ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12
ԵՐԳ 143 Լոյս՝ խաւար աշխարհին մէջ
Խաւարէն հեռո՛ւ կեցիր եւ լոյսին մէջ մնա՛
«Ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք» (ԵՓ. 5։8)։
ՆԻՒԹ
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եփեսացիս 5–րդ գլուխին մէջ յիշուած խաւար եւ լոյս բառերէն։
1-2. ա) Պօղոս ի՞նչ պայմաններու տակ գրեց եփեսացիներուն ուղղուած իր նամակը։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ԵՐԲ Պօղոս առաքեալ տան մը մէջ բանտարկուած էր, Հռոմ քաղաքին մէջ, ուզեց եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերել։ Ան անձամբ չէր կրնար իրենց այցելել։ Անոր համար նամակներ գրեց։ Անոնցմէ մէկը գրեց եփեսացիներուն, Ք.Ե. շուրջ 60 կամ 61–ին (Եփ. 1։1. 4։1)։
2 Մօտաւորապէս 10 տարի առաջ, Պօղոս բաւական ժամանակ անցուցած էր Եփեսոսի մէջ՝ քարոզելով եւ սորվեցնելով բարի լուրը (Գործք 19։1, 8-10. 20։20, 21)։ Ան իր եղբայրները շատ կը սիրէր եւ կ’ուզէր անոնց օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնան։ Բայց ան ինչո՞ւ խաւարի եւ լոյսի մասին գրեց օծեալ քրիստոնեաներուն, եւ բոլոր քրիստոնեաները ի՞նչ դասեր կրնան սորվիլ իր գրածէն։ Նկատի առնենք այս հարցումներուն պատասխանները։
ԽԱՒԱՐԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՅՍ
3. Պօղոս եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ ի՞նչ բառեր գործածեց։
3 Պօղոս Եփեսոսի քրիստոնեաներուն գրեց. «Ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք» (Եփ. 5։8)։ Հոս Պօղոս գործածեց խաւար եւ լոյս բառերը, որ բացատրէ թէ եփեսացիները որքա՛ն փոխուած էին։ Տեսնենք Պօղոս ինչո՛ւ եփեսացիներուն համար ըսաւ, որ ‘ատեն մը խաւար էին’։
4. Եփեսացիները ի՞նչ իմաստով կրօնական խաւարի մէջ էին։
4 Կրօնական խաւար։ Եփեսացիները, որոնց Պօղոսը գրեց, ճշմարտութիւնը սորվելէ եւ քրիստոնեայ դառնալէ առաջ կրօնական սուտ գաղափարներու գերի եղած էին։ Եփեսոս քաղաքին մէջ կար Արտեմիս չաստուածուհիին տաճարը, որ անցեալին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկն էր։ Մարդիկ այդ տաճարը կ’երթային կուռքեր պաշտելու համար։ Այդ տաճարին եւ Արտեմիս չաստուածուհիին արձանները շինելը եւ ծախելը շահաբեր գործ մըն էր (Գործք 19։23-27)։ Ասկէ զատ, Եփեսոսի մէջ շատեր կը զբաղէին կախարդութեամբ (Գործք 19։19)։
5. Եփեսացիները ի՞նչ իմաստով բարոյական խաւարի մէջ էին։
5 Բարոյական խաւար։ Եփեսացիները ճանչցուած էին որ շատ անբարոյ էին եւ չէին ամչնար իրենց ըրածներէն։ Անոնց թատրոններուն մէջ եւ նոյնիսկ կրօնական տօներուն շատ անբարոյ եւ անկիրթ խօսակցութիւններ կը դառնային (Եփ. 5։3)։ Եփեսացիներէն շատեր բարոյապէս «անզգայ» էին (Եփ. 4։17-19)։ Առաջ որ Եփեսոսի քրիստոնեաները սորվին, որ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ, անոնց խիղճը չէր տանջեր եւ անոնց հոգը չէր, որ Աստուած ի՛նչ կը զգայ իրենց ըրածներուն նկատմամբ։ Այս պատճառներուն համար, Պօղոս անոնց մասին ըսաւ որ անոնց միտքը «խաւարած է» եւ անոնք «օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն»։
6. Պօղոս եփեսացիներուն համար ինչո՞ւ ըսաւ որ ‘հիմա լոյս են’։
6 Բայց կարգ մը եփեսացիներ խաւարին մէջ չմնացին։ Պօղոս գրեց, որ անոնք ‘հիմա լոյս են Տէրոջմով’ (Եփ. 5։8)։ Անոնք սկսան Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ ապրիլ, որ լոյսի պէս զանոնք կ’առաջնորդէր (Սաղ. 119։105)։ Անոնք իրենց ետին ձգեցին իրենց կրօնական սխալ սովորութիւնները եւ անբարոյ կեանքը։ Անոնք ‘Աստուծոյ նմանող եղան’ եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընէին, որ Եհովան պաշտեն եւ ուրախացնեն (Եփ. 5։1)։
