ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 10
ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը
Մկրտութենէդ ետք շարունակէ Յիսուսին հետեւիլ
«Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (ՂՈՒԿ. 9։23)։
ՆԻՒԹ
Այս յօդուածը կրնայ մեզի օգնել, որ տեսնենք թէ մեր նուիրումը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր կեանքին։ Ատիկա մանաւանդ վերջերս մկրտուած անձերուն պիտի օգնէ, որ հաւատարիմ մնան։
1-2. Երբ մէկը մկրտուի, ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելէ։
ՈՐՔԱ՜Ն կ’ուրախանանք երբ կը մկրտուինք եւ Եհովային ընտանիքին մէկ մասը կը դառնանք։ Եհովային հետ մտերիմ ըլլալը մեզի համար պատիւ է։ Մենք կը համաձայնինք Դաւիթ թագաւորին խօսքին հետ, երբ Եհովային ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ» (Սաղ. 65։4)։
2 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Եհովան ամէն մարդու թոյլ չի տար որ իրեն մօտիկ բարեկամները ըլլան։ Հապա՝ ան կ’ընտրէ մօտենալ այն անձերուն, որոնք ցոյց կու տան թէ կ’ուզեն իրեն հետ մտերիմ ըլլալ (Յակ. 4։8)։ Երբ Եհովային նուիրուիս եւ մկրտուիս, աւելի յատուկ կերպով մը իրեն կը մօտենաս։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ մկրտութենէդ ետք, Եհովան վրադ ‘օրհնութիւն պիտի թափէ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’ (Մաղ. 3։10. Եր. 17։7, 8)։
3. Նուիրուած ու մկրտուած քրիստոնեաները ի՞նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին (Ժողովող 5։4, 5)։
3 Մկրտութենէդ ետք պիտի ուզես լաւագոյնդ ընել, որ տէրը ըլլաս այն խոստումիդ, որ Եհովային պիտի ծառայես եւ իրեն հաւատարիմ պիտի մնաս, նոյնիսկ եթէ փորձութեան առջեւ ըլլաս կամ դժուարութիւններէ անցնիս (կարդա՛ Ժողովող 5։4, 5)։ Որպէս Յիսուսին աշակերտը, ամէն ջանքդ պիտի ընես, որ Յիսուսին հետեւիս եւ իր ըսածներուն հնազանդիս (Մատ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 2։21)։ Այս յօդուածին նպատակն է ասոր մէջ քեզի օգնել։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼ, ՀԱԿԱՌԱԿ՝ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
4. Յիսուսին աշակերտները ի՞նչ իմաստով «խաչ» կը վերցնեն (Ղուկաս 9։23)։
4 Մի՛ կարծեր որ մկրտութենէդ ետք կեանքդ դիւրին պիտի ըլլայ։ Յիսուս յստակ դարձուց, որ իր աշակերտները «խաչ» պիտի վերցնէին։ Ան նոյնիսկ ըսաւ որ ասիկա «ամէն օր» պիտի ընէին (կարդա՛ Ղուկաս 9։23)։ Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէ՞ր, որ իր հետեւորդները մի՛շտ նեղութիւններ պիտի ունենային։ Ո՛չ։ Ան պարզապէս կը շեշտէր, որ անոնք օրհնութիւններէ զատ՝ նեղութիւններ ալ պիտի ունենային, եւ թէ այդ նեղութիւններէն ոմանք շատ դժուար պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։12)։
5. Յիսուս ի՞նչ օրհնութիւններ խոստացաւ անոնց, որոնք զոհողութիւններ կ’ընեն։
5 Թերեւս ընտանիքդ քեզի հակառակած է, կամ նիւթական բաներ զոհած ես, որպէսզի Աստուծոյ ագաւորութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես (Մատ. 6։33)։ Վստահ եղիր որ Եհովան կը տեսնէ ամէն բան, որ իրեն համար կ’ընես (Եբ. 6։10)։ Հաւանաբար կը համաձայնիս Յիսուսին այս խօսքերուն հետ. «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը» (Մար. 10։29, 30)։ Քու վայելած օրհնութիւններդ իրապէս շատ աւելի են, քան՝ ըրած զոհողութիւններդ (Սաղ. 37։4)։
6. Ինչո՞ւ մկրտութենէդ ետք պէտք է շարունակես «մարմնի ցանկութեան» դէմ պայքարիլ։
