Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12

Կը տեսնե՞ս ինչ որ Զաքարիան տեսաւ

Կը տեսնե՞ս ինչ որ Զաքարիան տեսաւ

«‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը» (ԶԱՔ. 4։6

ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Աքսորուած հրեաներուն առջեւ ի՞նչ դուռ բացուեցաւ։

 ՀՐԵԱՆԵՐԸ շատ խանդավառ էին։ Եհովա Աստուած «Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց», որպէսզի ազատ արձակէ հրեաները, որոնք տասնեակ տարիներ բաբելոնական գերութեան մէջ էին։ Թագաւորը յայտարարեց, որ անոնք կրնային իրենց հայրենիքը վերադառնալ ու ‘Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն տունը շինել’ (Եզր. 1։1, 3)։ Ի՜նչ հետաքրքրաշարժ հրովարտակ մըն էր։ Ատիկա նշանակեց, որ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր այն երկրին մէջ, որ իր ժողովուրդին տուած էր։

2. Երուսաղէմ վերադարձող հրեաները, սկիզբը ի՞նչ կրցան ընել։

2 Ք.Ա. 537–ին, առաջին աքսորեալները հասան Երուսաղէմ, որ Յուդայի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Անոնք շուտով սկսան տաճարը շինել, եւ Ք.Ա. 536–ին, արդէն անոր հիմը դրած էին։

3. Հրեաները ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեցին։

3 Սակայն, տաճարը վերաշինելու սկսելէ ետք, հրեաները սկսան զօրաւոր հակառակութիւն դիմագրաւել։ Հոն ապրող մարդիկը՝ «Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին» (Եզր. 4։4)։ Վիճակը աւելի գէշ եղաւ, երբ Ք.Ա. 522–ին Արտաշէս եղաւ պարսիկներու նոր թագաւորը *։ Հակառակորդները մտածեցին առիթը օգտագործել եւ շինարարութեան վերջ դնել՝ «օրէնքին անունով չարիք պատրաստելով» (Սաղ. 94։20, ՆԱ)։ Անոնք թագաւորին նամակ մը ղրկեցին եւ ըսին, որ հրեաները կը ծրագրեն իրեն դէմ ըմբոստանալ (Եզր. 4։11-16)։ Անոնց սուտերուն հաւատալով, թագաւորը արգիլեց տաճարին շինութիւնը (Եզր. 4։17-23)։ Այսպէս, հրեաները դադրեցան տաճարը շինելէ (Եզր. 4։24

4. Եհովան ի՞նչ ըրաւ, երբ հակառակորդները կրցան տաճարի շինարարութիւնը կեցնել (Եսայի 55։11

4 Երկրին հեթանոս բնակիչները եւ պարսկական կառավարութեան մէջ կարգ մը մարդիկ վճռած էին տաճարին շինարարութիւնը կեցնել։ Բայց Եհովան վճռած էր տաճարին շինարարութիւնը ամբողջացնել, եւ ան միշտ իր նպատակը կ’իրագործէ (կարդա՛ Եսայի 55։11)։ Ան Զաքարիան մարգարէ նշանակեց եւ անոր տուաւ հետաքրքրական ութ տեսիլքներ, որոնք պէտք էր հրեաներուն պատմէր՝ զիրենք քաջալերելու համար։ Այդ տեսիլքները հրեաներուն օգնեցին, որ տեսնեն թէ պէտք չունին իրենց հակառակորդներէն վախնալու, եւ զիրենք քաջալերեցին որ շարունակեն այն գործը, որ Եհովան կ’ուզէ որ ընեն։ Այդ տեսիլքներուն հինգերորդին մէջ, Զաքարիան տեսաւ աշտանակ մը եւ երկու ձիթենիներ։

5. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

5 Բոլորս ալ երբեմն կ’ընկճուինք։ Ուստի, կրնանք օգտուիլ՝ նկատի առնելով այն քաջալերութիւնը, որ Եհովան Զաքարիայի 5–րդ տեսիլքին միջոցաւ հրեաներուն տուաւ։ Այս տեսիլքը հասկնալը կրնայ մեզի օգնել, որ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայենք, երբ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք, երբ մեր պարագաները կը փոխուին եւ երբ կը ստանանք ուղղութիւն մը, որ չենք հասկնար։

ԵՐԲ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸԼԼԱՅ

Զաքարիան տեսիլքի մը մէջ տեսաւ երկու ձիթենիներ, որոնք իւղ կը հայթայթեն եօթը ճրագ ունեցող աշտանակի մը (տե՛ս պարբ. 6)

