Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

Եհովայի ձայնը մտիկ ըրէ

Եհովայի ձայնը մտիկ ըրէ

«Ատիկա է սիրելի Որդիս. . . ատոր մտիկ ըրէք» (ՄԱՏ. 17։5

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Եհովան ինչպէ՞ս մարդոց հետ հաղորդակցած է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

ԵՀՈՎԱՆ կը սիրէ հաղորդակցիլ մեզի հետ։ Անցեալին գործածեց մարգարէներ, հրեշտակներ եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ իր մտածումները մեզի հաղորդէ (Ամս. 3։7. Գաղ. 3։19. Յայտ. 1։1)։ Այսօր, մեզի հետ կը հաղորդակցի իր Խօսքին միջոցաւ։ Ան Աստուածաշունչը տուաւ, որպէսզի կարենանք գիտնալ իր մտածումը եւ հասկնալ իր ճամբաները։

2 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Եհովան նաեւ երկինքէն խօսեցաւ երեք առիթներով։ Նկատի առնենք թէ ան ի՛նչ ըսաւ, իր խօսքերէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ եւ ատոնցմէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

«ԴՈՒՆ ԵՍ ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՈՐԴԻՍ»

3. Ինչպէս որ Մարկոս 1։9-11–ի մէջ կը կարդանք, Եհովան ի՞նչ ըսաւ երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, եւ իր խօսքերը ի՞նչ կարեւոր իրողութիւններ կը հաստատեն։

3 Մարկոս 1։9-11–ին մէջ արձանագրուած է առաջին առիթը, երբ Եհովան երկինքէն խօսեցաւ (կարդա՛)։ Ան ըսաւ. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Յիսուս որքա՜ն զգացուած ըլլալու էր լսելով իր Հօր ձայնը, որ սէր ու վստահութիւն կ’արտայայտէր իրեն հանդէպ։ Եհովայի խօսքերը երեք կարեւոր իրողութիւններ հաստատեցին Յիսուսին մասին։ Առաջին, Յիսուս իր Որդին է։ Երկրորդ, կը սիրէ իր Որդին։ Եւ երրորդ, իր Որդիին հաճած է։ Իւրաքանչիւրը մօտէն նկատի առնենք։

4. Յիսուս իր մկրտութեան ատեն Աստուծոյ հետ ի՞նչ նոր յարաբերութեան մէջ մտաւ։

4 «Դուն ես իմ. . . Որդիս»։ Այս խօսքով Եհովան ցոյց տուաւ, թէ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը, իրեն հետ նոր յարաբերութեան մէջ մտած էր։ Երկինքին մէջ, Յիսուս Աստուծոյ հոգեղէն մէկ որդին էր։ Սակայն մկրտութեան ատեն, ան սուրբ հոգիով օծուեցաւ եւ եղաւ Աստուծոյ օծեալ Որդին։ Այսպէս Եհովան յայտնեց, որ Յիսուս այժմ յոյս ունէր երկինք վերադառնալու եւ Իր նշանակած Թագաւորն ու Քահանայապետը ըլլալու (Ղուկ. 1։31-33. Եբ. 1։8, 9. 2։17)։ Ուրեմն, Յիսուսին մկրտութեան ժամանակ, իր Հայրը տեղին ըլլալով ըսաւ. «Դուն ես իմ. . . Որդիս» (Ղուկ. 3։22

Մենք կը ծաղկինք երբ մեզ կը գովեն ու կը քաջալերեն (տե՛ս պարբերութիւն 5) *

5. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի օրինակին հետեւիլ սէր եւ գնահատանք յայտնելու մէջ։

5 «Իմ սիրելի Որդիս»։ Սէր եւ գնահատանք յայտնելու Եհովայի օրինակը տեսնելով, կը մղուինք առիթներ փնտռելու որ ուրիշները քաջալերենք (Յովհ. 5։20)։ Երբ մեր սիրած անհատներէն մէկը մեզի հանդէպ իր սէրը կ’արտայայտէ եւ մեր ըրած լաւ բաներուն համար մեզ կը գովէ, թեւեր կ’առնենք։ Նոյնպէս, ժողովքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր ընտանիքի անդամները պէտք ունին մեր սիրոյն ու քաջալերանքին։ Ուրիշները գովելով՝ իրենց հաւատքը կը զօրացնենք եւ կ’օգնենք որ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեն։ Մասնաւորաբար ծնողները պէտք է իրենց զաւակները քաջալերեն։ Երբ ծնողներ անկեղծօրէն իրենց զաւակները գովեն եւ սէր ցոյց տան, անոնց կ’օգնեն որ ծաղկին։

