Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սերտելու համար առաջարկ

Սերտելու համար առաջարկ

«Տե՛ս նորութիւնները» բաժինը ինչպէ՛ս գործածել

Թէ՛ JW Library®–ին եւ թէ jw.org կայքին վրայ կայ «Տե՛ս նորութիւնները» (“What’s New”) բաժինը, որուն մէջ կը գտնենք վերջին նիւթերը եւ վիտէօները։ Ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա գործածել, որ վերջին տեղեկութիւնները առնես։

JW Library

  • «Յօդուածաշարք»ին բաժիններուն մէջ նոր յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, եւ կարելի է ատոնք ունենալ՝ բաժինները այժմէականացնելով։ Ուրեմն, երբ «Տե՛ս նորութիւնները» կը բանաս եւ հոն կը տեսնես յօդուածաշարք մը, կրնաս զայն բեռնել։ Երբ յօդուածաշարքը բանաս, պիտի նկատես որ ամենանոր յօդուածները ամէնէն սկիզբը դրուած են, եւ այսպէս կրնաս ատոնք կարդալ։

  • Թերեւս հետդ աւելի ժամանակ առնէ որ ամբողջութեամբ կարդաս աւելի մեծ հրատարակութիւնները, ինչպէս՝ պարբերաթերթերը։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ Նախասիրութիւններու (Favorites) ցանկիդ աւելցնես այն պարբերաթերթը, որ տակաւին ծայրէ ծայր չես կարդացած, մինչեւ որ զայն լիովին կարդաս։

JW.ORG

Կարգ մը տեղեկութիւններ, ինչպէս՝ լուրեր եւ ծանուցումներ, կ’երեւին միայն jw.org կայքին վրայ, եւ ոչ JW Library–ին մէջ։ Ուրեմն, միշտ բաց jw.org կայքին վրայ եղող «Տե՛ս նորութիւնները» էջը, որպէսզի տեսնես նոր յօդուածները։