Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

Երէցնե՛ր, շարունակեցէք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել

Երէցնե՛ր, շարունակեցէք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել

«Ինծի նմանեցէ՛ք» (Ա. ԿՈՐ. 11։1

ԵՐԳ 122 Միլիոնաւոր եղբայրներ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Պօղոս առաքեալին օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ երէցներուն օգնել այսօր։

 ՊՕՂՈՍ առաքեալ եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէր։ Ան իրենց համար ծանր կ’աշխատէր (Գործք 20։31)։ Անոր համար է որ անոնք Պօղոսը շատ կը սիրէին։ Առիթով մը, Եփեսոսի երէցները ‘սաստիկ լացին’, երբ գիտցան որ այլեւս զինք պիտի չտեսնէին (Գործք 20։37)։ Նմանապէս, մեր ջանասէր երէցները շատ կը սիրեն եղբայրներն ու քոյրերը եւ ամէն բան կ’ընեն, որ իրենց օգնեն (Փլպ. 2։16, 17)։ Սակայն, երբեմն երէցները դժուարութիւններ կ’ունենան։ Ի՞նչ բան կրնայ իրենց օգնել։

2 Մեր աշխատասէր երէցները կրնան նկատի առնել Պօղոսի օրինակը (Ա. Կոր. 11։1)։ Ան գերմարդկային կարողութիւններ չունէր։ Անկատար մարդ էր եւ ատեններ կը պայքարէր, որ շիտակ բանը ընէր (Հռով. 7։18-20)։ Ատկէ զատ, ան լեցուն ուրիշ դժուարութիւններ ունէր։ Բայց չյանձնուեցաւ, ոչ ալ իր ուրախութիւնը կորսնցուց։ Եթէ երէցները Պօղոսը ընդօրինակեն, իրենք ալ կրնան իրենց դժուարութիւնները յաղթահարել եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալ։ Տեսնենք՝ ինչպէ՛ս։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս դժուարութիւններ, որ երէցները կ’ունենան. 1) իրենց քարոզչութիւնը հաւասարակշռել միւս պատասխանատուութիւններուն հետ, 2) հոգատար հովիւներ ըլլալ, 3) անձնական տկարութիւններուն հետ գլուխ ելլել, եւ 4) գիտնալ ինչպէ՛ս վարուիլ ուրիշներուն անկատարութիւններուն հետ։ Նկատի պիտի առնենք, թէ Պօղոս ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր դժուարութիւն յաղթահարեց եւ թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան իր օրինակին հետեւիլ։

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ՄԻՒՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

4. Երէցներուն համար թերեւս ինչո՞ւ դժուար ըլլայ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնել։

4 Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Երէցները քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելէ զատ, ուրիշ շատ մը պատասխանատուութիւններ ունին։ Օրինակ, շատեր կարգով կը վարեն միջշաբաթային ժողովը եւ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը։ Անոնք նաեւ դասախօսութիւններ կու տան։ Անոնք օգնական ծառաները կը մարզեն եւ ուրախութեամբ եղբայրներն ու քոյրերը շարունակ կը քաջալերեն (Ա. Պետ. 5։2)։ Կարգ մը երէցներ կը մասնակցին Թագաւորութեան սրահներու եւ ուրիշ աստուածպետական շէնքերու շինարարութեան եւ նորոգութեան։ Բայց եւ այնպէս, ժողովքի բոլոր հրատարակիչներուն պէս, ամենակարեւոր գործը որ երէցները կ’ընեն՝ քարոզչութիւնն է (Մատ. 28։19, 20

5. Պօղոս ի՞նչ օրինակ ձգեց որպէս քարոզիչ։

5 Պօղոսի օրինակը։ Փիլիպպեցիս 1։10–ին մէջ (ՆԱ), Պօղոս մեզ կը քաջալերէ, որ ընենք այն ինչ որ իրեն յաջողութիւն տուաւ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէ՛ք’։ Ան իր տուած խրատին համաձայն ապրեցաւ։ Ծառայութեան նշանակում մը ունէր, եւ երկար տարիներ այդ ծառայութիւնը աւելի կարեւոր բաներէն մէկը սեպեց։ Ան հրապարակաւ եւ «տունէ տուն» քարոզեց (Գործք 20։20, ՆԱ)։ Միայն օրուան մէջ որոշ ժամուն կամ շաբթուան մէջ որոշ օր չքարոզեց, հապա ամէն առիթ օգտագործեց քարոզելու համար։ Օրինակ, երբ Աթէնքի մէջ իր ընկերակիցներուն կը սպասէր, խումբ մը յարգուած մարդոց քարոզեց եւ լաւ արդիւնք ունեցաւ (Գործք 17։16, 17, 34)։ Եւ նոյնիսկ երբ տունի մը մէջ բանտարկուած էր, իր շուրջիններուն քարոզեց (Փլպ. 1։13, 14. Գործք 28։16-24

