Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարութիւն. ինչպէ՞ս կրնաս զայն մշակել

Բարութիւն. ինչպէ՞ս կրնաս զայն մշակել

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐՍ կ’ուզենք, որ ուրիշներ մեզ բարի նկատեն։ Սակայն, ներկայիս բարի ըլլալը դիւրին չէ։ Շատեր «բարին չսիրող» են (Բ. Տիմ. 3։3)։ Անոնք Եհովայի չափանիշները կը մերժեն՝ ‘չարին բարի ըսելով ու բարիին՝ չար’ (Եսա. 5։20)։ Նաեւ դժուար է բարի ըլլալ, թերեւս քանի որ անցեալը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է մեր վրայ ե՛ւ անկատար ենք։ Ուստի, կրնայ ըլլալ որ Էն * անունով քրոջ պէս զգանք, որ թէեւ Եհովային տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ, բայց կ’ըսէ. «Ինծի համար շատ դժուար է հաւատալ որ կրնամ բարի անձ մը ըլլալ»։

Ուրախալի է գիտնալ, որ բոլո՛րս կրնանք բարութիւն մշակել։ Աստուծոյ սուրբ հոգին է որ բարութիւնը մեր մէջ յառաջ կը բերէ, եւ սուրբ հոգին աւելի՛ զօրաւոր է քան որեւէ արգելք որ կրնայ դժուարացնել բարի ըլլալը, ինչպէս՝ աշխարհի ազդեցութիւնը, մեր շուրջի մարդիկը կամ նոյնիսկ մեր անձնաւորութիւնը։ Տեսնենք թէ ի՛նչ է բարութիւնը եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն աւելի լաւ կերպով ցուցաբերել։

ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

Բարութիւն կը նշանակէ՝ առանց չարութեան։ Բարի անհատը բարոյական բարձր չափանիշներ ունի եւ կը ջանայ միշտ ճիշդը ընել։ Ան ուրիշներուն օգնելու կը նայի եւ անոնց ի նպաստ բարի գործեր կ’ընէ։

Թերեւս տեսած ես թէ ոմանք ամենայն յօժարութեամբ լաւ բաներ կ’ընեն իրենց ընտանիքին եւ բարեկամներուն համար։ Բայց միայն այդքանը բաւարա՞ր է, որ մէկը բարի անհատ սեպուի։ Արդարեւ, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ ամէն ատեն բարի ըլլալ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժող. 7։20)։ Պօղոս առաքեալ բացէ ի բաց ըսաւ. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր» (Հռով. 7։18)։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ դիմենք բարութեան բուն Աղբիւրին՝ Եհովային, եթէ կ’ուզենք այդ յատկութիւնը մշակել։

‘ՏԷՐԸ ԲԱՐԻ Է’

Եհովան կ’որոշէ թէ ի՛նչը բարի է։ Իր մասին գրուած է. «Բարի ես դուն ու բարերար։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ» (Սաղ. 119։68)։ Նկատի առնենք Եհովայի բարութեան երկու երեսակները, որ այս համարին մէջ նշուած են։

Եհովան բարի է։ Բարութիւնը Եհովայի անձնաւորութեան անբաժան մէկ մասն է։ Նկատէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Մովսէսին ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ»։ Մինչ կ’անցնէր Եհովայի փառքը՝ մէջը ըլլալով իր բարութիւնը, Մովսէս հետեւեալը լսեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր» (Ել. 33։19. 34։6, 7)։ Այս համարը կը յստակացնէ, թէ Եհովան ամէն առումով կատարելապէս բարի է։ Թէեւ Յիսուս ցարդ ապրած ամենաբարի մարդն էր, բայց ըսաւ. «Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած» (Ղուկ. 18։19

Եհովայի բարութիւնը ստեղծագործութեան մէջ յայտնի է

Եհովան բարերար է կամ իր գործերը բարի են։ Եհովայի բոլոր ըրածները կը յայտնեն, թէ ինք բարի է։ «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (Սաղ. 145։9)։ Որովհետեւ Եհովան բարի եւ անաչառ է, բոլորին տուած է կեանք եւ ամէն բան որ անհրաժեշտ է ողջ մնալու համար (Գործք 14։16)։ Անոր բարութիւնը նաեւ յայտնի կ’ըլլայ, երբ մեզի կը ներէ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես» (Սաղ. 86։5)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան «բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն» (Սաղ. 84։11

«ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼ ՍՈՐՎԵՑԷ՛Ք»

Որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, կրնանք բարի մարդիկ ըլլալ եւ բարի գործեր ընել (Ծն. 1։27)։ Բայց ինքնաբերաբար բարի չենք ըլլար։ Եհովան կ’ըսէ որ պէտք է ‘բարութիւն ընել սորվինք’ (Եսա. 1։17)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս գեղեցիկ յատկութիւնը մեր մէջ մշակել։ Քննենք երեք կերպեր։

Առաջին, կրնանք աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել, որ կրնայ մեզի օգնել իսկական բարութիւնը ցուցաբերելու (Գաղ. 5։22, 23)։ Աստուծոյ հոգին կ’օգնէ, որ բարին սիրենք եւ չարէն հեռու մնանք (Հռով. 12։9)։ Սուրբ Գիրքը նոյնիսկ կ’ըսէ, որ Եհովան կրնայ մեզ «հաստատել ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ» (Բ. Թես. 2։15, 16

Երկրորդ, պէտք է Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կարդանք։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, Եհովան մեզի «ամէն աղէկ ճամբայ» կը սորվեցնէ եւ «ամէն բարի գործերու» կը պատրաստէ (Առ. 2։9. Բ. Տիմ. 3։17)։ Մեր սիրտը գանձանակի կը նմանի։ Երբ խոկալով կը կարդանք, զայն կը լեցնենք Աստուծոյ եւ իր կամքին մասին թանկարժէք գիտելիքներով, որոնք յետագային մեզի պիտի օգտեն (Ղուկ. 6։45. Եփ. 5։9

Երրորդ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որպէսզի ‘բարիին նմանող ըլլանք’ (Գ. Յովհ. 11)։ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք բարութեան շատ մը օրինակներ։ Անկասկած, լաւագոյն օրինակներն են Եհովան եւ Յիսուսը։ Բայց ուրիշ անհատներ ալ կրնանք յիշել, որոնք ճանչցուած էին իրենց բարութեան համար։ Թերեւս մեր միտքը գան Թապիթան եւ Բառնաբասը (Գործք 9։36. 11։22-24)։ Կրնաս անոնց հոյակապ օրինակէն օգտուիլ, սերտելով ինչ որ Սուրբ Գիրքը անոնց մասին կ’ըսէ։ Սերտած ատենդ, նկատէ թէ գործնական գետնի վրայ ի՛նչ բաներ ըրին ուրիշներուն օգնելու համար։ Մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել՝ ընտանիքիդ կամ ժողովքիդ անդամներէն ոմանց օգտակար դառնալու համար։ Նաեւ նկատէ թէ Թապիթան եւ Բառնաբասը ինչպէ՛ս օրհնուեցան, քանի որ ուրիշներուն հանդէպ բարի էին։ Անոնց պէս վարուելով՝ դուն ալ պիտի օրհնուիս։

Կրնանք նաեւ բարութեան արդի օրինակներու մասին մտածել։ Օրինակ, միտքդ բեր ժողովքին մէջ ծանր աշխատող երէցները, որոնք «բարեսէր» են։ Մի՛ մոռնար նաեւ այն հաւատարիմ քոյրերը, որոնք իրենց խօսքով եւ օրինակով «բարի խրատ տուող» են (Տիտ. 1։8. 2։3)։ Ռասլին անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ընկերուհիս ջանք չի խնայեր ժողովքի անդամներուն օգնելու եւ զանոնք քաջալերելու համար։ Ան կը մտածէ անոնց պարագաներուն մասին եւ յաճախ պզտիկ նուէրներ կու տայ անոնց կամ ուրիշ գործնական կերպերով օգտակար կը դառնայ։ Ես զինք իրապէս բարի անհատ կը նկատեմ»։

Եհովան իր ժողովուրդը կը քաջալերէ որ ‘բարութիւն փնտռեն’ (Ամս. 5։14)։ Այդպէս ընելով ոչ միայն իր չափանիշները պիտի սիրենք, հապա նաեւ բարին ընելու մեր փափաքը պիտի զօրանայ։

