Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ

Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ

«Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը» (ԿՈՂ. 3։10, ՆԱ

ԵՐԳ 11 Եհովայի սիրտը ուրախացնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բան մեծապէս կը կաղապարէ մեր անձնաւորութիւնը։

 ՄԵՐ մկրտութեան վրայ անցած ըլլան օրեր կամ տասնեակ տարիներ, բոլորս կ’ուզենք ունենալ այն անձնաւորութիւնը, որ Եհովան կը սիրէ։ Այդ անձը ըլլալու համար, պէտք է մեր մտածումը զսպենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր մտածումները մեծապէս կը կաղապարեն մեր անձնաւորութիւնը։ Եթէ միշտ կը մտածենք մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն մասին, գէշ բաներ պիտի ըսենք ու ընենք (Եփ. 4։17-19)։ Միւս կողմէ, եթէ մեր միտքը լաւ մտածումներով կը լեցնենք, շատ աւելի հաւանական է, որ խօսինք ու վարուինք այնպիսի կերպով մը, որ կը հաճեցնէ մեր Հայրը՝ Եհովան (Գաղ. 5։16

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

2 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, մենք չենք կրնար բոլոր գէշ մտածումները արգիլել, որ մեր միտքը գան։ Բայց կրնա՛նք ընտրել անոնց համաձայն չվարուիլ։ Մկրտուելէ առաջ, պէտք է այլեւս չխօսինք ու չվարուինք կերպով մը, որ Եհովան կ’ատէ։ Ասիկա հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանելու առաջին ու ամենակարեւոր քայլն է։ Սակայն, լիովին Եհովան հաճեցնելու համար, պէտք է նաեւ հնազանդինք այս պատուէրին. «Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը» (Կող. 3։10, ՆԱ)։ Այժմ պիտի պատասխանենք այս երկու հարցումներուն. Ի՞նչ է «նոր անձնաւորութիւնը»։ Ինչպէ՞ս կրնանք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ ու հագած մնալ։

Ի՞ՆՉ Է «ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ»

3. Ի՞նչ է «նոր անձնաւորութիւնը», եւ անհատ մը ինչպէ՞ս զայն կը հագնի (Գաղատացիս 5։22, 23

3 Մէկը որ «նոր անձնաւորութիւնը» ունի, Եհովան կ’ընդօրինակէ։ Անհատը նոր անձնաւորութիւնը իր վրայ կ’առնէ, Աստուծոյ հոգիին պտուղը ցուցաբերելով, թոյլ տալով որ սուրբ հոգին իր մտածումներուն, զգացումներուն եւ գործերուն ազդէ (կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23)։ Օրինակ, ան Եհովան եւ Իր ժողովուրդը կը սիրէ (Մատ. 22։36-39)։ Ան կը շարունակէ ուրախ մնալ, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնի (Յակ. 1։2-4)։ Ան խաղաղութիւն ընող է (Մատ. 5։9)։ Ուրիշներուն հետ համբերութեամբ ու ազնուութեամբ կը վարուի (Կող. 3։12, 13)։ Ան կը սիրէ բարիք ընել (Ղուկ. 6։35)։ Իր գործերով ցոյց կու տայ, որ իր երկնաւոր Հօր հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունի (Յակ. 2։18)։ Ան հանդարտ կը մնայ, երբ մէկը զինք ջղայնացնէ, եւ ինքզինք կը զսպէ փորձութեան տակ (Ա. Կոր. 9։25, 27. Տիտ. 3։2

4. Նոր անձնաւորութիւնը հագնելու համար, Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ յիշուած յատկութիւնները կրնա՞նք մէկ–մէկ զարգացնել. բացատրէ։