6. Ինչո՞ւ կրնանք Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ վստահութիւն ունենալ։

6 «Որուն հաւներ եմ»։ Այս խօսքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան վստահ էր որ Յիսուս հաւատարմօրէն Իր կամքը պիտի կատարէր։ Որովհետեւ ան այսպիսի վստահութիւն ունի իր Որդիին հանդէպ, մենք ալ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Յիսուս հաւատարմօրէն պիտի իրագործէ Եհովայի բոլոր խոստումները (Բ. Կոր. 1։20)։ Երբ Յիսուսի օրինակին մասին մտածենք, ա՛լ աւելի կը վճռենք իրմէ սորվիլ եւ իր քայլերուն հետեւիլ։ Յիսուսի պարագային պէս, Եհովան նաեւ իր ծառաներուն հանդէպ վստահութիւն ունի, թէ որպէս խումբ պիտի շարունակենք իր Որդիէն սորվիլ (Ա. Պետ. 2։21

«ԱՏՈՐ ՄՏԻԿ ԸՐԷՔ»

7. Մատթէոս 17։1-5–ի համաձայն, ո՞ր առիթով Եհովան երկինքէն խօսեցաւ, եւ ի՞նչ ըսաւ։

7 Կարդա՛ Մատթէոս 17։1-5։ Երկրորդ առիթը, երբ Եհովան երկինքէն խօսեցաւ, Յիսուսի ‘այլակերպութեան’ ատեն էր։ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, Յիսուսին հետ բարձր լեռ մը ելած էին, երբ արտասովոր տեսիլք մը տեսան։ Յիսուսին երեսը փայլեցաւ եւ իր հանդերձները ճերմկցան։ Երկու կերպարանքներ, որոնք Մովսէսը եւ Եղիան կը ներկայացնէին, սկսան Յիսուսին հետ խօսիլ իր մահուան եւ յարութեան մասին։ Առաքեալները լման արթուն էին, երբ այս հիանալի տեսիլքը տեսան (Ղուկ. 9։29-32)։ Ետքը, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ եւ ամպէն ձայն մը լսեցին. Աստուծո՛յ ձայնը։ Այս առիթով ալ Եհովան իր Որդիին հանդէպ իր հաճութիւնն ու սէրը արտայայտեց, ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Բայց այս անգամ աւելցուց. «Ատոր մտիկ ըրէք»։

8. Տեսիլքը ինչպէ՞ս ազդեց Յիսուսին եւ աշակերտներուն։

8 Այս տեսիլքը յայտնեց Յիսուսի ապագայ փառքը եւ հեղինակութիւնը որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Անկասկած Քրիստոս քաջալերուեցաւ եւ զօրացաւ գալիք չարչարանքներուն եւ տանջալից մահուան տոկալու համար։ Այլակերպութեան տեսիլքը նաեւ աշակերտներուն հաւատքը զօրացուց։ Այսպէս անոնք պատրաստուեցան դիմագրաւելիք փորձութիւններուն եւ այն ծանր աշխատանքին համար, որ պիտի ընէին։ Մօտ 30 տարի ետք, Պետրոս առաքեալ այլակերպութեան տեսիլքին ակնարկեց, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ տեսիլքը իր մտքին մէջ վառ մնացած էր (Բ. Պետ. 1։16-18

9. Յիսուս ի՞նչ գործնական խրատներ տուաւ իր աշակերտներուն։

9 «Ատոր մտիկ ըրէք»։ Եհովան յստակ դարձուց թէ կ’ուզէ որ մտիկ ընենք իր Որդիին խօսքերը եւ անոնց հնազանդինք։ Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն շատ կարեւոր բաներ ըսաւ։ Օրինակ, իր հետեւորդներուն սիրալիրօրէն սորվեցուց բարի լուրը ինչպէ՛ս քարոզել, եւ կրկին անգամ նշեց որ արթուն կենան (Մատ. 24։42. 28։19, 20)։ Նաեւ զիրենք յորդորեց, որ ջանք ընեն որ նեղ դռնէն մտնեն, եւ քաջալերեց որ չյանձնուին (Ղուկ. 13։24)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն շեշտեց կարեւորութիւնը իրար սիրելու, միացած մնալու եւ իր պատուէրները պահելու (Յովհ. 15։10, 12, 13)։ Այս խրատները ներկայիս նոյնքա՛ն գործնական են որքան առաջին դարուն էին։

10-11. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Յիսուսին մտիկ կ’ընենք։

