Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13

Եհովան քեզ պիտի պաշտպանէ. ինչպէ՞ս

Եհովան քեզ պիտի պաշտպանէ. ինչպէ՞ս

«Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ» (Բ. ԹԵՍ. 3։3

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Յիսուս ինչո՞ւ խնդրեց Եհովայէն, որ իր աշակերտները Չարէն պահէ։

ԻՐ ԵՐԿՐԱՅԻՆ կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս կը մտածէր իր աշակերտներուն դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն մասին։ Իր բարեկամներուն հանդէպ իր սէրը զինք մղեց Եհովայէն խնդրելու, որ ‘զանոնք չարէն պահէ’ (Յովհ. 17։14, 15)։ Յիսուս գիտէր որ երկինք վերադառնալէն ետք, Բանսարկու Սատանան պիտի շարունակէր պատերազմիլ ոեւէ մէկուն դէմ, որ կ’ուզէր Եհովային ծառայել։ Յստակ է որ Եհովային ծառաները պաշտպանութեան պէտք պիտի ունենային։

2. Ի՞նչ բան մեզ կը համոզէ, որ Եհովան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։

2 Եհովան իր Որդիին աղօթքին պատասխանեց, քանի որ զինք կը սիրէ։ Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք որ Եհովան հաճեցնենք, ան մեզ ալ պիտի սիրէ, եւ երբ օգնութիւն ու պաշտպանութիւն խնդրենք, մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ Որպէս հոգածու Հայր, ան պիտի շարունակէ իր զաւակներուն սիրալիր կերպով հոգ տանիլ։ Եթէ այդպէս չընէ, իր անուան վրայ նախատինք կու գայ, կամ իր համբաւը կ’աւրուի։

3. Ներկայիս ինչո՞ւ Եհովայի պաշտպանութեան պէտք ունինք։

3 Որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի պաշտպանութեան պէտք ունինք։ Սատանան երկինքէն վռնտուած է եւ «շատ բարկացած է» (Յայտ. 12։12)։ Ան համոզած է ոմանք, որոնք մեզ կը հալածեն, որ իրենց ըրածով «Աստուծոյ պաշտամունք» կը մատուցանեն (Յովհ. 16։2)։ Ուրիշներ, որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար, մեզ կը հալածեն, քանի որ այս աշխարհի կաղապարով չենք կաղապարուիր։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, մենք չենք վախնար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ» (Բ. Թես. 3։3)։ Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։ Քննարկենք երկու կերպեր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

4. Եփեսացիս 6։13-17–ի համաձայն, Եհովան մեզի ի՞նչ տուած է, որպէսզի պաշտպանուինք։

4 Եհովան մեզի տուած է սպառազինութիւն մը, որ կրնայ մեզ Սատանային յարձակումներէն պաշտպանել (կարդա՛ Եփեսացիս 6։13-17)։ Այս հոգեւոր սպառազինութիւնը զօրաւոր է եւ լաւ կը պաշտպանէ։ Բայց մեզ պիտի պաշտպանէ, միայն եթէ անոր ամէն մէկ մասը մեր վրայ առնենք ու հագած մնանք։ Սպառազինութեան իւրաքանչիւր մասը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Տեսնե՛նք։

5. Ի՞նչ է ճշմարտութեան գօտին, եւ ինչո՞ւ պէտք է զայն հագնինք։

5 Ճշմարտութեան գօտին կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին բովանդակած ճշմարտութիւնները։ Ինչո՞ւ այս գօտին պէտք է հագնինք։ Քանի որ Սատանան ‘ստութեան հայրն’ է (Յովհ. 8։44)։ Ան հազարաւոր տարիներու ընթացքին իր սուտերը զարգացուցած է, եւ կրցած է «բոլոր աշխարհ»ը մոլորեցնել (Յայտ. 12։9)։ Բայց Աստուածաշունչին բովանդակած ճշմարտութիւնները մեզ կը պաշտպանեն խաբուելէ։ Այս այլաբանական գօտին ինչպէ՞ս կը հագնինք։ Եհովային մասին ճշմարտութիւնը սորվելով, «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» զինք պաշտելով եւ ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուելով (Յովհ. 4։24. Եփ. 4։25. Եբ. 13։18

Գօտի. Աստուածաշունչին բովանդակած ճշմարտութիւնները

6. Արդարութեան զրահը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ պէտք է զայն հագնինք։