4 Նոր անձնաւորութիւնը հագնելու համար, պէտք է զարգացնենք այն բոլոր յատկութիւնները, որոնք յիշուած են Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ եւ Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներու մէջ *։ Այդ յատկութիւնները չեն նմանիր հագուստի մը կտորներուն, որոնք մէկ առ մէկ կը հագուինք։ Իրականութեան մէջ, այդ յատկութիւններէն ոմանք ուրիշ յատկութիւններու հետ շաղուած են։ Օրինակ, եթէ ընկերդ իրապէս կը սիրես, իրեն հանդէպ համբերող ու ազնիւ պիտի գտնուիս։ Եւ որպէսզի իսկապէս բարի մէկը ըլլաս, պէտք է հեզութիւն ու ինքնազսպում ունենաս։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԳՆԻԼ

Ո՛րքան աւելի սորվինք Յիսուսին պէս մտածել, ա՛յնքան աւելի պիտի յաջողինք իր անձնաւորութիւնը արտացոլել (տե՛ս պարբ. 5, 8, 10, 12, 14)

5. Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոսին միտքը» ունենալ, եւ ինչո՞ւ պէտք է Յիսուսի կեանքին մասին սերտենք (Ա. Կորնթացիս 2։16

5 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 2։16։ Նոր անձնաւորութիւնը հագնելու համար, պէտք է «Քրիստոսին միտքը» ունենանք։ Ուրիշ խօսքով, պէտք է սորվինք թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը մտածէ եւ ետքը զինք ընդօրինակենք։ Յիսուս կատարեալ կերպով Աստուծոյ հոգիին պտուղը կը ցուցաբերէ։ Ան անթերի հայելիի մը պէս, Եհովայի յատկութիւնները կ’արտացոլէ ինչպէս որ են (Եբ. 1։3)։ Ո՛րքան աւելի Յիսուսին պէս մտածենք, ա՛յնքան աւելի իրեն պէս պիտի վարուինք եւ ա՛յնքան աւելի պիտի յաջողինք իր անձնաւորութիւնը ունենալ (Փլպ. 2։5

6. Ի՞նչ կէտեր պէտք է ի մտի ունենանք, երբ կը ջանանք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։

6 Իրապէս կարելի՞ է որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Թերեւս մտածենք. ‘Յիսուս կատարեալ է։ Ես բնա՛ւ չեմ կրնար կատարելապէս իրեն պէս ըլլալ’։ Եթէ այդպէս կը զգաս, յիշէ այս կէտերը։ Առաջին, դուն այնպէս մը ստեղծուած ես, որ Եհովային եւ Յիսուսին նմանիս։ Ուստի, կրնա՛ս զիրենք ընդօրինակել եւ կրնա՛ս որոշ չափով յաջողիլ (Ծն. 1։26)։ Երկրորդ, Աստուծոյ սուրբ հոգին ամենազօրաւոր ուժն է տիեզերքի մէջ։ Անոր օգնութեամբ, կրնաս իրագործել բաներ, որոնք առանձին բնա՛ւ չես կրնար ընել։ Երրորդ, Եհովան քեզմէ չ’ակնկալեր, որ ներկայիս կատարելապէս ցուցաբերես հոգիին պտուղը։ Իրականութեան մէջ, մեր սիրալիր Հայրը 1000 տարի յատկացուցած է, որպէսզի երկրային յոյս ունեցողները կատարելութեան հասնին (Յայտ. 20։1-3)։ Ինչ որ Եհովան ներկայիս մեզմէ կը պահանջէ, այն է՝ որ մեր լաւագոյնը ընենք եւ օգնութեան համար իրեն ապաւինինք։

7. Այժմ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։

7 Ճիշդ ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Կարճ կերպով պիտի քննարկենք Աստուծոյ հոգիին պտուղէն չորս երեսակներ։ Ամէն անգամ, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Յիսուս այդ յատկութիւնները ցուցաբերեց։ Եւ նկատի պիտի առնենք կարգ մը հարցումներ, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մեր նոր անձնաւորութիւնը բարելաւենք։

