Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10

Ինչո՞ւ պէտք է մկրտուիս

Ինչո՞ւ պէտք է մկրտուիս

«Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի» (ԳՈՐԾՔ 2։38

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Ընդհանրապէս ի՞նչ կը պատահի, երբ մարդիկ կը մկրտուին, եւ ի՞նչ պէտք է նկատի առնես։

 ԵՐԲԵՔ տեսա՞ծ ես խումբ մը անհատներ, որոնք պիտի մկրտուին։ Կը նկատես թէ մկրտուելէ առաջ մեծ համոզումով կը պատասխանեն երկու հարցումներուն։ Կը տեսնես որ իրենց ընտանիքի անդամները եւ բարեկամները ի՜նչ ուրախ են։ Եւ երբ անոնք ջուրէն դուրս կ’ելլեն, մեծ ծափահարութիւն մը կը լսես։ Եւ անոնց երեսները ուրախութենէն կը փայլին։ Ամէն շաբաթ հազարաւորներ այս քայլը կ’առնեն եւ կ’ըլլան Եհովա Աստուծոյ նուիրուած ու մկրտուած Վկաները։

2 Իսկ դուն, եթէ կը մտածես մկրտուիլ, ուրեմն յատուկ անձ մըն ես այս չար աշխարհին մէջ, քանի որ ‘Աստուած կը փնտռես’ (Սաղ. 14։1, 2)։ Այս յօդուածը գրուած է քեզի համար, ըլլաս երիտասա՛րդ կամ տարեց։ Բայց մեզմէ անոնք որոնք արդէն մկրտուած են, իրենք ալ կ’ուզեն Եհովային յաւիտեան ծառայելու իրենց որոշումին մէջ հաստատ մնալ։ Մենք շատ պատճառներ ունինք Եհովային ծառայելու։ Նկատի առնենք անոնցմէ երեքը։

ԴՈՒՆ ԿԸ ՍԻՐԵՍ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սատանան Եհովայի լաւ անունը զրպարտած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր, եւ տակաւին կը շարունակէ ասիկա ընել (տե՛ս պարբ. 3-4)

3. Ինչո՞ւ համար Եհովայի ծառաները կը սիրեն ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը (Սաղմոս 119։128, 163

3 Եհովան իր ժողովուրդին պատուիրեց, որ ‘ճշմարտութիւնը սիրեն’ (Զաք. 8։19)։ Յիսուս իր հետեւորդները խրատեց, որ արդարութիւնը սիրեն (Մատ. 5։6)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մէկը պէտք է զօրաւոր փափաք ունենայ, որ ընէ ինչ որ Աստուծոյ աչքին ճիշդ է, բարի է եւ մաքուր է։ Ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը կը սիրե՞ս։ Վստահ ենք որ կը սիրես։ Ուրեմն դուն կ’ատես սուտերը եւ ամէն բան որ սխալ է եւ չար է (կարդա՛ Սաղմոս 119։128, 163)։ Անոնք որոնք սուտ կը խօսին, ընդօրինակած կ’ըլլան այս աշխարհի իշխանը՝ Սատանան (Յովհ. 8։44. 12։31)։ Սատանային նպատակներէն մէկն է՝ Եհովային սուրբ անունը զրպարտել։ Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ի վեր, Սատանան մեր Աստուծոյն մասին սուտեր կը տարածէ։ Ան կ’ըսէ որ Եհովան անձնասէր եւ անպարկեշտ Իշխան մըն է, որ մարդիկը բարի բաներէ կը զրկէ (Ծն. 3։1, 4, 5)։ Եհովային մասին Սատանային տարածած սուտերը կը շարունակեն մարդոց միտքերը եւ սրտերը թունաւորել։ Երբ մարդիկ կ’ընտրեն ճշմարտութիւնը չսիրել, Սատանան կը ձգէ որ անոնք ամէն տեսակ անիրաւ եւ չար բաներ ընեն (Հռով. 1։25-31

