Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10

Ի՞նչ բան քեզ կ’արգիլէ մկրտուելէ

Ի՞նչ բան քեզ կ’արգիլէ մկրտուելէ

«Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց» (ԳՈՐԾՔ 8։38

ԵՐԳ 7 Քրիստոնէական նուիրում

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ադամին ու Եւային կեցուածքը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ։

ՔՈՒ կարծիքովդ, ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ի՛նչը բարի է ու ի՛նչը չար։ Երբ Ադամն ու Եւան բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն կերան, շատ յստակ կեցուածք ցոյց տուին. Եհովային ու իր չափանիշներուն չէին վստահեր։ Որոշեցին բարիի ու չարի վերաբերեալ չափանիշները իրենք դնել (Ծն. 3։22)։ Բայց մտածէ թէ ինչ կորսնցուցին։ Անոնք կորսնցուցին Եհովայի հետ իրենց բարեկամութիւնը եւ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։ Անոնք մեղքն ու մահը փոխանցեցին իրենց զաւակներուն (Հռով. 5։12)։ Իրապէս, այդ որոշումը շատ ցաւալի հետեւանքներ բերաւ։

Եթովպիացի ներքինին Յիսուսը ընդունելէ ետք, ուզեց անմիջապէս մկրտուիլ (տե՛ս պարբերութիւն 2-3)

2-3. ա) Եթովպիացի ներքինին ի՞նչ ըրաւ, երբ Փիլիպպոս իրեն քարոզեց։ բ) Մկրտուելով ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանանք։ գ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Ադամին ու Եւային վարուելակերպը համեմատէ եթովպիացի ներքինիին հակազդեցութեան հետ, երբ Փիլիպպոս իրեն քարոզեց։ Ներքինին այնքա՛ն արժեւորեց Եհովային եւ Յիսուսին ըրածը իրեն համար, որ անմիջապէս մկրտուեցաւ (Գործք 8։34-38)։ Երբ մեր անձը Աստուծոյ նուիրենք եւ, այդ ներքինիին պէս, մկրտուինք, յստակօրէն ցոյց կու տանք որ մեծապէս կ’արժեւորենք մեզի ի նպաստ Եհովային ու Յիսուսին ըրածը։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ Եհովային կը վստահինք եւ կ’ընդունինք որ միայն ինք իրաւունք ունի որոշելու թէ ի՛նչը բարի է ու ի՛նչը չար։

3 Մտածէ այն օրհնութիւններուն մասին, որ կը ստանանք երբ Եհովային ծառայենք։ Օրինակ, Եհովան մեզի պիտի տայ այն բոլոր բաները, որոնք Ադամն ու Եւան կորսնցուցին, մէջը ըլլալով յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքին շնորհիւ, Եհովան մեր սխալները կը ներէ եւ մաքուր խիղճ կու տայ (Մատ. 20։28. Գործք 10։43)։ Նաեւ հաւատարիմ ծառաներէ բաղկացած Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը կը դառնանք եւ մեզի հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ (Յովհ. 10։14-16. Հռով. 8։20, 21)։ Սակայն, հակառակ այս բոլոր օգուտներուն, Եհովան ճանչցողներէն ոմանք եթովպիացի ներքինիին օրինակին հետեւելու կը տատամսին։ Ի՞նչ բաներ կրնան զիրենք արգիլել մկրտուելէ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնան այդ դժուարութիւնները յաղթահարել։

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔ ԵՂՈՂ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Դժուարութիւններ՝ որոնք ոմանք կը դիմագրաւեն մկրտուելէ առաջ

Ինքնավստահութեան պակասը (տե՛ս պարբերութիւն 4-5) *

4-5. Էվըրին եւ Հաննան ի՞նչ դժուարութիւններ ունէին։

4 Ինքնավստահութեան պակասը։ Պատանի Էվըրիին ծնողքը Եհովայի վկաներ են։ Հայրը շատ լաւ համբաւ ունի որպէս հոգածու հայր եւ յաջող երէց։ Բայց Էվըրին մկրտութեան քայլը չառաւ։ Ինչո՞ւ։ «Կը կարծէի որ հօրս չափ լաւ անձ մը պիտի չկարենամ ըլլալ», կ’ըսէ ան։ Էվըրին նաեւ կը խորհէր որ պիտի չկարենայ իրեն տրուելիք պատասխանատուութիւնները շալկել։ «Կը մտահոգուէի թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենամ հանրապէս աղօթել, դասախօսութիւններ տալ կամ դաշտի ծառայութեան մէջ խումբ մը առաջնորդել»։

