ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12
Սէրը մեզի կ’օգնէ ատելութեան դիմանալու
«Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք։ Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց» (ՅՈՎՀ. 15։17, 18)։
ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Մատթէոս 24։9–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ աշխարհը մեզ կ’ատէ։
ԵՀՈՎԱՆ մեզ ստեղծած է այնպէս մը, որ ուրիշները սիրենք եւ անոնց կողմէ սիրուած ըլլանք։ Ուստի երբ մէկը մեզ ատէ, շատ գէշ կը զգանք եւ թերեւս նոյնիսկ վախնանք։ Օրինակ, Ճորճինա անունով քոյր մը, որ Եւրոպայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Երբ 14 տարեկան էի, մայրս սկսաւ զիս ատել, քանի որ Եհովային կը ծառայէի։ Շատ տխուր ու առանձին զգացի եւ սկսայ կարծել թէ լաւ անձ մը չեմ» *։ Տանիլօ անունով եղբայր մը կը գրէ. «Երբ զինուորները զիս ծեծեցին, նախատեցին եւ սպառնացին, քանի որ Եհովայի վկայ մըն եմ, վախցայ եւ նուաստացած զգացի»։ Երբ մեզ այդպէս ատեն, շատ գէշ կը զգանք, բայց չենք զարմանար։ Յիսուս առաջուընէ ըսաւ, որ ատուած պիտի ըլլայինք (կարդա՛ Մատթէոս 24։9)։
2-3. Յիսուսի հետեւորդները ինչո՞ւ կ’ատուին։
2 Աշխարհը Յիսուսին հետեւորդները կ’ատէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսին պէս, ‘աշխարհէն չենք’ (Յովհ. 15։17-19)։ Անոր համար, մինչ մարդկային կառավարութիւնները կը յարգենք, քաղաքականութեան մէջ կողմ չենք բռներ, դրօշակին չենք բարեւեր կամ ազգային քայլերգ չենք երգեր։ Եհովային կու տանք մեր բացարձակ նուիրուածութիւնը։ Եւ թիկունք կը կանգնինք մարդկութեան վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքին, բայց Սատանան ու իր «սերունդ»ը կ’ուրանան, որ Աստուած այդ իրաւունքը ունի (Ծն. 3։1-5, 15)։ Կը քարոզենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է եւ շուտով պիտի բնաջնջէ իրեն դէմ դնողները (Դան. 2։44. Յայտ. 19։19-21)։ Այդ պատգամը ուրախ լուր մըն է հեզերուն համար, բայց տխուր լուր՝ չարերուն համար (Սաղ. 37։10, 11)։
3 Նաեւ կ’ատուինք քանի որ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք։ Այդ չափանիշները աշխարհի ցած չափանիշներուն ճիշդ հակառակն են։ Օրինակ, շատ մը մարդիկ բացէ ի բաց հաւանութիւն կու տան անբարոյ սեռային վարքին, որ կը նմանի այն վարքին, որուն համար Աստուած կործանեց Սոդոմը եւ Գոմորը (Յդ. 7)։ Որովհետեւ այդպիսի վարքի նկատմամբ Աստուածաշունչի չափանիշներուն կը հնազանդինք, շատեր մեզ կը ծաղրեն եւ անհանդուրժող կը կոչեն (Ա. Պետ. 4։3, 4)։
4. Ո՞ր յատկութիւնները մեզ կը զօրացնեն, երբ մարդիկ մեզ կ’ատեն։
4 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ դիմանանք երբ մարդիկ մեզ կ’ատեն եւ կը նախատեն։ Պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Վահանի մը պէս, մեր հաւատքը կրնայ «չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել» (Եփ. 6։16)։ Բայց ոչ միայն հաւատքի պէտք ունինք, այլ նաեւ՝ սիրոյ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր»։ Անիկա ամէն վնասակար բանի կը տոկայ եւ կը համբերէ (Ա. Կոր. 13։4-7, 13)։ Այժմ նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս Եհովայի հանդէպ, մեր հաւատակիցներուն հանդէպ եւ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ սէրը կ’օգնէ, որ աշխարհի ատելութեան դիմանանք։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՆԱՆՔ
5. Եհովային հանդէպ Յիսուսին սէրը զինք ինչպէ՞ս զօրացուց։
5 Իր թշնամիներուն ձեռքով մեռնելէն առաջ, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ» (Յովհ. 14։31)։ Եհովային հանդէպ Յիսուսին սէրը զինք զօրացուց, որ գալիք փորձութիւնները դիմագրաւէ։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ ալ կրնայ զօրացնել։
6. Հռովմայեցիս 5։3-5–ի համաձայն, Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս կը նկատեն աշխարհի ատելութեան դիմանալը։
6 Եհովային հանդէպ սէրը միշտ իր ծառաներուն օգնած է, որ հալածանքին դիմանան։ Օրինակ, երբ հրէական բարձրագոյն ատեանը առաքեալներուն հրամայեց որ այլեւս չքարոզեն, Աստուծոյ հանդէպ սէրը զիրենք մղեց որ ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդին, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29. Ա. Յովհ. 5։3)։ Այդ ամուր սէրը ներկայիս ալ կ’օգնէ դաժան ու զօրաւոր կառավարութիւններու կողմէ հալածուող մեր եղբայրներուն, որ հաւատարիմ մնան։ Փոխանակ վհատելու, առանձնաշնորհում կը սեպենք աշխարհի ատելութեան դիմանալը (Գործք 5։41. կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։3-5)։
7. Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, երբ ընտանիքի անդամներ մեզի հակառակին։
7 Թերեւս մեր ամենամեծ փորձութիւններէն ոմանք մեր ընտանիքէն գան։ Երբ կը սկսինք ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ, մեր ընտանիքէն ոմանք թերեւս մտածեն թէ մոլորեցանք կամ խելքերնիս թռցուցինք (համեմատէ՛ Մարկոս 3։21)։ Անոնք նոյնիսկ թերեւս մեզի վայրագօրէն հակառակին, բայց անոնց ժխտական հակազդեցութիւնը պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։36)։ Անշուշտ, մեր ընտանիքը ի՛նչ աչքով ալ մեզ դիտէ, զիրենք չենք ատեր։ Ընդհակառակը, մինչ մեր սէրը Եհովայի հանդէպ կ’աւելնայ, մարդոց հանդէպ ալ պիտի աւելնայ (Մատ. 22։37-39)։ Բայց բնաւ պիտի չդադրինք Աստուածաշունչին օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հնազանդելէ, պարզապէս մարդիկը հաճեցնելու համար։
8-9. Ի՞նչը քրոջ մը օգնեց որ խիստ հակառակութեան դիմաց հաստատ մնայ։
8 Նախապէս նշուած Ճորճինան, մօր խիստ
հակառակութեան դիմաց հաստատ մնաց։ Ան կ’ըսէ. «Ես ու մայրս սկսանք Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Բայց վեց ամիս ետք, երբ ուզեցի ժողովներու երթալ, մօրս կեցուածքը 180 աստիճան փոխուեցաւ։ Գիտցայ որ ան հաւատուրացներու հետ կապի մէջ էր եւ ինծի հետ խօսած ատեն անոնց սուտ ամբաստանութիւնները կը գործածէր։ Ան նաեւ զիս կ’անարգէր, մազերս կը քաշէր, կը խեղդէր եւ հրատարակութիւններս կը թափէր։ 15 տարեկանիս մկրտուեցայ։ Մայրս փորձեց Եհովային ծառայելէ զիս կեցնել, զիս դնելով հաստատութեան մը մէջ, ուր ըմբոստ պատանիները կը կրթէին։ Պատանիներէն ոմանք թմրեցուցիչ կը գործածէին եւ շատ գէշ վարք ունէին։ Հակառակութեան դիմանալը յատկապէս դժուար կ’ըլլայ, երբ հակառակող անձը մէկն է, որ պէտք է քեզ սիրէ եւ քեզի հոգ տանի»։9 Ի՞նչը Ճորճինային օգնեց որ տոկայ։ Ան կը բացատրէ. «Ճիշդ այն օրը, երբ մայրս ինծի դէմ ելաւ, վերջացուցի ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալը։ Լիովին համոզուած էի, որ ճշմարտութիւնը գտած էի եւ Եհովային շատ մօտիկ զգացի։ Յաճախ կ’աղօթէի եւ զիս կը լսէր։ Երբ այդ հաստատութեան մէջ կը մնայի, քոյր մը զիս իր տունը կը հրաւիրէր եւ միասին Աստուածաշունչէն քննարկութիւններ կ’ունենայինք։ Այդ ժամանակամիջոցին, ժողովքի եղբայրներէն ու քոյրերէն ոյժ կ’առնէի։ Զիս իրենց ընտանիքին մէկ անդամը սեպեցին։ Փորձառաբար տեսայ որ Եհովան աւելի զօրաւոր է քան մեր հակառակորդները, ո՛վ որ ալ ըլլան անոնք»։
