Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

«Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի» (ՍԱՂ. 110։3

ԵՐԳ 4 Աստուծոյ քով բարի անուն շինենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Պատանի եղբայրներէն շատեր ի՞նչ զօրաւոր կողմեր ունին։

ՊԱՏԱՆԻ՛ եղբայրներ, ժողովքին համար շա՜տ օգտակար կրնաք ըլլալ։ Ձեզմէ շատեր ոյժ ունին եւ աշխոյժ են (Առ. 20։29)։ Դուք ձեր ժողովքին համար գանձ էք։ Թերեւս կը փափաքիք օգնական ծառայ ըլլալ, սակայն կը զգաք թէ ուրիշներ կը մտածեն, որ շատ պզտիկ էք կամ դեռ պատրաստ չէք, որ ձեզի կարեւոր գործ տրուի։ Ճիշդ է որ պատանի էք, բայց կան բաներ որ կրնաք ընել հիմա, որպէսզի ժողովքին վստահութիւնն ու յարգանքը շահիք։

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Յօդուածին մէջ պիտի քննենք Դաւիթ թագաւորին կեանքը։ Նաեւ կարճ կերպով նկատի պիտի առնենք դէպքեր՝ Յուդայի Ասա եւ Յովսափատ թագաւորներուն կեանքէն։ Պիտի տեսնենք թէ այս երեք թագաւորները ի՛նչ տեսակի խնդիրներ ունեցան, ի՛նչ ըրին որ ատոնք լուծեն եւ պատանի եղբայրները ի՛նչ կրնան սորվիլ անոնց փորձառութիւններէն։

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԷՔ

3. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով պատանիները կրնան տարեցներուն օգնել։

3 Երբ Դաւիթ պատանի էր, սորվեցաւ հմտութիւններ, որոնք ուրիշներ արժեւորեցին։ Յստակ է որ ան Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Ան նաեւ շատ ջանք թափեց որ լաւ երաժիշտ մը դառնայ, եւ այդ հմտութիւնը գործածեց Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Սաւուղ թագաւորին օգնելու (Ա. Թագ. 16։16, 23)։ Պատանինե՛ր, հմտութիւն մը ունի՞ք, որով կրնաք ուրիշներուն օգտակար ըլլալ։ Ձեզմէ շատեր ունին։ Օրինակ, նկատա՞ծ էք որ կարգ մը տարեցներ շատ կը գնահատեն, երբ մէկը իրենց օգնէ որ իրենց թապլեթները եւ ուրիշ ելեկտրոնային սարքեր կարենան գործածել սերտողութեան համար եւ ժողովներուն մէջ։ Շա՜տ օգտակար կրնաք դառնալ տարեցներուն, քանի որ թեքնոլոճիէն կը հասկնաք։

Դաւիթ պատասխանատու եւ վստահելի էր իր հօր ոչխարներուն հոգ տանելու մէջ։ Ան նոյնիսկ արջի մը յարձակումէն ոչխարները պաշտպանեց (տե՛ս պարբերութիւն 4)

4. Դաւիթին պէս, պատանի եղբայրները ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է զարգացնեն (տե՛ս կողքին նկարը)։

4 Դաւիթ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ ցոյց տուաւ, որ պատասխանատու եւ վստահելի էր։ Օրինակ, պատանի տարիքին ան ծանր աշխատեցաւ, որ իր հօր ոչխարներուն հոգ տանի։ Ատիկա վտանգաւոր գործ մըն էր, ինչպէս ան Սաւուղ թագաւորին պատմեց. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր, ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի» (Ա. Թագ. 17։34, 35)։ Դաւիթ ոչխարներուն հոգ տանիլը լուրջի առաւ եւ քաջաբար զանոնք պաշտպանեց։ Պատանի եղբայրները կրնան զինք ընդօրինակել՝ ծանր աշխատելով որ իրենց տրուած որեւէ նշանակում կատարեն։

5. Սաղմոս 25։14–ի համաձայն, ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր բանը, որ պատանի եղբայրները կրնան ընել։

