Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի իմաստուն ըլլաս’

‘Կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի իմաստուն ըլլաս’

«Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս» (ԱՌ. 19։20

ԵՐԳԵՐ. 64, 120

1. Ինչպէ՞ս կրնանք իմաստութիւն ձեռք ձգել, եւ ատոր օգուտները ի՞նչ են։

ԵՀՈՎԱՆ իմաստութեան Աղբիւրն է եւ զայն առատաձեռնօրէն կու տայ ուրիշներուն։ Յակոբոս 1։5–ը կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր»։ Իմաստութիւն ձեռք ձգելու կերպերէն մէկն է՝ Եհովային տուած կրթութիւնը ընդունիլ։ Եւ այդ իմաստութիւնը մեզ կը պաշտպանէ բարոյական եւ հոգեւոր վտանգներէ (Առ. 2։10-12)։ Այսպիսով, ‘մեր անձը Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը պահենք՝ յաւիտենական կեանքի համար’ (Յդ. 21

2. Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ Աստուծոյ կրթութիւնը սիրել։

2 Սակայն ատեններ դժուար կ’ըլլայ կրթութիւնը ընդունիլ եւ ճիշդ աչքով նայիլ ատոր, քանի որ անկատար ենք կամ որոշ կերպով մեծցած ենք։ Բայց երբ Աստուծոյ տուած կրթութեան օգուտները վայելենք մեր կեանքին մէջ, կը սկսինք գնահատել զայն եւ տեսնել որ Աստուած որքա՛ն կը սիրէ մեզ։ Առակաց 3։11, 12–ը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր. . . վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ»։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովան մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։5-11)։ Որովհետեւ Աստուած շատ լաւ գիտէ մեզ, իր տուած կրթութիւնը միշտ տեղին եւ պէտք եղած չափով կ’ըլլայ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք կրթութեան չորս երեսակներ. 1) ինքնակրթութիւնը, 2) ծնողներուն տուած կրթութիւնը, 3) ժողովքին մէջ մեր ստացած կրթութիւնը եւ 4) բան մը, որ շատ աւելի գէշ է քան՝ կրթութեան պատճառած ժամանակաւոր ցաւը։

ՄԵՆՔ ՄԵԶ ԿՐԹԵԼԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ Է

3. Պզտիկ մը ինչպէ՞ս կը սորվի իր անձը կրթել. օրինակ մը տուր։

3 Մեր անձը կրթելուն մէջ կ’իյնայ՝ մեր վարուելու եւ մտածելու կերպը զսպել։ Այս կարողութիւնը ի ծնէ չենք ունենար, հապա պէտք է զայն սորվինք։ Օրինակ, երբ պզտիկ մը սկսի հեծիկ քշել, ընդհանրապէս իր ծնողներէն մէկը հեծիկը կը բռնէ, որ զայն շիտակ պահէ։ Բայց երբ պզտիկը երթալէն աւելի կարենայ հաւասարակշռութիւն պահել, ծնողը կը սկսի քիչ մը բռնել եւ քիչ մը ձգել։ Եւ երբ պզտիկը սորվի լման հաւասարակշռութիւն պահել, ծնողը բոլորովին կը ձգէ զինք։ Նմանապէս, երբ ծնողները իրենց պզտիկները համբերութեամբ մարզեն «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը», անոնց կ’օգնեն որ սորվին ինքզինքնին կրթել եւ իմաստուն ըլլալ (Եփ. 6։4

4, 5. ա) Ինքնակրթութիւնը ինչո՞ւ մեծ դեր կը խաղայ նոր անձնաւորութիւնը հագնելուն մէջ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատինք նոյնիսկ երբ սխալներ ընենք։

4 Նոյնն է պարագան այն անձերուն, որոնք կը սկսին Եհովան ճանչնալ իրենց չափահաս տարիքին։ Ճիշդ է որ անոնք որոշ չափով սորված են իրենց անձը կրթել, սակայն սկիզբը հոգեւորապէս հասուն չեն։ Բայց մինչ կը սորվին նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ եւ Քրիստոսին պէս ըլլալ, երթալէն աւելի հասուն կը դառնան (Եփ. 4։23, 24)։ Ինքնակրթութիւնը մեծ դեր կը խաղայ այս յառաջդիմութեան մէջ։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ որ կը սորվին ‘ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանալ եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրիլ այս աշխարհի մէջ’ (Տիտ. 2։12