5 Հաննան, որ 18 տարեկան է, բոլորովին ինքնավստահութիւն չունէր։ Թէեւ իր ծնողքը Եհովային կը ծառայեն, բայց կը կասկածէր որ կրնար Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Ինչո՞ւ։ Ան իր անձին ցած աչքով կը նայէր։ Երբեմն այնքա՛ն գէշ կը զգար, որ դիտմամբ ինքզինք կը վիրաւորէր, եւ ասիկա հարցը ա՛լ աւելի կը դժուարացնէր։ Ան կ’ըսէ. «Ըրածիս մասին մէկու մը չէի պատմեր, ոչ ալ ծնողքիս, եւ ես ինծի կ’ըսէի, որ այս ընթացքիս պատճառաւ Եհովան բնա՛ւ պիտի չուզէ որ իր ծառան ըլլամ»։

Բարեկամներու ազդեցութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 6) *

6. Ի՞նչը արգելք եղաւ որ Վանեսսան մկրտուի։

6 Բարեկամներու ազդեցութիւնը։ Վանեսսան, որ 22 տարեկան է, կ’ըսէ. «Մտերիմ ընկերուհի մը ունէի, որ տասը տարիէ ի վեր կը ճանչնայի»։ Բայց այս ընկերուհին Վանեսսային հաւատքով չէր հետաքրքրուած եւ իրեն չէր օգներ, որ մկրտուելու իր նպատակակէտին հասնի։ Ասիկա Վանեսսային շա՜տ ազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի համար դժուար է բարեկամներ ունենալ, եւ հոգ կ’ընէի որ եթէ բարեկամութեան վերջ դնեմ, ուրիշ մտերիմ ընկերուհի մը բնա՛ւ պիտի չունենամ»։

Լուրջ սխալ մը ընելու վախը (տե՛ս պարբերութիւն 7) *

7. Մըքէյլային պարագան ի՞նչ էր։

7 Լուրջ սխալ մը ընելու վախը։ Մըքէյլան հինգ տարեկան էր, երբ իր եղբայրը վտարուեցաւ։ Մինչ կը մեծնար, կը տեսնէր թէ իր եղբօր արարքները որքա՜ն կը տխրեցնէին իր ծնողքը։ Մըքէյլան կ’ըսէ. «Կը վախնայի որ եթէ մկրտուիմ եւ անկէ ետք սխալ մը գործեմ, պիտի վտարուիմ եւ ծնողքս աւելի պիտի տխրեցնեմ»։

Հակառակութեան վախը (տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Մայլզը ի՞նչ վախ ունէր։

8 Հակառակութեան վախը։ Մայլզին ծնողները ամուսնալուծուած են։ Իր հայրը Եհովայի վկայ է, իսկ մայրը՝ ոչ։ Մայլզ կ’ըսէ. «Մօրս հետ 18 տարի ապրեցայ, եւ կը վախնայի իրեն ըսելու որ կ’ուզեմ մկրտուիլ։ Տեսած էի թէ ինչպէս հակազդեց, երբ հայրս Եհովայի վկայ դարձաւ։ Կը վախնայի որ ինծի ալ խնդիրներ հանէ»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

9. Շատ հաւանաբար ի՞նչ պիտի ընես, մինչ կը սորվիս թէ Եհովան որքա՜ն համբերող ու սիրալիր է։

9 Ադամն ու Եւան ընտրեցին Եհովային չծառայել, քանի որ իրեն հանդէպ զօրաւոր սէր չէին մշակած։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան թոյլ տուաւ որ բաւարար երկար ապրին, որ զաւակներ ունենան եւ իրենք որոշեն, թէ իրենց զաւակները ինչպէ՛ս պիտի մեծցնեն։ Եհովայէն անկախ ըլլալու Ադամին ու Եւային որոշումը շատ գէշ հետեւանքներ ունեցաւ, ինչ որ յստակ դարձուց թէ որքա՜ն անմիտ գտնուած էին։ Անոնց անդրանիկ զաւակը իր անմեղ եղբայրը սպաննեց, եւ ժամանակի ընթացքին վայրագութիւնն ու անձնասիրութիւնը տիրեցին մարդկային ընտանիքին վրայ (Ծն. 4։8. 6։11-13)։ Սակայն Եհովան կերպ մը ունէր ազատելու Ադամին ու Եւային բոլոր այն զաւակները, որոնք կ’ուզեն իրեն ծառայել (Յովհ. 6։38-40, 58, 59)։ Մինչ կը սորվիս, թէ Եհովան որքա՜ն համբերող ու սիրալիր է, զինք ա՛լ աւելի պիտի սիրես։ Պիտի ընտրես մերժել Ադամին ու Եւային ընթացքին հետեւիլ եւ անձդ Եհովային պիտի նուիրես։

