Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս կրնաս ոյժ առնել

Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս կրնաս ոյժ առնել

«Համբերութեան. . . Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի» (ՀՌՈՎ. 15։5

ԵՐԳ 113 Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ։

ԱՐԴԵՕՔ դժուար պարագայէ մը կ’անցնի՞ս։ Թերեւս ժողովքին մէջ մէկը քեզ վիրաւորած է (Յակ. 3։2)։ Կամ թերեւս գործընկերներդ կամ դասընկերներդ քեզ կը ծաղրեն Եհովային ծառայելուդ համար (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Կամ թերեւս ընտանիքի անդամները կը փորձեն արգելք ըլլալ, որ ժողովներու երթաս կամ քարոզչութեան մասնակցիս (Մատ. 10։35, 36)։ Եթէ փորձութիւն մը շատ դժուար է, թերեւս մտածես յանձնուիլ։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ, որ ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենաս, Եհովան քեզի պիտի տայ իմաստութիւն՝ որ անոր հետ գլուխ ելլես, եւ զօրութիւն՝ որ անոր տոկաս։

2. Հռովմայեցիս 15։4–ի համաձայն, Աստուածաշունչը կարդալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

2 Աստուածաշունչին մէջ, Եհովան պարփակած է մանրամասն նկարագրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս անկատար անհատներ դժուար փորձութիւններու հետ գլուխ ելած են։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի անոնցմէ սորվինք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ գրեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4)։ Այդ դէպքերը կարդալը կրնայ մեզ որոշ չափով մխիթարել եւ յոյս տալ։ Բայց որպէսզի օգտուինք, պէտք է պարզապէս կարդալէն աւելին ընենք։ Պէտք է թոյլ տանք որ Աստուածաշունչը մեր միտքը կաղապարէ եւ մեր սրտին դպչի։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ պարագայի մը առջեւ ենք եւ խրատ կը փնտռենք անոր հետ գլուխ ելլելու։ Կրնանք այս չորս բաները ընել. 1) աղօթել, 2) երեւակայել, 3) խոկալ եւ 4) գործադրել։ Նկատի առնենք, թէ այդ քայլերէն իւրաքանչիւրը ի՛նչ կը պարփակէ *։ Ետքը, սերտելու այս մեթոտը գործածելով, դասեր պիտի քաղենք դէպքերէ, որոնք պատահեցան Դաւիթ թագաւորին եւ Պօղոս առաքեալին հետ։

1. ԱՂՕԹԷ

Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս կարդացածէդ օգտուիլ (տե՛ս պարբ. 3)

3. Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընես, եւ ինչո՞ւ։

3 1) Աղօթէ։ Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս կարդացածէդ օգտուիլ։ Օրինակ, եթէ խնդիր մը լուծելու համար խրատ կը փնտռես, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իր Խօսքէն գտնելու սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզ առաջնորդել (Փլպ. 4։6, 7. Յակ. 1։5

2. ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ

Փորձէ երեւակայել որ դուն ես այն անձը, որուն հետ դէպքը կը պատահի (տե՛ս պարբ. 4)

4. Ի՞նչը կրնայ օգնել որ Աստուածաշունչէն պատմութիւն մը քեզի համար իրական դառնայ։

4 2) Երեւակայէ։ Եհովան մեզի տուած է երեւակայելու հրաշալի կարողութիւնը։ Որպէսզի Աստուածաշունչէն պատմութիւն մը քեզի համար իրական դառնայ, փորձէ երեւակայել որ դուն հոն ես եւ այն անձն ես, որուն հետ դէպքը կը պատահի։ Ջանա՛ տեսնել այն բաները որ տեսաւ եւ զգալ իր զգացումները։

3. ԽՈԿԱ՛

Ուշադրութեամբ կարդացածիդ վրայ մտածէ եւ տես թէ տեղեկութիւնը ինչպէ՛ս քեզի կը կիրարկուի (տե՛ս պարբ. 5)

