Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ

Կրնաս շարունակել համբերել, հակառակ յուսախաբութիւններուն

Կրնաս շարունակել համբերել, հակառակ յուսախաբութիւններուն

«Դիմացար իմ անուանս համար» (ՅԱՅՏ. 2։3, ՆԱ

ՆԻՒԹ

Նոյնիսկ եթէ յուսախաբութիւններ ունենաս, կրնաս շարունակել համբերութեամբ Եհովային ծառայել։

1. Քանի որ Եհովային կազմակերպութեան մաս կը կազմենք, ի՞նչ կարգ մը օրհնութիւններ կը վայելենք։

 ԱՅՍ դժուար վերջին օրերուն, Եհովային կազմակերպութեան մաս կազմելը իսկական օրհնութիւն մըն է։ Մինչ այս աշխարհին մէջ կեանքը երթալով աւելի կը դժուարանայ, Եհովան մեզի տուած է եղբայրներ եւ քոյրեր, որ մեզի օգնեն (Սաղ. 133։1)։ Ան նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ուրախ ընտանեկան կեանք մը ունենանք (Եփ. 5։33–6։1)։ Ասկէ զատ, ան մեզի իմաստութիւն կու տայ, որպէսզի ներքին խաղաղութիւն ունենանք։

2. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

2 Բայց պէտք է շատ ջանք թափենք, որ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատեններ թերեւս ուրիշներուն ըսածները կամ ըրածները մեզ նեղացնեն։ Կամ ալ թերեւս մե՛ր ըրած սխալները մեզ նեղացնեն, մանաւանդ եթէ միշտ նոյն սխալները կ’ընենք։ Պէտք է շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել՝ 1) երբ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ նեղացնէ, 2) երբ յուսախաբ ըլլանք մեր կողակիցէն եւ 3) երբ մենք մեր անձէն յուսախաբ ըլլանք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս պարագաները։ Նաեւ Սուրբ Գիրքէն նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ երեք հաւատարիմ անձերէ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐԵԼ՝ ԵՐԲ ՀԱՒԱՏԱԿԻՑ ՄԸ ՔԵԶ ՆԵՂԱՑՆԷ

3. Եհովային ժողովուրդը ի՞նչ դժուարութիւն ունի։

3 Դժուարութիւնը։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր ունին բնաւորութիւններ, որոնք մեզ կը նեղացնեն։ Ուրիշներ թերեւս մեզ յուսախաբ ընեն, կամ ալ իրենց խօսքերով կամ գործերով վիրաւորեն մեզ։ Կրնայ ըլլալ որ երէցները սխալներ ընեն։ Ոմանք երբ այսպիսի բաներ տեսնեն, կը սկսին կասկածիլ եթէ ասիկա Եհովային կազմակերպութիւնն է։ Եւ փոխանակ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ուս–ուսի Եհովային ծառայելու, այլեւս անոնց հետ չեն ընկերակցիր, կամ նոյնիսկ ժողովներու չեն երթար (Սոփ. 3։9)։ Բայց ասիկա իմաստո՞ւն քայլ մըն է։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ անձէ մը, որ այսպիսի խնդիրներէ անցաւ։

4. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ։

4 Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը։ Պօղոս առաքեալ գիտէր որ իր եղբայրներն ու քոյրերը անկատար էին։ Օրինակ, Երուսաղէմի ժողովքին մէջ կարգ մը մարդիկ չհաւատացին, որ ան Յիսուսին աշակերտներէն մէկն է (Գործք 9։26)։ Ասկէ զատ, ոմանք իր կռնակին ետեւէն խօսեցան, որ իր անունը աւրեն (Բ. Կոր. 10։10)։ Պօղոս տեսաւ երէց մը սխալ որոշում կ’առնէ, ինչ որ կրնար գէշ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներուն վրայ (Գաղ. 2։11, 12)։ Եւ Պօղոսին մօտիկ բարեկամներէն մէկը՝ Մարկոսը շատ յուսախաբ ըրաւ զինք (Գործք 15։37, 38)։ Պօղոս կրնար թոյլ տալ, որ այս պարագաները պատճառ դառնան, որ ան չընկերակցէր զինք վիրաւորողներուն հետ։ Բայց ան շարունակեց իր քոյրերուն ու եղբայրներուն լաւ կողմերը դիտել եւ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Լաւ, ի՞նչը Պօղոսին օգնեց ասոր մէջ։

5. Ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց որ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտիկ մնայ (Կողոսացիս 3։13, 14) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

5 Պօղոս կը սիրէր իր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ այս սէրը իրեն օգնեց որ կեդրոնանայ ո՛չ թէ անոնց անկատարութիւններուն վրայ, հապա՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Սէրը նաեւ օգնեց Պօղոսին որ գործադրէ այն ինչ որ ինքը գրեց Կողոսացիս 3։13, 14–ին մէջ (կարդա՛)։ Նկատի առ թէ Պօղոս ինչպէ՞ս ներեց Մարկոսին։ Թէեւ Պօղոսին առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին Մարկոսը զինք ձգեց–գնաց, բայց Պօղոս նեղուած չմնաց։ Ետքը, երբ ան Կողոսայի մէջ գտնուող ժողովքին ջերմ նամակ մը կը գրէր, անոր մէջ Մարկոսը գովեց որպէս արժէքաւոր գործակից մը, որ միեւնոյն ատեն «մխիթարութիւն» եղաւ Պօղոսին (Կող. 4։10, 11)։ Եւ երբ Պօղոս Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, մասնայատուկ կերպով խնդրեց որ Մարկոսը գայ եւ իրեն օգնէ (Բ. Տիմ. 4։11)։ Ուրեմն, յստակ է որ Պօղոս առաքեալ իր եղբայրներուն ներեց եւ անոնց մօտիկ մնաց։ Ի՞նչ կը սորվինք Պօղոսէն։

Երբ Պօղոս Բառնաբասին եւ Մարկոսին հետ անհամաձայնութիւն ունեցաւ, ան հարցը իր կռնակին ետեւ նետեց եւ յետագային ուրախութեամբ աշխատեցաւ Մարկոսին հետ (տե՛ս պարբերութիւն 5)


6-7. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել սիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, հակառակ անոր որ անոնք սխալներ կ’ընեն (Ա. Յովհաննէս 4։7

6 Դասը։ Եհովան կ’ուզէ որ շարունակենք սիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7)։ Եթէ մէկը չկրցաւ քրիստոնէական յատկութիւն մը ցոյց տալ, կրնանք սեպել որ անոր նպատակը չէր Սուրբ Գիրքին սկզբունքը կտրել, բայց ան պարզապէս առանց մտածելու վարուեցաւ (Առ. 12։18)։ Աստուած կը սիրէ իր հաւատարիմ ծառաները, հակառակ անոր որ անոնք կը սխալին։ Ան անոնց հետ իր կապը չի կտրեր երբ կը սխալին, ոչ ալ ոխ կը պահէ (Սաղ. 103։9)։ Շատ ուրախ ենք որ Եհովան մեզի կը ներէ, եւ մենք ալ պէտք է զինք ընդօրինակելով՝ ուրիշներուն ներենք (Եփ. 4։32–5։1

