Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք»

«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք»

«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (ՅՈՎՀ. 13։35

ԵՐԳ 72 Սիրոյ յատկութիւնը մշակենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

Շատեր՝ որոնք Եհովայի վկայ չեն, ինչպէ՞ս տպաւորուած են, երբ տեսած են Եհովայի ժողովուրդին մէջ եղած սէրը (տե՛ս պարբ. 1)

1. Երբ շատ մը հետաքրքրուած անհատներ մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուին, ի՞նչ բան զիրենք կը տպաւորէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ամուսնացած զոյգ մը առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահը կ’երթայ։ Անոնք շատ կը տպաւորուին, տեսնելով եղբայրներուն ջերմ ընդունելութիւնը եւ իրենց միջեւ եղած սէրը։ Տուն վերադարձած ատեն, կինը իր ամուսինին կ’ըսէ. ‘Եհովայի վկաները տարբեր են, եւ հետերնին հանգիստ զգացի’։

2. Ոմանք ինչո՞ւ Եհովային ծառայելէ դադրած են։

2 Իրապէս ալ քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղած սէրը յատուկ է։ Անշուշտ Եհովայի վկաները կատարեալ չեն (Ա. Յովհ. 1։8)։ Անոր համար, ո՛րքան աւելի ճանչնանք ժողովքի անհատները, ա՛յնքան աւելի պիտի տեսնենք իրենց սխալները (Հռով. 3։23)։ Եւ ցաւալի է որ ոմանք թոյլ տուած են, որ ուրիշներուն անկատարութիւնները պատճառ ըլլան որ Եհովային ծառայելէ դադրին։

3. Ի՞նչը կ’օգնէ որ գիտնանք թէ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները որո՛նք են (Յովհաննէս 13։34, 35

3 Նորէն նայէ այս յօդուածին գլխաւոր համարին (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ի՞նչը կը ձգէ որ գիտնանք թէ Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները որո՛նք են։ Սէ՛րը, եւ ոչ թէ կատարելութիւնը։ Նաեւ նկատէ թէ Յիսուս չըսաւ. ‘Ասով պիտի գիտնաք թէ իմ աշակերտներս էք’, հապա ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք»։ Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իր հետեւորդները, հապա նաեւ քրիստոնէական ժողովքէն չեղողները պիտի գիտնային, թէ որո՛նք են ճշմարիտ հետեւորդները, նկատելով իրենց ունեցած անձնազոհ սէրը։

4. Թերեւս ոմանք ի՞նչ ուզեն գիտնալ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մասին։

4 Եհովայի Վկայ չեղող անհատներ թերեւս հարց տան. ‘Սէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ գիտնալու, թէ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները որո՞նք են։ Յիսուս ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուաւ իր առաքեալներուն հանդէպ։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է որ ներկայիս Յիսուսը ընդօրինակենք’։ Լաւ կ’ըլլայ որ Վկաները մտածեն այս հարցումներուն պատասխաններուն մասին։ Քանի որ ասիկա կրնայ մեզի օգնել, որ ա՛լ աւելի սէր ցոյց տանք, մանաւանդ երբ ուրիշներուն անկատարութիւնները կը տեսնենք (Եփ. 5։2

ԻՆՉՈ՞Ւ ՍԷՐՆ Է ՈՐ ՅԱՏՈՒԿ ԿԵՐՊՈՎ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ Ո՛Վ ԵՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

5. Բացատրէ Յովհաննէս 15։12, 13–ի մէջ յիշուած Յիսուսի խօսքերը։

5 Յիսուս յստակ դարձուց որ իր հետեւորդները յատուկ կերպով մը իրար պիտի սիրէին (կարդա՛ Յովհաննէս 15։12, 13)։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչպէս որ Յիսուս բացատրեց, ասիկա անձնազոհ սէր է, որ քրիստոնեան կը մղէ նոյնիսկ մեռնելու իր հաւատակիցին համար, եթէ պէտք ըլլայ b։

6. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը շեշտէ, թէ սէրը որքա՛ն կարեւոր է։

6 Աստուծոյ Խօսքը շատ կը շեշտէ սէրը։ Շատերու նախասիրած համարներուն մէջ կան. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։39)։ «Սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետ. 4։8)։ «Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կոր. 13։8)։ Ասոնք եւ ուրիշ համարներ յստակ կը դարձնեն ոեւէ մէկուն, թէ որքա՜ն կարեւոր է այս գեղեցիկ յատկութիւնը մշակել եւ ցուցաբերել։

7. Ինչո՞ւ համար Սատանան բնա՛ւ չի կրնար մարդիկը միացնել իսկական սիրով։

7 Շատեր կը հարցնեն. ‘Ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ ճշմարիտ կրօնքը։ Բոլոր կրօնքներն ալ կ’ըսեն որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն, բայց անոնցմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ մասին տարբեր բան մը կը սորվեցնէ’։ Սատանան յաջողած է մարդիկը շուարեցնել՝ բազմաթիւ կեղծ կրօնական կազմակերպութիւններ ստեղծելով։ Բայց ան բնա՛ւ չի կրնար ստեղծել քրիստոնէական համաշխարհային եղբայրութիւն մը, որու անդամները իրար կը սիրեն։ Միայն Եհովան կրնայ ասիկա ընել։ Միայն անոնք որոնք Եհովային հոգին ունին եւ իր օրհնութիւնը ունին, կրնան իրար սիրել (Ա. Յովհ. 4։7)։ Ուրեմն, պէ՞տք է զարմանանք որ Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ աշակերտները պիտի ճանչցուին իրենց անձնազոհ սիրով։

8-9. Շատեր ինչպէ՞ս ազդուած են այն սէրէն որ տեսած են Եհովայի վկաներուն միջեւ։

8 Ինչպէս որ Յիսուս նախատեսեց, շատեր իր ճշմարիտ հետեւորդները ճանչցած են՝ նկատելով այն անկեղծ սէրը որ ունին իրարու հանդէպ։ Օրինակ, Իան անունով եղբայր մը կը յիշէ, երբ առաջին անգամ ըլլալով համաժողովի մը ներկայ եղաւ իր տան մօտ եղող մարզադաշտի մը մէջ։ Անկէ քանի մը ամիս առաջ, Իանը մարզական խաղ մը դիտած էր հոն։ Ան կ’ըսէ. «Շա՜տ մեծ տարբերութիւն կար ատոր եւ այս համաժողովին միջեւ։ Վկաները շատ ազնիւ էին եւ լաւ հագուած էին, իսկ իրենց պզտիկները քաղաքավար էին»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Եւ ամէնէն շատ զիս տպաւորեց այս մարդոց խաղաղ եւ գոհունակ բնաւորութիւնը, ինչ որ ես միշտ ուզած էի ունենալ։ Ճիշդ է որ այդ օրուան դասախօսութիւնները չեմ յիշեր, բայց Վկաներուն լաւ վարքը զիս շատ տպաւորեց» c։ Անշուշտ, ասոր պատճառը այն է որ անոնք անկեղծ սէր ունին իրարու հանդէպ։ Քանի՛ որ մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք, իրենց հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով կը վարուինք։

9 Եղբայր մը նոյն կերպով տպաւորուեցաւ, երբ սկսաւ ժողովներու ներկայ ըլլալ. «Շատ հաւնեցայ բոլորին բարեկամական ըլլալը. Անոնք սուրբերու պէս էին։ Իրենց անկեղծ սէրը զիս համոզեց որ իսկական կրօնքը գտած եմ»։ Այսպիսի փորձառութիւններ կրկին անգամ ցոյց կու տան, որ Եհովային ծառաները իսկական քրիստոնեաներ են d։

10. Յատկապէս ե՞րբ առիթ ունինք քրիստոնէական սէր ցոյց տալու (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

