Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

Եհովան քեզի կը հաւնի՞

Եհովան քեզի կը հաւնի՞

«Քեզի հաւնեցայ» (ՂՈՒԿ. 3։22

ՆԻՒԹ

Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզի կը հաւնի։

1. Եհովային կարգ մը հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ հարց կու տան։

 ՇԱՏ կ’ուրախանանք երբ գիտնանք, որ Եհովան կը հաւնի իր ծառաներուն որպէս խումբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Երբեմն, ոմանք այնքան յուսահատ կ’ըլլան, որ հարց կու տան, թէ Եհովան իրենց կը հաւնի՞։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող Եհովային կարգ մը հաւատարիմ ծառաներն ալ այսպիսի մտածումներ ունեցած են (Ա. Թագ. 1։6-10. Յոբ 29։2, 4. Սաղ. 51։11

2. Եհովան որո՞նց կը հաւնի։

2 Սուրբ Գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Եհովան մեզի պէս անկատար մարդոց կրնայ հաւնիլ։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ Յիսուս Քրիստոսին հաւատանք ու մկրտուինք (Յովհ. 3։16)։ Այսպիսով, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ մեր մեղքերուն համար զղջացած ենք եւ Եհովային խոստում տուած ենք, որ իր կամքը պիտի ընենք (Գործք 2։38. 3։19)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ այս քայլերը առնելով իր մօտիկ բարեկամները դառնանք։ Այնքան ատեն, որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ իրեն ծառայելու մեր խոստումը պահենք, Եհովան մեզի կը հաւնի եւ մեզ իր մօտիկ բարեկամները կը սեպէ (Սաղ. 25։14

3. Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Լաւ, ինչո՞ւ ոմանք երբեմն կը զգան, որ Աստուած իրենց չի հաւնիր։ Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մէկու մը կը հաւնի։ Եւ քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ վստահ ըլլալ, որ Եհովան իրեն կը հաւնի։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԶԳԱՆ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԻՐԵՆՑ ՉԻ ՀԱՒՆԻՐ

4-5. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ անարժէք կը զգանք։

4 Մեզմէ շատեր մեր մանկութենէն ի վեր անարժէք կը զգանք (Սաղ. 88։15)։ Ատրիան անունով եղբայր մը, կ’ըսէ. «Ես միշտ անարժէք կը զգայի։ Մանկութեան յիշատակներէս մէկը այն է, որ կ’աղօթէի որ ընտանիքս Դրախտին մէջ ապրի, հակառակ անոր որ ես վստահ էի, թէ հոն ըլլալու արժանի չեմ»։ Թոնի անունով եղբայր մը, որուն ծնողքը վկայ չէ, կ’ըսէ. «Ծնողքս ո՛չ մէկ ատեն իրենց սէրը կ’արտայայտէին ինծի հանդէպ, ո՛չ ալ կ’ըսէին որ ինձմով հպարտ են։ Անոնք միշտ ինծի կը հասկցնէին, որ ի՛նչ ջանք ալ թափեմ՝ բաւարար չէ»։

5 Եթէ երբեմն անարժէք զգանք, կրնանք յիշել որ Եհովան մեզ իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Ան մեր մէջը կը տեսնէ այն լաւ յատկութիւնները, որոնք թերեւս մենք չենք տեսներ, եւ ան գիտէ մեր սիրտը (Ա. Թագ. 16։7. Բ. Մն. 6։30)։ Ուրեմն, կրնանք իր Խօսքին վստահիլ, երբ ըսէ որ մենք արժէքաւոր ենք (Ա. Յովհ. 3։19, 20

6. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ զգաց անցեալին գործած իր մեղքերուն նկատմամբ։

6 Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, մեզմէ ոմանք բաներ ըրած են, որոնց համար թերեւս մինչեւ այսօր յանցաւոր կը զգան (Ա. Պետ. 4։3)։ Նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներ թերեւս տակաւին տկարութեան մը դէմ կը պայքարին։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Երբեմն կը զգա՞ս որ Եհովան քեզի չէ ներած։ Եթէ այս է պարագադ, մխիթարուէ գիտնալով որ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք նոյն զգացումները ունեցած են։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալը զգաց որ խղճալի մէկն է, երբ իր անկատարութիւններուն մասին մտածեց (Հռով. 7։24)։ Անշուշտ, Պօղոս իր մեղքերուն համար զղջացած եւ մկրտուած էր։ Բայց եւ այնպէս, ան ինքն իր մասին խօսելով ըսաւ, թէ ինք ‘առաքեալներուն ամենէն յետինն է’ եւ մեղաւորներուն «գլուխը» (Ա. Կոր. 15։9. Ա. Տիմ. 1։15