7. Մեր պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի Եփեսոսի քրիստոնեաներուն պարագային։
7 Մենք ալ, առաջ որ ճշմարտութիւնը սորվինք, կրօնական եւ բարոյական խաւարի մէջ էինք։ Մեզմէ ոմանք կրօնական սխալ տօներ կը տօնէին, իսկ ուրիշներ անբարոյ կեանք կը վարէին։ Բայց հազիւ որ սորվեցանք, թէ Եհովային աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ, մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցինք։ Սկսանք Եհովայի՛ն ուզածին պէս ապրիլ, եւ ասիկա մեզի շատ մը օգուտներ բերաւ (Եսա. 48։17)։ Բայց մեզի համար միշտ դիւրին չէ խաւարէն հեռու մնալ եւ շարունակել «լոյսի որդիներու պէս» ապրիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք լոյսի մէջ մնալ։
ԽԱՒԱՐԷՆ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ
8. Եփեսացիս 5։3-5–ի համաձայն, եփեսացիները ի՞նչ բանէ հեռու պէտք էր կենային։
8 Կարդա՛ Եփեսացիս 5։3-5։ Որպէսզի եփեսացի քրիստոնեաները բարոյական խաւարէ հեռու կենային, անոնք պէտք էր շարունակէին մերժել այն սովորութիւնները, որոնք Եհովան չի սիրեր։ Ատոնց մէջ կան ոչ միայն սեռային անբարոյ վարքը, հապա նաեւ՝ աղտոտ եւ անկիրթ խօսակցութիւնը։ Պօղոս եփեսացիներուն յիշեցուց, որ պէտք է հեռու կենային այսպիսի բաներէ, եթէ կ’ուզէին «Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն» ունենալ։
9. Ինչո՞ւ պէտք է մերժենք սեռային անբարոյութեան առաջնորդող որեւէ բան։
9 Մենք ալ պէտք է շարունակենք ուշադիր ըլլալ, որ «խաւարին անպտուղ գործեր»էն հեռու մնանք (Եփ. 5։11)։ Շատ ճիշդ է որ անձ մը որքա՛ն նայի, մտիկ ընէ կամ խօսի անմաքուր կամ անբարոյ բաներու մասին, այնքա՛ն աւելի իրեն համար դիւրին պիտի ըլլայ որ սխալ բան մը ընէ (Ծն. 3։6. Յակ. 1։14, 15)։ Օրինակ, երկրի մը մէջ, մեծ թիւով եղբայրներ սկսան իրարու մէսըճներ ղրկել ընկերային ցանցի մը վրայ։ Սկիզբը անոնցմէ շատեր կը խօսէին հոգեւոր բաներու մասին։ Բայց ժամանակի ընթացքին, անոնք սկսան անմաքուր բաներու մասին խօսիլ, մէջ ըլլալով՝ սեռային յարաբերութիւնը։ Անոնցմէ շատեր ետքը խոստովանեցան, որ այդ անմաքուր խօսակցութիւններն էին, որ ձգեցին որ անոնք սեռային անբարոյութիւն գործեն։
10. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ խաբել (Եփեսացիս 5։6)։
10 Սատանայի աշխարհը կը փորձէ մեզ խաբել, որպէսզի հաւատանք թէ ի՛նչ որ Եհովան անբարոյ եւ անմաքուր կը սեպէ, բոլորովին սխալ չէ (Բ. Պետ. 2։19)։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ, քանի որ Սատանան միշտ փորձած է մարդիկը շփոթեցնել, որպէսզի չկրնան զանազանել ճիշդը սխալէն (Եսա. 5։20. Բ. Կոր. 4։4)։ Զարմանալի չէ որ այսքա՛ն շատ ֆիլմեր, հեռատեսիլի յայտագիրներ եւ կայքեր կը ծանուցանեն գաղափարներ, որոնք Եհովային արդար չափանիշներուն հակառակ են։ Սատանան կը փորձէ մեզ խաբել, որպէսզի հաւատանք որ անմաքուր արարքները եւ անմաքուր ապրելակերպը ոչ միայն ընդունելի են, հապա նաեւ՝ հաճելի եւ անվնաս (կարդա՛ Եփեսացիս 5։6)։
11. Էնճըլային փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ կարեւոր է որ հետեւինք Եփեսացիս 5։7–ի խրատին (տե՛ս նաեւ նկարը)։
11 Սատանան կ’ուզէ որ ընկերակցինք անձերու, որոնք մեզի համար կը դժուարացնեն Եհովային ուզածին պէս ապրիլը։ Ասոր համար, Պօղոս եփեսացիներուն ըսաւ. «Անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք». այսինքն՝ չյարաբերին այն անձերուն հետ, որոնք Եհովային աչքին սխալ բաներ կ’ընեն (Եփ. 5։7)։ Բայց մենք պէտք է եփեսացիներէն ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլանք, քանի որ այսօր մենք մարդոց հետ ժամանակ կ’անցընենք, ոչ միայն երես–երեսի, հապա նաեւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ։ Էնճըլան