Ինչպէ՞ս կրնաս այս դժուարութիւնները յաղթահարել

(Տե՛ս պարբերութիւն 9-10) *

10. Սաղմոս 19։7–ին վրայ խոկալը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել Եհովային ծառայելու։

10 Շարունակէ Եհովային մասին սորվիլ։ Եհովային մասին որքա՛ն աւելի սորվիս, այնքան աւելի վստահ պիտի ըլլաս, որ կրնաս յաջողութեամբ իրեն ծառայել։ Էվըրին կ’ըսէ. «Վստահութիւն ունեցայ՝ կարդալով եւ խոկալով այն խոստումին մասին, որ գրուած է Սաղմոս 19։7–ին մէջ» (կարդա՛)։ Երբ ան տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս այդ խոստումը կատարեց, Եհովային հանդէպ իր սէրը աւելցաւ։ Սէրը ոչ միայն կը զօրացնէ մեր վստահութիւնը, թէ կրնանք Եհովային ծառայել, հապա նաեւ կ’օգնէ որ իր չսիրած բաները չընենք եւ փափաքինք իրեն ծառայել։ Հաննան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը անձամբ կարդալը եւ սերտելը ինծի օգնեց որ գիտակցիմ, թէ երբ ինքզինքս կը վիրաւորեմ, Եհովային զգացումներն ալ կը վիրաւորեմ» (Ա. Պետ. 5։7)։ Ան ‘Աստուծոյ խօսքը կատարող’ եղաւ (Յակ. 1։22)։ Արդի՞ւնքը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ տեսայ թէ Եհովայի հնազանդելով ինչպէ՛ս կ’օգտուիմ, իրեն հանդէպ սէրս զօրացաւ։ Հիմա վստահ եմ, որ երբ օգնութեան պէտք ունենամ, Եհովան միշտ զիս պիտի առաջնորդէ»։ Հաննան ինքզինք վիրաւորելու հակումին յաջողապէս դէմ դրաւ։ Ան Եհովային նուիրուեցաւ եւ մկրտուեցաւ։

(Տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. Վանեսսան ի՞նչ ըրաւ որ լաւ բարեկամներ ունենայ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ։ Վանեսսան ի վերջոյ անդրադարձաւ, որ իր ընկերուհին արգելք կը կենար որ Եհովային ծառայէ։ Ուստի անոր հետ իր բարեկամութիւնը կտրեց. բայց աւելին ալ ըրաւ։ Ան ջանք թափեց որ նոր բարեկամներ ունենայ ժողովքի՛ն մէջ։ Ան կ’ըսէ, որ Նոյին ու իր ընտանիքին օրինակը իրեն օգնեց։ «Անոնք շրջապատուած էին մարդոցմով, որոնք Եհովան չէին սիրեր։ Այսուհանդերձ, անոնք իրարու հետ լաւ ընկերակցութիւն ունէին», կ’ըսէ ան։ Մկրտուելէ ետք, Վանեսսան ռահվիրայ եղաւ։ Հիմա կը նշէ. «Ռահվիրայութիւնը ինծի օգնած է որ լաւ բարեկամներ ունենամ ոչ միայն ժողովքիս մէջ, հապա նաեւ ուրիշ ժողովքներու մէջ»։ Դուն ալ կրնաս լաւ բարեկամներ ունենալ, կարելի եղածին չափ շատ զբաղելով այն գործին մէջ, որ Եհովան մեզի նշանակած է (Մատ. 24։14

(Տե՛ս պարբերութիւն 12-15) *

12. Ադամն ու Եւան ի՞նչ բան չզարգացուցին, եւ ի վերջոյ իրենց ի՞նչ պատահեցաւ։

12 Վախդ յաղթահարէ՛։ Եթէ Եհովային հանդէպ խոր յարգանք ունինք, պիտի չուզենք ընել բան մը, որ զինք կը տհաճեցնէ (Սաղ. 111։10)։ Եթէ Ադամն ու Եւան այդ տեսակ յարգանք զարգացնէին, Եհովային դէմ պիտի չըմբոստանային։ Ըմբոստանալէ ետք, անոնց աչքերը բացուեցան, այն իմաստով որ լիովին գիտակցեցան որ մեղաւորներ են։ Անոնք կրնային միայն մեղք ու մահ փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Ըմբռնելով որ Աստուծոյ օրէնքին չէին հնազանդած, իրենց մերկութենէն ամչցան եւ ինքզինքնին ծածկեցին (Ծն. 3։7, 21