6 Արդարութեան զրահը կը ներկայացնէ Եհովայի արդար չափանիշները։ Ինչո՞ւ պէտք է հագնինք այդ զրահը։ Ճիշդ ինչպէս որ զրահը կը պաշտպանէ զինուորին բառացի սիրտը, նոյնպէս արդարութեան զրահը կը պաշտպանէ մեր այլաբանական սիրտը կամ ներքին անձը այս աշխարհի ապականիչ ազդեցութիւններէն (Առ. 4։23)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամբողջ սրտով զինք սիրենք եւ իրեն ծառայենք (Մատ. 22։36, 37)։ Ուստի Սատանան կը ջանայ մեր սիրտը բաժնել՝ մեզ մղելով, որ սիրենք աշխարհի հրամցուցած բաները, որոնք Եհովան կ’ատէ (Յակ. 4։4. Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Եւ եթէ ատոր մէջ չյաջողի, պիտի ջանայ մեզ վախցնել, որպէսզի Եհովային չափանիշներուն չհետեւինք։

Զրահ. Եհովայի արդար չափանիշները

7. Արդարութեան զրահը ինչպէ՞ս կը հագնինք։

7 Արդարութեան զրահը կը հագնինք, երբ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ Եհովայի չափանիշները կ’ընդունինք եւ անոնց համաձայն կ’ապրինք (Սաղ. 97։10)։ Ոմանք թերեւս խորհին թէ Եհովային չափանիշները կը կաշկանդեն։ Բայց եթէ Աստուածաշունչի սկզբունքները մեր կեանքին մէջ գործադրելէ դադրինք, պիտի նմանինք զինուորի մը, որ պատերազմի ընթացքին իր զրահը կը հանէ, մտածելով թէ անիկա շատ ծանր է։ Ի՜նչ անխելքութիւն։ Եհովան սիրողներուն համար, իր պատուիրանները «ծանր բան չեն», հապա կեանք կը փրկեն (Ա. Յովհ. 5։3

8. Ի՞նչ կը նշանակէ մեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցընել բարի լուրը հռչակելու պատրաստ ըլլալը։

8 Պօղոս նաեւ մեզ կը քաջալերէ, որ մեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցընենք խաղաղութեան բարի լուրը հռչակելու պատրաստ ըլլալը։ Ուրիշ խօսքով, պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու։ Երբ Աստուածաշունչի պատգամին մասին ուրիշներուն հետ կը խօսինք, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Քաջալերական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի չորս կողմը Եհովայի ծառաները առիթներ կը փնտռեն քարոզելու։ Օրինակ, անոնք կը քարոզեն գործատեղը, դպրոցը, առեւտրական թաղամասի մէջ, երբ տունէ տուն կ’երթան, գնում կ’ընեն, Վկայ չեղող ազգականներու կ’այցելեն, իրենց ծանօթներուն հետ կը խօսին, եւ նոյնիսկ երբ տան մէջ արգելափակուած են։ Եթէ վախի տեղի տանք եւ քարոզելէ դադրինք, պիտի նմանինք զինուորի մը, որ պատերազմի ընթացքին իր կօշիկները կը հանէ. անոր ոտքերը դիւրաւ պիտի վիրաւորուին։ Առ ի արդիւնք, աւելի դժուար պիտի ըլլայ, որ ինքզինք պաշտպանէ թշնամիին յարձակումէն եւ պիտի չկարենայ իր հրամանատարին հրամանները կատարել։

Կօշիկ. Բարի լուրը քարոզելու պատրաստ ըլլալը

9. Ինչո՞ւ պէտք է հաւատքի վահանը շալկենք։

9 Հաւատքի վահանը կը ներկայացնէ Եհովայի հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը։ Վստահ ենք որ ան իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Այդ հաւատքը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարենք’։ Ինչո՞ւ պէտք է այս վահանը շալկենք։ Քանի որ մեզ կը պաշտպանէ, որպէսզի հաւատուրացներու սուտ ուսուցումներէն չխաբուինք եւ չվհատինք երբ մարդիկ մեզ ծաղրեն։ Առանց հաւատքի, ոյժ պիտի չունենանք դէմ դնելու, երբ մարդիկ փորձեն մեզ համոզել, որ Եհովայի չափանիշները անտեսենք։ Միւս կողմէ, ամէն անգամ որ գործատեղը կամ դպրոցին մէջ կը մերժենք ընել բան մը, որ Եհովան չի սիրեր, ցոյց կու տանք որ մեր վահանը բռնած ենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Ամէն անգամ որ աւելի լաւ վճարումով գործ մը կը մերժենք, որպէսզի մեր հոգեւոր յայտագիրը չխանգարուի, ցոյց կու տանք որ մեր վահանը բռնած ենք (Եբ. 13։5, 6)։ Եւ ամէն անգամ որ Եհովային կը ծառայենք հակառակութեան դիմաց, ցոյց կու տանք որ մեր վահանը մեզ կը պաշտպանէ (Ա. Թես. 2։2