6 Մկրտութենէդ ետք պէտք է շարունակես «մարմնի ցանկութեան» դէմ պայքարիլ, քանի որ դեռ անկատար ես (Ա. Յովհ. 2։16)։ Թերեւս ատեններ Պօղոս առաքեալին պէս զգաս, որ գրեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է» (Հռով. 7։22, 23)։ Թերեւս յուսահատիս, մինչ սխալ ցանկութիւններուդ դէմ կը պայքարիս։ Բայց երբ մտածես այն խոստումին մասին, որ Եհովային տուիր, երբ իրեն նուիրուեցար, զօրութիւնը պիտի ունենաս փորձութիւններուն դէմ դնելու։ Իրականութեան մէջ, այդ խոստումը կրնայ քեզի օգնել, երբ փորձութիւններ ունենաս։ Ինչպէ՞ս։
7. Եհովային նուիրուած ըլլալը քեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ իրեն հաւատարիմ մնաս։
7 Երբ Եհովային նուիրուիս, անձդ կ’ուրանաս. այսինքն՝ կը մերժես այն ցանկութիւններն ու նպատակները, որոնք Եհովան չեն ուրախացներ (Մատ. 16։24)։ Այսպիսով, երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս կամ նեղութենէ մը անցնիս, պէտք պիտի չունենաս մտածելու որ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիս։ Քանի որ արդէ՛ն որոշած պիտի ըլլաս թէ ի՛նչ պէտք է ընես. Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Մտքիդ մէջ դրած պիտի ըլլաս, որ զինք պիտի ուրախացնես։ Այսպիսով, Յոբին պիտի նմանիս։ Հակառակ անոր որ ան շատ դժուար պարագաներէ անցաւ, համոզումով ըսաւ. «Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։
8. Նուիրումիդ մասին մտածելը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ փորձութիւնները մերժես։
8 Եհովային հանդէպ ըրած նուիրումիդ մասին մտածելը քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ որեւէ փորձութիւն մերժես։ Օրինակ, կարելի՞ է որ ռոմանթիկ խօսքեր ըսես ուրիշին կողակիցին։ Վստահաբար ո՛չ, քանի որ արդէն Եհովային խոստացած ես, որ այդպիսի բան մը բնա՛ւ պիտի չընես։ Եթէ չձգես որ մէջդ սխալ զգացումներ զարգանան, յետագային պէտք պիտի չունենաս պայքարելու, որ ատոնցմէ ազատիս։ Այսպիսով, «ամբարիշտներուն ճամբայ»էն պիտի հեռանաս (Առ. 4։14, 15)։
9. Նուիրումիդ մասին մտածելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնես։
9 Լաւ, եթէ գործի առաջարկ մը ստանաս, որ արգելք կրնայ ըլլալ որ կանոնաւորաբար ներկայ ըլլաս ժողովներուն, շատ լաւ պիտի գիտնաս թէ ի՛նչ պէտք է ընես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գործի այդ առաջարկը ստանալէ առաջ, արդէ՛ն որոշած էիր որ այդպիսի գործ մը պիտի չընդունիս։ Այսպիսով, սխալ որոշում մը պիտի չառնես եւ ատոր հետեւանքները պիտի չկրես։ Ասոր մէջ Յիսուսին օրինակը քեզի պիտի օգնէ։ Ան իր միտքը դրած էր, որ իր Հայրը պիտի ուրախացնէր։ Դուն ալ Յիսուսին պէս պիտի մերժես որեւէ բան, որ կը նեղացնէ Եհովան, որուն դուն նուիրուած ես (Մատ. 4։10. Յովհ. 8։29)։
10. Մկրտութենէդ ետք Եհովան քեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ շարունակես Յիսուսին հետեւիլ։
10 Իրականութեան մէջ, փորձութիւններն ու դժուարութիւնները քեզի առիթ կու տան փաստելու, թէ վճռած ես որ պիտի շարունակես Յիսուսին հետեւիլ։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կոր. 10։13)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼ
11. Լաւագոյն կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որ շարունակես Յիսուսին հետեւիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
