ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9
ԵՐԳ 10 «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»
Պատրա՞ստ ես Եհովային նուիրուելու
«Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (ՍԱՂ. 116։12)։
ՆԻՒԹ
Այս յօդուածը քեզի պիտի օգնէ Եհովային մօտենալու, որպէսզի ուզես իրեն նուիրուիլ ու մկրտուիլ։
1-2. Մկրտուելէ առաջ անձ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
ՎԵՐՋԻՆ հինգ տարիներուն ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն անձեր մկրտուած են որպէս Եհովայի վկաներ։ Անոնցմէ շատեր առաջին դարու ապրած Տիմոթէոսին պէս ‘մանկութենէն’ ճշմարտութիւնը սորված են (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Ոմանք ալ Եհովային մասին սորված են իրենց չափահաս տարիքին, իսկ ուրիշներ՝ ծերութեան ատեն։ Օրինակ, վերջերս՝ կին մը, որ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտեց, մկրտուեցաւ 97 տարեկանին։
2 Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտ մըն ես կամ ճշմարտութեան մէջ կը մեծնաս, արդեօք կը մտածե՞ս մկրտուելու մասին։ Ասիկա շատ լաւ նպատակ մըն է, բայց անկէ առաջ պէտք է որ Եհովային նուիրուիս։ Այս յօդուածը քեզի պիտի բացատրէ, թէ ի՛նչ է նուիրումը։ Անիկա նաեւ քեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ ինչո՛ւ պէտք չունիս ետ կենալու նուիրուելէ, ինչպէս նաեւ մկրտուելէ, երբ ասոնք ընելու պատրաստ ես։
ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ Ի՞ՆՉ Է
3. Սուրբ Գիրքէն օրինակներ տուր Եհովային նուիրուած անհատներու մասին։
3 Սուրբ Գիրքին մէջ, նուիրուած անձը մէկն էր, որ զատուած կ’ըլլար սուրբ նպատակի մը համար Եհովային ծառայելու։ Իսրայէլացիները Եհովային նուիրուած ազգ մըն էին, բայց անոնցմէ ոմանք յատուկ կերպով մը նուիրուած էին Եհովային։ Օրինակ, Ահարոնը իր գլխուն դրած խոյրին առջեւի կողմը ունէր ոսկիէ թիթեղ մը, որ «նուիրումի սուրբ նշան»ն էր։ Այդ ոսկիէ թիթեղը ցոյց կու տար, որ ան զատուած էր յատուկ կերպով մը Եհովային ծառայելու, այսինքն՝ իսրայէլի քահանայապետը ըլլալու (Ղեւ. 8։9, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, ուխտաւորներն ալ նուիրուած էին յատուկ կերպով մը Եհովային ծառայելու։ «Ուխտաւոր» բառը, որ կու գայ եբրայերէն նազիր բառէն, կը նշանակէ՝ «Զատուած» կամ «Նուիրուած»։ Ուխտաւորները պէտք էր հնազանդէին այն ուղղութիւններուն, որոնք իրենց համար գրուած էին Մովսիսական օրէնքին մէջ (Թւ. 6։2-8)։
4. ա) Եհովային նուիրուած անձերը ի՞նչ կերպով սուրբ նպատակի մը համար զատուած են։ բ) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘անձդ ուրանալ’ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 Երբ Եհովային նուիրուիս, կ’ընտրես Յիսուս Քրիստոսին աշակերտը դառնալ, եւ Եհովային կամքը ընելը կեանքիդ մէջ ամէնէն կարեւոր բանը կ’ըլլայ։ Քրիստոնէական նուիրումը քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ» (Մատ. 16։24)։ ‘Թող իր անձը ուրանայ’ թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «թող ինքզինքին ‘ո՛չ’ ըսէ»։ Որպէս Եհովային նուիրուած ծառայ մը՝ պէտք է «ո՛չ» ըսես որեւէ բանի, որ Եհովային կամքին հակառակ է (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Ասոր մէջ կայ՝ «ո՛չ» ըսել ‘մարմնին գործերուն’. օրինակ՝ սեռային անբարոյութիւնը (Գաղ. 5։19-21. Ա. Կոր. 6։18)։ Այսպիսի օրէնքներու հնազանդիլը կեանքդ կը դժուարացնէ՞։ Ո՛չ, եթէ Եհովան կը սիրես եւ համոզուած ես որ իր օրէնքները քու լաւութեանդ համար են (Սաղ. 119։97. Եսա. 48։17, 18)։ Նիքոլըս անունով եղբայր մը այս օրինակը կու տայ. «Եհովային չափանիշները կրնաս կա՛մ նկատել որպէս բանտի մը ձողերը, որոնք արգելք կ’ըլլան որ ուզածդ ընես, կամ ալ՝ առիւծի մը վանդակին ձողերը, որոնք քեզ վտանգէ կը պաշտպանեն»։