Վահան. Եհովայի եւ իր խոստումներուն հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը

10. Ի՞նչ է փրկութեան սաղաւարտը, եւ ինչո՞ւ պէտք է զայն դնենք։

10 Փրկութեան սաղաւարտը այն յոյսն է, որ Եհովան մեզի կու տայ, որ մեզ պիտի ազատէ մահէն եւ պիտի վարձատրէ բոլոր անոնք, որոնք իր կամքը կը կատարեն (Ա. Թես. 5։8. Ա. Տիմ. 4։10. Տիտ. 1։1, 2)։ Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորին գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս փրկութեան յոյսը մեր խորհելու կարողութիւնը կը պաշտպանէ։ Ինչպէ՞ս։ Յոյսը մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնանանք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ եւ չվհատինք մեր խնդիրներուն պատճառով։ Այս սաղաւարտը մեր գլխուն վրայ կը դնենք, մեր մտածումները ներդաշնակ պահելով Աստուծոյ մտածումներուն հետ։ Օրինակ, մեր յոյսը կը դնենք ոչ թէ անստոյգ հարստութեան վրայ, հապա Աստուծոյ վրայ (Սաղ. 26։2. 104։34. Ա. Տիմ. 6։17

Սաղաւարտ. Յաւիտենական կեանքի յոյսը

11. Հոգիին սուրը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ պէտք է զայն գործածենք։

11 Հոգիին սուրը Աստուծոյ Խօսքն է՝ Աստուածաշունչը։ Այդ սուրը կարողութիւնը ունի որեւէ սուտ մէջտեղ հանելու եւ այսպէս մարդիկը ազատագրելու սուտ վարդապետութիւններէ եւ վնասակար սովորութիւններէ (Բ. Կոր. 10։4, 5. Բ. Տիմ. 3։16, 17. Եբ. 4։12)։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած մարզումին միջոցաւ, կը սորվինք այդ սուրը պատշաճ կերպով գործածել (Բ. Տիմ. 2։15)։ Սպառազինութենէն զատ, Եհովան պաշտպանութեան ուրիշ միջոց ալ կու տայ մեզի։ Ի՞նչ է ատիկա։

Սուր. Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը

ՄԵՆՔ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԵՆՔ

12. Ուրիշ ի՞նչ բանի պէտք ունինք, եւ ինչո՞ւ։

12 Փորձառու զինուորը գիտէ, որ առանձին չի կրնար յաջողապէս կռուիլ թշնամիներու մեծ խումբի մը դէմ. պէտք ունի իր զինակիցներուն օգնութեան։ Նմանապէս, առանձին չենք կրնար յաջողապէս դէմ դնել Սատանային եւ իր հետեւորդներուն. պէտք ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան։ Եհովան մեզի տուած է համաշխարհային «եղբայրութիւն» մը, որ պատրաստ է մեզի օգնելու (Ա. Պետ. 2։17

13. Եբրայեցիս 10։24, 25–ի համաձայն, մեր ժողովները մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն։

13 Օգնութիւն ստանալու մէկ կերպն է՝ ժողովներու ներկայ գտնուիլ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Երբ վհատած կը զգանք,– ինչ որ ատեն–ատեն բոլորիս կը պատահի,– ժողովները կրնան մեր տրամադրութիւնը բարձրացնել։ Կը քաջալերուինք լսելով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած սրտագին պատասխանները։ Անոնց ներկայացուցած աստուածաշնչական դասախօսութիւններն ու ցուցադրութիւնները Եհովային ծառայելու մեր վճռականութիւնը կը զօրացնեն։ Նաեւ կը քաջալերուինք մեր շինիչ խօսակցութիւններով՝ ժողովէն առաջ ու ետք (Ա. Թես. 5։14)։ Ասկէ զատ, ժողովները առիթ կու տան որ ուրիշներուն օգնենք, ինչ որ մեզ կ’ուրախացնէ (Գործք 20։35. Հռով. 1։11, 12)։ Ժողովները ուրիշ կերպերով ալ մեզի կ’օգնեն։ Անոնք պատերազմելու մեր հմտութիւնները կը բարելաւեն, այլաբանօրէն խօսելով, մեզ ծառայութեան զինելով։ Օրինակ, կը սորվինք ինչպէ՛ս Ուսուցանելու գործիքներու տուփի հրատարակութիւնները ազդու կերպով գործածել։ Ուստի, ժողովներուն նիւթերը լաւ պատրաստէ։ Ժողովին ընթացքին ուշի–ուշով մտիկ ըրէ։ Ժողովէն ետք, ստացած մարզումդ գործադրէ։ Այս բաները ընելով, «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր»ը պիտի դառնաս (Բ. Տիմ. 2։3