7. Մեր անցեալի մեղքերուն նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

7 Մեր երկնաւոր Հայրը կը խոստանայ, որ երբ զղջանք՝ մեզի պիտի ներէ (Սաղ. 86։5)։ Ուրեմն, եթէ սրտանց զղջացած ենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր խօսքին տէրն է եւ մեզի ներած է (Կող. 2։13

8-9. Ի՞նչ կրնանք ընել, երբ զգանք թէ ի՛նչ որ ալ ընենք՝ չենք կրնար Եհովային հաճութիւնը ունենալ։

8 Բոլորս կ’ուզենք մեր լաւագոյնը ընել Եհովային ծառայութեան մէջ։ Բայց ոմանք կը զգան, որ ի՛նչ որ ալ ընեն՝ չեն կրնար իր հաճութիւնը ունենալ։ Էմանտա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ինծի համար, Եհովային լաւագոյնս տալ ըսել է, որ միշտ պէտք է աւելի՛ն ընեմ։ Ընդհանրապէս, իմ կարողութենէս աւելի՛ կ’ակնկալեմ անձէս։ Եւ երբ ուզածիս չափ չկարենամ տալ Եհովային, կ’ենթադրեմ որ Եհովան ինձմէ յուսախաբ է, ճիշդ ինչպէս որ ես իմ անձէս յուսախաբ եմ»։

9 Ի՞նչ կրնանք ընել, երբ զգանք թէ ի՛նչ որ ալ ընենք՝ չենք կրնար Եհովային հաճութիւնը ունենալ։ Յիշէ թէ Եհովան խիստ կամ անճկուն Աստուած չէ։ Ան բնա՛ւ մեզմէ չ’ակնկալեր, որ մեր կարողութենէն աւելի ընենք։ Ան կը գնահատէ ի՛նչ որ իրեն համար կ’ընենք, մինչեւ այն ատեն որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Ասկէ զատ, խոկա՛ Եհովային ամբողջ սրտով ծառայող անձերուն օրինակներուն վրայ, որոնք յիշուած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Մտածէ Պօղոսին մասին։ Ան տարիներո՜վ նախանձախնդրաբար քարոզեց, հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրեց եւ շատ ժողովքներ հաստատեց։ Բայց արդեօք, երբ իր պարագաները փոխուեցան եւ այլեւս չկրցաւ առաջուան չափ քարոզել, Եհովային հաճութիւնը կորսնցո՞ւց։ Ո՛չ։ Ան շարունակեց ընել ի՛նչ որ կրնար ընել, եւ Եհովան զինք օրհնեց (Գործք 28։30, 31)։ Նոյնպէս, երբեմն Եհովային ծառայութեան մէջ մեր ըրածը կրնայ փոխուիլ պարագաներուն պատճառով։ Բայց Եհովային համար կարեւորը այն է, որ ինչո՛ւ կ’ընենք բան մը։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր, որոնցմով Եհովան ցոյց կու տայ, որ կը հաւնի մեզի։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՐ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ

10. Ինչպէ՞ս կրնանք «լսել», որ Եհովան իր հաճութիւնը կ’արտայայտէ մեզի հանդէպ (Յովհաննէս 16։27

10 Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Եհովան կերպեր կը փնտռէ, որ իր սէրն ու գնահատանքը արտայայտէ իր ծառաներուն հանդէպ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան երկու առիթներով Յիսուսին ըսաւ, որ իր սիրելի Որդին է եւ թէ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17. 17։5)։ Կ’ուզե՞ս դուն ալ «լսել», որ Եհովան քեզի ալ կը հաւնի։ Եհովան մեզի հետ երկինքէն չի խօսիր։ Ան Սուրբ Գիրքի՛ն միջոցաւ կը խօսի։ Երբ Աւետարաններուն մէջ կարդաս, որ Յիսուս ի՛նչ սիրալիր խօսքեր ըսաւ իր աշակերտներուն, կարծես թէ Եհովային ձայնը լսած կ’ըլլաս (կարդա՛ Յովհաննէս 16։27)։ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց իր Հօր անձնաւորութիւնը։ Ուրեմն, երբ կը կարդանք, որ Յիսուս ինչպէ՛ս իր հաճութիւնը կ’արտայայտէ իր անկատար բայց հաւատարիմ հետեւորդներուն հանդէպ, կրնանք երեւակայել որ Եհովան այդ խօսքերը մեզի կ’ըսէ (Յովհ. 15։9, 15