5 Բայց բոլորս մեղաւոր ենք (Ժող. 7։20)։ Եթէ սխալ մը ընենք, պայման չէ որ ասիկա նշանակէ, թէ մեր անձը բաւարար չափով չենք կրթեր կամ բնաւ չենք կրթեր։ Առակաց 24։16–ը կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ‘կանգնինք’։ Ո՛չ թէ մեր ուժը, հապա՝ սուրբ հոգին (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։ Սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է ժուժկալութիւն, որ սերտօրէն կապ ունի ինքնակրթութեան հետ։

6. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ քեզի համար դժուար է Սուրբ Գիրքը սերտել (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Նաեւ, աղօթքը, Սուրբ Գիրքը սերտելը եւ խոկալը կ’օգնեն որ մեր անձը կրթենք։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ չես սիրեր սերտել կամ քեզի համար դժուար է Սուրբ Գիրքը սերտել։ Միտքդ պահէ որ եթէ Եհովային թոյլ տաս, ան կրնայ քեզի օգնել, որ ‘փափաքիս’ իր Խօսքը սերտել (Ա. Պետ. 2։2)։ Նախ, աղօթքով իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ ինքզինքդ կրթելու, որպէսզի իր Խօսքը սերտես։ Ետքը, աղօթքներուդ համաձայն գործէ։ Թերեւս ամէն անգամ կրնաս միայն քանի մը վայրկեան տրամադրել սերտելու։ Ժամանակի ընթացքին, սերտելը աւելի դիւրին եւ հաճելի պիտի դառնայ, եւ նոյնիսկ պիտի սիրես այն հանդարտ պահերը, երբ կը խոկաս Եհովային արժէքաւոր մտածումներուն վրայ (Ա. Տիմ. 4։15

7. Ինքնակրթութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնինք։

7 Ինքնակրթութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնինք։ Օրինակ, հայր մը զգաց որ իր նախանձախնդրութիւնը կը պակսի, եւ այս պատճառով նպատակակէտ դրաւ որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլայ։ Ան նաեւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ յօդուածներ կարդաց այս նիւթին մասին եւ աղօթեց։ Ասոնք հոգեւորապէս զօրացուցին զինք։ Ան նաեւ օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրաւ երբ որ կրնար։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կեդրոնացած մնաց կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու իր նպատակակէտին վրայ, եւ ժամանակ մը ետք հասաւ այդ նպատակակէտին։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾՑՈՒՑԷՔ ՁԵՐ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ

Պզտիկները ի ծնէ չեն ունենար ճիշդը եւ սխալը գիտնալու կարողութիւնը. անոնք մարզումի պէտք ունին (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8-10. Ի՞նչը կրնայ օգնել ծնողներուն որ կարենան իրենց զաւակները մեծցնել Եհովային ճամբուն մէջ. օրինակ մը տուր։

8 Եհովան ծնողներուն տուած է այն պատասխանատուութիւնը, որ իրենց զաւակները ‘մեծցնեն Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով’ (Եփ. 6։4, ԱԾ)։ Ասիկա շատ դժուար է ընել ներկայ աշխարհին մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Երբ պզտիկները ծնին, չեն գիտեր զանազանել ճիշդը սխալէն, եւ իրենց խիղճը մարզուած չ’ըլլար։ Ասոր համար, կրթութեան պէտք ունին որպէսզի զայն մարզեն (Հռով. 2։14, 15)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը բացատրեց, որ «կրթութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը նաեւ կրնայ նշանակել՝ «պզտիկին զարգացումը»։