6. Զաքարիա 4։1-3–ի մէջ նկարագրուած աշտանակին եւ երկու ձիթենիներուն տեսիլքը ինչպէ՞ս քաջալերեց հրեաները (տե՛ս կողքին նկարը)։

6 Կարդա՛ Զաքարիա 4։1-3։ Աշտանակին ու երկու ձիթենիներուն տեսիլքը հրեաներուն քաջութիւն տուաւ, որ հակառակութիւնը յաղթահարեն։ Ինչպէ՞ս։ Նկատեցի՞ր որ աշտանակին շարունակ իւղ կու գար։ Երկու ձիթենիներէն իւղ կը հոսէր բաժակի մը մէջ։ Ետքը, իւղը բաժակէն եօթը խողովակներով կը հոսէր դէպի աշտանակին եօթը ճրագները։ Այս իւղը թոյլ կու տար, որ ճրագները շարունակ վառէին։ Զաքարիան հարցուց. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Հրեշտակը պատասխանեց՝ տալով Եհովային կողմէ այս պատգամը. «‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը» (Զաք. 4։4, 6)։ Ձիթենիներէն հոսող իւղը ներկայացուց Եհովային զօրաւոր սուրբ հոգին, որ բնա՛ւ չի հատնիր։ Սուրբ հոգին շա՜տ աւելի զօրաւոր էր, քան ամբողջ պարսկական բանակը։ Եհովան տաճարը շինողներուն կողքին ըլլալով, անոնք պիտի կարենային հակառակութեան դէմ դնել եւ իրենց գործը ամբողջացնել։ Այս պատգամը որքա՜ն քաջալերական էր։ Հրեաներէն միայն մէկ բան պահանջուած էր. Եհովային վստահիլ ու գործի անցնիլ։ Եւ այդպէս ալ ըրին, հակառակ անոր որ արգիլումը դեռ կը շարունակուէր։

7. Ի՞նչ փոփոխութիւն օգնեց տաճարը շինողներուն։

7 Փոփոխութիւն մը եղաւ, որ դիւրացուց տաճարը շինողներուն գործը։ Ի՞նչ փոփոխութիւն։ Նոր թագաւոր մը՝ Դարեհ Ա., Պարսկաստանի վրայ սկսաւ իշխել։ Իր իշխանութեան երկրորդ տարին, այսինքն՝ Ք.Ա. 520–ին, ան գիտցաւ որ տաճարի շինարարութեան արգիլումը օրինաւոր չէր։ Ուստի, իր հաւանութիւնը տուաւ որ գործը վերսկսի ու ամբողջանայ (Եզր. 6։1-3)։ Թագաւորին որոշումը բոլորը անակնկալի բերաւ։ Բայց ան աւելին ալ ըրաւ։ Ան շուրջի ժողովուրդներուն հրամայեց, որ չհակառակին հրեաներուն եւ անոնց տան դրամ ու ամէն ինչ որ պէտք է տաճարի շինարարութիւնը վերջացնելու համար (Եզր. 6։7-12)։ Այսպէս, հինգ տարի չանցած, տաճարի շինարարութիւնը ամբողջացաւ Ք.Ա. 515–ին (Եզր. 6։15

Եհովայի զօրութեան ապաւինէ, երբ հակառակութիւն կը դիմագրաւես (տե՛ս պարբ. 8)

8. Ինչո՞ւ կրնաս քաջ ըլլալ, երբ հակառակութիւն կը դիմագրաւես։

8 Այսօր ալ Եհովայի ծառաներէն շատեր հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, ոմանք կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է։ Այդ երկիրներուն մէջ, եղբայրները թերեւս ձերբակալուին եւ ‘կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ տարուին’, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար (Մատ. 10։17, 18)։ Երբեմն կառավարութիւն մը փոխուելով, եղբայրներն ու քոյրերը պաշտամունքի աւելի ազատութիւն կ’ունենան։ Կամ ալ թերեւս արդար դատաւոր մը առնէ որոշում մը ի նպաստ մեր գործին։ Ուրիշ Վկաներ տարբեր տեսակի հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Անոնք կ’ապրին երկրի մը մէջ, ուր կրնան ազատօրէն Եհովան պաշտել, բայց իրենց ընտանիքի անդամները կը փորձեն արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայեն (Մատ. 10։32-36)։ Շատ մը պարագաներու, ընտանիքի անդամները հակառակելէ կը կենան, երբ կը տեսնեն որ իրենց ջանքերը արդիւնք չեն տար։ Եւ կարգ մը պարագաներու, անոնք որոնք վայրագօրէն հակառակեցան, ետքը նախանձախնդիր Վկաներ դարձան։ Երբ հակառակութիւն դիմագրաւես, մի՛ յանձնուիր։ Քաջ եղիր։ Եհովան իր զօրաւոր սուրբ հոգիով քեզի կ’օգնէ. ուստի, պէտք չունիս բանէ մը վախնալու։