10 Յիսուս ըսաւ. «Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ» (Յովհ. 18։37)։ Ցոյց կու տանք որ Յիսուսի ձայնը մտիկ կ’ընենք, երբ կը շարունակենք ‘իրարու համբերել եւ իրարու ներել’ (Կող. 3։13. Ղուկ. 17։3, 4)։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ Յիսուսի ձայնը մտիկ կ’ընենք, բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզելով «ատենին ու ատենէ դուրս» (Բ. Տիմ. 4։2

11 Յիսուս ըսաւ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն» (Յովհ. 10։27)։ Իր հետեւորդները ցոյց կու տան որ իր ձայնը մտիկ կ’ընեն, ոչ միայն իր խօսքերուն ուշադրութիւն դարձնելով, հապա նաեւ զանոնք գործադրելով։ Անոնք «այս կեանքին հոգերով» չեն տարուիր (Ղուկ. 21։34, ԱԾ)։ Եւ իրենց համար շատ կարեւոր է Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդիլ, նոյնիսկ երբ դժուար է։ Մեր եղբայրներէն շատեր խիստ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն, մէջը ըլլալով՝ հակառակորդներու կողմէ յարձակումներ, չափազանց աղքատութիւն եւ բնական աղէտներ։ Հակառակ այս բոլորին, անոնք Եհովային հաւատարիմ կը մնան, որքա՛ն ալ չարչարուին։ Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի» (Յովհ. 14։21

Մեր ծառայութիւնը մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք ցոյց տալ, որ Յիսուսին մտիկ կ’ընենք։

12 Յիսուսին մտիկ ընելու ուրիշ կերպ մըն է՝ համագործակցիլ անոնց հետ, որոնք իր կողմէ նշանակուած են մեր մէջ առաջնորդութիւն առնելու (Եբ. 13։7, 17)։ Վերջին տարիներուն, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը շատ մը փոփոխութիւններ ըրած է, մէջը ըլլալով՝ ծառայութեան մէջ նոր գործիքներ եւ մեթոտներ գործածել, միջշաբաթային ժողովը տարբեր ձեւով վարել եւ բարելաւուած կերպով Թագաւորութեան սրահներ շինել ու նորոգել։ Որքա՜ն կ’արժեւորենք այս սիրալիր առաջնորդութիւնը, որ մեր օգտին համար է։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի օրհնէ կազմակերպութեան ժամանակայարմար ուղղութիւններուն հետեւելու մեր ջանքերը։

13. Յիսուսին մտիկ ընելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

13 Մենք կ’օգտուինք մտիկ ընելով Յիսուսին սորվեցուցած բոլոր բաները։ Ան իր աշակերտները վստահեցուց, որ իր ուսուցումները զիրենք պիտի թարմացնէին։ Ան ըսաւ. «Ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Աստուծոյ Խօսքը, որ կը պարփակէ չորս Աւետարանները, մեզ կը թարմացնէ, հոգեւորապէս կը զօրացնէ եւ իմաստուն կը դարձնէ (Սաղ. 19։7. 23։3)։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկ. 11։28

‘ՊԻՏԻ ՓԱՌԱՒՈՐԵՄ ԱՆՈՒՆՍ’

14-15. ա) Յովհաննէս 12։27, 28–ի համաձայն, ո՞ր առիթով Եհովան երկինքէն խօսեցաւ։ բ) Յիսուսին համար Եհովային խօսքերը ինչո՞ւ մխիթարական եւ ամրապնդիչ էին։

14 Կարդա՛ Յովհաննէս 12։27, 28։ Յովհաննէս Աւետարանը կը նշէ երրորդ առիթ մը, երբ Եհովան երկինքէն խօսեցաւ։ Յիսուս իր մահէն քանի մը օր առաջ Երուսաղէմի մէջ էր, իր վերջին Պասեքը տօնելու համար։ Ան ըսաւ. «Իմ հոգիս խռոված է», ապա աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Երկինքէն խօսելով Եհովան պատասխանեց. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։

15 Յիսուս խռոված էր, քանի որ մեծ պատասխանատուութիւն ունէր. Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Ան գիտէր թէ դաժանօրէն պիտի մտրակուէր եւ անգթօրէն իր կեանքին վերջ պիտի դրուէր (Մատ. 26։38)։ Բայց Յիսուսին համար ամենակարեւոր բանն էր՝ իր Հօր անունը փառաւորել։ Յիսուս ամբաստանուեցաւ Աստուծոյ հայհոյութիւն ընելու յանցանքով եւ մտահոգ էր, թէ իր մահը Աստուծոյ անարգանք պիտի բերէր։ Եհովային խօսքերը Յիսուսը վստահեցուցին, որ Իր անունը պիտի փառաւորուէր։ Այդ խօսքերը շատ հաւանաբար զինք մխիթարեցին եւ զօրացուցին, որպէսզի կարենայ գալիք չարչարանքին տոկալ։ Այդ առիթին թերեւս միայն Յիսուս իր Հօր ըսածը ըմբռնեց, բայց Եհովան իր խօսքերը գրել տուաւ մեր բոլորին օգտին համար (Յովհ. 12։29, 30

