ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10
Բոլո՛րս օգնենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն
«Ամէն մէկ մաս. . . մարմնին աճում կու տայ» (ԵՓ. 4։16)։
ԵՐԳ 118 Ընդունեցէ՛ք զիրար
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. Որո՞նք կրնան Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնել, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։
ՖԻՃԻԻ մէջ ապրող Էյմին կ’ըսէ. «Շա՜տ կը սիրէի ի՛նչ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին կը սորվէի։ Գիտէի որ ասիկա ճշմարտութիւնն է, բայց միայն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցելէ ետքն էր, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրի եւ յառաջդիմեցի դէպի մկրտութիւն»։ Էյմիին փորձառութենէն կարեւոր բան մը կը սորվինք. աւելի հաւանական է որ Աստուածաշունչի աշակերտ մը հաստատօրէն յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն, երբ ժողովքին մէջ ուրիշներէն օգնութիւն ստանայ։
2 Իւրաքանչիւր հրատարակիչ կրնայ օգնել նորեկներուն, որ ժողովքին մէկ մասը դառնան (Եփ. 4։16)։ Լէյլանի անունով ռահվիրայ մը, որ Վանուաթուի մէջ կ’ապրի, կը նշէ. «Առակ մը կայ, որ կ’ըսէ թէ երեխան կը մեծնայ ամբողջ գիւղին ջանքերով։ Կը խորհիմ որ նոյնը կրնանք ըսել աշակերտներ պատրաստելուն մասին. սովորաբար մէկը ճշմարտութեան կու գայ ամբողջ ժողովքին ջանքերով»։ Ընտանիքի անդամները, բարեկամները եւ ուսուցիչները կրնան երեխային օգնել որ չափահաս դառնայ՝ զինք քաջալերելով եւ կարեւոր դասեր սորվեցնելով։ Նմանապէս, հրատարակիչները կրնան աշակերտները խրատել, քաջալերել եւ իրենց լաւ օրինակ ըլլալ, օգնելով որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն (Առ. 15։22)։
3. Անայի, Տօրինի եւ Լէյլանիի ըսած խօսքերէն ի՞նչ կը սորվիս։
3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարողը ինչո՞ւ Յովհ. 13։35)։
պէտք է ուրիշ հրատարակիչներու օգնութիւնը ընդունի։ Տես թէ Մոլտովիայի մէջ Անա անունով մասնաւոր ռահվիրայ մը ի՛նչ կ’ըսէ. «Շատ դժուար է որ միայն ուսուցիչը Աստուածաշունչի աշակերտին բոլոր պէտքերը լեցնէ»։ Նոյն երկրին մէջ ծառայող Տօրին անունով մասնաւոր ռահվիրայ մը կը նկատէ. «Յաճախ հրատարակիչները կ’ըսեն բան մը, որ աշակերտին սրտին կը դպչի. բան մը, որ բնաւ միտքէս պիտի չանցնէր»։ Լէյլանին կը նշէ ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ պէտք է ուրախութեամբ ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունինք. «Աշակերտին ցոյց տրուած սէրն ու ջերմութիւնը կրնայ իրեն օգնել, որ հասկնայ թէ մենք իրապէ՛ս Եհովայի ժողովուրդն ենք» (4. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
4 Սակայն թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Ես ինչպէ՞ս կրնամ աշակերտին օգնել որ յառաջդիմէ, եթէ դաս վարողը ես չեմ’։ Նկատի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ մեզ հրաւիրեն դասի մը ներկայ ըլլալու, եւ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ աշակերտ մը սկսի ժողովներու գալ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան աշակերտներուն օգնել, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։
ԵՐԲ ԴԱՍԻ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՍ
5. Երբ հրաւիրուած ես դասի մը ներկայ գտնուելու, քու դերդ ի՞նչ է։
5 Ուսումնասիրութեան ընթացքին, ուսուցիչը գլխաւորաբար պատասխանատու է, որ աշակերտին օգնէ Աստուածաշունչը հասկնալու։ Երբ ուսուցիչը քեզ հրաւիրէ որ իր դասին ներկայ գտնուիս, ինքզինքդ գործակից սեպէ։ Քու դերդ իրեն աջակցիլ է (Ժող. 4։9, 10)։ Մասնաւորաբար ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի օգնես որ ուսումնասիրութեան նիստը արդիւնաբեր կերպով անցնի։
6. Երբ դասի մը ներկայ պիտի ըլլաս, ինչպէ՞ս կրնաս Առակաց 15։22–ին սկզբունքը գործադրել։
6 Ուսումնասիրութեան նախապատրաստուէ։ Նա՛խ, ուսուցիչէն խնդրէ որ քեզի քիչ մը պատմէ աշակերտին մասին (կարդա՛ Առակաց 15։22)։ Կրնաս հարցնել. «Ի՞նչ կրնաս պատմել աշակերտիդ մասին։ Հետը ի՞նչ նիւթ պիտի սերտես։ Ի՞նչ կէտ կ’ուզես որ աշակերտդ սորվի այս դասէն։ Կա՞յ բան մը, որ պէտք չէ ըսեմ կամ ընեմ։ Իսկ կա՞յ բան մը, որ կ’ուզես ըսեմ կամ ընեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ աշակերտը քաջալերել, որ յառաջդիմէ»։ Անշուշտ, ուսուցիչը գաղտնի տեղեկութիւն պիտի չյայտնէ, բայց այն ինչ որ ըսէ՝ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ճոյ անունով միսիոնար մը այսպիսի բաներու մասին կը խօսի անոնց հետ, որոնք իր դասին ներկայ պիտի ըլլան։ Ան կ’ըսէ. «Այս խօսակցութիւնը ներկայ եղողին կ’օգնէ որ աշակերտով հետաքրքրուի եւ գիտնայ թէ ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար դառնալ»։
7. Ինչո՞ւ որպէս ընկերակից պէտք է նիւթը առաջուընէ պատրաստես։
7 Եթէ հրաւիրուած ես դասի մը ներկայ գտնուելու, լաւ կ’ըլլայ որ քննարկուելիք նիւթը Եզր. 7։10)։ Նախապէս նշուած Տօրինը կ’ըսէ. «Կը գնահատեմ, երբ հետս եղողը դասը նախապատրաստէ։ Այսպէս ան կրնայ իմաստալից կերպով բաժին բերել»։ Եւ աշակերտը հաւանաբար պիտի նկատէ որ երկուքդ ալ լաւ պատրաստուած էք, ինչ որ իրեն համար լաւ օրինակ պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ չես կրնար նիւթը մանրամասնօրէն նախապատրաստել, ջանա՛ առնուազն գլխաւոր կէտերը հասկնալ։
առաջուընէ պատրաստես (8. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի աղօթքդ իմաստալից ըլլայ։
8 Աղօթքը ուսումնասիրութեան կարեւոր մէկ մասն է։ Անոր համար, նախապէս մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես, եթէ քեզմէ խնդրուի որ աղօթես։ Այն ատեն, աղօթքդ աւելի իմաստալից պիտի դառնայ (Սաղ. 141։2)։ Ճափոնի մէջ ապրող Հանէյ դեռ կը յիշէ իր դասերուն ներկայ եղող քրոջ մը աղօթքները։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ որքա՜ն մտերիմ բարեկամութիւն ունի Եհովայի հետ եւ ուզեցի իրեն պէս ըլլալ։ Նաեւ զգացի թէ սիրուած եմ, երբ անունս իր աղօթքներուն մէջ կը նշէր»։
9. Յակոբոս 1։19–ի համաձայն, ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի լաւ ընկերակից ըլլաս։