7 Ասկէ զատ, միտքդ պահէ որ մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, պէտք է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտիկ մնանք։ Մենք կ’ակնկալենք որ հալածանքը երթալէն շատնայ։ Թերեւս նոյնիսկ բանտարկուինք մեր հաւատքին համար։ Այդ պարագաներուն, եղբայրներուն ու քոյրերուն շա՛տ աւելի պէտք պիտի ունենանք (Առ. 17։17)։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ժուզեփ a անունով երէցի մը հետ, Սպանիոյ մէջ։ Ան եւ ուրիշ եղբայրներ բանտարկուեցան իրենց չէզոքութեան համար։ Ան կ’ըսէ. «Բանտին մէջ շատ աւելի դիւրին էր եղբօրմէ մը նեղանալ, քանի որ ամէնքս նոյն սենեակին մէջ կ’ապրէինք։ Մենք պէտք էր իրարու համբերէինք եւ միշտ իրարու ներէինք։ Ասիկա մեզի օգնեց որ միացած եւ պաշտպանուած մնանք։ Մեր հետը կային բանտարկեալներ, որոնք Եհովային չէին ծառայեր։ Անգամ մը, թեւս վիրաւորած էի եւ չէի կրնար թեւս շարժել։ Բայց եղբայրներէն մէկը հագուստներս լուաց եւ ուրիշ գործնական կերպերով ինծի հոգ տարաւ։ Անոր անկեղծ սէրը զգացի, երբ ատոր ամէնէն շատ պէտք ունէի»։ Յստակ է որ զօրաւոր պատճառներ ունինք, որ հիմա իսկ իրարու հետ մեր ունեցած խնդիրները լուծենք։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐԵԼ՝ ԵՐԲ ԿՈՂԱԿԻՑԴ ՔԵԶ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՆԷ

8. Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենան։

8 Դժուարութիւնը։ Բոլոր ամուսնութիւններն ալ դժուարութիւններ ունին։ Աստուածաշունչը անկեղծօրէն կ’ըսէ, որ ամուսնացած մարդիկը «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամուսնութիւնը երկու անկատար անձերու միութիւնն է։ Ամէն մէկը ունի իր տարբեր բնաւորութիւնները, սիրած եւ չսիրած բաները։ Զոյգը տարբեր ընտանիքներէ կամ կրնայ ըլլալ նոյնիսկ տարբեր մշակոյթներէ եկած է։ Եւ ատեններ, անոնց բնաւորութիւնները մէջտեղ չեն ելլեր հարսանիքէն առաջ։ Բայց ասոնք կրնան ետքը խնդիրներ հանել։ Թերեւս զոյգերը ամուսնութեան մէջ ծագած խնդիրներուն համար իրար այպանեն, հակառակ անոր որ երկուքն ալ սխալներ կ’ընեն եւ պէտք է որ խնդիրները միասին լուծեն։ Անոնք նոյնիսկ կրնան մտածել, որ լուծումը բաժանումը կամ ամուսնալուծումն է։ Բայց արդեօք ասո՞նք են լուծումները b։ Նկատի առնենք կին մը, որ Եհովային հաւատարիմ մնաց, հակառակ անոր որ շատ գէշ ամուսին մը ունէր։

9. Աբիգիան ի՞նչ դժուարութիւն ունէր։

9 Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը։ Աբիգիան ամուսնացած էր Նաբաղին հետ, որուն համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ կոշտ ու կոպիտ եւ չար մարդ մըն էր (Ա. Թագ. 25։3)։ Աբիգիային համար դժուար ըլլալու էր այսպիսի մարդու մը հետ ապրիլը։ Լաւ, ան առիթը ունէ՞ր այս ամուսնութենէն ազատելու։ Այո՛։ Այդ առիթը իր ձեռքը անցաւ, երբ Դաւիթ՝ որ ապագային Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, եկաւ իր ամուսինը սպաննելու, քանի որ ան անարգած էր զինք եւ իր մարդիկը (Ա. Թագ. 25։9-13)։ Աբիգիան կրնար փախչիլ եւ ձգել որ Դաւիթ Նաբաղը մեռցնէ։ Բայց ան ասիկա չըրաւ։ Ընդհակառակը, Դաւիթը համոզեց որ Նաբաղը չսպաննէ (Ա. Թագ. 25։23-27)։ Լաւ, ան ինչո՞ւ այսպէս վարուեցաւ։