5 Պատանի Դաւիթ Եհովայի հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն զարգացուց։ Այդ փոխյարաբերութիւնը շա՜տ աւելի կարեւոր էր, քան Դաւիթի ունեցած քաջութիւնը կամ քնար նուագելու հմտութիւնը։ Եհովան ոչ միայն Դաւիթին Աստուածն էր, հապա նաեւ՝ մտերիմ Բարեկամը (կարդա՛ Սաղմոս 25։14)։ Պատանի՛ եղբայրներ, ձեր երկնաւոր Հօր հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելը, ամէնէն կարեւոր բանն է որ կրնաք ընել, ինչ որ դուռ կը բանայ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանալու։

6. Ոմանք Դաւիթի մասին ի՞նչ ժխտական կարծիք ունէին։

6 Դաւիթի խնդիրներէն մէկը այն էր, որ ուրիշներ իր մասին ժխտական կարծիք ունէին։ Օրինակ, երբ ուզեց Գողիաթին դէմ կռուիլ, Սաւուղ թագաւոր փորձեց իր միտքը փոխել, ըսելով. «Դուն մանուկ ես» (Ա. Թագ. 17։31-33)։ Ատկէ քիչ առաջ ալ, Դաւիթի եղբայրը զինք անպատասխանատու մէկը հանեց (Ա. Թագ. 17։26-30)։ Բայց Եհովայի աչքին, Դաւիթ ո՛չ անհասուն, ոչ ալ անպատասխանատու մէկն էր։ Ան Դաւիթը կը ճանչնար։ Եւ Դաւիթ կրցաւ Գողիաթը մեռցնել, քանի որ ապաւինեցաւ իր Բարեկամին՝ Եհովային (Ա. Թագ. 17։45, 48-51

7. Ի՞նչ կրնաք սորվիլ Դաւիթի փորձառութենէն։

7 Ի՞նչ կրնաք սորվիլ Դաւիթի փորձառութենէն։ Համբերող ըլլալ։ Կրնայ ժամանակ առնել, որ անոնք որոնք ձեզ ձեր պզտիկութենէն գիտեն, անդրադառնան որ մեծցաք։ Սակայն կրնաք վստահ ըլլալ, որ Եհովան միայն ձեր երեւոյթին չի նայիր։ Ան ձեզ լաւ կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ի՛նչ կարողութիւններ ունիք (Ա. Թագ. 16։7)։ Աստուծոյ հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցէք։ Դաւիթ այս մէկը ըրաւ, մօտէն դիտելով Եհովայի ստեղծագործութիւնը։ Ան խորապէս մտածեց, թէ իր դիտած բաները ի՛նչ կը յայտնեն Ստեղծիչին մասին (Սաղ. 8։3, 4. 139։14. Հռով. 1։20)։ Ասկէ զատ, կրնաք Եհովայէն խնդրել, որ ձեզի պէտք եղած զօրութիւնը տայ։ Օրինակ, ձեր դասընկերներէն ոմանք ձեզ կը ծաղրե՞ն, քանի որ Եհովայի վկայ էք։ Այդ պարագային, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցէք, որ խնդիրին հետ գլուխ ելլէք։ Նաեւ, Աստուածաշունչին եւ մեր հրատարակութիւններուն ու վիտէօներուն ներկայացուցած խրատները գործադրեցէք։ Ամէն անգամ որ տեսնէք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ձեզի կ’օգնէ որ դժուարութեան մը հետ գլուխ ելլէք, իրեն հանդէպ ձեր հաւատքը պիտի աւելնայ։ Եւ երբ ուրիշներ տեսնեն որ Եհովային կ’ապաւինիք, անոնց վստահութիւնը պիտի շահիք։

Պատանի եղբայրները կրնան տարբեր կերպերով խոնարհաբար ուրիշներուն օգնել (տե՛ս պարբ. 8-9)

8-9. ա) Ի՞նչ բան Դաւիթին օգնեց որ համբերութեամբ սպասէր, մինչեւ որ թագաւոր դառնար։ բ) Պատանի եղբայրները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դաւիթի օրինակէն։