Եհովան մեզի հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց կու տայ շատ մը կերպերով (տե՛ս պարբերութիւն 10)


11. Նեղութիւններ ունենալը ինչո՞ւ չի նշանակեր, որ մենք Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած ենք (Յակոբոս 1։12

11 Իր գործերով։ Եհովան շատ կ’ուզէ մեզի օգնել։ Օրինակ, ասիկա կ’ընէ, մեզի տալով ի՛նչ որ պէտք ունինք։ Ան կ’արտօնէ, որ դժուարութիւններէ անցնինք, ինչպէս որ Յոբին պարագան էր (Յոբ 1։8-11)։ Բայց նեղութիւններ ունենալը չի նշանակեր, որ մենք Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած ենք։ Հապա՝ ատիկա առիթ կու տայ որ փաստենք, թէ որքա՜ն շատ կը սիրենք Եհովան եւ կը վստահինք իրեն (կարդա՛ Յակոբոս 1։12)։ Եւ այս նեղութիւններուն ընթացքին պիտի տեսնենք, թէ ան որքա՜ն կը սիրէ մեզ եւ որքա՜ն կ’ուզէ մեզի օգնել որ տոկանք։

12. Տմիթրիին փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

12 Նկատի առ Ասիայէն եղող Տմիթրի անունով եղբօր մը օրինակը։ Ան իր գործը կորսնցուց եւ ամիսներով գործ չգտաւ։ Ան որոշեց ծառայութեան աւելի ելլել, որպէսզի Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը ցոյց տայ։ Ամիսներ անցան եւ դեռ գործ չգտաւ։ Ետքը, առողջապահական հարցեր ունեցաւ, ա՛յն աստիճան, որ չէր կրնար անկողինէն վար իջնել։ Ան որպէս ամուսին ու հայր անարժէք զգաց, եւ սկսաւ հարց տալ, թէ արդեօք Եհովան իրեն կը հաւնէ՞ր։ Ետքը, իրիկուն մը, իր աղջիկը թուղթի մը վրայ տպեց Եսայի 30։15–ին խօսքը. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Աղջիկը թուղթը իրեն բերաւ եւ ըսաւ. «Պապա, երբ որ նեղուած ըլլաս, այս համարը յիշէ»։ Այդ վայրկեան Տմիթրին անդրադարձաւ, որ Եհովային օգնութեամբ իր ընտանիքը բաւարար ուտելիք, հագուելիք եւ գլուխը դնելիք տեղ մը ունի։ Ան կ’ըսէ. «Հասկցայ որ ես պէտք է հանդարտ մնամ եւ շարունակեմ ցուցնել, որ Եհովային կը վստահիմ»։ Եթէ այսպիսի նեղութենէ մը կ’անցնիս, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզ կը հոգայ եւ քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս։

Եհովան մեզի հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց կու տայ շատ մը կերպերով (տե՛ս պարբերութիւն 12) a