5. Խոկալը ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս կրնաս խոկալ։

5 3) Խոկա՛։ Խոկալ կը նշանակէ ուշադրութեամբ կարդացածիդ վրայ մտածել եւ տեսնել, թէ տեղեկութիւնը ինչպէ՛ս քեզի կը կիրարկուի։ Անիկա քեզի կ’օգնէ որ գաղափարները իրարու կապես եւ նկատի առած նիւթդ աւելի խոր կերպով հասկնաս։ Առանց խոկալու Աստուածաշունչը կարդալը կը նմանի փազլի մը կտորներուն նայելուն, առանց զանոնք իրարու միացնելու։ Խոկալը կը նմանի այդ կտորները իրարու միացնելուն, որպէսզի կարենաս լման պատկերը տեսնել։ Խոկալը դիւրին ըլլալու համար, կրնաս դուն քեզի այս հարցումները հարցնել եւ պատասխանել անոնց. ‘Պատմութեան բուն անձնաւորութիւնը ի՞նչ ըրաւ որ իր անձին օգնէ։ Եհովան ինչպէ՞ս իրեն օգնեց։ Սորված դասերս ինչպէ՞ս կրնամ կեանքիս մէջ օգտագործել դժուարութիւններուս տոկալու համար’։

4. ԳՈՐԾԱԴՐԷ

Սորվածդ գործածէ, որպէսզի աւելի լաւ որոշումներ առնես, աւելի խաղաղութիւն ունենաս եւ հաւատքդ զօրանայ (տե՛ս պարբ. 6)

6. Ինչո՞ւ պէտք է մեր սորվածը գործադրենք։

6 4) Գործադրէ։ Յիսուս ըսաւ որ եթէ մեր սորվածը չգործադրենք, կը նմանինք մարդու մը, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։ Ան ծանր կ’աշխատի, բայց իր ջանքերը պարապի են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ փոթորիկը եւ հեղեղը իր տունը հարուածեն, անիկա պիտի փլի (Մատ. 7։24-27)։ Նոյնպէս, եթէ կ’աղօթենք, կ’երեւակայենք եւ կը խոկանք, բայց մեր սորվածը չենք գործադրեր, մեր ջանքերը պարապի են։ Ուստի, երբ խնդիրներ ունենանք կամ հալածուինք, մեր հաւատքը բաւարար զօրաւոր պիտի չըլլայ։ Միւս կողմէ, երբ կը սերտենք եւ մեր սորվածը կը գործադրենք, աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք, աւելի խաղաղութիւն կ’ունենանք եւ մեր հաւատքը կը զօրանայ (Եսա. 48։17, 18)։ Մեր քննարկած այս չորս քայլերը գործածելով, տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ դէպքէ մը, որ պատահեցաւ Դաւիթ թագաւորին հետ։

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԻԼ

7. Աստուածաշնչական ո՞ր պատմութիւնը այժմ նկատի պիտի առնենք։

7 Արդեօք բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը քեզ վիրաւորա՞ծ է։ Եթէ այո՛, պիտի օգտուիս նկատի առնելով Դաւիթ թագաւորին տղուն՝ Աբիսողոմին, պատմութիւնը, որ իր հօր դաւաճանեց եւ փորձեց ինք թագաւոր ըլլալ (Բ. Թագ. 15։5-14, 31. 18։6-14

8. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ Եհովային օգնութիւնը ստանաս։

8 1) Աղօթէ։ Այդ դէպքը կարդալէ առաջ, Եհովային պատմէ, թէ ի՛նչ կը զգաս քեզի հանդէպ ցոյց տրուած գէշ վերաբերմունքին նկատմամբ (Սաղ. 6։6-9)։ Մասնայատուկ կէտեր նշէ։ Ետքը, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ գտնելու սկզբունքներ, որոնք ցոյց պիտի տան թէ ի՛նչ ընես։

9. Դաւիթին եւ Աբիսողոմին միջեւ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։

9 2) Երեւակայէ։ Մտածէ այս պատմութեան մէջ նշուած դէպքերուն մասին եւ երեւակայէ թէ ատոնք Դաւիթ թագաւորին ինչպէ՛ս ազդեցին։ Աբիսողոմ երկար ժամանակ ջանք թափեց, որ ժողովուրդը զինք սիրէ (Բ. Թագ. 15։7, ՆԱ)։ Երբ զգաց որ ժողովուրդին հաճութիւնը շահեցաւ, ամբողջ Իսրայէլի մէջ լրտեսներ ղրկեց, որպէսզի ժողովուրդը մղէ զինք ընդունելու որպէս իրենց իշխանը։ Ան նոյնիսկ համոզեց Դաւիթի մտերիմ բարեկամներէն եւ խորհրդատուներէն մէկը՝ Աքիտոփէլ, որ ըմբոստութեան միանայ։ Ան նոյնիսկ ինքզինք թագաւոր հռչակեց, եւ փորձեց բռնել ու մեռցնել Դաւիթը, որ այն ատեն թերեւս լրջօրէն հիւանդ էր (Սաղ. 41։1-9)։ Դաւիթ գիտցաւ անոր ծրագրին մասին եւ Երուսաղէմէն փախաւ։ Ի վերջոյ, Աբիսողոմին բանակը եւ Դաւիթին բանակը իրարու դէմ պատերազմեցան։ Դաւիթի բանակը յաղթեց եւ Աբիսողոմ սպաննուեցաւ։

10. Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՞ս կրնար հակազդել։

10 Երեւակայէ թէ Դաւիթ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր այս բոլոր դէպքերուն ընթացքին։ Ան Աբիսողոմը կը սիրէր եւ Աքիտոփէլին կը վստահէր։ Բայց երկուքն ալ իրեն դաւաճանեցին։ Անոնք իր սիրտը կտոր–կտոր ըրին եւ նոյնիսկ փորձեցին զինք մեռցնել։ Դաւիթ կրնար իր միւս բարեկամներուն հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցնել, կասկածելով որ անոնք ալ Աբիսողոմին հետ էին։ Կրնար միայն իր անձին մասին մտածել եւ մինակը երկրէն փախչիլ։ Կամ ալ կրնար յուսահատութեան յանձնուիլ։ Բայց Դաւիթ ատոնցմէ ո՛չ մէկը ըրաւ, հապա այս խնդիրը յաղթահարեց։ Ինչպէ՞ս կրցաւ այդ մէկը ընել։

11. Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ այս դժուար վիճակին մէջ։

11 3) Խոկա՛։ Այս պատմութենէն ի՞նչ սկզբունքներ կրնաս սորվիլ։ Պատասխանէ այս հարցումին. «Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ որ իր անձին օգնէ»։ Ան տակնուվրայ չեղաւ եւ արագ ու անմիտ որոշումներ չառաւ։ Ոչ ալ այնքա՛ն վախցաւ, որ չկրցաւ որոշել ի՛նչ ընել։ Փոխարէնը, օգնութեան համար Եհովային դիմեց։ Ան նաեւ իր բարեկամներէն օգնութիւն խնդրեց։ Եւ արագօրէն գործի անցաւ, որ իր առած որոշումները կատարէ։ Թէեւ Դաւիթ խորապէս վիրաւորուեցաւ, բայց կասկածամիտ չդարձաւ եւ ատելութեամբ չլեցուեցաւ։ Ան շարունակեց Եհովային ապաւինիլ եւ իր բարեկամներուն վստահիլ։

12. Եհովան ի՞նչ ըրաւ Դաւիթին օգնելու համար։

12 Եհովան Դաւիթին ինչպէ՞ս օգնեց։ Փնտռտուք ընելով, պիտի տեսնես թէ Եհովան Դաւիթին պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ, որ այս փորձութեան դիմանայ (Սաղ. 3։1-8. մակագրութիւն)։ Ան Դաւիթի որոշումները օրհնեց։ Եւ Դաւիթի հաւատարիմ բարեկամներուն թիկունք կանգնեցաւ, երբ պատերազմեցան որ իրենց թագաւորը պաշտպանեն։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս Դաւիթը ընդօրինակել, եթէ մէկը կերպով մը քեզ լրջօրէն վիրաւորէ (Մատթէոս 18։15-17

13 4) Գործադրէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Դաւիթը ընդօրինակել’։ Խնդիրը լուծելու համար, անմիջապէս գործի անցիր։ Պարագաներէն կախեալ ըլլալով, կրնաս առնել այն քայլերը, որ Յիսուս նշեց Մատթէոս 18–րդ գլուխին մէջ, կամ գործադրել իր տուած խրատին սկզբունքը (կարդա՛ Մատթէոս 18։15-17)։ Բայց պէտք չէ արագ որոշումներ առնես՝ զգացումներու վրայ հիմնուած։ Պէտք է Եհովային աղօթես, որ քեզի տայ հանդարտ սիրտ եւ պէտք եղած իմաստութիւնը, որ գիտնաս ի՛նչ ընել։ Բարեկամներուդ հանդէպ վստահութիւնդ մի՛ կորսնցներ։ Փոխարէնը, անոնց առաջարկած օգնութիւնը ընդունէ (Առ. 17։17)։ Ամէնէն կարեւորը, գործադրէ այն խրատը, որ Եհովան քեզի կու տայ իր Խօսքին միջոցաւ (Առ. 3։5, 6

ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԻԼ

14. Ո՞ր պարագաներուն կրնաս քաջալերուիլ կարդալով Բ. Տիմոթէոս 1։12-16. 4։6-11, 17-22։