8 Նկատի առէք ուրիշ դժուարութիւն մը, որ Դաւիթ ունեցաւ։ Որպէս թագաւոր օծուելէ եւ երկա՜ր տարիներ անցնելէ ետք, ան պաշտօնապէս Յուդայի թագաւորը եղաւ (Ա. Թագ. 16։13. Բ. Թագ. 2։3, 4)։ Այդ տարիներուն ընթացքին, ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ համբերութեամբ սպասէ։ Փոխանակ վհատութեան յանձնուելու, ան կեդրոնացաւ այն բանին վրայ որ կրնար ընել։ Օրինակ, մինչ փղշտացիներու շրջանին մէջ որպէս փախստական կ’ապրէր, Դաւիթ առիթը օգտագործեց, որպէսզի Իսրայէլի թշնամիներուն հետ կռուի։ Այսպիսով, Յուդայի տարածքին սահմանները պաշտպանեց (Ա. Թագ. 27։1-12

9 Պատանի եղբայրները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դաւիթի օրինակէն։ Ամէն առիթ օգտագործեցէք ձեր եղբայրներուն ծառայելու։ Նկատի առէք Ռիքարտօ * անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ Շուրջ տասը տարեկանէն ի վեր, ան կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու երազը ունէր։ Բայց երէցները կ’ըսէին, որ դեռ պատրաստ չէ։ Փոխանակ վազ անցնելու կամ նեղանալու, Ռիքարտոն ծառայութեան մէջ իր մասնակցութիւնը աւելցուց։ Ան կ’ըսէ. «Ետեւ նայելով, կ’անդրադառնամ որ պէտք էր որոշ յառաջդիմութիւն ընէի։ Վստահ եղայ որ իւրաքանչիւր հետաքրքրուած անհատի վերադառնամ եւ ամէն մէկ վերայցելութեան պատրաստուիմ։ Նոյնիսկ կրցայ առաջին դասս հաստատել։ Ո՛րքան աւելի քարոզեցի, ա՛յնքան աւելի ինքնավստահութիւնս աւելցաւ»։ Այժմ Ռիքարտոն կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ։

10. Առիթով մը Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ կարեւոր որոշում մը առնելէ առաջ։

10 Նկատի առէք Դաւիթի կեանքէն ուրիշ դէպք մը։ Երբ ան փախստական էր, ինքն ու իր տղամարդիկը իրենց ընտանիքները ձգելով, պատերազմի գացին։ Անոնց բացակայութեան, թշնամիները իրենց տուները ներխուժեցին եւ իրենց ընտանիքները գերի տարին։ Դաւիթ կրնար եզրակացնել որ փորձառու պատերազմող մը ըլլալով, շատ դիւրութեամբ կրնար լաւ ծրագիր մը դնել գերիները ազատելու համար։ Փոխարէնը, ան առաջնորդութեան համար Եհովային դիմեց։ Աբիաթար քահանային օգնութեամբ, Դաւիթ Եհովային հարցուց. «Այս գունդը հալածե՞մ»։ Եհովան ըսաւ որ հալածէ եւ վստահեցուց որ պիտի յաջողէր (Ա. Թագ. 30։7-10)։ Այս դէպքէն ի՞նչ դաս կրնաք սորվիլ։

Պատանի եղբայրները պէտք է երէցներէն խրատ խնդրեն (տե՛ս պարբ. 11)

11. Որոշումներ առնելէ առաջ ի՞նչ կրնաք ընել։

11 Որոշումներ առնելէ առաջ, խրատ խնդրեցէք։ Ձեր ծնողներուն կարծիքը առէք։ Նաեւ կրնաք լաւ խրատ ստանալ փորձառու երէցներուն հետ խօսելով։ Եհովան այս նշանակուած տղամարդոց կը վստահի, եւ դուք ալ կրնաք վստահիլ։ Ան զանոնք կը նկատէ ժողովքին համար «պարգեւներ» կամ նուէրներ (Եփ. 4։8)։ Պիտի օգտուիք անոնց հաւատքը ընդօրինակելով եւ իրենց տուած իմաստուն առաջարկները մտիկ ընելով։ Հիմա նկատի առնենք, թէ Ասա թագաւորէն ինչ կրնանք սորվիլ։

ԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԷՔ

12. Երբ Ասա սկսաւ թագաւորել, ի՞նչ յատկութիւններ ունէր։

12 Ասա թագաւորը պատանի եղած ատեն խոնարհ ու քաջ էր։ Օրինակ, երբ իր հայրը՝ Աբիան մեռաւ, ան թագաւոր եղաւ եւ սկսաւ երկրէն կուռքերը վերցնել։ Ան նաեւ «Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն» (Բ. Մն. 14։1-7)։ Եւ երբ եթովպիացի Զարան 1,000,000 զինուորներով Յուդային վրայ յարձակեցաւ, Ասան իմաստութեամբ վարուելով, Եհովայի օգնութեան դիմեց, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք»։ Այս գեղեցիկ խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Ասան մեծ վստահութիւն ունէր, որ Եհովան կրնա՛յ զինք եւ իր ժողովուրդը ազատել։ Ասան իր երկնաւոր Հօր վստահեցաւ եւ Եհովան «Եթովպիացիները. . . զարկաւ» (Բ. Մն. 14։8-12

13. Ժամանակ մը ետք, Ասային ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

13 Անշուշտ կը համաձայնիք որ 1,000,000 զինուորներու դէմ դնելը դիւրին բան մը չէր։ Բայց քանի որ Ասան Եհովային ապաւինեցաւ, յաջողեցաւ դէմ դնել։ Սակայն, ցաւօք սրտի, երբ Ասան աւելի դիւրին պարագայի մը առջեւ գտնուեցաւ, Եհովային չապաւինեցաւ։ Երբ Իսրայէլի չար Բաասա թագաւորը Յուդայի ապահովութիւնը վտանգի տակ դրաւ, Ասան ասորիներու թագաւորին օգնութիւնը խնդրեց։ Այդ որոշումը փորձանք բերաւ։ Եհովան Անանի մարգարէին միջոցաւ Ասային ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ»։ Ատկէ ի վեր, Ասան միշտ պատերազմի մէջ էր (Բ. Մն. 16։7, 9. Գ. Թագ. 15։32)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։

14. Ինչպէ՞ս կրնաք Եհովային ապաւինիլ, եւ Ա. Տիմոթէոս 4։12–ի համաձայն, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

14 Խոնարհ մնացէք եւ շարունակեցէք Եհովային ապաւինիլ։ Երբ մկրտուեցաք, ցոյց տուիք որ մեծ հաւատք ու վստահութիւն ունիք Եհովային հանդէպ։ Ան ուրախութեամբ ձեզ ընդունեց իր ընտանիքին մէջ։ Հիմա կարեւոր բանը այն է, որ շարունակէք Եհովային ապաւինիլ։ Այս մէկը կրնայ դիւրին թուիլ, երբ կարեւոր որոշումներ պէտք է առնէք։ Բայց ուրիշ առիթներով ի՞նչ պիտի ընէք։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ Եհովային ապաւինիք երբ որոշումներ պիտի առնէք, օրինակ՝ ժամանցի, գործի եւ նպատակակէտերու նկատմամբ։ Ձեր իմաստութեան մի՛ վստահիք։ Փոխարէնը, փնտռեցէք աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք ձեր պարագային կը կիրարկուին եւ ետքը անոնց համաձայն վարուեցէք (Առ. 3։5, 6)։ Այդպէս ընելով, Եհովան պիտի ուրախացնէք եւ ձեր ժողովքին եղբայրներուն ու քոյրերուն յարգանքը պիտի շահիք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12

ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԷՔ

15. Բ. Մնացորդաց 18։1-3 եւ 19։2–ի համաձայն, Յովսափատ թագաւոր ի՞նչ սխալներ ըրաւ։

15 Անշուշտ, մեր բոլորին պէս, դուք ալ անկատար էք եւ ատեններ սխալներ պիտի ընէք։ Սակայն ասիկա պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր ամէն կարելին չընէք։ Նկատի առէք Յովսափատ թագաւորին օրինակը։ Ան շատ մը աղուոր յատկութիւններ ունէր։ Իր թագաւորութեան սկիզբը, «իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով»։ Ատկէ զատ, իշխաններ ղրկեց Յուդայի քաղաքները, որպէսզի Եհովային մասին սորվեցնեն ժողովուրդին (Բ. Մն. 17։4, 7)։ Բայց Յովսափատ ատեններ սխալ որոշումներ առաւ։ Այդպիսի որոշումի մը պատճառաւ, ան Եհովայի ներկայացուցիչներէն մէկուն կողմէ յանդիմանուեցաւ (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 18։1-3. 19։2)։ Այդ դէպքէն ի՞նչ դաս կրնաք սորվիլ։