9 Ուսումնասիրութեան ընթացքին ուսուցիչին օգտակար եղիր։ Նիկերիոյ մէջ մասնաւոր ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Լաւ ընկերակիցը դասին ընթացքին ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ։ Ան տեղին կէտեր կը նշէ, բայց շատ չի խօսիր, գիտակցելով թէ դաս վարելը ուսուցիչին պատասխանատուութիւնն է»։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս դասին մէջ բաժին բերել (Առ. 25։11)։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, մինչ ուսուցիչը կամ աշակերտը կը խօսի (կարդա՛ Յակոբոս 1։19)։ Միայն այն ատեն պիտի կարենաս ճիշդ ատենին օգնել։ Անշուշտ խօսելէ առաջ պէտք է մտածես։ Օրինակ, պէտք չէ շատախօսութիւն ընես, ուսուցիչը ընդհատես երբ կը փորձէ բան մը բացատրել կամ բանաս տարբեր նիւթ մը։ Բայց կրնաս բացատրուող կէտը յստակացնել՝ կարճ խօսք մը, օրինակ մը կամ հարցում մը ներկայացնելով։ Երբեմն թերեւս զգաս թէ դասին վրայ աւելցնելիք բան մը չունիս։ Բայց եթէ աշակերտը գովես եւ իրեն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տաս, իրեն մեծապէս պիտի օգնես որ յառաջդիմէ։
10. Փորձառութիւնդ ինչպէ՞ս կրնայ աշակերտի մը օգնել։
10 Քու փորձառութիւնդ պատմէ։ Եթէ յարմար է, կրնաս աշակերտին կարճ կերպով պատմել թէ ճշմարտութիւնը ինչպէ՛ս սորվեցար, ինչպէ՛ս խնդիր մը յաղթահարեցիր կամ ինչպէ՛ս Եհովայի ձեռքը տեսար կեանքիդ մէջ (Սաղ. 78։4, 7)։ Թերեւս աշակերտը ճիշդ այսպիսի փորձառութեան մը պէտք ունէր։ Ատիկա կրնայ իր հաւատքը զօրացնել կամ քաջալերել զինք, որ շարունակէ յառաջդիմել դէպի մկրտութիւն։ Աշակերտը այդ փորձառութենէն կրնայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իր դժուարութիւնը կրնայ յաղթահարել (Ա. Պետ. 5։9)։ Կապրիէլ, որ Պրազիլի մէջ կ’ապրի եւ այժմ ռահվիրայ է, կը յիշէ թէ ինչպէ՛ս օգտուեցաւ երբ Աստուածաշունչը կը սերտէր։ Ան կ’ըսէ. «Եղբայրներուն փորձառութիւնները լսելով սորվեցայ, որ Եհովան կը տեսնէ մեր դժուարութիւնները եւ եթէ իրենք կրցան յաղթահարել իրենց դժուարութիւնները, ես ալ կրնամ»։
ԵՐԲ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԿՈՒ ԳԱՅ
11-12. Ինչո՞ւ պէտք է ջերմօրէն դիմաւորենք աշակերտ մը, որ ժողովներու կու գայ։
11 Որպէսզի աշակերտ մը յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն, պէտք է կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուի եւ անոնցմէ օգտուի (Եբ. 10։24, 25)։ Հաւանաբար, առաջին անգամ ուսուցիչը զինք հրաւիրէ ժողովի, բայց երբ գայ, բոլորս կրնանք զինք քաջալերել, որ շարունակէ ժողովներու գալ։ Ի՞նչ կերպերով ասիկա կրնանք ընել։
12 Աշակերտը ջերմօրէն դիմաւորէ (Հռով. 15։7)։ Եթէ աշակերտը զգայ թէ ուրախ ենք զինք տեսնելով, աւելի պիտի մղուի որ շարունակէ ժողովներու գալ։ Առանց զինք անհանգիստ ընելու, ջերմօրէն բարեւէ եւ ուրիշներուն ծանօթացուր։ Մի՛ ենթադրեր որ արդէն կայ մէկը, որ անոր հոգ կը տանի. ուսուցիչը կրնայ ուշանալ կամ պատասխանատուութիւններ ունենալ։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ թէ աշակերտը ի՛նչ կ’ըսէ եւ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուր։ Ջերմ ընդունելութիւնդ ինչպէ՞ս կրնայ անոր ազդել։ Նկատի առ Տմիթրիին փորձառութիւնը, որ միայն քանի մը տարի առաջ մկրտուեցաւ եւ այժմ կը ծառայէ որպէս օգնական ծառայ։ Յիշելով իր առաջին ժողովը, ան կ’ըսէ. «Եղբայր մը տեսաւ թէ սրահին առջեւ ջղագրգիռ կերպով կը սպասէի եւ ազնուօրէն զիս ներս մտցուց։ Շատեր մօտեցան որ ինծի բարեւ տան։ Շա՜տ զարմացայ։ Այդ փորձառութիւնը այնքա՛ն սիրեցի, որ ուզեցի որ ամէն օր ժողով ըլլայ։ Ասկէ առաջ որեւէ տեղ ասանկ չէի զգացած»։
13. Վարուելակերպդ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ աշակերտի մը վրայ։