4. Եհովան ինչպէ՞ս փաստած է, որ ‘ճշմարտութեան Աստուածն’ է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուածն’ է, եւ ան զինք սիրողներուն առատապէս կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը (Սաղ. 31։5)։ Այսպէս, ան կ’ազատէ զանոնք Սատանայի սուտերէն։ Եհովան նաեւ իր ծառաներուն կը սորվեցնէ, որ պարկեշտ եւ արդար ըլլան։ Եւ այսպէս իրենք իրենց անձին հանդէպ աւելի յարգանք եւ ներքին խաղաղութիւն կ’ունենան (Առ. 13։5, 6)։ Ան քեզի ալ նոյնը ըրա՞ծ է, մինչ Աստուածաշունչը կը սերտէիր։ Դուն սորվեցար որ Եհովային ճամբաները մարդկութեան համար եւ քեզի համար լաւագոյնն են (Սաղ. 77։13)։ Անոր համար, դուն հիմա կ’ուզես Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանել, որպէսզի մեր Եհովա Աստուծոյ մասին Սատանային ըսածները սուտ հանես (Մատ. 6։33)։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաս ընել։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարտութեան եւ արդարութեան թիկունք կանգնիլ։

5 Կրնաս ապրիլ կերպով մը, որ կարծես թէ յստակօրէն կ’ըսես. «Ես կը մերժեմ Սատանային սուտերը եւ ճշմարտութեան թիկունք կը կանգնիմ։ Ես կ’ուզեմ որ Եհովա՛ն իմ Գերիշխանս ըլլայ, եւ կ’ուզեմ ընել այն ինչ որ ինք կ’ըսէ որ ճիշդ է»։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Աղօթքով Եհովային մօտեցիր եւ կեանքդ իրեն նուիրէ, իսկ ետքը մարդոց առջեւ նուիրումդ ցոյց տուր մկրտուելով։ Ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը սիրելը մեզ կը մղէ որ մկրտուինք։

ԴՈՒՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԿԸ ՍԻՐԵՍ

6. Սաղմոս 45։4–ը ի՞նչ պատճառներ կու տայ որ Յիսուս Քրիստոսը սիրես։

6 Ինչո՞ւ կը սիրես Յիսուս Քրիստոսը։ Նկատի առ լաւ պատճառներ որ կը գտնենք Սաղմոս 45։4–ին մէջ (կարդա՛)։ Յիսուս կը սիրէ այն ինչ որ ճշմարտութիւն է, խոնարհութիւն է եւ արդարութիւն է։ Եթէ դուն ալ կը սիրես ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է, վստահաբար Յիսուս Քրիստոսը պիտի սիրես։ Մտածէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս քաջաբար պաշտպանեց այն ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է (Յովհ. 18։37)։ Բայց Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ խոնարհ է։

7. Ի՞նչը քեզ գրաւեց Յիսուսին խոնարհութեան մասին։

7 Յիսուս իր օրինակով ցուցուց որ խոնարհ է։ Օրինակի համար, ան միշտ փառքը իր Հօր կը բերէ, եւ ոչ ինքն իրեն (Մար. 10։17, 18. Յովհ. 5։19)։ Յիսուսին խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի։ Ասիկա չի՞ ձգեր որ Աստուծոյ Որդին սիրես եւ իրեն հետեւիս։ Անշո՛ւշտ։ Ինչո՞ւ Յիսուս խոնարհ էր։ Որովհետեւ ան կը սիրէր եւ կ’ուզէր ընդօրինակել իր Հայրը, որ նոյնպէս խոնարհ էր (Սաղ. 18։35. Եբ. 1։3)։ Դուն քեզի մօտիկ չե՞ս զգար Յիսուսին, որ կատարելապէս Եհովային յատկութիւնները կ’ընդօրինակէ։

8. Ինչո՞ւ մեր Թագաւորը՝ Յիսուսը կը սիրենք։

8 Մենք մեր Թագաւորը՝ Յիսուսը կը սիրենք, քանի որ ան ամենալաւ Կառավարիչն է։ Եհովան ինք մարզեց իր Որդին եւ զինք նշանակեց որ կառավարէ (Եսա. 50։4, 5)։ Մտածէ նաեւ Յիսուսի անձնազոհ սիրոյն մասին (Յովհ. 13։1)։ Քու Թագաւորդ ըլլալով, Յիսուս լիովին արժանի է քու սիրոյդ։ Ան բացատրեց, որ զինք իրապէս սիրողները, որոնք բարեկամներ կը կոչէ, իրենց սէրը ցոյց կու տան իր պատուիրաններուն հնազանդելով (Յովհ. 14։15. 15։14, 15)։ Իրապէս ի՜նչ պատիւ է, որ Եհովայի Որդիին բարեկամը ըլլանք։