Եհովան իր անունը պիտի փառաւորէ եւ իր ժողովուրդը պիտի ազատէ (տե՛ս պարբերութիւն 16) *

16. Երբեմն թերեւս ինչո՞ւ մտահոգուինք Եհովայի անուան եկած անարգանքին համար։

16 Յիսուսին պէս, մենք ալ թերեւս մտահոգուինք Եհովայի անուան եկած անարգանքին համար։ Թերեւս Յիսուսին պէս անարդար վերաբերմունքի զոհ երթանք։ Կամ թերեւս նեղանանք լսելով այն սուտ պատմութիւնները, որ հակառակորդները մեր մասին կը տարածեն, անարգանք բերելով Եհովայի անուան եւ իր կազմակերպութեան։ Այսպիսի ժամանակներու, Եհովայի խօսքերը մեզ շատ կը մխիթարեն։ Հարկ չկայ չափազանց մտահոգուելու։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Եհովան մի՛շտ իր անունը պիտի փառաւորէ։ Թագաւորութեան միջոցաւ, ան պիտի յեղաշրջէ ամէն վնաս, որ Սատանան եւ այս աշխարհը կը բերեն Իր հաւատարիմ ծառաներուն վրայ (Սաղ. 94։22, 23. Եսա. 65։17

ԵՀՈՎԱՅԻ ՁԱՅՆԸ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼՈՎ ՕԳՏՈՒԷ

17. Եսայի 30։21–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կը խօսի այսօր։

17 Ներկայիս, Եհովան տակաւին մեզի հետ կը խօսի (կարդա՛ Եսայի 30։21)։ Ճիշդ է որ երկինքէն չի խօսիր, սակայն տուած է իր գրաւոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, որուն մէջ մեզի ուղղութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին ‘հաւատարիմ տնտեսը’ կը մղէ, որ շարունակ Իր ծառաներուն հոգեւոր սնունդ տայ (Ղուկ. 12։42)։ Ի՜նչ առատ հոգեւոր սնունդ կը ստանանք՝ տպուած եւ առցանց հրատարակութիւններու, վիտէօներու եւ ձայնագրութիւններու միջոցաւ։

18. Եհովայի խօսքերը ինչպէ՞ս հաւատքդ կը կերտեն եւ քաջութիւն կու տան։

18 Թող որ մեր միտքը պահենք այն խօսքերը, որոնք Եհովան իր Որդիին ըսաւ, երբ ան երկրի վրայ էր։ Այդ խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն, որ ամէն բան իր հակակշռին տակ է եւ թէ պիտի ջնջէ որեւէ վնաս, որ Սատանան եւ չար աշխարհը մեր վրայ բերած են։ Վճռե՛նք ուշադրութեամբ մտիկ ընել Եհովայի ձայնը։ Այսպիսով պիտի կարենանք տոկալ բոլոր խնդիրներուն, որոնք ներկայիս կը դիմագրաւենք, եւ որեւէ դժուարութեան, որ ապագային պիտի ունենանք։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք» (Եբ. 10։36

ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’

^ պարբ. 5 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Եհովան երեք առիթներով երկինքէն խօսեցաւ։ Այդ առիթներէն մէկուն ընթացքին, Եհովան Քրիստոսի աշակերտները քաջալերեց, որ իր Որդիին մտիկ ընեն։ Ներկայիս Եհովան մեզի կը խօսի իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ, որ կը բովանդակէ Յիսուսին ուսուցումները, եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք Եհովային եւ Յիսուսին մտիկ ընելով։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը կը նկատէ, թէ օգնական ծառայ մը Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան կը մասնակցի եւ ժողովքի հրատարակութիւններուն հոգ կը տանի։ Երէցը զինք ջերմօրէն կը գովէ։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Սիերա Լէոնէի մէջ, զոյգ մը ձկնորսի մը կու տան «Ժողովքային հանդիպումներու հրաւիրագիր»ը։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, եղբայրները անձնական տան մը մէջ ժողով կ’ընեն։ Անոնք անպաշտօն կերպով հագուած են, իրենց վրայ ուշադրութիւն չհրաւիրելու համար։