8. Յիսուս ինչպէ՞ս սէր ցուցաբերեց։

8 Եհովայի հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը զինք մղեց, որ զոհողութիւններ ընէ իր Հօր համար եւ մեզի համար (Յովհ. 14։31. 15։13)։ Երկրի վրայ, Յիսուս իր ապրելակերպով ցոյց տուաւ, թէ որքա՜ն կը սիրէ մարդիկը։ Ան ամէն օր գթասիրտ ու կարեկից էր, նոյնիսկ երբ ոմանք իրեն հակառակեցան։ Իր սէրը գլխաւորաբար ցոյց տուաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելով (Ղուկ. 4։44, 45)։ Ան նաեւ իր անձնազոհ սէրը փաստեց՝ յօժարելով չարչարուիլ ու մեռնիլ մեղաւորներու ձեռքով։ Այսպէս, ան ճամբան բացաւ, որ բոլորս ալ ձեռք ձգենք յաւիտենական կեանքը։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին պէս սէր ցոյց տալ։

9 Մենք Եհովային նուիրուեցանք ու մկրտուեցանք, քանի որ զինք շատ կը սիրենք։ Անոր համար, Յիսուսին պէս, պէտք է Եհովային հանդէպ սէր ցոյց տանք՝ մարդոց հետ մեր վարուած կերպով։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։20)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Մարդոց հանդէպ խոր սէր զարգացուցա՞ծ եմ։ Ուրիշներուն հանդէպ կարեկից կը գտնուի՞մ, նոյնիսկ երբ հետս կոշտ կերպով վարուին։ Սէրէ մղուած՝ ժամանակս եւ նիւթական միջոցներս կը գործածե՞մ, որպէսզի ուրիշներուն օգնեմ որ Եհովային մասին սորվին։ Ասիկա ընելու պատրա՞ստ եմ, նոյնիսկ երբ մարդոց մեծամասնութիւնը ըրածս չի գնահատեր կամ ինծի կը հակառակի։ Կրնա՞մ կերպեր գտնել, որ աւելի ժամանակ տրամադրեմ աշակերտելու գործին’ (Եփ. 5։15, 16

10. Յիսուս ինչպէ՞ս խաղաղութիւն ընող էր։

10 Յիսուս խաղաղասէր ու խաղաղարար էր։ Երբ մարդիկ իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան, ինք չարիքի փոխարէն չարիք չհատուցանեց։ Ընդհակառակը, նախաքայլը առաւ որ խաղաղութիւն ընէ եւ ուրիշները քաջալերեց, որ իրենց վէճերուն վերջ դնեն։ Օրինակ, ան սորվեցուց որ պէտք է իրենց եղբօր հետ խաղաղութիւն ընեն, եթէ կ’ուզեն որ Եհովան իրենց պաշտամունքը ընդունի (Մատ. 5։9, 23, 24)։ Եւ կրկին անգամ առաքեալներուն օգնեց, որ չվիճին այն հարցին շուրջ, թէ ո՛վ է մեծագոյնը իրենց մէջ (Ղուկ. 9։46-48. 22։24-27

11. Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւն ընող ըլլալ։

11 Խաղաղութիւն ընող ըլլալու համար, չի բաւեր խնդիրներ հանող չըլլալ։ Պէտք է նախաքայլը առնենք ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընելու եւ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերենք, որ իրենց միջեւ եղած խնդիրները լուծեն (Փլպ. 4։2, 3. Յակ. 3։17, 18)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ի՞նչ զոհողութիւն պատրաստ եմ ընելու, որպէսզի ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընեմ։ Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը զգացումներս վիրաւորէ, ոխ կը պահե՞մ։ Կը սպասե՞մ որ ուրիշը նախաքայլը առնէ խաղաղութիւն ընելու, թէ ոչ՝ ե՛ս առաջին քայլը կ’առնեմ, նոյնիսկ եթէ ինքն է խնդիր հանողը։ Երբ յարմար է, իրարմէ նեղուող անձերը կը քաջալերե՞մ որ իրարու հետ հաշտուին’։