Աշխատասէր եւ վստահելի պատանի եղբայրները լաւ անուն կը շահին (տե՛ս պարբ. 16)

16. Ռաճիվի փորձառութենէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ։

16 Ձեզի տրուած խրատը ընդունեցէք եւ գործադրեցէք։ Թերեւս ձեզի համար դժուար է Եհովայի ծառայելը ձեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձնել։ Մի՛ ընկճուիք։ Տեսէք Ռաճիվ անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ Իր պատանեկութեան տարիներուն մասին խօսելով, ան կ’ըսէ. «Այդ տարիներուն ընթացքին, ատեններ կորսուած կը զգայի։ Ուրիշ շատ մը պատանիներու պէս, աւելի հետաքրքրուած էի մարզանքով եւ ժամանցով, քան ժողովներով կամ ծառայութեամբ»։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Ազնիւ երէց մը իրեն խրատ մը տուաւ։ Ան կը պատմէ. «Երէցը ինծի օգնեց որ Ա. Տիմոթէոս 4։8–ի սկզբունքին շուրջ մտածեմ»։ Ռաճիվ խոնարհաբար խրատը գործադրեց եւ մտածեց թէ ի՛նչ բան իր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր։ Ան կ’ըսէ. «Որոշեցի կարեւորութիւն տալ նա՛խ հոգեւոր նպատակակէտերուս»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կը բացատրէ. «Այդ խրատը ստանալէ քանի մը տարի ետք, որակեալ եղայ ծառայելու որպէս օգնական ծառայ»։

ԹՈՅԼ ՏՈՒԷՔ ՈՐ ՁԵՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԸ ՁԵԶՄՈՎ ՊԱՐԾԵՆԱՅ

17. Ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ կը զգան պատանիներուն հանդէպ, որոնք Եհովային կը ծառայեն։

17 Պատանինե՛ր, ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը շատ կ’արժեւորեն ձեզ, որ իրենց հետ «ուս–ուսի» կը ծառայէք Եհովային (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Անոնք կը սիրեն ձեր նախանձախնդրութիւնը եւ խանդավառութիւնը, երբ ձեզի տրուած գործը կ’ընէք։ Անոնք ձեզի կը հաճին (Ա. Յովհ. 2։14

18. Առակաց 27։11–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ Եհովային զգացումը իրեն ծառայող պատանիներուն հանդէպ։

18 Մի՛ մոռնաք ո՛վ պատանի եղբայրներ, որ Եհովան ձեզ կը սիրէ եւ ձեզի կը վստահի։ Ան մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն, պատանիներու մեծ խումբ մը յօժարակամ իրեն պիտի ծառայէին (Սաղ. 110։1-3)։ Ան գիտէ թէ զինք կը սիրէք եւ կ’ուզէք իրեն ծառայել կարելի եղած լաւագոյն կերպով։ Ուստի, ուրիշներուն եւ ձեր անձին հանդէպ համբերող եղէք։ Երբ կը սխալիք, ձեզի տրուած մարզումն ու կրթութիւնը ընդունեցէք՝ զայն սեպելով Եհովայէն եկած (Եբ. 12։6)։ Երբ ձեզի գործ մը տրուի, ծանր աշխատեցէք ատոր համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ի՛նչ որ կ’ընէք՝ այնպէս ըրէք, որ ձեր երկնաւոր Հայրը ձեզմով պարծենայ (կարդա՛ Առակաց 27։11

ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

^ պարբ. 5 Մինչ պատանի եղբայրները հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն, կ’ուզեն յաւելեալ կերպերով Եհովային ծառայել։ Անոնք որպէսզի օգնական ծառաներ ըլլան, պէտք է ժողովքին յարգանքը շահին ու պահպանեն։ Անոնք ի՞նչ բաներ կրնան ընել։

^ պարբ. 9 Կարգ մը անուններ փոխուած են։