10. Աբիգիան հաւանաբար ինչո՞ւ շարունակեց համբերել իր դժուար ամուսնութեան մէջ։

10 Աբիգիան կը սիրէր Եհովան եւ կը յարգէր ամուսնութեան նկատմամբ Եհովային դրած չափանիշները։ Անկասկած, ան գիտէր որ Աստուած ի՛նչ ըսած էր, երբ ան Ադամին կին մը տուաւ (Ծն. 2։24)։ Աբիգիան գիտէր որ Եհովային համար ամուսնութիւնը սուրբ է։ Ան կ’ուզէր Եհովա՛ն ուրախացնել։ Եւ ճիշդ այս պատճառով է որ իր ամէն կարելին ըրաւ, որ իր տան անդամները ազատէ, մէջը ըլլալով՝ իր ամուսինը։ Ան շուտով գործի անցաւ, որ արգելք ըլլայ որ Դաւիթը Նաբաղը սպաննէ։ Ան նաեւ ներողութիւն խնդրեց սխալի մը համար, որ ինքը չէր ըրած։ Յստակ է որ Եհովան շատ կը սիրէր այս քաջ եւ անձնազոհ կինը։ Լաւ, թէ՛ կիները եւ թէ ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Աբիգիայէն։

11. ա) Եհովան ամուսնացած զոյգերէն ի՞նչ կ’ակնկալէ (Եփեսացիս 5։33)։ բ) Ամուսնութիւնը ազատելու մասին ի՞նչ կը սորվինք Գարմէնէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Դասը։ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը միասին մնան, նոյնիսկ երբ անոնցմէ մէկը դժուար բնաւորութիւն մը ունի։ Աստուած որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ ամուսնացած զոյգեր ծանր կ’աշխատին, որպէսզի իրենց խնդիրները լուծեն եւ իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր եւ յարգանք ցոյց տան (կարդա՛ Եփեսացիս 5։33)։ Նկատի առ Գարմէնին օրինակը։ Իր ամուսնութենէն վեց տարի ետք, Գարմէն սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ գիրքը սերտել, եւ ետքը մկրտուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ամուսինս չսիրեց իմ որոշումս։ Ան սկսաւ Եհովայէն նախանձիլ։ Ան ինծի վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէր եւ կը սպառնար որ պիտի ձգէ–երթայ։ Հակառակ ասոր, Գարմէնը շարունակեց համբերել եւ յիսուն տարի շատ ջանք թափեց, որ իր ամուսինը սիրէ ու յարգէ։ «Մինչ տարիները անցան, սորվեցայ աւելի հասկնալ ամուսինս եւ իր հետը ազնիւ կերպով խօսիլ։ Քանի որ գիտէի որ ամուսնութիւնը սուրբ է Եհովային աչքին, ձեռքէս եկածը ըրի, որ ամուսնութիւնս շարունակուի։ Երբեք չփորձեցի ամուսինս ձգել, քանի որ Եհովան կը սիրեմ» c։ Եթէ ամուսնութեանդ մէջ դժուարութիւններ ծագին, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես համբերել։

Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ Աբիգիայէն, որ իր ամէն կարելին ըրաւ իր տան անդամները ազատելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 11)


ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐԵԼ՝ ԵՐԲ ԴՈՒՆ ՔԵԶՄԷ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸԼԼԱՍ

12. Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, ի՞նչ դժուարութիւն կրնանք ունենալ։

12 Դժուարութիւնը։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, թերեւս մեր յոյսը կտրենք մեր անձէն։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ երբ մեղք գործենք, մեր սիրտը «կոտրած» կ’ըլլայ (Սաղ. 51։17)։ Ռապըրթ անունով եղբայր մը տարիներով շատ ջանք թափեց, որ օգնական ծառայ ըլլայ։ Բայց ան լուրջ մեղք մը գործեց եւ զգաց որ Եհովային դաւաճանած էր։ Ան կ’ըսէ. «Երբ անդրադարձայ թէ ի՛նչ ըրի, խիղճս շատ տանջեց եւ շա՜տ գէշ զգացի։ Լալով Եհովային աղօթեցի եւ նոյնիսկ մտածեցի, որ Եհովան այլեւս աղօթքներս մտիկ պիտի չընէ։ Ինչո՞ւ մտիկ պիտի ընէ, եթէ զինք յուսախաբ ըրի»։ Եթէ մեղք գործենք, թերեւս մեր յոյսը կտրենք մեր անձէն, քանի որ մեր կոտրած սիրտը կը հաւատայ, որ Եհովա՛ն իր յոյսը կտրեց մեզմէ (Սաղ. 38։4)։ Եթէ այսպէս կը զգաս, նկատի առ Սուրբ Գիրքէն անձնաւորութիւն մը, որ շարունակեց Եհովային ծառայել, հակառակ անոր որ լուրջ մեղք մը գործեց։