12. Յիսուս ինչպէ՞ս ազնուութիւն ցուցաբերեց։

12 Յիսուս ազնիւ ու քաղցր էր (Մատ. 11։28-30)։ Ան ազնուութիւն ցոյց տուաւ, քնքոյշ եւ ճկուն ըլլալով, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Օրինակ, երբ փիւնիկեցի կին մը իրեն աղաչեց որ իր աղջիկը բուժէ, սկիզբը անոր խնդրանքը չըրաւ։ Բայց երբ տեսաւ անոր մեծ հաւատքը, ազնուօրէն բուժեց աղջիկը (Մատ. 15։22-28)։ Թէեւ ան ազնիւ էր, բայց զգացումներով չէր տարուեր։ Երբեմն, ազնուութիւն ցոյց տուաւ՝ սրբագրելով իր սիրած անհատները։ Օրինակ, երբ Պետրոս փորձեց պատճառ ըլլալ, որ Յիսուս Եհովայի կամքը չընէ, Յիսուս բոլոր աշակերտներուն առջեւ զինք յանդիմանեց (Մար. 8։32, 33)։ Ան ասիկա ըրաւ ոչ թէ Պետրոսը պզտիկցնելու համար, հապա զինք մարզելու եւ միւս աշակերտները զգուշացնելու, որ իրենց սահմանը չանցնին։ Անկասկած Պետրոս նեղ կացութեան մատնուեցաւ, բայց տրուած խրատէն օգտուեցաւ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկապէս ազնիւ ըլլալ։

13 Սիրած անհատներուդ հանդէպ իսկապէս ազնիւ ըլլալու համար, ատեններ թերեւս պէտք ըլլայ որ իրենց հետ բացէ ի բաց խօսիս։ Երբ այդպէս կ’ընես, Յիսուսը ընդօրինակէ, խրատդ հիմնելով Աստուծոյ Խօսքի սկզբունքներուն վրայ։ Քնքոյշ եղիր։ Հաւատա՛ որ անոնք կ’ուզեն ճիշդը ընել եւ վստահէ՛ որ անոնք՝ որոնք Եհովան ու քեզ կը սիրեն, սիրալիր խրատիդ պիտի ընդառաջեն։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Քաջութիւն ունի՞մ խօսելու, երբ տեսնեմ որ սիրած անհատներէս մէկը սխալ բան մը կ’ընէ։ Երբ պէտք է խրատ տամ, կը խօսիմ ազնուութեա՞մբ, թէ՞ կոշտութեամբ։ Ի՞նչ է խրատ տալու մղումս։ Կ’ուզեմ խրատ տալ, քանի որ անհատէն ջղայնացա՞ծ եմ, թէ ոչ՝ քանի որ կ’ուզեմ իրեն օգնել’։

14. Յիսուս ինչպէ՞ս բարութիւն ցուցաբերեց։

14 Յիսուս ոչ միայն գիտէ թէ ի՛նչ է բարութիւնը, հապա նաեւ բարիք կ’ընէ։ Ան իր Հայրը կը սիրէ, անոր համար միշտ կ’ընէ ճիշդ բանը՝ ճիշդ մղումով։ Բարի անձը շարունակ կերպեր կը փնտռէ, որ ուրիշներուն օգնէ եւ անոնց համար օգտակար բաներ ընէ։ Չի բաւեր գիտնալ թէ ի՛նչ է ընելիք ճիշդ բանը. պէտք է ճիշդ բանը ընե՛նք եւ ճի՛շդ մղումով ընենք։ Թերեւս մէկը հարցնէ. ‘Կարելի՞ է ճիշդ բան մը սխալ մղումով ընել’։ Այո՛։ Օրինակ, Յիսուս խօսեցաւ անհատներու մասին, որոնք աղքատներուն նուէրներ կու տային, բայց վստահ կ’ըլլային որ այդ մէկը ուրիշներու առջեւ ընէին։ Այսպիսի բարիքներ Եհովայի աչքին անարժէք էին (Մատ. 6։1-4

15. Ինչպէ՞ս կրնանք իսկապէս բարի ըլլալ։

15 Կրնանք իսկապէս բարի ըլլալ, միայն եթէ ճիշդ բանը ընենք ոչ–անձնասէր պատճառներով։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Երբ գիտեմ թէ ի՛նչ է ընելիք ճիշդ բանը, զայն կ’ընե՞մ։ Բարիք ընելու մղումս ի՞նչ է’։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