9 Երբ ծնողները իրենց պզտիկները սիրալիրօրէն կրթեն, պզտիկները ապահով կը զգան։ Անոնք կը սորվին որ ազատութիւնը սահման ունի, եւ թէ իրենց կեանքին մէջ ինչ որ ընեն՝ հետեւանք ունի, ըլլա՛յ լաւ կամ գէշ։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ ծնողները Եհովային առաջնորդութեան վստահին։ Մի՛ մոռնար որ պզտիկ մեծցնելու մեթոտները կը տարբերին մշակոյթէ մշակոյթ եւ սերունդէ սերունդ։ Բայց այն ծնողները, որոնք Աստուծոյ մտիկ կ’ընեն, պէտք չունին կռահելու որ ի՛նչ պէտք է ընեն, ոչ ալ կը վստահին այս աշխարհին իմաստութեան։

10 Կրնանք Նոյին օրինակէն սորվիլ։ Երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ տապանը շինէ, ան գաղափար չունէր թէ ինչպէ՛ս կը շինուի։ Ան պէտք էր Եհովային ապաւինէր եւ ընէր ճիշդ ի՛նչ որ իրեն ըսած էր (Ծն. 6։22)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Տապանը ազատեց իր եւ իր ընտանիքին կեանքը։ Նոյ նաեւ յաջող ծնող մըն էր, քանի որ Աստուծոյ իմաստութեան վստահեցաւ։ Ան լաւ դասեր սորվեցուց իր զաւակներուն եւ լաւ օրինակ դարձաւ անոնց, ինչ որ դիւրին չէր Ջրհեղեղէն առաջ եղող այդ չար աշխարհին մէջ (Ծն. 6։5

11. Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է իրենց լաւագոյնը ընեն որ իրենց զաւակները մարզեն։

11 Եթէ ծնող մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ պահանջածը ընել։ Եհովային մտիկ ըրէ։ Թոյլ տուր որ պզտիկներդ մեծցնելու մէջ քեզի օգնէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, զաւակներդ հաւանաբար շնորհակալութիւն յայտնեն քեզի ատոր համար։ Եղբայր մը գրեց. «Շատ երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ այս կերպով մեծցուցած են զիս։ Անոնք իրենց լաւագոյնը ըրին որ սրտիս հասնին»։ Ան կ’ըսէ որ իր ծնողքն էր որ իրեն օգնեց հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ Բայց նոյնիսկ երբ ծնողներ իրենց լաւագոյնը ընեն իրենց զաւակին սորվեցնելու, կրնայ ըլլալ որ զաւակը կռնակ դարձնէ Եհովային։ Սակայն այն ծնողը, որ իր լաւագոյնը ըրած է, կրնայ հանգիստ խիղճ ունենալ եւ յուսալ, որ օր մը իր զաւակը վերադառնայ Եհովային։

12, 13. ա) Եթէ ծնողքի մը զաւակը վտարուած ըլլայ, ծնողքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ Աստուծոյ կը հնազանդի։ բ) Ընտանիք մը ի՞նչ օգուտներ քաղեց երբ ծնողքը հնազանդեցաւ Եհովային։

12 Զաւակի մը վտարումը ամէնէն դժուար պարագաներէն է, որ կարգ մը ծնողներուն հնազանդութիւնը կը փորձէ։ Քոյր մը, որուն վտարուած աղջիկը տունը ձգեց, կը խոստովանի. «Մեր հրատարակութիւններուն մէջ կը փնտռէի, թէ ի՛նչ պատճառներ կրնայի գտնել, որպէսզի ժամանակ անցընէի աղջիկիս եւ անոր աղջկան հետ»։ Բայց իր ամուսինը ազնուութեամբ օգնեց իրեն որ տեսնէ, թէ այլեւս իրենց աղջկան պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ չէր եւ թէ պէտք էր հաւատարիմ ըլլային Եհովային։