5. ա) Եհովային ինչպէ՞ս կը նուիրուիս։ բ) Ի՞նչ է տարբերութիւնը նուիրումին եւ մկրտութեան (տե՛ս նաեւ նկարը)։
5 Եհովային ինչպէ՞ս կը նուիրուիս։ Աղօթքով իրեն կը խոստանաս, որ միայն զինք պիտի պաշտես, եւ իր կամքը ընելը՝ կեանքիդ մէջ առաջին տեղը պիտի դնես։ Այսպիսով, Եհովային խոստացած կ’ըլլաս, որ պիտի շարունակես զինք սիրել «քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։ Նուիրումդ միայն քո՛ւ եւ Եհովայի՛ն միջեւ կ’ըլլայ։ Անդին, մկրտութիւնը ուրիշներո՛ւն առջեւ կ’ըլլայ։ Ատիկա անոնց ցոյց կու տայ, որ դուն Եհովային նուիրուած ես։ Նուիրումը լուրջ ուխտ մըն է։ Եւ նպատակդ պէտք է ըլլայ այդ ուխտը կատարել, եւ Եհովան ասիկա կ’ակնկալէ քեզմէ (Ժող. 5։4, 5)։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՆՈՒԻՐՈՒԻԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ
6. Ի՞նչ բան կը ձգէ որ մէկը Եհովային նուիրուի։
6 Գլխաւոր պատճառը, որու համար Եհովային կը նուիրուիս, իրեն հանդէպ քու սէրդ է։ Եւ այս սէրդ հիմնուած չէ միայն զգացումներու վրայ, հապա ատիկա հիմնուած է՝ Եհովային ու իր նպատակին մասին ստացած ճշգրիտ գիտութեանդ վրայ։ Ասիկա է որ Եհովային հանդէպ քու սէրդ աճեցուց (Կող. 1։9)։ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելով համոզուեցար թէ՝ 1) Եհովան իրական է, 2) Աստուածաշունչը իր ներշնչեալ Խօսքն է եւ 3) Աստուած իր նպատակը իրագործելու համար իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ։
7. Առաջ որ Աստուծոյ նուիրուինք, ի՞նչ բաներ պէտք է ընենք։
7 Անոնք որոնք Եհովային կը նուիրուին, պէտք է իր Խօսքին հիմնական գիտելիքները գիտնան եւ Աստուծոյ ուզածին պէս ապրին։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իրենց հաւատքին մասին խօսին ուրիշներուն (Մատ. 28։19, 20)։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովային հանդէպ անոնց սէրը աճած է եւ անոնք սրտանց կ’ուզեն միայն զինք պաշտել։ Քու պարագադ ալ այդպէս չէ՞։ Եթէ Եհովան սրտանց կը սիրես, չես ուզեր Եհովային նուիրուիլ ու մկրտուիլ պարզապէս որպէսզի հետդ սերտողը կամ ծնողքդ ուրախացնես, կամ քանի որ ընկերներդ ալ նոյն քայլը առած են։
8. Եհովային հանդէպ երախտապարտ զգալը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իրեն նուիրուիս (Սաղմոս 116։12-14)։
8 Երբ մտածես այդ բոլոր բաներուն մասին, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է, իրեն հանդէպ շնորհակալ պիտի զգաս, եւ բնական է որ ուզես կեանքդ իրեն նուիրել (կարդա՛ Սաղմոս 116։12-14)։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ, թէ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը՝ Եհովան է (Յակ. 1։17)։ Իսկ մեծագոյն պարգեւը կամ նուէրը՝ իր Որդիին Յիսուսին զոհն է։ Վայրկեան մը մտածէ, թէ փրկանքը ինչպէ՛ս կարելի դարձուց, որ Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենաս։ Ասկէ զատ, ան քեզի տուած է յաւիտեան ապրելու առիթը (Ա. Յովհ. 4։9, 10, 19)։ Եհովային նուիրուիլը լաւագոյն կերպերէն մէկն է ցոյց տալու համար, թէ կը գնահատես սիրոյ այս մեծագոյն արտայայտութիւնը եւ Եհովային քեզի տուած միւս բոլոր օրհնութիւնները (Բ. Օր. 16։17. Բ. Կոր. 5։15)։ Այս նիւթին մասին խօսուած է՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 46–րդ դասին 4–րդ կէտին մէջ, ուր կայ երեք վայրկեան տեւող վիտէօ մը՝ Ի՞նչ նուէրներ կրնաս տալ Աստուծոյ վերնագիրով։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԵԼՈՒ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ
9. Ինչո՞ւ մէկը պէտք չէ զգայ որ ստիպուած է Եհովային նուիրուելու։