ԵՐԲ ՄԵՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ

9. Ինչո՞ւ կարգ մը հրեաներ տխրեցան, երբ նոր տաճարին հիմը դրուեցաւ։

9 Երբ նոր տաճարին հիմը դրուեցաւ, տարեց հրեաներէն ոմանք լացին (Եզր. 3։12)։ Անոնք տեսած էին Սողոմոնի շինած փառաւոր տաճարը եւ զգացին, որ նորը հինին հետ բաղդատած՝ ոչինչի պէս էր (Ան. 2։2, 3)։ Անոնք շա՜տ տխուր էին, քանի որ նոր տաճարը եւ հին տաճարը իրարու հետ բաղդատեցին։ Զաքարիայի տեսիլքը անոնց պիտի օգնէր, որ իրենց ուրախութիւնը վերագտնէին։ Ինչպէ՞ս։

10. Զաքարիա 4։8-10–ի մէջ արձանագրուած հրեշտակին խօսքը ինչպէ՞ս հրեաներուն օգնեց, որ իրենց յուսախաբութիւնը յաղթահարեն։

10 Կարդա՛ Զաքարիա 4։8-10։ Հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ հրեաները ‘պիտի ուրախանային երբ տեսնէին կապարալարը Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ’։ Կապարալարը գործիք մըն է, որ ցոյց կու տայ թէ բան մը հարիւր առ հարիւր ուղի՛ղ է կամ ոչ։ Այսպէս, հրեշտակը Աստուծոյ ժողովուրդը վստահեցուց, որ տաճարը որքա՛ն ալ համեստ կ’երեւէր ոմանց աչքին, պիտի ամբողջանար եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն պիտի ըլլար։ Եհովան անով ուրախ պիտի ըլլար, ուստի ինչո՞ւ իրե՛նք ուրախ պիտի չըլլային։ Եհովային համար կարեւորը այն էր, որ նոր տաճարին մէջ զինք պաշտէին իր չափանիշներուն համաձայն։ Եթէ հրեաները կեդրոնանային Եհովան ընդունելի կերպով պաշտելուն եւ իր հաճութիւնը ունենալուն վրայ, նորէն ուրախ պիտի ըլլային։

Ջանա՛ նոր պարագաներուդ նկատմամբ դրական ըլլալ (տե՛ս պարբ. 11-12) *

11. Եհովայի ծառաներէն ոմանք ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։

11 Մեզմէ շատեր դժուարութեան կը մատնուին, երբ իրենց պարագաները կը փոխուին։ Ոմանք, որոնք երկար տարիներ յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ էին, տարբեր նշանակում ստացան։ Ուրիշներ իրենց տարիքին պատճառաւ ստիպուեցան ձգել առանձնաշնորհում մը, որ շատ կը սիրէին։ Բնական է որ յուսախաբ զգանք, երբ այսպիսի փոփոխութիւններու ենթարկուինք։ Սկիզբը թերեւս որոշումը լման կերպով չհասկնանք կամ անոր հետ համաձայն չգտնուինք։ Թերեւս կարօտնանք առաջուան պայմանները։ Եւ կրնայ ըլլալ որ ընկճուինք, զգալով որ մեր նոր պարագաներուն մէջ քիչ բան կրնանք ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ (Առ. 24։10)։ Զաքարիայի տեսիլքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ շարունակենք մեր լաւագոյնը տալ Աստուծոյ։

12. Զաքարիայի տեսիլքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ չընկճուինք երբ մեր պարագաները կը փոխուին։