14 Արդեօք ընտանիքդ քեզի կը հակառակի՞ քանի որ Եհովային կը ծառայես։ Կամ արդեօք կ’ապրի՞ս երկրի մը մէջ, ուր Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնը խստօրէն սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է։ Եթէ այո, պիտի քաջալերուիս կարդալով Բ. Տիմոթէոս 1։12-16 եւ 4։6-11, 17-22 *։ Պօղոս այս համարները գրեց, երբ բանտարկուած էր։

15. Եհովայէն ի՞նչ կրնաս խնդրել։

15 1) Աղօթէ։ Համարները կարդալէ առաջ, Եհովային պատմէ խնդիրիդ մասին, եւ թէ անիկա քեզի ինչպէ՛ս կ’ազդէ։ Մասնայատուկ բաներ նշէ։ Ետքը, Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, որ գտնես սկզբունքներ այն համարներուն մէջ, որոնք կը խօսին Պօղոսի փորձութիւններուն մասին, որպէսզի կարենաս գիտնալ ի՛նչ ընել։

16. Պօղոսին ի՞նչ պատահեցաւ։

16 2) Երեւակայէ։ Երեւակայէ որ Պօղոսին պարագան ունիս։ Ան շղթայուած է Հռոմի մէկ բանտին մէջ։ Ասկէ առաջ ալ բանտարկուած էր, բայց այս անգամ վստահ է որ մահապատիժի պիտի ենթարկուի։ Իր ընկերակիցներէն ոմանք զինք լքած են, եւ ան ֆիզիքապէս ուժասպառ է (Բ. Տիմ. 1։15

17. Պօղոս ինչպէ՞ս կրնար հակազդել։

17 Պօղոս կրնար անցեալին վրայ կեդրոնանալ, խորհելով թէ եթէ տարբեր ընտրութիւններ ըրած ըլլար, պիտի չձերբակալուէր։ Ան կրնար բարկանալ Ասիայի մէջ եղողներուն դէմ, որոնք զինք լքեցին։ Եւ կրնար իր միւս բարեկամներուն հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցնել։ Բայց Պօղոս ատոնցմէ ո՛չ մէկը ըրաւ։ Ան ինչո՞ւ վստահ էր որ իր բարեկամները հաւատարիմ պիտի մնային իրեն, եւ թէ Եհովան զինք պիտի վարձատրէր։

18. Պօղոս այս դժուար պարագային մէջ ի՞նչ ըրաւ։

18 3) Խոկա՛։ Պատասխանէ այս հարցումին. «Պօղոս ինչպէ՞ս իր անձին օգնեց»։ Նոյնիսկ երբ գիտցաւ, թէ շուտով պիտի մեռնէր, ան չմոռցաւ թէ շատ կարեւոր է որ Եհովային փառք բերէ։ Եւ շարունակեց մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշները քաջալերել։ Ան Եհովային ապաւինեցաւ, կանոնաւորաբար աղօթելով (Բ. Տիմ. 1։3)։ Փոխանակ կեդրոնանալու զինք լքող եղբայրներուն վրայ, Պօղոս իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր հաւատարիմ բարեկամներուն սիրալիր օգնութեան համար։ Ասկէ զատ, ան շարունակեց Աստուծոյ Խօսքը սերտել (Բ. Տիմ. 3։16, 17. 4։13)։ Ամէնէն կարեւորը, ան լիովին վստահ էր, թէ Եհովան եւ Յիսուսը զինք կը սիրէին։ Անոնք զինք երեսի վրայ չէին ձգած եւ զինք պիտի վարձատրէին իր հաւատարիմ ծառայութեան համար։

19. Եհովան Պօղոսին ինչպէ՞ս օգնեց։

19 Եհովան Պօղոսին առաջուընէ ըսած էր, որ քրիստոնեայ ըլլալուն համար պիտի հալածուէր (Գործք 21։11-13)։ Ան ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց։ Անոր աղօթքներուն պատասխանեց եւ կրկին անգամ զինք զօրացուց (Բ. Տիմ. 4։17)։ Պօղոսին ըսուեցաւ որ պիտի ստանար այն մրցանակը, որուն համար ծանր աշխատած էր։ Եհովան նաեւ Պօղոսի հաւատարիմ բարեկամները մղեց, որ իրեն գործնական կերպերով օգնեն։