13 Քանի մը տարի ետք, աղջիկը վերահաստատուեցաւ։ Մայրը կ’ըսէ. «Հիմա գրեթէ ամէն օր հեռաձայնով կը խօսի կամ երկտող կը ղրկէ։ Ան շատ կը յարգէ զիս եւ ամուսինս, քանի որ գիտէ որ Եհովային հնազանդեցանք։ Իրեն հետ փոխյարաբերութիւնս հոյակապ է»։ Եթէ վտարուած զաւակ մը ունիս, պիտի գործադրե՞ս այս խրատը. «Բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (Առ. 3։5, 6)։ Միտքդ պահէ որ Եհովային տուած կրթութիւնը կը ցուցնէ իր աննման իմաստութիւնն ու սէրը։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ ան իր Որդին զոհեց բոլորին համար, մէջը ըլլալով քու զաւակդ։ Աստուած կ’ուզէ որ ամէն անհատ յաւիտենական կեանք ստանայ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9)։ Ուրեմն, ո՛վ ծնողներ, վստահութիւն ունեցէք Եհովային կրթութեան եւ առաջնորդութեան հանդէպ, նոյնիսկ երբ իրեն հնազանդիլը ցաւ պիտի պատճառէ ձեզի։ Գործեցէք Եհովային կրթութեան համաձայն՝ եւ ոչ թէ ատոր դէմ։

ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ

14. Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս Եհովային ցուցմունքներէն, որոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտես»ին միջոցաւ կու տայ։

14 Եհովան խոստացած է հոգալ, պաշտպանել եւ ցուցմունքներ տալ քրիստոնէական ժողովքին։ Ան տարբեր–տարբեր կերպերով կ’ընէ ասիկա։ Օրինակ, ան իր Որդին նշանակեց որ ժողովքին հոգ տանի, իսկ Որդին իր կարգին նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը», որպէսզի ատենին հոգեւոր սնունդ տայ (Ղուկ. 12։42)։ «Տնտեսը» մեզի կու տայ արժէքաւոր ցուցմունքներ, կամ կրթութիւն։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Պատահա՞ծ է որ դասախօսութիւն մը կամ մեր պարբերաթերթերուն մէջ յօդուած մը զիս մղեց, որ մտածելակերպս կամ վարքս փոխեմ’։ Եթէ ա՛յո՝ ուրախացիր։ Ասիկա կը նշանակէ որ Եհովային թոյլ կու տաս, որ քեզ կրթէ քու օգտիդ համար (Առ. 2։1-5

15, 16. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք երէցներուն ըրածներէն օգտուիլ։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի երէցները աւելի հաճոյքով ընեն իրենց պարտականութիւնը։

15 Նաեւ, Քրիստոս երէցները որպէս «պարգեւներ» տուաւ ժողովքին, որպէսզի սիրալիր կերպով անոր հոգ տանին (Եփ. 4։8, 11-13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք երէցներուն ըրածներէն օգտուիլ։ Կրնանք անոնց հաւատքը եւ լաւ օրինակը ընդօրինակել, ինչպէս նաեւ՝ հետեւիլ անոնց տուած սուրբգրային խրատներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Միտքդ պահէ որ երէցները մեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ Օրինակ, եթէ նկատեն որ ժողովները կը փախցնենք կամ մեր նախանձախնդրութիւնը կը պաղի, անկասկած պիտի փորձեն շուտով մեզի օգնել։ Անոնք մեզի մտիկ պիտի ընեն եւ ետքը սիրալիր կերպով պիտի քաջալերեն ու Սուրբ Գիրքէն իմաստուն խրատներ տան։ Եհովային սէրը կը տեսնե՞ս անոնց օգնութեան մէջ։

16 Մի՛ մոռնար որ երէցներուն համար դիւրին չէ մեզի խրատ տալ։ Օրինակ, երեւակայէ թէ երբ Դաւիթ թագաւոր փորձեց իր լուրջ մեղքը ծածկել, Նաթան մարգարէին համար որքա՜ն դժուար էր իրեն հետ խօսիլ (Բ. Թագ. 12։1-14)։ Նմանապէս, անկասկած Պօղոս պէտք էր քաջութիւն հաւաքէր որ խրատ տար Պետրոսին (12 առաքեալներէն մէկը), երբ ան հրեայ քրիստոնեաներուն հետ աւելի լաւ վարուեցաւ քան՝ ոչ–հրեայ քրիստոնեաներուն հետ (Գաղ. 2։11-14)։ Ինչպէ՞ս կրնաս երէցներուն վրայէն այս բեռը թեթեւցնել։ Եղիր խոնարհ, շնորհակալ եւ մէկը, որուն դիւրին է մօտենալ։ Անոնց տուած օգնութեան մէջ տես Աստուծոյ սէրը։ Ասիկա պիտի օգնէ որ թէ՛ դուն օգուտներ քաղես եւ թէ անոնք ուրախութեամբ ընեն իրենց պարտականութիւնը։