10. Եհովա Աստուծոյ հանդէպ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։
10 Պօղոս առաքեալ գրեց, թէ ո՛չ մէկ բան «կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռով. 8։38, 39)։ Թէեւ որոշ ժամանակ թերեւս տառապինք, Եհովան միշտ մեր կողքին է՝ մեզ մխիթարելու եւ զօրացնելու համար։ Եւ ինչպէս Ճորճինային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, Եհովան մեզի նաեւ կ’օգնէ մեր թանկագին հոգեւոր ընտանիքին միջոցաւ։
ՀԱՒԱՏԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԸ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՆԱՆՔ
11. Յովհաննէս 15։12, 13–ին մէջ Յիսուսին նկարագրած սէրը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր իր աշակերտներուն. օրինակ մը տուր։
11 Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց որ իրար սիրեն (կարդա՛ Յովհաննէս 15։12, 13)։ Ան գիտէր որ անձնազոհ սէրը անոնց պիտի օգնէր, որ միացած մնային եւ աշխարհի ատելութեան դիմանային։ Նկատի առ Թեսաղոնիկէի ժողովքին օրինակը։ Ժողովքը հաստատուելէն ի վեր, անոր անդամները կը հալածուէին։ Բայց եւ այնպէս, եղբայրներն ու քոյրերը ուղղամտութեան ու սիրոյ օրինակ դարձան (Ա. Թես. 1։3, 6, 7)։ Պօղոս զիրենք քաջալերեց որ սիրոյ մէջ «ա՛լ աւելի առատանան» (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Սէրը զիրենք պիտի մղէր ընկճուածները մխիթարելու եւ տկարներուն ձեռնտու ըլլալու (Ա. Թես. 5։14)։ Անոնք Պօղոսին թելադրութիւններուն հետեւեցան։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, որ շուրջ մէկ տարի ետք գրեց, Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ» (Բ. Թես. 1։3-5)։ Իրենց սէրը օգնեց, որ դժուարութիւններու եւ հալածանքի տոկան։
12. Պատերազմի ընթացքին որոշ երկրի մը մէջ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս իրարու հանդէպ սէր ցոյց տուին։
12 Նկատի առ նախապէս նշուած Տանիլոյին եւ իր կնոջ փորձառութիւնը։ Երբ պատերազմը իրենց քաղաքը հասաւ, անոնք շարունակեցին ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, պարագաներուն ներած չափով քարոզչութեան մասնակցիլ եւ իրենց ունեցած ուտելիքը բաժնել եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Բայց օր մը, Տանիլոյին զինեալներ մօտեցան։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք պահանջեցին որ հաւատքս ուրանամ։ Երբ մերժեցի, զիս ծեծեցին եւ ձեւացուցին թէ զիս պիտի մեռցնեն, գլխուս վրայէն կրակելով։ Երթալէ առաջ, սպառնացին որ պիտի վերադառնան եւ կինս բռնաբարեն։ Բայց եղբայրները շուտով մեզ շոգեկառքով ուրիշ քաղաք մը ղրկեցին։ Այդ եղբայրներուն սէրը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ։ Եւ երբ նոր քաղաքը հասանք, այդտեղի եղբայրները մեզի ուտելիք տուին եւ օգնեցին, որ գործ ու տուն գտնեմ։ Այսպիսով, յետագային կրցանք պատերազմական շրջանէն փախչող ուրիշ Վկաներու համար ապաստանարան ապահովել»։ Այսպիսի փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ քրիստոնէական սէրը կրնայ մեզի օգնել որ ատելութեան դիմանանք։
ՄԵՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԸ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՆԱՆՔ
13. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ շարունակենք Եհովային ծառայել, նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզ կ’ատեն։
13 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատ. 5։44, 45)։ Ատիկա ընելը դիւրի՞ն է։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց կարելի է, Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Հոգիին պտուղը կը պարփակէ սէր, ինչպէս նաեւ՝ երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։ Այս յատկութիւնները կ’օգնեն ատելութեան տոկալու։ Շատ մը հակառակողներ իրենց կեցուածքը փոխած են, քանի որ իրենց Վկայ եղող ամուսինը, կինը, զաւակը կամ դրացին այդ աստուածային յատկութիւնները ցոյց տուած է։ Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ մեր թանկագին եղբայրներն ու քոյրերը դարձած են։ Ուստի եթէ դժուար կը նկատես սիրել մէկը, որ քեզ կ’ատէ պարզապէս Եհովային ծառայելուդ համար, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ (Ղուկ. 11։13)։ Եւ լիովին համոզուած եղիր, որ Աստուծոյ կերպը միշտ լաւագոյնն է (Առ. 3։5-7)։
14-15. Հռովմայեցիս 12։17-21–ը ինչպէ՞ս Եասմինին օգնեց, որ իր ամուսինին դառն հակառակութեան դիմաց սէր ցոյց տայ։
14 Նկատի առ Եասմինին օրինակը, որ Միջին Արեւելքի մէջ կ’ապրի։ Երբ ան Եհովայի վկայ դարձաւ, իր ամուսինը խորհեցաւ թէ ան խաբուած է եւ փորձեց արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայէ։ Ան զինք անարգեց եւ քաջալերեց ազգականները, կղերական մը եւ վհուկ մը, որ իրեն սպառնան եւ ըսեն որ իր ընտանիքը կը քանդէ։ Իր ամուսինը նոյնիսկ եղբայրներուն հայհոյեց ժողովքային հանդիպումի մը ընթացքին։ Եասմին յաճախ կու լար այդ դաժան վերաբերմունքին երեսէն։
15 Թագաւորութեան սրահին մէջ, Եասմինին հոգեւոր ընտանիքը զինք մխիթարեց եւ իրեն ոյժ տուաւ։ Երէցները քաջալերեցին, որ Հռովմայեցիս 12։17-21–ին խօսքերը գործադրէ (կարդա՛)։ Եասմին կ’ըսէ. «Դժուար էր, բայց Եհովային օգնութիւնը խնդրեցի եւ լաւագոյնս ըրի որ Աստուածաշունչին ըսածը գործադրեմ։ Ուստի երբ ամուսինս դիտմամբ հող թափեց խոհանոցին մէջ, մաքրեցի։ Երբ զիս անարգեց, մեղմօրէն պատասխանեցի։ Իսկ երբ հիւանդ էր, իրեն հոգ տարի»։
16-17. Եասմինին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
16 Եասմին իր ամուսինին հանդէպ սէր ցոյց տալու համար վարձատրուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ամուսինս սկսաւ ինծի աւելի վստահիլ, քանի որ գիտէր որ միշտ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէի։ Ան սկսաւ յարգալից կերպով ինծի մտիկ ընել, երբ կրօնքի մասին կը խօսէինք, եւ համաձայնեցաւ տունին մէջ խաղաղութիւն հաստատել։ Այժմ, ի՛նք կը քաջալերէ որ ժողովներու երթամ։ Նաեւ ես եւ ամուսինս շատ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւն ունինք եւ մեր տունին մթնոլորտը հանդարտ է։ Կը յուսամ, որ ամուսինս ճշմարտութիւնը ընդունի եւ հետս Եհովային ծառայէ»։
17 Եասմինին օրինակը ցոյց կու տայ, որ սէրը «ամէն բանի կը զիջանի. . . ամէն բանի կը յուսայ, Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Ճիշդ է որ ատելութիւնը կրնայ զօրաւոր եւ վնասակար ըլլալ, բայց սէրը ատկէ աւելի զօրաւոր է։ Անով կարելի է սրտեր շահիլ։ Եւ երբ շարունակ սէր ցոյց կու տանք, Եհովան կ’ուրախացնենք։ Բայց եթէ նոյնիսկ հակառակորդները շարունակեն մեզ ատել, տակաւին կրնանք ուրախ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։
