Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Որո՞նք էին Երուսաղէմի տաճարի ոստիկանները։ Անոնց պարտականութիւնները ի՞նչ էին։
Քահանայ չեղող ղեւտացիներէն ոմանք ուրիշ պարտականութիւններ ունէին, ինչպէս՝ ծառայել որպէս տաճարի ոստիկաններ։ Անոնք տաճարի իշխանին ենթարկուած էին։ Հրեայ գրող Փիլօ այս ոստիկաններուն պարտականութիւնները նկարագրեց. «[Այդ ղեւտացիներէն] ոմանք տաճարին դռներուն ճիշդ առջեւ կը կենան որպէս դռնապաններ, իսկ ոմանք՝ [տաճարին մէջ] սրբարանին առջեւ, որպէսզի թոյլ չտան ոեւէ ապօրէն անհատի, որ ներս մտնէ դիտմամբ կամ սխալմամբ։ Ոմանք կարգով տաճարին շուրջը գիշեր–ցերեկ պահակութիւն կ’ընեն»։
Սենետրիոնը կրնար այս ոստիկանութենէն օգնութիւն խնդրել։ Անիկա հրէական միակ զինեալ խումբն էր, որ հռոմայեցիներու կողմէ արտօնուած էր։
Ուսումնական Եոաքիմ Երեմիաս կը բացատրէ, թէ երբ սպասաւորները (կամ ոստիկանները) Յիսուսը ձերբակալեցին, ան հարցուց թէ ինչո՛ւ զինք չձերբակալեցին, երբ օրէ օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր (Մատ. 26։55)։ Յիսուս այս հարցումը պիտի չհարցնէր, եթէ անոնք տաճարի ոստիկաններէն չըլլային։ Նոյն գրողին կարծիքով, անոնք որոնք ուրիշ առիթով ղրկուեցան Յիսուսը ձերբակալելու, նոյնպէս տաճարի ոստիկաններ էին (Յովհ. 7։32, 45, 46)։ Յետագային, տաճարի իշխանը եւ կարգ մը ոստիկաններ ղրկուեցան, որպէսզի Յիսուսի աշակերտները Սենետրիոնի առջեւ բերեն։ Նաեւ, Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշողները հաւանաբար անոնք էին (Գործք 4։1-3. 5։17-27. 21։27-30)։