Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեաներէն պահանջուած է մկրտուիլ

Քրիստոնեաներէն պահանջուած է մկրտուիլ

«Մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ» (Ա. ՊԵՏ. 3։21

ԵՐԳԵՐ. 7, 56

1, 2. ա) Կարգ մը ծնողներու միտքէն ի՞նչ հարցումներ կ’անցնին, երբ իրենց պզտիկ զաւակը ուզէ մկրտուիլ։ բ) Մկրտուիլ ուզողներուն ինչո՞ւ կը հարցուի որ արդեօք Եհովային նուիրուա՞ծ են (տե՛ս բացման նկարը)։

ՄԱՐԻԱՅԻՆ ծնողքին աչքը իր վրայ է, մինչ ոտքի կ’ելլէ միւս անհատներուն հետ, որոնք կ’ուզեն մկրտուիլ։ Դասախօսը երկու հարցումներ կը հարցնէ եւ Մարիան բարձր եւ յստակ ձայնով կը պատասխանէ։ Քիչ ետք, ան կը մկրտուի։

2 Ծնողքը շատ հպարտ էին իրենց պզտիկ աղջիկով, քանի որ իր կեանքը Եհովային նուիրեց ու մկրտուեցաւ։ Բայց ատկէ առաջ, Մարիային մայրը քիչ մը մտահոգ էր։ Ան ինքն իրեն հարցուցած էր. ‘Մարիային տարիքը պզտի՞կ է մկրտուելու համար։ Ան գիտէ՞ իր առած որոշումին որքան լուրջ ըլլալը։ Արդեօք քիչ մըն ալ թող սպասէ՞ որ մկրտուի’։ Շատ մը սիրալիր ծնողներ իրենք իրենց այսպիսի հարցումներ կը հարցնեն, երբ իրենց պզտիկ զաւակը ուզէ մկրտուիլ (Ժող. 5։5)։ Վերջ ի վերջոյ, ամէնէն կարեւոր որոշումը որ մէկը կրնայ առնել՝ իր կեանքը Եհովային նուիրելն ու մկրտուիլն է (տե՛ս « Կեանքդ Եհովային նուիրա՞ծ ես» շրջանակը)։

3, 4. ա) Պետրոս առաքեալ ինչպէ՞ս սորվեցուց որ մկրտութիւնը կարեւոր է։ բ) Պետրոս ինչո՞ւ մկրտութիւնը նմանցուց տապանը շինելուն։

3 Պետրոս առաքեալ մկրտութիւնը նմանցուց Նոյին տապան շինելուն։ Ան ըսաւ. «Այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ» (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։20, 21)։ Տապանը տեսանելի փաստ մըն էր, որ Նոյ սրտանց կ’ուզէր Եհովային կամքը կատարել։ Ան հաւատարմօրէն ըրաւ այն գործը, որ Եհովան տուած էր իրեն։ Նոյին հաւատքը ձգեց որ Եհովան զինք եւ իր ընտանիքը փրկէ Ջրհեղեղին ընթացքին։ Պետրոս այս օրինակով ի՞նչ կը փորձէր սորվեցնել մեզի։

4 Ճիշդ ինչպէս որ տապանը փաստ էր որ Նոյ հաւատք ունէր, մկրտութիւնն ալ փաստ է որ անհատը իր կեանքը Աստուծոյ նուիրած է, քանի որ կը հաւատայ Քրիստոսին, որ մեզի համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Նոյին պէս, մկրտուողները կը հնազանդին Աստուծոյ եւ կ’ընեն իր տուած գործը։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Աստուած Նոյը փրկեց, իր հաւատարիմ մկրտուած ծառաներն ալ պիտի փրկէ, երբ այս չար աշխարհը կործանէ (Մար. 13։10. Յայտ. 7։9, 10)։ Յստակ է թէ շատ կարեւոր է որ մեր կեանքը Եհովային նուիրենք եւ մկրտուինք։ Այն անձը, որ անտեղիօրէն կը յետաձգէ մկրտուիլը, կրնայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կորսնցնել։

5. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

5 Հիմա որ տեսանք թէ մկրտութիւնը որքա՛ն լուրջ է, պէտք է այս երեք հարցումներուն պատասխանները առնենք. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ մկրտութեան մասին։ Մէկը ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ՝ առաջ որ մկրտուի։ Ինչո՞ւ պէտք է միշտ մեր միտքը պահենք մկրտութեան կարեւորութիւնը, երբ կը սորվեցնենք մեր պզտիկներուն կամ աշակերտներուն։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