ամէն բանի կը համբերէ» (ՈՒՐԱԽ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ
18. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ, երբ կ’ատուինք։
18 Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն» (Ղուկ. 6։22)։ Մեր փափաքը չէ ատուիլ, ոչ ալ կը փորձենք նահատակ դառնալ։ Ուստի երբ կ’ատուինք, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ։ Նկատի առ երեք պատճառներ։ Առաջին, երբ կը տոկանք, Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ունենանք (Ա. Պետ. 4։13, 14)։ Երկրորդ, մեր հաւատքը կը զտուի եւ աւելի կը զօրանայ (Ա. Պետ. 1։7)։ Եւ երրորդ, պիտի ստանանք անգին վարձատրութիւն մը՝ յաւիտենական կեանքը (Հռով. 2։6, 7)։
19. Ծեծուելէ ետք, առաքեալները ինչո՞ւ ուրախ էին։
19 Յիսուսի յարութենէն շատ չանցած, առաքեալները ունեցան այն ուրախութիւնը, որուն մասին ան խօսած էր։ Զանոնք ծեծեցին եւ պատուիրեցին չքարոզել, բայց անոնք դեռ ուրախ էին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «[Յիսուսի] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։40-42)։ Իրենց Տէրոջը հանդէպ սէրը աւելի զօրաւոր էր քան՝ իրենց թշնամիներուն ատելութեան հանդէպ վախը։ Եւ իրենց սէրը ցոյց տուին, ‘չդադրելով’ բարի լուրը հռչակելէ։ Ներկայիս ալ մեր եղբայրներէն շատեր կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել՝ հակառակ դժուարութիւններուն։ Անոնք գիտեն որ Եհովան պիտի չմոռնայ իրենց գործը եւ իր անուան հանդէպ ցոյց տրուած սէրը (Եբ. 6։10)։
20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
20 Այնքա՛ն ատեն, որ այս դրութիւնը գոյութիւն ունի, աշխարհը մեզ պիտի ատէ (Յովհ. 15։19)։ Բայց պէտք չունինք վախնալու։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, Եհովան իր հաւատարիմները «պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ» (Բ. Թես. 3։3)։ Ուստի շարունակենք սիրել Եհովան, մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նոյնիսկ մեր թշնամիները։ Եթէ այս խրատին հետեւինք, միացած ու հոգեւորապէս զօրաւոր պիտի մնանք, Եհովային պատիւ պիտի բերենք եւ պիտի փաստենք, որ սէրը աւելի զօրաւոր է քան ատելութիւնը։
ԵՐԳ 72 Սիրոյ յատկութիւնը մշակենք
^ պարբ. 5 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս Եհովայի հանդէպ, մեր հաւատակիցներուն հանդէպ եւ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ սէրը կ’օգնէ, որ աշխարհի ատելութեան դիմանանք։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ Յիսուս ըսաւ, որ կրնա՛նք ուրախ ըլլալ երբ կ’ատուինք։
^ պարբ. 1 Անունները փոխուած են։
^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Զինուորներ Տանիլոյին սպառնալէ ետք, եղբայրները իրեն եւ իր կնոջ օգնեցին, որ ուրիշ վայր մը փոխադրուին, եւ հոն եղբայրները իրենց ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուին։
^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եասմինին ամուսինը իրեն հակառակեցաւ, բայց երէցները իրեն լաւ խրատ մը տուին։ Այդ խրատը իրեն օգնեց, որ լաւ կին ըլլայ, եւ իր ամուսինին հոգ տարաւ, երբ ան հիւանդ էր։