6. Պօղոս ի՞նչ մարզում տուաւ։

6 Պօղոս իր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեց։ Ան յաճախ ուրիշներուն ըսաւ, որ իրեն հետ ծառայեն։ Օրինակ, իր առաջին միսիոնարական շրջապտոյտին, իրեն հետ առաւ Յովհաննէս Մարկոսը, իսկ երկրորդ շրջապտոյտին՝ Տիմոթէոսը (Գործք 12։25. 16։1-4)։ Անկասկած, Պօղոս անոնց սորվեցուց թէ ինչպէ՛ս կրնան ժողովք մը կազմակերպել, ինչպէ՛ս հովուական գործը կատարել եւ ինչպէ՛ս լաւ ուսուցիչներ ըլլալ (Ա. Կոր. 4։17

Պօղոսը ընդօրինակէ՝ վկայելու պատրաստ ըլլալով (տե՛ս պարբ. 7) *

7. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հետեւիլ Պօղոսին ըսածին, որ գրուած է Եփեսացիս 6։14, 15–ին մէջ։

7 Ի՞նչ կը սորվինք։ Երէցները կրնան Պօղոսը ընդօրինակել, պատրաստ ըլլալով որեւէ առիթով վկայութիւն տալու (կարդա՛ Եփեսացիս 6։14, 15)։ Օրինակ, կրնան վկայել գնում ընելու ատեն կամ իրենց գործատեղին մէջ։ Երբ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահ մը շինելու, կրնան քարոզել շինարարութեան մօտ ապրող մարդոց եւ շինարարութեան ապրանքներ ծախողներուն։ Պօղոսին պէս, երէցները կրնան ծառայութեան ժամանակը գործածել ուրիշները մարզելու, մէջը ըլլալով օգնական ծառաները։

8. Ատեններ, երէց մը ի՞նչ պէտք է ընէ։

8 Երէցները պէտք չէ այնքա՛ն զբաղած ըլլան ժողովքի կամ շրջանի իրենց նշանակումներով, որ անտեսեն քարոզչութիւնը։ Որպէսզի հաւասարակշռուած մնան, ատեններ պէտք է կարգ մը նշանակումներ մերժեն։ Թերեւս աղօթելէ ետք, անոնք անդրադառնան, որ եթէ որոշ նշանակում մը ընդունին, պիտի չկարենան աւելի կարեւոր բաները ընել։ Օրինակ, ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքը վարել, քարոզչութեան լիովին մասնակցիլ կամ զաւակները մարզել, որ քարոզեն։ Ոմանց համար նշանակում մերժելը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը հասկնայ որ կ’ուզեն ամէն բանի մէջ հաւասարակշռուած ըլլալ։

ՀՈԳԱՏԱՐ ՀՈՎԻՒ ԸԼԼԱԼ

9. Երէցներուն համար թերեւս ի՞նչ բան դժուար է, քանի որ ընելիք շատ բան ունին։

9 Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Եհովայի ժողովուրդը շատ դժուարութիւններէ կ’անցնի։ Այս վերջին օրերուն ընթացքին, բոլորս քաջալերութեան, օգնութեան եւ մխիթարութեան պէտք ունինք։ Եւ երբեմն ոմանք օգնութեան պէտք կ’ունենան, որպէսզի սխալ բաներ չընեն (Ա. Թես. 5։14)։ Անշուշտ, երէցները չեն կրնար Եհովայի ժողովուրդին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն արգելք ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան կ’ուզէ որ երէցները իրենց ամէն կարելին ընեն, որ իր ոչխարները քաջալերեն ու պաշտպանեն։ Երէցները, որոնք արդէն ընելիք շատ բան ունին, ինչպէ՞ս կրնան ժամանակ գտնել, որ պէտք եղած օգնութիւնը տան։