12 Փոփոխութեան հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ կ’ելլենք, երբ հարցերը Եհովային տեսանկիւնէն կը դիտենք։ Ան ներկայիս մեծ բաներ կ’իրագործէ, եւ մենք իր գործակիցները ըլլալու յատուկ առանձնաշնորհումը ունինք (Ա. Կոր. 3։9)։ Ճիշդ է որ մեր առանձնաշնորհումները կրնան փոխուիլ, բայց մեզի հանդէպ Եհովայի սէրը չի փոխուիր։ Անոր համար, եթէ կազմակերպութեան ըրած մէկ փոփոխութիւնը քեզի ազդէ, շատ ժամանակ մի՛ վատներ մտածելով, թէ ի՛նչ պատճառներով այդ փոփոխութիւնը եղաւ։ Փոխանակ «առաջուան օրերը» կարօտնալու, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ փոփոխութեան լաւ կողմերը տեսնելու (Ժող. 7։10)։ Փոխանակ մտածելու այն բաներուն մասին, որ այլեւս չես կրնար ընել, մտածէ այն բոլոր բաներուն մասին, որ հիմա կրնաս ընել։ Զաքարիայի տեսիլքէն կը սորվինք, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ դրական կեցուածք ունենանք։ Այսպէս, ուրախ եւ հաւատարիմ պիտի մնանք, նոյնիսկ երբ մեր պարագաները կը փոխուին։

ԵՐԲ ՏՐՈՒԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԻԼԸ ԴԺՈՒԱՐ Է

13. Կարգ մը հրեաներ թերեւս ինչո՞ւ մտածեցին, որ տաճարին շինարարութիւնը շարունակելը լաւ գաղափար մը չէր։

13 Տաճարը վերաշինելու գործը արգիլուած էր։ Հակառակ ասոր, առաջնորդութիւն առնելու նշանակուած տղամարդիկը՝ Յեսու քահանայապետը եւ Զօրաբաբէլ կառավարիչը, «Աստուծոյ տունը շինել սկսան» (Եզր. 5։1, 2)։ Հրեաներէն ոմանք թերեւս մտածեցին, որ ատիկա լաւ որոշում մը չէր։ Տաճարին շինարարութիւնը կարելի չէր ծածուկ պահել թշնամիներէն, որոնք պատրաստ էին ամէն միջոց գործածելու, որ խնդիրներ հանէին։ Երկու պատասխանատու տղամարդիկը՝ Յեսու եւ Զօրաբաբէլ, պէտք ունէին գիտնալու, թէ Եհովան իրենց կողքին էր։ Ինչպէ՞ս այս մէկը գիտցան։

14. Զաքարիա 4։12, 14–ի համաձայն, Յեսու քահանայապետը եւ Զօրաբաբէլ կառավարիչը ի՞նչ բան գիտցան։

14 Կարդա՛ Զաքարիա 4։12, 14։ Զաքարիայի տեսիլքին այս մասին մէջ, հրեշտակը Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէին կը յայտնէ, որ երկու ձիթենիները կը ներկայացնեն «երկու օծեալները»՝ Յեսուն եւ Զօրաբաբէլը։ Անոնք այլաբանօրէն կայնած էին «բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ», այսինքն՝ Եհովային առջեւ։ Ատիկա մեծ պատիւ մըն էր։ Եհովան անոնց կը վստահէր։ Ուստի, հրեաները ամէն պատճառ ունէին վստահելու անոնց որոշումներուն եւ Աստուծոյ ուղղութեան, ի՛նչ որ ալ ըլլար այդ ուղղութիւնը։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ կը յարգենք այն ուղղութիւնը, որ Աստուծոյ Խօսքէն կը ստանանք։

15 Այսօր, Եհովան կը շարունակէ իր ժողովուրդին ուղղութիւն տալ իր Խօսքին միջոցաւ։ Աստուածաշունչին մէջ մեզի կ’ըսէ, թէ ինչպէ՛ս զինք ընդունելի կերպով պաշտենք։ Կրնանք ցոյց տալ, թէ կը յարգենք այն ուղղութիւնը, որ Աստուծոյ Խօսքէն կը ստանանք, ժամանակ տրամադրելով որ զայն ուշադրութեամբ կարդանք ու հասկնանք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Երբ կը կարդամ Աստուածաշունչը կամ մեր մէկ հրատարակութիւնը, կանգ կ’առնեմ ու կը խոկա՞մ։ Փնտռտուք կ’ընե՞մ, որ հասկնամ Աստուածաշունչի այն ճշմարտութիւնները, որոնք «դժուարիմաց» են, թէ ոչ՝ պարզապէս նիւթին վրայէն արագօրէն կ’անցնիմ’ (Բ. Պետ. 3։16)։ Եթէ ժամանակ տանք, որ խոկանք Եհովայի սորվեցուցածներուն վրայ, պիտի կարենանք իր ուղղութեան հետեւիլ եւ մեր քարոզչութիւնը կատարել (Ա. Տիմ. 4։15, 16

Վստահէ՛ այն ուղղութեան, որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»էն կը ստանաս (տե՛ս պարբ. 16) *