20. Հռովմայեցիս 8։38, 39–ն ի մտի ունենալով, ինչպէ՞ս կրնաս Պօղոսը ընդօրինակել։

20 4) Գործադրէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Պօղոսը ընդօրինակել’։ Պօղոսին պէս, պէտք է ակնկալենք որ մեր հաւատքին համար պիտի հալածուինք (Մար. 10։29, 30)։ Փորձութեան մէջ հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է աղօթքով Եհովային ապաւինինք եւ շարունակենք սերտողութեան լաւ ռութին ունենալ։ Եւ միշտ պէտք է յիշենք, որ ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն է՝ Եհովային փառք բերել։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան բնա՛ւ մեզ պիտի չլքէ եւ թէ ոեւէ մէկը չի կրնար բան մը ընել, որ Եհովան այլեւս մեզ չսիրէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։38, 39. Եբ. 13։5, 6

ՈՒՐԻՇ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԱԼ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԻԼ

21. Ի՞նչ բաներ Այային եւ Հեքթորին օգնեցին, որ իրենց դժուարութիւնները յաղթահարեն։

21 Մեր պարագաները ի՛նչ ալ ըլլան, կրնանք Աստուածաշունչի օրինակներէն ոյժ առնել։ Օրինակ, Ճափոնի մէջ, Այա անունով ռահվիրայ մը կ’ըսէ, որ Յովնանին պատմութիւնը իրեն օգնեց, որ հանրային վկայութեան նկատմամբ իր վախը յաղթահարէ։ Իսկ Հեքթոր, որ Ինտոնեզիայէն պատանի մըն է, եւ որուն ծնողները Եհովային չեն ծառայեր, Հռութի օրինակէն քաջալերուեցաւ, որ Եհովային մասին սորվի եւ իրեն ծառայէ։

22. Ինչպէ՞ս կրնաս մեծապէս օգտուիլ աստուածաշնչական ֆիլմերէն կամ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակել» յօդուածաշարքէն։

22 Ո՞ւր կրնաս գտնել աստուածաշնչական օրինակներ, որոնցմէ կրնաս ոյժ առնել։ Մեր աստուածաշնչական ֆիլմերը եւ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակել» յօդուածաշարքը կ’օգնեն, որ Աստուածաշունչի դէպքերը իրական դառնան մեզի համար *։ Այս լաւ սերտուած նիւթերը դիտելէ կամ կարդալէ առաջ, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ մասնայատուկ կէտեր գտնելու, որոնք քեզի օգտակար պիտի ըլլան։ Երեւակայէ որ գլխաւոր անձնաւորութիւնն ես։ Խոկա՛ թէ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաները ի՛նչ ըրին, եւ թէ Եհովան իրենց ինչպէ՛ս օգնեց, որ իրենց դժուարութիւնները յաղթահարեն։ Ետքը, քաղած դասերդ գործադրէ։ Եհովայէն շնորհակալ եղիր այն օգնութեան համար, որ արդէն քեզի կու տայ։ Եւ ցոյց տուր որ ստացած օգնութիւնդ կը գնահատես, առիթներ փնտռելով, որ ուրիշները քաջալերես եւ անոնց թիկունք կանգնիս։

23. Եսայի 41։10, 13–ի համաձայն, Եհովան կը խոստանայ ի՞նչ ընել մեզի համար։

23 Կեանքը այս աշխարհին մէջ, որ Սատանային իշխանութեան տակ է, կրնայ դժուար ըլլալ եւ երբեմն նոյնիսկ չենք գիտնար ի՛նչ ընել (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց պէտք չունինք մտահոգուելու կամ վախնալու։ Երբ խնդիրներու մէջ իյնանք, Եհովան կը խոստանայ որ իր զօրաւոր աջ ձեռքով մեզ պիտի բռնէ (կարդա՛ Եսայի 41։10, 13)։ Մենք վստահ ենք որ ան մեզի պիտի օգնէ եւ Աստուածաշունչը մեզի պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ, որ որեւէ խնդիրի տոկանք։

ԵՐԳ 114 Աստուածաշունչը գանձ է

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչին մէջ շատ մը պատմութիւններ ցոյց կու տան, որ Եհովան իր ծառաները կը սիրէ եւ պիտի օգնէ որ որեւէ դժուարութեան դիմանան։ Յօդուածը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչը այնպէս մը սերտել, որ աւելի՛ օգտուիս։

^ պարբ. 2 Հոս առաջարկուած սերտելու մեթոտէն զատ, կան ուրիշ մեթոտներ, որոնք առաջարկուած են Դիտարան 2017–ի թիւ 1–ին մէջ։

^ պարբ. 14 Այս համարները մի՛ կարդաք Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթացքին։

^ պարբ. 22 Տե՛ս «Անոնց հաւատքը ընդօրինակել» www.pr418.com/hyw կայքին վրայ (բա՛ց ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ > ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ)։