a, որ Ասիոյ մէջ կ’ապրի, փորձառութեամբ տեսաւ, որ ընկերային ցանցերը որքա՜ն վտանգաւոր կրնան ըլլալ։ Ան կը խոստովանի. «Ատոնք կրնան կամաց–կամաց մտածելակերպդ փոխել։ Տեղ մը հասայ, որ նեղութիւն չէի զգար որ ունիմ ընկերներ, որոնք Սուրբ Գիրքի սկզբունքները չէին յարգեր։ Ի վերջոյ, սկսայ մտածել որ խնդիր չէ եթէ չուզեմ Եհովային ուզածին պէս ապրիլ»։ Բայց երէցները սիրալիր կերպով օգնեցին Էնճըլային, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Ես հիմա կը կեդրոնանամ հոգեւոր բաներու վրայ, քան թէ՝ ընկերային ցանցերու»։
12. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շիտակի եւ սխալի նկատմամբ Եհովային ըսածներուն հետեւինք։
12 Պէտք է դէմ դնենք աշխարհի այն մտածելակերպին, թէ անբարոյ վարքը ընդունելի է, քանի որ մենք գիտենք թէ ատիկա սխալ է (Եփ. 4։19, 20)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որոշա՞ծ եմ անտեղիօրէն չընկերակցիլ գործակիցներու, դասընկերներու կամ ուրիշներու հետ, որոնք Եհովային արդար չափանիշները չեն յարգեր։ Քաջաբար կը հետեւի՞մ սխալի եւ շիտակի նկատմամբ Եհովային ըսածներուն, նոյնիսկ եթէ ոմանք զիս ծայրայեղ կոչեն ասիկա ընելուս համար’։ Ինչպէս որ Բ. Տիմոթէոս 2։20-22–ն կ’ըսէ, պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլանք, երբ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մեր մօտիկ ընկերները կ’ընտրենք։ Ի մտի պէտք է ունենանք, թէ անոնցմէ ոմանք կրնան մեզի չօգնել, որ Եհովային ծառայութեան մէջ հաւատարիմ մնանք։
«ԼՈՅՍԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՊԷՍ» ՔԱԼԷ
13. Ի՞նչ կը նշանակէ «լոյսի որդիներու պէս» քալել (Եփեսացիս 5։7-9)։
13 Պօղոս եփեսացի քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ոչ միայն շարունակեն մերժել խաւարը, հապա նաեւ «լոյսի որդիներու պէս» քալեն (կարդա՛ Եփեսացիս 5։7-9, ստորանիշ)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ամէն ատեն ճշմարիտ քրիստոնեաներու պէս վարուինք։ Ասիկա ընելու համար կանոնաւորաբար կարդանք եւ սերտենք Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները։ Շատ կարեւոր է, որ մօտէն հետեւինք Յիսուսին օրինակին եւ սորվեցուցածներուն, քանի որ ան «աշխարհի լոյս»ն է (Յովհ. 8։12. Առ. 6։23)։
14. Սուրբ հոգին մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել։
14 Ասկէ զատ, մենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան ալ պէտք ունինք, որպէսզի շարունակենք «լոյսի որդիներու պէս» քալել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս անբարոյ աշխարհին մէջ դիւրին չէ մաքուր մնալ (Ա. Թես. 4։3-5, 7, 8)։ Սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ այս աշխարհին մտածելակերպին դէմ դնենք, մէջը ըլլալով ատոր փիլիսոփայութիւնները եւ տեսակէտները, որոնք Աստուծոյ մտածելակերպին հակառակ են։ Սուրբ հոգին նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ ‘ամէն կերպ բարութիւն եւ արդարութիւն’ ցոյց տանք (Եփ. 5։9)։
15. Ի՞նչ կերպերով կրնանք սուրբ հոգին ունենալ (Եփեսացիս 5։19, 20)։
15 Սուրբ հոգին ստանալու կերպերէն մէկն է՝ անոր համար աղօթել։ Յիսուս ըսաւ որ Եհովան «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Եւ երբ քրիստոնէական ժողովներուն միասնաբար Եհովան կը փառաբանենք, հոն ալ սուրբ հոգին կը ստանանք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։19, 20)։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին լաւ ազդեցութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ Աստուած ուրախացնող կերպով մը ապրինք։
16. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք (Եփեսացիս 5։10, 17)։