13. Եհովան ո՞վ կրնայ գործածել, որպէսզի ցոյց տայ թէ մեզի կը հաւնի, եւ ինչպէ՞ս։

13 Հաւատակիցներու միջոցաւ։ Եհովան մեր քոյրերն ու եղբայրները կը գործածէ մեզի ըսելու համար, թէ կը հաւնի մեզի։ Օրինակի համար, թերեւս ան ուրիշները գործածէ, որ մեզ քաջալերէ երբ քաջալերութեան պէտքը ունինք։ Ասիոյ մէջ բնակող քոյր մը այս փորձառութիւնը ունեցաւ, երբ շատ նեղութեան մէջ էր։ Ան իր գործը կորսնցուցած էր եւ լուրջ հիւանդութեամբ մը բռնուած էր։ Անկէ ետք, իր ամուսինը լուրջ մեղք մը գործեց եւ դադրեցաւ որպէս երէց ծառայելէ։ Ան կ’ըսէ. «Չէի կրնար ըմբռնել թէ այս բոլորը ինչո՛ւ կը պատահին ինծի։ Կարծեցի թէ սխալ բան մը ըրած եմ եւ Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած եմ»։ Մեր քոյրը Եհովային աղաչեց, որ ձեւով մը ցոյց տայ, թէ տակաւին կը հաւնի իրեն։ Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց մեր քրոջ։ Քոյրը կ’ըսէ. «Ժողովքի երէցները հետս խօսեցան եւ վստահեցուցին, որ Եհովան տակաւին զիս կը սիրէ»։ Ետքը, ան անգամ մը եւս Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Ան կ’ըսէ. «Նոյն օրը, մեր ժողովքի եղբայրներէն ու քոյրերէն նամակ մը ստացայ։ Մինչ իրենց մխիթարական խօսքերը կը կարդայի, զգացի որ Եհովան իմ աղօթքս լսած էր»։ Այո՛, ուրիշներուն ազնիւ խօսքերը կերպ մըն են, որով Եհովան ցոյց կու տայ, որ մեզի կը հաւնի (Սաղ. 10։17

Եհովան մեզի հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց կու տայ շատ մը կերպերով (տե՛ս պարբերութիւն 13) b


14. Եհովան ուրիշ ի՞նչ կերպով մեզի ցոյց կու տայ, որ մեզի կը հաւնի։

14 Եհովան ուրիշ կերպով մըն ալ մեզի ցոյց կու տայ, որ մեզի կը հաւնի։ Ան մեր հաւատակիցները կը գործածէ, որ պէտք եղած ատենը մեզի խրատ տայ։ Օրինակ, առաջին դարուն, Եհովան Պօղոս առաքեալը գործածեց, որ 14 նամակներ գրէ հաւատակիցներուն։ Ան այդ նամակներուն մէջ խրատներ տուաւ, որոնք թէ՛ զօրաւոր էին եւ թէ՝ սիրալիր։ Լաւ, Եհովան ինչո՞ւ Պօղոսը մղեց, որ այդպիսի խրատներ տայ։ Եհովան լաւ Հայր մըն է եւ իր զաւակները կը կրթէ, քանի որ անոնց կը հաւնի (Առ. 3։11, 12)։ Ուրեմն, երբ որ մէկը Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած խրատ մը տայ մեզի, ասիկա ըսել չէ որ Եհովան մեզմէ նեղուած է, հապա՝ ցոյց կու տայ որ Եհովան տակաւին կը հաւնի մեզի (Եբ. 12։6)։ Եհովան ուրիշ ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ, որ մեզի կը հաւնի։

ՈՒՐԻՇ Ի՞ՆՉ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ԿՐՆԱՆՔ ԳԻՏՆԱԼ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՀԱՒՆԻ

15. Եհովան որո՞ւ կու տայ իր սուրբ հոգին, եւ ասիկա ինչո՞ւ կը քաջալերէ մեզ։

15 Եհովան իր սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնց կը հաւնի (Մատ. 12։18)։ Մենք մեզի հարցնենք. ‘Սուրբ հոգիին կարգ մը յատկութիւնները կեանքիս մէջ ցոյց կու տա՞մ’։ Կը նկատե՞ս, որ հիմա աւելի կը համբերես ուրիշներուն, քան՝ երբ Եհովան նոր ճանչցար։ Իրականութեան մէջ, որքա՛ն աւելի սուրբ հոգիին գեղեցիկ յատկութիւնները մշակես, այնքա՛ն աւելի կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը հաւնի քեզի (տե՛ս « Հոգիին պտուղը այս է» տուփը)։

Ի՞նչ կերպերով կրնաս տեսնել, թէ Եհովան քեզի կը հաւնի (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Եհովան որո՞նց կը գործածէ, որ բարի լուրը քարոզեն, եւ ասիկա գիտնալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։4