17. Երէցները ինչպէ՞ս քրոջ մը օգնեցին։

17 Քոյր մը կ’ըսէ որ իրեն համար դժուար էր Եհովան սիրել, քանի որ անցեալին գէշ փորձառութիւններ ունեցած է։ Ան կ’ըսէ. «Երբ անցեալս եւ ուրիշ բաներ հոգեկանս ծայր աստիճան խանգարեցին, գիտցայ որ պէտք է երէցներուն հետ խօսիմ։ Անոնք ո՛չ յանդիմանեցին զիս եւ ոչ ալ քննադատեցին։ Ընդհակառակը, քաջալերեցին եւ զօրացուցին։ Ամէն ժողովէ ետք, անոնք որքա՛ն ալ զբաղած ըլլային, առնուազն երէց մը ինծի կը հարցնէր թէ ինչպէ՛ս եմ։ Անցեալիս պատճառով կը զգայի որ Աստուծոյ սիրոյն արժանի չեմ։ Բայց Եհովան բազմաթիւ անգամներ ժողովքը եւ երէցները գործածած է, որ վստահեցնէ թէ զիս կը սիրէ։ Կ’աղօթեմ որ օր մը օրանց զինք չձգեմ»։

Ի՞ՆՉԸ ԱՒԵԼԻ ԳԷՇ Է ՔԱՆ՝ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՑԱՒԸ

18, 19. Ի՞նչը աւելի գէշ է քան՝ կրթութեան պատճառած ցաւը. օրինակ մը տուր։

18 Կրթութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց Աստուծոյ կրթութիւնը մերժելուն ցաւը ա՛լ աւելի շատ է (Եբ. 12։11)։ Նկատի առ երկու օրինակներ՝ Կայէն եւ Սեդեկիա թագաւոր։ Երբ Աստուած տեսաւ որ Կայէն իր եղբայրը կ’ատէր եւ կ’ուզէր մեռցնել, զինք զգուշացուց. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես [«իշխե՞ս», ՆԱ]» (Ծն. 4։6, 7)։ Կայէն մտիկ չըրաւ եւ իր եղբայրը մեռցուց։ Ան ցաւալի հետեւանքներ կրեց մինչեւ իր կեանքին վերջը (Ծն. 4։11, 12)։ Եթէ Կայէն Աստուծոյ մտիկ ընէր, ա՛յսքան ցաւեր պիտի չունենար։

19 Սեդեկիան չար եւ տկար թագաւոր մըն էր։ Իր իշխանութեան ժամանակ, Երուսաղէմը շատ գէշ վիճակի մէջ էր։ Երեմիա մարգարէն շատ անգամ զգուշացում տուաւ իրեն, որ իր գէշ ճամբայէն դառնայ, բայց ան մտիկ չըրաւ եւ ցաւալի հետեւանքներ կրեց (Եր. 52։8-11)։ Եհովան սրտանց կ’ուզէ որ չունենանք այսպիսի անտեղի ցաւեր (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18

20. Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որ կ’ընդունին Աստուծոյ կրթութիւնը եւ անոնց որ չեն ընդունիր։

20 Այս աշխարհին մէջ շատեր կը խնդան «կրթութիւն» գաղափարին վրայ, մէջը ըլլալով ինքնակրթութիւնը։ Բայց շատ չանցած, այդ կեցուածքը պիտի անհետանայ կրթութիւնը մերժողներուն հետ (Առ. 1։24-31)։ Ուրեմն, ‘կրթութիւնը ընդունինք, որպէսզի իմաստուն ըլլանք’։ Եւ Առակաց 4։13–ը կ’ըսէ. «Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է»։