահատանք՝ Եհովային բարոյական բարձր չափանիշներուն հանդէպ (Ղուկ. 6։40)։ Այս գնահատա՛նքը պիտի պաշտպանէ զինք լուրջ մեղք մը գործելէ, քանի որ պիտի ուզէ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընել (Եսա. 35։8

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

14. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ծնողներուն ջանքերուն թիկունք կանգնիլ։

14 Երէցները կրնան ծնողներուն ջանքերուն թիկունք կանգնիլ, դրականօրէն խօսելով հոգեւոր նպատակակէտերու մասին։ Քոյր մը նշեց թէ եղբայր Չարլզ Թ. Ռասըլ ի՛նչ ըսած էր իրեն, երբ միայն վեց տարեկան էր։ Քոյրը պատմեց. «Ան 15 վայրկեան տրամադրեց, որպէսզի խօսի իմ հետս իմ հոգեւոր նպատակակէտերուս մասին»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այս քոյրը աւելի քան 70 տարի ռահվիրայութիւն ըրաւ։ Իրապէս, դրական խօսքերը եւ քաջալերութիւնը կրնան մէկու մը ամբողջ կեանքին ազդել (Առ. 25։11)։ Երէցները նաեւ կրնան ծնողները եւ իրենց զաւակները հրաւիրել, որ օգնեն Թագաւորութեան սրահի ծրագիրներուն մէջ։ Անոնք կրնան պզտիկներէն խնդրել ընել բաներ, որ իրենց տարիքին եւ կարողութիւններուն համաձայն են։

15. Ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել պզտիկներուն։

15 Ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել։ Անոնք կրնան պատշաճ կերպով անձնապէս հետաքրքրուիլ տարիքով պզտիկ եղողներով։ Օրինակ, ուշադրութիւն դարձուր այն բաներուն, որոնք կը ցուցնեն թէ անոնք հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Կա՞յ պատանի մը որ սրտանց եւ լաւ–մտածուած պատասխան մը տուաւ, կամ բաժին մը ունէր շաբթուան մէջի ժողովին ընթացքին։ Կա՞յ պատանի մը որ առիթը օգտագործեց որ դպրոցին մէջ քարոզէ, կամ փորձութեան մէջ հաւատարիմ գտնուեցաւ։ Գովելու մէջ արագ եղիր։ Կրնաս նպատակ դնել որ ժողովէն առաջ կամ վերջ, խօսիս տարիքով պզտիկի մը հետ, եւ ցուցնես թէ իրմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած ես։ Երբ այսպէս վարուինք, պզտիկները պիտի զգան որ անձամբ մաս կը կազմեն «մեծ ժողով[ք]ին» (Սաղ. 35։18

ԶԱՒԱԿԻԴ ՕԳՆԷ ՈՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻ

16, 17. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ զաւակները մկրտուին։ բ) Ծնողները ի՞նչ ուրախութիւն կրնան վայելել (տե՛ս բացման նկարը)։

16 Ծնողներուն համար ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկն է, որ իրենց զաւակին սորվեցնեն Եհովան սիրել (Սաղ. 127։3. Եփ. 6։4)։ Անցեալին՝ Իսրայէլի մէջ, պզտիկները իրենց ծնած վայրկեանէն նուիրուած կ’ըլլային Եհովային։ Բայց մեր զաւակներուն պարագան այդպէս չէ։ Ասկէ զատ, պզտիկները չեն կրնար իրենց ծնողներէն ժառանգել՝ Եհովային եւ ճշմարտութեան հանդէպ սէր։ Ծնողք մը պէտք է զաւակին ծնած օրէն իսկ նպատակակէտ դնէ, որ անոր օգնէ Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու, Աստուծոյ նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Ասկէ աւելի կարեւոր բան կա՞յ։ Մէկուն նուիրումը, մկրտութիւնը եւ հաւատարիմ ծառայութիւնն են, որոնք կարելի պիտի դարձնեն որ փրկուի մեծ նեղութեան ընթացքին (Մատ. 24։13

Ծնողները պէտք է նպատակակէտ ունենան՝ իրենց զաւակին օգնել Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

17 Երբ Պլասըմ Պրանդ ուզեց մկրտուիլ, իր ծնողքը ուզեց վստահ ըլլալ որ ան պատրաստ էր իր կեանքին ամէնէն կարեւոր քայլը առնելու։ Երբ վստահ եղան, իր որոշումին թիկունք կանգնեցան։ Իր մկրտութենէն մէկ գիշեր առաջ, իր հայրը հետաքրքրական բան մը ըրաւ։ Պլասըմ պատմեց. «Ան մեզմէ խնդրեց որ ծունկի գանք, եւ սկսաւ աղօթել։ Ան Եհովային ըսաւ որ շատ ուրախ էր որ իր պզտիկ աղջիկը որոշած էր Իրեն նուիրուիլ»։ Աւելի քան 60 տարի ետք, Պլասըմ ըսաւ. «Անկասկած, այդ գիշերը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ, նոյնիսկ դարեր անցնելէ ետք»։ Ո՛վ ծնողներ, թող որ դուք ալ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն վայելէք, երբ տեսնէք ձեր զաւակները Եհովային կը նուիրուին եւ կը մկրտուին։

^ պարբ. 9 Ծնողները կրնան իրենց զաւակին հետ քննարկել այն տեղեկութիւնները, որոնք կը գտնուին Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքին մէջ, հատոր Բ., էջ 304-310 (անգլերէն)։ Նաեւ տե՛ս «Հարցումի տուփ»՝ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին ապրիլ 2011 թիւին մէջ, էջ 2։