16 Եհովան բարի լուրը քարոզելու պատասխանատուութիւնը վստահած է անոնց, որոնց կը հաւնի (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։4)։ Նկատի առ որ Ժոսլին անունով քոյր մը ինչպէ՛ս ասոր համոզուեցաւ, երբ բարի լուրը քարոզեց ուրիշներուն։ Օր մը, ան անտրամադիր արթնցաւ։ Ժոսլինը կ’ըսէ. «Կը զգայի որ վրաս ոյժ չկայ եւ գործի չեմ ծառայեր։ Բայց ռահվիրայ էի եւ այդ օրը իմ ծառայութեան օրս էր։ Անոր համար, աղօթք մը ըրի եւ ծառայութեան ելայ»։ Այդ առտուն, Ժոսլինը հանդիպեցաւ Մերիին, որ ազնիւ կին մըն էր եւ ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել։ Քանի մը ամիս վերջ, Մերին ըսաւ, թէ այն օրը երբ Ժոսլինը իր դուռը զարկաւ, ինք Աստուծոյ կ’աղօթէր եւ իրմէ օգնութիւն կը խնդրէր։ Այս փորձառութենէն վերջ, Ժոսլին կ’ըսէ. «Երբ ասիկա լսեցի, զգացի որ կարծես թէ Եհովան ինծի կ’ըսէր. ‘Ես քեզի կը հաւնիմ’»։ Անշուշտ, ոչ թէ ամէն մարդ որ բարի լուրը կը լսէ, ատոր մտիկ պիտի ընէ։ Բայց մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի կը հաւնի, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ բարի լուրը քարոզենք մարդոց։

Ի՞նչ կերպերով կրնաս տեսնել, թէ Եհովան քեզի կը հաւնի (տե՛ս պարբերութիւն 16) c


17. Փրկանքին մասին Վիքիին խօսքերէն ի՞նչ կը սորվիս (Սաղմոս 5։12

17 Եհովան փրկանքին արժէքը կը կիրարկէ անոնց, որոնց կը հաւնի (Ա. Տիմ. 2։5, 6)։ Բայց ի՞նչ ընենք, եթէ մեր սիրտը չ’ընդունիր այն գաղափարը, թէ Եհովան մեզի կը հաւնի, թէեւ մենք փրկանքին կը հաւատանք եւ մկրտուած ենք։ Յիշէ թէ մենք միշտ չենք կրնար մեր զգացումներուն վստահիլ, բայց կրնա՛նք Եհովային վստահիլ։ Ան փրկանքին հաւատացողները արդար կը նկատէ եւ կը խոստանայ զիրենք օրհնել (կարդա՛ Սաղմոս 5։12, Հռով. 3։26)։ Փրկանքին վրայ խոկալը օգնեց Վիքի անունով քրոջ մը։ Օր մը, փրկանքին մասին բաւական մտածելէ ետք, ան վերջապէս անդրադարձաւ. «Եհովան ինծի շատ համբերած է, բայց կարծես թէ տակաւին ես իրեն կ’ըսեմ. ‘Դուն չես կրնար ինծի պէս մէկը սիրել։ Քու որդիիդ զոհը չի կրնար իմ մեղքերս ծածկել’»։ Ան փրկանքին վրայ խոկալով սկսաւ Եհովային սէրը զգալ։ Մե՛նք ալ կրնանք Եհովային սէրն ու հաճութիւնը զգալ, եթէ փրկանքին վրայ խոկանք։

Ի՞նչ կերպերով կրնաս տեսնել, թէ Եհովան քեզի կը հաւնի (տե՛ս պարբերութիւն 17)


18. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, եթէ շարունակենք մեր երկնաւոր Հայրը սիրել։

18 Նոյնիսկ եթէ շատ ջանք թափենք, որ այս յօդուածին կէտերը գործադրենք, թերեւս ատեններ տակաւին յուսահատինք եւ կասկածինք որ Եհովային հաճութիւնը ունինք։ Եթէ ասիկա հետդ պատահի, յիշէ որ Եհովան շարունակ «զինք սիրողներուն» կը հաւնի (Յակ. 1։12)։ Ասոր համար շարունակէ Եհովային մօտենալ եւ տես թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով ցոյց կու տայ, որ քեզի կը հաւնի։ Եւ միշտ միտքդ պահէ, որ Եհովան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ոմանք ինչո՞ւ կը զգան, որ Եհովան իրենց չի հաւնիր։

  • Եհովան ի՞նչ կարգ մը կերպերով ցոյց կու տայ, որ մեզի կը հաւնի։

  • Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ վստահ ըլլալ, որ Եհովան իրեն կը հաւնի։

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

a ՆԿԱՐ. Նկարին մէջինները իրական անձերը չեն

b ՆԿԱՐ. Նկարին մէջինները իրական անձերը չեն

c ՆԿԱՐ. Նկարին մէջինները իրական անձերը չեն