Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Փրկանքէն առաջ գործուած մեղքերը ներել

Փրկանքէն առաջ գործուած մեղքերը ներել

Մեր մեղքերը կրնան ներուիլ միայն Յիսուսին տուած փրկանքին միջոցաւ, որ իր արիւնովը վճարեց (Եփ. 1։7)։ Հակառակ ասոր, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը», այսինքն՝ այն մեղքերը որոնք Յիսուսին զոհուելէն առաջ գործուած են (Հռով. 3։25)։ Եհովան ինչպէ՞ս կրնար փրկանքը տրուելէն առաջ մեղքեր ներել եւ միեւնոյն ատեն արդարութեամբ վարուած ըլլալ։

Այն վայրկեանէն որ Եհովան որոշեց «սերունդ» մը մէջտեղ բերել, որ պիտի փրկէր հաւատք ունեցողները, Եհովային աչքին՝ կարծես թէ փրկանքը վճարուեցաւ (Ծն. 3։15. 22։18)։ Եհովան լման վստահ էր, որ իր միածին Որդին ճի՛շդ ժամանակին յօժարաբար պիտի տար փրկանքը (Գաղ. 4։4. Եբ. 10։7-10)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Եհովան իրեն հեղինակութիւն տուաւ, որ մարդոց մեղքերը ներէ, առաջ որ փրկանքը տրուի։ Յիսուս հաւատք ունեցողներուն կրնար ներել, քանի որ գիտէր թէ իր տալիք փրկանքը պիտի ծածկէր անոնց մեղքերը (Մատ. 9։2-6