9. Ինչպէ՞ս քրիստոնեաներուն մկրտութիւնը նման է Քրիստոսի մկրտութեան։

9 Յիսուսի պատուէրներէն մէկն է որ իր հետեւորդները մկրտուին (Մատ. 28։19, 20)։ Ան ասոր մէջ օրինակ եղաւ։ Կարգ մը կերպերով իր մկրտութիւնը տարբեր է իր հետեւորդներուն մկրտութենէն (տե՛ս « Յիսուսի մկրտութեան եւ իր հետեւորդներուն մկրտութեան միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ» շրջանակը)։ Բայց կան նաեւ նմանութիւններ։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, ան ինքզինք ներկայացուց, որ իր Հօր կամքը կատարէ (Եբ. 10։7)։ Նոյնպէս, Քրիստոսի հետեւորդները կը մկրտուին, հանրապէս ցոյց տալու համար թէ իրենք Եհովա Աստուծոյ նուիրուած են։ Հիմա իրենց կեանքը կեդրոնացած է Աստուծո՛յ կամքը կատարելուն վրայ, եւ ոչ թէ՝ իրենց կամքը։ Այս կերպով իրենք իրենց Տիրոջ օրինակին կը հետեւին։

10. Ինչո՞ւ համար Յիսուսի հանդէպ սէրը պէտք է մղէ որ մկրտուիս։

10 Դուն Յիսուսը կ’ընդունիս որպէս Եհովային միածին Որդին եւ մեր վրայ Իր նշանակած Թագաւորը։ Գիտես որ Յիսուսը խոնարհ է եւ կատարելապէս իր Հայրը կ’ընդօրինակէ։ Սորվեցար որ ան անօթիները կերակրեց, ընկճուածները մխիթարեց եւ նոյնիսկ հիւանդները բժշկեց (Մատ. 14։14-21)։ Կը տեսնես ինչպէ՛ս ան իր ժողովքը կ’առաջնորդէ այսօր (Մատ. 23։10)։ Եւ գիտես որ ան շա՜տ աւելին պիտի ընէ ապագային, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Ինչպէ՞ս կը ցուցնես որ իրեն հանդէպ սէր ունիս։ Իր օրինակին հետեւելով (Յովհ. 14։21)։ Եւ ասիկա կրնաս սկսիլ ընել՝ քու անձդ Եհովային նուիրելով եւ մկրտուելով։

ԴՈՒՆ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ԿԸ ՍԻՐԵՍ

11. Քու կարծիքովդ, ի՞նչն է ամենակարեւոր պատճառը, որուն համար պէտք է մկրտուիս, եւ ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

11 Ի՞նչն է ամենակարեւոր պատճառը, որուն համար պէտք է մկրտուիս։ Յիսուս յայտնեց թէ Աստուծոյ ամենակարեւոր պատուիրանը ի՛նչ է, երբ ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։ Դուն ալ այսպէս կը սիրե՞ս Աստուած։

Եհովան ներկայիս քու վայելած եւ ապագային քու վայելելիք ամէն լաւ բաներուն աղբիւրն է (տե՛ս պարբ. 12-13)

12. Ինչո՞ւ կը սիրես Եհովան (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Եհովան սիրելու շատ մը պատճառներ կան։ Օրինակի համար, դուն սորվեցար որ ան «կեանքի աղբիւր»ն է եւ թէ ան կու տայ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» (Սաղ. 36։9. Յակ. 1։17)։ Քու վայելած ամէն մէկ նուէրդ մեր առատաձեռն եւ սիրոյ Հօրմէն կու գայ։

13. Ինչո՞ւ համար փրկանքը հոյակապ նուէր մըն է։

13 Եհովան մեզի տուած է հոյակապ նուէր մը՝ փրկանքը։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Եհովային եւ իր Որդիին միջեւ եղած կապը։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս զիս կը սիրէ» եւ «Ես Հայրը կը սիրեմ» (Յովհ. 10։17. 14։31)։ Միլիառաւոր տարիներու ընթացքին, իրենց միջեւ եղած կապը աւելի զօրացաւ (Առ. 8։22, 23, 30)։ Վայրկեան մը երեւակայէ որ Աստուած որքա՛ն ցաւ զգաց, երբ թոյլ տուաւ որ իր Որդին չարչարուի եւ մեռնի։ Եհովան մարդկութիւնը, դուն ալ մէջը ըլլալով, այնքա՛ն սիրեց, որ յօժար էր իր սիրելի Որդին զոհելու, որպէսզի դուն եւ ուրիշներ կրնաք յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 3։16. Գաղ. 2։20)։ Չկայ ասկէ աւելի զօրաւոր պատճառ մը որ Աստուած սիրես։