Ուրիշները գովէ եւ քաջալերէ (տե՛ս պարբ. 10, 12) *

10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8–ի համաձայն, Պօղոս ինչպէ՞ս Եհովայի ծառաներուն հոգ տարաւ։

10 Պօղոսի օրինակը։ Պօղոս միշտ պատրաստ էր եղբայրներն ու քոյրերը գովելու եւ քաջալերելու։ Լաւ կ’ըլլայ, եթէ երէցները զինք ընդօրինակեն եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ սիրով ու ազնուութեամբ վարուին (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8)։ Պօղոս հաւատակիցները վստահեցուց, որ զիրենք կը սիրէր եւ թէ Եհովան ալ զիրենք կը սիրէր (Բ. Կոր. 2։4. Եփ. 2։4, 5)։ Ան ժողովքի մէջի անհատները իր բարեկամները սեպեց եւ անոնց հետ ժամանակ անցուց։ Ան ցոյց տուաւ, որ իրենց կը վստահէր, եւ բացէ ի բաց կը խօսէր իր մտահոգութիւններուն եւ տկարութիւններուն մասին (Բ. Կոր. 7։5. Ա. Տիմ. 1։15)։ Բայց ան չկեդրոնացաւ իր խնդիրներուն վրայ, հապա ուզեց իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել։

11. Պօղոս ինչո՞ւ իր եղբայրներն ու քոյրերը կը խրատէր։

11 Ատեններ պէտք եղաւ, որ Պօղոս իր եղբայրներն ու քոյրերը խրատէ։ Բայց բնա՛ւ չխրատեց, պարզապէս քանի որ ջղայնացած էր։ Ան խրատեց, քանի որ զիրենք կը հոգար եւ կ’ուզէր զիրենք վտանգներէ պաշտպանել։ Ան խրատը այնպէս մը կու տար, որ դիւրին ըլլար զայն հասկնալը, եւ կ’ուզէր գիտնալ թէ զայն ինչպէ՛ս ընդունեցին։ Օրինակ, կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, զօրաւոր խրատ մը տուաւ։ Ետքը, անոնց քով Տիտոսը ղրկեց, որպէսզի գիտնայ թէ իր նամակին ինչպէ՛ս հակազդեցին։ Եւ շա՜տ ուրախացաւ, երբ իմացաւ որ խրատը ընդունած էին եւ գործադրած էին (Բ. Կոր. 7։6, 7

12. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հաւատակիցները զօրացնել։

12 Ի՞նչ կը սորվինք։ Երէցները կրնան Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, հաւատակիցներուն հետ ժամանակ անցընելով։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկը այն է, որ ժողովներուն կանուխ գան, որպէսզի ուրիշներուն հետ իմաստալից խօսակցութիւններ ունենան։ Յաճախ կարելի է քանի մը վայրկեանուան մէջ եղբայր մը կամ քոյր մը քաջալերել (Հռով. 1։12. Եփ. 5։16)։ Պօղոսի օրինակին հետեւելով, երէց մը նաեւ կրնայ Աստուծոյ Խօսքը գործածելով հաւատակիցներուն հաւատքը զօրացնել եւ զիրենք վստահեցնել, որ Աստուած զիրենք կը սիրէ։ Ասկէ զատ, անոնց հանդէպ իր սէրը կ’արտայայտէ, անոնց հետ կապի մէջ կը մնայ եւ ամէն առիթով զիրենք կը գովէ։ Երբ պէտք ըլլայ որ խրատ տայ, իր խրատը Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը հիմնէ։ Ան մասնայատուկ բայց ազնիւ կերպով կը խօսի, քանի որ կ’ուզէ որ իր խրատը գործադրուի (Գաղ. 6։1

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

13. Երէցի մը անձնական տկարութիւնները ինչպէ՞ս կրնան իրեն ազդել։

13 Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Երէցները կատարեալ չեն։ Իրենք ալ սխալներ կ’ընեն ամէն մարդու պէս (Հռով. 3։23)։ Ատեններ, անոնք թերեւս չկարենան իրենց տկարութիւններուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ։ Ոմանք թերեւս իրենց անկատարութիւններուն վրայ այնքա՛ն կեդրոնանան որ ընկճուին։ Իսկ ուրիշներ թերեւս մտածեն, որ իրենց անկատարութիւնները այդքան ալ կարեւոր չեն եւ պէտք չունին փոփոխութիւններ ընելու։