16. Երբ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին տուած մէկ ուղղութիւնը լիովին չենք հասկնար, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ անոր հետեւինք։

16 Եհովան ուղղութիւն տալու համար նաեւ կը գործածէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45)։ Երբեմն, այս ծառան թերեւս տայ ուղղութիւններ, որոնք լիովին չհասկնանք։ Օրինակ, թերեւս ստանանք մասնաւոր ուղղութիւններ, որոնք մեզ կը պատրաստեն բնական աղէտէ մը ազատելու, եւ մեր կարծիքով՝ հաւանական չէ որ այդ աղէտը մեր շրջանին մէջ պատահի։ Կամ թերեւս զգանք, որ ծառան չափէ դուրս զգոյշ է համավարակի մը ընթացքին։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ զգանք որ տրուած ուղղութիւնները գործնական չեն։ Կրնանք մտածել, թէ հրեաները ինչպէ՛ս օգտուեցան, երբ ըրին ի՛նչ որ Յեսուն եւ Զօրաբաբէլը ըսին որ ընեն։ Նաեւ կրնանք մտածել Աստուածաշունչի ուրիշ պատմութիւններու մասին, որոնք կարդացած ենք։ Երբեմն, Աստուծոյ ծառաները ստացան ուղղութիւն մը, որ գործնական չերեւցաւ, բայց իրենց կեանքը ազատեց (Դատ. 7։7. 8։10

ՏԵ՛Ս ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՏԵՍԱԾԸ

17. Աշտանակին եւ երկու ձիթենիներուն տեսիլքը ինչպէ՞ս հրեաներուն ազդեց։

17 Զաքարիայի տեսած 5–րդ տեսիլքը թէեւ ամփոփ էր, բայց հրեաներուն օգնեց որ նախանձախնդրաբար շարունակեն իրենց գործը եւ պաշտամունքը։ Եւ երբ Զաքարիայի տեսածին համաձայն վարուեցան, զգացին Եհովայի սիրալիր օգնութիւնը եւ ուղղութիւնը։ Եհովան իր զօրաւոր սուրբ հոգիին միջոցաւ, անոնց օգնեց որ իրենց գործը շարունակեն եւ նորէն ուրախ ըլլան (Եզր. 6։16

18. Զաքարիայի տեսիլքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի ազդել։

18 Աշտանակին եւ երկու ձիթենիներուն տեսիլքը կրնայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ կեանքիդ վրայ։ Ինչպէս քննարկեցինք, անիկա քեզի պիտի տայ պէտք եղած զօրութիւնը, որ հակառակորդներուն դէմ դնես, պէտք եղած ուրախութիւնը, որ փոխուած պարագաներուդ հետ գլուխ ելլես, եւ պէտք եղած վստահութիւնը, որ հնազանդիս քեզի տրուած այն ուղղութեան, որ չես հասկնար։ Ի՞նչ պէտք է ընես, երբ դժուարութիւններու հանդիպիս։ Նա՛խ, տե՛ս Զաքարիայի տեսածը, այսինքն՝ փաստ, որ Եհովան իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։ Ետքը, տեսածիդ համաձայն վարուէ՝ Եհովային վստահելով եւ զինք ամբողջ սրտովդ պաշտելով (Մատ. 22։37)։ Եթէ այդպէս ընես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ ուրախութեամբ իրեն ծառայես յաւիտեան (Կող. 1։10, 11

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

^ պարբ. 5 Եհովան Զաքարիա մարգարէին տուաւ շարք մը հետաքրքրական տեսիլքներ։ Զաքարիայի տեսածը զինք եւ Եհովային ժողովուրդը զօրացուց, որ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Այդ տեսիլքները կրնան մեզի ալ օգնել, որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք, հակառակ մեր դժուարութիւններուն։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք կարգ մը արժէքաւոր դասեր, որոնք կրնանք սորվիլ Զաքարիայի հինգերորդ տեսիլքէն, որուն մէջ տեսաւ աշտանակ մը եւ երկու ձիթենիներ։

^ պարբ. 3 Տարիներ ետք, Նէեմիայի օրերուն, Արտաշէս անունով ուրիշ թագաւոր մը շատ ազնիւ գտնուեցաւ հրեաներուն հանդէպ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը պէտքը կը տեսնէ, որ իր տարիքին ու վատ առողջութեան բերած նոր պարագաներուն յարմարի։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը կը խոկայ այն իրողութեան վրայ, թէ Եհովան թիկունք կը կանգնի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին, ինչպէս որ Յեսուին ու Զօրաբաբէլին օգնեց։