13-14. ա) Ա. Պետրոս 3։21–ի համաձայն, ինչո՞ւ հարկ չկայ չափազանց կերպով մահէն վախնալու։ բ) Եհովան սիրելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

13 Հարկ չկայ չափազանց կերպով մահէն վախնալու։ Եհովան ճամբայ բացած է, որ յաւիտենական կեանք ունենանք։ Եթէ մեղք մը գործենք, բայց իրապէս զղջանք, ան մեր յանցանքները պիտի անտեսէ։ Ան մեզի պիտի ներէ, քանի որ իր Որդիին զոհին կը հաւատանք։ Հաւատք ցոյց տալու ամենակարեւոր կերպերէն մէկն է՝ մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրել եւ մկրտուիլ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։21

14 Եհովան սիրելու շատ պատճառներ ունինք։ Ան ոչ միայն ամէն օր մեզի լաւ բաներ կու տայ, հապա նաեւ մեզի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ իր մասին եւ իր նպատակներուն մասին (Յովհ. 8։31, 32)։ Տուած է ժողովքը, որպէսզի մեզ առաջնորդէ եւ օգնէ։ Ան հիմա կ’օգնէ որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք, իսկ ապագային նկատմամբ յոյս կու տայ, որ կատարեալ պայմաններու ներքեւ յաւիտեան պիտի ապրինք (Սաղ. 68։19. Յայտ. 21։3, 4)։ Երբ խոկանք, թէ Եհովան որքա՜ն շատ բան ըրած է որ ցոյց տայ թէ մեզ կը սիրէ, կը մղուինք մեր կարգին զինք սիրելու։ Իսկ երբ Եհովան սիրենք, իրեն հանդէպ խոր յարգանք կը զարգացնենք, եւ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք կը նեղացնէ։

15. Մըքէյլան լուրջ սխալ մը ընելու իր վախը ինչպէ՞ս յաղթահարեց։

15 Մըքէյլան լուրջ սխալ մը ընելու իր վախը յաղթահարեց, երբ ըմբռնեց թէ Եհովան ո՛ր աստիճան ներող է։ «Անդրադարձայ որ բոլորս ալ անկատար ենք եւ սխալներ պիտի ընե՛նք։ Բայց նաեւ սկսայ հասկնալ որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ մեզի պիտի ներէ փրկանքին հիման վրայ»։ Եհովայի հանդէպ Մըքէյլային սէրը զինք մղեց նուիրուելու եւ մկրտուելու։

(Տե՛ս պարբերութիւն 16) *

16. Մայլզ ինչպէ՞ս հակառակութեան վախը յաղթահարեց։

16 Մայլզը, որ կը վախնար որ իր մայրը մկրտուելու իր որոշումին հակառակէր, շրջանային տեսուչէն խրատ խնդրեց։ Մայլզ կ’ըսէ. «Ինքն ալ մեծցած էր ընտանիքի մը մէջ, ուր ծնողներէն միայն մէկը Վկայ էր։ Ան ինծի օգնեց որ մտածեմ, թէ մօրս ի՛նչ կրնամ ըսել որ զինք համոզեմ, թէ մկրտուիլը ի՛մ որոշումս է եւ թէ այդ առնչութեամբ հայրս բնա՛ւ զիս չի ճնշեր»։ Մայրը Մայլզին որոշումով չուրախացաւ, եւ ի վերջոյ պէտք եղաւ որ Մայլզ տունը ձգէ, բայց իր որոշումին կառչեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ գիտցայ այն բոլոր լաւ բաներուն մասին, որոնք Եհովան ինծի համար ըրած է, շա՜տ ազդուեցայ։ Լրջօրէն մտածելով Յիսուսի զոհին մասին, գիտակցեցայ թէ Եհովան իրապէս որքա՜ն զիս կը սիրէ։ Այդ մտածումը զիս մղեց որ Եհովային նուիրուիմ ու մկրտուիմ»։