6, 7. ա) Յովհաննէսին կատարած մկրտութիւնը ի՞նչ իմաստ ունէր։ բ) Որո՞ւն մկրտութիւնը միւսներէն տարբեր էր, եւ ինչո՞ւ։

6 Սուրբ Գիրքին մէջ, առաջին անձը որ ուրիշները մկրտեց՝ Յովհաննէս Մկրտիչն էր (Մատ. 3։1-6)։ Մարդիկ իրեն կու գային մկրտուելու համար, որպէսզի ցուցնեն թէ զղջացած են այն մեղքերուն համար, որ Մովսիսական օրէնքին դէմ ըրած էին։ Յովհաննէսին ըրած ամէնէն կարեւոր մկրտութիւնն էր՝ Յիսուսին մկրտութիւնը, որ Աստուծոյ կատարեալ Որդին էր։ Բայց իր մկրտութիւնը բնա՛ւ կապ չունէր զղջումի հետ (Մատ. 3։13-17)։ Ան պէտք չունէր զղջալու, քանի որ մեղք չունէր (Ա. Պետ. 2։22)։ Յիսուս մկրտուեցաւ որպէսզի ցուցնէր, թէ պատրաստ էր իր կեանքը գործածելու որ Աստուծոյ կամքը կատարէ (Եբ. 10։7

7 Երբ Յիսուս երկրի վրայ կը ծառայէր, իր աշակերտներն ալ ուրիշները մկրտեցին (Յովհ. 3։22. 4։1, 2)։ Անոնք մկրտուեցան, քանի որ զղջացած էին այն մեղքերուն համար, որ Մովսիսական օրէնքին դէմ ըրած էին։ Բայց Յիսուսին մահէն եւ յարութենէն ետք, մկրտութիւնը տարբեր իմաստ պիտի ունենար։

8. ա) Յիսուս ի՞նչ պատուէր տուաւ իր յարութենէն ետք։ բ) Մկրտութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

8 Ք.Ե. 33–ին, իր յարութենէն ետք՝ Յիսուս երեւցաւ աւելի քան 500 հոգիի, որոնց մէջ կային տղամարդիկ, կիներ եւ թերեւս նոյնիսկ պզտիկներ։ Թերեւս այս առիթին էր որ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատ. 28։19, 20. Ա. Կոր. 15։6)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ աշակերտեն։ Ո՛վ որ կ’ուզէ իր աշակերտը ըլլալ,– այսինքն իր «լուծը» առնել,– պէտք է մկրտուի (Մատ. 11։29, 30)։ Ան որ կ’ուզէ Աստուծոյ հաճած կերպով իրեն ծառայել, պէտք է ընդունի որ Ան իր կամքը կատարելու համար Յիսուսը կը գործածէ։ Միայն այն ատեն է որ այդ անձը կրնայ մկրտուիլ։ Ասիկա միակ ջուրի մկրտութիւնն է, որ Աստուծոյ քով ընդունելի է։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ փաստեր կան, որ Յիսուսին առաջին դարու աշակերտները գիտէին թէ մկրտութիւնը որքա՛ն կարեւոր է։ Անոնք անտեղի կերպով չյետաձգեցին իրենց մկրտութիւնը (Գործք 2։41. 9։18. 16։14, 15, 32, 33

ՄԻ՛ ՈՒՇԱՑՆԵՐ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԴ

9, 10. Մկրտութեան մասին ի՞նչ կը սորվինք եթովպիացիէն եւ Պօղոսէն։

9 Կարդա՛ Գործք 8։35, 36։ Նկատի առ այն եթովպիացի նորահաւատը, որ Երուսաղէմի մէջ պաշտամունք ընելէ ետք կը վերադառնար իր երկիրը։ Եհովային հրեշտակը Փիլիպպոսը ղրկեց, եւ ան «Յիսուսը քարոզեց անոր»։ Եթովպիացին ի՞նչ ըրաւ։ Ան ըրաւ բան մը որ ցուցուց թէ սրտանց գնահատեց այն ճշմարտութիւնները որ սորվեցաւ։ Ան առանց ուշանալու մկրտուեցաւ, համաձայն ըլլալով Եհովային կարգադրութեան հետ։