14. Ի՞նչ է լաւագոյն նպատակը, որ կեանքիդ մէջ կրնաս դնել։

14 Եհովային մասին աւելի սորվելուդ համար, սկսած ես զինք աւելի սիրել։ Անշուշտ կ’ուզես իրեն աւելի մօտենալ թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան, եւ կրնա՛ս ասիկա ընել։ Ան քեզ ազնուօրէն կը քաջալերէ, որ իր սիրտը ուրախացնես (Առ. 23։15, 16)։ Եւ ասիկա կրնաս ընել ոչ միայն խօսքերով, հապա նաեւ գործերով։ Հիմա՛ ապրած կերպովդ ցոյց պիտի տաս որ իրապէս Եհովան կը սիրես (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ատիկա լաւագոյն նպատակն է, որ կեանքիդ մէջ կրնաս դնել։

15. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային հանդէպ սէրդ ցոյց տալ։

15 Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային հանդէպ սէրդ ցոյց տալ։ Նախ յատուկ աղօթք մը կ’ընես, որուն մէջ անձդ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն կը նուիրես (Սաղ. 40։8)։ Ետքը, այդ անձնական նուիրումդ ուրիշներուն կը գիտցնես՝ մկրտուելով։ Ինչպէս որ այս յօդուածին սկիզբը տեսանք, ասիկա ուրախ եւ կարեւոր պահ մը կը դառնայ քեզի համար։ Նոր կեանք մը կը սկսիս, բայց ոչ թէ դուն քեզի համար, հապա Եհովային համար (Հռով. 14։8. Ա. Պետ. 4։1, 2)։ Թերեւս ասիկա մեծ քայլ մը երեւի, եւ այդպէս ալ է։ Բայց ատիկա առիթը կը բանայ որ լաւագոյ՛ն կեանքը վայելես։ Ինչպէ՞ս։

16. Ինչպէս որ Սաղմոս 41։12–ը ցոյց կու տայ, Եհովան ինչպէ՞ս պիտի օրհնէ անոնք որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն իրեն ծառայելու։

16 Եհովան ամէնէն առատաձեռն Անձնաւորութիւնն է։ Ի՛նչ որ ալ իրեն տաս, ան քեզի միշտ շա՜տ աւելին պիտի տայ (Մար. 10։29, 30)։ Ան նոյնիսկ հիմակուընէ՝ այս չար աշխարհին մէջ, քեզի պիտի տայ շատ հետաքրքրական կեանք մը, եւ դուն պիտի օրհնուիս եւ ուրախ պիտի ըլլաս։ Եւ ասիկա միայն սկիզբն է։ Այն կեանքը, որ կը սկսիս մկրտուելով, կրնայ յաւիտեան շարունակուիլ, մինչ կը ծառայես քու սիրելի Հօրդ։ Այն սէրը որ ունիս քու Հօրդ հանդէպ, շարունակ պիտի աւելնայ, եւ իրականութեան մէջ դուն պիտի ապրիս այնքա՛ն ատեն որ ինք կ’ապրի, այսինքն՝ յաւիտեա՛ն (կարդա՛ Սաղմոս 41։12

17. Ի՞նչ կրնաս տալ Եհովային, որ չունի։

17 Երբ նուիրումի եւ մկրտութեան քայլերը առնես, պատիւը ունիս քու Հօրդ տալու շատ արժէքաւոր բան մը։ Ան քեզի տուած է ամէնէն լաւ բաները եւ կեանքիդ ամէնէն ուրախ պահերը։ Ասոր փոխարէն, դուն կրնաս երկինքի ու երկրի Տիրոջը տալ բան մը, որ ինք չունի, ան ալ՝ քու սիրայօժար նուիրումդ եւ ծառայութիւնդ է (Յոբ 1։8. 41։11. Առ. 27։11)։ Կեանքդ գործածելու ասկէ աւելի լաւ կերպ մը կա՞յ։ Անկասկած, Եհովայի հանդէպ ունեցած սէրդ լաւագոյն պատճառն է, որուն համար պէտք է մկրտուիս։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՊԱՍԵԼ

18. Ի՞նչ հարցումներ կրնաս հարցնել։

18 Ուրեմն, պիտի մկրտուի՞ս։ Միայն դուն կրնաս այս հարցումին պատասխանել։ Բայց թերեւս լաւ կ’ըլլայ որ դուն քեզի հարցնես. ‘Ինչո՞ւ սպասեմ’ (Գործք 8։36)։ Յիշէ այն երեք պատճառները, որոնք նկատի առինք։ Առաջին, դուն կը սիրես ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կ’ուզե՞մ տեսնել այն օրը, երբ ամէն մարդ ճշմարտութիւնը պիտի խօսի եւ ճիշդ բանը պիտի ընէ’։ Երկրորդ, դուն կը սիրես Յիսուս Քրիստոսը։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կ’ուզե՞մ որ Աստուծոյ Որդին իմ Թագաւորս ըլլայ եւ կ’ուզե՞մ իր օրինակին հետեւիլ’։ Երրորդ, եւ ամենակարեւորը, դուն Եհովան կը սիրես։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կ’ուզե՞մ իմ Աստուծոյս Եհովային սիրտը ուրախացնել՝ իրեն ծառայելով’։ Եթէ այս երեք հարցումներուն այո՛ ըսիր, ուրեմն ինչո՞ւ չմկրտուիս։ Ինչո՞ւ սպասես (Գործք 16։33

19. Ինչո՞ւ համար մկրտուելու նկատմամբ երկու մտքի վրայ պէտք չէ ըլլաս. բացատրէ (Յովհաննէս 4։34

19 Եթէ մկրտութեան նկատմամբ երկու մտքի վրայ ես, նկատի առ Յիսուսին տուած օրինակը (կարդա՛ Յովհաննէս 4։34)։ Նկատէ որ Յիսուս իր Հօրը կամքը ընելը նմանցուց ուտելիքի։ Ինչո՞ւ։ Ուտելիքը մեզի համար օգտակար է։ Յիսուս գիտէր, որ ամէն բան որ Եհովան մեզմէ կ’ուզէ որ ընենք մեզի համար օգտակար է։ Եհովան չ’ուզեր որ մենք ընենք բան մը, որ կրնայ մեզի վնասակար ըլլալ։ Արդեօք Եհովային կա՞մքն է որ դուն մկրտուիս։ Այո՛ (Գործք 2։38)։ Ուրեմն կրնաս վստահ ըլլալ, որ իր մկրտուելու պատուէրին հնազանդիլը քեզի օգտակար կ’ըլլայ։ Երբ քեզի շատ համով ճաշ մը հրամցուի, վստահաբար երկու մտքի վրայ չես ըլլար, եթէ պիտի ուտե՛ս կամ ոչ։ Լաւ ինչո՞ւ երկու մտքի վրայ պիտի ըլլաս մկրտուելու նկատմամբ։

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Ինչո՞ւ ոմանք կը սպասեն մկրտուելու։ Անոնցմէ շատեր կ’ըսեն. «Դեռ պատրաստ չեմ»։ Իրականութեան մէջ, Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու որոշումը ամէնէն կարեւոր որոշումն է, որ կեանքիդ մէջ պիտի առնես։ Անոր համար, բնականաբար անոր ժամանակ պիտի տաս, անոր մասին ուշադրութեամբ պիտի մտածես եւ ջանք պիտի թափես, որպէսզի պատրաստ ըլլաս։ Բայց եթէ անկեղծօրէն կը փափաքիս այդ քայլը առնել, հիմակուընէ ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի պատրաստուիս։ Այս հարցումին պատասխանը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

a Մկրտութիւնը շատ կարեւոր քայլ մըն է ամէն մէկ Աստուածաշունչի աշակերտի համար։ Ի՞նչը կրնայ աշակերտը մղել որ այդ քայլը առնէ։ Մէկ բառով՝ սէրը։ Բայց ինչի՞ եւ որո՞ւ հանդէպ սէր։ Այս յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք եւ պիտի տեսնենք, թէ մկրտուած քրիստոնեայ մը ինչպիսի՞ կեանք մը կրնայ ակնկալել։