16. Ամէն օր ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

16 Պէտք չէ մտածենք, թէ երբ կը մկրտուինք, նոր անձնաւորութիւնը վերջնականապէս հագած կ’ըլլանք։ Նոր անձնաւորութիւնը կը նմանի նոր հագուստի մը, որ պէտք է լաւ վիճակի մէջ պահենք։ Ատիկա ընելու կերպերէն մէկը այն է, որ ամէն օր կերպեր փնտռենք Աստուծոյ հոգիին պտուղը ցուցաբերելու համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան իր հոգին կը գործածէ բաներ իրագործելու համար (Ծն. 1։2)։ Ուստի, հոգիին պտուղին ամէն մէկ երեսակը կրնայ եւ պէտք է մեզ գործի մղէ։ Օրինակ, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։26)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ հոգիին պտուղին միւս երեսակներուն նկատմամբ։ Ամէն անգամ որ հոգիին պտուղը կը ցուցաբերենք, կը փաստենք թէ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ կը գործէ։

17. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ առիթով մը հոգիին պտուղը չցուցաբերենք։

17 Նոյնիսկ քրիստոնեաներ, որոնք տարիներէ ի վեր մկրտուած են, ատեններ հոգիին պտուղը չեն ցուցաբերեր։ Բայց կարեւոր է, որ շարունակենք ջանալ այս յատկութիւնները ցուցաբերել։ Նկատի առ այս օրինակը։ Եթէ նախասիրած հագուստդ պատռի, զայն անմիջապէս կը թափե՞ս։ Ո՛չ։ Շատ հաւանաբար զայն ուշադրութեամբ կը կարես։ Եւ անկէ ետք, աւելի զգոյշ կ’ըլլաս։ Նոյնպէս, եթէ առիթով մը մէկու մը հետ ազնուութեամբ, համբերութեամբ կամ սիրալիր կերպով չվարուեցար, մի՛ յուահատիր։ Անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրէ, որպէսզի կարենաս անհատին հետ ունեցած լաւ փոխյարաբերութիւնդ պահպանել։ Եւ անկէ ետք, վճռէ աւելի լաւ կերպով վարուիլ։

18. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

18 Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ ունինք Յիսուսի ձգած օրինակը։ Ո՛րքան աւելի ընդօրինակենք անոր մտածելակերպը եւ վարուելակերպը, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ իրեն պէս վարուինք։ Եւ ո՛րքան աւելի Յիսուսին պէս վարուինք, ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի կարենանք նոր անձնաւորութիւնը հագուիլ։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առինք Աստուծոյ հոգիին պտուղին երեսակներէն միայն չորսը։ Լաւ կ’ըլլայ որ ժամանակ տրամադրես հոգիին պտուղին միւս երեսակներն ալ նկատի առնելու համար եւ մտածես թէ որքանո՛վ զանոնք կը ցուցաբերես։ Այս նիւթին շուրջ շատ մը յօդուածներ պիտի գտնես՝ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–ին մէջ (արաբ.)։ Բա՛ց «Քրիստոնէական ապրելակերպ», ետքը՝ «Հոգիին պտուղը»։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ եթէ քեզի ինկած բաժինը ընես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ նոր անձնաւորութիւնը հագնիս ու հագած մնաս։

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

^ պարբ. 5 Մեր ենթահողը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կրնա՛նք «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ։ Այս նպատակին հասնելու համար, պէտք է շարունակենք մեր մտածելակերպը ճշդել ու ջանալ Յիսուսին պէս ըլլալ։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ կարգ մը օրինակներ, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մտածեց ու վարուեցաւ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ մկրտուելէ ետք ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել Յիսուսը ընդօրինակել։

^ պարբ. 4 Գաղատացիս 5։22, 23–ը չի տար լման ցանկը այն լաւ յատկութիւններուն, որոնք Աստուծոյ հոգին մեզի կ’օգնէ որ զարգացնենք։ Մանրամասնութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի յունիս 2020 թիւին մէջ։