14. Ուրիշ ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է մեզի։

14 Նաեւ միլիոնաւոր հզօր հրեշտակներու աջակցութիւնը ունինք։ Մտածէ թէ միայն մէկ հրեշտակ ի՛նչ կրնայ ընել (Եսա. 37։36)։ Հիմա մտածէ թէ հրեշտակներու մեծ խումբ մը ի՛նչ կրնայ իրագործել։ Ո՛չ մէկ մարդ կամ դեւ կրնայ Եհովայի հզօր բանակին դէմ դնել։ Ըսուած է, որ մէկ հաւատարիմ Վկայ եւ Եհովան կը կազմեն մեծամասնութիւնը (Դատ. 6։16)։ Այս խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։ Այս կէտերը յիշէ, երբ քեզ վախցնէ բան մը, որ գործակիցդ, դպրոցակիցդ, կամ Վկայ չեղող ազգականդ կ’ըսէ կամ կ’ընէ։ Մի՛ մոռնար. այս պատերազմին մէջ առանձին չես։ Եհովային ուղղութեան կը հետեւիս, ուստի իր աջակցութիւնը ունիս։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԵԶ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ

15. Եսայի 54։15, 17–ի համաձայն, ինչո՞ւ անկարելի է Աստուծոյ ժողովուրդը լռեցնել։

15 Սատանային իշխանութեան տակ եղող աշխարհը շատ պատճառեր ունի մեզ ատելու։ Մենք քաղաքական գետնի վրայ խիստ չէզոք կը մնանք, եւ պատերազմի չենք մասնակցիր։ Աստուծոյ անունը կը հռչակենք, իր Թագաւորութիւնը կը ծանուցանենք որպէս խաղաղութեան միակ յոյսը եւ իր արդար չափանիշներուն կը կառչինք։ Աշխարհի իշխանը կը քօղազերծենք որպէս ահռելի ստախօս եւ մարդասպան (Յովհ. 8։44)։ Եւ կը ծանուցանենք, որ շատ մօտ ատենէն, Սատանայի աշխարհը պիտի կործանի։ Բայց եւ այնպէս, Սատանան եւ իր հետեւորդները բնա՛ւ պիտի չկարենան մեզ լռեցնել։ Ընդհակառակը, պիտի շարունակենք Եհովան փառաբանել կարելի եղած ամէն կերպով։ Թէեւ Սատանան շատ զօրաւոր է, բայց չէ կրցած արգելք ըլլալ, որ Թագաւորութեան պատգամը մարդոց հասնի համայն աշխարհի մէջ։ Ասիկա կարելի եղած է միայն քանի որ Եհովայի պաշտպանութիւնը ունինք (կարդա՛ Եսայի 54։15, 17

16. Մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ իր ժողովուրդին համար։

16 Մօտ օրէն, մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովան մեզ պիտի պաշտպանէ։ Նա՛խ, իր հաւատարիմ ծառաները պիտի պաշտպանէ այն ժամանակամիջոցին, երբ աշխարհի թագաւորները մղէ որ կործանեն Մեծ Բաբելոնը, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքները (Յայտ. 17։16-18. 18։2, 4)։ Ետքը, իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ, երբ Արմագեդոնին Սատանայի աշխարհին մնացեալ մասերը կործանէ (Յայտ. 7։9, 10. 16։14, 16

17. Եհովային մօտիկ մնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

17 Երբ Եհովային մօտիկ կը մնանք, Սատանան չի կրնար մեզի մնայուն վնաս հասցնել։ Ան յաւիտեան պիտի բնաջնջուի (Հռով. 16։20)։ Ուստի, վրադ առ Աստուծոյ լման սպառազինութիւնը ու զայն բնաւ մի՛ հաներ։ Մի՛ փորձեր առանձին պատերազմիլ։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ թիկունք կանգնէ։ Եւ Եհովայի ուղղութեան հետեւէ։ Այսպէս, կրնաս վստահ ըլլալ որ քու սիրալիր երկնաւոր Հայրդ քեզ պիտի զօրացնէ ու պաշտպանէ (Եսա. 41։10

ԵՐԳ 132 Յաղթանակի երգ մը

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչը կը խոստանայ, որ Եհովան մեզ պիտի զօրացնէ ու պաշտպանէ ոչ միայն հոգեւոր վնասներէ, հապա նաեւ ուրիշ որեւէ մնայուն վնասէ։ Յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն. Ինչո՞ւ պաշտպանութեան պէտք ունինք։ Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։ Եւ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովայի օգնութենէն օգտուինք։