9 Թերեւս զգաս որ պատրաստ չես Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Կրնայ ըլլալ որ պէտք է կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես, որպէսզի Եհովային ուզածին պէս ապրիս։ Կամ թերեւս աւելի ժամանակի պէտք ունիս որ հաւատքդ զօրացնես (Կող. 2։6, 7)։ Սուրբ Գիրքը սերտողները բոլորը նո՛յն արագութեամբ չեն յառաջդիմեր, եւ բոլոր պատանիները նո՛յն տարիքին պատրաստ չեն ըլլար նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Փորձէ տեսնել թէ կեանքիդ մէջ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնես, եւ ետքը ըրէ ինչ որ դու՛ն կրնաս ընել։ Դուն քեզ ուրիշին հետ մի՛ բաղդատեր (Գաղ. 6։4, 5)։
10. Եթէ անդրադարձար որ նուիրուելու եւ մկրտուելու պատրաստ չես, ի՞նչ կրնաս ընել (տե՛ս նաեւ « Անոնք որոնք ճշմարտութեան մէջ կը մեծնան» տուփը)։
10 Նոյնիսկ եթէ անդրադառնաս, որ տակաւին պատրաստ չես Եհովային նուիրուելու, շարունակէ աշխատիլ այդ նպատակին հասնելու համար։ Եհովային աղօթէ որ քու ջանքերդ օրհնէ, որպէսզի կեանքիդ մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես (Փլպ. 2։13. 3։16)։ Վստահ եղիր որ ան աղօթքներդ պիտի լսէ եւ անոնց պատասխանէ (Ա. Յովհ. 5։14)։
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆՈՒԻՐՈՒԵԼԷ ԵՏ ԿԸ ԿԵՆԱՆ
11. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ իրեն հաւատարիմ մնանք։
11 Նուիրուելու եւ մկրտուելու պատրաստ եղողներէն ոմանք տակաւին ետ կը կենան այդ քայլը առնելէ։ Թերեւս անոնք կը մտահոգուին եւ կը մտածեն. ‘Արդեօք ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ լուրջ մեղք մը գործեմ եւ վտարուիմ’։ Եթէ այս է մտահոգութիւնդ, վստահ եղիր որ Եհովան քեզի ամէն բան պիտի տայ, որպէսզի դուն կարենաս իրեն ‘արժանի կերպով քալել եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնել’ (Կող. 1։10)։ Ասկէ զատ, ան քեզ պիտի զօրացնէ որ ճիշդը ընես։ Ան արդէն իսկ շատերու օգնած է, որ ճիշդը ընեն (Ա. Կոր. 10։13)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ համար քրիստոնէական ժողովքներէն վտարուողներուն թիւը քիչ է։ Եհովան իր ծառաներուն ամէն կերպով կ’օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնան։
12. Ինչպէ՞ս կրնանք լուրջ մեղք մը չգործել։
12 Մենք անկատար ենք եւ շատ անգամ փորձութեան առջեւ կ’ըլլանք որ սխալ բաներ ընենք (Յակ. 1։14)։ Բայց որոշումը քեզի է. փորձութեան մէջ պիտի իյնա՞ս կամ ոչ։ Իրականութիւնը այն է որ քու կեանքդ քու ձեռքդ է։ Դո՛ւն կ’որոշես որ ի՛նչ պիտի ընես։ Թէեւ կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ ցանկութիւններդ չես կրնար զսպել, բայց ասիկա սխալ է։ Դուն կրնա՛ս սորվիլ սխալ ցանկութիւններդ զսպել։ Եւ նոյնիսկ եթէ ատեն–ատեն սխալ ցանկութիւն ունենաս, դուն կրնա՛ս որոշել սխալը չընել։ Ի՞նչ բաներ կրնան քեզի օգնել։ Ամէն օր աղօթէ՛։ Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու լաւ ռութին ունեցի՛ր։ Ժողովներուն ներկայ եղի՛ր։ Ուրիշներուն խօսի՛ր հաւատքիդ մասին։ Այս բաները կանոնաւորաբար ընելը քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ (Գաղ. 5։16)։
13. Յովսէփէն ի՞նչ կը սորվինք։
13 Եհովային հանդէպ հաւատարիմ մնալը քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ սկիզբէ՛ն որոշես թէ ինչ պիտի ընես երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս։ Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք շատ մը անհատներու մասին, որոնք այդպէս ըրին հակառակ անոր որ մեզի պէս անկատար էին։ Օրինակ, Պետափրէսին կինը շատ անգամ փորձեց Յովսէփը սխալի մէջ իյնացնել, բայց Յովսէփ շատ լաւ գիտէր որ ի՛նչ պէտք էր ընէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ան մերժեց, եւ ըսաւ. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծն. 39։8-10)։ Յստակ է թէ առաջ որ կինը փորձէ Յովսէփը փորձութեան մէջ իյնացնել, Յովսէփ արդէն գիտէր որ ինչպէ՛ս պէտք էր վարուէր։ Այսպիսով, երբ փորձութեան առջեւ գտնուեցաւ, իրեն համար աւելի դիւրին եղաւ ճիշդը ընել։
14. Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ փորձութիւնները մերժել։
14 Ինչպէ՞ս կրնաս Յովսէփին պէս Եհովային հաւատարիմ մնալ, երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս։ Կրնաս հիմակուընէ որոշել, որ ի՛նչ պիտի ընես երբ փորձութիւն մը ծագի։ Սորվէ՛ շուտով մերժել այն բաները որ Եհովան կ’ատէ, եւ նոյնիսկ անոնց մասին մի՛ մտածեր (Սաղ. 97։10. 119։165)։ Այսպիսով, մեղք պիտի չգործես երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս, քանի որ արդէն մտքիդ մէջ յստակ պիտի ըլլայ որ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիս։
15. Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ, որ սրտանց Եհովան կը փնտռէ (Եբրայեցիս 11։6)։
15 Թերեւս դուն գիտես որ ճշմարտութիւնը գտած ես եւ կ’ուզես ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Բայց կրնայ ըլլալ որ դեռ պատրաստ չես զգար Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Կրնաս Դաւիթ թագաւորին պէս Եհովայէն խնդրել. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ» (Սաղ. 139։23, 24)։ Եհովան կ’օրհնէ այն անձերը, որոնք սրտանց «զինք կը փնտռեն»։ Եւ երբ ջանք կը թափես որ իրեն նուիրուելու եւ մկրտուելու նպատակիդ հասնիս, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ զինք կը փնտռես (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԵՆԱԼ
16-17. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ իրեն քաշել ճշմարտութեան մէջ մեծցողները (Յովհաննէս 6։44)։
16 Յիսուս ըսաւ որ Եհովա՛ն է որ կը քաշէ իր աշակերտները (կարդա՛ Յովհաննէս 6։44)։ Մտածէ որ ասիկա ի՜նչ հոյակապ բան մըն է եւ ի՛նչ կը նշանակէ քեզի համար։ Եհովան լաւ բան մը տեսած է անոնց մէջ, որոնք իրեն կը քաշէ։ Ան այսպիսիները իր «սեփական ժողովուրդ»ին մէկ մասը կը սեպէ. այսինքն՝ անոնք իրեն կը պատկանին (Բ. Օր. 7։6)։ Եհովան կը սեպէ որ դո՛ւն ալ իրեն կը պատկանիս։
17 Եթէ պատանի մըն ես եւ ճշմարտութեան մէջ կը մեծնաս, թերեւս զգաս որ Եհովային կը ծառայես պարզապէս քանի որ ծնողքդ կը ծառայէ, եւ ոչ թէ քանի որ Եհովան քեզ իրեն քաշած է։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8. Ա. Մն. 28։9)։ Եթէ դուն առաջին քայլը առնես որ Եհովային մօտենաս, ինքն ալ քեզի պիտի մօտենայ։ Եհովային աչքին դուն պարզապէս խումբի մը մէկ անդամը չես։ Ան ամէն մէկ անձ իրեն կը քաշէ, մէջը ըլլալով ամէն մէկ անձ որ ճշմարտութեան մէջ կը մեծնայ։ Երբ ճշմարտութեան մէջ մեծցող մէկը առաջին քայլը առնէ որ Եհովային մօտենայ, ինքն ալ իրեն կը մօտենայ (համեմատէ՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։12)։
18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (Սաղմոս 40։8)։
18 Երբ Եհովային նուիրուիս ու մկրտուիս, Յիսուսին օրինակին հետեւած կ’ըլլաս։ Ան սրտանց ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է ընելու ի՛նչ որ իր Հայրը կ’ուզէ (կարդա՛ Սաղմոս 40։8. Եբ. 10։7)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք որ ի՛նչը քեզի պիտի օգնէ, որ շարունակես հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել՝ մկրտութենէդ վերջ։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Ի՞նչ ըսել է Եհովային նուիրուիլ։
-
Եհովային հանդէպ երախտապարտ զգալը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իրեն նուիրուիս։
-
Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ, որ լուրջ մեղք մը չգործես։
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