10 Ուրիշ օրինակ մըն է՝ Սօղոս։ Ան ծնաւ հրեայ ազգին մէջ, որ նուիրուած էր Աստուծոյ։ Թէեւ Աստուած մերժած էր զանոնք որպէս ազգ, քանի որ իրեն չհնազանդեցան, բայց Սօղոս կը հաւատար որ հրեաները տակաւին ճի՛շդ կերպով կը ծառայէին Աստուծոյ, եւ կը հալածէր քրիստոնեաները։ Բայց օր մը, իրեն հետ անձամբ երկինքէն խօսեցաւ Յիսուս, որ յարութիւն առած էր՝ բայց Սօղոս կը կարծէր որ մեռած էր։ Սօղոս ի՞նչ ըրաւ։ Ան ընդունեց Անանիա աշակերտին օգնութիւնը եւ «ելաւ մկրտուեցաւ» (Գործք 9։17, 18. Գաղ. 1։14)։ Ան յետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։ Նկատէ թէ հազիւ որ հասկցաւ, թէ Աստուած իր կամքը կատարելու համար Յիսուսը կը գործածէ, առանց ուշանալու մկրտուեցաւ (կարդա՛ Գործք 22։12-16

11. ա) Ներկայիս, ի՞նչը կը մղէ որ Աստուածաշունչի աշակերտները մկրտուին։ բ) Ի՞նչ կը զգանք երբ մէկը մկրտուի։

11 Ներկայիս, Աստուածաշունչի աշակերտներուն պարագան ալ նոյնն է, ըլլան տարիքով պզտիկ կամ մեծ։ Անոնք որոնք հաւատք ունին եւ անկեղծօրէն կը գնահատեն Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները, սրտանց կ’ուզեն իրենց կեանքը նուիրել Եհովային ու մկրտուիլ։ Մկրտութեան դասախօսութիւնը միշտ յատուկ տեղ կը գրաւէ համաժողովներուն մէջ։ Եհովայի վկաները կ’ուրախանան, երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ճշմարտութիւնը ընդունի եւ որոշէ մկրտուիլ։ Ծնողները շատ կ’ուրախանան երբ իրենց պզտիկները կը մկրտուին։ 2017–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան 284,000 հոգիներ մկրտուեցան, որպէսզի ցուցնեն թէ Եհովային նուիրուած են (Գործք 13։48)։ Յստակ է թէ անոնք հասկցած էին, որ կարեւոր է որ քրիստոնեաները մկրտուին։ Բայց անոնք ի՞նչ քայլեր առին առաջ որ մկրտուին։

12. Աշակերտը ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ առաջ որ մկրտուի։

12 Առաջ որ աշակերտը մկրտուի, պէտք է ճշմարտութիւնը սորվի Աստուծոյ եւ Իր նպատակին մասին, եւ գիտնայ թէ ինչ կարգադրութիւն ըրած է որ մարդկութիւնը փրկէ (Ա. Տիմ. 2։3-6)։ Ետքը, ան պէտք է հաւատք մշակէ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդի եւ այլեւս Աստուծոյ ատած բաները չընէ (Գործք 3։19)։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ Եհովան չ’ընդունիր այն անհատին նուիրումը, որ կը շարունակէ իր ատած բաները ընել (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Բայց մէկը պէտք է ուրիշ բաներ ալ ընէ։ Անոնք որոնք կ’ուզեն իրենց կեանքը Եհովային նուիրել, ժողովներուն ներկայ կ’ըլլան եւ բարի լուրը կանոնաւորաբար կը քարոզեն եւ ուրիշներուն կը սորվեցնեն։ Ասիկա պահանջուած է ամէն մէկ անձէ որ կ’ուզէ Քրիստոսին հետեւիլ (Գործք 1։8)։ Միայն այս քայլերը առնելէ ետքն է, որ աշակերտը կրնայ իր կեանքը աղօթքով Եհովային նուիրել ու մկրտուիլ։

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ԴՐՈՒԵԼԻՔ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ ՄԸ

Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնես, առիթներ կը փնտռե՞ս որ անոնց օգնես որ հասկնան թէ մկրտութիւնը շատ կարեւոր է (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ պէտք է մտքերնիս պահենք որ անոնք պէտք է մկրտուին, որպէսզի իսկական քրիստոնեաներ ըլլան։

13 Մինչ մեր պզտիկներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն կ’օգնենք որ այս կարեւոր քայլերը առնեն, պէտք է մտքերնիս պահենք թէ ան որ կ’ուզէ Յիսուսին իսկական հետեւորդը ըլլալ, պէտք է մկրտուի։ Այսպիսով, պիտի չքաշուինք յարմար ժամանակներուն անոնց ըսելու, թէ նուիրուիլն ու մկրտուիլը որքա՛ն կարեւոր են։ Կ’ուզենք որ մեր պզտիկները եւ աշակերտները յառաջդիմեն մինչեւ մկրտութիւն։

