Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Միանմար

Անձնուրաց ծառայողներ. Միանմար

ԳՐԵԹԷ 2000 տարի առաջ Յիսուս ըսաւ. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Ղուկ. 10։2)։ Ներկայիս Միանմարին մէջ վիճակը այսպէս է։ Ինչո՞ւ։ Հոն, միայն շուրջ 4200 հրատարակիչներ բարի լուրը կը քարոզեն 55 միլիոն բնակչութեան։

Բայց ‘հունձքին Տէրը’՝ Եհովան, տարբեր երկիրներէ եղող հարիւրաւոր եղբայրներ ու քոյրեր մղած է, որ գան Ասիոյ հարաւ–արեւելքը գտնուող այս երկիրը, որպէսզի հոգեւոր հունձքին մէջ օգնեն։ Տեսնենք թէ անոնք ինչո՛ւ ձգեցին իրենց ապրած երկիրը, ինչպէ՛ս կրցան փոխադրուիլ Միանմար, եւ ի՛նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։

«ԵԿԷ՛Ք. ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ»

Քանի մը տարի առաջ, Ճափոնի մէջ Քազուհիրօ անունով ռահվիրայ եղբայր մը լուսնոտութեան նոպայ ունեցաւ, մարեցաւ եւ հիւանդանոց տարուեցաւ։ Բժիշկը իրեն ըսաւ որ երկու տարի ինքնաշարժ պէտք չէ քշէ։ Քազուհիրոն տխրեցաւ։ Ինքն իրեն ըսաւ. «Ինչպէ՞ս պիտի կրնամ շարունակել ռահվիրայութիւնը։ Կը սիրեմ ռահվիրայութիւնը»։ Ան աղօթքով Եհովային աղաչեց, որ իր առջեւ ճամբան բանայ որ շարունակէ ռահվիրայութիւնը։

Քազուհիրօ եւ Մարի

Քազուհիրոն կը պատմէ. «Մէկ ամիս ետք, Միանմարին մէջ ապրող բարեկամս լսեց վիճակիս մասին։ Ինծի հեռաձայնեց եւ ըսաւ. ‘Միանմարին մէջ հիմնական երթեւեկութիւնը պասով է։ Եթէ հոս գաս, կրնաս ծառայութիւնդ շարունակել առանց ինքնաշարժի’։ Բժիշկիս հարցուցի եթէ վիճակս կը ներէ որ Միանմարի մէջ ապրիմ։ Զարմացայ երբ ըսաւ. ‘Ուղեղի մասնագէտ մը Միանմարէն եկած է Ճափոն։ Քեզ իրեն պիտի ծանօթացնեմ։ Եթէ հոն օրին մէկը նոպայ ունենաս, ինք կրնայ քեզի հոգ տանիլ’։ Սեպեցի որ բժիշկին ըսածը Եհովայէն պատասխան մըն էր»։

Քազուհիրոն շուտով ե–նամակ ղրկեց Միանմարի մասնաճիւղը, որուն մէջ ըսաւ որ ինք ու իր կինը կ’ուզեն հոն ռահվիրայութիւն ընել։ Մասնաճիւղը միայն հինգ օր ետք պատասխանեց, ըսելով. «Եկէ՛ք. ռահվիրաներու պէտք ունինք»։ Քազուհիրոն եւ իր կինը՝ Մարին, իրենց երկու ինքնաշարժները ծախեցին, վիզա առին եւ օդանաւի տոմսեր կտրեցին։ Ներկայիս, անոնք ուրախութեամբ կը ծառայեն Մանտալայի մէջ նշանային լեզու գործածող խումբին հետ։ Քազուհիրոն կ’ըսէ. «Կը զգանք թէ այս փորձառութիւնը ձգեց որ Սաղմոս 37։5–ին մէջ գրուած Աստուծոյ խոստումին հանդէպ մեր հաւատքը զօրանայ. ‘Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ’»։

ԵՀՈՎԱՆ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ԲԱՆԱՅ

2014–ին, Միանմարի Եհովայի վկաները առանձնաշնորհում ունեցան մասնաւոր համաժողով մը ունենալու։ Համաժողովին ներկայ եղան օտար Վկաներ ալ։ Անոնցմէ մէկն էր Մոնիք, որ Միացեալ Նահանգներէն եղող 34 տարեկան քոյր մըն է, եւ կ’ըսէ. «Համաժողովէն վերադառնալէս ետք, Եհովային աղօթեցի որ ի՛նչ նոր քայլ մը պէտք է առնեմ կեանքիս մէջ։ Նաեւ ծնողքիս հետ խօսեցայ հոգեւոր նպատակակէտերուս մասին։ Բոլորիս կարծիքն էր, որ պէտք է Միանմար վերադառնամ, բայց տակաւին շատ աղօթեցի։ Ժամանակ առաւ որ վերջնական որոշումս տամ»։ Մոնիք կը բացատրէ պատճառը։