ՈՐՈՇՈՒՄԻԴ ԿԱՌՉԷ՛

Մկրտուելով կրնանք ցոյց տալ, թէ կ’արժեւորենք ինչ որ Աստուած ըրած է մեզի համար (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Բոլորս ի՞նչ առիթ ունինք։

17 Երբ Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ արգիլուած ծառին պտուղէն կերաւ, ան իր Հայրը ուրացաւ։ Երբ Ադամ անհնազանդ գտնուեցաւ, ցոյց տուաւ որ երախտապարտ չէր այն բոլոր բարիքներուն համար, որ Եհովան իրեն ի նպաստ ըրած էր։ Բոլորս առիթ ունինք ցոյց տալու, թէ Ադամին ու Եւային պէս չենք։ Մենք երախտապարտ ենք ամէն բանի համար, որ Եհովան մեզի ի նպաստ կ’ընէ։ Մկրտուելով Եհովային ցոյց կու տանք, որ կը հաւատանք թէ ինք հեղինակութիւնը ունի մեզի համար որոշելու, թէ ի՛նչը բարի է ու ի՛նչը չար է։ Եւ կը փաստենք որ մեր Հայրը կը սիրենք ու իրեն կը վստահինք։

18. Ինչպէ՞ս կրնաս յաջողապէս Եհովային ծառայել։

18 Մկրտուելէ ետք ունինք մարտահրաւէր մը. ամէն օր ապրիլ Եհովայի՛ն չափանիշներուն համաձայն։ Միլիոնաւորներ այդպէս կ’ընեն։ Կրնա՛ս իրենց պէս ըլլալ, եթէ շարունակես Աստուածաշունչը ա՛լ աւելի հասկնալ, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլ եւ սիրալիր Հօրդ մասին սորվածներդ նախանձախնդրօրէն ուրիշներուն պատմել (Եբ. 10։24, 25)։ Երբ որոշումներ պիտի առնես, մտիկ ըրէ Եհովայի խրատը, որ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ կու տայ (Եսա. 30։21)։ Այսպէս, ի՛նչ որ կ’ընես պիտի յաջողի (Առ. 16։3, 20

19. Ո՞ր բանին պէտք է շարունակ գիտակցիս եւ ինչո՞ւ։

19 Երբ շարունակես գիտակցիլ, թէ որքա՜ն կ’օգտուիս Եհովայի առաջնորդութենէն, զինք եւ իր չափանիշները ա՛լ աւելի պիտի սիրես։ Այն ատեն Սատանային առաջարկած ո՛չ մէկ բանը քեզ պիտի համոզէ, որ Եհովային ծառայելէ դադրիս։ Դուն քեզ երեւակայէ ասկէ հազար տարի ետք. յետադարձ ակնարկ մը նետելով, պիտի տեսնես թէ մկրտուելու որոշումդ, կեանքիդ մէջ առած լաւագոյն որոշումդ էր։

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

^ պարբ. 5 Մկրտուիլը կեանքիդ մէջ առնելիք ամէնէն կարեւոր որոշումդ է։ Ինչո՞ւ մկրտութիւնը շատ կարեւոր է։ Յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։ Նաեւ, մկրտուիլ փափաքողներուն պիտի օգնէ, որ իրենց արգելք հանդիսացող դժուարութիւնները յաղթահարեն։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ինքնավստահութեան պակասը. Պատանի մը կը տատամսի պատասխան տալու։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Բարեկամներու ազդեցութիւնը. Պատանի քոյր մը, որ գէշ ընկերակիցի հետ է, կ’ամչնայ երբ Վկաներ կը տեսնէ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Լուրջ սխալ մը ընելու վախը. Երբ պատանուհիի մը եղբայրը կը վտարուի եւ տունը կը ձգէ, ան կը վախնայ որ ինքն ալ լուրջ սխալ մը ընէ։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հակառակութեան վախը. Տղայ մը կը վախնայ աղօթելու, մինչ իր անհաւատ մայրը իրեն կը նայի։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ինքնավստահութեան պակասը. Պատանի մը իր անձնական ուսումնասիրութիւնը կ’աւելցնէ։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Բարեկամներու ազդեցութիւնը. Պատանի քոյր մը կը սորվի հպարտ ըլլալ որ Վկայ է։

^ պարբ. 69 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Լուրջ սխալ մը ընելու վախը. Պատանուհի մը Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կը մշակէ եւ կը մկրտուի։

^ պարբ. 71 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հակառակութեան վախը. Տղայ մը քաջաբար իր անհաւատ մօր կը բացատրէ իր հաւատալիքները։