14. Ինչո՞ւ մէկը չենք ստիպեր որ մկրտուի։

14 Անշուշտ, ո՛չ մէկը պէտք է ստիպէ իր զաւակը կամ աշակերտը որ մկրտուի, քանի որ Եհովան ո՛չ մէկս կը ստիպէ որ իրեն ծառայենք (Ա. Յովհ. 4։8)։ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, պէտք է անոնց օգնենք որ հասկնան, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան Աստուծոյ հետ։ Եթէ աշակերտը սրտանց կը գնահատէ ճշմարտութիւնը եւ իրապէս կ’ուզէ ընել ամէն բան որ ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է ընեն, պիտի ուզէ մկրտուիլ (Բ. Կոր. 5։14, 15

15, 16. ա) Որոշ տարիք մը կա՞յ որ մէկը մկրտուի. բացատրէ։ բ) Աշակերտը ինչո՞ւ պէտք է մկրտուի որպէս Եհովայի վկայ, նոյնիսկ եթէ ուրիշ կրօնքի մը մէջ մկրտուած է։

15 Չկայ որոշ տարիք մը որ մէկը մկրտուի։ Մարդիկ իրարմէ տարբեր են, եւ ոմանք ուրիշներէ աւելի արագ կը յառաջդիմեն։ Շատեր պզտիկ տարիքին կը մկրտուին, եւ մինչ կը մեծնան՝ կը շարունակեն Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Ուրիշներ արդէն իսկ տարիքով մեծ կ’ըլլան երբ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը կը սորվին ու կը մկրտուին։ Ոմանք նոյնիսկ 100 տարեկանէն աւելի մեծ կ’ըլլան։

16 Տարիքոտ աշակերտուհի մը իրեն հետ ուսումնասիրողին հարցուց, որ իսկապէս անհրաժե՞շտ է որ դարձեալ մկրտուի, քանի որ արդէն իսկ քանի մը կրօնքներու մէջ մկրտուած է տարիներու ընթացքին։ Քոյրը քանի մը համար բացաւ իր հարցումին պատասխանելու համար։ Աշակերտուհին հասկցաւ թէ Սուրբ Գիրքին պատուէրը ի՛նչ է, եւ շատ չանցած մկրտուեցաւ։ Թէեւ գրեթէ 80 տարեկան էր, բայց չզգաց որ պէտք չունէր մկրտուելու։ Եհովան կ’ընդունի մեր մկրտութիւնը միայն եթէ ճշմարտութիւնը գիտենք իր կամքին մասին։ Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ ուրիշ կրօնքի մը մէջ մկրտուած ենք, պէտք է որպէս Եհովայի վկայ մկրտուինք (կարդա՛ Գործք 19։3-5

17. Մէկը ի՞նչ բանի մասին պէտք է մտածէ իր մկրտութեան օրը։

17 Մէկու մը մկրտութեան օրը շատ ուրախ օր մըն է։ Ատիկա նաեւ օր մըն է որ ան լաւ մտածէ, թէ նուիրուիլն ու մկրտուիլը ի՛նչ կը նշանակեն։ Ան պէտք է մեծ ջանք թափէ, որ ընէ բոլոր այն բաները որ ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է ընէ։ Յիսուսին աշակերտները պէտք է «միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։15. Մատ. 16։24

18. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

18 Ինչպէս որ տեսանք, ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու որոշումը շատ լուրջ է։ Ասոր համար, Մարիային մօր միտքէն անցան յօդուածին սկիզբը նշուած հարցումները։ Եթէ ծնող մըն ես, թերեւս դուն քեզի հարցուցած ես. ‘Պզտիկս իրապէս պատրա՞ստ է մկրտուելու։ Ան Եհովային մասին բաւարար գիտութիւն ունի՞ որ ինքզինք նուիրէ Իրեն։ Զաւակս պէ՞տք է լաւ ուսում առնէ եւ գործ գտնէ առաջ որ մկրտուի։ Ի՞նչ պիտի պատահի եթէ ան լուրջ մեղք մը գործէ մկրտուելէն ետք’։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք, եւ պիտի տեսնենք որ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան ճիշդ աչքով նայիլ մկրտութեան։