13. Ի՞նչ կարգ մը սխալներ Պետրոս առաքեալը առաջնորդեցին լուրջ մեղք մը գործելու, եւ ի՞նչ էր այդ մեղքը։

13 Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը։ Յիսուսին մահուան նախորդող գիշերը, Պետրոս առաքեալ քանի մը սխալներ ըրաւ, եւ ատոնց պատճառով շատ լուրջ մեղք մը գործեց։ Նախ, Պետրոս չափէ դուրս ինքնավստահութիւն ցոյց տուաւ. ան ինքզինք տեսաւ, ըսելով որ ինք հաւատարիմ պիտի մնայ նոյնիսկ եթէ միւս առաքեալները կռնակ դարձնեն Յիսուսին (Մար. 14։27-29)։ Անկէ ետք, երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջն էին, Պետրոս քանի մը անգամ քունի անցաւ՝ փոխանակ արթուն մնալու (Մար. 14։32, 37-41)։ Աւելի ետք, երբ բազմութիւն մը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու, ան Յիսուսը ձգեց եւ փախաւ (Մար. 14։50)։ Վերջաւորութեան, Պետրոս երեք անգամ ուրացաւ Յիսուսը, նոյնիսկ երդում ընելով (Մար. 14։66-71)։ Պետրոս ի՞նչ ըրաւ, երբ անդրադարձաւ թէ որքա՜ն լուրջ մեղք մը գործած էր։ Ան այնքա՛ն յանցաւոր զգաց, որ սիրտը արիւն լացաւ (Մար. 14։72)։ Պահ մը երեւակայէ Պետրոսին ցաւը, երբ ժամեր ետքը իր բարեկամը՝ Յիսուսը սպաննուեցաւ։ Պետրոս որքա՜ն անարժէք զգացած ըլլալու էր։

14. Ի՞նչը Պետրոսին օգնեց որ շարունակէ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել (տե՛ս նկարը)։

14 Պետրոս կրցաւ շարունակել հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել քանի մը պատճառներով։ Ան չառանձնացաւ, հապա՝ իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ մնաց, եւ վստահաբար անոնք զինք մխիթարեցին (Ղուկ. 24։33)։ Ասկէ զատ, Յիսուս յարութիւն առնելէն ետք Պետրոսին երեւցաւ, հաւանաբար որ զինք քաջալերէ (Ղուկ. 24։34. Ա. Կոր. 15։5)։ Ուրիշ առիթով, Յիսուս փոխանակ Պետրոսը յանդիմանելու իր ըրած սխալներուն համար, անոր ըսաւ որ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի ստանար (Յովհ. 21։15-17)։ Պետրոս շատ լաւ գիտէր որ լուրջ մեղք մը գործած էր, բայց ան իր յոյսը չկտրեց իր անձէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան համոզուած էր, որ իր Տէրը՝ Յիսուսը իր յոյսը չէր կտրած իրմէ։ Ասկէ զատ, Պետրոսին հոգեւոր եղբայրներն ալ շարունակեցին իր կողքին կանգնիլ։ Լաւ, ի՞նչ կը սորվինք Պետրոսէն։

Յիսուս իր յոյսը չկտրեց Պետրոսէն, եւ ասիկա Պետրոսը քաջալերեց որ շարունակէ համբերել (տե՛ս պարբերութիւն 14)


