Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլան, երբ կը գործածեն ելեկտրոնային մէսըճներու էփ

Կարգ մը քրիստոնեաներ արդի թեքնոլոճի կը գործածեն, որպէսզի ընտանիքի անդամներուն եւ Վկաներու հետ կապ պահեն։ Անշուշտ, հասուն քրիստոնեան իր միտքը պիտի պահէ այս խրատը. «Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն» (Առ. 27։12

Մենք գիտենք որ Եհովան կ’ուզէ մեզ պաշտպանել։ Անոր համար, չենք ընկերակցիր անոնց հետ, որոնք բաժանումներ կը պատճառեն, վտարուած են կամ սխալ գաղափարներ կը սորվեցնեն (Հռով. 16։17. Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10, 11)։ Եւ ժողովքին մէջ ոմանք թերեւս պատշաճ կերպով չեն վարուիր (Բ. Տիմ. 2։20, 21)։ Երբ բարեկամներ կը զատենք, այս բանը մեր միտքը կը պահենք։ Իսկ մէսըճի էփի մը միջոցաւ լաւ բարեկամներ զատելը կրնայ դիւրին չըլլալ։

Մանաւանդ պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ որո՛նց հետ պիտի ընկերակցինք, երբ կը մտածենք մէսըճի մեծ կրուփի մը միանալ։ Կարգ մը քրիստոնեաներ մեծ կրուփներու միացած են եւ գէշ հետեւանքներ կրած են։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ եղբայր մը կամ քոյր մը ուշադիր ըլլայ, երբ կրուփին մէջ հարիւրաւորներ կամ հազարաւորներ կան։ Անկարելի է իւրաքանչիւրին իսկական ինքնութիւնը եւ հոգեւոր վիճակը գիտնալ։ Սաղմոս 26։4–ը կ’ըսէ. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ»։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ աւելի իմաստութիւն է՝ մէսըճներ գրել միայն անոնց, որոնք անձամբ կը ճանչնանք։

Նոյնիսկ եթէ մէսըճի կրուփը պզտիկ է, քրիստոնեան պէտք է նկատի առնէ թէ որքա՛ն ժամանակ կը տրամադրէ անոր եւ կրուփին անդամները ի՛նչ նիւթերու մասին կը խօսին։ Պէտք չէ զգանք թէ անպայման պէտք է պատասխանենք անոնց մէսըճներուն, ի՛նչ ալ ըլլայ նիւթը կամ որքա՛ն ալ մեզմէ ժամանակ առնեն։ Պօղոս Տիմոթէոսը նախազգուշացուց «շատախօս ու հետաքրքիր» մարդոցմէ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Այսօր, մարդիկ կրնան այդպէս ըլլալ ելեկտրոնային սարքերու միջոցաւ։

Հասուն Վկայ մը քննադատական խօսքեր չ’ըսեր կամ գաղտնի տեղեկութիւններ չի տար ուրիշ Վկաներու մասին, ոչ ալ ականջ կու տայ, երբ ուրիշ մէկը այդպէս ընէ (Սաղ. 15։3. Առ. 20։19)։ Եւ չափազանցուած կամ չփաստուած տեղեկութիւններ չի տարածեր կամ մտիկ չ’ըներ (Եփ. 4։25)։ Մեր jw.org կայքին վրայ կամ JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրներուն մէջ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ եւ բազմաթիւ տեղեկագրութիւններ կը գտնենք, որոնց կրնանք վստահիլ։

Կարգ մը Վկաներ մէսըճներ կը գործածեն, որպէսզի ապրանքներ ծախեն, գնեն եւ ծանուցանեն, կամ գործ առաջարկեն։ Ատիկա վաճառականութիւն է եւ Եհովայի պաշտամունքին հետ կապ չունի։ Այն քրիստոնեաները, որոնք չեն ուզեր «արծաթասէր» ըլլալ, բնա՛ւ իրենց եղբայրները չեն օգտագործեր առեւտրական նպատակներով (Եբ. 13։5

Արդեօք պէ՞տք է մէսըճի էփ մը գործածենք, որպէսզի դրամ հաւաքենք մեր կարիքաւոր եղբայրներուն կամ աղէտէ տուժածներուն համար։ Մենք մեր եղբայրները կը սիրենք եւ անոնցմով հետաքրքրուած ենք։ Անոր համար, յաճախ կ’օգնենք անոնց, որոնք մեր աջակցութեան եւ քաջալերութեան պէտք ունին (Յակ. 2։15, 16)։ Բայց մէսըճի մեծ կրուփի մը միջոցաւ դրամ հաւաքելը կը խանգարէ աւելի լաւ կարգադրութիւնները, որոնք տեղական մասնաճիւղը կամ ժողովքին երէցները կ’ընեն (Ա. Տիմ. 5։3, 4, 9, 10, 16)։ Եւ անշուշտ, մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ այնպիսի տպաւորութիւն ձգել, որ Աստուծոյ ոչխարներուն նկատմամբ մասնաւոր նշանակում մը ունի։

Կ’ուզենք որ ի՛նչ որ կ’ընենք՝ Աստուծոյ փառք բերէ (Ա. Կոր. 10։31)։ Ուստի երբ պիտի որոշենք մէսըճի էփ մը կամ ուրիշ թեքնոլոճի գործածել կամ ոչ, մտածենք հաւանական վտանգներուն մասին եւ զգոյշ ըլլանք։