Մոնիք եւ Լի

«Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ ‘ծախքը հաշիւ ընեն’։ Այս պատճառով, ես ինծի հարցուցի. ‘Կրնա՞մ փոխադրուելու ծախսին հետ գլուխ ելլել։ Պիտի կրնա՞մ այդ երկրին մէջ ապրուստ ճարել, առանց յաւելեալ ժամեր աշխատելու’»։ Ան կը խոստովանի. «Շուտով անդրադարձայ որ բաւարար դրամ չունէի, որ աշխարհին միւս ծայրը փոխադրուէի»։ Բայց ան ինչպէ՞ս կրցաւ փոխադրուիլ (Ղուկ. 14։28

Մոնիք կը պատմէ. «Օր մը, գործատէրս ուզեց զիս տեսնել։ Ջիղերուս վրայ էի, քանի որ կարծեցի թէ զիս գործէն պիտի հանէ։ Բայց ընդհակառակը, գործատէրս գնահատեց տարած աշխատանքս։ Ետքը, ինծի ըսաւ որ ամսականիս վրայ յաւելեալ շահ պիտի տար ինծի,– ինչ որ ճիշդ պէտք եղած գումարն էր, որպէսզի պարտքերս գոցէի»։

Մոնիք դեկտեմբեր 2014–էն ի վեր կը ծառայէ Միանմարի մէջ։ Ան ինչպէ՞ս կը զգայ օտար երկրի մը մէջ ծառայելով։ Ան կ’ըսէ. «Հոս շատ ուրախ եմ։ Երեք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեմ։ Անոնցմէ մէկը 67 տարեկան կին մըն է։ Ամէն անգամ որ քովը երթամ, զիս ժպտերես կը դիմաւորէ եւ մեծ փաթթուկ մը կ’ընէ։ Երբ գիտցաւ որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, լալով ըսաւ. ‘Ասիկա առաջին անգամն է որ կը լսեմ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Դուն ինձմէ շա՜տ պզտիկ ես, բայց ինծի սորվեցուցիր ամէնէն կարեւոր բանը’։ Անշուշտ ես ալ արցունք թափեցի։ Այսպիսի փորձառութիւններ կը ձգեն, որ շատ գոհունակ զգամ օտար երկրի մը մէջ ծառայելով»։ Վերջերս, Մոնիք առանձնաշնորհում ունեցաւ, որ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթայ։

Ուրիշներ Միանմար փոխադրուելու մղուեցան, երբ 2013–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ին մէջ կարդացին այդ երկրին մասին։ 30–ական տարիքի սկիզբը եղող Լի անունով քոյր մը արդէն Ասիոյ հարաւ–արեւելքը կ’ապրէր, եւ լիաժամ գործ մը ունէր։ Տարեգիրք–ը մղեց որ այս քոյրը մտածէ Միանմարի մէջ ծառայելու մասին։ Ան կ’ըսէ. «2014–ին, երբ ներկայ եղայ Եանկունի մէջ տեղի ունեցող մասնաւոր համաժողովին, ծանօթացայ ամուսնացած զոյգի մը, որ Միանմար փոխադրուած էր եւ չինական թաղամասին մէջ կը ծառայէր։ Որովհետեւ չինարէն կը խօսիմ, որոշեցի Միանմար փոխադրուիլ եւ չինարէն լեզուն գործածող խումբին օգնել։ Ես եւ Մոնիք Մանտալայ գացինք։ Եհովան մեզ օրհնեց։ Կրցանք նոյն դպրոցին մէջ կիսաժամ գործ գտնել որպէս ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ բնակավայր մը գտանք դպրոցին մօտ։ Կը սիրեմ հոս ծառայել, հակառակ որ օդը տաք է եւ ուրիշ դժուարութիւններ կան։ Միանմարի ժողովուրդը պարզ կեանք մը կ’ապրին, բայց քաղաքավար են եւ պատրաստ են ժամանակ տրամադրելու, որ բարի լուրը լսեն։ Շատ հետաքրքրական է որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’արագացնէ քարոզչութեան գործը։ Շատ համոզուած եմ թէ Եհովային կամքն է որ Մանտալայի մէջ ծառայեմ»։

ԵՀՈՎԱՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ԿԸ ԼՍԷ

Ոմանք զգացին որ աղօթքը որքա՛ն զօրութիւն ունի։ Օրինակ, Ճափոնէն եղող Ճումբէյ, որ 37 տարեկան է, եւ իր կինը՝ Նաօ, որ 35 տարեկան է, կը ծառայէին նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը մէջ, բայց որոշեցին Միանմար փոխադրուիլ։ Ինչո՞ւ։ Ճումբէյ կը պատմէ. «Ես ու կինս միշտ ուզած էինք ծառայել կարիք ունեցող օտար երկրի մը մէջ։ Մեր ժողովքէն եղբայր մը փոխադրուեցաւ Միանմար։ Թէեւ քիչ դրամ շատցուցած էինք, բայց մայիս 2010–ին մենք ալ Միանմար փոխադրուեցանք։ Այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը ջերմ կերպով դիմաւորեցին մեզ»։ Ի՞նչ է Ճումբէյին կարծիքը Միանմարի մէջ նշանային լեզու գործածող թաղամասին նկատմամբ։ «Մարդիկ շատ հետաքրքրուած են։ Երբ խուլ տանտէրերուն նշանային լեզուով վիտէօներ ցուցնենք, կը զարմանան։ Շատ ուրախ ենք որ հոս ծառայելու որոշումը առինք»։

Նաօ եւ Ճումբէյ

Ճումբէյին եւ Նաոյին նիւթական պէտքերը ինչպէ՞ս ապահովուեցան։ «Երեք տարի ետք, մեր շատցուցած դրամը գրեթէ վերջացաւ, եւ բաւարար դրամ չունէինք որ յաջորդ տարուան տունին վարձքը վճարէինք։ Կինս ու ես շա՛տ աղօթեցինք։ Զարմացանք երբ մասնաճիւղը նամակով մը մեզ հրաւիրեց որպէս ժամանակաւոր մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելու։ Եհովային վստահելով ընդունեցինք։ Ան մեզ բնա՛ւ երեսէ չձգեց եւ ամէն կերպով հոգ կը տանի մեզի»։ Վերջերս, Ճումբէյն ու Նաոն ալ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը գացին։

ԵՀՈՎԱՆ ՇԱՏԵՐԸ ԿԸ ՄՂԷ

Սիմոնէյ 43 տարեկան եղբայր մըն է եւ ծագումով Իտալիայէն է, իսկ իր կինը՝ Էննա, 37 տարեկան է եւ ծագումով Նոր Զելանտայէն է։ Ի՞նչը ձգեց որ անոնք փոխադրուին Միանմար։ Էննան կը պատասխանէ. «2013–ի Տարեգիրք–ին մէջ Միանմարի մասին գրուածները»։ Սիմոնէյ կ’ըսէ. «Միանմարի մէջ ծառայելը մեծ առանձնաշնորհում է։ Հոս կեանքը շատ աւելի պարզ է, եւ կրնամ շատ աւելի ժամանակ տալ Եհովայի գործին։ Հիանալի է թէ Եհովան ինչպէ՛ս հոգ կը տանի մեզի, երբ ծառայենք շրջանի մը մէջ, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ» (Սաղ. 121։5)։ Էննան կ’ըսէ. «Կեանքիս մէջ ա՛յսչափ ուրախ չեմ եղած։ Պարզ կեանք մը կը վարենք։ Ամուսինիս հետ աւելի ժամանակ կ’անցընեմ եւ իրարու աւելի մօտեցած ենք։ Նաեւ նոր բարեկամներ գտած ենք։ Մարդիկ չեն նախապաշարուած Վկաներուն դէմ եւ պատգամին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցնեն»։ Ի՞նչ կերպերով։

Սիմոնէյ եւ Էննա

Էննան կը պատմէ. «Օր մը, շուկային մէջ քարոզեցի համալսարանական երիտասարդուհիի մը, եւ ժամադրուեցանք որ նորէն տեսնուինք։ Երբ տեսնուեցանք, իրեն հետ իր ընկերուհին բերած էր։ Յաջորդ անգամ, աւելի ընկերուհիներ բերաւ։ Միւս անգամ, ա՛լ աւելի ընկերուհիներ բերաւ։ Հիմա կը սերտեմ անոնցմէ հինգին հետ»։ Սիմոնէյ կ’ըսէ. «Դաշտին մէջ մարդիկ ընկերային եւ հետաքրքիր են։ Շատեր ականջ կու տան։ Խօսքին բացը, բաւարար ժամանակ չունինք, որ բոլոր հետաքրքրուողներուն հոգ տանինք»։