15. Եհովան կ’ուզէ որ ի՞նչ բանի համոզուած ըլլանք (Սաղմոս 86։5. Հռովմայեցիս 8։38, 39) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Դասը։ Եհովան կ’ուզէ որ համոզուած ըլլանք, որ մեզ կը սիրէ եւ մեզի կը ներէ (կարդա՛ Սաղմոս 86։5. Հռովմայեցիս 8։38, 39)։ Երբ մեղք գործենք, բնական է որ յանցաւոր զգանք։ Բայց նոյն ատեն, պէտք չէ մտածենք, որ Եհովան այլեւս մեզ չի սիրեր եւ չ’ուզեր մեզի ներել։ Փոխարէն՝ պէտք է անմիջապէս օգնութիւն խնդրենք։ Նախապէս յիշուած Ռապըրթը կ’ըսէ. «Մեղք գործեցի, քանի որ փորձութեան դէմ դնելու համար իմ ուժիս վստահեցայ»։ Ան անդրադարձաւ որ պէտք է երէցներուն հետ խօսի։ Ռապըրթ կ’ըսէ. «Երբ երէցներուն հետ խօսեցայ, անոնք ինծի օգնեցին, որ ինծի հանդէպ Եհովային սէրը զգամ։ Անոնք իրենց յոյսը չկտրեցին ինձմէ, հապա՝ օգնեցին որ հաւատամ, թէ Եհովան ինծի կռնակ չէ դարձուցած»։ Մենք ալ կրնանք համոզուիլ, որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ մեզի ներել երբ՝ մեր մեղքերուն համար զղջանք, օգնութիւն խնդրենք եւ սրտանց ջանք թափենք որ մեր սխալները չկրկնենք (Ա. Յովհ. 1։8, 9)։ Այս համոզումը ունենալը մեզի կ’օգնէ որ սխալ մը ընելէ ետք շարունակենք Եհովային ծառայել։

Երբ տեսնես երէցները որքա՜ն ծանր կ’աշխատին քեզի օգնելու համար, ասիկա ի՞նչ վստահութիւն կու տայ քեզի (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Ինչո՞ւ մեր միտքը դրած ենք շարունակել համբերութեամբ ծառայել Եհովային։

16 Եհովան շատ կ’արժեւորէ մեր ջանքերը, որ իրեն ծառայենք այս դժուար վերջին օրերուն ընթացքին։ Եհովային օգնութեամբ կրնանք շարունակել Եհովային ծառայել, նոյնիսկ եթէ յուսախաբ ըլլանք։ Կրնա՛նք շարունակել մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել եւ անոնց ներել, նոյնիսկ եթէ մեզ նեղացնեն։ Կրնա՛նք մեր ամէն կարելին ընել, որ մեր ամուսնութեան մէջ խնդիրները լուծենք, եւ այսպիսով ցոյց տանք, որ Եհովան շատ կը սիրենք եւ ամուսնութիւնը կը յարգենք։ Եւ եթէ մեղք գործենք, կրնա՛նք Եհովային օգնութիւնը խնդրել, ընդունիլ որ ան մեզ կը սիրէ ու կը ներէ, եւ շարունակել իրեն ծառայել։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզ շատ պիտի օրհնէ, եթէ «բարիք գործելէն չձանձրանանք» (Գաղ. 6։9

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ, ԵՐԲ՝

  • եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ նեղացնէ։

  • մեր կողակիցէն յուսախաբ ըլլանք։

  • մեր անձէն յուսախաբ ըլլանք։

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b Սուրբ Գիրքը չի քաջալերեր, որ ամուսինն ու կինը իրարմէ բաժնուին, եւ յստակ կը դարձնէ որ եթէ բաժնուին, չեն կրնար ուրիշի մը հետ ամուսնանալ։ Բայց որոշ լուրջ պարագաներու, կարգ մը քրիստոնեաներ մտածած են բաժնուելու մասին։ Տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին մէջ բացատրութիւն 4՝ «Ամուսնացած զոյգի մը իրարմէ բաժնուիլը»։

c Ուրիշ օրինակի մը համար, տե՝ս Մի՛ խաբուիք կեղծ խաղաղութենէ. Տէրըլ եւ Տեպրա Ֆրայսինկըր վիտէոն, (արաբ.)։