11 Յիսուս նախանձախնդիր էր եւ միշտ Եհովային կ’աղօթէր (Ղուկ. 6։12)։ Իրականութեան մէջ, որպէսզի մկրտութենէդ ետք շարունակես Յիսուսին հետեւիլ, կարեւոր է որ շարունակես ընել այն բաները, որոնք քեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Միայն թէ ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք» (Փլպ. 3։16)։ Ատեն–ատեն պիտի լսես եղբայրներու ու քոյրերու փորձառութիւններ, որոնք քայլեր առած են որ Եհովային աւելի ծառայեն։ Թերեւս անոնք գացած են Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ Կամ ալ փոխադրուած են հոն՝ ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն, որ այսպիսի նպատակներ դնես, ամէն կարելիդ ըրէ որ դնես։ Եհովային ծառաները սրտանց կ’ուզեն իրեն աւելի ծառայել (Գործք 16։9)։ Իսկ եթէ պարագաներդ չեն ներեր, մի՛ կարծեր որ միւսներէն աւելի քիչ արժէք ունիս։ Ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ շարունակես Եհովային ծառայութեան մէջ տոկալ (Մատ. 10։22)։ Բնաւ մի՛ մոռնար, որ Եհովան շատ կ’ուրախանայ երբ որ լաւագոյնդ կ’ընես, որ քու կարողութիւններուդ եւ պարագաներուդ համաձայն իրեն ծառայես։ Այսպիսով, պիտի շարունակես մկրտութենէդ ետք Յիսուսին հետեւիլ (Սաղ. 26։1)։
12-13. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ նախանձախնդրութիւնդ սկսի պակսիլ (Ա. Կորնթացիս 9։16, 17) (տե՛ս նաեւ « Մրցումին մէջ մնա՛» տուփը)։
12 Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ զգաս որ այլեւս սրտանց չես աղօթեր, կամ առաջուան չափ ախորժակով չես ելլեր ծառայութեան, կամ ալ առաջուան չափ հաճոյք չես առներ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն։ Եթէ այսպէս կը զգաս, մի՛ մտածեր որ Եհովային սուրբ հոգին կորսնցուցած ես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկատար ես եւ զգացումներդ կրնան ատեն–ատեն փոխուիլ։ Եթէ նախանձախնդրութիւնդ պակսի, մտածէ Պօղոս առաքեալին օրինակին մասին։ Հակառակ անոր որ ան կը փորձէր Յիսուսին նմանիլ, ան գիտէր որ ատեններ իր ներսէն չէր բխեր որոշ բաներ ընել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս )։ Ան ըսաւ. ‘Եթէ ասիկա ակամայ կ’ընեմ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է’։ Ուրիշ խօսքով, Պօղոս ցոյց տուաւ որ ան իր միտքը դրած էր Եհովային ծառայել, հակառակ անոր որ ատեններ իր ներսէն չէր բխեր ասիկա ընել։ 9։16, 17
13 Պօղոսին պէս, ջանայ քու անկատար զգացումներուդ հիման վրայ որոշումներ չառնել։ Միտքդ դիր որ ճիշդը պիտի ընես, հակառակ անոր որ ատեններ ներսէդ չի բխիր։ Ասիկա պիտի օգնէ, որ ժամանակի ընթացքին զգացումներդ ալ փոխուին։ Մինչեւ այդ ժամանակը գայ, շարունակէ հոգեւոր ռութինդ պահել, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ, որ մկրտութենէդ ետք շարունակես Յիսուսին հետեւիլ։ Ասկէ զատ, երբ Եհովային ծառայութեան մէջ տոկաս, եղբայրներդ ալ քեզմով պիտի քաջալերուին (Ա. Թես. 5։11)։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ‘ՓՈՐՁԵԼ ԵՒ ՔՆՆԵԼ’
14. Ի՞նչ բաներ պէտք է կանոնաւորաբար քննես, եւ ինչո՞ւ (Բ. Կորնթացիս 13։5)։
14 Մկրտութենէդ ետք կարեւոր է, որ միշտ դուն քեզ քննես (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 13։5)։ Ատեն–ատեն մտածէ կեանքիդ եւ սովորութիւններուդ մասին, որ տեսնես թէ արդեօք ամէն օր կ’աղօթե՞ս, Սուրբ Գիրքը կը կարդա՞ս ու կը սերտե՞ս, ժողովներուն ներկայ կ’ըլլա՞ս եւ ծառայութեան կ’ելլե՞ս։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս բաներէն աւելի հաճոյք առնել եւ օգտուիլ։ Օրինակ, դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Ուրիշներուն կրնա՞մ բացատրել Սուրբ Գիրքին գլխաւոր գիտելիքներուն մասին։ Ինչպէ՞ս կրնամ ծառայութիւնս աւելի հաճելի դարձնել։ Աղօթքներս որքա՞ն մասնայատուկ են, եւ ատոնք ցոյց կու տա՞ն որ ես լման Եհովային կը վստահիմ։ Կանոնաւորաբար ներկայ կ’ըլլա՞մ ժողովներուն։ Ինչպէ՞ս կրնամ ժողովներուն աւելի կեդրոնանալ եւ մասնակցիլ’։