16 Երբ կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլանք, պէտք է տեսնենք, «թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը», եւ ետքը ատոր հիման վրայ որոշումներ առնենք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։10, 17)։ Երբ փնտռենք Սուրբ Գիրքի սկզբունքներ, որոնք մեր պարագային կը կիրարկուին, իրականութեան մէջ փնտռած կ’ըլլանք, որ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Երբ իր սկզբունքները գործադրենք, աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնենք։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածել (Եփեսացիս 5։15, 16) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Պօղոս նաեւ եփեսացի քրիստոնեաները խրատեց, որ իրենց ժամանակը իմաստուն կերպով գործածեն (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։ Մեր թշնամին Սատանան, կամ՝ «չարը», կ’ուզէ մեզ զբաղած պահել այս աշխարհին մէջ եղած բաներով, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան համար ժամանակ չունենանք (Ա. Յովհ. 5։19, ՆԱ)։ Դիւրին է որ քրիստոնեայ մը սկսի կեդրոնանալ դրամի, ուսումի եւ գործի վրայ, փոխանակ Եհովային ծառայութեան մէջ իրեն ներկայացուած առիթները օգտագործելու։ Եթէ այսպէս պատահի, ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան աշխարհի մտածելակերպէն ազդուած է։ Անշուշտ, այս բոլոր բաները ինքնին սխալ չեն, բայց բնա՛ւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք չէ առնեն։ «Լոյսի որդիներու պէս» քալելու համար, պէտք է ‘ժամանակը ծախու առնենք’, այսինքն՝ կեդրոնանանք իրապէս կարեւոր բաներուն վրայ։
18. Տանըլտը ի՞նչ քայլեր առաւ, որ իր ժամանակը աւելի լաւ կերպով գործածէ։
18 Տես թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս Եհովային աւելի ծառայել։ Նկատի առ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող Տանըլտը ի՛նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Պարագաներս նկատի առի եւ սրտանց Եհովային աղօթեցի որ ինծի օգնէ, որ իրեն աւելի ծառայեմ։ Աղօթեցի որ գտնեմ գործ մը, որ ինծի առիթը պիտի տայ, որ աւելի ժամանակ ունենամ քարոզելու։ Եհովային օգնութեամբ յարմար գործ մը գտայ, եւ կնոջս հետ սկսայ լիաժամ ծառայել»։
19. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել «լոյսի որդիներու պէս» քալել։
19 Եփեսացիներուն գրած Պօղոսին նամակը իրենց օգնած ըլլալու էր, որ Եհովային հաւատարիմ մնան։ Եւ Եհովայէն եկած այդ ուղղութիւնը մեզի ալ կրնայ օգնել։ Ինչպէս որ տեսանք այս յօդուածին մէջ, այդ նամակը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ժամանցը եւ ընկերները իմաստութեամբ ընտրենք։ Անիկա նաեւ կրնայ մեզ քաջալերել, որ շարունակենք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտել, որպէսզի ճշմարտութեան լոյսը մեզ առաջնորդէ ամէն բանի մէջ։ Այս նամակը նաեւ կը շեշտէ սուրբ հոգիին կարեւորութիւնը, որ կրնայ մեր մէջ լաւ յատկութիւններ մշակել։ Պօղոսին գրածները կրնան մեզի օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնենք, որոնք Եհովային մտածելակերպին հետ համաձայն են։ Այս բոլորը ընելով պիտի կարենանք այս աշխարհին խաւարէն հեռու կենալ եւ լոյսին մէջ մնալ։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Եփեսացիս 5։8–ին մէջ, «խաւար» եւ «լոյս» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք «խաւար»էն հեռու մնալ։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել «լոյսի որդիներու պէս» քալել։
ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։
b ՆԿԱՐ. Հոս կը տեսնենք Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն գրած նամակին մէկ հին օրինակը։