Հարցումներ ընթերցողներէն
Անանուն փրկարարը ինչո՞ւ ըսաւ որ իր ժառանգութիւնը կրնար ‘աւրել’, եթէ Հռութին հետ ամուսնանար (Հթ. 4։1, 6)։
Եթէ մարդ մը հին օրերուն առանց զաւակ ունենալու մեռնէր, հարցումներ կը ծագէին. իր ստացուածքին ի՞նչ պիտի ըլլար։ Իր ընտանիքին անունը յաւիտեան պիտի մոռցուէ՞ր։ Մովսիսական օրէնքը այս հարցումներուն պատասխանները տուաւ։
Ի՞նչ կը պատահէր մարդու մը կալուածին (կամ՝ հողին), եթէ մեռնէր կամ աղքատանար եւ հողը ծախէր։ Եղբայրը կամ մօտիկ ազգական մը կրնար փրկել կամ ծախու առնել զայն։ Ասանկով, հողը ընտանիքին մէջ կը մնար (Ղեւ. 25։23-28. Թւ. 27։8-11)։
Լաւ, մահացած մարդուն ընտանիքին անունը ինչպէ՞ս կը պահպանուէր։ Տագրամուսնութեան միջոցաւ, ինչպէս որ Հռութին հետ պատահեցաւ։ Մարդ մը իր եղբօր այրի կնոջ հետ կ’ամուսնանար եւ կ’ունենար զաւակ մը, որ մահացած մարդուն անունը կը կրէր եւ անոր ստացուածքը կը ժառանգէր։ Ասկէ զատ, այս սիրալիր կարգադրութեան միջոցաւ, այրի կինը կ’ունենար մէկը, որ իրեն հոգ պիտի տանէր (Բ. Օր. 25։5-7. Մատ. 22։23-28)։
Նկատի առ Նոեմիին օրինակը։ Ան ամուսնացած էր Ելիմելէք անունով մարդու մը հետ։ Երբ Ելիմելէք եւ իր երկու տղաները մեռան, տունին մէջ տղամարդ չկար, որ Նոեմիին հոգ տանէր (Հթ. 1։1-5)։ Երբ Նոեմին Յուդայի երկիրը վերադարձաւ, իր հարսին՝ Հռութին՝ ըսաւ որ Բոոսէն խնդրէ, որ իրենցմէ Ելիմելէքին կալուածը գնէ։ Բոոսը Ելիմելէքին մօտիկ ազգականն էր (Հթ. 2։1, 19, 20. 3։1-4)։ Բայց Բոոս անդրադարձաւ որ Նոեմին աւելի՛ մօտիկ ազգական ունէր,– որուն անունը չէ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ։ Նախ անո՛ր կ’իյնար այդ կալուածը գնել (Հթ. 3։9, 12, 13)։
Սկիզբը, այս անանուն փրկարարը պատրա՛ստ էր օգտակար դառնալու (Հթ. 4։1-4)։ Ճիշդ է որ իր առնելիք քայլը ծախսի պիտի նայէր, բայց մտածեց որ Նոեմին չի կրնար ունենալ պզտիկ մը, որ կրնար Ելիմելէքին հողը ժառանգել։ Ասանկով, այդ հողը այս անանուն փրկարարին ժառանգութեան վրայ պիտի աւելցուէր։ Ուրեմն, թերեւս ասիկա իրեն համար շահաւոր քայլ երեւցաւ։
Բայց այս անանուն փրկարարը իր միտքը փոխեց, երբ գիտցաւ որ պէտք էր Հռութին հետ ամուսնանար։ Ան ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ» (Հթ. 4։5, 6)։ Ինչո՞ւ իր միտքը փոխեց։
Եթէ ան կամ ուրիշ մէկը Հռութին հետ ամուսնանար եւ տղայ զաւակ մը ունենար, այդ զաւակը պիտի ժառանգէր Ելիմելէքին կալուածը։ Լաւ ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ‘աւրէր’ անանուն փրկարարին ‘ժառանգութիւնը’։ Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր. բայց հաւանական կերպեր կան։
Առաջին, ան Ելիմելէքին հողը գնելու իր ծախսած գումարը պիտի կորսնցնէր, քանի որ ի վերջոյ այդ հողը պիտի պատկանէր՝ ոչ թէ իրեն, հապա Հռութին տղուն։
Երկրորդ, ան Նոեմիին եւ Հռութին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը պիտի ունենար։
Երրորդ, եթէ այս անանուն փրկարարը արդէ՛ն զաւակներ ունէր եւ հիմա Հռութէն ալ զաւակներ ունենար, իր ժառանգութիւնը այդ բոլոր զաւակներուն միջեւ պիտի բաժնուէր։
Չորրորդ, եթէ այս անանուն փրկարարը արդէ՛ն զաւակներ չունէր, Հռութէն ունեցած իր տղայ զաւակը պիտի ժառանգէր թէ՛ Ելիմելէքին եւ թէ իր ստացուածքները։ Ասանկով, երբ ան մեռնէր, իր ստացուածքը պիտի պատկանէր այդ տղուն, որ Ելիմելէքին անունը կը շալկէր։ Անանուն փրկարարը պատրաստ չէր իր ժառանգութիւնը վտանգի տակ դնելու, որ Նոեմիին օգնէր։ Ան նախընտրեց որ իրմէ ետք եկող փրկարարը՝ Բոոսը՝ այդ պատասխանատուութիւնը շալկէր։ Բոոս ընդունեց, քանի որ ուզեց որ «մահացածին անունը վերականգնի անոր ժառանգութեան վրայ» (Հթ. 4։10, ՆԱ)։
Ըստ երեւոյթին, այս անձնասէր փրկարարին համար աւելի՛ կարեւոր էր իր անունը եւ ժառանգութիւնը պահել։ Բայց ճիշդ հակառակը եղաւ։ Անոր անունը լմա՛ն ջնջուեցաւ պատմութենէն։ Եւ ան կորսնցուց այն յատուկ առանձնաշնորհումը որ Բոոս ստացաւ. Մեսիային՝ Քրիստոսին՝ նախահայրերուն ցանկին մէջ յիշուիլ։ Այս անձնասէր փրկարարը ի՜նչ ցաւալի հետեւանք կրեց, քանի որ չուզեց օգնել մէկու մը, որ օգնութեան պէտք ունէր (Մատ. 1։5. Ղուկ. 3։23, 32)։