14. Փիլիպպեցիս 4։13–ի համաձայն, խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց որ իր տկարութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։

14 Պօղոսի օրինակը։ Պօղոս խոնարհաբար ընդունեց, որ մինակը չի կրնար իր տկարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Ան Աստուծոյ ուժին պէտք ունէր։ Նախապէս, ան քրիստոնեաները խստօրէն կը հալածէր։ Բայց ետքը, ան ընդունեց իր սխալները եւ պատրաստ էր փոխելու իր կեցուածքն ու անձնաւորութիւնը (Ա. Տիմ. 1։12-16)։ Եւ Եհովայի օգնութեամբ, Պօղոս սիրալիր, կարեկից եւ խոնարհ հովիւ դարձաւ։ Ան շատ լաւ գիտէր իր անկատարութիւնները, բայց ընտրեց ոչ թէ ատոնց վրայ կեդրոնանալ, հապա՝ հաւատալ որ Եհովան իրեն պիտի ներէ (Հռով. 7։21-25)։ Ան չակնկալեց որ կատարեալ ըլլայ։ Փոխարէնը, ամէն ջանք թափեց իր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը բարելաւելու, եւ Եհովայի օգնութեան ապաւինեցաւ, որպէսզի իր գործը կատարէր (Ա. Կոր. 9։27. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13

Շատ ջանք ըրէ, որ անձնական տկարութիւններուդ հետ գլուխ ելլես (տե՛ս պարբ. 14-15) *

15. Երէցները իրենց տկարութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ պէտք է ունենան։

15 Ի՞նչ կը սորվինք։ Երէցները չեն նշանակուած, քանի որ կատարեալ են։ Սակայն Եհովան կ’ակնկալէ, որ անոնք իրենց սխալները ընդունին եւ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակեն (Եփ. 4։23, 24)։ Երէցը պէտք է ինքզինք քննէ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ։ Ետքը, Եհովան իրեն պիտի օգնէ որ ուրախ եւ յաջող ըլլայ (Յակ. 1։25

ԳԻՏՆԱԼ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

16. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ երէց մը ուրիշներու անկատարութիւններուն վրայ կեդրոնանայ։

16 Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Երբ երէցները եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ շատ ժամանակ կ’անցընեն, կրնան դիւրաւ անոնց անկատարութիւնները տեսնել։ Սակայն, եթէ երէցները ուշադիր չըլլան, կրնան բարկանալ, ազնուութեամբ չվարուիլ կամ քննադատել։ Պօղոս քրիստոնեաները զգուշացուց, որ Սատանան կ’ուզէ որ այդպէս ընեն (Բ. Կոր. 2։10, 11

17. Պօղոս եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ աչքով դիտեց։

17 Պօղոսի օրինակը։ Ան իր եղբայրներն ու քոյրերը միշտ դրական աչքով կը դիտէր։ Ան գիտէր որ սխալներ կ’ընէին, քանի որ ինքն ալ ատեններ անոնց ըրածներէն կը վիրաւորուէր։ Բայց եւ այնպէս, Պօղոս գիտէր որ գէշ կերպով վարուիլը չի նշանակեր, որ անձը գէշ է։ Ան եղբայրները կը սիրէր եւ կը կեդրոնանար իրենց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Երբ իր հաւատակիցներուն համար ճիշդը ընելը դժուար կ’ըլլար, ան կը հաւատար որ անոնք կ’ուզէին ճիշդը ընել եւ պարզապէս օգնութեան պէտք ունէին։