15-16. Ի՞նչ կը սորվիս եղբօր մը փորձառութենէն։
15 Նաեւ կարեւոր է որ գիտնաս թէ տկարութիւններդ ի՛նչ են։ Ռապըրթ անունով եղբօր մը փորձառութիւնը այս կէտը կը յստակացնէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ շուրջ 20 տարեկան էի, կիսաժամ կ’աշխատէի։ Օր մը գործէն ետք, հետս աշխատող աղջիկներէն մէկը իր տունը հրաւիրեց զիս։ Ան ըսաւ որ մենք մինակ պիտի ըլլանք եւ ‘շատ աղուոր ժամանակ պիտի անցընենք’։ Սկիզբը փորձեցի տարբեր պատճառներ տալով իր հրաւէրէն փախչիլ։ Բայց ետքը իրեն ուղղակի ‘ո՛չ’ ըսի եւ բացատրեցի թէ ինչո՛ւ»։ Ռապըրթը փորձութեան մէջ չինկաւ, եւ ասիկա գովելի է։ Բայց ետքը, երբ ան եղածին մասին կը մտածէր, անդրադարձաւ որ ուրիշ կերպով պէտք էր վարուէր։ Ան կը խոստովանի. «Ես Յովսէփին պէս շուտով չմերժեցի առաջարկը (Ծն. 39։7-9)։ Ես զարմացայ որ ինծի համար որքա՜ն դժուար էր ‘ո՛չ’ ըսել։ Այս եղածը ինծի օգնեց տեսնելու, որ պէտք է Եհովային հետ իմ բարեկամութիւնս զօրացնեմ»։
16 Կրնաս Ռապըրթին պէս դուն քեզ քննել։ Նոյնիսկ եթէ որոշ փորձութեան մը մէջ չիյնաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Որքա՞ն տեւեց որ «ո՛չ» ըսեմ’։ Եթէ զգաս որ պէտք է որոշ փոփոխութիւն մը ընես, դուն քեզ մի՛ դատեր։ Ուրախացիր որ այլեւս գիտես թէ ի՛նչ տկարութիւն ունիս։ Եհովային աղօթէ ատոր մասին եւ քայլեր առ, որոնք կը ձգեն որ աւելի ուզես Եհովային հնազանդիլ (Սաղ. 139։23, 24)։
17. Ռապըրթին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մեր արարքներով կա՛մ Եհովային անուան փառք կը բերենք, կամ ալ՝ անարգանք։
17 Ռապըրթին փորձառութիւնը հոս չի վերջանար։ Ան կը շարունակէ. «Երբ աղջիկին հրաւէրը մերժեցի, ինծի ըսաւ. ‘Յաջողեցար’։ Իրեն հարցուցի որ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Ինծի բացատրեց որ իր բարեկամներէն մէկը, որ անցեալին Վկայ էր, իրեն ըսած էր, որ բոլոր երիտասարդ Վկաները գաղտնօրէն սխալներ կ’ընեն, հազիւ որ առիթը ունենան։ Ինքն ալ իր բարեկամին ըսած էր, որ պիտի փորձէ եւ տեսնէ որ ե՞ս ալ անանկ եմ։ Այդ վայրկեանին զգացի, որ որքա՜ն ուրախ եմ որ Եհովային անունին փառք բերի»։
18. Մկրտութեէնդ ետք ի՞նչ որոշած ես ընել (տե՛ս նաեւ « Հաճելի յօդուածաշարք մը» տուփը)։
18 Երբ Եհովային նուիրուիս եւ մկրտուիս, ցոյց կու տաս որ կ’ուզես ամէն ատեն իր անունը սրբացնել։ Եւ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնիս եւ ի՛նչ փորձութիւններ կը մերժես։ Երբ ջանք թափես որ իրեն հաւատարիմ մնաս, ան ջանքերդ պիտի օրհնէ։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ իրեն հաւատարիմ մնաս (Ղուկ. 11։11-13)։ Եհովային օգնութեամբ պիտի կարենաս շարունակել Յիսուսին հետեւիլ մկրտութենէդ ետք։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ‘ամէն օր խաչ կը վերցնեն’։
-
Ի՞նչ կրնաս ընել, որ մկրտութենէդ ետք շարունակես Յիսուսին հետեւիլ։
-
Նուիրումիդ մասին մտածելը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ հաւատարիմ մնաս։
ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