10 Ինչպէս այս յօդուածին սկիզբը տեսանք, մեր հաւատակիցներէն ո՛չ մէկը կատարեալ է։ Անոր համար, երբեմն պիտի ըսեն կամ ընեն բաներ, որոնք մեզ կը նեղացնեն (Յակ. 3։2) e։ Այս պարագաներուն, մենք յատուկ առիթ մը ունինք, որ քրիստոնէական սէր ցոյց տանք մեր վարուելակերպով։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն (Յովհ. 13։15

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ

Յիսուս իր առաքեալներուն հետ սիրով վարուեցաւ, երբ անոնք անախորժ բնաւորութիւններ ցոյց տուին (տե՛ս պարբ. 11-13)

11. Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ի՞նչ գէշ բնաւորութիւններ ցոյց տուին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Յիսուս իր հետեւորդներէն կատարելութիւն չակնկալեց։ Փոխարէնը, ան ազնուօրէն իրենց օգնեց, որ իրենց անախորժ բնաւորութիւնները սրբագրեն, որպէսզի Եհովային հաճութիւնը շահին։ Անգամ մը առաքեալներէն երկուքը՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս, իրենց մօրմէն խնդրեցին, որ Յիսուսէն ուզէ, որ Թագաւորութեան մէջ անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը նստին (Մատ. 20։20, 21)։ Այս խնդրանքով, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ցոյց տուին որ հպարտ էին եւ կ’ուզէին ուրիշներէն աւելի կարեւոր ըլլալ (Առ. 16։18

12. Միայն Յակոբոս եւ Յովհաննէ՞սն էին, որ գէշ բնաւորութիւններ ցոյց տուին. բացատրէ։

12 Այս առիթով, միայն Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը չէին, որոնք այսպիսի գէշ բնաւորութիւններ ցոյց տուին։ Նկատի առ թէ միւս առաքեալները ինչպէ՛ս հակազդեցին. «Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, բարկացան երկու եղբայրներուն վրայ» (Մատ. 20։24, ՆԹ)։ Կրնանք երեւակայել, թէ Յակոբոս ու Յովհաննէս եւ միւս առաքեալները իրարու որքան սուր խօսքեր ըսին։ Թերեւս մէկը միւսին ըսաւ. ‘Դուք ձեզի ո՞վ կը կարծէք, որ Թագաւորութեան մէջ կարեւոր դիրքեր կ’ուզէք։ Միայն դո՛ւք չէք որ Յիսուսին հետ այսքան ծանր աշխատեցաք։ Մե՛նք ալ ձեզի պէս իրաւունք ունինք այս յատուկ դիրքերը ունենալու’։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, ժամանակ մը առաքեալները թոյլ տուին, որ այս պարագան խանգարէ իրենց միջեւ եղած եղբայրական սէրը։

13. Յիսուս իր առաքեալներուն տկարութիւնները ինչպէ՞ս ձեռք առաւ (Մատթէոս 20։25-28

13 Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան չբարկացաւ։ Եւ չըսաւ որ աւելի լաւ առաքեալներ պիտի փնտռէր, որոնք աւելի խոնարհութիւն ունէին եւ որոնք իրարու հետ միշտ սիրով պիտի վարուէին։ Փոխարէնը, Յիսուս համբերութեամբ այս անկեղծ մարդոց հետ տրամաբանութեամբ խօսեցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 20։25-28)։ Ան շարունակեց իրենց հետ սիրով վարուիլ, հակառակ անոր որ ասիկա ո՛չ առաջին անգամն էր, ո՛չ ալ վերջին անգամը պիտի ըլլար, որ առաքեալները կը փորձէին գիտնալ, թէ իրենցմէ ո՛վ մեծ պիտի ըլլար (Մար. 9։34. Ղուկ. 22։24