18. Եւոդիայի եւ Սիւնտիքի նկատմամբ Պօղոսի ըրածէն ի՞նչ կը սորվիս (Փիլիպպեցիս 4։1-3

18 Օրինակ, նկատի առ թէ Պօղոս ինչպէ՛ս վարուեցաւ երկու քոյրերու հետ Փիլիպպէի ժողովքին մէջ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։1-3)։ Այնպէս կ’երեւի թէ Եւոդիան եւ Սիւնտիքը անհասկացողութիւններ ունենալով իրարմէ նեղուած էին։ Պօղոս անոնց հետ կոշտութեամբ կամ քննադատական կերպով չվարուեցաւ, հապա կեդրոնացաւ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Անոնք հաւատարիմ քոյրեր էին, որոնք երկար ժամանակ Եհովային ծառայած էին։ Պօղոս գիտէր, որ Եհովան զիրենք կը սիրէր։ Անոնց հանդէպ դրական տեսակէտ ունենալով, ան մղուեցաւ քոյրերը քաջալերելու, որ իրարու միջեւ խաղաղութիւն ընեն։ Որովհետեւ Պօղոս ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանար, կրցաւ իր ուրախութիւնը պահել եւ նոյն ժողովքին մէջ զօրաւոր բարեկամութիւններ ունենալ։

Ջանա՛ ուրիշները չքննադատել (տե՛ս պարբ. 19) *

19. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հաւատակիցները դրական աչքով դիտել։ բ) Ի՞նչ կը սորվիս այն նկարէն, ուր երէց մը Թագաւորութեան սրահը կը մաքրէ։

19 Ի՞նչ կը սորվինք։ Երէցնե՛ր, եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացէք։ Թէեւ անոնք անկատար են, բայց ամէն մէկը ունի գեղեցիկ յատկութիւններ (Փլպ. 2։3)։ Ճիշդ է որ երէցները ատեն–ատեն խրատ կու տան եղբօր մը կամ քրոջ մը։ Բայց Պօղոսին պէս, երէցները պէտք է ջանք ընեն, որ չկեդրոնանան անհատին վիրաւորական խօսքերուն եւ արարքներուն վրայ։ Փոխարէնը, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնեն, թէ անհատը Եհովան կը սիրէ, իր ծառայութեան մէջ կը տոկայ եւ կրնա՛յ աւելի լաւ մէկը ըլլալ։ Այն երէցները, որոնք կը կեդրոնանան ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն վրայ, ժողովքին մէջ կը ստեղծեն ջերմ մթնոլորտ մը, ուր եղբայրները սիրուած կը զգան։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷ՛Ք ՊՕՂՈՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ

20. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան շարունակել Պօղոսի օրինակէն օգտուիլ։

20 Երէցնե՛ր, Պօղոսի օրինակը շարունակ սերտելով պիտի օգտուիք։ Օրինակ, Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ (արաբ.), «Պօղոս» վերնագիրին տակ տեսէք՝ «օրինակ՝ երէցներուն համար» ենթավերնագիրը։ Երբ հոն յիշուած նիւթերը կը կարդաք, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Պօղոսի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել որ ուրախ մնամ, մինչ որպէս երէց կը ծառայեմ’։

21. Երէցները ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։

21 Երէցնե՛ր, յիշեցէք որ Եհովան ձեզմէ չի խնդրեր, որ կատարեալ ըլլաք. հապա կը խնդրէ որ հաւատարիմ ըլլաք (Ա. Կոր. 4։2)։ Եհովան գնահատեց Պօղոսի ծանր աշխատանքը եւ հաւատարմութիւնը։ Դուք ալ կրնաք վստահ ըլլալ, որ Աստուած կ’արժեւորէ ամէն բան, որ կ’ընէք իր ծառայութեան մէջ։ Ան բնա՛ւ «անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք» (Եբ. 6։10

ԵՐԳ 119 Եկէք եւ թարմացէք

^ պարբ. 5 Մենք շատ շնորհակալ ենք սիրալիր երէցներուն ծանր աշխատանքին համար, որ մեզի օգնեն։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս դժուարութիւններ, որ երէցները կ’ունենան։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան օգտուիլ Պօղոս առաքեալի օրինակէն։ Նիւթը բոլորիս պիտի օգնէ, որ երէցներուն կարեկցինք ու իրենց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք եւ իրենց գործը դիւրացնենք։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը գործատեղը ձգելու ատեն բարի լուրը կը քարոզէ գործակիցի մը։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը ջերմօրէն կը խրատէ եղբայր մը, որ կը սիրէ առանձնանալ։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը օգտակար խրատ կու տայ մէկու մը, որ բանէ մը նեղուած է։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը չի քննադատեր եղբայր մը, որ իրեն նշանակուած գործը ձգած է ու հեռաձայնով զբաղած է։