Սաչիօ եւ Միզուհօ

Ոմանք ի՞նչ գործնական քայլեր առած են, որպէսզի կարենան Միանմար փոխադրուիլ։ Ճափոնէն եղող Միզուհօ անունով քոյր մը կը պատմէ. «Ամուսինս՝ Սաչիոն, եւ ես միշտ ուզած ենք ծառայել հրատարակիչներու աւելի պէտք ունեցող երկրի մը մէջ, բայց չէինք գիտեր ո՛ւր։ 2013–ի Տարեգիրք–ը կարդալէ ետք, գրուած փորձառութիւններէն այնքա՜ն ազդուեցանք, որ սկսանք մտածել որ արդեօք կրնա՞նք Միանմարին մէջ ծառայել»։ Սաչիոն կ’աւելցնէ. «Որոշեցինք մէկ շաբաթ այցելել Միանմարի գլխաւոր քաղաքը՝ Եանկուն, որպէսզի լաւ մը քննենք երկիրը։ Այդ այցելութիւնը մեզ համոզեց որ պէտք է հոն փոխադրուինք»։

ԿՐՆԱ՞Ս ՁԵՌՔ ՏԱԼ

Ճէյն, Տէնիքա, Ռատնի եւ Ճօրտըն

Աւստրալիայէն 50–ական տարիքի մէջ եղող Ռատնի եւ իր կինը՝ Ճէյն, եւ իրենց տղան՝ Ճօրտըն, ու իրենց աղջիկը՝ Տէնիքա, Միանմարի մէջ կը ծառայեն 2010–էն ի վեր։ Ռատնի կ’ըսէ. «Մարդոց հոգեւոր ծարաւը շատ ազդեց մեզի։ Մեծապէս կը քաջալերեմ ընտանիքները, որ Միանմարի պէս տեղ մը ծառայեն»։ Ինչո՞ւ։ «Հիանալի է թէ այս փորձառութիւնը որքա՜ն հոգեւորապէս զօրացուցած է մեր ընտանիքը։ Շատ մը երիտասարդներու խելքը–միտքը առած կ’ըլլան հեռաձայնները, ինքնաշարժները, գործը եւ այլն, բայց մեր զաւակները զբաղած են նոր բառեր սորվելով, որպէսզի ծառայութեան մէջ գործածեն։ Անոնք կը փորձեն սորվիլ ինչպէ՛ս տրամաբանել անոնց հետ, որոնք գաղափար չունին Սուրբ Գիրքին մասին, եւ ինչպէ՛ս ժողովներուն մէջ տեղական լեզուով պատասխան տալ։ Անոնք նաեւ շատ մը ուրիշ հետաքրքրական հոգեւոր բաներով զբաղած են»։

Օլիվըր եւ Էննա

Միացեալ Նահանգներէն 37 տարեկան Օլիվըր անունով եղբայր մը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ուրիշները կը քաջալերէ որ այս ծառայութեան մասնակցին. «Ինծի անծանօթ եղող պայմաններու մէջ ծառայելով շատ օգտուած եմ։ Ուրիշ տեղ փոխադրուիլը զօրացուցած է Եհովային հանդէպ վստահութիւնս բոլոր պարագաներուն մէջ։ Կը ծառայեմ անձերու հետ, որոնք նախապէս չէի ճանչնար, բայց այժմ միացած ենք մեր հաւատալիքներով։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ ասիկա ընել»։ Ներկայիս, Օլիվըր եւ իր կինը՝ Էննա կը շարունակեն նախանձախնդրօրէն քարոզել չինարէն լեզուն գործածող թաղամասին մէջ։

Թրէյզել

Աւստրալիայէն 52 տարեկան Թրէյզել անունով քոյր մը 2004–էն ի վեր կը ծառայէ Միանմարի մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ կը քաջալերեմ որ անոնք, որոնց պայմանները կը ներեն, ծառայեն ուր որ աւելի պէտք կայ։ Փորձառաբար սորվեցայ որ եթէ կամենաս ծառայել, Եհովան կ’օրհնէ ջանքերդ։ Օր մը օրանց չէի երեւակայեր որ այսպէս պիտի ապրիմ։ Ասիկա ամէնէն ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանքն է որ կրնամ ունենալ»։

Թող որ Միանմարի մէջ ծառայողներուն սրտանց խօսքերը քեզ քաջալերեն, որ մտածես փոխադրուիլ չծառայուած թաղամասեր, որպէսզի օգտակար դառնաս անկեղծ անհատներու։ Հոն ծառայողները ամէն անձ կը քաջալերեն. «Միանմար անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։