14. Յիսուսի առաքեալները ինչպիսի՞ միջավայրի մը մէջ մեծցան։

14 Վստահաբար Յիսուս նկատի ունեցաւ իր առաքեալներուն միջավայրը (Յովհ. 2։24, 25)։ Անոնք մեծցած էին միջավայրի մը մէջ, ուր դիրքի եւ պաշտօնի կարեւորութիւն կու տային (Մատ. 23։6. համեմատէ Ժողովարանին մէջ առաջին բազմոցները վիտէոն՝ Մատթէոս 23։6–ի սերտելու նոթին մէջ. անգլ.)։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները նաեւ չափէ դուրս արդար էին (Ղուկ. 18։9-12) f։ Յիսուս կը հասկնար որ այս տեսակ միջավայր մը կրնար գէշ կերպով ազդել այն կերպին վրայ, որով առաքեալները իրենք զիրենք եւ ուրիշները կը նկատէին (Առ. 19։11)։ Ան իրապաշտօրէն ակնկալեց որ իր առաքեալները նոյնպէս վարուէին, եւ երբ այդպէս վարուեցան, ան իրենց համբերեց։ Ան գիտէր որ անոնք բարի սիրտ ունէին, անոր համար համբերութեամբ անոնց օգնեց, որ սիրով վարուին, փոխանակ հպարտ ըլլալու եւ ուզելու իրարմէ մեծ ըլլալ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՅԻՍՈՒՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ

15. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յակոբոսի, Յովհաննէսի եւ միւս աշակերտներուն հետ եղածէն։

15 Շատ բան կրնանք սորվիլ Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ եղածէն։ Անոնք սխալեցան, երբ ուզեցին Թագաւորութեան մէջ կարեւոր դիրքեր ունենալ։ Բայց միւս առաքեալներն ալ սխալեցան, քանի որ թոյլ տուին որ այս եղածը իրենց միութիւնը խանգարէ։ Բայց Յիսուս տասներկուքի՛ն հետ ալ ազնուութեամբ եւ սիրով վարուեցաւ։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Կարեւորը միայն այն չէ թէ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն, հապա կարեւորը այն է որ մե՛նք ինչ կ’ընենք, երբ անոնք կը սխալին եւ կը թերանան։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Երբ հաւատակիցէ մը նեղուինք, մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինչո՞ւ այսքան նեղացայ իր ըրածէն։ Արդեօք ունի՞մ գէշ բնաւորութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աշխատիմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այն անհատը, որ զիս նեղացուց, դժուար պարագայէ մը կ’անցնի։ Նոյնիսկ եթէ կը զգամ, որ ե՛ս ճիշդ եմ, կրնա՞մ անձնազոհ սէր ցոյց տալ՝ անհատին ներելով’։ Ուրիշներուն հետ ո՛րքան աւելի սիրով վարուինք, ա՛յնքան աւելի ցոյց պիտի տանք, որ մենք Յիսուսին իրական հետեւորդներն ենք։

16. Յիսուսի օրինակէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Յիսուսի օրինակը նաեւ կը սորվեցնէ մեզի որ ջանանք մեր հաւատակիցները հասկնալ (Առ. 20։5)։ Անշուշտ, Յիսուս կրնար սրտերը կարդալ, իսկ մենք ոչ։ Բայց մենք կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն անկատարութիւններուն համբերել (Եփ. 4։1, 2. Ա. Պետ. 3։8)։ Ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ անոնց միջավայրին մասին աւելի գիտնանք։ Նկատի առ օրինակ մը։

17. Ճամբորդող տեսուչ մը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ եղբօր մը աւելի մօտէն ծանօթանալով։