13 Լաւ օրինակ եղիր։ Վարուելակերպդ կրնայ աշակերտին օգնել, որ համոզուի թէ ճշմարտութիւնը գտած է (Մատ. 5։16)։ Վիթալի, որ այժմ Մոլտովիայի մէջ ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Նկատեցի թէ ժողովքին մէջ անհատներ ինչպէ՛ս կ’ապրին, կը մտածեն եւ կը վարուին։ Ասիկա զիս համոզեց, որ Եհովայի վկաները իրապէս Աստուծոյ հետ կը քալեն»։
14. Օրինակդ ինչպէ՞ս կրնայ մէկու մը օգնել, որ շարունակէ յառաջդիմել։
14 Մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար, աշակերտը պէտք է իր սորվածը գործադրէ, ինչ որ միշտ դիւրին չէ։ Բայց երբ ան տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուիս Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելով, պիտի մղուի քեզ ընդօրինակելու (Ա. Կոր. 11։1)։ Նկատի առ նախապէս նշուած Հանէյին փորձառութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Եղբայրներն ու քոյրերը արդէն կ’ընէին այն ինչ որ ես կը սորվէի։ Կը տեսնէի թէ ինչպէ՛ս կրնամ քաջալերել, ներել եւ սէր ցոյց տալ։ Անոնք ուրիշներուն մասին միշտ դրականօրէն կ’արտայայտուէին։ Ուզեցի անոնց պէս վարուիլ»։
15. Առակաց 27։17–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք, թէ ինչո՛ւ պէտք է աշակերտի մը բարեկամը դառնանք, մինչ կը շարունակէ ժողովներուն գալ։
15 Աշակերտին բարեկամ եղիր։ Մինչ աշակերտը կը շարունակէ ժողովներու գալ, իրմով հետաքրքրուելէ մի՛ դադրիր (Փլպ. 2։4)։ Փորձէ զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Կրնաս զինք գովել իր յառաջդիմութեան համար եւ հարցնել իր ուսումնասիրութեան, ընտանիքին եւ գործին մասին։ Բայց ուշադիր եղիր, որ շատ–անձնական հարցումներ չհարցնես եւ զինք նեղի չմատնես։ Այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան ձեզ իրարու մօտեցնել։ Աշակերտին բարեկամը դառնալով՝ կրնաս իրեն օգնել որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն (կարդա՛ Առակաց 27։17)։ Հանէյ այժմ կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Յիշելով իր առաջին ժողովները, ան կ’ըսէ. «Երբ ժողովքին մէջ բարեկամներ ունեցայ, սկսայ իւրաքանչիւր յաջորդ ժողովին անհամբերօրէն սպասել եւ կ’երթայի նոյնիսկ երբ յոգնած էի։ Նոր բարեկամներուս ընկերակցութիւնը կը վայելէի եւ ասիկա ինծի օգնեց, որ այլեւս չընկերակցիմ անոնց, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Կ’ուզէի Եհովային եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մտերմանալ։ Ուստի որոշեցի մկրտուիլ»։
16. Ուրիշ ի՞նչ կրնաս ընել աշակերտի մը օգնելու, որ հանգիստ զգայ ժողովքին մէջ։
16 Մինչ աշակերտը կը շարունակէ յառաջդիմել, օգնէ որ զգայ թէ ժողովքին մէկ մասն է։ Կրնաս ասիկա ընել հիւրասէր ըլլալով (Եբ. 13։2)։ Յիշելով այն օրերը, երբ Աստուածաշունչի աշակերտ էր, Տէնիս, որ Մոլտովիայի մէջ կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Ես եւ կինս քանի մը անգամ հրաւիրուեցանք եղբայրներուն ընկերակցելու։ Մեզի պատմեցին թէ ինչպէ՛ս Եհովայի օգնութիւնը շօշափած են, ինչ որ մեզ քաջալերեց։ Այս առիթները մեզ համոզեցին, որ կ’ուզենք Եհովային ծառայել եւ որ հոյակապ կեանք մը կը սպասէ մեզի»։ Մէյ մը որ աշակերտը հրատարակիչ ըլլայ, կրնաս նաեւ իրմէ ծառայութեան ժամադրութիւն առնել։ Պրազիլէն եղող Ճիէկօ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Շատ մը եղբայրներ զիս հրաւիրեցին, որ իրենց հետ ծառայութեան ելլեմ։ Ասիկա զիրենք ճանչնալու լաւագոյն կերպն էր։ Այդպէս ընելով շատ բան սորվեցայ եւ Եհովային ու Յիսուսին աւելի մօտիկ զգացի»։
ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ
17. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան աշակերտներուն օգնել։
17 Աստուածաշունչի աշակերտներուն ժամանակ յատկացուցէք։ Երէցնե՛ր, ձեր սիրալիր հետաքրքրութիւնը կրնայ աշակերտներուն օգնել, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Կրնա՞ք աշակերտներուն հետ կանոնաւորաբար խօսակցիլ ժողովներուն մէջ։ Պիտի զգան
որ իրենցմով հետաքրքրուած էք, եթէ իրենց անունը յիշէք, մանաւանդ երբ սկսին պատասխաններ տալ։ Կրնա՞ք ձեր յայտագիրը յարմարցնել, որ կարենաք հրատարակիչի մը դասին ներկայ ըլլալ։ Թերեւս աշակերտին օգնէք ձեր ակնկալածէն աւելի։ Ճէքի անունով ռահվիրայ քոյր մը, որ Նիկերիոյ մէջ կ’ապրի, կը պատմէ. «Շատ մը աշակերտներ կը զարմանան, երբ կը գիտնան որ այն եղբայրը, որ իրենց դասին ներկայ էր, երէց է։ Աշակերտ մը ըսաւ. ‘Մեր հովիւը բնա՛ւ այդպիսի բան մը չ’ըներ։ Ան միայն հարուստներուն քով կ’երթայ, եւ ան ալ եթէ իրեն վճարեն’»։ Այժմ այդ աշակերտը ժողովներու կ’երթայ։18. Ըստ Ա. Պետրոս 5։2–ին, երէցները ինչպէ՞ս կրնան իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը կատարել։
18 Դասեր վարողները մարզեցէք ու քաջալերեցէք։ Երէցնե՛ր, ծանր պատասխանատուութիւն ունիք հրատարակիչներուն օգնելու, որ ազդու ըլլան իրենց ծառայութեան մէջ, ներառեալ՝ դասեր վարելու մէջ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2)։ Եթէ մէկը կը քաշուի ձեր ներկայութեան դասը վարել, առաջարկեցէք որ դուք դասը վարէք։ Նախապէս նշուած Ճէքին կը պատմէ. «Երէցները կանոնաւորաբար կը հարցնեն աշակերտներուս մասին։ Երբ դասը վարելու մէջ դժուարութիւններ կ’ունենամ, օգտակար խրատներ կու տան»։ Երէցները կրնան շատ բան ընել՝ ուսուցիչները քաջալերելու եւ մղելու, որ չյանձնուին (Ա. Թես. 5։11)։ Ճէքին կ’աւելցնէ. «Կ’ուրախանամ երբ երէցները զիս կը քաջալերեն եւ կ’ըսեն որ ջանքերս կ’արժեւորեն։ Այս խօսքերը կը թարմացնեն զիս, տաք օրով գաւաթ մը պաղ ջուրին պէս։ Անոնց գովասանքի խօսքերը ինքնավստահութիւնս կ’աւելցնեն եւ թոյլ կու տան, որ դաս վարելէն աւելի հաճոյք առնեմ» (Առ. 25։25)։
19. Ի՞նչ ուրախութիւն կրնանք բոլորս վայելել։
19 Նոյնիսկ եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չենք վարեր, տակաւին կրնանք մէկու մը օգնել, որ հոգեւորապէս աճի։ Առանց շատ խօսելու, կրնանք դասին ընթացքին ուսուցիչին օգնել մեր լաւ պատրաստած կէտերով։ Կրնանք աշակերտներուն ընկերակցիլ, երբ Թագաւորութեան սրահ կու գան, եւ անոնց համար լաւ օրինակ ըլլալ։ Իսկ երէցները կրնան քաջալերել թէ՛ աշակերտները, իրենց ժամանակ յատկացնելով, եւ թէ ուսուցիչները, զիրենք մարզելով եւ գովելով։ Իրապէս, շա՜տ կ’ուրախանանք երբ կը գիտնանք որ նոյնիսկ պզտիկ կերպով մէկու մը օգնեցինք, որ մեր Հայրը՝ Եհովան, սիրէ եւ անոր ծառայէ։
ԵՐԳ 139 Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին
^ պարբ. 5 Մեզմէ ոմանք ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չեն վարեր, սակայն բոլո՛րս կրնանք ձեռք տալ, որ աշակերտները յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէ՛ս ամէն մէկս կրնայ աշակերտին օգնել, որ այդ նպատակակէտին հասնի։