Կը ջանանք բարի ըլլալ եւ բարի բաներ ընել

Բարութիւն ցուցաբերելու համար պէտք չունինք ուրիշներուն տպաւորիչ բաներ ընելու կամ թանկարժէք նուէրներ տալու։ Օրինակ մը տանք. կը համաձայնի՞ս որ գծագրիչը վրձինի միայն մէկ–երկու հարուածով պատկեր մը չի ստեղծեր, հապա՝ շատ մը պզտիկ հարուածներով։ Նոյնպէս, եթէ մարդոց համար պզտիկ–պզտիկ օգտակար գործեր ընենք, յայտնի պիտի ըլլայ որ բարի ենք։

Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ, որ «պատրաստ» ըլլանք բարին ընելու (Բ. Տիմ. 2։21. Տիտ. 3։1)։ Ուրիշին պարագաներուն ուշադրութիւն ընծայելով, կրնանք կերպեր փնտռել, որպէսզի սա խրատը գործադրենք. «Ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ» (Հռով. 15։2)։ Թերեւս մեր ունեցածէն բան մը անոր հետ բաժնենք (Առ. 3։27)։ Օրինակ, կրնանք զինք պարզ ճաշի մը հրաւիրել կամ անոր հետ քաջալերական ընկերակցութիւն ունենալ։ Եթէ հիւանդ է, կրնանք իրեն քարտ ղրկել, այցելել կամ հեռաձայնել։ Կրնա՛ս շատ մը առիթներ գտնել ըսելու «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ» (Եփ. 4։29

Եհովան ընդօրինակելով կը ջանանք բոլոր մարդոց լաւ բաներ ընել։ Ուստի, անոնց հետ անաչառօրէն կը վարուինք։ Ասիկա ընելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ Թագաւորութեան բարի լուրը բոլորին քարոզել։ Եւ Յիսուսի պատուէրին համաձայն, բարիք կ’ընենք նոյնիսկ անոնց՝ որոնք մեզ կ’ատեն (Ղուկ. 6։27)։ Բնա՛ւ սխալ չէ ազնիւ ըլլալ եւ բարութեամբ վարուիլ մարդոց հետ, քանի որ «այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ» (Գաղ. 5։22, 23)։ Եթէ բարին կ’ընենք,– նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին կամ երբ կը տառապինք,– կրնանք ուրիշները ճշմարտութեան քաշել եւ Աստուած փառաւորել (Ա. Պետ. 3։16, 17

ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ» (Առ. 14։14)։ Բարութիւն դրսեւորելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։ Երբ ուրիշներու հետ լաւ վարուինք, աւելի հաւանական է որ անոնք ալ մեզի հետ լաւ վարուին (Առ. 14։22)։ Իսկ երբ ոմանք լաւ վերաբերմունք չցուցաբերեն, բայց մենք շարունակենք բարի բաներ ընել, թերեւս իրենց կեցուածքը փոխեն եւ սկսին աւելի լաւ վարուիլ մեզի հետ (Հռով. 12։20

Շատեր կ’ըսեն թէ անձամբ շա՜տ օգտուած են բարին ընելով եւ գէշ վարքէն հեռու մնալով։ Նկատի առ Նենսիին փորձառութիւնը։ «Ես վայրագ, անբարոյ եւ անարգող մէկը եղած եմ», կը խոստովանի ան։ «Սակայն երբ բարիին նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները սորվեցայ եւ գործադրեցի, սկսայ աւելի ուրախ ըլլալ։ Այժմ արժանապատուութիւն եւ ինքնայարգանք ունիմ»։

Բարութիւն մշակելու մեր ամենամեծ շարժառիթը այն է, որ ատիկա Եհովան կ’ուրախացնէ։ Նոյնիսկ եթէ շատեր չտեսնեն մեր ըրածը, Եհովան կը տեսնէ։ Ան գիտէ մեր իւրաքանչիւր բարի արարքը եւ բարի մտածումը (Եփ. 6։7, 8)։ Ան ինչպէ՞ս կը վարձատրէ։ «Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ» (Առ. 12։2)։ Ուստի շարունակենք բարութիւն մշակել։ Եհովան կը խոստանայ «փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են» (Հռով. 2։10

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։