17 Արեւելեան Ափրիկէի մէջ ծառայող շրջանային տեսուչ մը կը յիշէ եղբայր մը, որուն մասին այն տպաւորութիւնը առած էր, որ ազնիւ չէ։ Շրջանային տեսուչը ի՞նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Փոխանակ այս եղբօրմէն հեռու կենալու, որոշեցի զինք աւելի մօտէն ճանչնալ»։ Այս կերպով տեսուչը հասկցաւ, թէ այս եղբօր միջավայրը ինչպէ՛ս ազդած է իր վրայ։ Տեսուչը կը շարունակէ ըսել. «Մէկ որ հասկցայ, թէ մեր եղբայրը որքա՛ն ջանք թափած է, որ փոփոխութիւն մտցնէ իր անձնաւորութեան մէջ, իրմով հիացայ։ Եւ վերջաւորութեան լաւ ընկերներ դարձանք»։ Իրապէս ալ, երբ փորձենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը հասկնալ, շատ անգամներ աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրենց հետ սիրով վարուիլը։

18. Եթէ հաւատակից մը մեզ նեղացուցած է, ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել (Առակաց 26։20

18 Ատեններ կը զգանք, որ պէտք է խօսինք հաւատակիցի մը հետ, որ մեզ նեղացուցած է։ Բայց նա՛խ լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. ‘Եղածին մասին ամէն բան կը հասկնա՞մ’ (Առ. 18։13)։ ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ իր նպատակը չէր զիս վիրաւորել’ (Ժող. 7։20)։ ‘Ես ալ օրին մէկը նոյն սխալը ըրա՞ծ եմ’ (Ժող. 7։21, 22)։ ‘Արդեօք անհատին հետ խօսելով խնդիրը աւելի պիտի մեծնա՞յ’ (կարդա՛ Առակաց 26։20)։ Երբ այսպիսի հարցումներու մասին մտածենք, թերեւս գիտակցինք որ քանի՛ որ մեր եղբայրը կը սիրենք, պարզապէս ամենալաւ բանն է որ եղածը մոռնանք։

19. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

19 Եհովայի վկաները որպէս խումբ փաստած են որ Յիսուսի իսկական աշակերտներն են։ Անհատապէս մենք ալ կրնանք փաստել, որ Յիսուսի իսկական հետեւորդներն ենք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ անձնազոհ սէր ցոյց տանք, հակառակ անոնց անկատարութիւններուն։ Այս միջոցին, թերեւս ուրիշներուն ալ օգնենք, որ գիտնան որ ասիկա է իսկական կրօնքը եւ մեզի միանան պաշտելու սիրոյ Աստուածը՝ Եհովան։ Ուրեմն, վճռենք շարունակել ցոյց տալ այն սէրը, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները կը զանազանէ ուրիշներէն։

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

a Ճշմարտութիւնը շատերու կը քաշէ, քանի որ կը տեսնեն այն անկեղծ սէրը, որ մենք ունինք իրարու միջեւ։ Բայց մենք կատարեալ չենք, անոր համար ատեններ մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ հաւատակիցի մը հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Նկատի առնենք թէ սէրը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, երբ իրարու անկատարութիւնները կը տեսնենք։

c Տե՛ս «Վերջապէս, կեանքս նպատակ ունի» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2012 թիւին մէջ։

d Տե՛ս «Լաւ կեանք մը ունէի» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 մայիս 2012 թիւին մէջ։

e Այս յօդուածը չի քննարկեր Ա. Կորնթացիս 6։9, 10–ի մէջ նշուած լուրջ մեղքերը, որոնք երէցներուն կողմէ ձեռք կ’առնուին։

f Կ’ըսուի որ յետագային ռաբբի մը ըսաւ. «Աշխարհի մէջ 30–ի չափ մարդիկ կան, որոնք Աբրահամին պէս արդար են։ Եթէ երեսուն արդար կայ, ես եւ տղաս անոնցմէ երկուքն ենք։ Եթէ տասը արդար կայ, ես եւ տղաս անոնցմէ երկուքն ենք։ Եթէ հինգ արդար կայ, ես եւ տղաս անոնցմէ երկուքն ենք։ Եթէ երկու արդար կայ, ես եւ տղաս ենք։ Իսկ եթէ մէկ արդար կայ, ե՛ս եմ»։