Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Բ. Թագաւորաց 21։7-9–ն ինչո՞ւ կ’ըսէ, որ Դաւիթ «Մեմփիբոսթէին խնայեց», բայց ետքը Մեմփիբոսթէն յանձնեց, որ մահապատիժի ենթարկուի

Ոմանք այս հատուածը արագօրէն կարդալով՝ այս հարցումը ունեցած են։ Բայց Մեմփիբոսթէ անունով երկու տղամարդիկ կային, եւ պատահածը աչքի անցընելով կէտ մը կը սորվինք։

Սաւուղ թագաւոր եօթը տղայ եւ երկու աղջիկ ունէր։ Անոր անդրանիկ որդին՝ Յովնաթանն էր։ Ետքը, Սաւուղ իր Ռեսփա աղախինէն Մեմփիբոսթէ անունով տղայ մը ունեցաւ։ Հետաքրքրական է, որ Յովնաթանն ալ իր տղան Մեմփիբոսթէ կոչեց։ Այսպէս, Սաւուղ ունէր Մեմփիբոսթէ անունով թէ՛ տղայ մը եւ թէ թոռնիկ մը։

Որոշ ատեն մը, Սաւուղ թագաւոր սկսաւ գաբաւոնացիները ատել եւ ուզեց զանոնք ջարդել։ Ըստ երեւոյթին, անոնցմէ ոմանք սպաննուեցաւ։ Այս մէկը բոլորովին սխալ բան մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յեսուի օրերուն, իսրայէլացի իշխանները խաղաղութեան ուխտ ըրած էին գաբաւոնացիներուն հետ (Յես. 9։3-27

Սաւուղ թագաւորին ժամանակ, այդ ուխտը դեռ ի զօրու էր։ Թագաւորը ուխտը չյարգելով փորձեց գաբաւոնացիները մէջտեղէն վերցնել։ Ատիկա պատճառ եղաւ, որ Սաւուղ եւ իր տունը արիւնապարտ ըլլան (Բ. Թագ. 21։1)։ Յետագային, Դաւիթը թագաւոր եղաւ։ Ողջ մնացող գաբաւոնացիները անոր խօսեցան այդ ահռելի սխալին մասին։ Դաւիթ անոնց հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր Սաւուղին ըրածը քաւել, որպէսզի Եհովան Իսրայէլը օրհնէր։ Փոխանակ դրամ պահանջելու, գաբաւոնացիները պահանջեցին, որ զիրենք ‘կորսնցնել ուզող’ մարդուն որդիներէն եօթը հոգի իրենց յանձնուին ու մեռցուին։ Դաւիթ անոնց խնդրածը կատարեց (Բ. Թագ. 21։2-6. Թւ. 35։30, 31

Այն ատեն, Սաւուղ եւ Յովնաթան պատերազմի մը մէջ արդէն մեռած էին, իսկ Յովնաթանի որդին՝ Մեմփիբոսթէն ողջ էր։ Ան պզտիկ եղած ատեն արկածի մը պատճառով կաղ դարձած էր, եւ գաբաւոնացիներուն դէմ իր մեծ հօր կազմակերպած յարձակումին հետ կապ չունէր։ Դաւիթ Յովնաթանին հետ բարեկամական ուխտ ըրած էր, որմէ Յովնաթանին սերունդը պիտի օգտուէր, մէջը ըլլալով Մեմփիբոսթէն (Ա. Թագ. 18։1. 20։42)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Դաւիթ] Սաւուղեան Յովնաթանին որդիին՝ Մեմփիբոսթէին խնայեց, Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին ու Դաւիթին մէջտեղ եղած Տէրոջը երդումին համար» (Բ. Թագ. 21։7

Ուստի, Դաւիթ ինչպէ՞ս գաբաւոնացիներուն խնդրանքը կատարեց։ Անոնց յանձնեց Սաւուղի երկու որդիներ,– որոնցմէ մէկուն անունը Մեմփիբոսթէ էր,– եւ Սաւուղի հինգ թոռնիկներ (Բ. Թագ. 21։8, 9)։ Դաւիթին ըրածը վերջ դրաւ երկրին վրայ եկած արիւնապարտութեան։

Այս դէպքէն կէտ մը կը քաղենք։ Աստուծոյ օրէնքը յստակօրէն կ’ըսէր. «Հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք» (Բ. Օր. 24։16)։ Եհովան պիտի չընդունէր այն ինչ որ պատահեցաւ Սաւուղի երկու տղոց եւ հինգ թոռնիկներուն, եթէ անոնք անմեղ ըլլային։ Օրէնքը նաեւ կ’ըսէր. «Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի»։ Այնպէս կ’երեւի, որ այս եօթը տղամարդիկը կերպով մը մասնակցած էին Սաւուղի փորձին, որ գաբաւոնացիները ջարդէր։ Առ ի արդիւնք, իրենց յանցանքին համար մեռան։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անհատ մը չի կրնար մտածել կամ ըսել, որ ինք սխալ մը գործեց՝ պարզապէս քանի որ իրեն տրուած ուղղութիւններուն կամ հրամաններուն կը հնազանդէր։ Ան պէտք է իր ըրածին պատասխանատուութիւնը շալկէ։ Իմաստուն առակ մը կ’ըսէ. «Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։ Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր» (Առ. 4։24-27. Եփ. 5։15, 16